Աւերակներուն մէջ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԲԱՆՏԱՐԿԵԱԼՆԵՐԸ

Անսահման վհատութիւն եւ յուսաբեկութիւն ամէնուն մէջ, հեգնութիւնով եւ դառնութիւնով կը պատասխանեն մեր խրախուսող խօսքերուն:

«Յետաշրջական շարժումին զոհերը եղանք, որովհետեւ վարժուած էին մեր գլխուն զարնել, ամենէն ուժգին կերպով մեզի զարկին… Ոչ միայն մենք, այլ երկրին բոլոր ազատական տարրերը վտանգի մէջ էին, մենք բաժնեցինք երկրին տագնապը. ահաւասիկ… այսպէս բացատրենք Ատանայի աղէտը»:

Հաւաքուած էինք Առաջնորդարանի սրահին մէջ, ուր եկեր էին օտար դաւանութեանց պատկանող եկեղեցականներ եւ Ատանացի անձնաւորութիւններ պատրիարքական երկրորդ պատուիրակութիւնը ողջունելու: Եւ մինչ Պօլսէն նոր եկող անձ մը կը ջանար այդ ուղղութեամբ մխիթարել եւ խրախուսել տեղացիները, ձայն մը ականջս ի վար ըսաւ.

Բոլոր անոնք, որ չուզեցին մեռնիլ, բոլոր անոնք, որ ուզեցին իրենց կիները եւ տղաքները պաշտպանել, կա՛մ բանտարկուած են, կամ փախստակա՛ն եւ կամ ապաստանած ո եւ է անկիւն մը:

Առտուընէ ի վեր մտատանջ էի հիւպատոսարանը ապաստանող երիտասարդներու մասին, առիթը պատեհ համարեցի անոնց վրայ հարցնելու:

Յուսահատական դրութեան մէջ են, անձնատուր պիտի ըլլան, ըսին ինծի:

Ուրիշներ ալ կը մօտենային մեզի… շշուկներ, փսփսուքներ, տարակոյսը եւ արհաւիրքը կը տարրալուծէր դէմքերը, տղաքը վտանգի մէջ էին, որովհետեւ ամէնուն յիշողութեանը մէջ մղձաւանջային պատկեր մը կար դրոշմուած. կախաղաննե՜րը:

Ուշ ատեն, Կարմիր Խաչի ընկերուհիի մը հետ գացինք իրենց այցելութեան. Անգլիոյ հիւպատոսը ընդունեց նախ մեզի, ու, երկար ատեն խօսեցաւ այն անհրաժեշտութեանը վրայ, որ կայ` ազատական րէժիմին վստահութեան ցոյց մըն ընելու, բանտարկեալներու կողմէ, անձնատուր ըլլալով, ու մեր վրայ պարտք դրաւ այդ ուղղութեամբ խօսելու ապաստանող ընկերներու:

Մտքերնիս դեդեւած, խղճերնիս տանջուած, բարձրացանք սանդուղներէն վեր: Դեռ Պօլիս եղած ատեննիս լսել էինք իրենց մասին, եւ իւրաքանչիւրին անունները ու վարմունքները ծանօթ էին մեզի…: Ի՞նչ անձկալի անհամբերութեամբ սպասէր էինք իրենց նամակին, որ եկած էր վերջապէս ճշգրիտ տեղեկութիւնները հաղորդելով պատահած ահռելի դէպքերի մասին:

Սանդուղներէն բարձրանացած ատեննիս` իրարու հետ չէինք խօսէր, ու չէինք բանակցէր ու չէինք գիտէր, թէ ի՞նչ խոստում կը տանէինք օրերէ ի վեր մեր այցելութեան սպասող ընկերներուս: Ինչպէս ահաբեկած տեղացիներու մտքին մէջ, այնպէս նաեւ իմ մտքիս մէջ կանգուն եւ բարձր կը պատկերանար մղձաւանջային պատկերը… կախաղանները: Ու բոլոր այն երկար միջոցին, որ առիթ ունեցանք զիրենք տեսնելու, նախ հիւպատոսարանի մէջ, յետոյ բանտը, անձկալի եւ յուսալի օրերու մէջ հաւասարապէս, իրենց եւ իմ մէջս անդադար ունէի այդ դժոխային պատկերը եւ անոր ընդմէջէն կը տեսնէի իրենց իւրաքանչիւրին դէմքերը:

Ջղուտ եւ անհամբեր շարժումներով սեղմեցին մեր ձեռքերը ու նստեցան:

Ապաստանողներուն երկուքը ամուսնացած էին ու իրենց կիները եւ տղաքն իրենց հետ էին. հոն էին անոնք, որ ծառացան թշնամիին նենգաւոր դաւադրութեան դէմ. անոնք, որ չ՚ընկրկեցան` անհաւասար պայքարէն ու կուրծք տուին… իրենց մէջ էր իր եղբօրը հետ Տիգրան Պզտիկեանը, որ անհաւատալի քաջութեամբ մարտնչած էր անթիւ ոճրագործներու դէմ, անգիտակից վտանգին` իր երիտասարդ եւ վեհանձն կեանքը տրամադրած էր փրկելու համար քաղաքը բոլոր անոնց հետ` որոնց մէկ մասը նահատակուած, իսկ միւս մասը բանտարկուած էր իբրեւ վտանգաւոր մարդասպաններ: Վիրաւորուած թեւը կուրծքին կռթնցուցած, ծալլապատիկ նստած էր մեր դէմ: Իր նայուածքին քաղցրութիւնը, իր համեստ լռութիւնը, իր գրեթէ խուսափող խոնարհութիւնը` ապշութիւն կը պատճառէր մեզի: Երբ ոտքի կ՚ելլէր, էնթարիին լայն ծալքերուն մէջ կը բարձրնար պարթեւ հասակը. իր շարժումները հանդարտ էին եւ գրեթէ դանդաղ ու կը խորհէի, թէ ի՞նչ թաքուն կատաղութիւն եւ զգացում բորբոքած էր այդ թիկնեղ երիտասարդն աղէտի օրերուն մէջ: Երբ տեղեկութիւն հարցուցինք իր վէրքին մասին, գրեթէ անփութութիւնով պատասխանեց մեզի, այլ սակայն այդ վէրքէն էր որ գրեթէ տարի մը ետքը գերեզման պիտի տանէր զինքը: Իր մէկ եղբայրն արդէն մեռած էր կռուի մէջ, ու երբ անոր խօսքը կ՚ըլլար, երկու եղբայրները խորունկ սուգով մը կ՚անդրադառնային այդ վշտին վրայ:

Հոն էին նաեւ ուրիշ երկու եղբայրներ, գրեթէ պատանի, որոնց մէկը նոյնպէս կռուած էր այն օրերուն: Երբ դիմադրելու, ամէն մի յոյս այլեւս կորսուած էր, տասնեակ անգամներ կեանքը վտանգի դնելով` օգնած էր վիրաւորեալներու, ծերերու, անկարներու փոխադրութեանն օտար հաստատութիւններու մէջ, որոնք սակայն վերջ ի վերջոյ, իրենց կարգին հրոյ ճարակ պիտի դառնային:

Այն օրը, որ իրենց այցելեցինք, տարակոյսը եւ վհատութիւնը գրաւել էին զիրենք: Հիւպատոսը կը պնդէր իրեն առաջարկութեան վրայ. պէտք էր անձնատուր ըլլային, ու իրենք երկու մասի բաժնուած էին. ոմանք յիմարութիւն կը համարէին այդպիսի փորձ մը ընել, իսկ ուրիշներ համակարծիք էին յանձնուելու, յոգնած եւ զզուած իրենց երկարատեւ եւ կամովին բանտարկութենէն:

Դէպքին յաջորդող առաջին օրերու բանտարկեալներէն ահռելի լուրեր եկած էին. տանջել ու չարչարել էին զիրենք, անլուր խոշտանգումներու ենթարկէր էին պարզ եւ անհիմն կասկածի վրայ այնպիսի մարդիկ, որոնք արդէն շատ տառապած էին, այնպէս որ մահը նախանձելի եւ բարերար ամոքում մը դարձեր էր իրենց համար։ Ու այս բաներուն խորհելով, սրտի անբացատրելի սեղմումով մը կ՚անդրադառնայի բոլոր այն սոսկալի հաւանականութեանց վրայ, որոնք կը սաւառնէին այդ երիտասարդ, հուժկու եւ արի գլուխներուն շուրջ:

Քանի մը օր այդպէս տեւեց, ու օրին մէկն ալ ամէնքը համաձայն գտնուեցան. անձնատուր պիտի ըլլային, մենք կը զգուշանայինք ո եւ է խօսքով կամ ո եւ է թելադրութիւններով կշռելու իրենց որոշումին մէջ: Մեր սրտերը հանգիստ չէին, հորիզոնը դեռ պարզ չէր, որոտալից եւ սեւ փոթորիկներ կը սպառնային ամէն մէկուն:

Այն իրիկունը գացինք` իրենց կիներն ու տղաքը տեսնելու եւ իրենց մօտ ըլլալու այդ դժուարին ժամերու մէջ: Կիներէն մէկը մթին եւ լուռ տխրութիւնով մը համակուած էր, իսկ միւսը կ՚արտասուէր հեծեծագին: Տղաքը կը ճչէին մեռելի տան պէս տխուր էր հիւպատոսարանի այդ վերի յարկը ուր այնքա՛ն ատեն մեր ընկերները ապաստան եւ հիւրընկալութիւն գտեր էին: Մենք անկարող էինք մխիթարելու այդ երկու դժբաղդ կիները. բառերը կը մարէին ու իրենց իմաստը կը կորսցնէին մեր շրթունքներուն վրայ: Տղաքը կը շարունակէին գոչել, մայրերնին կ՚արտասուէր յորդառատ արցունքներով. ամէն րոպէ կը կարծէինք, թէ այլ եւս արտասուքը պիտի սպառէր, թէ կարող չպիտի ըլլային շարունակելու այդպէս… բայց այդ օրէն վերջն ալ քանի քանի՛ անգամներ, սարսափելի ժամերու մէջ այդ աչքերը դեռ արցունք պիտի գտնային թափելու:

Մութը սկսաւ իջնալ աւերակներու վրայ: Հիւպատոսարանին վերնայարկէն կը դիտէինք Ֆէլլահ թաղին խճողուած տանիքները… հեռաւոր, անորակելի աղմուկ մը կը բզզար ամէն կողմ, հեղձուցիչ տաքէն ետքը, իրկուան գաղջ խոնաւութիւնն անշնչելի կը դառնար. ֆիզիկապէս եւ բարոյապէս ճնշուած` աչքերս կը փակէի խուսափելու համար յամառող մղձաւանջէն.

Կախաղանները՜…

Այդ մասին մեր մէջ իսկ չէինք խօսէր նոյնիսկ մեր ընկերական ամենէն մտերիմ վայրկեաններուն. կը զգայինք սակայն, որ ամէն մէկերնուս մտքին մէջ այդ սարսափը կար, բայց կը խուսափէինք այդ չարաշուք բառն արտասանելէ կարծես վախնալով մարմին տալ, իրական եւ կարելի դարձնել զայն: Շատ աւելի ուշ է, որ անիկա ինքնին պիտի գար սեղանի վրայ. բանտարկեալներու մայրերը եւ կիներն էին, որ պիտի արտասանէին զայն մեզի:

Հետեւեալ օրն իսկ շտապեցինք երթալ տեղեկութիւն առնել մեր բանտարկեալներէն ու մեր գիտցածը հաղորդել իրենց մայրերուն եւ կիներուն: Հակառակ մեր յոռետեսութեան` նոյն ժամանակուան զինուորական հրամանատարին բարեացկամութեանը շնորհիւ, կրցանք ոչ միայն տեղեկութիւն ստանալ, այլ նաեւ այցելել մեր ընկերներուն:

Պաշտօնատան մը սրահին մէջ հաւաքուած էին անոնք եւ բաւական հանդարտ կը թուէին. կը յիշեմ նոյնիսկ, որ իրենք եղան մեզի ամրապնդողը, մեզի յոյս ու եռանդ ներշնչողը. գրեթէ ուրախութիւնով դարձանք իրենց ընտանիքներում քով:

Կառավարչատան միւս կողմը նախկին դպրոցի շէնք մը վերածուած էր նաեւ բանտի. ու մեր ստիպողական պարտաւորութիւններէն մէկն ալ հոնտեղի բանտարկեալներուն այցելելն էր: Բոլորն ալ հայ էին. իսկ ուրիշ մաս մը հայ բանտարկեալներ կը գտնուէին բուն իսկ բանտին մէջ, թուրքերու հետ: Առանց մեծ դժուարութեան, յաջողեցանք մուտք ունենալ հայ բանտարկեալներու սրահին մէջ:

Շէնքը կը բաղկանար երկու յարկէ. ոչ միայն մուտքը, այլ նաեւ շրջակայքը պաշտպանուած էին զինուած զինուորներով, որոնք կը փոխուէին երկու ժամն անգամ մը: Հայերը հոն էին շաբաթներէ ի վեր. իրենց մէջ կային ծերունիներ, երիտասարդներ, հիւանդներ եւ վիրաւորուածներ: Իրենց անձկութիւնը եւ մտահոգութիւնը չափ ու սահման չունէր, որովհետեւ կտրուած ըլլալով ամէն յարաբերութենէ, չէին գիտէր, թէ իրենց ընտանիքին ցրուած անդամները ի՞նչ եղած էին: Շատերը ծանր սուգով սգաւորուած էին եւ մահը ցանկալի կ՚երեւար իրենց: Ոմանք յամրօրէն կը հիւծէին եւ արդէն անջատուած կը թուէին աշխարհէս: Հոն էր, որ ճանչցանք ընտանիքի դժբաղդ հայր մը, որ իր կինը եւ զաւակներէն մէկ երկուքը զոհ տալէն ետքը թշնամիին գնդակներուն, ամբաստանուած էր ծանր յանցանքով, որովհետեւ իր տունէն քանի մը մետր հեռու իսլամի դիակ մը գտնուած էր: Կը յիշեմ իր քաղցր ծերունիի խոհուն դէմքը, պարզ ճակատը եւ ցաւով ու արցունքով լեցուն աչքերը: Խեղճը բնաւ չէր խօսէր. իրեն համար կ՚ըսէին, թէ գրեթէ յիմարացած է. եւ արդարեւ նշմարեցինք, որ մեքենական եւ յամառ շարժումով մէյ մը մէկ, մէյ մը միւս ձեռքով աներեւոյթ բան մը կը հեռացնէր իր ճակատէն: Հոն էր նաեւ, որ առաջին անգամ ծանօթացանք նշանաւոր Կէօքտէրէլեանին, որու մասին արտակարգ առասպելներ հիւսուած էին եւ որուն շուրջը կար մասնաւոր հսկողութիւն, սարսափած իր թաքուն զօրութենէն եւ իրեն վերագրուած ոճիրներէն…

Երբեք չպիտի մոռնամ իր հսկայի եւ ճշմարտապէս առասպելական հերոսի տիտանեան հասակը, փառաւոր մօրուքը, մագնիսացնող աչքերը, որոնք ազդելու էին նոյն իսկ զինքը հսկելու կոչուած պաշտօնեաներուն վրայ: Բայց մեր ուշադրութեան մասնաւոր առարկաները երկու հիւանդներն էին, մէկը տարէց եւ միւսը երիտասարդ, որոնք կը հիւծէին անողոք հիւանդութենէ մը բռնուած: Իրենց ջերմագին եւ բոցեղ նայուածքը կը կառչէր մեզի, կը պաղատէր մեզի: Անոնց յիշատակովը կը տանջուէինք երկար ատեն:

Մեր տեսակցութիւնները կարճ էին ու անկատար, հարկադրուած էինք թրքերէն խօսիլ եւ այդ ալ զապթիյէին ներկայութեանը: Երբեմն կը նախընտրէինք բնաւ չխօսիլ: Ու այդ անիրաւուած, այդ անարդար մարտիրոսութեան ենթարկուած եղբայրներու վրայ մեր նայուածքը կը պտտցնէինք գթութեամբ, ցաւով եւ սրտագին զգացումներով:

Երբեմն մխիթարութիւնը փոխանակ մեզմէ իրենց հասնելու, իրենցմէ մեզի կուգար. երկու պողպատի պէս պինդ եւ ճկուն բազուկները ծալած կուրծքին վրայ, երիտասարդ մը կը մօտենար մեզի եւ իր աչքերն անսահման գոհունակութեամբ կը ժպտէին: Կը զգայինք, որ այդ մէկը իր պարտականութիւնը կատարած զինուորի հանդարտութիւնով պատրաստ էր խաղաղութեամբ մեռնելու եւ անարդար դատաստանի մը բոլոր խստութիւնները անկարող էին իր հոգեկան անխառն երջանկութիւնը վրդովելու: Ոմանք տխուր, բայց հանդարտ էին, եւ ոմանց մէջ վրէժի զգացումը դեռ արծարծուած եւ սաստիկ էր: Այս վերջիններուն դէմքերուն մկանունքները պրկուած ու գալարուած էին, աչքերնին լեցուն էր մթին թշնամութիւնով, բայց ինչ որ մեզ ամենէն աւելի դժուար դրութեան մէջ կը դնէր, ու չէինք գիտնար, թէ ի՜նչ դիրք պէտք էր բռնէինք, իրենց յանկարծակի ըմբոստութիւններն էին, որոնք յառաջ կը բերէին պահապաններու կողմէ խստութիւններու կրկնապատկում, եւ ատով մեր այցելութիւնները կը դժուարանային չափազանց:

Օր մը, երբ զապթիյէին ստիպումներուն վրայ կ՚աճապարէինք մեկնելու, յանկարծ անկիւնէ մը մէկը գոչեց.

Գիտէ՞ք մենք ի՞նչու այս պալատին մէջ ենք… կեցցէ՜ հուրրիյէթը՜…

Բազմաթիւ հեգնական քրքիջներ պատասխանեցին իրեն ու բազմաթիւ ձայներ կրկնեցին.

«Կեցցէ՛ հուրրիյէթը…»:

Զապթիյէն կատաղած. մտրակը բարձրացուց եւ խելակորոյս, փնտրեց այն, որ առաջին անգամ արտասանած էր հեգնական բացականչութիւնը: Բայց յանկարծ խաղաղութիւնն իջած էր ամէնուն վրայ. եւ այնպիսի արտայայտութենէ զուրկ դիմակներ ստացած էին, որ անկարելի էր գուշակել իրենց մէջ եռուզեռող զգացումները: Մենք իսկ տարուած էինք խորհելու թէ սրահէն դուրս անցած էր այդ դէպքը:

Մեր խօսակցութիւնը բանտարկեալներու հետ մէկ քանի պայմանադրական երազներու մէջ կ՚ամփոփուէր. բայց ինչե՜ր չէինք ըսէր այդ սովորական խօսքերուն մէջ. մեր ձայնին շեշտը, մեր վանկերուն արտասանութիւնը ինքնին կը ստանային, գրեթէ անգիտակցաբար, այն իմաստները, որ մտածումին մէջ էին:

Ճերմակեղէնի պէտք ունի՞ք… քինինը վերջացաւ. տենդ ունի՞ք…

Նայուածքնին հեռու, մտքերնին բացակայ, ուղղակի չէին պատասխաներ եւ համակերպութիւնով կը ժպտէին:

Մեր ձայնը լսած էին եւ գիտէին, որ կ՚ուզէինք ըսել.

Համբերեցէք եւ յուսացէ՛ք. վերջ ի վերջոյ արդարութիւն պիտի ըլլայ ձեզի, որ ձեր կրած բոլոր նուաստութիւնները պիտի փոխարինուին ձեր վեհանձնութեան եւ ձեր արիութեան արժանի գնահատումներով:

Ատանայ եղած ատենս, մեր ձեռնարկած բոլոր գործերուն մէջ բանտի այցելութիւնը ամենէն դժուարն էր. ամենէն աւելի պաշարուած խրթնութիւններով, բայց միւս կողմէ ամենէն սրտապնդողը եւ ամենէն աւելի մեզ եռանդ ներշնչողը. գոնէ հոն` չէինք տեսնար զարնուածներ, պարտուածներ եւ հլուներ:

Բոլոր անոնք, որ զէնք ի ձեռին գտնուած էին կամ նշմարուած էին աղէտի օրերուն մէջ, բանտն էին: Բոլոր անոնք, որ իրենց կուրծքը դարձուցած էին թշնամիին, հոն էին. երիտասարդու կեանքով լեցուն, աչքերնին վառուած կենսական եռանդով եւ պատրաստ` իրենց արձակուելու առաջին օրէն իսկ վերստեղծելու կեանքը եւ խանդավառութիւնը այդ աւերակ դարձած քաղաքին մէջ: Ի՜նչ խանդաղատանքով եւ ի՜նչ գուրգուրանքով կը հսկէինք իրենց ճակատագրին վրայ: Պօլիսէն եկած ամէն մէկ լուր փոխն ի փոխ յոյսով եւ դողով կը լեցնէր մեզ, եւ երբ լաւ լուր մը ունենայինք հաղորդելիք, անտեսելով բոլոր դժուարութիւնները, կը դիմէինք իրենց ու միշտ դաժան զապթիյէին ներկայութեան, կը ջանայինք մեր յոյսը, մեր դոյզն յոյսը ներշնչել անոնց:

Ո՞վ ճերմակեղէնի պէտք ունի…:

Մեր ձեռքերը կը դողդողային անուններ արձանագրած ատեննիս, մեր աչքերը կը ժպտէին եւ անոնք կը հասկնային ու միշտ` սեւ, խորունկ ու տխրագին նայուածքներու մէջ, ուրախութիւնը կը ծագէր արշալոյսի նման:

 

Աւելի դժուար էր այցելել այն բանտարկեալներուն, որոնք կը գտնուէին թուրքերու հետ, բայց գիտէինք նաեւ, որ անոնք ամենէն դժբաղդները եւ ամենէն ճնշուածներն էին. եւ այդ իսկ պատճառաւ մեր նպատակներէն մէկն ըրինք մինչեւ իրենց հասնիլ:

Առաջին անգամ տպաւորութիւնը սոսկալի էր. երկար ատեն հարկադրուեցանք սպասելու բանտապետին խցիկին մէջ, որպէս զի պատերազմական ատեանէն գայ մեր տեսակցութեան հրամանը: Բանտապետն ածիլուած գլխով, սեւ տարածուած մօրուքով մարդ մը, ծալլապատիկ նստած էր գզրոցի մը առաջք, որուն վրայ բացուած կը մնար խոշոր եւ ստուար տետրակ մը, բանտարկեալներու արձանագրութեանց տետրակը հաւանակաբար: Երբեմն բանտապահներ, ստահակ երեւոյթով, սեւ եւ չոր դէմքերով, ձեռքերնին զինուած մտրակով մը, կը մտնէին ու կ՚ելնէին, գրեթէ ամէնքն ալ ածիլուած գլուխներ ունէին եւ գագաթնուն վրայ միայն մազի փունջ մը երկար թողուած, ծոպի պէս կ՚իյնար մինչեւ ճակատնին: Պզտիկ ու յարաշարժ բիբեր, անվստահութիւնով եւ կասկածով անհանգիստ, չէին հանգչեր ոչ մէկ կէտի վրայ: Դժոխային բան մը կար մթնոլորտին մէջ, եւ այդ մարդիկը դիւրաւ դահիճի համեմատութիւններ կը ստանային ինծի համար, անոնք դաժան եւ տխուր էին առհասարակ եւ դէմքերնին ծամածռած դժգոհութիւններով:

Այդ խցիկին մէջ, այդ անգամ եւ ուրիշ անգամներ ալ, անմոռանալի ժամեր անցուցած ենք: Երկար սպասումէն մեր սրտերը կը ճզմէին, մեր լսածներն ու տեսածները կը վերադառնային մեր մտքին աւելի մթին գոյներով, աշխարհը կը սեւնար ու գերեզմանի պէս կարծես կը գոցուէր մեր վրայ: Երբեմն բանտապահներ կամ պատահական այցելուներ կուգային կը խառնուէին նոյն խցիկին մէջ. ծուխէն եւ գարշահոտ շնչառութիւններէն օդը նողկալի կը դառնար: Առհասարակ մեր ներկայութիւնը մեծ զարմացում եւ հետաքրքրութիւն կը ներշնչէր եւ մինչեւ իսկ կը դիզուէին դռան առաջքը, դիտելու համար մեզի: Բայց այդ վայրագ, գրեթէ անասնային մարդիկը, նոյնիսկ դուրսէն անցնող անցորդները, որ կը կենային` ակնածանքով եւ յարգանքով կը վարուէին մեզի հետ. այդ պարագան մեծ չափով դիւրացուցած էր մեր գործունէութիւնը:

Դեռ խցիկին մէջ` դուրսէն կը լսէինք անանուն ժխոր մը, որուն մէջ երբեմն կ՚որոշէինք հայհոյալի բացականչութիւններ, շղթայի ձայներ եւ ծխնիներու կռինչը: Քայլ մը անդին բանտին երկաթեայ ցանկապատն էր, եւ, գառագեղի մէջ արգելուած գազաններու պէս, հոծ բազմութիւն մը ոճրագործներու դիզուած էր ետին:

Այդ հրէշներուն, այդ մարդակերպ արարածներուն մէջ էր, որ վերջապէս կը գտնէինք մերինները: Անոնք կ՚առաջանային, կը մօտենային ցանկապատին եւ հոդ կը տեսակցէինք: Սրտաճմլիկ անձնուիրութիւններով վեհանձն անձնազոհութիւններու ականատես եղած ենք այդ նոյն երկաթեայ ցանկապատին առաջքը: Հոն էր, որ բանտարկեալ պատանի մը իրեն տրուած դրամական նպաստը մերժելով, տուաւ իր քովը կեցող տժգոյն եւ վտիտ բանտարկեալի մը ըսելով, թէ ինքն առողջ ըլլալով, օրապահիկ հացէն զատ բանի պէտք չունի, հոն էր, որ տեսանք, թէ ինչպէս կռնակնուն շապիկը կը տային աւելի կարօտ ընկերոջ մը. եւ հոն էր, որ դարձեալ լսեցի ուրիշ նորահաս երիտասարդի մը բերնէն.

Իմացայ, որ ծնողքս շատ են աշխատեր ու շատ դրամ ծախսեր ինծի համար, գացէք գտէք զիրենք եւ ըսէք, թէ զուր տեղն է. թող իմ տեղս սա՛ մարդը ազատել աշխատին, ընտանիքի հայր է:

Ու մատովը կը ցուցընէր անդին, անկար, սրունքներուն վրայ դեդեւող մոխրագոյն մազերով եւ մօրուքով մարդ մը, որ չէր յաջողած մինչեւ մեզի հասնիլ:

Չեմ գիտէր, թէ ի՞նչ եղած են եւ ի՞նչ էին այդ թանկագին խառնուածքները դէպքէն առաջ եւ հիմա: Ամէն պարագայի` դժոխային դժբաղդութիւններու եւ գերմարդկային տառապանքներու այդ խառնարանէն` իրենցմէ շատերուն հոգիները զտուած եւ մաքրուած դուրս եկած էին ոսկիի պէս:

 

Օր մը դիպուածաւ բանտ գացած ըլլալով` մեր սովորական այցելաթիւնն ընելու, իմացանք, որ դատապարտուած Հայեր պիտի մեկնին Փայաս: Ամէն ջանք ըրինք զիրենք տեսնելու եւ հարկ եղած օգնութիւններն ընելու:

Կացութիւնը ճնշիչ էր, կարելի չէր երեւակայել աւելի սարսափելի պատկեր մը: Բանտին երկաթեայ ցանկապատին ետեւէն հարիւրաւոր ոճրագործներու գլուխներ կ՚երեւային եւ անհամար աչքեր, արիւնի մէջ խեղդուած բիբեր կը բոցավառէին ու հետաքրքրութեամբ մեզի կը նայէին: Վերջապէս, այդ քստմնելի ամբոխին մէջէն ճանչցանք մերինները, դատապարտուածները, եւ անոնք պէտք չունեցան ինքզինքնին անուանելու. մեր աչքերը ճանչցան զիրար:

Այդ դատապարտուածներու շարքէն, էին Կաղօզճի Միհրան, քաջ որսորդ, որուն համար կ՚ըսէին, թէ հինգ հարիւր հոգիի կեանք փրկած է Նազար Ինճէեան, որ մեզի յանձնարարեց իր երկու տղաքը, որոնք հիւանդանոցը կը գտնուէին, եւ ուրիշներ:

Այդ մարդիկը, որոնց մէկ մասը բոլորովին անմեղ էր եւ միւս մասն ինքնապաշտպանութեան բնազդէն մղուած` հարիւրաւոր կեանքեր ազատած էին, աւելի բախտաւոր պարագաներու մէջ իբրեւ հերոսներ պիտի ներկայանային: Իրենք կը սպասէին թերեւս, որ ճառագայթող ճշմարտութեան դէմ բոլոր քսութիւնները, բոլոր զրպարտութիւններն անզօր պիտի ըլլային ու իրենց քաջ քաղաքացիի արարքները պիտի վարձատրէին:

Այլ սակայն, դատապարտուած եւ շղթայակապ կը պատրաստուէին երթալ Փայաս, այն Թուրքերուն հետ, որոնց հետ դէմ առ դէմ գտնուեցան կռիւի օրերուն: Իրենց վաստակաբեկ ու վիշտով ազնուականացած դէմքին վրայ ո՛չ դառնութիւն կար, ո՛չ յուսաբեկութիւն, ո՛չ ջլատում:

Իրենց պարզ հոգեբանութիւնը չէր տանջուեր բնաւ, ու հաւատք ալ ունէին թէ մէկ օրէն միւսը պիտի ճշդուէր իրենց դերին մեծութիւնը եւ այն մարդիկը, որ շղթայ կ՚անցընէին իրենց ոտքերուն, օր մը թերեւս իրենց կուրծքը պիտի զարդարէին պատուանշաններով:

Մեզի կարելի չէր երկար խօսիլ իրենց հետ, բայց իւրաքանչիւրին դէմքը տպաւորուած էր անջնջելի կերպով մեր միտքերուն մէջ: Բան մը կար, որ կը ներդաշնակուէր մեր մտածումներուն հետ, եւ ատ ալ տառապանքին հպարտութիւնն էր:

Դուրսը ցաւագին ամբոխ մը կը վրդովէր փոթորկէ բռնուած ծովու պէս. կանացի աղիողորմ ձայներ կը խառնուէին տղու ճիչերու հետ: Հայ կիներ էին, որ եկած էին իրենց սիրելիները տեսնելու վերջին անգամ մը: Իրենց ետեւը կը կենային քանի մը թուրք կիներ ալ՝ լռին ու անկարեկիր երեւոյթով: Երբ իրենց մօտէն կ՚անցնէինք, սեւ կամ կարմիր եազմային տակէն իրենց սեւ նայուածքին ճառագայթը կը սեւեռէր մեր վրայ: Հայ կիները կուլային անմխիթարելի վիշտով եւ չէին ուզէր մտիկ ընել ո եւ է բառ, որ ամոքէր իրենց ցաւին սաստկութիւնը: Ոստիկանները կը զայրանային, կը կատղէին այդ տառապանքի պատկերին դէմ, անհանգստացած` տղու հեծեծանքներէն եւ կիներու արտասուքէն: Եւ ահա մտրակը բարձրացաւ շառաչելով, ինկաւ կիսամերկ կուրծքերու վրայ, ահագին խուճապ մը շփոթութիւն ձգեց այդ հոծ բազմութեան մէջ. ոստիկանները միշտ կը զարնէին եւ ամբոխը կ՚ընկրկէր՝ կը ցրուէր:

Լացի ձայները միշտ կային սակայն. որովհետեւ հայ դատապարտուածներու մայրերը, կիներն ու տղաքը` ամուր կեցած մտրակի հարուածներուն տակ, չէին հեռացած ու կը յամառէին բողոքել, աչքերնին յառած բանտի դրան` որուն ետեւ խռնուած ոճրագործներու վոհմակի մը մէջ կը տեսնէին իրենց սիրելիներէն մէկը կամ միւսը:

 

Բնական էր, որ յաճախակի մօտութեան մէջ ըլլալով թուրք բանտարկեալներու հետ, հետաքրքրուէինք իրենց հոգեբանութիւնով ու նաեւ իրենց վիճակով, մանաւանդ, որ հետզհետէ մեր այցելութեան միջոցներուն` մեր շուրջը հսկողութիւնը թուլցած ըլլալով, աւելի երկար կրնայինք խօսիլ հայ բանտարկեալներուն հետ, եւ այդ առիթով էր, որ տեղեկացանք, թէ թուրք բանտարկեալներու մէջ ալ անմեղներ կան: Այս պարագան մեզ հարկադրեց շահագրգռուիլ իրենց վիճակով, ջանալ ամոքել իրենց նիւթական վիճակը եւ հաւասարապէս դիմումներ ընել անոնց ազատ արձակման համար: Առաջին իսկ փորձին` լուրջ եւ անյաղթելի դժուարութեան հանդիպեցանք. եւ այդ պատճառով երկար ատեն մեզի կարելի չեղաւ նաեւ մերձենալ իրենց մօտ գտնուող հայ բանտարկեալներուն:

Այդ միջոցին արդէն մեր բանտարկեալներուն մեծ մասը մեկնած էր այլ եւ այլ աքսորավայրեր, եւ մէկ քանին տեղափոխուած միւս հայ բանտարկեալներու շէնքին մէջ:

Ո՛րքան ալ հարեւանցի ըլլային մեր յարաբերութիւնները, այդ առիթով տեղեկացանք, թէ թուրք բանտարկեալները ջլատուած վիճակի մէջ էին. յանցաւորները սարսափած, եւ անմեղները գրգռուած էին: Ընդհանրապէս ամէնքն ալ չարաչար կը ցաւէին պատահածներուն վրայ եւ սրտերնին այրած, կը գոչէին.

Վա՜խ, վա՜խ… սխալեցա՜նք:

Օր մը մեծ յուզում կը տիրէր շրջանակներու մէջ. նոյնիսկ թոյլ չտուին մօտիկանալ բանտարկեալներու շէնքերուն: Թուրք կիներ խեռ աչքով եւ այրեր զայրոյթով կը նայէին մեզի: Տուն վերադարձին միայն իմացանք, որ լուր կայ, թէ երկու ոճրագործ կիներ պիտի կախուին. քիչ առաջ մունետիկ մը ազդարարած էր, որ բոլոր այրերը քաշուին իրենց բնակարանները: Այդ կիները հրէշային ոճրագործներ էին, բայց մենք տանջուած մեր ներքին զգացումներուն մէջ` գացինք տեսնելու։ Նշանակուած հրապարակին վրայ կախաղանները չկային. երկու ժամու չափ քաղաքը զանազան զգացումներով անձկալի` սպասեց. գրգռութիւնը մեծ էր թուրք թաղերու մէջ: Վերջապէս կ՚երեւի, թէ յաջողեցան յետաձգելու կամ պատիժը թեթեւցնելու: Երբ մենք ալ վերահասու եղանք, թէ այդ մղձաւանջային պատիժը չպիտի կատարուէր, կարծես թէ այդ մեծ ճնշումէ մը ազատեցանք, եւ ամոքուած զգացինք ինքզինքնիս. իրարու չէինք խոստովաներ հոգեկան թուլութիւնը, բայց յայտնի էր, որ գոհ էինք:

Նոյն օրը թուրք բարձրաստիճան պաշտօնեայ մը մեզի կ՚ըսէր` մեր հիւանդագին հետաքրքրութենէն կռահելով մեր բուն զգացումը.

Ձեր դիւրազգացութիւնը զարմանալի է, այդ կիները մարդկային սեռին անարժան հրէշներ են. ինչպէս թունաւոր օձերու` պէտք է իրենց վտանգաւոր գլուխները ջախջախել:

Այդ կիներէն մէկն էր Քերիմ աղային քոյրը, Սինեմ՝ որ Գայրլը գիւղին մէջ երկու սայլակ վիրաւոր, անկար մարդիկ ու տղաքներ հաւաքելով խարդախութեամբ` Սիհուն գետը նետել տուած էր: Երկրորդն այն ճիւաղն էր, որ Ապտօղլուի մէջ Պաղտատօղլու Կարապետ աղային ագարակին մէջ թափառած ատեն, տեսնելով, թէ քանի մը ամսու տղեկ մը իր մօրը դիակին վրայ դեռ ողջ մնացած է, գետնէն քար մը վերցուցած եւ անով ջախջախած էր խեղճ երախան:

Օրեր, շաբաթներ կ՚անցնէին, եւ, հակառակ եղած խոստումներուն, պաշտօնական եւ անպաշտօն ագդարարութիւններուն, մեր բանտարկեալները բանտը կը մնային: Օր մըն ալ, չարաբաստիկ օր, լուր ելաւ, թէ իրենցմէ հինգը կախաղանով պիտի պատժուին…:

Առտուանց, արշալոյսին, սարսափած կիներ եւ մայրեր եկան մեզ մօտ.

Հոգերդ առնեմ, չըրի՞ն միթէ, չկախեցի՞ն Հայեր, այդպէս ալ նորէն պիտի կախեն:

Իզուր կը ջանայինք զիրենք մխիթարել, համբերութիւն եւ կորով ներշնչել:

Մահէն սաստիկ է այս սարսափը, կ՚ըսէր խելակորոյս մայր մը իր երկու տղոցը համար դողալով:

Մահէն սաստիկ էր, ճշմարիտ է։ Մեր մէջ ալ հետզհետէ կասկածը կը մտնէր. ժողովրդական տրամաբանութիւնն անողոք է. չէ՞ մի որ կախած էին արդէն անմեղ Հայեր:

Լուրը հասած էր նաեւ բանտ, մեր բանտարկեալներուն. եւ ի՞նչ սրտի ճնշումով է, որ մօտիկցանք իրենց: «Որո՞նք են այդ հինգ ընտրուածները» կը խորհէի միտքէս. ու մէկիկ մէկիկ կը նայէի անոնց: Բայց իմ իսկ մտածումէս կարծես սոսկալով, աչքերս կը դարձնէի գետնին, յանցաւորի նման:

Բանտարկեալները, սակայն, հանդարտ էին եւ չէին կորսնցուցած իրենց լրջութիւնը: Լուրը ստոյգ էր, եւ այդ միջոցին գրեթէ յոյս չկար այդ չարաշուք որոշումը բեկանելու: Բայց կարծես տրամաբանական հետեւանքը մարտ 31էն ի վեր պատահած դէպքերուն՝ իրենք պատրաստ էին նաեւ այդ մահուան:

Երբեք չեմ կրնար բացատրել, թէ ի՛նչ խորունկ տպաւորութիւն թողուց իմ վրաս իրենց անտարբերութիւնը: Ամէնքն ալ գրեթէ երիտասարդ էին եւ ոմանք՝ ընտանիքի հայր. կեանքը կը բացուէր իւրաքանչիւրի համար յոյսերով, երազներով, նպատակներով լեցուն. բայց ոչ մէկն իրենցմէ չունեցաւ ամենադոյզն տկարութիւն մը. իրենց ըմբոստութիւնը այդ լուրին հանդէպ անանձնական բան մը ունէր, զուտ սկզբունքի խնդիր էր: Երբեմն մէկը կամ միւսը կը յուզուէր եւ ձայնը դողդոջուն կը դառնար: Այդ պահերուն կը խօսէին իրենց մօրը, կնոջը կամ տղաքներուն վրայ:

Երբեմն ալ մեզմէ իւրաքանչիւրը տարուած ըլլալով յատուկ մտածումներէ, ծանր լռութիւն մը կը տիրէր մեր մէջ. գլուխնիս խոնարհած, աչքերնիս գետնին յառած, կը զգուշանայինք իրարու նայելու. որովհետեւ կը կարծէինք, թէ շատ տեսանելի, գրեթէ շօշափելի կերպով պիտի տեսնէինք մղձաւանջային պատկերը կախաղանին, մեր մէջ կանգնած էր չարաշուք խոյանքով:

Թէեւ բանտարկեալները թուով շատ էին եւ միայն հինգ հոգի կար մահուան դատապարտուած, բայց իւրաքանչիւրը եւ իւրաքանչիւրին ընտանիքն ինքզինքնին կը կարծէին գտնել այդ հինգին մէջ: Ասկէ զատ բոլոր արկածեալներուն վէրքերը կրկին բացուած էին կարծես: Ընդհանուր վհատութիւնը եւ դառնութիւնն այնքան խորունկ էր, որ երբ կը փորձէինք համբերութիւն եւ յոյս ներշնչել իրենց` մեզի դէմ իսկ կը թշնամանային…:

 

Օրուան մէջ քանի մը անգամ տրամադրութիւնները կը փոխուէին, առաւօտուն յուսահատութիւնը մեծ կ՚ըլլար, այդ ժամուն է, որ ընդհանրապէս դահիճները կը գործեն: Արեւը ծագելէն առաջ, կիներ ու տղաքներ արցունքներու մէջ խեղդուած, խելակորոյս եւ թափառական, կ՚երթային քաղաքին մէկ կէտէն միւսը: Յանկարծ չես գիտէր, ինչպէս լուր կը ծագէր, թէ այսինչ կամ այնինչ կէտին վրայ կախաղաններ կան: Իրենց մոլորուն երեւակայութեանը մէջ կը տեսնէի՞ն արդեօք իրաւամբ չարագուշակ մահուան գործիքը, չեմ գիտէր: Քանի՞ անգամներ ընդոստ արթնցած ենք մեր քունէն, եւ, քանի՞ անգամներ դատապարտուածներէն աւելի տժգոյն, մեր կարգին խելակորոյս, դիմած ենք դողահար, նշանակուած կէտին: Ոչի՛նչ, ինչպէ՞ս կրնային խաբուած ըլլալ, ոմանք կը պնդէին տեսած ըլլալնին, զարմանալի չէ. ադ օրերուն ամէնքն ալ խենթի պէս էին, ու իրենց մղձաւանջները կը շփոթէին իրականութեան հետ:

Յետոյ կը դրդէին մեզ երթալ բողոքելու, խնդրելու, պաղատելու ի հարկին. կիներ մազերնին կը փեթտէին, մայրեր լալէն կը կուրանային, ու մենք հարկադրուած, գրեթէ տարուած ամբոխին հիւանդագին հոգեբանութենէն, կը դիմէինք կառավարչատուն: Շնորհիւ նորընտիր վալիի անսահման համբերութեան ու բարեացակամութեան, նոր ուժ եւ նոր սիրտ առած, կը դառնայինք վրդովուած ամբոխին մօտ: Մինչեւ իրիկուն այդ ազդեցութեան ներքեւ կը մնայինք: Կէսօրէ ետքը կ՚երթայինք տեսնելու մեր բանտարկեալները, որոնք օրէ օր անհամբերցած եւ ջղագրգռուած` մէկ բան մը կը ցանկային.

Ի՛նչ որ պիտի ըլլայ, շուտ ըլլա՜յ…: Դէմքերը հետզհետէ աւելի տժգոյն էին, աչքերը տենդագին, մահ կը սաւառնէր իրենց վրայ… ու այսպէս օրերով, օրերով:

Ու ամէն անգամ, որ իրենց ձեռքերը կը սեղմէինք, կը կարծէինք, թէ վերջին անգամն էր:

 

Խուճապ եւ սոսկում… այրիներ ու որբեր խեղանդամներ ու վիրաւորներ կ՚ուզեն փախչիլ, հեռանալ չտեսնելու համար, կը ցրուին շրջակայ այգիներու մէջ… խելակորոյս փախուստ մըն է, որ կ՚ուրուագծուի:

Մեզ կը յանդիմանէին մեր լաւատեսութեան համար, մեր ներշնչած յոյսերուն համար, եւ կը խուսափէին մեզմէ իբրեւ օտար` իրենց զգացումներուն:

Օ՜հ, այդ արշալոյսը… հաւատքը խախտած էր նաեւ մեր մէջ եւ գիտէինք, որ բանտարկեալներն ալ այն գիշերը սպասած էին դահիճին այցելութեան… Մինչեւ առաւօտ հսկեցինք անէացած մահասարսուռ մտածումներով, ու երբ վերջապէս յոգնած ու ընդարմացած մեր արտեւանունքը պիտի փակուէին, արթնցանք կատղած ծովու պէս մռնչող ամբոխին աղմուկէն: Մէր շուրջն առարկաները տժգունել էին. լոյսը տմոյն եւ ճերմակ կը սողոսկէր փեղկերէն ներս… դուրսը՜… ո՜վ արեւ, ի՞նչ տեսար այս առաւօտ…:

Յետոյ լռութիւն, շարան, շարան, քօղերնին երեսնին ծածկած այրիները կ՚երթային աւերուած քաղաքին ամէն ուղիներէն. տանիքները պարապ են, եկեղեցիին զանգակատունը թափուր: Մենք, առանց աջ ու ձախ զբաղելու, կը դիմենք բանտ, որո՞նք բացակայ պիտի գտնանք արդեօք:

Ամէնքն ալ հոն են, քիչ մը աւելի տժգոյն այն առաւօտուն, ամբողջ գիշերուան ընթացքին, ամէն մէկ շշուկին կարծէր էին, թէ ժամը հնչած էր: Հիմա տխրօրէն կը ժպտէին եւ կը պատրաստուէին թերեւս նման գիշերներ անցնելու:

Վերադարձին, հազիւ թէ անցանք զինուորական հսկողութեան շրջանակէն, կիներ, պառաւ թէ երիտասարդ, շրջապատեցին մեզ…

Հոն են, հոն են, մենք մեր աչքերովը տեսանք:

Այս բառերով կարծես կեանք կը բաշխէինք դիակնակերպ արարածներու. խլրտեցան, շարժեցան, եւ ահա ցրուեցան, ուրիշներու աւետիս տանելու:

Արեւը ծագած էր արդե՜ն… ինչպէ՛ս վեհանձն է եւ շողշողուն, արե՜ւ, կեա՜նք, ջերմութի՜ւն… արտակարգ աւիւնով մը այդ բառերը գոչելու փափագ ունէի՝ կարծես անոնց իրականութիւնը հաստատելու համար. որովհետեւ, հակառակ տաքին, ես ու ընկերուհիս կը դողդղանք ջերմէ բռնուածներու պէս: