Մեղրագետ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Publicism  

ԶԱՐՄԱՆԱԼԻ ՉԷ ՈՒՐԵՄՆ


Որքա՜ն տատանում, որքա՜ն վարանք ու որքա՜ն խոտորում այն ազատագրական շիտակ ճամբուն վրայ, ուր մեր քաղաքական անիծեալ պայմանները, մեր երկրին դժոխային ճակատագիրը ստիպեցին ոտք դնել մեզի։

Եւ այլապէս չէր կրնար քալել ժողովուրդ մը, մե՛ր ժողովուրդը, այլապէս չէր կրնար անցնիլ այն անկենդան, մռայլ ու սեւ սահմաններէն, ուր հարիւրաւոր տարիներ թափառած է անգլուխ, անառաջնորդ, կորսնցուցած՝ ձեռներէցութեան, ինքնավարութեան եւ ազատ կամքի բոլոր ընդունակութիւնները։

Ո՛չ անակնկալ, ո՛չ զարմանք։ Տատանումը, վարանքը, յուսահատութիւնը միշտ անբաժանելի ստուերն են իտէալին, շարժումին եւ կենդանութեան՝ որոնք անդադար կը ձգտին դէպի վերջնական կայանը, դէպի առաջադրուած հեռակէտը։ Կարաւան մը որքան ալ իր փորձ, անսխալ ուղեցոյցն ու ռահվիրան ունենայ իր առջեւ, որքան ալ գիտակցութիւն ու վստահութիւն ունենայ իր կոխած գետնին եւ հետեւած ուղեգծին վրայ, դարձեալ պիտի գտնուին վարանամիտները՝ որ փորձութեանց երկիւղէն բռնուին, դարձեալ պիտի ըլլան անվստահները, երկչոտները, արկածախնդիրները, գանգատուողները, դժուարանցանելի, երկար եւ յոգնեցուցիչ ճամբուն վրայ՝ աչքերը հանգստութեան կէտը կը փնտռեն միշտ, ուստի ճամբէն մոլորած ձեռքերը հազար ուղղութեամբ այդ տեղը ցոյց կուտան, մատնե՜ր դէպի ամէն խաբուսիկ պատկեր, դէպի ամէն ցնորական կրկներեւոյթ՝ բաւական է որ անոնք իրականութեան պատրանք մը տան։

Բայց կը թուի թէ մինակ մենք չենք այս շեղումով, այս հակասութիւններով եւ այս զիկզակներով ճամբորդողը։

Անխուսափելի մթին կամարներն են ասոնք, որոնք տակէն կամայ ակամայ անցած են դէպի լոյսը ձգտող ազգերը մեզնէ առաջ եւ դեռ ուրիշներ կը շարունակեն անցնիլ այս պահուս մեզի հատ զուգահեռաբար։

Ահա Մակեդոնիան։

Վերջին ապստամբական ուժեղ ցնցումներէն ետք, երբ անմիջական արդիւնքը չեկաւ կորուստներուն տեղը լեցնել, յեղափոխական կազմակերպութիւնները բնականօրէն կրեցին ներքին հակազդեցութիւնները։ Հոն ալ այլեւայլ շարքերու մէջ վարանում, կասկած, ամբաստանութիւն. հոն ալ գաղջ հաւատքներու երերումը, թուլացումը եւ քայքայումը. հոն ալ անհաստատ կամքերուն եւ ռազմական ուղիղ բնազդներէ ու հայեացքներէ զուրկ եղողներուն նահանջը, պարտութիւնը եւ ամօթալի ընկրկումը։

Բայց յեղափոխական որոշ համոզման եւ անսասան գիտակցութեան վրայ կանգնած բանակը՝ մնաց անսայթաք, անյողդողդ եւ հաւատարիմ իր սկզբունքներուն։ Հանդարտեցան կիրքերը, անցան դժուարութիւնները, եւ ազատ Պուլկարիայի կողն ի վեր հեծող ժողովուրդը դարձեալ փարեցաւ իր արիւնաշաղախ դատին եւ այդ դատին համար մարտնչող բանակին։

Եւ այսօր ժողովուրդ ու կառավարութիւն, յեղափոխական ու չեզոք՝ լռին, կարգապահ կը հետապնդեն միեւնոյն նպատակը. պաշտօնական, անպաշտօն թէ յեղափոխական օրկանները չեն հակասեր, չեն չեզոքացներ զիրար, բառ մը, ակնարկութիւն մը, թերասքօղ բացատրութիւն մը չեն գործածեր՝ որ կարող ըլլայ վնասել առաջադրուած գործին։

Եւ սակայն ո՜րքան տարբեր է մեր ընթացքը անոնցինէն, ո՜րքան մեծ է զանազանութիւնը։

Անսա՜նձ կամայականութիւն մը աջէն ու ձախէն, անհաշիւ, անմտած թերութիւն մը ծանրագոյն րոպէներու մէջ, դիտաւորեալ չարամտութիւններ եւ կործանելու, քանդելու, անուանարկելու ժահրային հիւանդութիւն մը հարաւէն մինչեւ հիւսիս, որովհետեւ բարոյական գերագոյն հեղինակութիւն մը չի կայ, որուն օրէնքներովը ղեկավարուին եւ որոնցմով պատասխանատու գտնուին հանրային շահերուն համար։

Հասկանալի է որ քաղաքական կուսակցութիւնները՝ իրենց սկզբունքներուն եւ գործունէութեան եղանակի զանազանութեամբը պայքարին իրարու դէմ, վիճին, վիճաբանին, իրենցմէ իւրաքանչիւրը ջանալով գտնել աւելի համակիրներ, աւելի ստուարաթիւ հետեւողներ, վստահ թէ այս կերպով աւելի շուտ իրականացուցած կըլլայ գաղափարի իր յաղթանակը։ Ու երանի՜ թէ հանրային գործունէութեան նուիրուած կամ գէթ ինքզինքնին այդպէս ձեւացնող հրապարակագիրները ունենային իրենց ծրագիրը, իրենց դաւանութիւնը եւ անոր համաձայն գործունէութեան որոշ շարժում։

Բայց այնպէս չէ. տեղէն վեր կեցողը իմաստութիւն մը կը հանէ աճուրդի, արտասահմանեան մեր փորը կուշտ հասարակութեան առջեւ որ իր մարսողութեան պահուն քիչ մը հաճելի նորութիւն կուզէ սնամէջ բայց հրապուրիչ իմաստութիւն մը կը թոթովէ։ Եւ Հայութեան այն մասը որ պէտք է դառնար կենդանացուցիչ, կենսալից եւ շարժիչ ազդակ մը՝ իր մահամերձ հեռաւոր եղբայրներուն համար, կը դառնայ բաղնիք մը՝ ուր ամէն մարդ կը մտնէ եւ իր աղտոտութիւնները կը լուայ։

Զարմանալի չէ ուրեմն որ դեռ վարա՜նք, դեռ խոտորում, դեռ տատանում ազատագրական շիտակ ճամբուն վրայ, զարմանալի չէ ուրեմն որ քաղաքական տհասութիւնը կը ջլատէ մեր յառաջխաղացութիւնը եւ կը խեղդէ մեր լաւագոյն բնազդներուն աճումը։

Թիւ 36, 1907, Փետրուար 24