Քաղաքականք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿԵԱՆՔԻ ՊԱՅՔԱՐԸ
ԻՍԿԱԿԱՆ ՈՒ ԱՀԱՒՈՐ ՎՏԱՆԳԸ


Երէկ աչքի առաջ ունենալով միայն մեր կրթական-վարչական բաբելոնեան արգահատելի վիճակը՝ կ՚ըսէինք թէ մինչեւ որ ժամանակի ու պատասխանատուութեան խոր գիտակցութիւնը չունենա, ենթակայ պիտի ըլլանք կեանքի բոլոր ասպարէզներէն դուրս քշուելու վտանգին:

Մեր այդ մատնանշած վտանգը գուցէ լրիւ ըմբռնելի չպիտի ըլլայ՝ եթէ վտանգի ամբողջութիւնը լրիւ չբնորոշենք ու չներկայացնենք:

Կեանքի պայքարը՝ որ ցարդ բաղկացեր է ազգային ու դասակարգային ո՛չ միայն մրցումէ, այլ եւ կռիւ, իրերամերժումներէ ու նուաժումներէ, պատմութեան ընթացին կը հասնի երբեմն այնպիսի աստիճաններու ու ձեւերու, որոնց երեւոյթը եթէ վայրկեան մը իսկ գրաւէ, դարերու կնիքը կը դրշոմեն եւ ամբողջ ազգերու ճակատագիրը կ՚երկնեն:

Մենք կ՚ապրինք այդպիսի պատմական րոպէներու մէջ:

Մէկ կողմէն կը ձեւակերպուի եւ միւս կողմէն արագ թռիչք կը ստանայ թուրք ազգային, տիրապետող ազգի գաղափարն ու կեանքը:

Ըսեր ենք ու կրկներ թէ տնտեսական մրցման նորագոյն բազմապիսի երեւոյթները յայտարարն են կաղապարուող եւ թռիչք ստացող տիրապետող ազգի ու կեանքի:

Տնտեսական ոչ մէկ պայքար չի կրնար հիմնաւորուած ըլլալ առանց դասակարգային շահերու եւ շահագործումներու, բայց դեռ եւս յաճախ զոհ կը բերուի դասակարգայինը՝ ազգայինին:

Զոհաբերողները կ՚ըլլան դարձեալ շահագործուող դասակարգերը եւ շահագործողները կը ստանան հնարաւորութիւն կրկնակի շահագործման, —ազգային եւ դասկարգային: Այդպէս կը կատարուի եւ մեր օրերուն: Ազգային տնտեսական մրցման մէջ ամէնէն աւելի տուժողն ու շահագործուողը թուրք, մահմետական աշխատաւոր դասակարգն է: Ոչ-թուրք, ո՛չ–իսլամ առեւտրական դասակարգը զրկուելով մրցման կրկէսին վրայ կանգնած մնալու հնարաւորութենէն, ասպարէզը կը մնայ միս-մինակ թուրք, իսլամ առեւտրականին՝ որ առ ի չգոյէ մրցակցի, յաճախորդին կը հարկադրէ կրկնապատիկ յաւելեալ արժէքի գներ, իսկ աշխատաւոր թուրք, իսլամ դասակարգը, կամայ ակամայ կը վճարէ իրեն հարկադրուած գինն ու գումարը:

Մրցման այս սիստէմը աննորմալ է անշուշտ մշակութապէս զարգացած ժողովուրդներու ըմբռնողութեան համար, բայց թուրք կամ իսլամ աշխատաւորութեան կուլտուրական եւ ազգային զարգացման ու ըմբռնումներու աստիճանին համեմատութեամբ՝ գուցէ միակ յարմարագոյն թաքթիքն է, մինչեւ որ շովինիզմը տոգորուի թուրք աշխատաւորութեան մէջ ալ եւ ինք ալ իր կարգին՝ ո՛չ միայն իբրեւ տիրող ազգ, այլ եւ իբրեւ դասակարգ, իր դասակարգին պատկանող ո՛չ-թուրք աշխատաւոր դասակարգերու շահագործողը դառնալէ յետոյ, հասնի իր դասակարգային շահերու գիտակցութեանը, իր սեփական դասակարգային շահերու պայքարը մղէ կրկնակի շահագործող թուրք-ազգային դասակարգի դէմ:

Ցարդ տիրապետողներու, իշխող դասակարգերու առանձնաշնորհումն էր պետական բոլոր աստիճանի պաշտօները, պիւրօքրատ ական հիմնարկութիւնները, ի բայց առեալ մէկ քանի մասնագիտական հմտութիւն պահանջող ծառայութիւնները՝ որոնք կը շնորհուէին ո՛չ-Թուրքերուն կամ ո՛չ-Մահմետականներուն:

Այժմ պետական օռկանիզմի կրած ու կրելիք յեղաշրջումը անհամեմատ մեծ չափով ու թուով մասնագիտութիւններ կը պահանջէ, եւ պիւրօքրատական դասային ու ազգային տիրապետութեան շահերու իրենց յատուկ ըմբռնումը կը պահանջէ որ ո՛չ միայն հին շնորհուած՝ այլ եւ նոր բացուող ու բացուելիք տեղերն ալ իրենց գրաւեն, իսկ գրաւելու համար ալ մասնագիտական մրցման կրկէսի վրայ մինակ ըլլան:

Երկրին մէջ բացուող ու բացուելիք տնտեսական բոլոր ասպարէզներու մէջ ալ՝ իբր ազգ ու իբր դասակարգ, տիրողի, մենատիրութեան միեւնոյն հոգաբանութիւնը կ՚իշխէ, ուստի տնտեսկան ասպարէզներու մենատիրութեան համար եւս մասնագիտական զարգացման եւ մրցման մէջ տիրապետող տարրը պիտի ղեկավարուի նոյն հոգեբանութեամբ, որուն նախնական ձեւերը կը տեսնենք առ այժմ՝ «տնտեսկան մրցում» անուան տակ:

Մրցման այդ առանձնայատուկ ձեւը կարելի է բանաձեւել սապէս, ինչ որ գրեթէ բառ առ բառ կը կրկնուի թուրք մամուլի մէջ. Մեզի կ՚ըսեն. «Ցարդ ձեզի թողած էինք տնտեսական ասպարէզները, բաւական է որքան որ շահագործուեցանք, այս երկրին տէրը մենք ենք եւ հասեր ենք մեր ազգային գիտակցութեանը: Դուք կանգ պիտի առնէք՝ մինչեւ որ մենք ո՛չ միայն գանք ու ձեզ հասնինք, այլ եւ ի վիճակի ըլլանք մեր գերիշխանութիւնը ապահովելու»: Քափիթալիսթական ու էմփէրիալիսթական ռէժիմի նշանաբանն է այս՝ մեր երկրի պայմաններով պատրաստուած:

Ակներեւ է որ իրենց այս վիճակն ու նշանաբանը իրենց մէջ կը բովանդակեն ազգային ու դասակարգային ամբողջ կեանքը, տնտեսական ու կրթական բոլոր ճիւղերն ու ասպարէզները:

Վտանգը ուրեմն ո՛չ միայն ազգային՝ այլեւ դասակարգային է, վտանգուողը պիտի ըլլան անխտիր ո՛չ-թուրք շահագործող ու շահագործուող դասակարգերը, եթէ միայն այս վտանգը տեսնելով՝ տեղի տալու, կանգ առնելու տրամադրութիւնը ցոյց չտանք, մրցման ասպարէզներէն ո՛չ թէ հեռանալու՝ այլ մանաւանդ գերազանցօրէն յաղթանակելու միջոցները ձեռք չառնենք: Ծանր ու դժուարին է այս, բայց ո՛չ անհնարին, եթէ միայն ուզենք եւ մանաւանդ եթէ չտնտնանք:

«Ազատամարտ», 1914, 4/17 Յուլիս, թիւ 1552, էջ 2