Մեղրագետ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Publicism  

ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ Կ՚ՈՒԶԵՆՔ


Ինչպէս որ շատ բնականօրէն կը սպասուէր՝ գահաճառին մէջ արտաքին քաղաքականութեան, մասնաւորապէս Պուլկարիոյ վերաբերող տողերը վատ ներգործութիւն ըրած են պուլկար քաղաքական շրջանակներուն եւ պուլկար ժողովուրդին վրայ։ Հարկ է աւելցնել թէ հարուածը իր նպատակին հասած է։

Շրջահայեաց, հեռատես եւ խաղաղասէր միտք մը թոյլ չպիտի տար գործածելու այս տեսակ գրգռիչ եւ նախատական բացատրութեան եղանակ Պուլկարիոյ նկատմամբ, որ իր անկախութեան տիրացած է երեսուն տարիներէն ի վեր, որ այդ անկախութիւնը ապահոված է իր ազգային մէկէ աւելի ուժերովը, յատակապէս զինուորական լուրջ կազմակերպութեամբը, որ վերջապէս նոյն իսկ Լա Հէյի վերջին խորհրդաժողովին մէջ իր անկախ դիրքը եւ անկախ տէրութեան իրաւունքները կրցաւ յարգել տալ բոլոր պետութիւններուն։

Միմիայն ժողովուրդին շահերը նկատի ունեցող եւ երկրին ճշմարիտ բարօրութեանը ձգտող քաղաքականութիւն մը այդ լեզուն պիտի չի գործածէր Պուլկարիոյ նկատմամբ եւ ամէն կերպով պիտի զգուշանար երկու տէրութեանց արդէն իսկ ցուրտ եւ փափուկ յարաբերութիւնները աւելի սրելու, աւելի լարելու։

Այդ վարպետ լեզուն եւ այդ միտումնաւոր դարձուածքը պարզապէս հրաւէր մըն էր Երեսփոխանական Ժողովին՝ ատելութեամբ եւ հակակրութեամբ լեցուելու ընդդէմ Պուլկարիոյ, զայրոյթ զգալու անոր նկատմամբ եւ հարկադրուելու այդ զայրոյթը արտայայտել գահաճառին տրուելիք պատասխանին մէջ։ Չէ՞ մի որ Պուլկարիան՝ օգտուելով պատեհ առիթէն, օսմանեան հայրենիքին ազատագրութեան ամէնէն հանդիսաւոր ու փափուկ վայրկեանները շահագործած է ի նպաստ իր անկախութեան, գաղտագողի եւ նենգամիտ խորամանկութեամբ մը, յաջողած էր «մեր պետութեան նկատմամբ իր հաւատարմութենէն» շեղիլ եւ դաւադրական գործ մը գլուխ հանել այն պահուն՝ երբ «Քեամիլ փաշայի նախագահութեան տակ կազմուած նախարարական մարմինը՝ սահմանադրական նոր վարչութեան կազմութեամբն ու օրէնսդրութեամբը զբաղելու վրայ էր». ըսել կ՚ուզուի թէ՝ հին րէժիմի օրով չի պատահեցաւ ատիկա. կամ, նրբամտութեամբ հասկցնել կը տրուի թէ՝ Սահմանադրութիւնն էր մեղաւորը որ առիթ ընծայեց այս չարիքին, բռնապետութեան օրով Ֆէրտինանտ իշխան, Րումէլիի կուսակալը, չի համարձակեցաւ այդ տեսակ քայլ մը առնել, հրամմեցէք տեսէք հիմա Սահմանադրութեան շնորհքը, եւ քանի որ այս այսպէս է, թող Երեսփ[ոխանական] Ժողովն ալ իր ուժը ցոյց տայ։

Մէկ կողմէն անուղղակի կերպով սահմանադրական վարչութիւնը ամբաստանել, միւս կողմէն ալ գրգռել Երեսփոխանական Ժողովը՝ Պուլկարիոյ դէմ, եւ Պուլկարիան՝ մեր երկրին դէմ։

Արդիւնքը այս բոլորին, հակակրութիւն մութ ու տգէտ խաւերուն մէջ դէպ ի Սահմանադրութիւնը, աննպաստ ու դառն տրամադրութեանց լարումը Երեսփոխանական Ժողովին այլ եւ այլ տարրերուն մէջ՝ ընդդէմ Պուլկարիոյ, պուլկար կառավարութեան եւ ժողովուրդին մէջ թշնամական զգացումներու շեշտաւորումը, նոր բարդութիւններ, նոր վէճեր, աժանագին եւ դիւրաբորբոք հայրենասիրութեան բռնկումը երկու երկիրներուն մէջ եւս, եւ ահա պատերազմը։

Այդ պատերազմը, ազատութեան գիշատիչ, անարգ ու մաքիավէլական պատերազմը՝ որուն պայթմանը համար ջանք չեն խնայեր դուրսէն ու ներսէն իրարու դաշնակից կարգ մը խորհրդաւոր զօրութիւններ, որուն բռնկումը միայն կարող է վերջնական պարտութեան ենթարկուած թէ՛ արտաքին թէ՛ ներքին մէկէ աւելի տիրապետող ուժերուն վերակենդանութիւնը երաշխաւորել։

Ո՛չ, այդ պատերազմը տեղի չպիտի ունենայ եւ չի կրնար ունենալ՝ որքան ատեն որ ժողովուրդը կորսնցուցած չէ իր արթնութեան յետին լոյսը, որքան ատեն որ ժողովուրդը որոշած չէ ինքնասպանութիւն։

Եւ Ազգին ներկայացուցիչները, որ զաւակն են այդ ժողովուրդին, որ հաւաքուած են անոր բաղձանքներուն եւ տրամադրութեանց թարգմանն ըլլալու, պիտի գիտնան իրենց պատասխանագրին մէջ անվերապահօրէն ու կտրուկ կերպով յայտարարել անիկա վերջապէս, երկիրը կ՚ատէ այն պատերազմը՝ որ դաւաճանութիւնն է իր արիւնովն ու տանջանքովը վաստկած Ազատութեանը, որ մահ կը սպառնայ իր իրաւունքներուն, իր ներկային ու ապագային։

Պուլկարիան տէ ֆաքթօ անկախ էր, հետեւաբար այդ անկախութեան տրուած պաշտօնական ձեւը ո՛չ նախատինք մըն է օսմանցի ժողովուրդին, ոչ ալ անարդարութիւն մը։ Մեր շահը կը պահանջէ ոչ թէ հակառակութեան եւ սպառնալիքի քաղաքականութեան հետեւիլ առանձնապէս սահմանակից պետութեանց հետ, այլ ջանալ զանոնք հետզհետէ բարեկամութեամբ կապել մեզի հետ եւ բացարձակապէս ապահով ըլլալ իր մօտաւոր թէ հեռաւոր սահմանագլուխներէն։

Այն խաղը՝ որ կը փորձուի խաղալ նորահաստատ Սահմանադրութեան գլխուն, շատ հին է եւ գաղտնիք ըլլալէ հեռու։ Ֆրանսական մեծ յեղափոխութեան ատեն՝ դիրքէ, իշխանութենէ եւ փառքէ ինկած ազնուականները դիմեցին նոյն վատութեան, իրրենց գլուխն ունենալով օրուան թագաւորը, հրաւիրելով )տարները՝ անցնելու սահմանէն ասդին։ Եւ ազատութեան համար պայքարող յեղափոխական Ֆրանսան հարկադրուեցաւ մէկ ճակատի վրայ բռնակալութեան դէմ մղել կռիւը, միւս ճակատով՝ արշաւող թշնամիին բանակները հարուածել։

Այսպէս են ահա տէրերը. իրենց կաշին ու իրենց փառքը փրկելու համար կանգ չեն առներ ոչ մէկ միջոցի առջեւ, չեն վարանիր հազարաւոր երիտասարդներ թնդանօթի միս դարձնել, բիւրաւոր ընտանիքներ սուգի եւ թշուառութեան ծովի մէջ խեղդել եւ ապա՝ իրենց արոյրէ գահին վրայ քրմանալ՝ հայրախնամ ու բարեխնամ ստորոգելիներով։

Ո՛չ, պատերազմ չենք ուզեր. խաղաղութիւն է հարկաւոր մեզի. եւ ով որ կը փորձէ հակառակը, ով որ տեղի կուտայ անոր՝ թշնամին է ժողովուրդին եւ անոր ազատութեան։

երեսփոխանական Ժողովը պարտաւոր է հասկցնել իր պատասխանագրով թէ երկիրը համաձայն չէ գահաճառին մէջ Պուլկարիոյ նկատմամբ գործածուած գրգռիչ լեզուին, թէ՝ երկիրը կը բաղձայ ինչպէս իր սահմանակից միւս տէրութեանց, առաւելապէս պուլկար ժողովուրդին հետ անկեղծ բարեկամութեամբ ապրիլ եւ շուտով տանիլ այդ բարեկամութեան վերահաստատումը։

Ազատութեան գլխաւոր ազդակներէն մէկը եղող օսմանեան բանակը չի կրնար երթալ անիմաստ ու դաւադրօրէն սադրուած պատերազմի մը մէջ ջախջախուիլ ու չքանալ. իր մեծագոյն ու սրբազան պարտականութիւնն է մնալ հեռաւոր եւ մշտարթուն պահակը՝ Սահմանադրութեան եւ ժողովուրդի ազատութեանը հիմնաւորմանը համար, մնալ դամոկլեան սուրը բոլոր անոնց գլխուն վերեւ՝ որ տակաւին կը շարունակեն յղանալ էնթրիքի եւ մեքենայութեան եղեռնական ծրագիրներ։

Ժողովուրդը հանգստի պէտք ունի, խաղաղութեան կարօտ է։

Երկրին թշնամիներն են միայն որ շահ ունին պատերազմէն։ Եւ այդ թշիամիները կը գործեն թէ՛ դուրսէն, թէ՛ ներսէն, անկասկած համախորհուրդ եւ համակամ։ Բայց թող գիտնան անոնք թէ այս ժողովուրդը աժան պիտ չի ծախէ այլ եւս իր ազատութիւնը՝ որուն տէրն է այժմ եւ տէրը մնալ պիտի աշխատի մինչեւ իր արիւնին վերջին կաթիլը։

«Ժամանակ», 1909, թիւ 57, 19 Դեկտեմբեր—1 Յունուար