Մեղրագետ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Publicism  

Ո՞Վ Է ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ



Այսօր իսկ Կեսարիայէն ստացանք հետեւեալ հեռագիրը.

«Վերջին դէպքերուն քննութեան համար նշանակուած Քննիչ Յանձնախումբը ուզեց ցոյց տալ թէ յարաբերութիւն մը կայ վերջին դէպքերուն եւ ժողովուրդին ձեռք առած կարգ մը նախազգուշութեանց միջեւ՝ որոնք ո՛ եւ է յանցանքի մը բնոյթը չեն կրեր։ Յանձնախումբը մեկնեցաւ Էնկիւրի, որոշելով դատի ենթարկել ժողովուրդէն մաս մը անմեղներ։ Անհրաժեշտ է արդարացի նոր քննութիւն մը բանալ»։

Նոր քննութիւն մը եւս բանալ. ի՞նչ բանի համար եւ ո՞րուն ձեռքով։

Քննութիւն մը բանալ՝ որպէս զի րէաքսիոնէրական շարժման դիրքի տէր ղեկավարները՝ ամբաստանութեան տակ իյնան, քննութիւն մը բանալ որպէս զի անաչառութեա՞մբ իրերը եւ դէպքերը լուսաբանուին. բայց որո՞ւ ձեռքով։

Ո՞վ է այսօրուան կառավարութիւն կոչուած այն բարոյական ուժը՝ որ կոչուած է օրէնքին արդարութեան սահմաններուն մէջ իր պարտականութիւնը կատարել եւ ժողովուրդին կամքն ու իրաւունքները պաշտպանել։

Կառավարութիւնը կազմուած է պաշտօնեաներէ, բայց որո՞նք են այդ պաշտօնեաները։

Այս հարցումը կարող ենք ուղղել ո՛չ թէ հասարակութեան, այլ նոյնինքն Կեդրոնական Վարչութեան՝ որսէ նշանակուած եւ բղխած են։

Ոստիկանութեան, Ներքին գործերու եւ Դատական նախարարները կրնան երաշխաւորել իրենց ստորադաս նոյն պաշտօնէութեանց վարչական եւ բարոյական կարողութիւնները։ Կրնա՞ն գոնէ սա չափը ըսել թէ անոնցմէ քանի՞ն նախկին բռնակալութեան աւելցունքները եւ քանի՞ն սահմանադրական վարչութեան մը ոգիին համապատասխան սակ ներկայացնող անձնաւորութիւններ են։

Չեն կրնար, որովհետեւ պիտի չի համարձակին։

Երկրին համար արեւու պայծառ ճշմարտութիւն մըն է թէ կառավարութեան ներքին կազմը էական ոչ մէկ փոփոխութիւն, ոչ իսկ մասնակի բարեփոխութիւն մը կրած է. դատարանները նոյնն են, մշտնջենապէս անարդար, կաշառակեր ու փտախտաւոր. ոստիկանութիւնը, ներքին գաւառներուն, առանձնապէս հայկական խրջաններուն մէջ՝ նոյն զեղծ ժուրնալճի, անբարոյիկ եւ հազարումէկ անգթութեամբ չարահամբաւուած փօլիսներն ու գօմիսէրները կը ներկայացնեն. վալիները, միւթէսարըֆները, գայմագամները, իրենց մուավրներով եւ իրենց ստորադաս հետեւորդներով ամենքն ալ Եըլտզեան նախկին գործակալներ ու այդ գործակալներուն ֆավօրիներն են։

Ու ժողովուրդը դէմ առ դէմ է այժմ այս կառավարութեան հետ։

Եւ Կեսարիոյ միամիտ ժողովուրդը կը պահանջէ որ նոր քննութիւն մըն ալ բացուի նոր կառավարական պաշտօնեաներու ըողմէ, անիրաւուած ժողովուրդին շահերը պաշտպանելու եւ իրական յանցաւորներու սեւ երեսները մութէն լոյսէն քաշելու։

Կեդրոնի վարչութիւնը զբաղուած է ոչ թէ արմատական յեղաշրջում առաջ բերելու կառավարական կազմին մէջ ինչ որ սահմանադրկան նախարարութեան մը միակ գործը, միակ պարտականութիւնն ըլլալու էր, այլ վիճաբանութեան բռնուելու ժողովուրդին հետ անոր փաստերը հերրքելու, անոր աղաղակները խեղդելու, ուրիշ խօսքով՝ զայն խաբելու, ինչպէս կը խաբէր ասկէ առաջ հին րէժիմը։

Կառավարութեան համար ուղղամտութեան եւ արդարութեան միջին ճամբյ չկայ։ Կա՛մ պէտք է իր կազմը փոխէ, կա՛մ պէտք է ընդունի երկրին մէջ կատարուած օրինազանցութիւնները, բռնութիւններն ու բազմատեսակ չարիքները։

Ո՞վ է այն կառավարութիւնը որ կոչուած է երկիրն առաջնորդելու եւ ժողովուրդին ազատութեան իրաւունքները յարգել տալու։

Ի՞նչ նորութիւն կարելի եղաւ մտցնել հեռաւոր գաւառներու կառավարական պաշտօնէութեան մէջ, պէտք է որ գիտնայ հասարակութիւնը։ Սահմանադրական ի՞նչ ոգի կարելի եղաւ հաղորդել գաւառներու վարչական, դատական ու ոստիկանական կազմին, պէտք է որ կեդրոնի վարչութիւնը հաշիւ տայ Երեսփոխանական Ժողովին։

Եղած արտաքին փոփոխութիւնները, մէկ պաշտօնեային այս տեղէն ուրիշ տեղ մը պաշտօնի կոչուիլը ո՛չ թէ բարեփոխութիւն չէ, ոչ թէ օրինաւոր չէ՛, այլ հակասահմանադրական է։ Այս մեթոտն է որ պաշտօնէութիւնը կ՚անբարոյականացնէ եւ կառավարութիւնը կը դարձնէ բռնաւոր, կամայական ու անուղղաց։ Այդ մեթոտը նախկին բռնապետութեան շնական փիլիսոփայութեան արդիւնքն է միայն. որուն սկզբունքն էր «Կառավարութիւնն անպատասխանատու»։

Իսկ մինչեւ այսօր, մինչեւ այս պահուս կեդրոնական վարչութիւնը ո՛չ միայն չաշխատեցաւ նոյն մեթոտէն դուրս գալ, այլ բազմաթիւ պարագաներու փորձով ցոյց տուաւ թէ հաւատարմօրէն կը շարունակէ ծառայել այդ դատապարտելի ուղղութեան։

Եթէ ժողովրդական գանգատները երթալով կը սրին, եթէ դժգոհութիւնը երթալով կ՚առնէ ծաւալուն համեմատութիւններ, պատճառն այն է որ ժողովուրդը դրականապէս կը տեսնէ թէ գործադիր իշխանութիւնը ոչ միայն չի բարփոխուիր, այլ եւ բարեփոխուելու յոյս անգամ չի ներշնչեր։ Այս համոզումն է որ կը խորանայ հանրային մտածողութեան մէջ եւ գանգատներուն, տրտունջներուն, զրկանքներուն կուտայ աւելի դառնութիւն։

Մինչեւ որ կառավարութեան կազմումը, կառավարական պաշտօնէութիւնը չի վերանորոգուին՝ մաքուր, սահմանադրասէր եւ բոլորովին նոր կարողութիւններով, մինչեւ որ անկարող, անիրաւ ու քննադատելի պաշտօնեաները կամ դատի չենթարկուին, կամ պաշտօնէ չի զրկուին իսպառ, երկիրը չի դառնար սահմանադրական եւ ժողովուրդը չի մտներ ազատութեան շրջանի մը մէջ։ Հետեւաբար, մինչեւ այդ անյետաձգելի կարգադրութեան իրականացումը՝ բողոքները պիտի մնան բողոք, որովհետեւ հարստահարութիւններն ու անիրաւութիւնները պիտի շարունակուին անարգել։

Թող չի փառաբանեն դահլիճին Հայ ու Թուրք գործակալները, Իթթիհատի ամէն գոյնէ օրկաններն ու ներկայացուցիչները թէ՝ առաւելապէս ճնշուած ու անիրաւուած Հայաստանի ու Հայ ժողովուրդին բարելաւութիւնը կը սպասէ ժամանակի եւ այդ կարգ մը փոփոխութիւններու. ճիշդ է, կան հիմնական բարեփոխութիւններ՝ որոնք անհրաժեշտ են եւ ստիպողական եւ պիտի կարգադրուին ժամանակի ընթացքին մէջ, որպէս զի կարելի ըլլայ կացութիւնը արմատապէս յեղաշրջել. այո՛, կան այդ հեռաւոր միջոցները, կայ բարեշրջութեան կատարելիք դերը. այդ բոլորը գիտեն ամէնքն ալ, բայց կայ նաեւ այն ճշմարտութիւնն ալ թէ անաչառ, արդարասէր եւ զօրեղ կառավարութիւն մը կրնայ հսկայական աշխատանք կատարել չարիքներու բարձման մէջ, կրնայ վերջապէս սանձահարել տարիներէ ի վեր չարագործութեամբ եւ անպատասխանատու անիրաւութիւններով պարարած հարստահարիչները եւ գօտեպնդել ժողովուրդը, վստահութիւն ու յարգանք ներշնչելով անոր դէպի Սահմանադրութիւնը եւ դէպի սահմանադրական կարգերը։ Նոյնինքն վաղուան բարեշրջութեան ընթացքն իսկ կախուած է կառավարական կազմին բարեփոխման հանգամանքէն։

Ամէն բարեփոխութիւններէ աւելի սիտպողականը, կառավարական պաշտօնէութեան մաքրագործումն է այս պահուս, մինչեւ որ Երեսփ[ոխանական] Ժողովը անողոքօրէն այդ պահանջին վրայ անսասան չի կենայ, մինչեւ որ պաշտօնեաներու կեղծ փոփոխութեան Եըլտզեան մէթոտը չի սրբագրուի, ժողովուրդը չպիտի հաւատայ Սահմանադրութեան։ Եւ իրաւունք պիտի ունենայ։

 

«Ժամանակ», 1909, թիւ 120, 7—20 Մարտ