Ներաշխարհ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

[զ]

 

Մթնշաղը, լքումը կը լեցնեն խուցը. անորոշ, տարակուսոտ, ա՛յնքան որքան ինքներկբայող՝ կը թողում ինքզինքս տրտմագին ստուերին ներշնչումներուն: Գրասեղանին վրայ, պատուհանին տարտամ լոյսին մէջ կը ցցուի Բանգը: Ա՛հ. եթէ իմ վախճանս ըլլար, իմ ձեռքովս բերուած դիմացս դրուած, ինչպէս իմ պատիժս, ու երանութիւնս: Եւ ցորչափ իրիկունը կը տարաժամի, կը սուզի, յամրօրէն՝, երեւակայութիւնս կը պաշարուի ահաւոր ծաղիկէն որ անկիւնին մէջ կը սպասէ. եւ անաշխարհային մենութեանս մէջ հետզհետէ իր ճշմարիտ համեմատութիւնները կ’առնէ:

Կայնած է բիւրեղին մէջ. տերեւներուն կիսաթափանց, ծխային գորշութիւնները տարածած. դեղնորակ ու հակած ծաղիկներուն խոռոչը մութ: Հանդարտ, գիտակից հեշտութեամբ մ’իր զօրութիւնը կ’երազեմ, իր զօրութեանը մէջ կը մխրճիմ. զառանցանքի, թմրութեան, մահուան ծաղիկին:

Ի՛նչպէս զայն տեսնել, զայն ունենալ երազեր էի եւ ի՛նչպէս փնտռեցի զինքը: Որքա՛ն դեգերեցայ ամայի տեղուանքը, ճամբաներու թաւուտ եզրերուն վրայ, անուահետքերու երկայնքը մօրացած, ցամքած առուներու վերեւ փոշոտ ու խառնիխուռն շարքով դիզուած բոյսերու մէջերը., աւերակներու տխրալի մոռացումին ու ազատութեան մէջ, լքուած, կիսափուլ պատերու տակն, ու մերթ ետին, անծանօթ ու անկոխ՝ երկար ատենէ ի վեր, ուր քուրջեր, աղբեր կը փտտին, ու փուշերը, եղիճները, կռուինչները կը ծաղկին ու կը տիրապետեն., խրամներու մէջ ուր բոյսերը կը հոծուին այլասեռ ու շաղապատուած, անլսելի խոխոջներով ու սրսփումներով լեցուն, մութ, կասկածելի, երանաւէտ խոռոչներու, խոխոմներու վրայ, դալար խառնաղանճներով վանդակուած., ամենուրեք ուր կը սպասէի հանդիպիլ անոր, ուր գռեհիկ տունկերէն տարբեր, անսովոր բոյսեր կ’ենթադրէի թէ կ’աճին., երեւակայելով զինքը համաձայն իր սեռին պայմաններուն, եւ ըստ պատկերներու որոց յիշատակը, որոցմէ մէկուն մանաւանդ յիշատակը՝ պատանութեանս, մխուած էր մտքիս մէջ եւ կարծես հոն արմատացեր, հոն աճեր, մշտնջենաւորուե՜ր էր, տարեւո՜ր բոյսին պատկերը, մենավայրի երազ՝ զաղփաղփուն ու անցաւոր երազներու ետեւ յամառօրէն ուրուացած, չեմ գիտեր ինչո՛ւ, իբրեւ ամեն գետիններէ աւելի նպաստաւոր հողի մը վրայ, ներյատուկ ու մշտակայ տրտմութիւններէ ստուերարկուած, հիւանդագին տարփումներով աղբուած., եւ ի՛նչպէս պիտի ճանչնայի հիմա անոր իրականութիւնը, որու տեսքը ճշդիւ պիտի պատշաճէր, նոյնանար մտապատկերիս հետ, իբրեւ թէ տեսած, շօշափած ըլլայի զինքը., մինչդեռ ի զուր կը կքէի, ուշադրութիւնս խաւարին թաւուտներու մէջ խորասոյզ, այլեւս ամենուրեք ուր չէր կրնար բուսած ըլլալ անիկա, բայց ուր խուզարկու մենամոլութեամբ կը կենայի, կը յամէի, նեղուած՝ փշուտ ու ճախնային սորերու մէջ պիծակներուն, շերեփագիներուն ազատութեամբ իջնելու անկարողութենէս, թէեւ գիտապէս վստահ չըլլայի հոն գտնելու զայն, խոնաւասէր, կուսավայրի թփհոծոյթներու մէջերն ուր մորենիներուն փշալից աղեղումները, նշդարիներէն ու կաղնիներէն առկախուող պարիլլեակներու խօլ ցանցերը կ’արգիլէին թափանցել, եւ ուր, անտարբեր հերակլէոնները՝ լայնատարած, ու թօշ աւելուկները, հմուլները, սեւ-մեղրածուծները կը բարկացնէին զիս, որովհետեւ ստուերին մէջ ընդնշմարուող այն տերեւներն աղօտապէս կը նմանցնէի սոսկալի մորմազգիին տերեւներուն եւ յուսախաբ կ’ըլլայի, թէեւ դեռ անգամ մ’ալ կը նայէի անոնց երանաւէտ ու խռովիչ բնակետղերուն, հեռանալէ առաջ: Ո՞ւր էր արդեօք:

Բայց իրիկուն մը, երբոր գիւղին մէջերը կը պտտէի կոր Իռենային հետ, ուշ ատեն, բերուեցայ, կարծես սովորութեամբ, դառնալու նայելու հիւղակի մը ետեւի դին, ուրկէ անցեր էինք: Միշտ միեւնոյն անպիտան աբարբիոնները, միեւնոյն հասարակ շամղիտակները: Յանկարծ Բա՛նգը տեսայ: Ինչո՞ւ անանկ գունատեցայ, Աստուա՛ծ իմ: Ինքն էր, այո, անպատճառ, աներկբայելի կերպով, կարծես դէմյանդիմանօրէն. բացարձակապէս ինքը միայն. հիւղին ցեխածեփ պատին տակը կանգուն, մեծ, թեւատարած, գորշ:

Ներէ որ, Իռենա, իսկոյն թեւդ ձգելով անոր մօտեցայ. գիտեմ, խենթ, կոշտ բան մը թուեցաւ քեզի այդ արարքը. եթէ կանխաւ գիտնայիր, տեսած ըլլայիր իմ որոնումներս, պիտի չտխրէիր հիացման, հիասոսկման աղաղակէս, զքե՜զ ձգելէս՝ անոր նայելու, մերձենալու համար: Հեռուէն, իրիկուան ստուերին մէջէն կարկառուն ուշադրութիւնս անոր՝ եթէ ո՜չ փարումի մը, բայց հզօր ու տրտում բոյսին առջեւ խոնարհման մը կը նմանէր, գիտեմ: Ինծի տուած երանութիւնդ, Իռենա, ներէ որ մոռցայ սարսռալի Բանգին դէմ. քեզմէ կրած տառապանքներս՝ անոր վհուկի, ճինի հմայքին հանդէպ: Իր կակուղ ու քստմնած տերեւներէն իբրեւ բռնաւոր հրապոյրէ մը ըմբռնուած՝ քու սեւ մարմնոյդ հոտը մոռցայ բոլորովին իր նողկաբոյր արտաշնչութեանը մէջ, ուր ռունգերս հակեցի կարօտալի գարշանքով: Օ՜հ, չկարծե՛ս որ անոր մօտենալու շարժումս ուրացում մ’էր քու տիրապետութեանդ, քա՛ղցր Իռենա, որ բան մը չըսիր: Ո՞վ գիտէ թէ նոյն աւիւնը որ զիս մոլի կ’ընէ քեզի՝ սիրահար չըներ նաեւ Բանգին. ինչէ՞ն գիտես, Իռենա, դուն որ թունաւոր ծաղիկը գտնելու ուրախութեանս չմասնակցելու, զայն արհամարհել թուելու չափ տխուր մնացիր, թէ քեզի սիրելու պատշաճ ստեղծուած հոգին անհրաժեշտ կերպով չպիտի խռովէր նաեւ անկէ, ու փոխադա՛րձաբար., թէ ան որ խորհուրդներէն, անդրագոյնէն, վերջնական բաներու անհուն հմայքէն կը յափշտակուի անընդհատ՝ չպիտի պաշարուէր նաեւ քեզմով, մթին կոյսս: Գիտե՞ս թէ ան որ կ’երազէ վայելքը տառապանքով, խորհուրդով, սոսկումով ու զոհմամբ ընդխառնուած, հոծուած՝ պիտի սիրէր Կինը մթութեամբ լեցուն եւ Բնութիւնը՝ խորին, ու պակուցիչ., զքեզ, Իռենա, վասնզի ստուերով լի ես, եւ այս ծաղիկը՝ վասնզի զեղուն է թոյնով: Մի՛թէ նկարագիրը ինքն իր մէջ ներդաշնակ չէ՞, միթէ արարքներուն այլազանութիւնն անոնց աղբիւրին միութեան մէջ չա՞նհետիր: Մի՛թէ բոլոր յօժարութիւնները չե՛ն վերածուիր միակ անորակելի հակումի մը եւ բոլոր սիրուած թէ ատուած իրերն՝ իրականութեան միակ անճշդելի սեռի մը որու վերլուծումն ըլլան անոնք, թէեւ հակառակ թուին իրարու., թէեւ քու արտաշնչութիւնդ, քու արբեցնող հոյզդ, արփային ու անպատում, որ քենէ կը բղխի՝ գորովագին սնուցանէ զիս, եւ Բանգին գինովցնող հիւթը զիս թունաւորէ., թէեւ յաւերժակենսութեա՜ն գաղափարը ներշնչէ ինծի քու քաղցրութիւնդ, եւ դառն ծաղիկն ինծի մտածել տայ գերեզմանին., թէեւ դուն, Իռենա, կարենաս զեղուլ զիս կեանքով, եւ Բանգը կարենայ զիս սպաննել:

Ով որ, անկարելի անխոհեմ մը, յիմարական, դիւցազնակոյր համաստուածեան մը, տունկին կանաչ ու մուղտ հիւթը կամ մանաւանդ զայն տոգորող կալեկերպը խմէ՝ կը չարչարուի, կը զառանցէ, կ’ապուշնայ եւ կը մեռնի: Այս ժանեւոր, քստմնած ձեւէն կիզումներ, բորբոքումներ կը ծնին ընդերները տանջելու. ուղեղին մէջ անուրջներ կը գոյանան այս հոտէն. այս ընդհանուր աղօտութենէն կ’ելլէ վախճանը:

Յամրօրէն, անդառնալի բաներու յամրութեամբը՝ կծու, դառն գոյացութիւնը կը մարսուի. դատապարտութեանց անդիմադրելի թափանցմամբը, մղձաւանջի աղէտի մը, կախարդատութեան վճիռի անպատում վերջնականութեամբն ամբողջ էութիւնը կ’ընդգրկէ կը մամլէ: Տունկին ժանեգծուող անորոշութեան մէջ զսպուած թոյնն ա՛լ զերծ, ազատ, ահագին՝ գոյութեան բերկրանքին մէջ անակնկալ մահկանացութեան մը շլմորումը կը տանի: Մարմնոյն կեանքի, բնական օրէնքի մաթեմաթիկ երանութիւնը կը ցնորի, կը հեծէ. զօրութիւնը որ իմացականութեան մէջ կամք ու մարմնոյն մէջ համերաշխութիւն էր՝ կը քայքայի, կը ցնդի, չկայ. եւ գործարաններուն ընկերհաշտական փոխակախումը կը վերնայ. պաշտօնները կը կռուանջատին, կ’ըստբաղդին, աննպատակ ու անիմաստ. ելեւէջներուն, զարկերուն կշռոյթը կը ցնորի, կը խուճապէ. լորձնաթաղանթները ցաւերով կը կսկծան. որովայնը կ’ոստնու, կը նողկայ. ու իր ործումները կը կլլէ վերստին. որկորէն վեր կծու, գարշահամ ծարաւ մը կ’ելլէ. օճախի պապակ մը որ ըմբանին կը կառչի. մարդը լեղի կը զգայռէ. աղբային, շաղղային համեր կը ծամէ. մարդն իր մօտալուտ նեխման համը կը կարծէ առնել: Արիւնը ներգանկը կը մղուի. կը շեղջուի ու կը պտուտքի հոն. գլուխը երկիւղալի ծանրութեամբ մը կը կախուի, կ’ընկրկի, շառագոյն. կարծես հողային ստուգութիւններով համակուած. ու մարդը կատաղի ապշութեամբ մը մտիկ կ’ընէ թոյնը որ արենախռնութեան բոսորին մէջ մածնումին խաւարը կը շշնջէ հիարշաւ. յետին ցամքումին, ցնդումին նանրութիւնը կը սուլէ: Էութեան ներսերէն վախճանին տագնապը կը ղօղանջէ: Մարմնոյն ինքնամփոփումը կ’ուժասպառի. նստային, փամփշտային կծկամկանները կը թողուն որ մարմինը յետին ցրուումին նախընթաց թուլացմամբ մը վիժի. ու միեւնոյն կծկատումը կը փեռեկէ բիբը որ արտաշխարհին վրայ կը բացուի, տարօրէն յառումով կը նայի, կը նայուի անջրպետին. կարծես թէ ուզէր ամեն ինչ տեսնել, Պօտլէռի Ոգեվարի ոչինչը տեսնելէ առաջ., լայնօրէն, անհունօրէն տեսնել, յաւիտենապէս մարելէ առաջ., իրերէն անդին, առաջին ու վերջին յստակատեսութեամբ մը՝ անշարժ, անայլայլ իրականութիւնը ճանչնալ. կարծես յուսահատ հեշտութեամբ մը թոյլ տար Ամենուն՝ ջնջուող Եսին սահմաններէն ներս հրոսելու, վաղանցուկ անմիտ անձնականութիւնն իր թիւին ու տարածութեան անհունին մէջ իւրընկլուզելու, իբրեւ թէ Կէօթէի Ձկնորսի՛ն պէս իր ճանաչման մէջ մեռնէր: Բայց այս բբացքը (mydriase) ուրիշ բան չէ այլ խառնատեսութիւնը, բլշակնումը միայն ուր արտաշխարհը կը խառնաղանճի, կը փախչտի., ուր տիեզերքը, ցնորական, կը խուսափի ոգեվարին առջեւէն, հեշտալի խօլութիւններու պարանցքով մը կը խաբէանայ, եւ մարդը կը ցանկայ, հիացական, անոնց կարծես անվախճան երանութեանը տարուիլ, անոնց գիրկը վայրագ ու ողբագին առնականութիւն մը զեղուլ. վասնզի մարմնոյն դեռ տեւելու, ափսո՛ս, հինօրեայ տրոփիւնը դեռ բաբախելու տենչը կը զայրագրգռի՝ անառարկայ, յիմար տրիփի մը մէջ. տեսակապահութեան խանդ՝ որ մարդու մը հնար ու ներելի՜ ըլլայ երբեք., իբրեւ թէ արտուղօրէն ու յանկարծօրէն մեռնող մարդուն մէջ յաւերժաբաղձութիւնը յուսահատաբար խանդավառէր, եւ էակն ուզէր հեղուլ լիովին ինչ զօրութիւն որ դեռ կրնար ջնջուող Եսը վերկենդանացնել՝ յաւերժացնել նոր հոգիի մը մէջ., շիջումէն առաջ իր Եսին դողդոջուն հուրը ո՜ եւ է արգանդի մը ածանցել, աւանդել տենչար., կարծես հասնող, հասնող անէութիւնը սիրոյ պայմանն ըլլար., ոչինչ արդար ըլլար մահուան մէջ ընկլուզումէն առաջ քան յաւերժակենսութեան անուրջի մը մէջ վերջին արբշռութիւն մը. կարծես ոգեվար մարդն իր խեղճ անմահութիւնն ուզէր փրկել: Բայց ինքնակորոյս մարդուն ոչ մէկ կին կը մերձենայ. ոչ մէկ հոլանի էակ կ’իջնէ հուրիներու օդաճեմ հոյլէն, ահարկու ոգեվարին ծոցը: Եւ մարդն իր օրհասականի տարփանքը կը խռկայ պարապին մէջ, խաբուած, շլմորած՝ վայրագ կենսայորդութենէն ուր ներգանկին ջղակոյտին մէջ ոլորապտոյտ ու հեշտագին բաւղացող թոյնը մտածութիւնները, տենչերը կը շաղապատէ, կը թրմէ., եւ որ հուսկ գերագոյն ինքնավայելքի մը անյագութիւնն է, բիւրապատիկ արտացման մ’ահագին հարկը., արտառոց ու երջանիկ իմացականութիւն որ ցնորքներու մէջ կը կոծի, պատկերներու դիպածին վերձուլմանց, անձեւ, յիմար զանգումներու, բաղադրութիւններու մէջ կը խայտայ., որ ա՛լ չի խորհիր, քանի որ ա՛լ չի կամիր, այլ ինքնօրէն, կոտորակուած կամեցողութիւններով կ’երեւակայի, իբրեւ թէ քայքայման այս աւիւնը հանդերձեալ նորաստեղծման մը մէջ կերպաւորելի ու խաղաղելի ամբոխում մ’ըլլար, ներանձնային թատրին մէջ հուսկ մնջկատակ՝ ցնորակոծ վերջնութեամբ., շիջման նախընթաց լիալիր բորբոքո՛ւմը., շլացուցիչ քայքայում մը՝ խաւարին տարրալուծումէն առաջ., հողմավար աճիւնացումէն առաջ՝ սարդանաբաղեան ընչակոյտի մը քաոսը., Պղատոնի կոչունքը՝ հրաժարումէն, նուիրումէն առաջ., Ճշմարտութեան արհաւրալի ժամանումէն առաջ ցնորքներու մէջ մոլում մը., Արքիասի խրախճան մը՝ կործանումէն առաջ., փայտակոյտին յանգող սապա մը., երազներու բոյլ մը՝ դիաճանճերու երամին նախընթաց., շնչասպառ, յետին, մարդկային անդրատենչութիւն մը՝ հողացումէն առաջ., մտքին պսակումն անթառամներով, ուղեղին որդնոտելէն առաջ., յուշերու, զգացումներու, ըղձանքներու, գաղափարներու մակաբեան պարը դէպ ի փոսը., ծաղկայեղց բիւրղապալատ մը նախ քան փշամած հողակոյտը., արփաթեւ ամենուրեքութիւն մը՝ չգոյութենէն, կորուստէն առաջ., իբրե՜ւ թէ մարդը, շառադէմ, ահաւոր՝ ուզէր, յետին զառիվայրին վրայ, յղանալ անհնարին անդրաշխարհ մը, աշխարհին՝ որու զգայութիւնները կը դեդեւին կը փախչտին, շաղղացող գլուխէն կը հեռանան անդարձ՝ եւ անեսութեան ոչինչին միջեւ առկախ տարաշխարհ մը, իւդոբիա մը, փախուստի քաղաք մը, խելայեղ, ուր դատապարտուած օրհասականը խոյանար ազատելո՜ւ մահկանացութենէն., կամ մանաւանդ իբրեւ թէ մօտալուտ, քաոսային, անգիտակցելի, բացարձակ ազատութեամբ մը գոյութենէն ու սահմանէն ազատելու սկզբնաւորութիւն մ’ըլլար այս սանձարձակումը., ոչնչացման վայելքին առաջին ոստոստուն յիմարական խայտանքը, մինչդեռ անխլիրտ անդամները ցրտացած են արդէն անէութենէն, ու հռնդիւնները կը մարմրին դատարկէն, եւ մարդը, զանգուածային անձնատուութեամբ մը կը թողու թմբիրէն տարուիլ, անմռունչ ու անդիմադրելի օրրէջքով, դէպ ի թանձրացող ստուերին անմարդաձայն լռութիւնները., նայուածքը պաշտող, երկիւղած, վախճանին հրաշալիքէն հիանուաղ., եւ կը նիրհէ, կը նիրհէ, կը քնանայ, անշշուկ, կիսախուփ աչքը պաղած, մռայլ, շրթունքը մոռ…– մեռա՜ծ. գերագոյն յաջողութեան ա՛յն վերջին կերպարանքով, կատարման ա՜յն դիւցազնական երեւոյթով որ յատուկ է ամեն մեռելի, եւ զոր սակայն Պուշիւ աւելցուցած ըլլալու չէ այն դրական նշաններուն որք մարդու մը մեռած ըլլալը ցոյց կուտան, իբրեւ անոնց սարսռալի թուումին պսակում մը:

Ահաւասիկ գրասեղանիս վրայ է. կ’իշխէ անոր. իբրեւ մտախոհութեանցս, իղձերուս վրայ հոլաթեւ. կարծես անթառամ: Ծաղիկներուն բալ գոգէն նուրբ, ծիրանի գիծեր կ’ելլեն ու թերթերուն ախտային տժգունութեանը մէջ կ’երակուին կը հատնին: Տերեւները, լայն, փեռատ, ու լուսաղօտ, կքուն ցօղունին շուրջը կը ցայտեն: Մազոտ, կակուղ, բոլոր մորմազգիներուն տրտմային հակումովն անշարժ է ծաղկամանին մէջ., աղօտակի կանաչ, կարծես աներեւոյթ., միակերպ գորշութեամբ մը համակուած ուր ծաղիկներուն ու տերեւներուն գոյները կը հալին, կ’երանգանան, եւ արտաշնչելով նոյն ժահհոտութիւնն իր տերեւներէն ու ծաղիկներուն սեւ նեկտարիոնէն որ դալկատիպ թերթերուն խորը կը կորսուի: Իր դալարութենէն ու փթթումէն նոյն նեխումը կ’ելլէ: Ծաղիկներուն հոտը աղէտալի ու հիանալի կերպով մօտակայ տեղէ մը կուգայ: Իր նուաղ կանաչութիւնը ժանգառի, բորբոսի, ճախնային դալկութիւն մ’է ուր բոյսը կը սքօղի., իր գոյնն ու շունչը կիսասքօղ ու հեռազդային յայտնութիւնն են միակ ու սաստիկ էութեան մը. զգայարանական անջատութիւն մ’ունին որ նայողին մէջ կ’անհետի եւ մահացու ծաղիկին հոմութիւնը կ’ըլլայ: Իր ուժին ահագնութիւնը երեւոյթի տարտամութեան մը մէջ կը քօղարկուի ու կը տիեզերանայ. իր տգեղութեան տմոյն ներդաշնակութեանը, համասեռութեանը մէջ իբր հրապոյրի մը մէջ կը պատրուակուի իր մոլեգին կենսականութիւնը, եւ բոյսն այնքան ահարկու է որքան ներդաշնակ, այնքան հզօր որքան մի: Անողոքօրէն, երկիւղալի կերպով եւ սքանչելապէս ամբողջ է: Իր աղուամազին կակղութեան մէջ գիշատչային սայրաւորութիւն մը կը սպասէ. իր նիւթին ուժգին ու հոծ ստուգութիւնն իր մեղկ երանգին մէջ կ’երազանայ, կազային, կարծես ցնդօրէն հեշտալի անօսրութեամբ մը արհաւրալի կ’ըլլայ: Բոյսը, տարտամ, կարծես կ’երկբայանայ, իսկ իր նկարագիրը կը ժայթքէ: Լիովին, եւ միայն՝ իր անըմբռնելի (insaisissable) ու սարսռազգալի գաղափարն է: Գորշութիւնն ուր իր կանաչութիւնը կը լսնանայ, յետին մոխիրին համայնութիւնն է: Ծաղիկները դիակի, գանկի գոյն ունին, եւ անոնց նեխաբոյր ծակը մեռելի բաց մնացած ու մոռ բերնի մը գոյնովը կը փոսուի, կ’անյատակուի: Կարծես ամբողջովին ողողուն ու կպչուն է այն գորշասպիտակ փոշիով որ մեռելին թարթիչներուն ու ռունգերուն եզրը կը գոյանայ., եւ բոյսը, տարօրինակ բան, հուսկ հիպոկրատեան Կերպարանին բոլոր երանգներն ունի: Ստուերալի թափանցկութեամբ մը՝ գորշ՝ թեւաւոր, երեւութային, օտարական անշարժութեամբ մը պաղած՝ անհաւատալի ու անանուն բանի մը պէս կը թուի խուսափիլ: Իր լուսաղօտ, թեւատարած անշարժութեան մէջէն, լռութեան, կորուստի, ամայութեան մղձկեցնող անեզրութիւն մը կը տեսլանայ: Աննշմարելի է եւ անդիմադրելի: Մեծ կենսատեացներու մելամաղձութեան հզօր, արբեցնող պերճախօսութեամբը կը գերէ եւ կ’արհամարհէ. կը հմայէ, կ’ընծայուի, եւ վայրագօրէն առանձին է: Ծաղիկներուն խոռոչը, անձայն, գիշերային ու լիաշուրթ խոստումով մը՝ ժահյեղց ու մռայլ բոզի մը պէս զարհուրելի հեշտութեան մը վրայ կը խօսի: Անգղի պէս սաւառնաթեւ է. բորեանի հակումով կարկառուն: Չես գիտեր ո՛ւրկէ ելած է: Սոսկալի կերպով եկած է ան: Լռին, անշուք յամրութեամբ մը հիւղակի մը ետեւի պատին մոռացման մէջ կատարելապէս յապահովի գոյացած, հիակերտուած՝ հիմա այս անակնկալ ու ցնորական ներկայութիւնն ունի, վախճանին պէս: Դաւի պէս ներկայ է: Երկբայաղօտ, հեռային բայց անխուսափելի բաներու մօտաւորութեամբը, ճակատագրութեանց վաղնջուց այժմէութեամբը ներկայ: Մթին ու կենդանի հունտէ մը ծլած, բարձրացած՝, իբրեւ ոչնչութեան գաղափարէ մը, ոչնչութեան՝ աննշմարելի, եւ համադրահոծութեամբ, ճշդութեամբ, հարկաւորութեամբ յամառ գաղափարէ մը բղխած՝ եզրակացուած, կապակից, անյեղլի չքամոլութիւն մ’է: Տառապագին ու սաստիկ գիտակցութիւններէ յղացուած ահագին ու անընդունելի, անհանդուրժելի համոզում մը., խտացում մը, համասեռուած կարծեխառնուրդ (syncrռtisme) մը, ու բանաձեւում մ’է բոլոր խղդող յուսահատութիւններուն, բոլոր շնչասպառող անդրատենչութեանց, վայրի ծաղիկի մը մէջ: Օրէնքի մը անդղրդելի հանդարտութիւնը՝ անուրջի մը մէջ խռոված., Եւկլիդէսի ճշմարտութիւն մը՝ Բօէի, Հօֆմանի բանդագուշանքի մը մէջ: Մահուան անխռովութեամբ անզգալացած ու մահկանացութեան յոյզով մը տանջագծուող իրականութիւն մը., ամեն բանի մահկանացութենէն, ամեն բանի գոյերանութեան պատրանքէն ծնած տեսլահարութիւն (hallucination) մ’է: Համագոյութեան իւրադարձուցիչ Օրէնքին կամեցողութեան մէկ վայրկեանն է՝ մահկանացութեան վիշտին մէջէն պղտորած, երեւութացած: Շոբէնհաուէրի վարդապետութիւններէն հոգւոյն մէջ մզուող գինովցնող ու արիւնարբու դալուկ մը: Մահուան գորշ անծանօթն է, թոյնով լի ծաղիկի մը մէջ արուեստադրուած, խորհրդանկարուած, մեռելութեան մէջ ըղձատեսուած: Վախճանին անդրդուելի հարկաւորութիւնը՝ խոյացական ու տարտամ կերպառութեամբ մը սահմանաւորուած, եւ կարօտ, եւ բաղձախտ եղած. արբշիռ մենամոլութեամբ մը մեռելասիրութիւն եղած: «Անգղի Երգ» մը (Եղիա) անկռինչ տեսլանկարուած., Կիկերոնի ագռաւի՛ն կռիչը՝ մեռելաբոյր լռութիւն եղած: Մշշամարմին անողորմ ծխիւն մը, ահռելի ծածկաղօթք մը: Նեխումը՝ յաղթանշանուած (en trophռe): Դեւին, եղեռնին ձիթենին:

Զինքը բերած եմ սենեակս իրմով պճնելու: Ոչ մէկ հիրիկ, ոչ մէկ վարդ, ոչ մէկ մակնոլիա պիտի կարենար զարդարել սենեակս առանց անոր մշտնջենաւոր դրախտազրկութիւնը հեգնելու. առանց խաբեբայ ժպիտ մ’ըլլալու անոր ստուերին մէջ զոր Անբաւութենէն վշտագին էութիւնս կ’արտադրէ, եւ զոր նոճիներն իրենց մեծ շուքովը կը պահպանեն, մթին Վեստեաններ: Սենեակին միստիքականութեան մէջ հրէշագծուած, տեսլահարութեամբ ցնորուած խաչի մը պէս կը կենայ. անծանօթ, դրական, անգիտակցելի իտէալի մը պէս կ’անդրանկարուի խուցին տրտում իտէապաշտութեանը մէջ: Եւ ինքը միայն, թունաւոր վայրի ծաղի՛կը կը վայլէր որ ցցուէր, ուրուանար հոն, դիմացս, եթէ ո՛չ Սոկրատի մոլախինդը., եթէ ո՜չ՝ մեղա՛յ, եթէ ո՛չ Փշապսակին Zizyphus spina Christiն, իբրեւ մարդկային թէ մարդազանցող անուրջներու պսակման մը, իբրեւ ամեն մարմնաւոր անդրատենչի բնական, ճակատագրական հատուցման մը տեսիլը:

Վասնզի իր ներկայութիւնը պտոյտ կուտայ ոգեպաշտութեան, իբրեւ թէ վիհ մը ըլլար: Իր բոյրին նողկութիւնն անդրաշխարհը կը պղտորէ, կ’երկբայացնէ: Բանգը դիտողը կը խորհի, սարսռալով, թէ մահը աղօթրան չունի:

Ինչպէ՛ս կ’ուզէի հաւտալ քեզի, Բա՜նգ, որպէսզի ա՛լ բան մը փոյթ չընէի., ո՛չ իմ անբարոյութիւնս, ոչ ուրիշներունը., որպէսզի եպիկուրեանի մը դաւանանքն ազատօրէն նախամեծարէի Եպիկուրի հոգւոյն., որպէսզի Լօթիի՝ հաւատքէ դատարկ իմացականուեան թափառասէր, ամենաբաղձ զգայամոլութեամբ, ըստ իրեն, կամ Լըմէթռի, քմհաճոյքներու, կիրքերու անփոյթ, պայրընեան անյագութիւն մ’ապրիլ կարենայի., որպէսզի ամեն բան վայելելու արհամարհանքն ունենայի ամեն բանի համար., կամ որպէսզի կարենայի մեռնիլ, անհաւատ անձնասպանին խորին, անբացատրելի հեշտութեամբը, ամեն վայելքի մէջ անդրանկարուած, իտէալուած, խանդաղատանքով քիչ մ’եւս յամեցուած: Կ’ուզէի լիովին համոզուիլ թէ մահը կեանքին վախճանն է., թէ այս մարմինն է կենդանութեան ու գիտակցութեան միակ պայմանը, այս տխեղծ մարմինը՝ որու այնքան քիչ համեմատական կը թուի հոգին, եւ որմէ զերծանելու յաւերժական բաղձախտի մը միայն կը վերածուին բոլոր տենչանքները: Ի՛նչպէս կ’ուզէի միանգամընդմիշտ ըմբռնե՛լ անարշալոյս մահը, աննպատա՛կ, նաեւ կեանքը՝ հանճարով իսկ լեցուն՝ եւ դեռ աննպատակ: Վասնզի երբ անմահութիւնը երազ մ’է՝ կեանքը տեսլահարութիւն է միայն: Ա՛հ, անմահութեան երազին մէջ գէթ իմացական բան մը կայ, մինչդեռ իտէալէ, անդրատենչութենէ, Աստուծմէ թափուր կեանքի պէտքին մէջ՝ լոկ սկզբնական անասնութիւն մը, կոյր, բիրտ, երանաւէտ: Հաւատացեալ մարդկութիւնը եղբայրութիւն է գոնէ տեսապէս. մինչդեռ Աստուծմէ զուրկ ընկերութիւնը անհանդուրժելի իրերանմանութիւն մը. եւ թերեւս ա՛լ աւելի անհանդուրժելի իրերօտարութիւն մը: Այն ատեն հարկ չկայ այսքան ըղձալու, տառապելու, այսքան զրկուելու: Այն ատեն, ո՛ դրապաշտութիւն, ո՞չ ապաքէն յիմարական լաւատեսութիւն մը կ’ըլլայ քուկդ՝ ըմբռնած ապագայիդ, անմահութեանդ մասին՝ սերունդներուն յիշողութեանը մէջ կայացած, երկարաձգուած, իբրեւ ծիծաղելի, ողորմելի յաւիտենութեան մը մէջ ուր մարդկութեան օգտակար իմացականութիւններն յարակային եւ որու սակայն հաւասարապէս կրնան արժանանալ չարերը՝ բարիներուն չափ անկորնչելի՝ անգամ մը որ ահագին ըլլան: Ո՞չ ապաքէն այն ատեն բարոյականն ա՛լ մարդկային յղացում մը կը մնայ, աւելի քան երբեք ցնորական, եւ Օրէնքը՝ տարակուսական, արհամարհելի ուժ մը, քանի որ Յաւերժութենէն ցոլացած բարոյականի մը չի յենուր այլ եւս, կամ անոր յայտակերպումը չըլլար: Ի՞նչ մխիթարութիւն, ի՞նչ նպատակ կրնան արդեօք ունենալ այն ատեն գիտնալը, սիրելը, ապրիլը, մարդուն մէջ՝ որ անդիմադրելի կերպով կը գիտակցի իր զրկանքներուն, մեծ մարդկային զրկանքներուն աստիճանին: Ով որ կը խորհի պէտք է մեռնի՞ ուրեմն. որովհետեւ այն ատեն մտածումն ու կենցաղը չե՞ն հակասեր իրարու. կենցաղը՝ մարմնապէս կաշկանդուած, մտածումն՝ իր բնութեամբ սլացական, եւ ո՛չ մէկ երեւակայելի թեւատմամբ սկիզբներուն ու վախճաններուն սաւառնելէ հրաժարող, եւ սակայն այլեւս ճարտարագործութեան մէջ սահմանափակուած, առանց լիաճանաչման, լիավայելքին յոյսին՝ կեանքի սահմաններէն դուրս: Երբ մտածման էութեանն համեմատ կեանք մը չկայ բնաւ, կա՛մ պէտք է անասնանալ կամ մեռնիլ: Եթէ վայելքի, փառքի, գոյութեան երկրային պէտքերը զառածումներ կամ խարխափումներ չե՛ն գերաշխարհայնութեան, երանութեան, յաւերժակենսութեան բարձրագոյն վիճակներու՝ չեմ կրնար երեւակայել թէ ճարտարագործական ի՛նչ առաւելութիւն կրնայ հրապուրել զմարդ ապրելու երկրագունդին վրայ, ուր ա՛լ երկրաբանական դարերուն կը վայլէ վերադառնալ եւ անմարդահետ թանձրամայրիներուն կենդանականութիւնը յարուցանել: Կ’ուզէի հասկնալ թէ կարելի՛ է տիեզերքն ընդնշմարելէ ետքը զայն չընդգրկել անհուն, անթառամ տեսողութեամբ մը., աստղալի գիշերը տեսնելէ ետքը չամբառնալ, վարսամաթե՛ւ չխոյանալ անջրպետներուն մէջ., թեւերը պաղատագին տարածելէ ետքը՝ չսաւառնիլ երբեք., աննիւթականութեան սրբութիւնը յղանալէ, հեռազգալէ ետքը նեխելով կորսուիլ., բոլոր գեղեցկութեանց, բոլոր մեծութիւններուն մէջէն, սիրելի էակին մէջէն, ընդհանուր գաղափարներու ահագնութեան մէջէն Անհունութիւնը, Ճշմարտութիւնը միայն սիրելէ ետքը, սուտի պէս անէանալ., տառապանքներու եւ հեշտութեանց մէջէն՝, լեռներու վրայէն, գիշերին մէջ, համաստեղութիւններուն ու ալիքներուն մէջ՝ սրտագին, սարսռագին զԱստուած կանչելէ ետքը անգամ մը չընդնշմարել զայն, գո՜նէ խոժոռադէմ, գոնէ մերժող., կ’ուզէի գիտնալ թէ այս թշուառութիւնը կարելի՛ է, թէ ուրեմն այս թշուառութիւնը կայ միայն., այն ատե՛ն, ահաւասիկ, պէտք էր ճաշակել զքեզ, մահուան գեղեցիկ ծաղիկ, եւ հրաժեշտ տալ կեանքին.

Էհ, մընաք բարո՛վ, Աստուա՛ծ եւ արեւ…

Եթէ Գեղեցկութիւնը բանաստեղծին մէջ ընծայումն է, նախազգացումն է Ճշմարտութեան, եւ եթէ նոյն իսկ չէ՝ ես, գուցէ հէք անասուն՝ իմ անզգած առարկայականութեանս անբարոյութենէս նախամեծար կը համարեմ հօրս արցունքը եկեղեցւոյն մէջ, թէեւ երեւակայե՛մ իսկ թէ վերջին օրուան մէջ Անեզրութենէն արտասանելի «Երթա՜յք յինէն» աղաղակին մէկ շեշտն ես դուն, Բա՛նգ, մեռելութենէն, նիւթականութենէն արձագանգուած, հրաւիրացած:

Սակայն մօրս ծանր ոտնաձայնը կը լսեմ որ սանդուխէն կ’ելլէ… յամրօրէն կը մօտենայ. մայրս սենեակիս դուռը կը հրէ… խունկին հոտն է, Կիրակամուտքի խունկին, Մահուան հոտը: Նորէն հա՜յրս: Եւ ծուխը կը թափանցէ սենեակիս մթնշաղը, յորդանգայտ, անուշաբոյր, հեւ ի հեւ կը ծաւալի հոն, մինչդեռ մայրս, արոյր կրակկալը ձեռքը, կը հեռանայ, անձայն, վերի յարկը ելլելու, ծանրաքայլ, իր ծերութեան քայլին խոհուն եւ հիմա երկիւղած կշռոյթովը, խունկը տունին մէջ տանելու տակաւին: Եւ մութ սենեակս, ու մութ տունն՝ անուշ, մեռելական, անաշխարհային երազանքով մը կը լեցուի, խունկին անհուն զմայլմամբը կ’արբենայ լռիկ խաւարին տունը: Ա՛հ, իմ քաղցր մայրս, հաւատարիմ այն ակնածանքին զոր իր Այրին համար ունեցեր էր այնքա՛ն համեստութեամբ, այնքա՛ն բնականօրէն, անոր պատկառելի առնագեղութիւնը ճաշակելէ ետքը հիմա անոր մահը, քաւումը, եթերացումը կ’երազէ, ու կը զգայ., իր այրիութենէն վշտագին ալեւորութեան մէջ, Մեռելին պատանքին սպիտակութիւնը, լուսաչու ննջեցելոյն հեռաւոր նշուլումը շնորհի մը պէս, աստուածգիտութեան մը պէս ընդունած իր ճակտին շուրջը, անբծութեանը մէջ իր հոգւոյն որ մահուան սրբութիւնը կ’ըմբռնէ., մեծ ննջեցեալին գաղափարին մէջ ինքն ալ անաշխարհայնացած, իբրեւ օծմամբ մը, լռելեայն եւ էովին ու անգիտակցաբար քահանայացած, վասնզի երկար ատենէ ի վեր սրբացած սէրը վաղնջուց սիրելւոյն մահէն ետքը պաշտամունք է միայն, Աստուծոյ խորհուրդին խառնուելու գացած մեռելին ետեւէն երազուն, - աղօթք, խունկ, հաղորդութիւն: Եւ ծուխին քաղցրութիւնը, խունկին երկրաժեշտի անպատում երանութիւնը կը զեղու տունին, սենեակին խաւարին մէջ. եւ Բանգը կ’աղօտի, կը մշշասքօղի, մռայլ ծաղիկը, կարծես խուսափած, հալածական:   ունկին բարութիւնը կը թափանցէ հոգին: Ննջեցեալն է, հայրս, մահուան խորհուրդին մէջ իտէացած, մօրս հոգւոյն մէջէ՜ն զգացուած, որ իր նախնի տունէն, իր ընտանիքին հէք երդիքէն կուգայ կ’անցնի՝ մահուամբ երկնախառնուած հայրութեան թերափի թեւաւորմամբ իր ընտանիքին վերեւ որու այս աշխարհի կեանքին տրտմութիւնն ինքը միայն կրնայ ըմբռնել, ա՛լ զերծ անկէ, եւ որու խաւարէն, այլասերականութենէն՝ հեռազգացուող քաղցր ճշմարտութեան մը, անորակելի ու անհաւատալի հեշտութիւններու ստուգութեան յոյսը կ’անցունէ: Հօրս ուժգին լեզուն, մահուամբ մեղմացած ու նուիրագործուած, նոր, լուռ, գերագոյն շեշտովը խունկին նուաղուն ամբարձման, վերին ու յաւիտենական բաներու վրայ կը խօսի., վեհարբշիռ հանդարտութեամբ մը սաւառնելով, կարծես անջրպետին մէջ անդրմեռելական գաղափարին., իր տունին մթնշաղը, իր տղուն թախծութիւնն իր մեռած հօր սրբութեամբը միգամածելով, եւ մահուան անընդխառնելի, անպղծելի զերծութիւնը խորհրդածփելով անմահ անդրհայեցութեանս տեսաշաւիղին մէջ, երկնապատում, հայրենախտային ա՜յս տեսլահարութեամբ, որ անդրաշխարհի երանազեղ ստուգութեան երազուն զարթումը կ’ըլլայ երկբայատանջ բանականութեան մէջ: Ա՛հ, մա՛յրիկ, գիտե՞ս ինչ կը բերես ինծի: Կը շնչեմ, տրտմագին կը ծծեմ խունկը, քաւումով վերացման գաղափա՛րը զոր մայրս խնկամանին մէջ կ’այրէ՜, իբրեւ իր սրտին մէջ., անձնազոհ հոգիներու երկնայնութեան մէջ անմեռ երազանքը զոր կը բերէ ծաւալելու խաւարամած խուցին մէջ, ուր սեւ մեղաւորը կայ… իր տղան, իր հրեշտակի էութեանն ու խնկացած ննջեցեալին՝ խունկին տղան, նողկալի տարակոյսներուն մէջ մարդատեաց ու անզօր., իր հոգւոյն թշուառութեանը մէջէն մօրը երկնային հոգւոյն ըղձալով., մինչդեռ խունկը, իր երկնամոյն շաւղին վրայ կ’անօսրի, կը հեռանայ, մահուան ազատութեամբը կ’երթա՜յ յամրօրէն, քա՜ղցր կասկած անորակելի անդրագոյն բաներու, որ կը լքէ զիս սակայն վերստին տարակոյսներու յամառ, անփարատելի տարտամութեան, մեղքերու եւ տրտմութիւններու ազա՜տ մթնշաղ, այնքա՛ն, ափսոս, կարճատեւ ու ցնորական է կենցաղին մէջ երկրաժեշտին, աննիւթացման երազը, զոր ցնդող խունկն իր ետեւէն շղարշուած դեռ վայրկեան մը կը ծփացնէ:

Հօրս պատկերին շրջանակին անցուած՝ ուր յառած եմ տակաւին՝ Քեփրէնին պատկերն անորոշապէս կը շեշտուի: Եւ նորէն, թունաւոր ժխտումներէ ձանձրացած, ձանձրացած նաեւ, աւաղ, քաղցր ու չհամոզող յոյսերէ, նորէն կը տարուի երեւակայութիւնս, անոնց, Բուրգերո՛ւն յիշատակին. կարծես անոր համար որ անոնց մեծ ու դարաւոր աստուածպաշտութենէն ժխտամէտ միտքը սպասած է եւ դեռ անորոշապէս կը յուսայ թելադրուիլ, զրկուածներու ծարաւի ու վհատ նայուածքով, եւ վասնզի բանաստեղծն անկարող է բոլորովին ժխտելու: Բա՛նգ, քու նոյն իսկ սքանչելապէս ողջ դրապաշտութիւնդ չի բաւեր բանաստեղծին. եւ կը նայիմ Բուրգերուն յիշատակին, անոնց նոյն իսկ մեռած ու ժեռօրէն անշունչ ոգեպաշտութեանը:

Անցեալի իրերէն տրամադրուած իտէշղթայ մը արդէն ինծի մտածել կուտայ միշտ անոնց ցորչափ կ’երեւակայեմ հօրս մահը, որուն ներկայ չէի., անոր, երբեմնի ահագին մարդուն վտիտ, եղկելի ոգեվարը զոր չտեսայ երբեք վասնզի Եգիպտոս էի: Կարելի ըլլա՜ր ինծի, կ’ըսեմ, Եգիպտոս ըլլալ նորէն, ու Կիզէի աւազներուն մէջ մինակ, թէեւ ատիկա աւելի՜ անհնար է իրապես ինծի պէս աղքատին՝ քան իմացականութեան ընդխառնուած եւ ալ անոր հետ տարրուած դրականութեան մը բարձումն, այերացումը՝ վերջնական ու անապական ոգեպաշտութեան մը մէջ որ չի կրնար բղխիլ ինձմէ., հոն, Բուրգերուն տակ, ուր երթալու համար մեկնեցայ իրիկունն իսկ այն տարօրինակ օրուան ուր հօրս մեռած ըլլալն իմացայ, պանդուխտ՝ իր վերջին վայրկեաններէն հեռու, իր ա՛լ յաւիտենապէս անկարելի ոգեվարին սոսկումէն ու հիացումէն զուրկ, եւ անժառանգուած՝ իր պաղ ու մեռնող եւ ա՛լ օրհնելու միայն կարող ձեռքին յետին դողդոջման տակ իմ գլուխս, իմ երիտասարդութիւնս հակելու ա՛լ իսպառ անստանալի յուզումէն, որ թերեւս իր օրհասական հօր հոգիէն զիս թափանցող վճռական ներգործութեամբ մը, խառնաշփոթ, խառնածին, բանաստեղծի կարծեխառնական իմ էութեանս ա՛լ անյեղլի խաղաղումն ու միութիւնն արտադրէր:

Այն տրտմութեան մէջ, խորին, մեծ, առաջին անգամ ըլլալով ա՛յնքան ահագնօրէն իրական, գրեթէ նիւթային, թանձր, ու խղդող, որու զօրութեան յուշքը զիս կ’ապշեցնէ, կը հիացնէ, իբրեւ թէ Աստուծոյ մէկ զարհուրելի կամքն ըլլար ան իմ հիքութեանս վրայ լեռնացած., այն տրտմութեանս մէջ ըղձագին որոշեցի այլեւս երթալ Բուրգերուն. հի՛ն, հի՛ն երազ, որ աւելի քան երբեք պէտք մը կ’ըլլար յանկարծ, ա՛լ տագնապիչ՝ իր անաշխարհայնութեան բոլոր կորովին բարդուող այս մահուան դառնութեամբ., եւ որ այլեւս, տարտամօրէն ու միաբար զգացած ըլլալու եմ թէ Աստուծմէ եւ հանդերձեալ յաւերժակենսութենէ մը զրկուած՝ ու հօրս մահուան ճշմարտութեան տակ ճնշուած սրտիս մէկ պէտքն էր յաւիտենութիւնը երազգալո՜ւ Բուրգերուն դարերէն, փոխան տխո՛ւր, ոխարինում, փոխան այն յետմահու յայտյանդիման լիատեսլեան որու կարելիութեան սարսուռն ի զուր մերթ կը սահի կ’անցնի ինձմէ եւ անոր թերեւս այնքա՛ն հիմնապէս անարժան ըլլալս կ’երկբայացնէ…– ժխտման վախկո՛տ վայրկեաններ–., եւ կարենալո՛ւ հանդուրժել մելամաղձութեանս., հօրս մահուան չափազանց տառապեցնող ահագնութենէն խուսափելո՜ւ՝ Բուրգերուն ամբարձական ու անհուն մեծութեան հայեցողութեանը մէջ., մեծութեան երանաւէտ զգայութիւնը պահելով անոր յարաբերական արժէքը միայն փոխելու, որովհետեւ զիս սգազգածող լուրին մեծութիւնն ինքնին զմայլելի՜ էր ու ինքնին խաղաղեցնո՜ղ, ինչպէս ամեն անմանրամասն ու համասեռ մեծութիւն:

Բայց ինչպէ՛ս հօրս մահուան վշտագնութիւնը կը դոյզնանար անոնց առջեւ, անոնց ընկլուզիչ մեծութեան մէջ ուր իմ բոլոր Եսովս կ’անհետէի: Անոնց ներքե՛ւն էի ուրեմն, հոն, Եգիպտոսի անցեալին մէջ, նայելով, խելակորոյս՝ անոնց ահա ներկա՛յ իրականութեան, աւելի քան երբեք ըմբռնուելէ զերծ, երեւակայութենէն հեռու, կարծես գերմարդկային, ու անեղ: Ի՞նչպէս կասկածած չէի բնաւ թէ որքա՛ն թերեւս կամք, անձնիշխանութիւն հարկաւոր էր կարենալու համար անցնիլ անոնց առջեւէն, ու անոնց անբաւ գերեզմանականութեան նայիլ կարենալու համար՝ առանց վախնալու կամ տեսլահարելու., կարենալո՛ւ համար անոնց ներկայութեանն ազատ ըլլալ՝ դիւրին յանկմամբ մը պատշաճելով անոնց անօրինակ տեսիլին. թէ որքան կորով՝ անոնց ահագնութիւնն ըմբռնել կարենալու համար: Կարելի՞ էր կասկածիլ նախապէս թէ զանոնք ըմբռնելն արիութեան գործ մ’եղած ըլլար. ի՛նչպէս բնական թուած ըլլալու էր ինծի ընդգրկել զանոնք, հանճարեղ տեսողութեան մը մէջ, որու հնարաւորութեան կարծես գրաւական կ’ըլլար զանոնք տեսնելու այն վաղնջական՝ կարծես անծին աւիւնը, չեմ գիտեր ի՛նչպէս, ե՛րբ մտքիս մէջ գոյացած, որ վերջապէս զիս անոնց ոտքը մղեր էր: Ահաւասիկ կը տեսնէի, կը գիտնայի կոր անոնց մեծութիւնն, այլ մանաւանդ իմ հիքութիւնս. իմ բոլոր մեծամեծ վիշտերուս եղկելի ոչնչացումը: Դիմացս, վերեւս կանգնած էին, անհաւատալի. եւ Բուրգերն էին:

Տաժանագին ելլելէ վերջ աւազուտ գահաւանդէն վեր, ուր քայլն, անհաստատ, կը մխրճէր, եւ քայլափոխը, դժուարին, կը ծանրանար., տաք շողշողուն աւազին մէջ որ խժալով կը փոսուէր ոտքերուս տակ, ու շարժելու ազատութիւնս կը զսպէր, իբրեւ թէ ամեն ինչ հոն գործակցէր մարդը կաշկանդելու, որովհետեւ անհնար էր հոն յամր չքալել, մեծ բաներու տեսարանին մէջ., կարծես նա՜եւ պայծառ միջոցին անորակելի թանձրութեանը մէջ, դարերէ ի վեր բարդուած ու հոծուած նուիրականութեան այն հեղձուցիչ անջրպետին., ելլելէ ետք աւազուտ գահաւանդէն վեր՝, ահա միեւնոյն ատեն կը տեսնէի կոր դիմացս՝ յառնելն Սփինքսի՜ն. իմ մտքիս տարիներուն մէջ կարծես անսկիզբօրէն ու առասպելօրէն անրջացած Սփինքսին. եղջերուաքա՜ղը Շաթլէի աղբիւրին չորս կճեայ լուսափայլ սփինքսներուն ա՛յնչափ նայա՛ծ աղքատութեանս., անսուաղ ու սգաւոր աղքատութեանս բոլոր թշուառութեամբը սիրուած, աղեբաղձուա՜ծ, իբրեւ ազատարար կերպարան մը՝ հեռուներու իտէական մէկ բնագաւառէս զիս իւրակոչող., հոս, աւազներուն մէջէն, դիմացս, լուսեղէն արեւմուտքին մէջ ամպացող ստուերի մը պէս թերանկարուած, երեսը արեւելքին, ապարօշին կոտրած կարճատուած վիժակներուն աջուձախ կարկառներուն միջեւ այտնող եւ ուրուացող դէմքը շքեղ խնկագոյն միջոցին մէջ., ճակտին խորտակուած ուրէուսն ու իր ունչատ, խոշտանգուած կերպարանին աւերը խաղաղ շրթունքով մը կապագծող (accolant) ժպիտին դարաւորութեամբ անեզրութեան մէջ երազուն, անոր գերաշխարհային ճանաչմամբ հիանշարժ., Ոգին՝ որ ամեն եգիպտականութենէ աւելի՛՝ երեւակայութեանս իբրեւ Եգիպտոսն իսկ ներկայացեր էր. ինչպէս հիմա աւազներուն ու բուրգերուն մէջ մինակ, բանդագուշական Եգիպտացի՝ կը զգայի թէ անհետ, ընդաւազեալ Եգիպտոսին Հանճարն էր, խորհրդաւո՜ր, որ զինքը ծնող Քաղաքակրթութեան անհուն աւերակէն վեր, հեռուն, իրերէն ու իրողութիւններէն անդին կը յառէր իր ամենագէտ ամենակալութեան գերագոյն ժպիտովը:

Ետեւէն, արեւմուտքին ակնախտիղ արծաթափայլութեան մէջ որ կը շլացնէր զիս եւ ստուերալի Սփինքսը կ’անշրջագծէր՝ հեռուն՝ Քեփրէնի եռանկիւնը կ’ուրուանար. եւ ասդին, հիւսիսին մէջ կ’ընկրկէր անբաւ Քէոպսը, Քեփրէնի հօ՜րը բուրգը, աւազի տարտամօրէն շողուն ու մուղտ դեղնութեամբ մը, կարծես հին ոսկիի շիկութեամբ մը պայծառ., իր ահիպարիսպին հզօր ելեւելքով կապոյտ անջրպետին մէջ մխուած, իր քարհատորներուն հուժկու համակարգմամբն ու հեռազանգումով՝ միահամուռ յետսամբարձման մը մէջ., իր կարկառներուն ու խոռոչներուն բոլոր անձայնութեանց միակ զարհուրելի լռութեամբ երկինքն ի վեր հոյացած, յափշտակուած՝, Քէոպսը, ցնորական, միջոցին մէջ նուազելով կարծես անեզրութեան մէջ հեռանկարուած, աւազներուն մէջ խլրտող իմ վարի հէք յուսահատութենէս ահեղօրէն վեր, անդին..:

Այսպէ՜ս, Եգիպտոսն էր, շէկ, լուսողող, ահագին, շուրջս, վերեւս: Ամայութենէն զեփիւռ մը կ’անցնէր, յաւերժհարսնային կարեկցութեամբ մը քաղցր: Անապատին մէջ Անցեալին լռութիւնը կ’իշխէր: Եւ Բուրգերը կորած Եօթնաքաղքին մէջէն կը կանգնէին դարերէ ի վեր, ու սպասելով դարերուն: Տելդայէն Թեբայիդ ծաւալած աւերներն ուր Եգիպտոսի քաղաքները կործաներ, աւազախառնուեր էին՝ զանոնք չէին կրցեր սասանել: Ադոնայիի վայրենաշունչ կամքը «ի Մակդովղայ մինչեւ ցՍուհէն» ու Լիբիական ամայութիւններէն մինչեւ Կարմիր Ծով արշաւեր էր հազիւ անոնց հպելով: Եւ Եզեկիէլ գուցէ իր տեսիլներուն մէջ կ’ընդնշմարէր «հպարտ» Եգիպտոսը խորտակող յուզումներուն մէջէն, հեռուն, ապագային մէջ Բուրգերուն անխլիրտ ամբարտակուիլը, քաղաքներէն գերիվեր., զաղփաղփուն փառքերու ճակատագրին անմատոյց: Քաղաքակրթութեանց ամեն ժամանակներու ձեռակերտներուն բոլոր չափերէն, տեսակէտերէն դուրս՝ մենաւոր ու կատարեալ՝ կը լեռնանային բոլոր մեծագործութիւններէն վեր: Ուրիշ բան մը չկար հոն, բայց միայն իրենց անագորոյն մեծութիւնը: Անապատն ուր առանձին էին՝ բոլոր մարդկային յղացումներուն լռին տեղատուութեամբ մը սրբումն էր անոնց առջեւէն:

Վասնզի կարելի չէր երեւակայել թէ ինչ էին անոնք, քանի որ տեսողութիւնը կարօտ է երեւակայութեան, եւ հասկնալ անոնց ահագնութիւնն՝ անոնց չափին ռամիկ ծանօթութիւնն ունենալով իսկ: Անոնց բոլոր չափերը, որոշ, սահմանաւոր՝, ներդաշնակուած էին ցնորակերտելու այն անսահման բաները որ Բուրգերն էին: Ո՛հ, թիւերուն ըրածն ուրիշ բան չէ այլ բաղդատելի ընել զանոնք, անոնց անօրինակ գեղեցկութիւնն, անոնց գերազանց Արուեստը: Անոնց համադրոյթը անհեթեթ կերպով աւելի էր անոնց ծաւալէն. միթէ չափելը դատե՞լ է. մի՛թէ կշռելն ընդգրկե՛լ է. գիտունին կարկինը չէ որ հարկ էր հոն. հապա ատլասի մը գրկաչափը: Անոնց համադրոյթն աւելի քան երկրաչափական էր. այսինքն եգիպտական, այսինքն եգիպտօրէն տիեզերական:

Եւ աշխարհի բոլոր ճարտարապետութեանց շարքերն իսկապէս քայքայական եղափոխութիւններ կը թուէին, այլատարրութեանց միացման յաճախ անմիտ բռնագործութիւնը, բիւրազանութեանց դժուարին ու անմատչելի ներդաշնակութեան ուրուագծումներն, անաւարտելի: Ձեւերու բոլոր այն բարդութեանց մէջ աւերակին քայքայումը, փլուզումը կը զգացուէր, թերեւս որովհետեւ կիրքերու յոյզը: Ճոխութիւնը կործանման ժպիտն է. արուեստի քայքայականութեան խարխափումը դէպի ամբողջութիւնը. մինչդեռ, անբաժանելի, անայլայլելի՝ անյեղլի՝ Բուրգերը զանգուածներ էին, իրենց ձեւին ներյատուկ անքակտելիութեամբ: Միութեան վճիտ, հզօր սրբութեամբը, տարօրինակ բան, կը ներկայէին Միութեան արդարութիւնը: Ներդաշնակութեանց մէջ սփռուած, բազմարտայայտուած ու թաքուն Միութի՛ւնն իսկ՝ բիւրեղօրէն զատուցուած, ու երկնաբերձ: Իրենց ճարտարապետութեան ստեղծագործական, ազատ տարրը, անոնց արուեստը՝ իրենց անաչառօրէն չափական տարապայմանութիւնն էր: Կը տեսնուէր թէ ոչ մէկ ազգ երկրաչափութիւնն ըմբռներ էր այնպէս ինչպէս Եգիպտոս իւրացուցեր էր զայն. ինչպէս զայն մինչեւ աստուածգիտութիւն բարձրացուցեր էր Եգիպտոս: Յղացեր էր, եթէ չէր ստեղծեր զայն: Ձեւի եւ իմաստի ահեղ, անկարելի ձուլմամբ մը, որ Բուրգերուն չափագիտական պատկերը կը վերաբերեցնէր կը յատկացնէր անոնց իմաստասիրութեան, իբրեւ թէ անոնց իմա՛ստը իւրակերտած ըլլար զայն՝, Բուրգերն անփոփոխելի կատարելութիւնն էին: Վարը, իրենց ոտքին տակ երազուն մտածումը թէ յաւիտենական էին անոնք՝ կուգար ոչ միայն անոնց անշարժ դարերէն, այլ նաեւ անոնց անըմբռնելի լրումէն, որ աշխարհի չորս կողմերէն ելլելով զենիթին մէջ կ’աւարտէր:

Անապատին մէջ ոչ ոք կար. Հարստութիւններուն ու Քրմապետութեանց ու Թօթի պապիրակոյտերուն մեծապանծ զօրութիւնը հետախաղաղ աներեւոյթ եղեր էր: Վիթխարի ամայութեան մէջ մինակ՝ Սփինքսը կար. ապառաժ թաթերը առիւծի արքայականութեամբ մը զուգառաջ՝ իրանին վաղնջուց հանգիստը անապատին մէջ խորաձգած՝ անիմանալի, յայտնային (apocalyptique) մենակեաց՝ հոն կը բնակէր. եւ իր Քաղաքն էր այն:

Վասնզի ո՞չ ապաքէն Սփինքսը Ոգին իսկ էր Եգիպտոսի որ Նեղոսի ափանց վերեւ թեւածող եգիպտահաւէն մինչեւ քրմային աննիւթական Օսիրիսին սաւառնումն Ամենէն գերիվեր՝ կ’ըմբռնէր տիեզերքն իր ամբոխին եւ քահանայապետութեան միահաղոյն իմացականութեամբ, ահագին բաբախուն իմացք որ սողուն ու թռչտուն համաստուածութեան մը մինչեւ միաստուածութիւն ամբարձումն, արփացումը կը բովանդակէր., Եգիպտոսին՝ ուր տգիտութիւնն աստուածգիտութենէն ունէր իր թանձր ու սահմանափակ բաժինը, եւ տիրապետող Միտքն՝ իր վերացեալ ոլորտը., ուր արժանաւորութիւնը՝ չափը կ’ըլլար հոգիներուն՝   որհուրդին մէջ ելքին., ուր ընկերութիւնն արդար, բնական դասակարգութիւն մ’էր որ Բնութենէն մինչեւ Աստուած կը ձգուէր., ուր քրմապետութիւնը գիտէ՛ր հնամարդկային խուժանին գաղափարական անջրպետներու չպատշաճող թանձրութիւնն, ու ընկերութիւնը բարեշրջութենէ՛ն կը յղանար, ընկերութիւնը կը կազմակերպէր ո՛չ թէ անհաւասար՝ այլ ինքնաբերօրէն, ու բնօրինապէս աստիճանուած, այլ դէպի Աստուած բարեշրջուած, եւ հաւասարութիւնը կ’ընդունէր աստիճաններուն վրա՛յ միայն., գիտէր թէ էակը նիւթն էր որ իմացականութեան կը յանգէր, թէ Մարդը՝ բնութիւնն էր յանգած ինքնազգացման (cռnesthռsie) ու գիտակցութեան., եւ կը հարկադրէր ընկերութիւն մը որ նման ըլլար Մարդուն, որ մարդկութիւնն ըլլար, ճշմարիտ ստրուկէն մինչեւ ճշմարիտ Քահանայն, մկանային զօրութենէն մինչեւ բարոյականը, նիւթէն մինչեւ արփը: Ո՜չ ապաքէն Եգիպտոսն այս շքեղ ու ճշմարիտ անասնամարդն էր, կատարեալ ու գերագո՛յն քան ամեն մարդապատկեր., մինչեւ դշխոյափառ իմացականութի՛ւնը վերացած անասնականութիւն., բնութիւնը՝ բարոյակալուած, բարոյապսակուած: Կրօնապետական Եգիպտոսին տիեզերակա՛ն Ոգին չէ՞ր անիկա, որ միայնակ, կը թուէր աշխարհը գիտակացնել (initier) տակաւին:

Վասնզի ի՛նչ խորհրդանշան ալ փնտռեն հոն մարդիկ, անոր ամեհի, ծնրադրելի աւերին մէջ՝, անիկա ինծի պիտի երեւայ ջնջուած ուրէուսով Եգիպտոսը որ պանծալի Բնամարդը կ’ամփոփէ (rռsumer), Կեանք եւ Երկրաժեշտ, Գործունէութիւն եւ Հայեցողութիւն, Առիւծ ու Կոյս…:

Իր շուրջն, անապատին ծփանուտ ու լուսաղօտ տարածութեան վրայ, կարծես արփային միջոցի մը մէջ կը բարձրանար բրգեղէն հայեցողական Քաղաքը: Բուրգերն էին: Հոն էին. Աստուած իմ:

Ահաւասիկ…: Զարհուրելի յամրութեամբ շեղջակուտուած՝ կարծես անհուն մտախոհութեամբ մը բարձրացած լեռներ՝ Բուրգերը լեռներուն խօլականութեան պարփակումը, զսպումը կը թուէին ճշդութեան վեհութեանը մէջ., վայրի լեռներուն իմացականացումը, կրօնացումը՝ ձեւերուն ամենէն նուիրապետականին բայց արդարագոնին մէջ: Իմաստութեանց, կրօնքներու հողամած անհետացումէն կամ կորստականութենէն անդրուվեր՝ բոլոր հաւատքներն ու բոլոր ժխտումները կը թուէին հոծել անապական բնակրօնքի մը մէջ, որ ոչինչ կը խնդրէր Անբաւութենէն այլ ամեն ինչ կը վերընծայէր անոր, այլ ամենօրէն կը վերընծայուէր անոր: Իրենց քաոսային ժեռակոյտերը կը վերանային ու բացարձակին սահմաններուն ժամանելով կը խաղաղէին: Քաղաքակրթական ու երկրային ժամանակներուն ընկլուզումն էին յաւիտենութեան մէջ., երկրի չորս կողմերուն միաբանութեամբը դէպ ի երկնամոյն վախճան մը՝ կեանքերու վերափոխումը դէպ ի զենիթը, դէպ ի զօրութեանց անյայտ վառարանը., գոյութիւնները՝ միահաղոյն՝ իրենց նպատակին մէջ., աշխարհի քառաբերձ ինքնընծայումն առ Համայնը: Փարաւոններու գերեզմաններ՝ թէ խորհրդագիտական ներանձնարաններ՝– այսինքն կատաղի աշխարհայնութեանց փոքրկացումը, լռին անձնատուութեամբ անէացումն Արարչութեան առջեւ՝ թէ մշտայոյզ զգայարանականութեան խիստ ու հզօր նուազմամբ մինչեւ նպատակուած աննիւթացման Կուսութեանը բարձրացում մը, յուրաննե՛րն ուրեմն Կորուստին թէ Փրկութեան՝ անբաւ Քաւութիւն մը կը թուէին անոնք: Կոթողումը, մեծացումն էին մարմնաւորութենէ ազատագրութեան., զերծում՝ ու սրբացո՛ւմ Օրէնքին մէջ, ձեւերուն խուսափանքովը դէպ ի ոչինչ., Եսերու, այսինքն մահկանացու սահմաններու կորուստով՝ բազմաւորութեան միաւորմամբ՝ Անեզրութեան մէջ դէպ ի կէտի մը հիւլէութիւնը, կիտային մշտանոյն սկզբունքը: Մոլորական Երկրագունդին ուղղութիւնը, յանկո՛ւմն իր ծիրէն դուրս՝, կիկլոպեան երկնհայեցութեամբ մը դէպի Յաւիտեանը: Գիտակցականացումը, աղօթակերպութի՛ւնն էին այն անհուն զէրօին զոր երկրագունդը միջոցին մէջ կը գծէ: Ո՜ Ադոնայի. Եգիպտոսի «հպարտութենէն» ոչինչ կար հոն. այլ անբաւ հոյակապ համեստութիւն մը: Աշխարհի հսկայական ու յաւերժական ոչնչութեան Գիտակցութիւնն էին անոնք, Յաւիտեանին հայեցողութեան համար յաւիտենապէս հոն կեցած, առասպելացած:

Եւ, անշուշտ, Սփինքսը կանգներ էր զանոնք:

Հիմա մտքիս մէջն են, հնէութեանս աղօտութեանց մէջ, հեռուն, հորիզոնի մը երազածուփ գիծէն վեր, երկնախառն հեռանուշութեանց մէջ կեցած, վարդագոյն մշուշէ բիւրեղներու պէս, անջատ եւ զուտ, ու շքեղ, ինչպէս թանձր ու կենդանի Արեւելքին հեռուներէն կ’երեւան անոնք, Տելդային դեղին տափաստաններէն հեռու, Նեղոսի լուսաւոր ափունքներէն անդին, արմաւենիներու կանաչ փետրափունջերէն, գետանաւերու շեղ թեւերէն անդին, կեանքէն ու շարժումէն մեկուսացած, ոսկի հնութեան մէջ զոր վաղնջական Ռան կը լուսերփնէ, կ’իւրախառնէ., մտքիս մէջ, մեղմանշոյլ տրտմութեանց աւիւնի մը մէջ բարձրացած, թափանցիկ, կարծես անիրականալի՝, այնքա՛ն երազային, ինչպէս որ կ’երեւան անոնք երբ մարդ՝ տրոփուն րոպէի մը պէս անցած անոնց անշարժ Ժամանակէն՝ անոնցմէ կը հեռանայ, անդարձ, իր երբեք անոնց ներքեւ եղած չըլլալու զգացումով., հոն, հեռացայտ ու պատիր, այերեւութային դիւթաքաղքին մէջ երբեք ըլլալ չկարենալու տրտմութեամբ, որով կը նայի դեռ անոնց անարատ, երանաւէտ իտէականութեան, ու զանոնք կ’ընդնշմարէ տակաւին, իրերուն մէջէն, յետոյ սիրելի պա՜հ մըն ալ, տակաւին անգամ մը եւս մինչեւ որ ա՛լ կորսուած անհետացած ըլլան յաջորդող զգայութիւններուն, վաղանցուկ բաներու յամառութեամբը խուժող իրերուն ետեւ, ինչպէս ներաշխարհին անգթօրէն ու յիմարաբար յարածուփ տեսիլներուն ետին: