Քաղաքականք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԾՈՒՌ ՃԱՄԲԱՅ


Կիրակի օրուան նախարարական յայտարարութիւնը նախ կը սկսի անցեալ դէպքերով, իթթիհատական դահլիճի անկման, Ղազի Մուխթար եւ Քեամիլ փաշաներու դահլիճներուն ուղղութեան, հաշտութիւն կնքելու պատրաստակամութեան, Յունուարի դէպքերուն, Մահմուտ Շէվքէթ եւ Սաիտ Հալիմ փաշաներու վարչապետութեամբ Իթթիհատականներու իշխանութեան վերահաստատման, պատերազմը շարունակելու բանակաին պատիւ վերահաստատելու յաջողութեան, էտիրնէի վերագրաւման պատմութիւնով: այդ պատմութեան ընթացքին մասնաւորապէս ուշագրաւ է այն յայտարարութիւնը թէ «Այն ազգերը որ մինչեւ՝ յետին փամփուշտը Հայրենիքին հողը պաշտպանել վճռած չեն, ապրելու իրաւունք չունին եւ անհետանալու դատապարտուած են»: Բայց այս մտքերը՝ որոնք անկասկած ճշմարտութիւններ կը պարունակեն, որքան կորովի ու հայրենասիրութեան արտայայտութիւններ են, նոյնքան ալ դատողութենէ աւելի զգացումներու վրայ ազդելով, ամբաստանութեան պատրուակ կը ծառայեն հակաիթթիհատական դահլիճներու դէմ:

Նկատի չառնելով իթթիհտական պիտակի տակ հաւաքուած ամբողջ զանգուածը, զինուորական ու քաղաքային տարրերէն բուն իսկ Իթթիհատական կորիզը եւ առաջնորդները թուրք իրականութեան մէջ կը ներկայացնեն իրապէս կորովի ու հայրենասիրութեան, աշխատանքի ու հաստտամտութեան այնպիսի գործեր, որոնք բոլորովին կը տարբերին ասիականութեան ընդհանուր գիծերէն, եւ ապրելու տենչացող ազգի մը արժանավայել առաքինութիւններն են: Արդէն ամբողջ իթթիհատական առաւելութիւնն ու արժէքը ատոր մէջն է, բայց այս ո՛չ միայն դեռ ամբողջութիւնը չէ երկրի ճակատագիրը փրկելու անհրաժեշտ յատկութեանց, այլեւ, կայսրութեան մէջ կատարուող քաղաքակրթական բնաշրջման իսկ բերումով ադ արժէքներուն տիրացողները իրաւունք չունին անոնցմէ զուրկ նկատուածները յանցաւոր համարելով ամբաստանեալի սեղանին վրայ նստեցնելու:

Մեզ չի վերաբերիր նախորդ դահլիճներու պաշտպանութիւնը ստանձնել. անոնց իշխանութեան  վրայ գտնուած միջոցին մենք անողորմ քննադատներ ու հակառակորդներ եղած էինք, եւ իբրեւ այդպիսին՝ արժանացանք անոնց հետապնդումներուն: Բայց արդարութիւնն ու հայրենիքի բարձր շահերը, պետական իմաստութիւնը կը թելադրեն մեր խօսքը ուղղել օրուան վարիներուն եւ ըսել.

Կանգ առէք, դուք չէք կրնար դատաւորը ըլլալ ձեր հակառակորդներուն: Կանգ առէք եւ մի՛ վերսկսիք ու հրահրէք երեւութապէս դադրած քաղաքական ներքին երկպառակտութիւններն ու կործանարար կռիւները, մի՛ հետեւիք մեզմէ տարբեր պայմաններու մէջ գտնուող կարգ մը երկիրներու օրինակին՝ ուր իշխանութիւնը գրաւողը իշխանութենէ վտարուածը փոխադարձաբար դատի ենթարկելով, արդարութեան բարձրագոյն ատեանը կը վերածեն կուսակցական նեղմիտ մրցումներու թատրի մը, առանց սակայն արդարութեան վճիռը արձակելու:

Մենք ստիպուած ենք կրկնել այսօր այն՝ ինչ որ պատերազմի յայտարարութենէն առաջ իսկ բարձրաձայն ըսինք իթթիհատական եւ իթիլաֆական բանակներուն ու մամուլին: Պատերազմի վտանգը ծագած էր շնորհիւ տիրող ներքին ու արտաքին քաղաքականութեան, որ շարունակուեցաւ սահմանադրական շրջանին մէջ ալ:

Իթթիհատական թէ իթիլաֆական՝ այս երկրի ճակատագիրը վարողներէն եւ մամուլէն՝ ո՛չ մէկը միւսը մեղադրելու իրաւունքը չունի պատերազմի յայտարարութեան համար: Բոլո՜րը, բոլորը հաւասարապէս պատասխանատու են: Այն շրթներն ու գրիչները որ այսօր ուրիշները կը մեղադրեն թէ պատերազմի դիմեցին, այն օրերուն ամէնէն թունդ պատերազմատենչներն ու պահանջկոտներն էին: Ի՞նչ արժէք ունին ձեւերը, թէ ո՞վ է ըրած պատերազմի պաշտօնական յայտարարութիւնը: Էականը սա է թէ որո՛նք եղան այն ազդակները որ մինչեւ պատերազմի առաջնորդեցին:

Եւ այդ տեսակէտէն, եթէ պատասխանատուութիւններ կան, այդ պատասխանատուութիւնները օրէնքով ու բարձրագոյն դատարաններով ճշտելի ու վճռելի արարքներ չեն: Մենք որ կը մեղադրենք երկրի ճակատագիրը վարողներու քաղաքականութիւնը— եւ մենք միայն իրաւունք ունինք այդ մեղադրանքը ընելու, չենք երթար մինչեւ դատի ու դատաստանի, եւ բնաւ չպիտի ստանձնէինք այդպիսի դատաւորական դեր, որովհետեւ մեր մեղադրանքները հիմնուած են աշխարհայեացքի, համոզումի, ուղղութեանց տարբերութեան վրայ՝ եւ ո՛չ թէ հայրենքի շահերուն դէմ երթալու գիտակցական մտայնութեանց վրայ:

Եթէ դէպքերը ապացուցին որ մեր տեսութիւններն էին ճիշտ ու համապատասխան կայսրութեան շահերուն, դատաւորը, ո՛չ թէ մենք պիտի ըլլայինք, այլ պատմութիւնը: Ապրող սերունդին իրաւունքը ո՛չ թէ դատաւորութիւնն է՝ այլ խրատուիլ կեանքէն ու դէպքերէն, ունենալ իմաստութիւն՝ միեւնոյն սխալները չկրկնելու:

«Ազատամարտ», 1914, 9/22 Յուլիս, թիւ 1556, էջ 2