Մեղրագետ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Publicism  

ՀԱՐՑՈՒՄ ՄՒ ՄԱՄՈՒԼԻ ՎԵՐԱՏԵՍՉՈՒԹԵԱՆ


Մամուլի Վերատեսչութիւնը, երէկուան իր մէկ ազդարարագրով, դա՛րձեալ դատի սպառնալիք կ՚ընէ, մեզի՝ թէ Մուշի Հայոց Առառնորդարանին, յայտնի չէ: Բայց արդէն կարեւորը այս վերջին պարագան չէ. դատը բացուած ըլլայ մեզի դէմ թէ Մուշի Հայոց Առաջնորդարանին, իրողութիւնը ոչինչ կը կորսնցնէ իր իսկութենէն՝ որ կը մնայ հակօրինական եւ անիրաւ:

Մուշի Առաջնորդարանը հաղորդած էր որ Խոյթի Հայերը քաղաք եկած են բողոքելու Քիւրտերուն կարգ մը արարքներուն դէմ, ինչ որ հրատարակուեցաւ մեր թերթին մէջ:

Մամուլի Վերատեսչութիւնը հերքեց այդ լուրը, հիմնուելով Մուշէն պահանջած իր բացատրութեանց վրայ: Այդ հերքումը պարունակող մեր թերթերը Մուշ հասան թէ չէ, տեղին Առաջնորդարանը իսկոյն հեռագրով փութաց հերքել Մամուլի Վերատեսչութեան նոյն յայտարարութիւնը, հաստատելով իր նախորդ տեղեկուութեանց բացարձակ ճշմարտութիւնը:

Ահա ասոր վրայ է որ Մամուլի Վերատեսչութիւնը երկրորդ անգամ հարցումներ ուղղուած ըլլալով Մուշի կառավարական իշխանութեան, կուգայ կրկնելու իր հերքումը, սպառնալով միանգամայն «անհրաժեշտ գործողութեանց ձեռնարկել այս կարգի սխալ եւ անհիմն լուրեր տուողներուն նկատմամբ»:

Շա՛տ լաւ: Իրաւ է որ «սխալ ու անհիմն լուրեր տուող մը կայ» գործին մէջ, բայց ո՞վ է այդ. Մուշի Առաջնորդարա՞նը թէ տեղին կառավարական պաշտօնատունը: Այս պարագան է որ պէտք է ճշտէր Մամուլի Վերատեսչութիւնը, ինչ որ ըրած ըլլալ չի թուիր դժբախտաբար:

Առաջնորդարանը կ՚ըսէ բան մը, զոր կը ժխտէ Մուշի կառավարական պաշտօնէութիւնը: Ո՞վ է ճշմարտութեան հակառակ խօսողը:

Քննենք մենք՝ որ հեռուն ենք, իբրեւ չէզոք դատաւորներ:

Մուշի Առաջնորդարանը շահ մը ունէ՞ր յերիւրելով ըսելու որ Խոյթէն Հայեր եկած են քաղաք, կառավարութեան գանգատ ներկայացնելու: Երբէ՛ք. ո՛չ մէկ շահ, ո՛չ անձնական, ոչ ալ հանրային:

Ամէն մարդ գիտէ որ մանաւանդ Խոյթի շրջանին մէջ, այն ատենները, Քիւրտերը հեռու էին կարգապահ, օրինասէր եւ հանդարտ ըլլալէ: Վկայ այն դէպքերը՝ որոնք տեղի ունեցած անկէ ետք կամ նոյն ատեններուն եւ որոնց վրայ երկար բարակ ծանրանալու պէտք անգամ չենք տեսներ:

Ի՜նչ դիտաւորեալ չարամտութիւն կամ ի՜նչ անխոստովանելի նպատակ կրնար ունենալ լուր մը՝ որ ուրիշ բան չըսեր, եթէ ոչ սա՛ թէ քաղաքացիներ եկած են գանգատ ներկայացնելու կառավարութեան՝ իրենց եղած այս կամ այն զրկանքին, այս կամ այն անիրաւոթեան համար:

Ի՜նչ, ուրեմն մեր պաշտօնական մարմիններուն յաւանականութիւնը մինչեւ այն տեղուանքը հասած է որ կարող են յայտարարել թէ այս երկրին մէջ երկնային արդարութիւն ու եդեմական համակենցաղ կը տիրէ: Եթէ այո՛, կը մնայ մեզի ցաւիլ միայն այս մտայնութեան վրայ:

Բայց, եթէ Առաջնորդարանը այսքան սովորական, այսքան  հասարակ լուր մը հաղորդելուն մէջ ո՛չ շահ եւ ոչ ալ կողմնակի դիտաւորութիւն կրնայ ունենալ, արդար ըլլանք խոստովանելու թէ՝ տեղւոյն կառավարական պատասխանատու պաշտօնեաները մէկէ աւելի պատճառներով կրնային հերքելու հարկադրութիւնն ունենալ տրուած տեղեկութիւնները:

Մինչեւ այսօր տեսնուեցա՞ւ մէկ դէպք, մէկ եղելութիւն՝ ինչքան ալ բացայայտօրէն ճշմարիտ ըլլայ ան, որ մամուլին մէջ երեւնալէ ետք, հաստատուէր նաեւ գաւառային իշխանութեանց կողմէ: Բնա՜ւ:

Եւ բնական չէ այս: Խե՞նթ են եղեր տեղական պաշտօնեաները՝ որ իրենց բերնով իրենց համար պատասխանատուութեան եւ պատիժի փաստ տան. խեն՞թ են եղեր որ իրենց գլխուն փորձանք բանան:

Մէկէ աւելի անդամներ ապացուցած ենք նոյն այս էջերուն մէջ թէ՝ Մամուլի Վերատեսչութեան ինչպէս կը հասնին իր պահանջած լուսաբանութեանց «հերքումները»: Հաստատած ենք թէ այդ «հերքումները» կը տրուին յաճախ նոյնինքն այն պաշտօնեաներուն կողմէ, որոնց վրայ կոչուած է ծանրանալու պատասխանատուութեանց բեռը

Բայց, թողունք ասոնք: Ուրիշ հարցում մը ունին ընելիք մենք:

Գիտենք որ Պատրիարքարան եւ Առաջնորդարան, նոյնքան պաշտօնական հիմնարկութիւններ են՝ յաչս պետութեան, որքան կառավարական բոլոր պաշտօնատունները:

Արդ, ո՞ր օրինական պատճառաբանութեամբ Մամուլի Վերատեսչութիւնը պարտաւոր չզգար ինքզինք նոյնքան «պաշտօնական» համարելու Առաջնորդարանի մէկ տեղեկութիւնը, որքան կառավարական այլ շրջանակի մը:

Այս կէտն է որ կ՚ուզենք լուսաբանուած տեսնել:

Ինչո՞ւ Մուշի կառավարական շրջանակի մէկ աղբիւրէն հասած հերքում մը վաւերական պիտի համարուի յաչս կեդրոնին, իսկ Առաջնորդարանի նման մէկ հերքումը՝ անվաւեր, «ստայօդ» կամ «անհիմն», արժանի դատի, դատավարութեան ու պատիժի…

Կը խնդրենք Մամուլի Վերատեսչութենէն որ հաճի բացատրել այս հակասութիւնը:

«Ազատամարտ», 1914, 23 Մայիս - 5 Յունիս, թիւ 1519, էջ 2