Նոճաստան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՊԱՅԾԱՌ ՕՐ

5, 7.

Տմոյն բուներով որ կարծես չեն խորհեղոյս,

Նոճեաց հոծ կոներն երկրիս կը թուին անհաղորդ.

Հոս ցանցառ, հոն սեռն, ելեւելեր են ուղղորդ,

Գերագոյն շնորհի կուսամբարձմամբ երկրախոյս.

Իրենց վերհանգրէճ խաժ ծալքերով թխպայորդ

Արեւէն ցըյագ կ’ըմպեն զմրուխտ խըրախոյս.

Պայծառ միջոցին, բիւր ջինջ աւուրց ալ ի յոյս,

Արբշիռ հսկայից վստահութեամբ անդըղորդ.

Մշտերիտասարդ, բոցականաչ յարաժամ,

  նկայեղց յաւէտ՝ ներշնչումով անթարշամ,

Կ’ամբառնան ուղփին ոսկելաժուարդ տըւընջեան.

Եւ չեմ նշմարեր, ի՛նչ աղերսով մը խորին,

Իղձեր հոգւոյս մէջ արտասուագին կը բերկրի՜ն

Ի տես նոճերուն խաղաղաբերձ հեշտութեան:


11 Դեկտ. 1907