Յօդուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Զ.

Խմբագրապետն իրաւունք ունի զգուշացնելու «նոր սերունդը՝ Ինտրայի գրական սկզբունքներէն»: Մանաւանդ որ չենք կրնար «Ներաշխարհ»ը բացարձակապէս զերծ համարիլ արուեստակեալ պարբերութիւններէ, որք մերթ ուռուցիկ են կամ ճոռոմ, մերթ euphuiste ու précieux, բայց որք սակաւաթիւ են իրօք, եւ կը վերաբերին գրքին հնագոյն նախագիր հատուածներուն: Ճոխութեան ու մանրամասնութեան սէրն անոնց մէջ կը հասնի մերթ անարժէք սեթեւեթներու. այսպէս, Ինտրա անտեղօրէն կ’ըսէ. «Տարաշխարհ՝ ուր կատարելութիւնը փթթի, երկնածաղկի» (էջ 58), հնոց երկնածաղիկ բառէն: «Իր շուրթին հրավառ հմայքը կը բաժակէ, իր ակնարկին լոյս սլաքը կ’աչէ» (համբարու Ալքոլը), նաեւ, «Յաւերժութենէն զգայութիւններ կը մանեկէ կը դրասանգէ մտքիս» (102). տեսակ մը précieux լեզու, բայց որու համեմատելի գրեթէ ոչինչ կրնայ գտնուիլ դեռ «Ներաշխարհ»ին մէջ: Այլուր՝ ամբողջութիւններ ընդգրկելու սէրն է որ կը հասնի մինչեւ ճոռոմութեան. «Խաղաղութեան ովկէաններուդ իտէական անհունութիւնը» (89). «Ուր Անհունը կը հոծուէր» (98). «Ներքնապէս սաւառնաթե՜ւ» (23). «Նոճիներուն վերթեւումին մէջ իտէականութեան ի՛նչ ծով մը կը տանջուի» (29). ո՛հ, ո՛հ. հիանալի նմոյշ ուռուցիկ ոճի (style ampoulé): Փոխաբերական այս ծովն, իրաւ, դրուած է հոդ իբր փոխանցում նոճիներու շշնջիւնէն Սեւ Ծովուն յիշատակին, բայց ասիկա ոչ հերքում՝ ոչ արդարացում կրնայ ըլլալ այդ իրական արուեստակութեան: Ուրիշ տեղ մը՝ (31) «Էութեանս ամենէն վերացող տարրերուն հաւաքական կոչը» կ’ըսէ՝ եւ յայտնի է թէ կ’ընդունի այս բռնի ձեւը՝ զի այդ «կոչ»ը պիտի նմանցնէ Քսենոփոնի զօրականներուն «Ծո՛վը, ծո՛վը» միահաղոյն աղաղակին: Բայց այդ նոյն (31) էջին բոլոր միջին մասը, որ կը սկսի «Գիտակցութիւնս» բառով եւ կ’աւարտի «պիտի սարսռագին տեսլահարիմ տակաւին» խօսքով, եւ ուր կը գտնուի այդ «կոչ»ն ալ՝ մէկէ աւելի անգամներ ուռուցիկ է: Այդ կտորը champignonnière մ’է մեծ ու պզտիկ ուռոյցներու: Ասոնք, եւ իրենց նմանները շատ հազուադէպ չեն «Ներաշխարհ»ին հնագոյն էջերուն, այսինքն հեղինակին երիտասարդագոյն օրերու գրութեանց մէջ, ուր աւելի ինքնաբերութիւն ու ստեղծում կայ քան թէ տաղանդ, ուր աւելի աւիւն կայ քան թէ արուեստ: Եւ ուրի՛շ բան է ըսել ուռուցիկ կամ չափազանցեալ բացատրութեանց սակաւաթիւ դէպքեր՝ ուրի՛շ է ըսել կամ ըսել ուզել տիրող ու յատկանշական ճոռոմութիւն. ինչպէս որ ա՛յլ է քննադատ ըլլալ՝ ա՛յլ է պարսաւագէտ. եւ ա՛յլ է ուսումնասիրել՝ ա՛յլէ կրճտիւնի նմանող որակականներ տեղալ: Ո՛չ Պէրպէրեան, ո՛չ Ելքէնճեան, ո՛չ Խմբագրապետն, եւ ո՛չ ուրիշ նշանաւոր ընթերցողք որ իրենց դատաստանն յայտնած են հեղինակին, կը խորհին ճոռոմ գտնել «Ներաշխարհ»ի լեզուն. զի սիրահար են մեծին, եւ զԻնտրա կը նկատեն ազգակից մը ի վեհապաշտութիւն. եւ վասն զի զօրեղ նկարագիրներ են՝ որո՛ց եւեթ կարելի է ի խնդիր ելլել մեծին եւ ընտանենալ անոր հետ: Կ’ուզէի որ մեր այլ գնահատիչք որք այնքան դիւրապատրաստ են իրենց ծանրակշիռ իրենց կիրքերով ծանրաբեռնեալ դատաստաններն հանրութեան ընձեռելու, հաճած ըլլային ապացուցանել այս գրքին ճոռոմութիւնն ու յայտնել թէ ո՛րն է ստուգիւ աւիւնին ու վեհազգածութեան լեզուն, յուզման ու պաշտամունքին ոճը: Մեր պատին տակ մոլաբուսած փոքրահասակ ու գարշահոտ ելանդոսներ կան որ պատուհաններուն դէմ կանգնած նոճերուն սօսաւիւնը ճոռոմ կը գտնեն:

Հա՞րկ է արդեօք ըսել թէ Ինտրայի լեզուն ճապաղ ալ չէ: Վասն զի ի՞նչպէս իր ամփոփիչ ու միաւորիչ տեսողութիւնն այդպիսի խեղճութեան մը թոյլատու կրնար ըլլալ: Միութենէ ու կապէ զուրկ այդպիսի ցրուում մը ի՞նչ օրէնքով կրնար պատահիլ «Ներաշխարհ»ի մէջ որ կազմուած է ճոխ ու հոծ ամբողջութիւններէ, վերլուծեալ կամ համադրեալ մտապատկերներէ, ընդհանուր գաղափարներու մէջ միացեալ շղթայեալ տեսիլներէ: Արդեօք Ինտրայի երկարաձիգ պարբերականներո՞ւն կ’ակնարկուի. այն նախադասութեանց՝ ուր անուշադիր ընթերցողն ինքզինքը Լաբիւրինթոսի մը մէջ կը զգայ թերեւս, եւ ուրկէ չի գիտեր ի՛նչպէս ելնել: Բայց ճիշդ այդ պարբերականք են որ ամենեւին ճապաղ չեն կրնար եղած ըլլալ, քանի որ նախադասութիւններ են՝ իրենց էական ու երկրորդական մասերով ամբողջ: Ամեն ինչ անոնց մէջ իր քերականական դիրքն ու պաշտօնն ունի, եւ կատարելապէս կը կապուի Տէր-բայիին ու բային: Բաւական տարօրինակ բան մը պիտի ըլլար գոյակցութիւնը պարբերականներ խորհող ուշադրութեան մը եւ անոնց տարրերը չկապող մտազբաղութեան մը. զիրար ժխտող բաներ են ասոնք: Կե՞ղծ են արդեօք այդ պարբերականք. բռնագործութիւննե՞ր. անտեղի եւ անյաջող tour de forceնե՞ր: Այն ատեն ի՞նչպէս հաշտեցնել այդ նախադասութեանց անբնական, անինքնաբեր շինուածքն Ինտրայի նիւթերու թէ ոճի հարազատութեան ու անկեղծութեան հետ որոց մասին խօսեցանք: Արդ, այդ երկայն նախադասութիւնք որ հարեւանցի ակնարկով կրնան բռնազբօսութենէ ճապաղած ֆռազներու բառակոյտ մը թուիլ՝ կատարեալ ինքնաբերութեամբ արտադրուած եւ սերտիւ կապակից պարբերականներ են: Տեսէք այն հատուածն ուր հեղինակը կը պատմէ Խենթին Ձայնը որ կը լսուի տախտակորմին ետեւէն (էջ 141): Ի՛նչ անվերջ պարբերութիւն: Յիմարին քարոզը սակայն՝ անկապ գաղափարներու խօլ շարք մ’է, անվերջօրէն հոսուն. եւ մանաւանդ թէ յստակօրէն լսելի ալ չէ. ինչ որ որոշապէս զգալի է՝ Ձայնն է միայն, որ այլեւայլ ելեւէջներ, ընդհատումներ, հարցականութիւններ, այլազան եղանակաւորումներ կ’ունենայ, պահելով միշտ իր ինքնութիւնն, իր էութեանն ու ընթացքին միութիւնը: Ի՞նչպէս կրնայ պահանջուիլ որ Ինտրա այս անվերջ ձայնին իր վրայ ըրած տպաւորութիւններու շարքը տրոհէ՝ մինչդեռ կ’ուզէ եւ կրնայ զայն նոյնութեամբ հաղորդել նաեւ ընթերցողին: Ինչ որ իր զգայարաններէն կ’առնէ եւ ինչ որ կը խորհի՝ իրենց կապակցութեամբն ու խաղացքովը կը վերակերտէ Ինտրա: «Ոչ միայն իր զգացածներուն իսկութիւնն, այլ նաեւ անոնց գոյացման ձեւը» կը պահէ, (Տես Ծանօթութիւնը), եւ ասիկա՝ յանուն բնականին, վասն զի բնականօրէն: Այդ հատուածին մտապատկերներուն շղթայեալ անցքը պատկերացում մ’է Ձայնին ո՛ր միայն տեւական գաղափարն է այդ էջին վրայ, ինչպէս իրականին մէջ ալ՝ ունկնդրող ու մտածող Ինտրային գլխաւոր ու տիրող զգայութիւնն է լուռ գիշերին մէջ: Ուրիշ էջի մը վրայ (26) իր յուշերուն անցքը կը պատմէ. եւ իր լեզուն ալ կը նմանի այդ երկարաձիգ իրողութեան: Տեսէք նաեւ Զանգակին մասին իր ըսածները (147). Զանգակը կը հնչէ, կը հնչէ, եւ Ինտրա կը խօսի, կը խօսի: Իրողութեան շղթայեալ շարունակութիւնն է որ կ’արտադրէ հեղինակին մտածմանց շարայարեալ ընթացքը: Հոն ուր կը պատմուի յիմարի մը զայրոյթը (139), հոն ուր «Սուրբ Աստուած» երգը կ’երգուի (162), այն էջին վրայ ուր Ինտրա կը պատմէ իր դեգերումը Բանգին խուզարկութեան համար (187), այն էջերուն մէջ ուր (221-229) Արեւելքի տեսիլները կը նկարագրէ՝ այսինքն երբ նկարագրելի իրողութիւնն է որ կը շարունակուի կամ նկարագրողն ինքն է որ կը տեղափոխուի՝ Ինտրայի նախադասութիւնք կ’երկննան, եւ կը պահպանեն այս շարժման տեւողութեան զգայութիւնը: Եւ ո՛չ միայն նկարագրողի մը համար բնական է այս երկարաձգումն, այլ եւ արտայայտութեան ժողովրդական ձեւ մ’է, իր սկզբունքին մէջ գոնէ. եւ Ինտրայի Մայրն, օրինակի համար, «կը վազէ» ըսելու համար ազ վանկը կ’երկնցնէ՜: Ինտրայի իմաստասիրական երազանքներուն պարբերականներն ալ, այս բնականութեան տակ կ’իյնան, ըլլալով միեւնոյն ատեն արդիւնքն ինչպէս այլուր ըսինք՝ հեղինակին վերլուծող-համադրող եւ բովանդակներն (ensembles) ընդգրկող իմացականութեան: Կան գրագէտներ որ իրենց մտածումները կը կտրատեն, կը վերջակէտեն զանոնք: Այս եղանակը կարելի չէ պահանջել ամեն գրողէ. զի կան ուրիշներ ալ որոց խորհելու եղանակն երազողութիւն մ’է. որոց նախադասութիւնն անդուլ կը յառաջանայ, կը ճիւղաւորի. կարծես ինքզինքին, իր զառիվարին թողուած: Ոմանք կը սանձեն, կը հպատակեցնեն իրենց խորհրդածութիւնները. զգալի կ’ընեն թէ տէրն են անոնց. կարծես վախնային զանոնք իրենց ճակատագրին թողլով ճապաղեցնելէ: Այլք կը թողուն որ խորհրդածութիւնն ընթանայ, ինքնագլուխ, ոլորապտոյտ թափառի, հոս աճի ու ծաւալի, հոն սպառի ու անհետանայ. կարծես չկարենային իշխել անոր, եւ տարուէին իսկ անկէ: Բայց ինչպէս որ կտրուկ ու զուսպ ֆռազներուն գրագէտը վախցած չէ զանոնք ճապաղելէ ցրուելէ, նոյնպէս երկարաձիգ պարբերութեանց գրագէտը թողած չէ զանոնք իրենց ընթացքին դիպուածներուն, եւ տեսողութեանն առջեւ ունի նպատակն ուր կը մղէ զանոնք, կամ ուր կ’երթան անոնք իրենց ներքին տրամաբանութեամբ, իրենց ճշմարտութեամբ: Ապահովապէս բնութենական մ’է այն գրագէտն որ իր մտածման թոյլ կուտայ ընթանալ ու ճիւղաւորուիլ ամեն աճուն ու ծաւալուն բանի պէս, առուի մը, բոյսի մը պէս, գործարանաւորութեան մը պէս. ամեն հանդարտօրէն կամ բնօրինապէս (normal) կենսալի բաներու նման: Եւ նոյն իսկ աւելի անբնական չէ՞ խորհրդածութիւնը կտրատել, փոքր հատուածներու բաժնել զայն, անդուլ վերջակէտել՝ երբ կիրք մը չկայ որ ոստիւններ, ընդհատներ պատճառէ ֆռազին, որ հատկլեալ ու հեւ ի հեւ ընդոստութիւն մը տայ անոր: Եւ եթէ այդ կտրուկ նախադասութեանց ոճն ոչ ոք անբնական կը համարի, ինչէ՞ն պարբերականներուն ոճը բնական չնկատուի, եւ նոյն իսկ մերթ աւելի բնական: Եթէ ներելի է ոճի մը, նմանիլ անջատ անջատ կտորներով գործող ճարտարապետութեան մը, ի՞նչպէս արդեօք ներելի չէ որ գտնուի նաեւ ոճ մը՝ անանջատ տարրերով նկարչութեան մը նմանող: Եւ գեղարուեստներէն ո՞րն է որ աւելի համաձայն է բնութեան ու բնականին՝ քան նկարչութիւնը:

Բայց, Ինտրա, սիրահար նկարչական միութեան, ունի մէկ երկու հատուածներ որոց մէջ կը մեղանչէ իր այդ սկզբունքին դէմ: Ստուգիւ, իր գրքին մէջ միտքէ չանցած տեղուանք կան ուր աւելի կամ նուազ ճապաղութիւն կարելի է տեսնել: 172-174 էջերը, ուր իր հօրն հետ ունեցած յարաբերութիւնները կ’ուզէ պատմել Ինտրա՝ կը ներկայացնեն տեսակ մը անկարգութիւն, եւ նոյն իսկ մտածման սխալներ որոց մայր գաղափարն է սա. «Անընդհատ կը ծնէր զիս. եւ շարունակ սպառեցաւ»: Այս դատաստանն ուղիղ չէ բնաւ. իրականութեան համաձայն չէ: Չեմ համարձակիր ժխտել ճապաղութեան նմանող վիճակ մը նաեւ՝ հաշշակերութեան մասին խօսող էջին վրայ՝ (233) ուր այդ արբեցութիւնը ներբողելու կամ պարսաւելու համար Ինտրայի զգացած վարանումը պատճառ կ’ըլլայ որ հնդկանեփին մասին իր դատաստանք կարգի մը հետեւած չըլլան: Վերջին սիրային բաժնին մէջ այն հատուածն որ «Շրթունքներս» բառով կը սկսի, թոյլ կապեր ու խարխափող ընթացք մ’ունի: Եւ Ելքէնճեան անտարակոյս թոյլ կուտայ որ ներեմ իրեն իր «ճապաղ» բառը զոր գործածեց իր արտագրած մի քանի մթին նախադասութեանց մէջ, որոշ կապի մ’անտեսանելութիւնն անշուշտ ցոյց տալու համար: