Ներաշխարհ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

[ը]

 

…Արեւը շատոնց մարը մտաւ. եւ դեռ կը պտըտիմ: Ճամբաներուն վրայ յետին անցորդները ցանցառ, անճանաչելի, կ’երթան: Ամայի իրիկունին մէջ հետզհետէ աւելի մինակ եմ, եւ հետզհետէ կը լեցուիմ Անհունութեան մոյգ բալրջերանգ (mauve) թոյրով, համակ տարփանք, համակ սէր: Վերջին բոցավառումները մարեցան հեռաւոր հիր մզկիթներուն, մինարէներուն վերեւ, անհուն ամպասփիւռ Ստամպոլին վրայ. եւ վերջալոյսը դէպ ի ծովաժուարդ (outremer) Մարմարան, ու ասդին, դէպ ի Վոսփորի լելային առլեփները՝ վերջալոյսը վարդագոյն կը նուաղի, խաշխաշի հալքերով: Մինարէներուն ետին երկայն ծիրանի ծխիւններ ամպերու, երիզաձեւ երկարաձիգ շառայլներ կը շեղագծուին, անդորր ու թոյլ սողելքով՝ ոսկեմոյգ արեւմուտքին խորը: Տարտամօրէն մանուշակ իրիկունն, անամպ, ահագին, կը բարձրանայ, կուգայ արեւելքէն, ուր, հեռուն այտնող բլուրներուն վրայ ու անջրպետին մէջ այերային ծիրանի մը կը մարմրի, մինչ հոն անոնցմէ մէկուն զառիվայրին վրայ կը վառի, կարմիր՝ անյայտ քէօշկի մը պատուհանը: Բարձր ու հինօրեայ շոճիներն իրիկունին բոսորագոյն խորքին վրայ կը սփռեն իրենց կատարներուն մութ սաւառնումը: Ա՛հ. Վոսփորին վերեւ դեղնորակ սատափէ երկինքին մէջ ծագեր է Հովուին աստղը, եւ ահա ասդին, աղօտակի, Արքտորոսը կը փողփողի արդէն: Կ’երթա՜մ, հիացմամբ, անծայրածիր ներդաշնակութեան մը մէջ զոր գացող հեռասուզուող օրը յառաջացող գիշերին հետ կը յօրինէ: Հեշտագին կը հեռանամ առանձնութեան մէջ. բլուրն ի վեր կ’ելլեմ, դէպի գիշերը, դէպի գիշերային սօսաւիւնները, բլուրին ծառերուն մէջ: Իրիկուան ստուերին մոր խաղաղութիւնը կը շնչեմ.., միակ յուզման մը, գորովի մը, ո՜վ իմ Իռենաս, միակ մեծ խռովքի մը մէջ թրթռալու խաղաղութիւնը կը զգամ: Սիւքը խոտերը կ’երերցնէ գետնին երեսը. խեղճ մուկի-գարիներուն հասկերը կ’երերան, ու նուրբ խօլվարսակները կը սարսռին, արտերուն եզրը: Մթագնող խրամներուն մէջ դաշտի ծաղիկները ստուերոտեր են, եւ անորոշ:   րամներուն եզրին վրայ մանանեխներն իրենց դեղնորակ ճիռերը կը շարժեն: Անօսր ու ընդհատ սրսփում մը կը հոսի կը խաղայ զովագին օդին մէջ. ահա՛ չղջիկ մը կը թռչտի. գիշերամուտի չղջիկը. կը հասնի, թրթռագին., կուգայ, կ’անցնի, կը խոտորի եւ վերջալոյսին վրայ կը խօլագծէ իր սեւուկ ելեւէջոտ հիռը:   որին կապոյտին մէջ բլուրին մթին ելանդոսները կը խարշափեն լեռան իրիկուան հովէն: Մարդ չկայ. երանի՜ ինծի, երանի՜ թշուառութեանս: Հեռուներէն գորտի երգ մը կը լսուի. մեղմ ու կուռ, սրնգօրէն խոխոջուն նուագն հեռուներուն մէջ այս ժամուն երգող գորտի մը., չղջիկը կը թռչտի ամայի գիշերամուտին մէջ. եւ հովը գետնին երեսը կը սօսափէ, ծառերուն մէջ կը խարշափէ, կ’աճի, կը շշնջէ, կը հեռանայ: Հէք մենասէր որ անսահման իրիկունին մէջ կ’երթամ, յիմարական: Ստուե՛ր ամեն բանի վրայ, կամ սէ՛ր իմ մէջս՝ համասեռման անդորրութիւն մը ամեն բան կը խառնէ Անհունութեան, ամեն բան անոր կը վերաբերեցնէ: Իրիկունը միթէ ամեն բանի տիեզերականութիւնը չէ՞: Ի՛նչ խորին է խաղաղութիւնդ, Աստուած: Իրիկունն ի՛նչպէս զՔեզ կը յիշեցնէ. ի՛նչպէս, արդէն, սկիզբներն ու վախճանները յաւիտենութիւնը կը պատմեն:

Ողորմեա, Տէր, ամենայն աշխարհի, վշտացելոց, ճանապարհորդաց, ապաշխարողաց, եւ հոգւոցն հանգուցելոց: Ինչո՞ւ համար, մե՜ծ աղօթող որ ես՝, չես յիշեր տարփաւորները: Միթէ օտա՛ր են անոնք այն տողումէն. անոնք որ, անգիտակից, յաւիտենութեան կը ձգտին՝, ներդաշնացման, կատարելացման գերագոյն վիճակի մը զհետ անձկագին: Ո՛վ Տէր, ողորմէ տարփաւորներուն, թափառական ու սարսռագին տարփաւորներուն. վասն զի իրիկուն է. վասնզի Քեզի յառելու կատարեալ եղանակ մ’է Սէրը:

Ահա կ’երթամ, ամայի անսահման Իրիկունին մէջ. եւ բանաստեղծն եմ, եւ սիրահարը:

Անեզրութենէն թափանցուած, անեզրութենէն այսահար կ’երթամ: Աստղերուն հեռաւոր նշոյլը, անշարժ ծառերուն մեղմ շշնջիւնը, խոտերուն դողդոջումը, իրիկունին մարող բոսորը, զենիթին վրայ սահող ստուերի այերովկէանին ծաւալումը, լռութեան լաժուարդ ու խորին տարածութիւնն, ու հէք գորտ քուրիկիս աղօթքը հեռուն, ահագին ներդաշնակութիւնը որ կը պարուրէ զիս՝, ա՛լ չապրելու սրսփումներ, հառաչալիր թելադրութիւններ կը հոսեն ցաւագին մտքիս մէջ: Իմ բնազդիս լաւատեսութեամբը սիրած էակս ա՛լ իմ յոռետեսութի՛ւնս է միթէ:

Անոր մելամաղձութիւնը, երկբայականութիւնը, ստուերացումը կը տիրէ տրտում, երկբայական, գիշերային էութեանս: Իռենային անաշխարհայնութիւնն ուր կը ձգտի ընկլուզուելու իմ կիրքս, տակաւ միգամած տեսակէտ մը կը դառնայ իմ կեանքի հայեցողութեանս առջեւ. կարծես կը ծիւրի անիկա անորակելի անդրագոյն բնագաւառի մը հայրենախտով. եւ աշխարհը՝ ցորչափ չի սքօղուիր ստուերով՝ ցորչափ չի սքեմաւորի՜ր եւ աստղալի Անեզրութիւնը չի գիտնար՝, աշխարհը, ցորչափ իրիկուան հայեցողութեան մէջ չի խառնուիր Անհունին՝, դժնդակ տեղ մը կ’երեւայ ինծի որ անոր հոգւոյն նոճեսլացքով կը յափշտակուիմ իր երազանքն ի վեր: Ներսս ամեն ինչ կը կորսուի, կը հրահալի անոր զգայութեանը մէջ. անոր համար կ’ըլլայ. անով կը բացատրուի, անոր կը յանգի. իր կուսութեան հիասոսկալի ստուերին: Սիրտս ճշմարտութեան տեսակէտ մ’է. Իռենան սկզբունք մ’է. էութենէս բղխած անդրժելի սկզբունք մը: Յաւիտենական անդրեսութեանս ոգին է. կուսեղութիւնը. ա՛յն է ինչ որ եմ, ինչ որ կ’ըլլամ. իմ տառապանքներովս ու երանութիւններովս բաղադրուած հիակերտուած մեղեդի, ներաշխարհէն ելլող միաձայն ներդաշնակութիւն. ո՛վ իմ ներաշխարհիս գոյութեան շքեղ ու ստուերալի իմաստը: Պէտք էր որ իրօք, մարմնովին, էովին կորսուէի անոր անձին երանականութեան մէջ. անոր նշանակութեան խնկաբոյր հեշտութեանը մէջ: Երաժշտական կենդանութեանը մէջ որ անկէ կը բղխի, կ’եթերհոսի իմ մէջս, ու պտոյտ կուտայ հիանուաղ սրտիս՝ խաւարին էութիւնս իբրեւ փայլակներու մէջ ինքնակորոյս կը բորբոքի. ամեն ինչ ներսս յանկարծ կը տոգորուի, կը լուսազանգուի անով. ամեն բան զինքը կ’ըլլայ յանկարծ, յաւերժակենսութեան պակուցիչ զգայութիւններու մէջ որք հանճարի լուսեղէն ու համապարփակ վայրկեաններուն կը նմանին: Եւ կ’երթա՜մ, փոսփորափայլ. Իռենա, Իռենա, քենէ եկող արփային շառաւիղներէ հալածական թափանցուած, քենէ եկող անդրմանիշակ ճառագայթներէ շնչասպառ փոսփորափայլիլ զգալով., վառուելու, նշուլարձակելու հրեշտակային երանութիւն մը, հոգեւին աստղափայլելու շլացքներ զգալով:

Չի՜ գիտեր թէ ո՛ւր եմ, ի՛նչ կ’ըլլամ: Սրսփուն ամայի գիշերամուտին մէջ, միայնակ, ո՜վ իմ մելամաղձիկ խաղաղութիւնս, զքեզ կը տառապիմ, զքեզ կուլամ:

Իմ անձնաւորուած, իմ իտէանձնուած երկինքս, գիշերս, ունենամ, ցնորակոծ արբենամ զքեզ. կոյս մելամաղձութեամբդ արբշռի, հիահառաչ անդորրի՛ վայրենի խռովքս. մի՛թէ իմ յաւերժական իրաւունքս չես դուն. դուն որ իմ կատարելացումս ես, իմ սրբացումս, իմ հոգիացումս. մի՜թէ պէտք չէ՛ որ խառնուիս, տարրուիս ինծի. եւ ա՛լ ուրիշ կեանք չունենաս՝ իմ Եսս ըլլալէ զատ. ուրիշ ձեւ՝ իմ հոգիս ըլլալէ զատ. ուրիշ վայր չունենաս բայց եթէ իմ անհուն անէութիւնս. վերադարձիր ինծի. իմ արիւնէս, իմ մտածումէս, իմ հոգիէս բղխած երազ. անյիշատակ ատեններու մէջ ինձմէ խնկաթեւած հոգի. կը ճանչնամ քեզի. միթէ կը կարծե՜ս որ մոռցած ըլլամ անցեալ կատարելութեանս ատենի զմայլումս, աղօթքս որմէ գոյացար դուն. մի՛թէ կրնա՛մ մոռնալ իմ կենդանութիւնս. թօշնած վարդը մի՜թէ չի ճանչնար իր իւղի շիթը. թօշնած նարնջածաղիկը մի՜թէ իր ներոլակը չի՛ ճանչնար: Զքե՛զ հեւացած, զքե՛զ միայն եղած՝ ե՛ս միայն կ’ըմբռնեմ զքեզ. ըմպեմ, շնչեմ զքեզ. իւրախառնեմ զքեզ. վերստին նոյնանամ քեզի հետ. իմ երանութեան անցեալիս հոյզը. ո՛վ իմ միւռոնացումս:

Շրթունքներս քու շրթունքներուդ մերձեցնելով, հպելով փայլատակելէ առաջ, թափանցկացած, թալկացած, շնչեմ զքեզ. հիասոսկմամբ զգամ զքեզ., իմ իսկութիւնս, իմ արփս, երանականութեանդ հասած, մերձեցած ըլլալու զգայութենէս դողդոջեմ, լուսնոտիմ, սարսափահար իմ մահեշտանքս խայտամ խորհուրդիդ արբեցնորող բոյրին մէջ: Քու ճշմարտութենէդ, քու գոյութենէդ անէանա՛մ: Մի՜թէ կարելի բան է որ իմ մատներս հպած ըլլան քեզի. միթէ կարելի՛ է որ լսած ըլլամ ձայնդ, ու շունչդ շնչա՛ծ, քու բոյրդ խմած ըլլամ, քու բերանդ համբուրա՛ծ ըլլամ. ներէ իմ հէք կարօտիս. իմ պասքումիս. անյագենալի՛ երջանկութիւնս, անյագենալի ազատագրումս, զերծումս: Իրա՛ւ, համբուրա՞ծ եմ ես քու ծիրանի բերանդ. վա՜խ: Ներէ՜ քեզի հպելով զքեզ մարմնաւորած ըլլալուս: Ես վայելեմ զքեզ, այնպէս զքեզ շնչելով ինչպէս ադամանդը լոյսը կը շնչէ. ինչպէս նոճին գիշե՛րը կ’ըմպէ: Ա՛հ. ո՛րքան քաղցր ես. եւ ինչպէս կը տխրեցնէ՜ զիս քաղցրութիւնդ: Քու յուշացմանդ պէս քաղցր ես դուն. զքեզ կը սիրեմ իբրեւ թէ առ յաւէտ յուշացած ըլլայիր. կը սիրեմ զքեզ իբրեւ թէ մեռած ըլլայիր:

Անգամ մը նայուածքս ձեռքիդ հանդիպեցաւ: Քու ձեռքդ էր, տարօրինա՛կ բան. հալած, տժգոյն, տարտամօրէն կանաչորակ ձեռք մը. նայատի ալբաստրէ ձեռք մը, անտառային ստուերով մը սքօղուած, չեմ գիտեր ինչ էր ան. եւ աչքերս լեցուեցան, արցունքս պղտորեց նայուածքս, եւ լոյսին մէջ հոսեցաւ. քու գաղափարդ էր ան. հոգիս ողողող գաղափարդ. ճանչցա՞ր զինքը, ո՛վ հրեշտակս: Ի՛նչպէս կը ժպտիմ, մտածելով որ անտեղեակ ես ըրածներէս, գիշերը, երբոր լուսաւոր պատուհաններդ տեսնեմ: Գիտե՞ս թէ գաղտագողի կանգ կ’առնեմ ամայի փողոցին մէջ եւ պատուհաններուդ նշոյլին կը նայիմ, ամչնալով կը կենամ հոն քու պատուհաններուդ նշոյլին նայելու համար. զքեզ չտեսնելու, զքեզ զգալու համար: Պատուհաններուդ լոյսին զմայլումը դիտելու համար: Յետոյ կ’երթամ նոճիներու սենեակիս խաւարին մէջ, սենեակիս բոլոր տարաբաղդութեանը մէջ նստելու: Ըսե՞մ, հրեշտակս, թէ ինչ կ’ընեմ ես այն տեղը: Ծունկի կուգամ, կը կծկուիմ. գլուխս մահիճիս կը կռթնցունեմ, դէմքս գրկած, տառապագին, քու վրադ մտմտալու համար: Մտքիս լոյսերուն, յորձանքներուն մէջ կը կանչեմ զքեզ, կ’ընկլուզիմ, կը մղձկիմ քու ծանօթութեանդ չարչարանքին մէջ, ծանօթութեանդ խելացնոր տօնին մէջ. սիրտս ցաւալի կերպով կը տրոփէ. պաղատագին կը մտածեմ քու վրադ: Ի՜նչ կը խնդրեմ քենէ՜. ոչինչ. ոչինչ. իմ յաւիտենական ոչնչացումս. իմ կորուստս, իմ ծիւրումս ու ցնդումս, վախճանս. եւ քու ծագումդ, զեղումդ իմ անէացմանս մեծութեան մէջ: Քեզի կը պաղատիմ որ… մի՜թէ ես գիտե՛մ ինչ որ կը պաղատիմ քեզի. զքե՜զ կը պաղատիմ, ո՛վ իմ հոգիս. շնչասպառ եւ սարսռագին՝ բա՛ն մը չեմ ուզեր քենէ, կուլամ որ ըլլա՛ս դուն. ահա ասանկ կ’աղօթեմ քեզի, ծնրադրած. եւ ծունկերս ցաւ չեն զգար. գլուխս չաճիւնանար, կուրծքս չի կոտրիր: Արդեօք այս աղօթքը զքեզ կը նեղացնէ՞. արդեօք զքեզ մտքիս մէջ կոչելով, չքանալով, զմայլած սպառելով՝ որպէս զի հոն գաս դուն, չե՞մ բռնաբարեր քու ազատութիւնդ. քու կուսութեանդ խորհուրդը չե՞մ անարգեր իմ արու թշուառութեանս մէջ կանչելով տեսիլդ: Մի՛թէ դուն կրնա՞ս աղարտուիլ ասով, իմ լուսաննիւթ ոգիս, ո՜վ իմ արցունքովս ստեղծուած ստուերանոյշս. իմ արցունքիս ստուերանշոյլ սարսուռով, արցունքիս բարոյականովը բանաստեղծուած եազս: Դուն ուրիշ բան չես. քու մարմինդ ուրիշ բան չէ այլ քու հոգիդ, այլ իմ հոգիս: Իմ տառապանքս, քայքայումս՝ կը համադրէ զքեզ, ինձմէ լուռ հառաչներ կը քակուին, էութենէս պատառներ կը բրդին զքեզ կազմելու, զքեզ աւարտելու համար. ինձմէ սպառելով կտրուած լար մը քու դաշնակութեանդ մէջ զմայլելի շեշտ մը կ’աւելցնէ. իմ տագնապէս, մոլորումէս կ’ելլէ երկնային խաղաղութիւնդ. զմայլելութեա՜նդ խաղաղութիւնը: Որքան շնչասպառիմ, այնքան հոգի կ’ըլլաս դուն. կը հատնիմ, կը ցամքիմ, եւ կ’երկնածաղկիս դուն. ինչպէ՜ս իմ խորին աշունս քու հեշտաբոյր գարունդ կ’երազէ, իմ փտութիւնս ի՛նչպէս քու տադուրային բոյրդ կը սաստկացնէ. դուն իմ անէացմանս երանաւէտ կեանքն ես. միթէ իմ գերեզմանէս բուսած դրախտաբոյր ծաղիկ մը չե՛ս դուն:

Եղիր, իմ ցաւագին գոյութեանս մէջ քու գոյութեանդ ժպիտն իբրեւ անդրաշխարհային յոյս մը հոսելու., գոյութեանդ հեռաղու դաշնակութիւնը հեղլու իմ բուի լռութեանս խոռոչներուն, իմ տառապանքի բաւիղներուս մէջ, ուր վայիւններու մենաւոր արձագանգ մը կ’երկննայ, անլսելի, ու յաւերժական., եղիր, եկուր զիս արբշռութեանց առաքինականութեամբ նորաստեղծելու. ներշնչո՛ւմս, երազս, իմացականութի՛ւնս., ո՛վ իմ մելամաղձիկ փառքս., իմ իմաստս, իմ թրթռալու, ըլլալու գիշերայի՛ն պայմանս. առ յաւէտ իմ մէջս իջիր, եւ մի երթար, իջիր., հոգւոյս անուշաբոյր խորհուրդին մէջ, դուն որ անոր ոգին ես. ի՛նչ դող պիտի բղխի անկէ երբ հոն թափանցես դուն: Քու գալուստդ, քու էջքդ տօնելու համար արբշռութենէ մեռնի՛մ, ինչպէս գաղջութեան շառաւիղի մը մէջ կը մեռնի արցունք մը:

Եղիր ինչպէս որ ես, ինչպէս որ ծնրադրած բանաստեղծութիւնս, իմ իսկութիւնս կը զգայ թէ ես. մութ ու քաղցր եղիր, եւ անուշահոտ՝ գարնային իրիկուան բոյրէ ստուերի մը պէս, զոր ճենողկուզիներուն, լելակներուն մելանուշութիւնն, այծտերեւիներուն ամօթլեածութիւնը, զոր յորդ վարդերուն ծիրանի արբշռութիւնը լռութեան մէջ խորհրդածնին: Գարնան գիշերամուտի ստուերի մը պէս զգլխէ զիս երազանքիդ ամօթլեած ու վշտագին երանաբաղձութեամբ, տրտմութեանդ մեղեդիով արցունքներու մէջ թալացուր, խաղաղէ հոգիս. սպառիմ, հանգչիմ, նիրհեմ չքնաղ տրտմութեանդ երանականութեան մէջ. քու արտօսրիդ մէկ աննշմարելի շիթին մէջ հալին բոլոր տառապանքներս, ու բոլոր տգեղութիւնս ու անբարոյականութիւնս հալին, անէանան. իմ բոլոր Եսս անով օծուի. քու գոյութեանդ, քու կուսական տխրանուշութեանդ մէջ մկրտուի, նորաստեղծուի: Ներյատուկ, էական տրտմութեանդ նուիրականութեամբը պարուրէ իմ մոլեգնութեանս ցաւը., իմ բորբոքումս, տոչորուն խանդս սուզէ, ընկղմէ անուշաբոյր գիշերիդ պարուրման մէջ., իմ բոլոր բոցավառ առնականութիւնս ստուերային ու արտասուալի շնորհիդ մէջ քնացուր, ինչպէս օրը կը նիրհէ, կը մեռնի խնկաբոյր աստղալի գիշերին մէջ. ո՜վ իմ մահեշտանքս. վերջալոյսին պէս հատնիմ՝ զքե՛զ ըլլալու, քեզմով վերկենցաղելու համար., ի քե՛զ անէանամ. թշուառութեանս վերջին հառաչանքը, թափառայած կկուի վերջին հեծիւնը՝ աստղեր լացող լռութենէդ զմայլած հատնի, եւ արշալոյսի պիւլպիւլին պաղպաջուն հիացմամբը ծագի երանութիւնս: Վերջալոյսին պաշտամունքովը, զոհրայրքո՛վը, անհուն շառագոյն ծարաւովը կը տենչամ ստուերիդ, լռարտօսր, հեւաբուրող ստուերիդ մէջ կ’ըղձամ մարիլ, եւ յառնել. լռութեանդ ականակիտ արցունքին մէջ ընկղմիլ. մրտաբոյր անուշութեանդ դաշն հառաչանքին մէջ այերանալ. ո՛վ իմ կոյս յաւիտենութիւնս: Չե՞ս լսեր տխրաձայն ոռնացող սէրս որ կը կանչէ քեզի: Ահա գիշերը եկաւ. վերջալոյսը դեղներ է. վերջալոյսը կ’ոգեվարի. ա՜հ, վերջալոյսին խաղաղացումը, հոգիացումը, գիշերին սարսռալի հեշտութեան մէջ…: Ինչո՞ւ հոս եմ դեռ, ինչո՞ւ այսքան իրական եմ դեռ ես. մինչեւ ե՞րբ պիտի խռովի, սոսկայ հոգիս. ահաւասիկ օրը սպառեցաւ երկնային սիրուհւոյն ծոցը. եւ սակայն որքա՛ն վերջալոյսներ մարեցան այսպէս. եւ ես որքա՜ն կանչեցի զայն:

Երթա՜մ, ծածկաբար անոր մերձենալու. լուսաւոր պատուհաններն ի վեր սեւեռուելու. անոնց նայիմ: Մի՜թէ յանցաւո՛ր եմ:   աւարամած սենեակիս մէջ երթամ ծունկի գալու. սիրտս տատանի, բուրվառի պէս. եւ հոգիս խունկի պէս ժայթքէ անկէ՝ մինչեւ որ հատնի. մինչդեռ սիրտս խելացնոր դեռ ճօճի, դեռ ճօճի, մինչեւ որ կենա՜յ: Ա՛հ, լուսինը կը ծագի՜ լաժուարդ գիշերին մէջ. աստղերը կը թալանան հաճոյքէ. ի՛նչ գեղեցիկ գիշեր, ի՜նչ աղուոր կը մեռնուի հիմա. ո՜վ իմ Իռենաս, վասնզի ինչ աղուոր ըլլալու է հիմա սէրը: Շոճիներուն խորին մրմունջը կ’անցնի լռութեան մէջէն, լուսնագիշերին մէջէն. ալեգոյն ու խնկագոյն, հոգիի գոյն լուսնագիշերին: Ո՛հ այս ձայնը. այս սիրելի ձայնը. միթէ Հալքիի անտառին շշունջներէն առաջ չէի ճանչնար ես այս ձայնը. շա՛տ, շա՛տ առաջ…: Ահա նորէն կ’անցնի, փառաբանող, յաւիտենապէս մեռնող մրմունջը: Կարծես թէ ինձմէ կ’ելլէ. խոկուն անաշխարհային սարսուռ. իմ տրտմութենէս, իմ լարերուս խորհրդազգածութենէն կը հառաչուի. իմ դաշնաւոր սպառումս է. իմ անդուլ մահէս, իմ արբշիռ ու անմահ ոգեվարէս կ’եթերանայ. եւ բոլոր անցաւոր տենչանքներուն երգերէն ետքը յետին ու անհուն տենչանքի մը ձայնն է. ա՛հ. ադամանդեայ, արփային մաքրութի՛ւնը զոր կը պատմէ ան. երանազեղ երկրաժեշտը. մեծ լուսատարր գիշերը. մեծ աղջը. մահուան, սիրոյ կուսութի՛ւնը՝, լուսնագիշերին բիւրղապալատին, եթերէ պաղպաջունքին մէջ: Ո՛վ իմ Իռենաս…:

Ա՜հ, նա՛, ա՛ն է… շոճիին բարձունքը առկախ, սարսռագին. Իռե՛նան. լուսեղէն, թափանցիկ, արփային, եւ իրական, իրական. իմ հոգւոյս աղջէն, լուսնագիշերէն հիակերտուած Կոյսը, վերեւս ծխասփիւռ., փայփայանքէ, սիւքէ շղարշի մը մէջ պարուրուած, կերպարանքը ամպագոյն, բուրումնային., գիշերագոյն մազերու վէտքերով խորհրդապսակուած., անրջօրէն, հեւօրէն մեղոյշ շրթունքն երանութեամբ նուաղագին, անէագին., սքօղուն արտեւանունքէն իմ պշնումիս մէջ իր հայեցուածքին գիշերի օծութիւնը կաթելով…– շոճիին սօսաւիւնին մէջ սաւառնած, իր հոգեղինութեան բոլոր երկնայնութեամբը զուտ, ու զերծ, այնպէս ինչպէս որ գոյացած է հոգիէս, ինչպէս որ բղխած է Աստուծոյ Հոգիէն, եւ ինչպէս իմ նոյն հոգիս զգացած, ընդնշմարած էր զայն, իմ երկնային քոյրս: Եկա՜ր. իմս ես. այնպէս չէ՜. կը սիրե՜ս զիս.., Անհունին կորիւնը, հսկայորդին, որ կը կանչէր քեզի. կը լսե՜ս սրտիս թոպումը. ես քեզի կը ճանչնայի շատոնց. դարերէ ի վեր..: Նայէ ինչ պիտի ըսեմ քեզի. կը պաղատիմ քեզի. զքե՛զ կը տառապիմ, զքե՛զ կը հեծկլտամ. զքե՜զ կը դողամ. մահուա՜ն պէս իրականացող բաղձանքս. մտիկ ըրէ. զքեզ այնքա՛ն ատենէ ի վեր կը սիրեմ. իմ ճշմարիտ, ճշմարիտ երանութիւնս. նայէ, Տիեզերքին ներկայութիւնն է… թող անհուն թափանցիկ գիշերը մեր առագաստն ու խորանը ըլլայ. մեր անմռունչ գրկախառնումը՝ թող մեր պակուցեալ աղօթքն ըլլայ առ Աստուած…: