Քաղաքականք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ո՞ՒՐ Է ՀԱՊԱ ՁԵՐ ԽԻՂՃԸ


Անկարելի էր կարդալ այն մանրամասնութիւնները՝ որ տուինք մեր կիրակի օրուան թիւով, Սամաթիոյ Ադամանդի գործարանատիրոջ գրած տրակոնական պայմաններուն մասին, եւ չըսել.

Մա՛րդ, հապա ո՞ւր է խիղճդ…

Իննըսուն հոգի կը գործեն այդ գործարանին մէջ, ամէնքն ալ տարեկանէն մինչեւ  տարեկան պատանիներ ու երիտասարդներ, օրական  ժամուան աշխատանքով, որուն մէկ ժամը միայն ցորեկուան դադարի համար:

Եւ դեռ այս բաւական չէ, գործարանատէրը մտածած է գործադրել այնպիսի գեհենական պայմանագրութիւն մը՝ որուն հետեւանքով այդ գրաստային աշխատանքին դատապարտուած իննըսուն թշուառները, ո՛չ միայն չոր հացի փարա մը իսկ պիտի չկրնան վաստակի, այլ դեռ… բան մըն ալ պարտական պիտի ըլլան իրենց վեհանձն տիրոջ:

Ստորագրեցէ՛ք, կ՚ըսէ գործարանատէրը, որ՝

1. Երեք տարի պիտի աշխատիք գործարանին մէջ՝ մի անգամ ընդ միշտ որոշուած սակացոյցով:

2. Եթէ պայմանագրութիւնը խզէք ձեր կամքով կամ եթէ խզուի անիկա գործարանատիրոջ որոշումովը՝ 40 ոսկի վնասուց հատուցում պիտի վճարէք գործարանատիրոջ:

3. Եթէ բանուոր մը կրկին ու կրկին բացակայի՝ առանց օրինաւոր պատճառի, գործարանատէրը իրաւոնք պիտի ունենայ խզելու պայմանագրութիւնը եւ 40 ոսկի վնասուց հատուցում պահանջելու:

Յետո՞յ, յետո՞յ… լսեցէ՛ք տակաւին.

4. Գործարանատէրը իրաւասու է պայմանագրութիւնը ջնջելու եւ 40 ոսկի վնասուց հատուցում պահանջելու այն բանուորէն, որ գործի միջոցին խաղի կամ զբօսանքի հանգամանք ունեցող բաներ կ՚ընէ, միւս գործաւորներուն գործին արգելք կ՚ըլլայ եւ իր աշխատութիւնը ըստ արժանւոյն չի կատարեր:

Գործաւորը պէտք է տակաւին իր շաբաթականէն 10% միշտ աւանդ ձգէ գործարանատիրոջ քով՝ ի հաշիւս 40 ոսկի տուգանքին տուգանք զոր պիտի տայ եւ կարելի չէ որ չտայ այս պայմաններով, եւ դեռ երաշխաւոր մըն ալ ունենայ, որպէս զի գործարանատէրը ի հարկին դատարանի միջոցով անկէ գանձէ մնացած հատուցումները:  

Կը կարծէք որ լմնցա՞ւ: Չէ՛, աւելին կայ. գործաւորը պատրաւոր է 20% մըն ալ թողուլ իր շաբաթականէն՝ իբրեւ ուրիշ «վնասուց հատուցում» մը, ի հաշիւ իր կոտրած, աւրած, կորսնցուցած քարերուն եւ կամ իր հասցուցած այլ «վնասներուն»:

Անիրա՞ւ էինք արդեօք ըսելու.

—Մա՛րդ, հապա ո՞ւր է խիղճդ…

Այս տեսակ պայմանագրութեան մը տակ անբան արարած մը անգամ կը դժուարանար ստորագրել, ո՜ւր մնաց որ սոտորագրէին խելք ունեցող մարդիկ:

Նոյն բանուաւորները աւելի լաւ է որ երթան հող կրեն, քար չալկեն եւ կտոր մը հաց գտնեն ուտելու՝ քան թէ յանձն ոռնեն ենթարկուիլ պայմանագրութեան մը տրամադրութիւններուն, որոնցմով ո՛չ միայն կրնան գործարանատիրոջ ուզած վայրկեանին՝ ոտքի ծայրով դուրս նետուիլ գործարանէն, այլ դեռ 40 ոսկիի պարտք մըն ալ շալկել:

Որովհետեւ, պայմանագրութիւն մըն է ասիկա, որուն միակ նպատակը եղած է՝ բանուորներ բանեցնել, առանց անոնց ոչ մէկ, կը հասկնա՞ք, բայց ոչ մէկ վարձք տալու. օրողչէք կամ շաբթական անունները դատարկ բառեր են միայն. գործարանատէրը ետ պիտի առնէ ձախ ձեռքով՝ ինչ որ տուած է աջով:

Դարձեալ կը կրկնենք. Բանուորները պէտք չէ երբեք յանձն առնեն ստորագրելու այդպիսի անողոք, համամարդկային, անխիղճ պայմանագրութեան մը տակ:

Փոխանակ վաղը մէկիկ մէկիկ դուրս վռնտուելու եւ մէկիկ մէկիկ անգործութեան ու անօթութեան մատնուելու, հիմա թող հեռանան հաւաքաբար եւ եթէ վնաս պիտի կրեն իրենց, այդ նոյն վնասը զգալի ընել տան նաեւ գործարանատիրոջ:

Շահագործողները ուրիշ կերպով խելքի չեն գար:

«Ազատամարտ», 1914, 18 Յունիս-1 Յուլիս, թիւ 1541, էջ 2