Քաղաքականք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿԸ


Քիչ առաջ այս էջերուն մէջ էր որ անգամ մըն ալ կը զգացնէինք Պուլկարիոյ վիճակին համար կարող եկեղեցականի մը ներկայութիւնը, եւ այս առիթով կ՚առաջարկէինք որ Պուլկարահայ գաղութը գործնական միջոցներ ձեռք առնէր՝ բաժնուելու Կ. Պօլսոյ Պատրիարքական իրաւասութենէն եւ անցնէր Հայոց Ընդհ[հանրական] Հայրապետին իշխանութեան տակ։

Այսպէս կը մտածէինք եւ այսպէս մտածած է ու կը մտածէ արդէն Պուլկարիոյ մէջ ամէն հայ, տեսնելով օրուան իրողութիւնները, կրելով դառն փորձառութիւններ եւ մանաւանդ, աչքի առջեւ ունենալով գաղութին եկեղեցական, կրթական ու ընկերական անհրաժեշտութիւնները։

Այն Պատրիարքական պաշտօնագիրը՝ զոր հրատարակեց Իրաւունք յստակօրէն կը հաղորդէ Պուլկար կառավարութեան պատասխանը ու տրամադրութիւնը մեր դպրոցներուն նկատամբ։

Իշխանապետութիւնը պարզապէս կը հասկցնէ որ Պուլկարահայը իր գլխուն ճարը տեսնէ, գիմնազիայի ընթացքը աւարտող ուսուցիչներ պատրաստէ եւ չի քնանայ անտարբերութեամբ՝ երես առնելով մինչեւ հիմա տրուած թոյլտուութենէն, «որը կրնայ օր մը զլացուիլ վերջապէս»։

Հետաքրքիր էր իմանալ թէ ի՞նչ կը մտածէին այս մասին մեր Պուլկարահայ ազգայինները՝ եթէ երբէք մտածել կուզէին։

Բայց, խորհելու, մտմտալու ոչ իսկ պէտք կայ, խնդիրը գործնական եղանակով վտանգը չեզոքացնելուն վրայ է. ո՞վ է որ գործին առջեւ պիտի կենայ, նախաձեռնութեան պարտականութիւնը պիտի ստանձնէ, կարող պիտի ըլլայ տեղին այլեւայլ քաղաքներու հայ գաղութներուն տրամադրութիւնները պատրաստել, մէկ ծրագրի վրայ կեդրոնացնել եւ այդ ծրագիրն ալ գործնականացնել։

Ամէն պարագայի տակ՝ մեր գաղթականութիւնը աղքատ չէ բոլորովին քիչ շատ խորհող եւ խելահաս անձնաւորութիւններէ. բայց, ինչ որ պակաս է մեր մէջ ամէն տեղ՝ ազգային պարտականութեան ըմբռնումը կամ քաղաքացիական դաստիարակութիւնն է։ Ընկերական ո՛ եւ է պէտքի, ազգային նոյն իսկ հրամայողական հարցի մը առջեւ՝ մեզմէ ամէն մէկը ինքնախաբէութիւն մը ունի, կը կարծէ թէ իրմէ դուրս միշտ ուրիշն է որ պիտի մտածէ, դատէ, ծրագրէ ու գործադրէ, եւ կը սպասէ, նոյնիսկ բռնութեամբ կը պահանջէ որ այդպէս ըլլայ, այդ ուրիշները ընեն. հակառակ պարագային, կը տրտնջա՜յ, կը բամբասէ, կ’արհամարհէ ու կ’ամբաստանէ.

Ինչո՞ւ չըրին, թող ընէին, թո՛ղ խորհէին, մեր ազգը այսպէս է արդէն...

Վստահաբար մեր Առաջնորդական ու դպրոցական ներկայ խնդիրներուն առջեւ ալ ամէն մարդ աչքը օդին մէջ, անորոշ անձնաւորութեանց տարտամ դիմաստուերներու յառած՝ կը սպասէ որ գործ մը կատարուի ու երեւան գայ։

Բայց նպատակները այս կերպով չէ որ իրկանութեան կը փոխուին։

Մեր կրթական բարեկարգութիւնը կախուած է Առաջնորդական խնդիրէն։ Զարգացած, կորովի եւ տեղին ու պայմաններուն յարմար Առաջնորդ մը գտնուելով ուղղակի պարտաւորութեան տակ, ստիպուած պիտի ըլլայ կազմակերպել վիճակը եւ անմիջապէս վիճակային պահանջներու բաւարարութեանը աշխատիլ։

Եւ քանի որ պահանջելի Առաջնորդը Պօլիսէն չպիտի գայ մեզի, ինչպէս այս մասին պարզած ենք նախապէս մեր մտածումները, պէտք է որ Պուլկարիոյ բոլոր կարեւոր քաղաքներուն մէջ մէկ մէկ հանրագիր պատրաստուի՝ ժողովրդային բոլոր դասի մասնակցութեամբ, ուղղուած Ն. Ս. Օծութեան, պահանջելով որ Պուլկարիոյ վիճակը անջատուի Պօլսոյ Պատրիարքութենէն եւ Կաթողիկոսական Փոխանորդ մը խրկուի հոս անմիջականօրէն կամ անհրաժեշտ դիւրութիւններ ընծայուին՝ Առաջնորդի մը ընտրութեան։

Ստոյգ է թէ այս պահուս Կաթողիկոսը արհաւիրքի մէջ է, Կովկասը ճգնաժամի տագնապներ կ’անցնէ եւ գոյութեան կռիւը կը մղէ, բայց մինչեւ հանրագրերու պատրաստութւնը, անոնց մէկտեղ հաւաքումը՝ հաւանականաբար Կովկասեան անցերը իրենց գահավէժ ընթացքէն կը կասին եւ հանդարտօրէն մտածելու ատեն կուտան։

Մեր գործերը չի յանձնենք դիպուածին ու դիպուածային պարագաներու քմահաճոյքին։

Թիւ 27, 1906, Յունուար 21