Քաղաքականք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԴԱՀԼԻՃԻՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
ՕՍՄ[ԱՆԵԱՆ] ՓԱՐԼԱՄԷՆԹՆ ՈՒ ՄԱՄՈՒԼԸ


Երկրի մը մէջ ուր սահմանադրական արմատացած բարքեր գոյութիւն չունենալով, սահմանադրական ռէժիմը միշտ վտանգի մէջ կը տեսնուի եւ այդ իսկ պատճառով՝ մայրաքաղաքն ու շրջակաները պատերազմական վիճակով կը կառավարուի, կը թուի թէ դեռ երկա՜ր տարիներ դատապարտուած ենք սպասելու, մինչեւ որ կարենանք ողջունել իրապէս ներկայացուցչական ժողով, իսկական փարլամէնթ եւ հանրային կարծիքը ղեկավարող, իր կոչման արժանի մամուլ:

Այս խորհրդածութիւնը ընելու կը ստիպուինք, աչքի առջեւ ունենալով կիրակի օրուան Օսմ[անեան] Խորհրդարանին մէջ կարդացուած նախարարական յայտարութիւնը, փարլամէնթական արտայայտութիւնները, քուէարկութիւնն ու առհասարակ մամուլի ընթացքը:

Ամբողջ աշխարհ գիտէ մեր ընթացքը Իթթիհատի հանդէպ: Մեր նշանաբանն է եղած սահմանադրական Թուրքիոյ գոյութիւնն ու սահմանադրական ռէժիմի պահպանութիւնը: Աչքի առջեւ ունենալով տիրապետող ազգի եւ կայսրութեան բաղադրիչ ազգերու քաղաքական մտայնութիւնն ու տհասութիւնը, բարքերը. աչքի առջեւ ունենալով կուսակցական զանազան պիտակներու տակ երեւցող փարլամէնթական խմբակցութիւնները որոնք սունկի նման կը բուսնէին եւ կը կազմալուծէին. աչքի առջեւ ունենալով որ միակ կազմակերպուած ուժը, որու վրայ կարելի ըլլայ վստահիլ սահմանադրական ռէժիմը պաշտպանելու համար, Իթթիհատն է. մենք պաշտպանն ենք կանգնած այդ ուժի պահպանութեանը՝ Օսմանեան հայրենիքի գերագոյն շահերուն համար, նոյն իսկ այն օրերուն, երբ այդ ուժը տապալուած եւ շատերու համար ջախջախուած կը համարուէր:

Բայց երբե՛ք, երբե՛ք մեր պաշտպանութիւնը այդ սահմանէն անդին չէ՛ անցած եւ մենք միշտ անողոք քննադատն ենք եղած Իթթիհատի կամ Իթթիհատական կառավարութեան ներքին ու արտաքին քաղաքականութեան սկզբունքի եւ թաքթիք բազմաթիւ սխալներու ու յանցանքներու համար:

Տարաբաղտաբար մեր այս ուղղութեան ու ընթացին մէջ մենք մինակ մնացինք, եւ չտեսանք արձագանգը ո՛չ Փարլամենթին եւ ո՛չ ալ մամուլի, մանաւանդ թուրք մամուլին մէջ: Եթէ մէկ կողմ առնենք Ահրարական ու Իթիլաֆական ներքին զզուելի պայքարներու շրջանները, միւս բոլոր ժամանակներու մէջ ուրիշ բան չենք տեսներ, բայց եթէ հին բարքերու շարունակութիւնը, խոնարհ հպատակութիւնը տիրող իշխանութեան, ուժին առջեւ: Այդպէս վարուեցան Փարլամէնթ ու Մամուլ Մարտ 31ի հարուածը իջեցնողներու հանդէպ, այդպէս վարուեցան այնուհետեւ կրկնուած Իթթիհատական եւ հակաիթթիհատական պետական հարուածներու կամ կառավարական յեղաշրջումներու օրերուն:

Այսպէ՜ս վարուեցան եւ փարլամենտական ներկայ կարճատեւ նստաշրջանին եւ կիրակի օրուան կառավարական յայտարարութեան հանդէպ:

Մեր ընթերցողները այսօր իսկ կը ծանօթանան այդ յայտարարութեան, որ ունի բազմաթիւ քննադատելի կէտեր, եւ սակայն, Փարլամէնթի մէջ հազիւ քանի մը շրթունքներ կակազեցին կարգ մը քննադատութիւններ: Իր ամբողջութեան, ընդհանուր գիծերուն մէջ Փարլամէնթի եւ մամուլի ընթացքը վստահութեան արտայայտութիւն չէ, այլ դրուատիք, ովսաննա, պաշտամունք կառավարական գործունէութեան լաւին ու գէշին հանդէպ, որ բնաւ ցանկալի չկրնար ըլլալ թէ՛ կառավարութեան եւ թէ՛ երկրի գերագոյն շահերուն համար: Այսպիսի պայմաններու մէջ. ամէնէն իտէալ կառավարութիւններն անգամ , առ ի չգոյ լուրջ քննադատութեան եւ ընդդիմադիրի, ենթակայ կ՚ըլլան ակամայ շեղումներու եւ սայթաքումներու, ինչպէս է պարագան մեր մէջ:

Կառավարական այս յայտարարութիւնը չէ այն ինչ որ սովորաբար ընդունուած է սահմանադրական բարքերով ու ըմբռնումներով: Այս յայտարարութիւնը՝ ինչպէս եւ իր ժամանակովը, նոյնպէս իր բովանդակութեամբը բոլորովին կը տարբերի մեր ըմբռնած յայտարարութենէն:

Երկար ընդհատումէ յետոյ, երբ ներկայ Խորհրդարանը գումարուեցաւ, սահմանադրականօրէն կառավարութիւնը պարտաւոր էր ներկայանալ խորհրդարանին իր հետեւելիք քաղաքականութեան յայտարարութիւնովը, որպէս զի ստանար խորհրդարանի հաւանութիւնը կամ հակառակը եւ անոր համաձայն որոշէր իր դիրքը: Այդ չըրին եւ բաւականացան գահաճառով, որպէս զի խորհրդարանական—սահմանադրական օրէնքի տակ գումարուած Փարլամէնթը վերջացնէ իթթիհատական պահանջը՝— սահմանադրութեան յետադարձ փոփոխութիւնը կամ որ նոյնն է՝ իսկապէս խորհրդարանական դրութեան ջնջումը:

Ո՛չ-խորհրդարանական սահմանադրական պետութիւններու մէջ ալ, ինչպէս է Գերմանիան, Աւստրիան, Ռուսիան, նախարարութիւնները կը ստիպուին իրենց աշխարհավարութիւնը, ծրագիրը որոշելու կա՛մ հարցապնդումներու եւ կամ պիւտճէներու վիճաբանութեանց առիթով: Այդ պարագաներէն եւ ո՛չ մէկին կը համապատասխանէ օսմ[անեան] կառավարութեան յայտարարութիւնը: Կառավարական աշխարհավարութիւնը պարզելու առիթներն էինք Ներքին, Արտաքին, Ելմտական եւ Զինուորական նախարարութեանց պիւտճէներու վիճաբանութիւնները: Բայց օսմ[անեան] Խորհրդարանին մէջ, այդ առիթներով ոչ հիմնական քննադատութիւնները եղան եւ ո՛չ ալ կառավարութիւնը պէտք զգաց իր ուղղութիւնն ու ծրագիրները պարզելու: Եթէ այդ կատարուած ըլլար, արդէն հարկ չէր մնար կիրակի օրուան յայտարարութեան, որ տեղի ունեցաւ նստաշրջանի փակումէն հազիւ երեք չորս օր առաջ, այսինքն փակման նախօրեակին: Այս երեւոյթը եւ յայտարարութեան բովանդակութիւնը մեր վրայ թողուցին այն տպաւորութիւնը թէ կառավարութիւնը ամենեւին նպատակ չունէր իր հետեւելիք աշխարհավարութիւնը, ծրագիրը պարզելու եւ Խորհրդարանի հաւանութինն ստանալու, եւ այդ պարագային վստայութեան խնդիր չի կրնար ըլլալ, այլ ձգտումն էր մէկ կողմէ իր կատարած գործերը ամբողջութեամբ Խորհրդարանին հաստատել տալ, եւ միւս կողմէ նախորդ կառավարութիւնը դատաստանի ենթարկել: Եւ այդ կրկնակ նպատակներուն մէջ ալ լիովին յաջողեցաւ:

Թէ որքա՛ն կը համապատասխանեն այսօրուայ ծափերն ու դրուատիքները պատմութեան անողոք դատաստանին, այդ բոլորովին տարբեր հարց է, եւ մենք պիտի փորձուինք, նոյն իսկ միս մինակ, այդ դատաստանի առջեւ մեր արդարացումը ունենալու համար՝ յաջորդաբար ներկայացնել մեր տեսւութիւնները այդ յայտարարութեան որոշ ու հիմնական գծերու մասին:

«Ազատամարտ», 1914, 8/21 Յուլիս, թիւ 1555, էջ 2