Աւերակներուն մէջ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Դ.
ՈՐԲԵՐԸ

ՀԱՅ ՄԱՅՐԵՐՈՒՆ

Հա՛յ մայրեր, ձեզի կը նուիրեմ՝ այս գրութիւնս, ինչպէս ահաւոր եւ անպատմելի աղէտը` ձեր խնամակալութեան, ձեր սիրոյն կը նուիրէ հազարաւոր որբացածներ: Իրենց անունը լսած ատեն մի՛ խորհիք այնպէս, ինչպէս սովոր են խորհիլ հեռաւոր եւ տարտամ դժբախտութեան վրայ. այլ իւրաքանչիւր որբի մէջ ձեր զաւակը տեսէք ու ամէն մէկ հատի համար առանձին տառապեցէք, ու ձեր սիրտերը լայնօրէն, անսահմանօրէն բացէք այս անակնկալ, այս վշտագին մայրութեան:

Դեռ Մերսին չհասած, ճամբորդութեան միջոցին իմացանք թէ Ատանացի որբեր կան պատսպարուած Իզմիրի մէջ Գերմանական որբանոցը: Երբ Իզմիր հասանք, ցաւագին, ջղագրգիռ անհամբերութիւն մը զիս մղեց տեսնելու այդ քսան եւ վեց որբերը. ասիկա մեր առաջին հանդիպումը եղաւ արկածեալներու հետ:

Մայրապետը, նիհար, ազնուական դէմքով կին մը, մոխրագոյն մազերով, երկարօրէն պատմեց մեզի այրիացած մայրերուն յուսահատութիւնը, ոմանց սրտմտութիւնը եւ գրեթէ ամէնքին վարանումը իրենց զաւակները յանձնելու մէջ:

«Առաջին անգամ, երբ լսեցի Ատանայի դէպքերը, պարտական զգացի ինքզինքս տեղին վրայ գտնուելու, անմիջապէս ճամբայ ելայ հայ օրիորդի մը հետ, որ 95-ի դէպքերուն որբացածներէն էր եւ որ հիմա իմ լաւագոյն օգնականներէս մէկն է… Մեր missionը տաժանելի ու դժնդակ էր. երեւակայեցէ՛ք անգամ մը. Ատանա այդ միջոցին դժոխք մըն էր. դեռ տաք մոխիրներուն վրայ ոգեւար մայրեր, վիրաւորուած եւ խեղանդամ մայրեր, իրենց զաւակները կը յանձնէին մեզի, սիրտներնին հանգիստ մեռնելու համար: Յաճախ անմիջապէս կը զղջային… մեր ետեւէն կը գոչէին ու իբր թէ իրենց զաւակը յափշտակած ըլլայինք իրենց գիրկէն, սրտմտած ու ցաւագին աչքերնին մեզի յառած կը պաղատէին, որ մանկիկը վերադարձնենք: Անհրաժեշտ էր անխոնջ համբերութեամբ համակերպուել իրենց փոփոխուող տրամադրութիւններուն:

«Մեր քովը կը մնային այն տղաքը, որոնք ծնողքնին կորսնցուցած, վիրաւոր եւ կիսամերկ կը թափառէին աւերակներուն մէջ. երբեմն նոյնիսկ այս փախստական փոքրիկները, այս ահաբեկած եւ ուղեկորոյս որբերը կը գտնէին իրենց մայրերը, երեսնին արիւնով ու փոշիով ծածկուած կիներ, աչքերնին կուրացած արցունքէն, յաճախ վիրաւորուած, տաժանելիօրէն կուգային եւ զաւակնին ետ կ՚առնէին, երբեմն կը հայհոյէին, երբեմն կը սպառնային մեզի, մատակ առիւծի ուժգնութիւններ կար իրենց շարժումներուն եւ խօսքերուն մէջ… նոյն այդ կիները երկու օր ետքը վատուժցած անօթութենէ եւ վատթարացած ֆիզիկական ցաւերէ, կը բերէին իրենց զաւակները ու կրկին կը յանձնէին մեզի ու այլեւս, առանց խօսելու, ետ կը դառնային:

Այդ մայրերէն շատեր մեռած էին վերջէն:

Երբ մայրապետը մեզ կ՚առաջնորդէր դէպի այն սրահը, ուր Ատանացի որբերը պիտի գտնայինք, նրբանցքին մէջ հանդիպեցանք երիտասարդ սիրուն աղջկայ մը, որ երկու տարեկան տղեկ մը ունէր գիրկը: Երկուքն ալ որբ էին, եւ առաջին դէպքերու հայ որբուհին` մայրութիւն կ՚ընէր երկրորդին:

Գլուխը մէկ կողմ ծռած, աչքերը մթին ու անսահմանելի խռովքով մը լեցուն այդ մանկիկը, դաժան ու կասկածոտ, ակնարկը սեւեռած էր գետին:

Երբե՛ք, այն օրէն ի վեր, որ զինքն առէր էին դիակնացած հօր գիրկէն, երբե՛ք գլուխը չէր բարձրացուցած եւ ոչ մէկ օր իր մանկական աչքերը չէին ժպտած. ի՜նչ անօրինակ եւ իր երախայի հասկացողութեան հետ անհաշտ պատկեր դրոշմուած էր իր մատղաշ ուղեղին մէջ. ի՞նչ տեսած եւ ի՞նչ յիշատակ պահած էր տեսածէն. ի՞նչ ցաւով էր, որ կը տառապէր այդ հէք տղեկը, ան ի՞նչ սրտմտութիւն էր աշխարհի ու մարդոց դէմ ու ի՛նչ խորունկ, անյատակ իւրայատկութիւն կար իր թոթովելու անվարժ շրթունքներուն վրայ:

Գիրուկ էր ու գեղեցիկ, ճակտին վրայ խարտեաշ խոպոպիկներ կ՚իյնային, կարծես դեռ խոնաւ մօրը համբոյրներէն: Ո՞ր գիրկէն խլած էին այդ տխուր ու դժբախդ մանկիկը, ո՞ր մայրական գուրգուրալի ուշադրութիւնէն, երազներէն, յոյսերէն ու հպարտութենէն զրկած էր զինքը թշնամին, որ իր ատելութեան անողոք կնիքը գտած էր վշտացած շրթունքներուն վրայ. որովհետեւ դաշոյնի հարուածի երկար սպի մը կ՚երեւէր այտին վրայէն մինչեւ շրթունքը:

Լեզու ելա՞ծ էր արդեօք, կը յիշէ՞ր այն խանդաղատանքը, այն մեծ ուրախութիւնը, որով իր հայրն ու մայրը ողջունած էին իր առաջին վանկերը, իր ծնողքին սուգը պահելու համա՛ր էր, որ կը մերժէր օտարներու քով արտասանել զանոնք:

Անոնք որ տեսան զինքը` անկարող պիտի ըլլան մոռնալ այլեւս այդ անմխիթարելի վիշտով համրացած տղեքին պատկերը, ամբողջ ցեղին մանկութիւնը տխրած էր անոր աչքերուն մէջ…

Մնացեալ որբերը, հինգէն տասը տարեկան, հաւաքուած էին դասարանի մը մէջ. ամէնքն ալ անջնջելի կերպով կը կրէին արհաւիրքի ու վիշտի հետքերը` իրենց արեւէն այրած դէմքերուն եւ արցունքի յաճախումէն կարմրած կոպերուն վրայ: Ամբողջ ցաւի, կարօտի աշխարհներ կ՚ընդնշմարուէին երբեմն իրենց սեւ եւ ցաւագին աչքերուն ու յիմարական ժայթքումներ` իրենց նայուածքներուն մէջ. հրդեհուած քաղաքին բոցերն էին, որ կարծես կը պարէին իրենց յիշողութեան առաջ ու տղաք այդ րոպէներուն կը զգուշանային իրարու նայիլ:

«Սկսած են մոռնալ ու սովորական կեանքի մէջ մտնալ», կը հաստատէր մեզի մայրապետը: Բայց չէ՛, անոնք չէին մոռցած ու մանաւանդ իմանալով, որ դէպի Ատանայ պիտի երթանք, բռնուած անզսպելի վշտի տագնապէ մը` սկսան լալ հեկեկալով, ու իրենց փոքրիկ մարմինները, զրկուած մայրական գգուանքներէ, կը գալարուէին յուսահատօրէն նստարաններու վրայ:

Իրենց ցաւը չարծարծելու համար որոշեցինք հեռանալ, բայց իրենց խելայեղ նայուածքն արցունքի ամպի մը ետեւէն կը հետեւէր մեզի, կը կառչէր մեզի ու չէինք գիտէր այլեւս թէ պարտական էինք իրենց մօտ մնա՞լ թէ մեկնել:

Հեռանալէ առաջ` փափաքեցանք տեսնել երկու փոքրիկներ, որոնք տենդէ բռնուած էին ու մայրապետը մեզի առաջնորդեց անոնց քով: Ճերմակ եւ մաքուր սաւաններու մէջ երկու թխորակ գլուխներ կը հանգչէին. մեռելային տժգնութիւն մը երեւան կը հանէր իրենց յօնքերուն եւ թարթիչներուն սեւութիւնը, շրթունքները կապուտցած, պրկուած էին ջղաձգօրէն: Սարսափով խորհեցայ այն մղձաւանջներուն վրայ` որով այդ տենդէ բռնուած պզտիկ ուղեղները տանջուած ըլլալու էին. երկուքին ալ մայրերն այրած էին Ժեզուիթներու դպրոցին մէջ ու տղաքը հրաշքով ազատուած, մէկուն այտը խոռոչացած էր գնդակի հարուածէ մը:

Ու այդ երկու մարտիրոսացած պզտիկներուն մօտ աթոռի մը վրայ կտեսնեմ պուպրիկ մը. ի՞նչ անյագուրդ մնացած ու մեզի անծանօթ խանդաղատանքի ու սիրոյ ծարաւ է, որ այդ որբացած աղջիկները կը փոխադրէին անշունչ խաղալիքին վրայ:

Ուզեցի, որ աչքերնին բանային ու տեսնէին մեզ, տեսնէին մեր կարեկցութեան մերձաւորութիւնը. ուզեցի, որ իրենց մայրենի լեզուով բառեր լսէին, ու իրենց խօսէինք այնպէս, ինչպէս իրենց ծնողքը պիտի խօսէին:

Բայց տենդի սաստկութենէն ծանրացած, անոնց աչքերը փակ մնացին մինչեւ մեր մեկնած պահուն:

٭٭٭

Երբ Մերսին հասանք` արդէն պատրաստուած էի ամենամեծ դժբախտութեան պատկեր մը տեսնելու, իմ երեւակայութիւնս` տանջուած Իզմիրի մէջ տեսած որբերու յիշատակէն՝ սարսափելի համեմատութեամբ իրականութեան մը կը սպասէր: Բայց ինչ որ տեսայ` վեր էր ամէն երեւակայութենէ. ինծի դժուար է ամբողջական գաղափար մը տալ. բառերը իրենց առօրեայ եւ ընթացիկ իմաստով անկարող են արտայայտելու ահաւոր անպատմելի երեւոյթը, որ իմ աչքերս տեսան:

Այն օրերուն` երբ հրդեհէ ազատողները հրացաններու գնդակներուն զոհ կ՚երթային, այն օրերուն` ուր սարսափահար եւ խուճապի բռնուած մարդիկը ոտնակոխելով տկարներն ու անկարողները, ինքզինքնին ազատել կը ճգնէին, տղոց մեծ մասը բաժնուած իրենց ծնողներէն` ցրուած էին ասդին անդին: Պատրիարքական առաջին պատուիրակութիւնը մաս առ մաս հաւաքելով զիրենք ղրկէր էր Մերսին` պատսպարելու ազգային վարժարանին եւ եկեղեցիին մէջ, որպէս զի, հեռու աղէտավայրէն, այդ հէք մանկութիւնն աստիճան մը մոռնայ ահռելի օրերուն յիշատակը ու որբերուն ոտքերը չկոխեն այն հողին վրայ, ուր իրենց ծնողին արիւնը թափուած էր:

Շատեր պատմեցին իրենց հասնիլը, գրեթէ մերկ կամ ցնցոտիներով ծածկուած, որոնց վրայ յաճախ իրենց մօրը արեան հետքը կար. գլուխնին բաց, աչքերնին մոլորած, խումբերով կը մտնէին Մերսին ու իրենց բոպիկ ոտքերուն հանած փոշիին մէջ` իրենց մարմիններէն արտաշնչուած քրտինքի եւ աղտեղութեան հոտը կը ծածանէր երկար ատեն:

Երբ զիրենք հաւաքէր էին եկեղեցին, անոնք դեռ ահաբեկած` չէին խօսէր, չէին լար: Սարսափն այնքան մեծ էր այդ տղեկներուն մէջ, որ, ո եւ է մարդ տեսնելուն, կը դողային ջերմէ բռնուածի պէս: Մարդիկ` այդ մատղաշ եւ անմեղ տղոց երեւակայութեանը կը ներկանային մէկ ձեւով մը. անոնք ամէն մէկ չափահաս այրի մէջ ոճրագործ մը կը տեսնէին, սարսափելի նմանութիւններէ կը մոլորուէին, ահաւոր պատկերներ կը տեսնային եւ կ՚ուզէին փախչիլ, խելակորոյս, սահմռկած, յիմարացած… իրենց մանկական հասկացողութիւնը խանգարուած էր, որովհետեւ օրերով եւ օրերով տեսել էին ոճրագործները դանակը կամ հրացանը ձեռքերնին, աչքերնին վառած չարագործութեան մոլուցքէն ու բերաննին գալարուած հայհոյութիւններով ու սպառնալիքներով: Արիւնը անձրեւի պէս ժայթքած էր իրենց շուրջը եւ իրենց բիբերը ժամերով ընդլայնած հրդեհին արհաւիրքովը:

Տղաքը կը հանդարտէին երբ առանձին կը մնային ու երբեմն կը խօսակցէին, բայց իրենց խօսակցութիւնն ընդհատուած էր երկար լռութիւններով, երբեմն, ամէնքը մէկ տարուած նոր ցաւէն, կուլային հեկեկալով եւ կը մերժէին մխիթարուիլ կորսուած, գրեթէ վերացած իրենց վշտին սաստկութեան մէջ, ու իրենց մանկական ուժերէն վեր ըլլալով իրենց տառապանքը, ոմանք աչքերնին դեռ արցունքոտ եւ կուրծքերնին հեծկլտանքէն ուռած` գլուխնին կը դնէին գրասեղանի վրայ ու կը քնանային երկար ատեն:

Ուրիշներ` գուրգուրանքի, ընտանեկան սիրոյ յանկարծական պէտքէ մը մղած կ՚եղբայրանային իրենց թշուառութեան ընկերներուն հետ:

Երկու տղաք առանձնացած կը խօսակցէին.

Հայր ունի՞ս:

Ո՛չ:

Մա՞յր:

Ոչ:

Ես ալ հայր մայր չունիմ:

Սպաննեցի՞ն:

Այո՛:

Իմս ալ սպաննեցին:

Երկար, ցաւագին լռութիւն կը տիրէ ու քիչ յետոյ.

Կ՚ուզե՞ս, որ եղբայր ըլլանք իրարու:

Ու զիրար կ՚որդեգրեն:

Այդ է խօսակցութեան ընդհանուր եղանակը 5էն 10 տարեկան հարիւրաւոր տղոց: Երբեմն ալ կորսուած քոյրեր ու եղբայրներ զիրար կը գտնէին եւ իրարու աչքերի մէջ կը ճանչնային իրենց անցուցած սարսափելի ժամերը ու չէին համարձակէր իրարու մօտենալ, կարծես բաժնուած, խողխողուած մօր մը կամ հօր մը դիակին սարսափելի յիշատակովը: Որովհետեւ ամէնքն ալ, գրեթէ առանց բացառութեան, կեանքի բնազդական հրայրքէն մղուած կ՚ուզեն մոռնալ ու թշնամիի պէս կը նային անոնց վրայ, որ իրենց արիւնոտ սրտին կիրքերը կը բանայ, կամ նոյնիսկ իր ներկայութեամբ այդ ժամուն յիշատակը կ՚արծարծէ:

Երբ առաջին անգամ տեսայ այդ հարիւրաւոր տժգոյն, մռայլադէմ որբերը, հակառակ ըրած գերմարդկային ջանքերուս չկրցայ ըմբռնել իրենց դժբախտութեան ամբողջութիւնը, ու մինչեւ այսօր այդ բանն անկարելի եղած է ինծի համար. մանրամասնութիւններ կամ մասնակի պատկերներ կ՚երեւան մտքիս, բայց երբեք չեմ կարող հաշուել այն անսահմանելի, այն արիւնոտ պատմութեան գումարը, որ իւրաքանչիւր տղու գլուխ կը ներկայացնէ: Երկար ատեն ես չէի կրնար զբաղիլ իրենցմէ իւրաքանչիւրով: Շփոթ, տարտամ անսահմանելի եղերերգութիւն մըն էր որ այդ դեռ զարմացած, դեռ չապրած, դեռ չհասկցած մանկական նայուածքներու ամբողջութիւնը կ՚արտայայտէր: Այն նախճիրը, այն թափուած արեան հոսանքը, կրակին ու դաշոյնին մէջ բռնուած խելայեղ մարդկութեան մը յուսահատութիւնը` իմ հասկացողութեանս սահմանէն դուրս կը մնար եւ այսպէս եղած է, կը կարծեմ, ամէն մարդու համար:

Ու այս տղաքը գիտեն թէ սարսափ կ՚ազդէին ինծի, իրենց հոգեբանութիւնը զիս կը վրդովէր եւ չէի կարող իրենց աչքերուն մէջ նայել. սուր եւ անդիմադրելի ցաւով կը նշմարէի, որ անջնջելի մղձաւանջներ կան հոն եւ թէ մանկական ժպիտը, մանկական պայծառ ու մաքուր լոյսը մարած էր անոնց աչքերուն մէջ. իրենց թուխ, մթին, մռայլ դէմքերուն վրայ ամբողջ արհաւիրքն անպատմելի ժամերուն երբեմն կարելի էր կարդալ ինչպէս բաց գիրքի մը վրայ, բայց երբեմն ամէն բան կը սեւնար եւ անթափանցելի կը դառնային. ասիկա ա՛լ աւելի խռովիչ էր:

Շատ անգամ լուռ կը մնային ու համր` մեր հարցումներուն դիմաց. բայց երբ կը խօսէին, իրենց իւրաքանչիւր բառը հոգեվարքի վայրկեան մը, անմարելի տուայտանքներու, վշտի ու մանաւանդ կարօտի աշխարհ մը ընդնշմարել կուտար: Որբերէն ոմանք մայր ունէին ու ամէն օր սրտաճմլիկ տագնապներու ականատես կ՚ըլլայինք:

Երբեմն, հակառակ բոլոր նիւթական դժուարութիւններուն, մայրեր իրենց կարգին կարօտէ բռնուած կուգային Մերսին, աճապարանքով ու անձկութիւնով կը փնտրէին իրենց զաւակը որբերուն խումբին մէջ, ու ցաւագին ջղագրգռութեամբ մը մերձենալով անոր` քարի պէս անշարժ կը մնային ու չէին համարձակէր զայն համբուրելու… այդ իրարմէ բաժնուած մօր եւ զաւակին մէջ պէտք չէր, որ գորովանքի նոր կապեր հաստատուէին. այս դառն ճակատագիրը կը հասկնային բնազդով ու կը վերադառնային ալ աւելի հրահրուած վիշտով ու կարօտով:

Գիշեր մը ուզելով իրենց այցելել պառկելնուն ետքը` առաջնորդուեցայ որբերուն ննջարանը. անմոռանալի ու զարհուրելի պատկեր մը ներկայացաւ աչքիս… Ընդարձակ սրահին մէջ, կարգով գետինը փռուած անկողիններու վրայ, կիսամերկ մանկական անդամներու շփոթութիւն մըն էր… տեղը նեղ ըլլալուն` տղաքն իրարու կից պառկած էին կարծես. շնչառութենէն եւ ուրիշ այլ եւ այլ արտաշնչումներն օդն անշնչելի եւ խեղդիչ դարձած էր: Կէս մութին մէջ չեմ գիտէր ինչ մը կը կը ծածանէր խռովիչ ու մղձաւանջային: Տղոց մարմինները կորսուած անսաւան անկողիններու սեւութեան հետ, մի միայն անդամներու գիծերը կ՚երեւային ասդին անդին, բազուկներ ու թեւեր… եւ այդ սրահները սրբապղծուած ու խառնշտկուած գերեզմաններու պէս տխուր թուեցան ինծի:

Երբեմն մէկը գէշ երազէ մը դրդուած` գլուխը կը բարձրացնէր եւ շուրջը կը նայէր սոսկալով, ու իր մէկ աղաղակէն բոլոր այդ անձեւ, գրեթէ զանգուածային կոյտերը կը խլրտէին ու երբեմն` ասդին անդին անհանգիստ գլուխներ ալ կը ցցէին: Աոաջին օրերուն պատահէր է, որ մէկ տղու մը զառանցանքներէն վրդովուած ու կէս քունի մէջ չհասկնալով, թէ ո՞ւր են, ամբողջ սրահի մը տղաքը կանգնէր են աղաղակելով, կարծելով թէ ջարդի ժամերու մէջ կը գտնուին:

Հակառակ մտադրած ըլլալուս բոլոր պաղարիւնութիւնս պահելու, այդ գորովանքն, մայրական խնամքէ ու սէրէ զրկուած մանկական դէզը զիս դղրդեց խորապէս… ուզեցի մեկնիլ ու մեր ներկայութիւնով չխանգարել տղոց քունը… ոմանք կը հառաչէին, ու ամէնքն արթնցած անհանգիստ նայուածքները կ՚ուղղէին մեզի…

Մեկնելու կը պատրաստուէինք, երբ գրեթէ ոտքերուս առաջքը աղջնակ մը տեսայ. երկու պայծառ եւ անթարթ բիբեր ինծի կը նայէին… խարտեաշ մազեր ցրուած էին բարձին վրայ, վտիտ վիզը, վտիտ անդամները այնպիսի հոգեկան եւ ֆիզիքական թշուառութիւն մը կը ներկայացնէին, որ չկրցայ ինքզինքս բռնել ու սկսայ լալ. ո՜րքան ալ հեծեծանքներս խեղդուած էին, տղաքը լսեցին ու արթնցան: Վայրկեան մը զարմանալի լռութիւն տիրեց, բոլորը շունչերը բռնած էին… գլուխնին բարձրացան, ու մէկը սկսաւ լալ. այս նշանին վրայ բոլորը մէկէն, հարիւրաւոր տղաքներ, սարսափելի ջղաձգութենէ մը բռնուած իրենց վտիտ ու անզօր անդամները գալարելով, իրենց թշուառ խշտեակներուն վրայ սկսան հեծեծագին աղաղակել ու արտասուել, իրենց կորսնցուցած ծնողքները կանչելով…

Երկար ատեն հարկ եղաւ մեզի, որպէս զի կարենայինք զիրենք հանդարտեցնել: Երբ վերջապէս իրենց յոգնած գլուխները հանգչեցուցին բարձին վրայ, զոյգ մը պայծառ աչքերն աղջնակին միշտ ինձի կը նայէին ու մեկնելէ առաջ ուզելով գիտնալ թէ ինչո՞ւ չէր քնացեր՝ երբ իրեն մօտեցայ, երկու թեւերը երկնցուց վիզիս ու երկար ատեն զիս պահեց իր մօտ… Մեկնելէ առաջ կրկին նայեցայ ամէնուն վրայ. սրահը լուռ եւ խաղաղած էր. ինծի հաւաստեցին նաեւ, որ այլեւ հանդարտ կը քնանան մինչեւ առաւօտ: Ինծի թուեցաւ սակայն, որ այդ մանուկներն առանց դադարի եւ անողոք յամառութեամբ մը կ՚երազէն իրենց անցուցած սարսափի օրերը եւ թէ մղձաւանջը շարունակաբար կը ծածանի իրենց թխորակ գլուխներուն վերեւ:

Առաջին օրէն խօսած էին ինծի առեւանգուած ութամեայ աղջկան մը վրայ. ու թէեւ զինքը դեռ չէին նշանակած ինծի, կը զգայի թէ ան էր… անխուսափելիօրէն ան ըլլալու էր. այդ վշտագին ու ցաւատանջ աչքերուն մէջ այնպիսի անդարմանելի բան մը կար, որ միշտ զիս վատ ու երկչոտ կը դարձնէր եւ կը խուսափէի դիմագրաւելու այդ նորատեսակ տառապանքին յայտնութեանը:

Ամէն օր, երբ որբուկներուն եւ որբուհիներուն շարքը կ՚այցելէի, արդէն իսկ ընտանեցած իրենց իւրաքանչիւրին արհաւրալի պատմութիւններուն, կ՚անցնէի արագ այդ մէկ մանկական դէմքին առաջքէն, բնազդաբար զգալով թէ արտակարգ պարագայ մը կայ կապուած այդ փոքրիկ աղջկան պատմութեան մէջ:

Ինծի պատմած էին սակայն անոր պատմութիւնը` իր բոլոր դժնդակ մանրամասնութիւններով: Արդեօք կարելի՞ էր… Ես չէի կրնար ըմբռնել այդ հրէշութիւնը:

Բայց օր մը վերջապէս իմ մօտս բերին այդ աղջիկը ու ես շփոթուած ու ամօթահար մնացի իր առջեւ: Երբ բոլորովին առանձին մնացինք, այն ատեն միայն բարձրացուցի աչքերս դէպի ինքը, ու ձեռքը բռնած` երկար ատեն նայեցայ իր վտիտ ու դողահար էութեան` առանց խօսելու եւ առանց ո՜ եւ է հարցում ուղղելու: Ինծի թուեցաւ որոշ կերպով թէ այդ բանին վրայ ո՛ եւ է ակնարկութիւն, ո՛ եւ է հետաքրքրութիւն մեղսակցութեան մը պէս հրէշային բան էր… Եւ արդէն ի՞նչ հարկ կար մանրամասնութիւններ գիտնալու, յուզելու այդ անբախդ մանկիկին յիշողութիւնը. իր պատկերը բաւական էր ու իր աչքերը, իր վիրաւորուած, մատղաշ անասունի աչքերը` կը պատմէին ամէն բան:

Շատ վտիտ էր ու տխեղծ երեւոյթով. իր բարակ բազուկները երկու դիւրաբեկ ձողերու պէս կ՚իյնային մարմնոյն երկայնքին. տկար սրունքները կը վերջանային բոպիկ եւ խոշոր ոսկրոտ ոտքերով, որոնց վրայ յօդուածները պինդ հանգոյցնէր կը կազմէին, մարմինը կորսուած էր լայն բլուզին ծալքերուն մէջ` որուն օձիքէն վեր կը ցայտէր երկայն ու նուրբ վիզը շնորհալի ճկունութիւնով մը հակած մէկ կողմին` կարծես ընկճուած գլխուն ծանրութունէն. յարդի գոյն ողորկ մազեր անհաւասար կերպով կտրտուած կ՚իյնային ճակտին վրայ, կը ծածկէին քունքերը եւ կ՚ընկերանային ծոծրակի գծին… Այդ արեւի տակ ծնած եւ արեւի տակ մեծցած գունատ մազերու պսակին տակ` իր աչքերը, իր մռայլ ու վշտագին աչքերը իրենց անակնկալ արտայայտութեամբ կը սգաւորէին այդ ճղճիմ, այդ վատուժ ու խղճալի էութիւնը…

Իր անարգուած եւ նախատինքի ենթարկուած մանկութիւնը արթնցած էր վաղահասօրէն մարդկային գերագոյն դժբախտութեան: Ի՞նչ մտածում եւ ի՞նչ խորհուրդ կը վէտվէտէր իր ճակտին ներքեւ… Այն օրէն ի վեր, որ մտած էր անիկա որբանոցին մէջ, այն օրէն ի վեր չէր ժպտած ու չէր խօսած ոչ մէկ անգամ. միւս տղաքը կը խմբուէին, իրենց դժբախտութիւնն ու թշուառութիւնը կը միացնէին, իրարու կը յաղորդէին իրենց ցաւերն ու կարօտները, եւ շատ անգամ կը միթարուէին` աւելի մեծ վշտի մը արտայայտութեան մէջ: Բայց անիկա չէր մօտենար ո՛չ մէկուն եւ իր ցաւին մէջ, առանձին ու դաժան մնացած էր միշտ:

Հիմա կը նայէի իրեն` խանդաղատանքով եւ վրդովուած ուշադրութեամբ մը. իր դէմքին ամէն մէկ մանրամասնութիւնները կը տպաւորուէին իմ հոգիիս մէջ: Իր ձեռքը սառի պէս պաղ էր ու երբեմն կը դողդոջէր ձեռքիս մէջ, երբեմն կը դիմադրէր իմ փայփայանքիս ու երբեմն կը լքուէր մանկական վստահութեամբ: Հետզհետէ կ՚անդրադառնայի, թէ այդ անսովոր բանը, որ ինծի թէ՛ երկիւղ թէ յուզում պատճառած էր, այն աններդաշնակութիւնն էր, որ կար իր ութը տարու մանկան ֆիզիքական կազմուածքին ու դէմքի արտայայտութեան մէջ: Այդ կանխահաս հոգեկան տագնապը, այդ չհասկցուած, չըմբռնուած դժբախտութեան մը անսահմանելի տուայտանքը, այդ ատելութիւնը եւ մշտատեւ ոխը` իր մատղաշ, վտիտ ու տժգոյն դէմքին վրայ այնպիսի պատկեր էր, որուն արտայայտութենէն ամէն բան կը խախտէր հոգիիս մէջ, ու անկայուն եւ դողդոջուն յուզմունքով մը ուժաբեկ կը զգայի ինքզինքս:

Ինքը ապահովուած իմ լռութենէս, աչքերը սեւեռեց վրաս, ու իր ողբագին հոգիէն բան մը հաղորդակցութեան մէջ մտաւ ինծի հետ: Մէկէն, իր մթին ու տանջուած նայուածքը քօղարկուեցաւ հանդարտ տխրութիւնով ու բիբերը շատոնց ի վեր վառած ու մոխիրով ծածկուած ածուխի կապտորակ տմոյնութիւնը ստացան: Իր սուր ուսերը բարձրացուց դէպի վեր եւ հակառակ տօթագին միջօրէին` սկսաւ դողալ ամբողջ մարմնով, իր փոքրիկ կզակը կը կափկափէր չարագուշակ աղմուկով մը, ու իր նայուածքը իմ յուզուած մտածումիս կը հետեւէր եւ կարծես ցոլք մը իր բիբերուն մէջ, տխրութեան քօղին ներքեւէն կը պլպլար ու կ՚ելեւէջէր համաձայն իմ վրդովմունքիս վէտվէտումներուն:

Օ՜հ, ճղճիմ, ցաւատանջ… լքուած էակը. ո՞ւր այդ փոքրիկ մարմնոյ մէջ բռնած էր ահարկու վիշտը. ինչպէ՞ս իր մկանունքները նեարդ առ նեարդ դեռ կը թրթռային կրած նախատինքին ըմբոստութենէն…:

Յիմարական ջերմութիւն մը խուժեց ողեղիս մէջ:

Մայրի՜կ… մայրի՜կ…

Ինք՞ն էր որ արտասանեց այդ գերագոյն կոչը, նման միւս որբերուն, որ յաճախ ցաւի կամ կարօտի մէջ իրենց մայրը կը փնտռէին, թէ ես էի որ գոչեցի այդ բառերը, չեմ գիտէր: Իմ բազուկներուս մէջ առի զինքը ծունկիս վրայ օրօրեցի իր թեթեւ մարմինը եւ ջանացի, որ գոնէ պահ մը անիկա իմ խելայեղ վշտիս մէջ իրը մոռնայ, ինքզինքը մոռնա՜յ…

Դուրսը որբերու ժխորը կը լսուէր. աչքերուս կը հանդիպէին թթենիի մը գագաթին ճիւղերը ճերմկոտած տերեւներով` շողշողո՜ւն արեւին մէջ. բզէզներ ոսկի կայծկլտումներով կ՚անցնէին միջոցին մէջէն ու կենսաւէտ հեւք մը կը ծածանէր Կիլիկիան ջինջ եւ կապոյտ երկնքին տակ եւ իմ տենդէ վարակուած երակներուս մէջ ա՜յնպիսի գլխու պտոյտ պատճառող արագութիւն մը կը զգայի, որ գուրգուրանքով դողդոջուն` յիմարաբար կը սեղմէի խեղճ փոքրիկին մարմինը կուրծքիս վրայ:

Անկանոն եւ շտապ սրտի զարկեր կը պատասխանէին իմ փայփայանքիս… ուրիշ ոչինչ…: Անիկա աչքերը փակեր էր ու այդ սառած ու տժգոյն մարմինը ծունկներուս վրայ դիակի մը անշարժութիւնը ունէր. յարդի գոյն ողորկ մազերը, քրտինքէ խոնաւ, փակած էին ճակատին վրայ. ու երբ շրթունքս մօտիկցուցի` զգացի, որ անոնք յուզուած էին դեռ այն գազանի շունչովը` որ մօտիկցեր էր այդ տղեկին:

Ատանայի մէջ` այդ միջոցին որբերը տեղ մը հաւաքուած չըլլալով ու չունենալով որոշ արձանագրութիւն մը, անմիջապէս ձեռնարկեցինք գիտնալ իրենց գտնուած տեղերը եւ անունները նշանակել: Առաջնորդարանի մէջ նստած կը խօսէինք այդ մասին:

Որբեր ամէն տեղ կան, ըսաւ ծերունի քահանայ մը` ձեռքի լայն շարժում մը ընելով եւ ցուցնելով հրդեհուած քաղաքին չորս կողմը… Իր ճերմակ մօրուքը պահ մը դոդդոջեց ու իր յուզուած ու արտասուալից աչքերը, իր ծեր մարդու մարած ու տխուր աչքերը, բարձրացնելով դէպի մեզ մրմնջեց.

Գացէ՜ք հիւանդանոցները, գացէք դէպի վրանները, նայեցէ՜ք նոյնիսկ եկեղեցիի բակին մէջ… ամէն կողմ որբեր կը գտնէ՜ք…

Դուրսը խռնուած ժողովուրդն իմանալով մեր պաշտօնը եւ մեր նպատակը, արդէն դիզուած էր դրանը առաջք. ճերմակ քօղերու ներքեւէն կնոջ եւ մօր աչքեր, աղերսող եւ ողբագին տխրութիւնով մը կը յառէին ինծի. շատեր տղոց ձէռքէն բռնած էին, բայց մեծ մասը կը կրէին զանոնք բազուկներու վրայ` սքօղած. իրենց լաջակին ներքեւ, եւ այնպէս անշարժ ու վտիտ` որ կարծես պատանքներու մէջ ծածկուած դիակնէր ըլլային: Մէկիկ, մէկիկ կիները մօտիկցան մեզի:

Ցաւերս ասեմ… առիւծի պէս առողջ ու կայտառ էր տղա՜ս, հիմակ աս հալին հասաւ… երեսներէն վարդ կը կաթէր, հիմակ մոխրի գոյն առաւ… աչքերս կուրնա՜ն… աչքերուս մէջ լոյս ու արեւ չմնաց… ամէն օր թեւերուս վրայ իր մարմինն աւելի թեթեւցաւ, մեծնալու տեղ պզտիկցաւ, մորթ ու ոսկորը մնաց…

Հեծկլտանքներ ձայնը խեղդեցին:

Մօտեցանք իրեն եւ ուզեցինք լաչակը մէկ կողմ առնել տեսնելու համար տղեկը: Կինը պահ մը վարանեցաւ. իր մայրական հպարտութիւնը խպնեցաւ այդ վիժածը ներկայացնելու. իր սեւ աչքերուն մէջ ոխի եւ դժբախտութեան կայծեր կը փայլատակէին: Բայց հակառակ իր ընկրկումին` կը տեսնէինք հէգ եւ տխեղծ տղեկը, ինքն իր վրայ կզկտած, ափ մըն անգոյն, գրեթէ անկենդան նիւթի վերածուած, որ սաստիկ լոյսէն եւ մեր ներկայութենէն խրտչած՝ սկսաւ ճչալ մօր կուրծքը ճանկրտելով… չորցած շրթունքները տաժանքով կը պրկուէին, կը գալարուէին, եւ ճերմկած ու վտիտ լեզուն կը թրթռար մեղմօրեն… իր պառաւի խորշոմած դէմքի վրայ այնպիսի թշուառութիւն կար, որ անկարելի էր հաւատալ իր մանկութեանը:

Քանի տարեկան է, հարցուցինք մօրը:

Երեք տարեկան, մրմնջեց, ու պահ մը մտածկոտ մնալէ ետքը, կարկառեց զայն մեզի։

Առէք ու պահեցէք… օտարականներ ուզեցին չտուի… մարդս զարկին, տագրերս սպաննեցին, տունս ու այգիս այրեցին, խարապաթ դարձուցին… չոր գլուխս ու գաւակս մնաց աշխարհիս վրայ, անոր համար չտուի, հուրէն ու սուրէն ազատեցանք… ամա ցաւը մեր ետեւէն եկաւ շուքի պէս: Անտէր անտիրական` գիշերները գլուխս հողին, ցորեկները անօթի արիւնս ցամքեցուցի… իմ անիծուած արեւս չմարեցաւ որ աս օրն ալ տեսնամ… առէք ու դուք պահեցէք, ասկէ ետքը… իմ ճարս չէ մնացեր:

Տղեկը կը շարունակէր ճչալ ու երկու սեւ ու վտիտ ձեռքեր, երկայն եւ ջղաձգուած մատներով սարդի պէս կը գալարուէին կնոջ կուրծքին վրայ ու ոխերիմ յամառութեամբ մը կը ճանկրտէին զայն. կը զգայիր, որ երախային վտանգուած կենսականութիւնը թշնամացած էր մօրը անկարողութեանը դէմ:

Այսպէս շատեր կան` կ՚ըսէր ծերունի քահանան, երբ փղձկուած ու անհանգիստ մեր մտածումները կը հաղորդէինք իրարու…

Երկար տողանցումը որբացած տղոց իրենց անհաւատալի, սահմռկեցուցիչ պատմութիւնները թմրեցուցած էին գրեթէ մեր ջղայնութիւնը. ամէն կարգի թշուառ մանկիկներ կային հոն. ոմանք կայտառ եւ առողջ մնացած էին` կարծես անգիտակ իրենց պատահած դժբախտութեանը, դիմանալով տաքին, անօթութեան, մերկութեան… անպատմելի կենսականութիւն մը կը ժայթքէր ցնցոտիներու մէջէն երեւան եկած իրենց թուխ եւ պինդ անդամներէն, սեւ աչքեր կը փայլատակէին յամառ լոյսով եւ կարծես մեզի կը խոստանային շարունակել ցեղին կեանքը, հակառակ ամէն բանի: Ու այդ սրտապնդող երեւոյթը` հաւատք ու քաջութիւն կը ներշնչէր մեզի…

Ու յանկարծ պատկերը կը փոխուեր… շարքով կը բերէին երկարատեւ հոգեվարքի մը մէջ տուայտող տղաք, համաճարակէ հազիւ ազատած, երկար ու տաժանելի ապաքինման մը մէջ սպառած էութիւններ, կենդանի վիժածներ, տղաք, որ յանկարծ դադրել էին ապրելէ, մեծնալէ, զարգանալէ, բայց մահը մոռցեր էր զիրենք իրենց մօրը գիրկին մէջ: Ու պատկերը սարսափելի էր:

Այսպէս ծանօթացանք եօթնամեայ աղջկան մը, որ կմախքի պէս վտիտ պառկած էր մօրը ծունկներուն վրայ. միայն գլուխն իր ծաւալը պահած էր եւ համեմատութեամբ նսեմացած մարմնին` արտակարգ կերպով խոշոր կը թուեր. երկու խելացի ու սեւ աչքեր կը բացուէին խոռոչացած կապիճներուն մէջ…

Մայրը կը հեծեծէր.

Ինչ որ ալ ընենք` պարապ է՛… պիտի մեռնի, պիտի մեռնի՜…

Վտիտ մարմինն անշարժ կը մնար, եւ այտերուն ցցուած ոսկորներուն վրայ մկանունքները չէին շարժէր յուզմունքէ… Միայն աչքերը կը հասկնային այդ չարագուշակ բառերուն իմաստը ու թախծութենէ խոնաւ, անսահմանելիօրէն դժբախտ, այդ աչքերը մեզի կը նայէին պաղատելով:

Ուզեցինք լռեցնել մայրը, յոյս ներշնչել իրեն, որպէսզի մանկիկն ալ յոյսով լցուէր: Բայց մեր բոլոր խրախուսող բառերուն մայրը` կը պատասխանէր յամառութեամբ.

Պիտի մեռնի՜… պիտի մեռնի՜…

Ու աչքերը պահ մը մեր բռնազբօսիկ ժպիտներով դիմակաւորուած դէմքերուն վրայ վարանելէ ետքը` յուսահատօրէն կը հաւատային մօր խօսքերուն:

 

Այն հիւանդանոցը, որ կը գտնուէր Անգլիոյ հիւպատոսի կնոջը հսկողութեան ներքեւ` կը պատսպարէր նաեւ քանի մը որբեր, որոնք վիրաւորուած էին դէպքի օրերուն. եւ մինչեւ հիմայ խնամքի ենթարկուած: Վրանները երթալէ առաջ այցելեցինք այդ հաստատութիւնը: Հիւպատոսուհին մեզի ընդունեց սիրալիր քաղցրութեամբ: Նիհար, պզտիկ կազմուածքով, ծայրայեղօրէն պարզ, իր ճերմակ քթանէ գոգնոցին ներքեւ գրեթէ կորսուած մարմինով այդ անզուգական անձնուիրութեամբ մը տոգորուած կինը մեզի երկարօրէն պատմեց իր ձեռքէն անցած տղոց պատմութիւնները:

Վիրաւորուածներուն մեծ մասը հրացանի գնդակներով զարնուած էին… մէկ քանի հատներ միայն տանիքներէն նետուած կամ ինկած էին փախուստի պահուն… արիւնթաթախ ու գրեթէ պատառ պատառ եղած մարմնով, տղաքը կը բերէին ու կը յանձնէին մեզի… կային, որ եօթը, ութը տեղէ զարնուած էին. ուրիշներ կիսովին այրած… սարսափելի՜…

Իր կապոյտ, պայծառ եւ սովորաբար անթափանցելի աչքերը կայծակի արագութեամբ կը վառէին յուզմունքով:

Առաջին օրերուն անկարելի էր անուններն արձանագրել… բան մը չէինք գիտեր. մեզի եկած տղաքը ծնողք ունէի՞ն, սպաննուած էի՞ն, փախած էի՞ն, կարելի չէր ստուգել… շատեր մեռան այդպէս… երբեմն կին մը կամ իր կարգին վիրաւորուած մարդ մը խելագարի պէս կուգար հիւանդանոց, աճապարանքով կը քննէր հիւանդները, եւ անտարբեր սարսափելի վէրքերու դիմաց, իր զաւակը կը փնտրէր:

Պահ մը լռեց եւ շրթունքը գալարուեցաւ մասնաւոր ծամածռութիւններով մը… անպատմելի յիշատակներ կ՚անցնէին մտքէն…

Ընդհանրապէս բախտ չունէին, անգամ մը միայն մայր մը հանդիպեցաւ իր զաւկին… բայց շատ ուշ, արդէն մեռած էր…

Դարձեալ րոպէ մը լռութի՜ւն…

Հոս, սա սեղանին վրայ տեղափոխած էին դիակը… անճանաչելի դարձած էր ստացած վէրքերէն. բայց մայրը ճանչցաւ զայն… ապշած եւ սեւեռած նայեցաւ իր զաւակին վրա… երկար ատեն… ոչ մէկ կաթիլ արտասուք չելաւ աչքերէն, յետոյ սկսաւ խնդալ անօրինակ եւ սարսափեցնող քրքիջով մը… դժուարութեամբ զինքը հեռացուցինք եւ ուրիշ սրահ մը տարանք… երեք օր շարունակ ուղեղի տագնապէ տանջուած, վիրաւորուած գայլի պէս կ՚ոռնար, եւ իր ձայնն այնքան բարձր ու տիրական կը հնչէր, որ բոլոր հիւանդներուն հեծմունքները, անդամահատուողներուն յուսահատական կոչերը կը խուլնային այդ մայրական աղաղակին մէջ…երեք օր ետքը մեռաւ, մոռցած էր իր ցաւը, անդամալուծուած ուղեղով քանի մը ժամ ապրելով երջանիկ պատրաքի մը մէջ… սաւանը ծալլած ու կուրծքին սեղմած էր. կարծեց թէ իր զաւակն է ողջ եւ առողջ: Քանի մը ժամ խօսեցաւ սաւանին հետ եւ օրօրեց զայն երգելով եւ իր երգին մէջ քնացաւ վերջին քունովը… ջղաձգուած դիակին բազուկներէն` դժուարաւ կրցանք առնել սաւանը ու անոր մէջ պատանքեցինք դժբախտ մայրը…

Ամէնքս ալ լռին կ՚արտասուէինք: Ինքը չէր լար ու կապոյտ աչքերը խոնարհեցուցած էր գետին: Յանկարծ յարեց.

Յուզումնալի եւ արկածներով լեցուն կեանք մը ունեցած եմ, ծարաւի արտակարգ զգայնութիւններու` մինչեւ իսկ վազած եմ առիւծի որսորդութեան` ամուսինիս պաշտօնին բերումով գացած եմ հեռաւոր եւ վայրենի երկիրներ, տեսեր եմ Հնդկաստանի սովերը եւ համաճարակները… տեսեր եմ ամբողջ մարդկութիւններ հնձուած մէկ հարուածով… կը կարծէի, թէ այլ եւս որ եւ է նոր յուզում անկարելի էր աւելցնել ունեցած զգայնութիւններուս, այլ սակայն այդ մօրն աղաղակն անմոռանալի ձայն մըն է, որ պիտի մնայ յիշատակիս մէջ…

Ու անմիջապէս գրեթէ սթափած իր յուզմունքէն, մեզի դարձաւ ժպտուն ու հանդարտ եւ հրաւիրեց սրահները այցելել: Սանդուղներուն վրայ, մղուած մեր հետաքրքրութունէն` կը շարունակէր խօսիլ: Իրեն կը հարցնէի շատ մը մանրամասնութիւններ… Պատուհանէ մը աւերակ քաղաքը կ՚երեւար…

Ամբողջ հորիզոնը շառագունած էր, եւ բոցերը կը բարձրանային քաղաքին ամէն կողմէն, դէպի մեզ կուգային: Ամէն պահուն կը կարծէինք, թէ պիտի ստիպուինք հեռանալ հիւպատոսարանէն եւ մեր պատսպարեալներով փողոցը թափուիլ… հրացաններու խլացուցիչ եւ անդադրում աղմուկին մէջէն մարդկային խառն, շփոթ, տարտամ եւ ահարկու աղմուկ մը` կարծես մէկ բերանէ ելած կը հասնէր մինչեւ մեզ…: Մարդիկ ճշմարիտ սատանաներու փոխուած էին եւ անգթօրէն գինովցած, կը զարնէին, կը զարնէին անխնայ… Երբեք չպիտի մոռնամ այդ չոր եւ անագորոյն դէմքերը, սեւցած վառօդէն, ծամածռած արիւնի ծարաւէն, այդ պրկուած եւ սեւ բազուկները, այդ շիլ եւ հատու նայուածքները ոճրագործներուն… մարդիկ մարդ ըլլալէ դադրած էին… ճշմարիտ սատանաներ… ա՜հ… կը յիշեմ այնպիսի բաներ… որոնք անկարելի է մեր օրուն մէջ պատմել…: Այդ օրն էր… մայր մըն իր զաւակը գիրկը կը փախչէր տանիքէ տանիք ու մեր տանը մօտեցած էր…: Իրեն նշան կ՚ընէինք, կը խրախուսէինք: Երկու հրէշներ, հրացանը ուսներուն, տեսան զինքը: Մանկիկը զարմացած ու զուարճացած պարող բոցերէն, մօր ուսին վրայէն երեսը դարձուցած երկնքին` կը նայէր կարմրած հորիզոնին: Հրացանները կ՚ուղղուին, նշան կ՚առնէին…: Շունչերնիս բռնած կը ջանանք հասկցնել վտանգը փախստական կնոջը. բայց անիկա չի հասկնար ու կը շարունակէ տանիքէ տանիք անցնել: Գնտակը կը մեկնի եւ տղուն գլուխն անկենդանացած կը հակի մօր ուսին վրայ: Կինը չէր հասկցած, չէր ըմբռնած… գնտակներ կը տեղային ամէն կողմէն եւ խլացուցիչ աղմուկին մէջ այդ մէկ գնտակին ձայնը կորսուած էր: Երբ մեզի հասաւ, այն ատեն միայն տեսաւ, որ տղուն ճակատը ծակած էր եւ փոքրիկ կեանքը մարած էր առ յաւէտ:

Ու հիւպատոսուհին, կարծես հետեւելով իր մտածումին, կը կրկնէ քանի մը անգամ. «Ճշմարիտ սատանանե՜ր, ճշմարիտ սատանանե՜ր…»:

Մարմարեայ սրահներու զով եւ մաքուր սպիտակութեան վրայ առժամանակեայ հիւանդանոցին սենեակները կը բացուէին. գետինը փռուած անկողիններէ, ինչպէս նաեւ մահճակալներէ, անձկալի եւ հետաքրքիր գլուխներ կը բարձրանային եւ կը նայէին մեզի: Ոմանք պահ մը մեր կողմը սեւեռելէ ետքն իրենց յոգնած աչքերը, գլուխնին պատին կը դարձնէին սրտմտութեամբ` նախապէս վհատած մեր գթութենէն եւ վստահ մեր հետաքրքրութեան ունայնութեանը վրայ:

Դուրսի սրահին մէջ նախ կը տեսնենք այրեր` սրունքներնին կտրուած, բազուկնին կապուած կամ գլուխնին ծածկուած վիրակապներու փաթթոցի մը մէջ: Հականեխականներու հոտը խառնուած ամիսներէ ի վեր յամառող վէրքերու նեխութեանց` նողկալի մթնոլորտ մը առաջ կը բերէր իրենց շուրջը. ոմանք երիտասարդ էին` լայն ու թիկնեղ մարմնով, եւ անօրինակ յուսաբեկութիւն մը կը ներշնչէին ինչպէս իրենց առողջ ուռճացումներուն մէջ տապարի հարուածով մը ինկած կաղնիներ, ոմանք ցկեանս խեղանդամուած էին ու կը սպասէին արհեստական սրունքներու կամ բազուկներու, որ իրենց պիտի գար շատ հեռուէն: Իրենց արեւէն այրած դէմքերուն վրայ ուր ցաւը եւ վիշտը խորշոմներ կազմած էին, կար նաեւ անբացատրելի արտայայտութիւն մը հպարտութեան եւ գոհունակութեան. մեզի կը նայէին պայծառ եւ անամպ աչքերով, բայց երբ իրենց հարցումներ կ՚ուղղէինք, կը պատասխանէին վերապահութեամբ ու երկչոտութիւնով, կարծես վախնալով չափազանցնել իրենց գործունէութեան կարեւորութիւնը: Երբ իրենց անկողիններէն հեռացանք` հիւպատոսուհին բացատրեց.

Այս երիտասարդները ճշմարիտ հերոսներու պէս վարուեցան, 20ի դէմ մէկ էին եւ անխուսափելի էր, որ պիտի իյնային, բայց յուսահատօրէն մաքառեցան… ա՜հ այո՛… կարելի է ըսել, թէ ըրին ինչ որ մարդկօրէն կրնային ընել…

Քաղցր հպարտութեամբ մը կ՚ուռենային մեր կուրծքերը, յուզմունքը կը խեղդէր մեզի, աչքերնիս լեցուն էր արցունքներով, ու երբ դէպի ետեւ դարձանք, իրենց թուխ եւ տառապագին դէմքերը, մարտիրոսի լուսաճաճանչ պայծառութեամբ մը ողողած էին կարծես, ու իրենց ժպիտը բեղմնաւոր արեւի ճառագայթի մը պէս յոյս ու քաջութիւն ներշնչեց մեզի:

Նոյն միջոցին, ճամփուն վրայ, միայնակ անկողին մը մեզ կեցուց. ցաւատանջ դէմքով, յուսահատած եւ ողբագին աչքերով ծերունի մըն էր: Երկայն ճերմակ մօրուքը, որ կը տարածուէր ոսկրոտ կուրծքին վրայ ու ճերմակ մազերով շրջանակուած դէմքը չափազանց նիհար` գրեթէ սեւ կ՚երեւար, այտերուն ոսկորները կը ցցուէին ու մորթը կը կաղապարուէր մագաղաթի կարծրութեամբ: Իր նահապետի պատկառանք ներշնչող արտայայտութիւնը, իր նայուածքին լրջութիւնը մոռցնել կուտային իր ցնցոտիները` որոնցմով ծածկուած էր: Երկու ձեռքերը վերմակին վրայ կ՚իյնային նոյնպէս սեւ` եւ գծաւորուած առասանի պէս պինդ երակներուն ցայտուն կարծրութենէն… կարծես անդիմադրելի ներքին ուժէ մը մղուած անոնք կը պրկուէին ու մատները կը ձգտէին գալարուելու, բզկտելու: Երբ իր շուրջը բոլորուեցանք` աչքերը գոցեց եւ շրթունքը սեղմեց: Հիւպատոսուհին տեղեկութիւններ տուաւ.

Ինքն իր մէջ ամփոփուած ծերունի մըն է. գրեթէ բնաւ չի խօսիր, ահռելի վէրք մը ունէր փորին վրայ. աղիքները դուրս թափուած էին… ես ինքս զարմացած եմ, թէ ինչպէ՞ս դիմացաւ եւ ինչպէ՞ս ապրեցաւ…: Կեանքը… զարմանալի է… երբեմն երկչոտ թռչունի մը պէս մէկ ոստումով կ՚երթայ, կը հեռանայ, երբեմն ալ կը կառչի մարմինին եւ մարդուն ամէն մէկ անդամին փարուած կը մնայ` հակառակ կրած հարուածներուն…: Այսպէս կին մը ունեցանք անհամար վէրքերով ծածկուած… սրունքները կտրեցին, մէկ բազուկը հանեցին… աչքերը կուրցած էին, կուրծքին վրայ ամէն ուղղութեան` դաշոյնի եւ այրուցքի հետքեր ուներ… իր մարդկային ձեւէն կէսը զեղչուած էր գրեթէ… այլ սակայն երկար ապրեցաւ այդպէս, եւ ուղեղն արթուն մնաց… մինչեւ վերջին շունչը` ամէն օր մէյ մէկ մաս կը կտրուէր, կը բաժնուէր մարմինէն, որովհետեւ բոլոր վէրքերը նեխած էին գրեթէ, ու մինչեւ վերջին շունչն իր սարսափելի կացութեան գիտակցութիւնն ունեցաւ… զարմանալի է…

Մագաղաթի պէս կարծր դէմքը ծերունիին կը կծկէր անհամբերութեամբ… կարծես կը փափաքէր, որ հեռանայինք: Հիւպատոսուհին դէպի ան հակեցաւ գորովանքով…

Ջերմ ունի, աւելցուց, եւ այսպէս է օրերէ ի վեր… վէրքերը գոցուած են, բայց հոգեկան անբացատրելի հիւանդութիւնով մը կը տանջուի… ըսին թէ բազմաթիւ ընտանիքի մը պետն էր, հողային ընդարձակ հարստութեան տէր եւ այսօր բան չէ մնացած, իր ընտանիքին բոլոր անդամները, թէ՛ այր եւ թէ՛ կին, թէ՛ տղայ սպաննուած են, ու ինքը մենակ մնացած է:

Ի՞նչ գերագոյն դժբախտութիւն է, իր ողջ մնացած ըլլալը, կը խորհէի իւրովի, ինչո՞ւ համար կ՚ապրի, որո՞ւ համար կ՚ապրի, ի՞նչ կարող է այլեւս սպասել այս սգաւորուած աշխարհիս վրայ…: Եթէ երբեք մոռնալու աստուածային մխիթարութիւնն ալ կարելի ըլլար, իրեն համար շատ ուշ է արդեն… ժամանակ չունի մոռնալու:

Յուսահատուած իր համրութիւնէն` պիտի հեռանայինք ծերունիին սնարեն, երբ մեզմէ մէկը հայերէն քանի մը բառ փոխանակեց քովինին հետ: Ինչպէս մեռել մը, որ աչքերը բանար` ծերունիին արտեւանունքը բարձրացան, շրթունքը դողաց` թեթեւօրէն գունաւորուած յուզմունքէն. ճակատին վրայ կնճիռները խորունկցան, իր աչքերը, իր ծերունի արիականի հանդարտ, գեղեցիկ, ազնուական աչքերը բարձրացուց մեզ վրայ ու ամէն մէկերնուս սեւեռեց անսահմանելի արտայայտութեամբ մը: Չէինք գիտէր, թէ տառապանքի սաստկութի՞ւն մըն էր ունեցածը, թէ գոհունակութիւն: Աւելի մօտեցանք իրեն: Մեզմէ մէկը, բժիշկ մը, ծունկի եկաւ անկողնին եզերքը ու ձեռքը բռնեց… այն ատեն նահապետը յուզմունքէ դոդդողացող ձայնով մը հարցուց.

Ամէնքդ ալ հա՞յ էք…:

Այո՛, ամէնքս ալ հայ ենք, հա՛յրիկ… Հիւպատոսուհին բնազդաբար զգալով ծերունու հոգեկան պահանջքը, հեռացել էր մեր խումբէն ու պատուհանին կռթնած` մատներով եզերքին վրայ ո՛ եւ է դաշնակի եղանակ մը կ՚ուրուագծէր:

Ամէնքդ ալ հայ էք, կրկնեց ծերունին, զարմացած եւ կարծես հիացած ու աչքերը լցուեցան արցունքով…

Ուզեց նստիլ: Օգնեցինք իրեն: Ու երբ մեր գուրգուրալի եւ յուզումէ դողդոջուն ձեռքերը հանդիպեցան իր վշտագին եւ չարչրկուած մարմինին` կարծես անկարող այլեւս տոկալու, սկսաւ արտասուել առատօրէն: Արցունքն անշշուկ կ՚իյնար երեսն ի վար ու կը կորսուէր ճերմակ մօրուքին մէջ. խուլ ու անզօր հեկեկանքներ կը դղրդէին կուրծքը, որ կ՚ելեւէջէր անհանգստող ուժգնութեամբ մը, ու կարծես ամօթահար իր արցունքներէն` մէկիկ մէկիկ կը նայէր մեզի կողմնակի եւ խուսափուկ նայուածքներով, կ՚ուզեր խօսիլ, բայց բառերը չէին վերջանար իր դողդողացող շրթունքներուն վրայ:

Յանկարծ, ինչպէս աղբիւր մը, որ կը ցամքի, արցունքները դադրեցան. գլուխը հակեց կուրծքին վրայ եւ ձեռքերը վերստին սկսան գալարուիր. քանի մը րոպէ ետքը միայն, իր դեռ խոնաւ աչքերը դարձնելով մեզի, ըսաւ ցաւատանջ ձայնով մը.

Ես Խարբերդի գաւառէն եմ… հալածուած ու տանջուած, քանի մը անգամ փախչելով հուրէն եւ սուրէն եկայ Ատանայ: Քանի մը անգամ կեանքիս մէջ ընտանիքիս ցիրուցան ըլլալը տեսայ… ոմանք սպանուած, ոմանք փախստական… եօթ մանչ զաւակ ունէի, երեք աղջիկ ու թոռներ, շատ թոռներ… Ամէն անգամուն` մեռելներուն սուգը չանցած կը հաւաքէի ցրուած անդամներն ընտանիքիս, ու երբ դուշմանը մեզ կը մոռնար` այդ միջոցին նորէն կը կազմէի տունս…: Աստուած օրհնեց ջանքերս, ու ամէն անգամուն յաջողեցայ… մէկի տեղ երկուք ունեցայ, երեք ունեցայ… Հիմակ այլեւս ծերացած ու անկարող` կը յուսայի աչքերս փակել գոհունակութիւնով, փառաբանելով Ամենակարողի զօրութիւնը… բայց չեմ գիտէր ի՞նչ անէծք իջաւ մեր գլխուն… Տիւշմանը զարկաւ նորէն ու ամէն բան փչացաւ այս անգամ…:

Պահ մը տաժանելի լռութիւն կ տիրէ…

Ամէն բան փճացա՜ւ… երեսունչորս հոգիէ բաղկացած ընտանիք էինք… երիտասարդները կռուեցան ու կռուի մէջ ընկա՜ն… բայց իզուր… հարսներս տարին, թոռներս այրեցին ու ես չեմ գիտէր ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս մնացի… Օտարներ ձեռք դրին վրաս, վէրքերս կապեցին ու աղէկցուցին զիս… բայց ցաւս խորունկէն է, հոգիիս մէջն է՜… անմարելի կրակ մը կայ սրտիս մէջ…:

Ու իր աչքերն այլեւս բոլորովին չորցած ու տենդագին` կը նայէր մեզի մեր գթութիւնը հայցելով…:

Իր ցաւը մերն ալ էր ու իր կրակը մեր սրտերուն մէջ ալ կ՚այրէր, ամէնքս ալ նստած իր շուրջը` կարծես որ ընտանիք մը կը կազմէինք իրեն, վիշտի ազգականութիւնով կապուած, կարծես ինքն ալ զգաց այդ բանը ու մխիթարութիւնը թուլցուց ու լուսաւորեց իր պատկառելի նահապետի դէմքը… աչքերը բարութիւնով եւ յոյսով լցուեցա՜ն…

Առաջին անգամն է, ըսաւ, որ Հայեր Հայերու օգնութեան կը հասնին… զուլումէն ետքը:

Մինչեւ հիմա այդ բանն անկարելի էր, ըսաւ մեր ընկերներէն մէկը… կը ջարդէին, կը սպաննէին, կը վիրաւորէին, եղբայրը եղբօր, քոյրը քրոջը չէր կրնար հասնիլ. մեր որբերը կը ցրուէին օտարներու ձեռքը, մեր վիրաւորներուն վէրքերն օտարները կը կապէին, մեր հոգեվարքները լքուած կը մեռնէին աւերակներուն մէջ… այս անգամ գոնէ տխուր մխիթարութիւնը ունեցանք մօտ ըլլալու, ձեզի հասնելու…:

Գերագոյն յոյսը կրկին ճաճանչեց ծերունիին աչքերուն մէջ…

Ձեր ճակատագիրը մերն ալ է. աւելցուց մեր ընկերը. ձեր կրած հարուածով մենք ալ զարնուած ենք… մենք օտարներուն ըրածը չենք կրնար ընել, միջոց եւ դրամ չունինք… բայց մեր աչքերուն մէջ նոյն արցունքը կայ, մեր երակներուն մէջ նոյն թափուած արեան ցա՜ւը… մենք մէկ ընտանիքի զաւակներ ենք…

Մէկ ընտանի՜ք, կրկնեց ծերունին անսահմանելի ձայնով մը… յետոյ բազկատարած իր սեւ եւ գալարուն ձեռքերը դնելով մեր գլխներուն վրայ` հաստատ ու կորովի ձայնով մը ըսաւ.

Օրհնեա՜լ ըլլաք, դո՛ւք եւ ձեր ընկերները, ու ձեր սերունդները, դարերու մէջէն… հիմա կը հասկնամ շատ բա՜ն, շատ բա՜ն… աչքերս մահուան քունովը գոցուելէ առաջ բացուեցան ճշմարտութեան համա՜ր… օրհնեալ ըլլաք դուք եւ բոլոր անոնք, որ ցրուած աշխարհիս շուրջը, աստանդական ու վտարանդի, սրտով կամ մարմնով խոցուած` մխիթարութեան ու հանգստի կը կարօտին… օրհնեալ ըլլան. Նոյ Նահապետի օրհնութիւնն անպակաս ըլլայ իրենց սեղաններուն վրայէն… ձեռքերնին երջանիկ ու հոգինին անդորր ապրին ալ ասկէ ետքը… ցաւով ու արցունքով կապուած իրարու, այլեւս ուրախութիւնով ու երջանկութիւնով կապուած զգաք ինքզինքնիդ, ու ընտանիքին, մեծ ընտանիքին պակսած անդամներուն տեղերը տասն անգամ էւելովը լցուած տեսնա՜ք… Օրհնեա՜լ ըլլա՜ք… ու այլեւս տիւշմանին դիտաւորութիւններն անկարող դառնան ձեր զօրութեան դէմ:

Մէկիկ մէկիկ` ինչպէս նոր ուխտի քրմապետ, ձեռքը կրկին դրաւ մեր գլուխներուն վրայ եւ աղօթքներ մրմնջեց: Ու երբ հրաժեշտ առինք իրմէն, ուզեց կրկին պառկիլ ու աչքերը գոցեց հանդարտութեամբ: Մահատիպ տժգունութիւն մը հետզհետէ կը ճերմկցնէր իր ճակատը: Դժկամութեամբ հեռացանք հիանալի ծերունու քովէն. կարծես մեր հոգիներն օծուած էին խունկով եւ մեղրով եւ օրհնութիւնն իր տառապանքով մաքրացած հոգիին` կը ծածանէր մեր գլուխներուն վրայ ու այլեւս պիտի հետեւեր մեզի մեր շուքերուն պէս: Անգամ մըն ալ նայեցանք իրեն, դէմքը մեռելի անդորրութիւն ստացել էր եւ կնճիռները պարզուել էին. եւ ո՞վ գիտէ ի՛նչ լուսեղէն երազ, ի՞նչ տեսիլք իր մահամերձ ծերունիի պայծառատեսութեան կ՚երեւար, որ երբ դիմացի սրահը պիտի մտնէինք, վերջին անգամ լսեցինք իր ձայնը ջինջ եւ բարձր, որ իր երջանիկ օրերուն ձայնն էր անտարակոյս.

Փառք քեզ Տէ՜ր, յաղաքս ամենայնի փառք քեզ…

Սրահին մէջ առաջին անգամ մեր ուշադրութիւնը կը գրաւեն մայր ու աղջիկ, երկու հայաստանցի կիներ, մօրը մէկ թեւը կտրուած էր եւ աջ ձեռքին չորս մատները. իսկ աղջիկը, որ հազիւ տասնհինգ տարեկան կար, կորսնցուցած էր երկու սրունքները: Ողորմելի՜, խոշտանգուած կենդանու աչքերով կը նայէին մեզի եւ կարծես ըսել կ՚ուզէին… «Կը տեսնէ՞ք մեր դժբախտութի՛ւնը…»: Մայրը դեռ երիտասարդ էր եւ երկուքն ալ գեղեցիկ էին, անսովոր, արտակարգ գեղեցկութիւնով մը, ինչ որ ալ աւելի տաժանելի կը դարձնէր իրենց խեղանդամուած երեւոյթը: Յոյսե՜ր, երազնե՜ր, ապագայի երջանկաւէտ հեռանկարներ անցած էին անտարակոյս իրենց բնութենէն օժտուած էութեան մէջէն. եւ ահաւասիկ հիմա վիրաւորուած ծաղիկներու կնմանէին…

Մայրը յայտնեց, թէ Ակնցի են ու մեծ ընտանիքի մը շառաւիղներէն… հիմակ այլեւս ոչինչ չկայ… ինչպէս իրենց կտրատուած խեղճ մարմինները, ամբողջ ընտանիքը հատոր հատոր ասդին անդին ցրուած` ջարդուած ու սպաննուած են… ոչ մէկ հատուածը չէ փրկուած անողոք եւ ճակատագրային դժբախտութենէն: Իր գաւառի յատուկ քաղցր ու երգող շեշտով կինը կ՚ըսէր մեզի.

Մարդ չմնաց, հարստութիւն չմնաց, սերունդ չմնաց… ես ու աղջիկս մնացինք:

Ու երկու անդամահատուած գեղեցիկ կիները իրենց համակերպող եւ տխրագին նայուածքով կը հաստատէին անսահման թշուառութիւնը իրենց բախտին…

Մենք աշխարհ եկանք սեւ օրով, արցունքի եւ արեան մէջ ապրեցանք եւ այսպէս ալ պիտի երթանք, մեր արեւը միշտ մութ ամպով ծածկուած եղա՜ւ…

Աղջիկը իր տասնհինգամեայ պարմանուհու յամառող յոյսով կ՚աւելացնէր.

Գրել կարդալ գիտեմ… բան մը ըսէք ընեմ… ինչո՞վ պիտի ապրեմ:

Իր կտրած անդամներէն մէկը սկսաւ ցնցուիլ նախ յամր, յամր, հետզհետէ արագ, չոր եւ անկենդան բանի մը աղմուկը ունէր անիկա, որ կը զարնուէր գետնին գաւազանի համաչափ հարուածներու պէս:

Աղջիկը առանց շատ վրդովուելու ձեռքովը կը բռնէր ցնցուող ազդրը եւ կը ջանար զսպել զայն ու կը շարունակէր խօսիլ. իր սեւ եւ լոյսով ողողուն աչքերուն մէջ աւելի խպնելու պէս բան մը կար քան թէ վիշտ. երկար թարթիչները կը խոնարհէին հետզհետէ այտերուն վրայ, որոնք սկսած էին կարմրիլ. մթին խոպոպիկներն առատ մազերուն` կը տամկանային ճակտին վրա…

Ինչո՞վ պիտի անցնեմ կեանքս, կը կրկներ դարձեալ երազկոտ եւ մտախոհ:

Ամէն բան վերջացած էր իրենց համար, կեանքը տաժանելի բեռ մը դարձած, մահը օրհնութիւն մը պիտի ըլլար այդ դժբաղդներուն… մխիթարութեան ոչ մէկ բառ չէինք գտնար մեր ապշած ու վշտացած հոգիներուն մէջ ու իրենք էլ դարձեալ, մայրը` որ զինուած ցեղին վերածնութեան ամենակարող հանճարովն իր հոգիին խորէն ինչպէս անսպառ լոյսի աղբիւրի մը մէջէն կ՚որսայ յոյսի ճաճանչ մը…

Մենք եկանք ու գացի՜նք… հոգ չէ՜… գոնէ բանի մը պիտի ծառայէ՞ մեր ցաւը… ըսէ՛ք… յոյս կա՞յ… դուք Սթամպօլէն կուգաք, շատ բան գիտէ՜ք, ըսէ՛ք, արձակութիւն պիտի ըլլա՞յ մեր ազգին համար:

Մեր յուզուած լռութեան առաջք, շրթունքները կը տժգունին. աչքերը կը թարթէր անհամբեր ջղագրգռութեամբ մը. հանդիսաւոր մթնոլորտ մը կը պարուրէր մեզ, անսահմանելի զգացում մը կը բաբախէր մեր ամէն մէկին էութեան մէջ եւ իր բառերը, իր խոնարհ հերոսուհու ազնուական մտահոգութիւնը կը կրկնուէր մեր ականջներուն:

Արձակութիւն պիտի ըլլա՞յ մեզի համար:

Մեր ընկերներէն մէկը ներշնջուեցաւ.

Արիւնը պարապ տեղը չի թափի՛ր, ու ձեր ամէն մէկ տառապանքի րոպէն բեղմնաւոր պիտի ըլլայ:

Ուրիշներ, ապաքինածներ, հաւաքուած էին մեր շուրջը ու մտիկ կ՚ընէին… մայր ու աղջիկ նոր հաղորդուած ջերմեռանդներու վերացող նայուածքներ ունէին… իրենց հոգեկան մաքրութիւնը հաղորդական կը դառնար, մեր շուրջն ուրիշ կանացի ձայներ կը մրմնջէին…

Մեր ինչո՞ւն պէտքը այլ ե՛ւս… մեր արեւը սեւցաւ, կենդանի մեռելներու պէս պիտի ըլլանք այս աշխարհիս վրայ… մեր մայրենի հողը չպիտի ճանչնայ մե՜զ… ու հաց չկայ մեզի համար… ասկէ ետքին նայինք, մնացողներն ի՞նչ պիտի ըլլան…

Տառապանքին բաժակը լեցուն է ու զեղուն է այլեւս… յուսացէ՜ք ապագային վրա…

Աւելի նկուն, աւելի ցաւատանջ քան այդ անդամահատուած, վիրաւորուած կիները, սրտերնիս լեցուն անմխիթարելի դառնութիւնով` կը պտտինք սրահին մէջ ու կը զգանք շատ լաւ, որ մեր քաղքենիի ամլացած հոգիները ողորմելիօրէն աղքատ են բաղդատմամբ այն յամառ, անկքելի ապրելու եւ տեւելու տենջանքին որ գրեթէ միշտ, ու ամէն առիթի կը գտնանք արկածեալ ժողովուրդին մէջ…: Պառաւ մը մեզ կը կեցնէ մեր ճամբուն վրա… ինքն ալ հոգեր ունի, միօրինակ, միատեսակ հոգեր, ու կը խօսի մեզի պարտականութիւն մը կատարողի անշահախնդիր եւ անակնկալու տխրութիւնով… իր խօսելու բոլոր տեւողութեանը մատներն օդին մէջ շարժում մը կընեն, համաչափ շարժում մը:

Ի՞նչ կ՚ընես այդպէս, մայրիկ:

Կը մանեմ, տղաք, կը մանեմ…

Դեռատի օրիորդ մը, ապաքինուած եւ բժշկուած եւ որ մնացած է հիւանդանոցի մէջ օգնելու համար ծառայողներուն, մեզի կը բացատրէ.

Պառաւը սովորութիւն ունէր մանելու… մինչ տղաքն ու թոռները զբաղած էին հողագործութիւնով եւ աղջիկներն ու հարսները տան գործերը կը բաժնէին, ինքը տան դրանը առաջքը տախտակին վրայ ծալլապատիկ նստած, խոշոր թթենիի շուքին ներքեւ կը մանե՜ր… ամբողջ օրը կ՚անցնէր այսպէ՜ս… Ժամերը կ՚անցնէին, ու ինք սպասելով տղոցը եւ թոռներուն դաշտէն վերադարձին, կը մանէ՜ր, կը մանե՜ր…

Հիմա տղաքն ու թոռները չկան, տունն աւերակ է, թթենին տապալեցին, տախտ չունի, բամպակ չունի, բայց պառաւը դարձեալ կը մանէ՜, պարապին մէջ կը մանէ՜…

Երկու վտիտ ձեռքերը կը մագլցիին երեւակայական թելի մը երկարութեան եւ ատենը մէկ մը ճապուկ եւ վարժ շարժումով իլիկը կը դարձնէ, յետոյ մեզի կը նայի, իր պառաւի խորշոմներուն մէջէն կը ժպտի ու կը շարունակէ մանել…

Ու կը խորհիմ ակամայ.

Հիմա այլեւս ի՞նչ բանի եւ որո՞ւ սպասելու պատրանքն ունի:

Քիչ մը աջ, քիչ մը ձախ դանդաղելով կը հասնինք վերջապէս սենեակին խորը, ուր պզտիկ մահճակալներու մէջ մատղաշ տղաքներ ամիսներն ի վեր կը տառապին: Դեռ իրենց մօտ չ՚եկած, կը լսենք մէկին կամ միւսին յոգնած եւ տկարացած հծծիւնը. ուրիշ մը միօրինակ ձայնով կը ճչայ: Գետինը` ծալլապատիկ նստած ցնցոտիի մը վրայ, գրեթէ կոյր եւ դողդոջուն պառաւ մը կը խլրտի մեղմօրէն, կեանքը շրթներուն վրայ է կարծես, ու երբ խօսի՝ պիտի մեռնի… այնքա՛ն տկար, այնքա՛ն անզօր կ՚երեւայ: Այլ սակայն այդ պառաւն է, որ ազատուած ո՞վ գիտէ ի՛նչ եղերական կացութիւններէ, եկած է հիւանդանոց եւ ձեւով մը որդեգրած փոքրիկ վիրաւորեալները:

Այլեւս ուժ չունի, կարողութիւն չունի, կ՚ըսէ հիւպատոսուհին, շուքի պէս բան մըն է, բայց անկարելի է զինքը հեռացնել փոքրերէն: Գիշեր թէ ցերեկ կը հսկէ անոնց վրայ. երբ կարենայ ոտքի ելլել, գաւազանին կռթնած կը մօտենայ ամէն մէկ մահճակալի ու ամէն մէկ տղու վրայ հակած կը մնայ քանի մը րոպէ: Երբեմն իր դողդողացող մատներով վերմակնին կը ծածկէ, մազերնին կը շոյէ ու առանց խօսելու, առանց աղմուկի կ՚արտասանէ այդ որբերուն վրայ: Ո՞վ է, ուրկէ՞ց եկած է, չենք գիտէր. վիրաւորուած տղոց մայրիկը կ՚անուանենք զինքը:

Երբ մենք մօտիկցանք մահճակալներուն, պառաւին տմոյն եւ տարտամ նայուածքը, որ կարծես բնաւ չէր տեսներ, անձկութեամբ լցուեցաւ, եւ բոլոր մեր այցելութեան տեւողութեանն այդ նայուածքը հետեւեցաւ մեզի. բոլոր այդ միջոցին պառաւը վիզը ձգած, վրդովուած ու կասկածոտ, չկրցաւ հանգիստ մնալ իր ցնցոտիներուն մէջ:

Հիւանդ երախաներուն մեծ մասն անդամահատուած էին. մէկ քանին միայն` յամառող եւ երկարատեւ ջերմէ կը տառապէին, ամէնքն ալ, առանց բացառութեան, ցաւի եւ տանջանքի մէջ ծամածռած դէմքերով, մեռելներու պէս տժգոյն, աչքերնին մարած, շրթունքնին չոր ու ճերմկած, տաժանելի տպաւորութիւն առաջ կը բերէին…: Յաճախ իրենց ցաւագին հծծիւնին մէջ նուիրական բառը կը լսուէր, աղերսող եւ արդէն յուսահատած կոչով մը.

Մայրի՜կ… մայրի՜կ… մայրի՜կ…

Եւ իրենց անգիտակցութիւնը թէ ինչո՞ւ լքուած եւ միայնակ էին իրենց մահճակալներուն մէջ, թէ ինչո՞ւ սիրելի եւ ընտանի դէմքը մայրիկին կը մերժէր երեւնալ իրենց ճգնաժամային տագնապներու միջոցին, ա՛լ աւելի ահռելի կը դարձնէր իրենցմէ արտայայտուած տպաւորութիւնը:

Մա… մայրի՜կ…

Խարխափող եւ վարանող ձեռքեր, հոգեվարքի ձեռքեր կը կառչին մեզի, կը բռնեն մեր մազերէն ու գերագոյն եւ երջանիկ պատրանքի մը մէջ աչքեր կը բացուին, ութը, տասը տարեկան տղու աչքեր, տանջանքով հասունցած, սեւ եւ տառապագին աչքեր… վայրկեան մը կը սեւեռին մեր վրայ, կը զարմանան ու յանկարծ անդրադառնալով մեր օտարութեանը, քէնոտած եւ տխուր, կը փակուին նորէն մեզի համար:

Կարելի է մխիթարել երիտասարդները, կիները, ծերունիները ու պառաւները, կարելի է գերեզմանին սեմին վրայ գտնուող անբախտներու յոյսի եւ երանութեան ճաճանչ մը փայլեցնել. բայց ի՞նչ կրնանք ընել այս տղաքներուն յամառող եւ տարամերժ վիշտին համար:

Սրտերնիս ճնշուած, հոգինիս լեցուն դառնութիւնով կը դեգերէինք մէկ սնարէն միւսն ու ամէն անգամուն, որ արձանագրութեան կը տեղեկանանք.

Հայր`…— սպանուած: Մայր`— սպանուած կամ կոյր, կամ խեղանդամուած… աղէտին օրերուն քստմնելի եւ շառագոյն պատկերը երեւոյթի մը պէս կ՚անցնի արագութեամբ մեր աչքերուն առաջքէն:

Երկարատեւ հեծեծանքներ, խեղդուած հառաչանքներ մեր ուշադրութիւնը կը դարձնեն անդին պզտիկ անկողնի մը վրայ, ու ամէնքս ալ կը դիմենք դէպի հոն: Դժուար է երեւակայել մարդկային կարողութեան սահմանին մէջ այն ահռելի տեսարանը, որ կը պարզուի մեր դէմ. մօտաւորապէս ինը տարեկան, ամբողջ մարմինը գրեթէ քայքայուած մանչ մըն է, որ վերմակին ներքեւէն, իր աներեւակայելի բարկութեամբ վիզը կը ձգտի, կը պրկուի, մղելով գլուխը, իր մազէ զուրկ եւ ոսկորի դեղնութիւն ստացած գանգը դէպի վեր, դէպի մահճակալին երկաթները:

Ցաւի ցնցումներ զինքը կը գալարեն ամէն ուղղութեամբ, եւ գանգոսկորը համաչափ աղմուկով մը կը զարնուի անկողնին երկաթին` չարագուշակ տպաւորութիւն մը առաջ բերելով…: Երբ վերմակը կը վերցնենք, նոյնիսկ անկարող կը դառնանք արտասուելու. արցունքը կը չորնայ մեր կոպերուն վրայ. դաժան եւ մթին երեւոյթներ ստացած ենք ամէնքս…: Տախտակի կտորներու մէջ անդամները բռնած եւ վիրակապներով սեղմուած հէք տղեկին մարմինը, ցաւատանջ ու եղերական մարմինը անշարժացած է անկողնին վրայ: Երկու բարակ ձողիկներ դուրս կը ձգտին վիրակապներէն, երկու անհաւատալի ձողիկներ… ու ատոնք իր սրունքին վարի մասերն են… եթէ ոտքերը չ՚ըլլան, չպիտի ըմբռնե՜նք… ու այդ ոտքերուն, այդ կապտացած, այդ գալարուն ոտքերուն ամէն մէկ մատը, ձգտուած, կորացած եւ իր բնական ուղղութենէն շեղած է անդիմադրելի ցաւերու տագնապին մէջ: Երկու ուրիշ վտիտ ձողիկներ, բազուկները, մասնակի կերպով ծածկուած վիրակապներով, կը հետեւին ոտքերուն գալարումներուն. վիզը միշտ, կը ձգտի դէպի վեր ու գանգոսկրը, անվրիպելի ճշտութեամբ մը, կը զարնուի մահճակալին երկաթին, համաչափ եւ չարագուշակ աղմուկովը:

Այդ քայքայուած մարմինը մարտիրոսացած տղեկին, այդ գլուխը, այդ բիբերը, որոնք կիսաբաց եւ թարթիչէ զուրկ արտեւանունքներուն մէջէն պիտի իյնային կարծես անկենդան եւ լպրծուն հեղուկի մը վերածուած. այդ մարմինը. որուն ամէն մէկ մկանունքները ձգտուած էին ցաւով… մեզ խենդեցուց: Ին՞չ բանի քաւութիւնն էր այդ տառապանքը, ինչո՞ւ այդ մանկական մարտիրոսութի՜ւնը…: Մենք կը զգուշանայինք իրարու երես նայելու, այնքան մեր հոգիներուն մէջ խռովուող զգացումներ սաստիկ եւ շփոթ էին:

Յանկարծ խորհեցայ ուրիշ մանուկներու վրայ, ուրիշ երկնքի ներքեւ` ոստոստող եւ զուարթ ու ապրելու երջանկութիւնով բաբախուն մանուկներու վրայ…: Ու րոպէ մը միտքս երթեւեկեց արագօրէն վարդագոյն եւ թարմ շրթունքներէ` այդ մեռելատիպ եւ լորձունքոտ շրթները, բոցավառ եւ պայծառ նայուածքներէ` այդ մարած եւ պղտոր սեւութիւնով մը ծածկուած բիբերը, խոպոպիքներով պճնուած պաշտելի եւ ծաղիկի պէս լուսայեղ գլուխներէն` հերազուրկ եւ ցաւատանջ գանկը: Ու աշխարհիս երջանիկներուն, սիրուածներուն կողմէն ամօթահար, կարծես ինքզինքս պատասխանատու զգալով այդ դժբախտ մանկիկին կացութեան մէջ, սկսայ ջերմապէս արտասուել, բռնուած անմխիթարելի ցաւով մը…: Ու բոլոր մեր ընկերներն ալ դրդուած նոյն ցաւէն, աչքերնին արցունքոտ, ձեռքերնին դողդոջուն, սրունքներնին դեդեւուն, թողուցին անկողինը, եւ ամէնքս ալ, ինչպէս աղէտէ մը, փախանք այդ սարսափելի երեւոյթէն…

Երկար ատեն, երկար օրեր, յիշատակն այդ վիրաւորուած որբին, ջլատեց ու տառապեցուց մեզ. եւ այսօր իսկ՝ երբ կը խորհիմ անտարակուսելիօրէն դիակնացած հէք մարմնին, եւ կը խորհիմ իր մանկական եւ տառապագին մկանունքներուն վերջնական քայքայմանը, սիրելիներու արիւնով թրջուած հողին մէջ, չեմ կրնար ըմբռնել թէ իր նեարդերը հանգչած ըլլան վերջնապէս, ու իր ցաւագին վիզը չձգտի այլեւս դէպի վեր, դէպի արեւը, դէպի ապրելու երջանկութիւնը ու տենչանքը…

Հետեւեալ առտուն, առաջնորդուած տեղացիէ մը, ճամփայ ելանք վրանները երթալու համար: Արեւը բարձրացած էր արդէն հորիզոնին վրայ եւ իր շողշողուն պայծառութիւնովը կը լուսաւորէր ամէն բան. զուարթ այլազանութիւն մը երանգներու կը թրթռար անայլայլ բնութեան վրայ: Մեր սիրտերը միայն սեւ էին, ու մենք չէինք կրնար հաղորդակից ըլլալ մեր շուրջի գեղեցկութեան, ինչպէս եթէ կոյր դարձած ըլլայինք: Արդէն, անմիջապէս, դեռ վրանները չհասած, յատկանշական հոտ մը դիակի, այրածի, հիւանդութիւններու, թշուառութեան, խառն եւ անորակելի հոտ մը, դիմաւորեց մեզ: Հասկցանք, որ արկածեալներու մթնոլորտին մէջ էինք:

Այրած տուները մեր ետեւը կը մնային, բայց մեր ոտքի տակի հողը թրծուած էր արիւնով: Երկու կողմէն ընդարձակ եւ տափարակ արտեր կը տարածուէին մինչեւ հեռաւոր սահմանները Տաւրոսի լեռներուն: Պատմեցին, որ դէպքէն քանի մը օր ետքը նեխութիւնը այնպիսի աստիճանի հասած էր, որ ստիպուած էին վերցնելու դիակները, որոնք ծածկուած էին այդ ընդարձակ հունձքերուն մէջ: Ու այն հացը, որ յետոյ այրիներուն ու որբերուն տուին իբրեւ ողորմութիւն, այդ արիւնով ոռոգուած ցորենէն շինուած էր:

Քիչ հեռուն ահաւասիկ վրանները: Դեռ շուարուն, աչքերնին ցաւոտ, գլուխնին գօսացած, դէմքերնին թարախով, արցունքով ու քրտինքով լպրծուն, մարդկային արարածներ կը սողան վրաններէն դուրս: Մեր ազդարարութեան վրայ` մունետիկին սուր ձայնը կը հրաւիրէ բոլոր անոնք որ որբեր ունին արձանագրելիք: Ու ցաւագին, տաժանելի տողանցումը կը սկսի: Թշուառութենէ սպառած տղաքը կը խուժեն դէպի մեզ եւ անձկագին աչքերով կը սպասեն իրենց ընդունուելուն: Կեանքն ա՛յնքան տաժանելի դարձած է այդ փոքրերուն համար, որ հոգ չունին, թէ իրենց ողջ մնացած սիրելիներէն պիտի բաժնուին: Ու մեր հարցումներուն կ՚աճապարեն պատասխանել, ընդառաջ կ՚երթան մեր դիտողութիւններուն, կը ճգնին զանոնք ջրել: Ու երբ կը յաջողին ընդունուիլ, երբ կը տեսնեն, որ լիացուցած են օրինական պայմանները, այսինքն որբ են հօրմէ եւ մօրմէ եւ կամ մայրերնին կոյր, խեղանդամ ու անկարող են աշխատելու, երբ կը գտնուին ամենէն դժբախտներէն աւելի դժբախտներու մէջ, գոհունակութեան ժպիտ մը կ՚ուրուագծուի իրենց դէմքերուն վրայ, եւ մէկ կողմ կ՚անցնին, գրեթէ ուրախութեամբ, ընդունուողներուն մէջ:

Ի՜նչ պատկեր, ի՜նչ մղձաւանջ այդ ընտրուածնե՜րը: Անօթութիւնը հիւծած ու մաշած է զիրենք. կեղտը կերած է իրենց մկանունքը դէմքերնուն վրայ. մազերնին խզխզուած ու գլուխներնուն վրայ փակած, գլուխներնին ոջլոտած ու գօսացած եւ անսահմանելի արտայայտութիւն մը իրենց ջերմէ վառուած աչքերուն մէջ: Ցնցոտիներ հազիւ կը ծածկէին իրենց վտիտ մարմինները ու պատառատուն քուրջերուն մէջէն բարակ ձողիկները բազուկներուն՝ միշտ կը զարմացնեն անակնկալի մը պէս: Ինչպէ՞ս կ՚ապրին, ինչպէ՞ս ապրեր են մինչեւ այդ օրը. կեանքը ի՞նչ գերազանց արիւնով մը կառչեր է այդ տխեղծ էակներուն: Ու իրենց տժգոյն ու ճաթռտած շրթունքները, որոնք կը պրկուին ակռաներուն վրայ ցաւատանջ գալարումով մը, լուռ կը մնան ու չեն պատմէր մեզի այն դժոխային խռովքը, որով ալեկոծուած ըլլալու են իրենց մանկական հոգիները…

Ի՜նչ պատկեր… ի՜նչ մղձաւանջ… աչքերը միայն, թշուառութենէ զարհուրած աչքեր, ահաւոր ժամեր տեսած աչքեր, սեւ, տենդագին, խենթի եւ անօթիի աչքեր, կը նային մեզի, կը սեւեռին մեզի անխոնջ եւ յամառ հրայրքով. տակաւ առ տակաւ կը զգանք, որ մեր հոգիներուն մէջ կը թափանցի յիմարական տագնապն իրենց չարչարանքներուն…:

Երբ մեր աչքերը կը խոնաւնան իրենց նայած ատեննիս, երբ մեր ձեռքերը կը դողդոջեն իրենց դպած ատեննիս, դէմքերը կը ծամածռին ու վտիտ այտերու վրայ չորցած մկանունքները կը թուլնան. աչքերը, սեւ, անթափանց աչքերը որբերուն` կը զարմանան կարծես… Ոչ ոք լացեր է, ոչ ոք գթացեր է իրենց վրայ. արկածեալներուն ամէն մէկը, իր յատուկ ցաւովը տանջուեր ու առանձնացեր է իր տառապանքին մեծութեան մէջ…: Քշուած, քշքշուած, մէյ մը ասդին, մէյ մը անդին, բախդին ու դիպուածին քմահաճոյքներէն վարուած, անոնք, որ սիրուած ու փայփայուած էին օր մը առաջ, անոնք, այդ որբերը, որ ճանչցեր էին մօր մը կուրծքին ջերմութիւնը, մենակ, անհոգ ու անօթի մնացեր էին օրերով: Ու հիմակ իրենց աչքերը կը զարմանային մեր զգացումներէն ու բարեբեր ու ազնիւ յուզմունքը կը դղրդէր իրենց քարացած հոգիները:

Արձանագրութիւնները միշտ կը շարունակէին ու կարծես չպիտի սպառեր որբերու թիւը: Հետզհետէ մայրեր կը հասնէին բեռնաւորուած բազմաթիւ տղաքներով: Եթէ աոաջին օրերու սարսափին ուժգնութիւնը մեղմացած էր, շարունակական ու անողոք թշուառութիւնը խորթացուցեր էր զիրենք եւ ահաւորապէս անգութ դարձեր էին իրենց զաւակներուն համար:

Առէ՛ք, առէ՛ք, ամէնքն ալ. իմ ինչի՞ս են հարկաւոր:

Ու չորս-հինգ տղայ կը ձգէին մեր դէմ:

Մենք պէտք է արձանագրենք այն որբերը, որ զրկուած են թէ հօրմէ եւ թէ մօրմէ, կը յիշեցնէ մեր ընկերներէն մէկը:

Բայց արդեօք այս խեղճ տղեկները, իրենց մայրերէն անտեսուած տղեկները, որոնք կարծես կը մերժեն հասկնալ անսահմանութիւնը իրենց թշուառութեան, աւելի որբ չե՞ն միւսներէն:

Ու աղէտը, սպաննելէ ետքը ամենէն կորովիները, հնձելէ ետքը ամէն խիզախները եւ յանձնապաստանները, բարոյապէս եւ ֆիզիքապէս փչացուցեր է բոլոր անոնք, որ յաջողեր են ապրիլ. ու կեանքն այնքան ցամաքած է նոյնիսկ մայրական սրտերու մէջ, որ ալ բան մը չունին տալու իրենց զաւկին:

Արձանագրուած որբերու ցանկը կ՚երկարի ու կ՚երկարի: Միջօրէի արեւն իր հրեղէն ճառագայթներով կ՚ողողէ այդ թշուառ ամբոխը, որ խռնուած է մեր շուրջը: Վրանները պարպուած են ու ամէնքն ալ եկած են դէպի մեզ, նոյնիսկ անոնք, որ որբ չունին արձանագրելիք: Քրտինքը հետզհետէ աւելի առատ կը հոսի ճակտներէն, կը խառնուի արցունքներու հետ: Ցաւոտ աչքեր, արեւի լոյսէն վիրաւոր, կը քթթեն իրենց թարախոտ եւ արիւնոտ արտեւանունքը: Երբեմն հառաչանք մը աւելի բարձր կը սլանայ ընդհանուր ժխորին մէջ. երբեմն ալ չարագուշակ քրքիջ մը կ՚երկարաձգուի ու կը վերջանայ հեծմունքի մը մէջ: Ասդին նորածինի մը խեղդուած ճիչը կը կորսուի պոռչտուքներու մէջ: Ու առաջ անցնելու եռանդէն զիրար հրմշտկող կիներ, պառաւներ եւ կոյրեր հետզհետէ մեզ կը սեղմեն, աւելի մերձաւոր մարդկային գօտիի մը մէջ: Արեւը կիզիչ եւ անտանելի դարձած է. ձիգ ու անողոք ճառագայթներ կը մխրճուին կարծես մեր ուղեղներուն մէջ. աչքերնիս կը մթննան ու կը շլանան յաջորդաբար, մատներնիս կը թուլնան եւ անկարող ենք շարունակելու:

Արձանագրութիւններն աւարտած են, բայց ամբոխը չի թողուր մեզ, որ հեռանանք, անհամար հոգեր, անհամար գանգատներ ունին մեզի ըսելիք, կին մը յիմարութեան տագնապի մը մէջ կը պառկի մեր ոտքերուն առջեւ ու կը գոչէ.

Զիս սպաննեցէք ու այնպէս անցէք գացէ՛ք. դիակիս վրայ կոխելով գացէք, քանի որ ճար չունիք իմ տէրտիս:

Ընդունուած սահմանափակ թուով որբերը, որոնք անմիջապէս պիտի տեղաւորուին որբանոցին մէջ` կը կառչեն մեզի, կը վախնան մեզի կորսնցնելէ ու իրենց աճապարանքին մէջ պզտիկ կենդանիներու վայրագ շարժումներ ունին, մինչ անոնք որ միայն արձանագրուած են, կը նային մեզի սրտմտած ու քէնոտ, գրեթէ թշնամիի աչքերով:

Անկարելի է ճամբայ բանալ այդ խռովուած ամբոխին մէջէն. կարծես թշուառութիւնը, հոգը, ցաւը քնացած ըլլային իրենց մէջ ու մենք զանոնք արթնցուցած ըլլայինք մեր ներկայութեամբ: Մեր ամէն մէկ շարժումին ամբոխն աւելի խիտ շարքերով կը շրջապատէ մեզի: Տաքութիւնը հեղձուցիչ է, քրտինքի արտաշնչումներէն օդը խոնաւցած եւ ծանրացած` անշնչելի դարձեր է: Կը համոզենք զիրենք ու կը խոստանանք կրկին գալ: Մեր ձայները հետզհետէ կը խեղդուին, անլսելի կը դառնան, մինչ աւելի եւս բորբոքուած ամբոխը կ՚ալեկոծի շփոթ եւ անբացատրելի զգացումներով: Յետոյ յանկարծ, անսպասելի կերպով մը կը հանդարտի, կ՚ամոքուի ու տեղ կը բանայ մեզի… Երկար ատեն ճամբուն վրայ, արկածեալները կը հետեւին մեզի, ու հետզհետէ կը ցանցառնան: Միջօրէի անհանդուրժելի տաքութիւնը զիրենք խոհեմ կը դարձնէ, ու կը վերադառնան իրենց վրանները: Այլեւս մեր ետեւ ձգած ենք զիրենք… երկու կողմէն ընդարձակ արտերու տարածութիւնը կ՚երեւայ մերկ եւ ամայի: Աղէտէն հրաշքով ազատած հսկայ հասակով երիտասարդ մը կ՚ընկերանայ եւ կ՚առաջնորդէ մեզ: Որբերը հանդարտիկ ու հնազանդ կը քալեն մեր քովէն իրենց բոպիկ ոտքերուն խուլ աղմուկովը, զոյգ-զոյգ եղած, իրարու ձեռք բռնած ու գրեթէ երջանիկ նոր կեանքի մը մէջ մտնալու յոյսով:

Մեր ձեռքին տակ են ուրեմն ու մեր խնամակալութեան յանձնուած, այդ տղեկները, դողդոջուն շրթունքներով, անհաստատ նայուածքներով, դեդեւուն սրունքներով ու վտիտ մարմիններով, տանջուած մանկական ուղեղներով ու ձգտուած ջիղերով, գերագրգռուած երեւակայութիւնով. բոլոր այդ դժբաղդ մանկութիւնը որուն իւրաքանչիւրին համար հիւծախտը, յիմարութիւնը, կուրութիւնը դարանակալ կը սպասեն, բոլոր այդ վիրաւորուած ու որբացած մանկութիւնը Կիլիկիոյ, որ ա՛յնքան պէտք ունի յարատեւ խնամքի, հոգածութեան ու մանաւանդ մայրական սիրոյ եւ խանդաղատանքի:

Միջոց մը առաջացանք առանց խօսելու, առանձին անցորդներ կը դիմաւորէին մեզի եւ կեցած կը նայէին մեր խումբին: Որբերուն բոպիկ ոտքերը քսուելով գետնին` այնպիսի փոշիի ամպ մը կը բարձրացնէին, որ մեզի կը ծածկէր եւ հեռուից անտեսանելի կը դարձնէր: Մենք, գրեթէ միշտ փակուած այդ մթնոլորտի մէջ եւ աչքերնիս շլացած արեւէ, դեդեւելով կը քալէինք, նոյնիսկ խորհելու անկարող: Նոյն պահուն մեզ, առաջնորդող երիտասարդը կեցուց մեզի եւ ցոյց տուաւ դիմացի դաշտը, երբ արդէն տարրալուծուած դիակի տարտամ հոտ մը կը ծփար տաք օդին մէջ ու մեզի անհանգիստ կ՚ընէր:

Արտասովոր եւ չարագուշակ տեսարան մը պարզուեցաւ հետզհետէ մեր աչքին: Նախապէս չհասկցանք, բայց քանի կը մօտենայինք, իրականութիւնը կը յայտնուէր մեր տատամսող ուշադրութեան: Իրարու մօտ գմբէթացած հողի բարձրութիւններ կը կազմէին շուրջանակի. քանի՛ կը մօտենայինք տարրալուծած դիակի հոտը աւելի սուր կը դառնար. կանաչ փորով, մութ կարմիր գլուխով ճանճեր կը բզզային ու կը հաւաքուէին գմբէթաձեւ բարձրութիւններու վրայ` ներքեւի արտաշնչումներէն բացուած, մէյ մը մէկ, մէյ մը ուրիշ սեւ ծակերու շուրջը:

Գլուխնին ծուռ, որբերը, անդին, ճամփան վրայ կեցած, կը սպասէին:

Որբանոցը հողին տակ է, ըսաւ մեզի առաջնորդողը` տղու գերեզմանները ցուցնելով:

Շատ ու շատ կային այդ չարաբաստիկ հողակոյտերէն: Ու նոյն միջոցին իմացանք, թէ վրանները նախապէս այդ տեղին վրայ հաստատուած էին, ու դէպքին յաջորդող շաբաթներուն մէջ թշուառութիւնն ա՛յնքան մեծ եղեր է որ, մեծ թուով տղաք` անտէր մնացած ու արիւնից ապականուած շրջակայ նեխութիւններէն` մեռէր են:

Մէկ քանի տեսակ համաճարակներ յայտնուեցան. ու օրը մինչեւ 45-50 տղաք կը մեռնէին. մայրերը ցամքած աչքերով ու դժբախտութեան չափազանցութենէ սրտմտած, առանց նոյնիսկ քահանայի դիմելու` փոս մը կը փորէին վրանին քով ու հոն կը թաղէին մեռած տղաքը:

Պահ մը երիտասարդը կը լռէ, կզակը սեղմած, աչքերը կը մոլորին. ձեռքի շարժումով մը ճակտին քրտինքը կը թափէ գետին ու կը հառաչէ.

Օ՜ֆ… օ՜ֆ… օր կ՚ըլլար, որ մինչեւ հինգ տղու դիակ կ՚ելլէր մէկ վրանէն…

Երկա՜ր կը նայինք տղու գերեզմաններուն: Իրաւամբ ի՞նչ ընելու եկեր ենք այս դժբախտ երկրին մէջ: «Որբանոցը հողին տակն է», կը յիշեմ երիտասարդին խօսքերը, ու աչքերս, հակառակ ինծի, կը սեւեռէին ծակերուն` որոնցմէ հազիւ նշմարելի կապտորակ շոգի մը կը բարձրնայ ու կը մարի արեւուն շողշողուն լոյսին մէջ: Ճանճերու սեւ երամը կ՚ելեւէջէ. անոնք չեն բարձրնար ու չեն տարածուիր, այլ հողի երեսին վրայ կը տատանին եւ աւելի սողալու երեւոյթ ունէին քան թռչելու:

Ի՜նչ եղերական, ի՜նչ յիմարացուցիչ պատկեր է. ու մեր խանդաղատանքն ու ցաւն ա՛յնքան մեծ են, որ նեխութեան գարշահոտութիւնը չընկրկէր մեզի ու իրարու կ՚ըսենք, աւելի առաջանալու համար.

Մեր տղոցը դիակներուն հոտն է՜…

Օ՜ֆ… օ՜ֆ… - կրկին կը հառաչէ մեզի առաջնորդող երիտասարդը. խորունկ թաղուած չեն, անոր համար է, որ կը հոտին… սարսափը դեռ կը շարունակէր…: Ուշ ատեն մայրերը կը սողային վրաններէն դուրս եւ շուտ-շուտ կը փորէին հողն ի՛նչքան որ կրնային, երբեմն գերեզմանը չի գոցած կը փախէին ու կը մտնային իրենց վրանին տակ…: Քանի՜, քանի՜ փոսեր ես իմ ձեռքովս եմ գոցեր:

Դարձեալ կը լռէ, ձայնը կը մարի ու պահ մը ետքը կը շարունակէ.

Մեր տեսածը մարդ չէ տեսած… այն օրերու մեռնողներուն երանի կուտայինք… սրտերնիս քար կտրած էր, ապա թէ ոչ ի՞նչպէս պիտի դիմանայինք…: Առտու մը կին մը զաւակը թաղեց վրանին քով. երեք չորս օր ետքը միւսն ալ մեռաւ. «ի՞նչ պէտք կայ նոր փոս բանալու, ըսին հոն հաւաքուած պառաւներ, հողը դեռ կակուղ է, առջինեկիդ գերեզմանը բա՛ց, քովիկը թաղէ»: Երբ կինը հողակոյտը բացաւ, որդերը կէս մը կերեր էին առջինեկի դիակը. երկար ատեն նայեցաւ սեւցած, անճանաչ մնացորդներուն… բան մը չէր լսէր, բանէ մը չէր վախնար… ատենը մէյ մը ուրիշ կիներ կու գային թեւին կը զարնէին, զինքը կը դրդէի՛ն. «Հայտէ՛, ի՞նչ կը նայիս, շուտ ըրէ՛, լմնցուր»: Մայրը` արձանի պէս անզգայ` չէր պատասխանէր ու կը նայէ՜ր, կը նայե՜ր… իրիկուան դէմ միայն, մեռել ու գերեզման ձգած՝ գայլի պէս ոռնալով փախաւ ու գնաց: Երկար ատեն հեռուներէն լսեցինք իր ողբը… գիշերն ո՞ւր մնացեր էր, ո՞ր փոսին մէջ ինկեր, չեմ գիտեր… մինչեւ լուսնալուն, քանի արթնցանք, լսեցինք իր ձայնը ու յետոյ ամէն բան մարեցաւ:

Գլխունուս զարնուած ու թախիծով լեցուն` կը դառնանք մեծ ճամբուն վրայ, ուր մեր որբերը մեզ կը սպասեն: Երիտասարդը գրգռուած էր իր պատմութիւններէն, տենդով կը խօսի ու ալ չի կենար: Ի՜նչ անպատմելի մանրամասնութիւններ կան իր ականատես մարդու յիշողութեան մէջ, ի՜նչ դրուագներ…: Անօրինակ արագութեամբ մը կ՚ապրինք այդ սեւ ու դժխեմ ժամերը, ու բոլոր այդ հապճեպով թաղուած մանկութեան սուգը սեւ ամպի մը պէս կը մարէ մեր մէջ ամէն կենսական տրամադրութիւն:

Ես ա՛լ թաղած եմ տղայ դիակ մը, - կը շարունակէ երիտասարդը…— զինքը մոռցեր էին ո՞վ գիտէ ինչպէ՛ս եւ ինչո՛ւ: Վրանները վերցեր էին այս դաշտին վրայէն եւ արդէն օրեր անցեր, երբ երկու ընկերոջ հետ կ՚անցնէինք այս տեղերէն: Սուր եւ յամառ գարշահոտութիւն մը մեր ուշադրութիւնը արթնցուց. չթաղուած մեռել կայ, մտածեցինք երեքս մէկ ու փնտռեցինք, մարմարեայ կոնքի մը մէջ` որ ժամանակաւ աշխատութենէ դարձող ձիերու ջուր տալու կը ծառայէր` գտանք զայն, գրեթէ բան չէր մնացել, գանկ մը եւ չորս ոսկորի կտորներ, թեւերը եւ սրունքները, մէջտեղը ցնցոտիներ: Ուզեցինք ամէնքը մէկ վերցնել, բայց ո՛ր կտորին որ դպանք, ձեռքերնիս մնաց, փոս մը փորեցինք ու մաս առ մաս տարինք թաղեցինք տղուն ոսկորները… բայց երբ ցնցոտիները վերցնել պէտք եղա՜ւ… ա՛յ… ա՜յ… մատներնուս վար սողաց: Մեզմէ մէկն ըսաւ. «փորոտիքներն են»: Փոսը ծածկեցինք ու երեքս շուրջը կեցած մնացինք: Շատ արցունք թափեր էինք, շատ լացեր էինք մինչեւ այն ատեն, բայց այդ օրուան արցունքն աւելի աղի է՜ր… օ՜ֆ… աւելի աղի էր: Խաչ հանեցինք, «Հայր մեր» մը ըսինք մատղաշ նահատակին վրայ ու, ետեւնիս չնայելով, աճապարեցինք ու հեռացանք:

Արեւը շլացուցիչ փայլով մը կը շողշողայ անամպ եւ կապոյտ երկնքին վրայ… բզէզներ ոսկեզօծ թեւերով ու արագօրէն կը դառնան, կարծես աննշմարելի կեդրոնի մը շուրջ…: Օդը կենսաւէտ ջերմութիւնով առլի, կ՚ընդլայնէ մեր կուրծքերը. ու, հակառակ հեղձուցիչ տաքին, կը զգանք, որ մեր երակներն աւելի հարուստ, աւելի առոյգ արիւնով մը կը բաբախեն: Ու կը խորհիմ դառնօրէն այդ վաղահաս մեռեալներուն, այդ խեղճ տղեկներուն վրայ, որոնք այնքան իրաւունք ունէին դեռ այս արեւէն, այս օդէն, եւ որոնց ապրելու տենչանքը հզօր էր իրենց թխորակ գլուխներուն վերեւ պայծառացող վեհանձն արեգակին ընծայած կենսականութեան համեմատութեամբ: Ո՞ւր են հիմա իրենց ժպիտները, իրենց աչքերուն եռանդը, ո՞ւր են իրենց մանկական ուրախութիւնները, ակնկալութիւնները, փափագները…

Ու բոլոր այդ լոյսի, հուրքի, ժպիտի, նորոբողբոջ վանկերու փոխարէն ահաւասիկ մեր դիմացը կը տարածուի սեւ դաշտ մը անհամար հողակոյտերով բեռնաւորուած, գարշահոտութիւն, զազիր ճանճեր եւ ոսկորի քանի մը կտորներ:

 

Որբերը տեղաւորցնելէ ետքը նախապէս իրենց համար պատրաստուած տեղերը, ուշ ատեն, պարտասած եւ յուզմունքէ ջլատուած, հասանք առաջնորդարան: Եկեղեցիին բակը պարապ էր եւ վերջալուսային անդորրութիւն մը կը ծածանէր մեր շուրջը, բայց մեր օրը դեռ չէր վերջացած, որվհետեւ ըսին, որ կին մը կը սպասէր մեզի:

Որբեր ունի թերեւս արձանագրելիք, - ըսաւ ընկեր մը:

Ո՛չ սակայն, որբեր չունէր արձանագրելիք այս մէկը… շատ երիտասարդ էր ու դժուար էր հաւատալ իր մայրութեանը. աչքերը մոլորուն, դէմքը ծամածռած ու քարացած անբացատրելի գալարումներու մէջ, լեզուն ծանրացած լորձունքոտ շրթներուն վրայ` անիկայ ըրաւ իր անհաւատալի պատմութիւնը…

Աչքերս կուրնա՜ն, քար կտրէր ե՜ն… ես ո՛չ հաց կ՚ուզեմ, ո՛չ օգնութիւն, արցունք տուէք ինծի՜…

Երկու տենդէ այրած աչքեր իրենց նայուածքը կը մխրճեն մեր աչքերուն մէջ:

Մատներս չորնա՜ն… սա մատներովս ըրի…:

Ու գալարուն մատները կը ներկայացնէ մեզի:

Նախապէս բան մը կարելի չեղաւ հասկնալ, որովհետեւ իր կցկտուր եւ ողբագին խօսքերը կ՚ընդհատուէին ահռելի տագնապներով. անիկա կուրծքը կը բզկտէր ու մազերը կը փեթտէր եւ լորձունքին մէջ կը խեղդուէին իր բառերը… ու վերջապէս ուրիշներ եկան մեզի տեղեկացնել…

Իր պատմութիւնը, գիտէինք արդէ՜ն. Ատանայ ոտք դրած օրերնիս լսած էինք զայն, ինչպէս ամենէն ահաւորներէն աւելի ահաւոր դրուագ մը… սա էր այն մայրը, որ իր տասը մատներուն փորձած ոճիրովը խելագարած, հալածուած, չարագուշակ կենդանու պէս` կը թափառէր աւերակներուն մէջ եւ ամէն մէկ սգաւօրէն աւելի սգաւոր, ամէն մէկ արկածեալէն աւելի դժբախտ, կը ջանար իր դժոխային տէրտը հասկցնել…

Այն սեւ օրերուն մէջ էր… խումբ մը մարդիկ յանկարծակիի եկած, շրջապատուած կոտորողներէն, կ՚ապաստանին նկուղի մը մէջ. ոմանք արդէն զարնուած են եւ ոմանք արդէն սգաւոր. բայց բոլոր հծծիւնները, բոլոր ինքնակորոյս վիրաւորուածները կը լռեն ու նկուղը գերեզմանային լռութիւն կը ստանայ: Իրենց վերեւ անընդհատ հրացաններու ձայները կը սուրան ու վառօդի, հրդեհի ծուխը սպրդելով մինչեւ իրենց` վտանգի մերձաւորութիւնը կ՚ազդարարէ: Սարսափահար` իրենք միշտ լուռ են ու անշարժ. յանկարծ, անգիտակից ու խիզախ, մանկական ձայն մը կը ճչէ: Ինքնապաշտպանութեան հոգէն գազանացած, մարդիկ կ՚ուզեն զայն խլել: Հոն են մանկիկին հայրն ու մայրը, սարսափելի ոճիրը վճռուած է. տասնհինգ զոյգ բոցավառ աչքեր, նկուղին մթութեան մէջ կը փնտրեն զայն… բազուկներ կը սողան դէպի անոր… չեն խօսիր ու չեն տեսնար զիրար, բայց մայրը կը հասկնայ եւ խուլ ձայնով կ՚առաջարկէ` յուսալով, որ մահը նուազ վայրագ պիտի ըլլայ իր տղեկին համար…

Կեցէ՛ք, ես իրեն կեանք տուի… ես պիտի առնեմ իր կեանքը…

Բայց իր մայրական մատներն անկարող կ՚ըլլան պինդ սեղմուելու մանկիկին կոկորդին վրայ:

Աւելի տիրական, աւելի խիզախ, տղուն ձայնը կը բարձրանայ… սեւ մոլուցք մը կը դղրդէ ապաստանողները ու լռին, բայց հաստատ կը մօտենան դժբախտ ծնողքին:

Ու այս անգամ հայրն է, որ կը ստանձնէ դժնդակ գործողութիւնը:

Անգամ մըն ալ կեցէ՛ք… ես կը վերջացնեմ…

Երեք օր կը մնան նկուղին մէջ եւ այլեւս տղուն ձայնը չի լսուիր. բայց երբ լոյսին եւ արեւին կ՚ելլեն, տղան դեռ չէր մեռած: Հոգեվարքը կը տեւէ երկա՜ր. փորն ուռած, աչքերը կապիճներէն դուրս, կարծես զարմացած իր վրայ կատարուած ոճիրէն, հէք մանկիկն իր շունչը կու տայ երկարատեւ տառապանքէ մը ետքը: Մայրը արդէն խելագարուած էր:

Այս այն կինն էր… ուրեմն անոնք, որ իրենց ձեռքովը թաղեցին իրենց զաւակներուն դիակները, անոնք, որ տեսան իրենց տղոցը հիւծելը եւ տառապիլը անօթութենէ եւ վէրքերէ, անոնք` դեռ բախտաւոր էին:

Ծամածռած դէմքը ոճրագործ մօրը կը ծածկուի ստուերի մը ներքեւ. մեր աչքե՞րն են, որ կ՚ամպոտին, թէ երեկոյեան մութն է, որ կ՚իջնէ… մղձաւանջային գիշերը եկեր է… ահաւասիկ Սիհունը կը մռնչէ… մտիկ կ՚ընենք իր ձայնն ինչպէս նաեւ թշուառ կնոջ աղաղակը.

Ես ո՛չ հաց կ՚ուզեմ քեզմէ, ո՛չ օգնութիւն, արցունք տուէ՛ք ինծի: