Մեղրագետ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Publicism  

ՀՌՈՎՄԸ ՊԻՏԻ ԱՒԵՐԻ


Վերջին շաբաթներու ընթացքին մէջ Թուրքիայէն եկած կարգ մը լուրերը թէեւ արտասովոր հանգամանք մը չունին այդ ապականած երկրին դրութեան ծանօթներուն համար, սակայն նոր եւ պերճախօս փաստեր ըլլալէ չեն դադրիր տաճիկ կառավարութեան ճակատագրական քայքայման։

Երկար տարիներ պետական ծառայութեան մէջ գտնուող բարձրաստիճան եւ Թուրքիոյ ամէնէն հռչակաւոր փաշաներէն մէկը, որպիսին էր Իզմիրի կուսակալ Քեամիլ փաշան, իր պաշտօնանկութեանը լուրը առածին պէս՝ ապաստանեցաւ անգլիական հիւպատոսարանը եւ Բրիտանական դրօշին պաշտպանութիւնը խնդրեց։ Եւ դուրս չելաւ հիւպատոսարանէն, մինչեւ որ ապահովութիւն չ’ստացաւ իր անձին նկատմամբ։

Եւ սակայն Քեամիլ փաշան ո՛չ կասկածելի մըն էր, ո՛չ քաղաքական յանցաւոր, ո՛չ դաւադրական կազմակերպութեան մասնակցող անհատ մը եւ ոչ ալ հասարակ անձնաւորութիւն մը. ընդհակառա՛կը, ինչպէս ըսինք, Թուրքիոյ ամէնէն ականաւոր եւ մեծահամբաւ պաշտօնատարներէն մէկը, որ մէկ քանի անգամ բարձրացած է նոյնիսկ պետական բարձրագոյն պաշտօնին Սատրազամութեան ։

Քեամիլ փաշան, ըսել է, չէր կրնար երկրին եւ իր ազգին շահերուն դաւաճան մը ըլլալ, մանաւանդ քանի որ իր խոր ծերութեան այս վերջին օրերուն մէջ անգամ՝ Այտընի վիլայէթին նման բացառապէս կարեւոր նահանգի մը վարչութիւնը իրեն յանձնուած էր։ Ի՞նչն է պատճառը ուրեմն որ թուրք ժողովուրդին եւ արտաքին դիւանագիտական շրջանակներու մէջ այնքան ծանօթ այս փաշան՝ տեսակ մը ցածուցում, տեսակ մը անպատուութիւն յանձն կ’առնէ եւ կ’ապաստանի օտար պետութեան մը հովանաւորութեանը։ Անկասկած, զօրաւոր եւ բռնադատիչ շարժառիթներ ըլլալու էին՝ երբեմնի Եպարգոս մը մղելու այս տարօրինակ եւ հակասական քայլին։

Այդ շարժառիթները ի՛նչ տեսակի ալ պատկանին, որքան զօրաւոր կամ թոյլ ալ ըլլան՝ մեզ չեն հետաքրքրեր իրանց էութեամբ, բաւական է որ փաստը, իրողութիւնը կարող ենք մեկնել որոշ հիմնակէտէ մը։

Այդ հիմնակէտը այն է թէ՝ երկար տարիներ անընդհատ պետական ամէնակարեւոր ծառայութեանց մէջ գտնուող Քեամիլ փաշան երբեք բարոյական վստահութիւն ունեցած չէ բարձրագոյն իշխանութեան վրայ, կամ, աւելի ճիշտը՝ զայն նկատած է եղեռնական մեքենայութիւն մը, որուն դէմ իր անձը պաշտպանած է որքան որ կրցած է, մինչեւ իր պաշտօնանկութեան օրը. եւ երբ հասած է այլեւս անձնատուութեան վայրկեանը, երբ ահաւոր տիրող եւ վարպետ ծառային միջեւ լռելեան, գաղտնապէս կատարուած սանդարամետական կատակերգութեան վերջին վարագոյրը սպառնացած է ողբերգութեամբ աւարտիլ, ճարպիկ ծառան երկու ոստումով բռնաւորին գրկէն ցատկած է նոր բեմի մը վրայ։ Ու խնդիրը փակուած է։

Բայց գիտէ՞ք այս ինչ դժոխային, այս ի՞նչ յուսահատական պատռուածք է որ կը բացուի այսպէս ատեն ատեն՝ Օսմանեան Իշխանութիւն կոչուած աւազակային կազմակերպութեան միջնաբերդին մէջ իսկ. ո՛չ մէկ բարոյական կապ, ո՛չ մէկ իրական, սրտովին, բոլորանուէր հաւատարմութիւն՝ դէպի երկրին բարձրագոյն իշխանութիւնը, որովհետեւ վստահութիւն չի կայ այլեւ հո՛ն, ուր պալատական դաւադրութիւնը, խարդաւանքը եւ ոսկեզօծ սարսափը կը կազմեն գահին սիւները։ Երբ ծնունդով ու արիւնով իսլամ մը, իր կեանքը ամբողջովին կառավարութեան գործերուն եւ ամենէն փափուկ ծառայութիւններուն նուիրած փաշա մը՝ ապահով չի զգար ինքզինքը իր երկրին մէջ եւ վստահութիւն չունի իր պետութեան վրայ, դեռ ի՞նչ անբացատրելի խելագարութիւն պիտի ըլլայ որ հայ տարրը հպատակութեան եւ վստահութեան մղէ։

Իշխանութիւն մը՝ որ արդէն ներքնապէս որդնակեր, փտտած ու ախտավարակ է, կարող է երեւութապէս հաստատուն թուիլ, կարող է իր գոյութիւնը պահել ատեն մըն ալ, սակայն դատապարտուած է աւերման, կործանման։ Հռովմն ալ իր վերջին կայսրերու օրով նոյն կեանքը ապրեցաւ, բայց երբ արտաքին ազդակները դադրեցան պահպանելէ զինք, ներքին ուժ մը չի կար որ կանգուն ըլլար եւ դիմադրէր. ու Հռովմ կործանեցաւ՝ իր խենդ, իր ոճրագործ, իր բռնաւոր կայսրերուն զզուելի գերեզմաններուն վրայ։

Թուրքիան պէտք է եւ անհրաժեշտ է որ պատմական անողոք օրէնքին վերջին բառը լսէ։ Սարսափը չի կրնար երկար ատեն ո՛չ իշխանութեան կեանքը երկարել եւ ոչ ալ ժողովուրդին առաջնորդող սկզբունքն ըլլալ։ Եւ սարսափն է միայն որ կը թագաւորէ Թուրքիոյ մէջ, մինչ խուլ հակակրութիւնները, կրքերկ, ատելութիւնները սառած օձերու պէս կը քնանան իշխանութեան մէջ՝ ուր ոչ մէկ բարոյական սրբութիւն գոյութիւն ունի, եւ երկրին բոլոր կողմերը՝ ուր թշուառութիւն, կեղեքում, դժգոհութիւն եւ գանգատ բռներ է։

Անգթօրէն զաւեշտական չէ՞ր արդեօք նոյն Քեամիլ փաշային դիրքը՝ երբ տարի մը առաջ՝ դատաւորի հանգամանքով իր հովանաւորութեան տակ զատել կուտար կարգ մը հայ երիտասարդներ, որոնք դատարանին մէջ ճակատաբաց կբերէին երկրին գանգատի աղաղակը եւ արդարութեան ու քաղաքացիական ազատութեան պահանջ կը պաշտպանէին։

Հիմա բացորոշ է թէ այդ նոյն արդարութեան եւ քաղաքացիական ազատութեան պէտքն ունէր ինքը՝ դատաւորի դերը ստանձնողը, Քեամիլ փաշան. եւ սակայն ժողովուրդի այդ աննշան զաւակները, այդ հայ երիտասարդները՝ բարոյապէս անհամեմատ բարձր ու անբաղդատելի էին՝ հասարակաց թշնամի բռնաւորին ստրկական ծառայէն, այդ փաշայէն՝ որ այսօր իր կաշին փրկելու համար օտար ազգի մը շուքին տակ կը կծկտի։ Այո՛, այդ հայու զաւակները աւելի հպարտ ու աւելի մեծանձն կը զգան գուցէ ինքզինքնին այս պահուս, որ իրենց մահավճիռը արձակել թոյլ տուող կուսակալը՝ կուգայ խոստովանիլ դատապարտեալի աթոռներուն վրայ նստող զոհերուն բարոյական մեծութիւնը եւ փոքրկանալ անոնց հերոսական ժէստին առջեւ։

Հռովմը պէ՛տք է կործանի, որովհետեւ խաթարուած է վերէն վար, որովհետեւ քաղաքացիական առաքինութիւնը պոռնկացեր է, որովհետեւ բարոյական բոլոր տարրերը անջատուած են իրարմէ եւ նշանի մը կը սպասեն տեղի տալու։

Թիւ 32, 1907, Փետրուար 10