Այլ բանաստեղծութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԼԷՏԻՆ

Շէկ ծառերուն տակ, երբ անոնց մէջէն

Կը մաղէ արեւն իր ցոլքն իրիկուան,

Մենաւոր պայտեր, դանդաղ, կը հընչեն՝

Ու չոր տերեւներ շըրշիւնով կ’իյնան…

Ձիուն վրայ ճերմակ, Լէտին կ’երեւի,

Սուզելով տըժգոյն դէմքն անտառին տակ,

Ու ձին յամրընթաց, լանջով կորովի

Իր քայլով կ’օրրէ աղջիկն ըսպիտակ:

Անդորր մենութեան մէջ արահետին

Ուր մէկ քանի հուսկ շողերու տակ վարդ

Կ’իյնան շուքին մէջ տերեւներն յետին՝

Կ’անցնին տըրոփիւնն ու աղջիկն հանդարտ:

Եւ այդ նայուածքէն՝ այդ դէմքէն դալկնոտ

Եւ մութ ծալքերէն հագուստին կոյսի

Անպատում նըշոյլ մը, բան մը աղօտ

Ըստուերներուն մէջ մեղմիւ կը հոսի…

Եւ ես խառնըւած աճող շուքերուն

Սըրտիս մէջ կ’ըզգամ դողալն այդ լոյսին…

Հոգիէս կը թռի հառաչանք մ’անհուն

Հալելու անբաւ Շնորհին մէջ կոյսին:

Անօսր հոյլերն ալ գօս տերեւներուն

Ծառերուն ոտքին՝ կը թափթըփին վար,

Եւ անձնիւր քայլին, տըրոփը ձիուն

Կը փըշրէ հեծող տերեւը տըկար:

Հոս սըրտիս տըրոփն ալ, ուժգին, աւա՜ղ,

Կը զարնէ կուրծքիս… բայց կ’երթայ Լէտին.

Իր ուրուանըկարն կը դողայ նըւաղ

Հեռո՜ւն, աշնահար ծառերուն ետին…

Կը բաբախէ կուրծքս… արձագա՜նգն անզօր

Ձիուն տըրոփին, աղջկան դալկահար,

Ու սըրտիս անձնիւր հարուածին տակ խոր

Կը մեռնի ահա այս անուրջն յիմար…

 

1893