Աւերակներուն մէջ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԿԱԽԱՂԱՆՆԵՐԸ

Երբ Ատանա հասանք, աղէտի զարհուրելի պատմութիւններու մէջ` արկածեալներու հոգեբանութիւնն ամենէն աւելի վրդովող յիշատակը կախաղաններն էին. շատ բան մոռցած ու շատ բանի մասին անտարբեր դարձած էին, բայց կախաղանները դրոշմուած էին իրենց մտքերուն մէջ իբրեւ գերագոյն վիշտ մը, գերագոյն վիրաւորանք մը: Ծեր, թէ երիտասարդ, այրի թէ սգաւոր մայր, երբ կը խօսէին այդ օրուան վրայ, կարծես կը մոռնային իրենց սեփական ցաւը: Ցեղը հաւաքաբար կը տառապէր ու սրտմտութիւնն այն աստիճանի կը հասնէր, որ երբեմն ըմբոստութեան մը համեմատութիւնները կը ստանար:

Մենք տեսեր էինք արդէն Միսաքի մայրը, քամակը ծռած յաղթանդամ պառաւ մը, որուն վրայ ցնցոտիներն անգամ կարծես հոգի ունէին եւ կը տառապէին: Տեսեր էինք զինքն իր ցաւի տագնապներուն մէջ գալարուած` աչքին առջեւ ունենալով յարաժամ իր կտրիճ, իր գեղեցիկ տղուն կախաղանը. լսէր էինք իր ողբագին գանգատը, իր ընդվզող ցաւը, իր երկարաձգուած հեծեծանքը.

Վո՜ւյ… վո՜ւյ… վո՜ւյ…

Երբեմն, այլ եւս յոգնած խօսելէն՝ ժամերով ու ժամերով կը հեծեծէր. ու բոլոր այդ միջոցին երբ մեր առաջքէն կ՚անցնէին արկածեալներու շարքերը, իրենց ցաւագին ու աղիողորմ պատմութիւնները կը լսէինք այդ միօրինակ լացին մէջէն.

Վո՜ւյ… վո՜ւյ… վո՜ւյ…

Միշտ հոն էր գրեթէ, եկեղեցիին բակին մէջ. ի՞նչ կը յուսար եւ ի՞նչ կը սպասէր մեզմէ… իր աչքերը վիշտի անյատակ խորութիւններ էին, պարապի եւ մթութեան զգայնութիւնը կը ներշնչէին տեսնողներուն, իր կնճռոտած ճակտին վրայ գորշ ու ճերմակ մազերու թելեր կ՚իյնային ցիր ու ցան ճմռթկուած քօղին ներքեւէն. վզին վրայ մկանունքները ձգտուած, կուրծքը քարացած իր բռունցքի հարուածներէն` անիկայ տեսակ մը վախ կը ներշնչէր մեզի:

Աչքերս կուրնա՜ն… աս աչքերովս տեսայ:

Ու բիբերը կարծես կը մարէին կուրնալու տենջանքէն…

Երբեմն, յուշիկ քայլերով կը հետեւէր մեզի եւ անսպասելի կերպով կը լսէինք իր եղերական եւ աոանց արտասուքի լացը.

Վո՜ւյ… վո՜ւյ… վո՜ւյ… աչքերս չոր աղբիւր են դարձե՜ր… եավրում. օգնեցէք ինծի… արցունքս չորցէր է ներսի կրակէ՜ս, ամա՛ն… օգնեցէ՛ք ինծի… սիրտս պահ մը զովացուցէք եավրո՜ւմ, օգնեցէք ինծի. վո՜ւյ, վո՜ւյ, վո՜ւյ…

Յետոյ կը պաղատէր, տղու պէս կը կառչէր մեր քղանցքներուն, յանկարծ կը փլչէր գետին ու ժամերով կը մնար կրկնելով նոյն ցաւատանջ երգը.

Աշխարհիս պարծանք էր իր գեղեցկութիւնը… իր ձայնը եւ սարերը ու ապառաժները կը ցնցէր, իր երգերը ժպիտ եւ արցունք կը բաշխէին. կաղնիի պէս հասակը շուք կուտար ուրիշներու վրայ. ինչպէ՞ս չմեղքըցան ու կախեցին… հողին որդերուն բաժին եղաւ եաւրուս, ամա՜ն… ինչպէ՞ս ալ չխնայեցին իր կտրիճութեանը…

Յետոյ աչքերը մոլորուն, կարծես փնտրելով իր տղուն ստուերը՝ կ՚աղերսէր.

Ձայնդ ո՞ւր մնաց, եավրո՜ւմ, ինչպէ՞ս մարեցաւ, աչքերուդ կրակն ո՞ւր գնաց եավրո՜ւմ, ինչպէ՜ս մարեցաւ…

Գասապ Միսաք աշուղ էր, եւ կը պատմեն, թէ իր կախաղան բարձրացած պահուն, երգած է իր արտառուչ երգերէն մէկը, որուն յուզմունքէն սարսռած են նոյնիսկ զինքը շրջապատող զինուորները: Կը պատմեն նաեւ, թէ իր վերջին խօսքերով յայտնած է, որ ինքը կախաղանի արժանի դարձած է ո՛չ թէ այն յանցանքով, որով զինքը դատապարտած են, այլ անով, որ իր վրայ դրուած յոյսերն ի դերեւ հանած է, եւ ինքը չէր կատարած իր պարտականութիւնը, ինքնապաշտպանութեան գործին մասնակցելով:

Ես վատ ու թուլամորթ գտնուեցայ, անոր համար է, որ կը պատժուիմ:

Այդ սարսափելի օրը մենք դէռ չէինք հասած Ատանա, բայց արկածեալները չէին դադրէր մեզի խօսելէ այդ մասին ու գրեթէ անոր ընդվզեցնող սոսկումին մասնակից կ՚ընէին մեզի:

Ցաւերդ առնե՜մ… կը գոչէր կէս խելագարուած կին մը, օր կ՚անցնի, ջարդերը կը մոռնանք, բայց անիկա չենք մոռնար:

Կը պատմէին մանրամասնութիւններ, չէին դադրէր անդրադառնալէ այդ անսպասելի անարդարութեան վրայ: Վիշտով ընդարմացած կիներ կը զարթնէին յանկարծ, աչքերնին կը վառուէր ոխով եւ անմոռանալի եռանդով, կ՚ըսէին, թէ ինչպէս մէկ ընտանիքէ երկու եղբայր եւ քեռայրը կախաղան հանած էին` միմիայն ինքզինքնին պաշտպանած ըլլալուն համար, թէ` նոյն ընտանիքէն փոքրիկ քոյրերնին տասնհինգ տարեկան, տեղեկանալով իրողութեան` կաթուածահար եղած, եւ թէ այդ ընտանիքը մայր մը ունէր, որ դեռ կ՚ապրէ՜ր, դեռ կապրե՜ր…

Երբեմն շփոթուած եղերական դրուագներէ` կը կարծէինք, թէ արկածեալները կը չափազանցնէին, թէ իրենց խօսքերը հիւանդ եւ գերագռգռուած երեւակայութեան պտուղներ էին, բայց օտարներն ալ կը վկայէին այդ մասին:

Օր մը, խօսելով այդ նիւթին վրայ` եւրոպացի հիւանդապահուհի մը կը հաւաստէր, թէ վիշտն արտակարգ եւ ահռելի եղած էր. հիւանդները կը մերժէին խնամուիլ եւ վիրաւորներն արիւնոտ եւ բաբախուն վէրքերու վրայէն բզկտելով կը հանէին վիրակապերը եւ հեռուն կը նետէին. հիւանդանոցներու մէջ վշտագին սարսուռ մը կը մոլորեցնէր տենդահարները, եւ ամէնքն ալ մղձաւանջէ բռնուած՝ կը կարծէին տեսնել կախաղանները: Կոյրեր, անկարներ, եւ անդամահատեալներ իսկ փախչելու կը փափագէին եւ ամէնքն ալ կը նախանձէին անոնց վրայ, որոնք մէկ հարուածով մեռած էին արդէն:

Մինչեւ այն օրը, որ Սթամպօլէն լուր եկաւ, թէ մահուան դատապարտութիւնները բեկանուած են, մինչեւ այդ պահը ժողովուրդն ապրեցաւ առաջին կախաղաններու վշտագին յիշատակին մէջ. ձգտուած ու խելագարուած` չէին ուզէր լսել ոչ մէկ ամոքում, ոչ մէկ մխիթարութի՜ւն. իւրաքանչիւրը մոռցած իր ցաւը եւ հոգը, անպարտելի եւ հաւաքական զանգուած մը յառաջ բերած էր, որուն վրդովումներովը կ՚ալելոծուէին եւ կը գրգռուէին նոյնիսկ յաճախ մեզ դէմ: Ու սարսափով կը դիտէինք, որ երբեմն յիմարութիւնը չարաբաստիկ հովի մը պէս կ՚անցնէր այդ վիրալի զանգուածին մէջէն:

Իրիկուն մը, ուշ ատեն կ՚անցնէինք այն տեղէն, ուր Հայերու կախաղանները ցցուած էին: Մեզի հետ կար Ֆրանսացի մը, որուն եւրոպացիի զգայնականութիւնը ծայրայեղօրէն տանջուած, հիւանդագին դիւրագրգռութեան մը հասած էր. իր տպաւորութիւններն արագ եւ խուսափուկ պատկերներ էին միայն. հակառակ որ դէպքին առաջին օրէն մինչեւ ետքն ականատես եղած էր անհաւատալի, անմարդկային տեսարաններու, իր արեւմտեան միտքը մերժած էր ըմբռնել պատահածին ամբողջութիւնը:

Անիկա այսպէս պատմեց.

«Այն օրը, որ հասայ հոս, ամէն բան կատարուած էր արդէն, կախաղաններէն մարդկային գրգլեակներ կը ճօճէին ողորմելիօրէն, ամբոխը ստուար բազմութեամբ խռնուած էր ու զինուորական շղթայ մը զիրենք որոշ հեռաւորութեան մէջ կը պահէր կախաղաններէն: Արտակարգ ընդհանուր լռութիւն մը զիս ապշեցուց. ամբոխին մէջէն դիակնային տժգունթեամբ դէմք մը դուրս կը ցայտէր եւ բոլոր աչքերն անոր յառած էին:

Պահ մը իզուր հարցուփորձեցի շուրջիներս, յետոյ տեղացի ծանօթի մը հանդիպելով, հասկցայ։

Հայ մայր մըն է, ըսաւ յուզումէն ակռաները սեղմելով…

Ես բան մը չէի լսէր, ու գրեթէ բան մը չէի տեսներ…

Ին՞չ կ՚ըսէ կոր, հարցուցի:

Անէ՜ծք… անէ՜ծք…

Խումբէ խումբ ամբոխը ճեղքելով կ՚առաջանայինք, եւ առաջին կարգին վրայ եղողները կը հաղորդէին ետեւի շարքերուն իրենց լսածները. այնպէս որ աստիճանաբար կցկտուր մրմունջներով կը կրկնէին հայ մօրը խօսքերը.

Անիծեա՜լ ըլլաք… ո՜վ դուք, աշխարհիս խազէպները… մօր անէծքը սեւցնէ ձեր ճակատագիրը… երբ հասնին օրեր, ուր սահմռկած ինքզինքնուդ հարցնէք, թէ ինչո՞ւ կը տառապիք, կսկիծով յիշէք թէ այս րոպէիս համար է… ձեր սեւ ժամն ալ հնչէ ու ամլութեան եւ մահուան դատապարտուի՜ք… ծարաւի խոտի պէս չորնաք չարչարանքի կրակներու մէջ… ու ձեր անգթութեան եւ վայրագութեան փոխարէն ձեր բազմապատկուած վիշտերով տառապի՜ք…

Ամէն կողմէ ամբոխն արձագանք դառնալով կը կրկներ այդ չարաբաստիկ բառերը: Ցուրտ սարսուռ մը կ՚անցնէր զինուորներու շարքին վրայէն. դահիճներն անգամ դղրդուած էին` մինչ հոգեվարքի վերջին կծկումներով ծամածռած կախուածները մեղմօրէն կը ճօճուէին կախաղաններու վրայ: Ոչ ոք կը համարձակէր ձեռք վերցնել ու լռեցնել վշտահար մայրը, ու մինչ անդին ամէն խորշերու մէջ ու ամէն խշտեակներու վրայ ամէն կարգի արկածեալները կը յիմարանային ու մահուան կը ցանկային, ասդին կախաղաններուն առաջք սգաւոր մայրը կը շարունակէր բարձրաձայն.

Անիծեալ ըլլա՜ք… անիծեալ ըլլա՜ք… անիծեալ ըլլա՜ք…:

Այդ պահուն հրամանատարները, պահապան զինուորները, դահիճները, հանդիսատես ամբոխը, ամէնքն ալ դժոխքի մէջ չարչարուած մարդու դէմքեր ունէին. աւելի ահռելի տեսարան կարելի չէր երեւակայել. իրենց մակարդակէն վեր կախաղաններու շարքը…:

Կախուածներուն մէջ Հայերը դիւրին էր զանազանել, անոնք ամենէն խաղաղ երեւոյթն ունէին, մէկը մանաւանդ կը յիշեմ, շատ երիտասարդ էր, գրեթէ մանկունակ դէմքով, գլուխը մէկ կողմ հակած, կարծես մօրը ուսին վրայ հանդարտօրէն կը ննջէր… ոտքերուն տակ, գետնին վրայ ձգած էր զոյգ մը կօշիկներ, այդ կօշիկները՜… երբեք չպիտի մոռնամ իր երիտասարդ նահատակի երեւոյթը… այդ ճիւաղային ծամածռութիւններով այլակերպուած մարդկային արարածներու մէջ, այդ այլասերուած ամբոխին մէջ, իր երեւոյթին խաղաղութիւնը սփոփարար էր լոյսի պէս:

Կախաղաններու դիմացը միշտ կը տեսնէի հայ մօրը մեռելատիպ տժգունութեամբ դէմքը: Քանի՞ վայրկեան տեւեց բոլոր ասոնք, չեմ գիտէր, ինծի կը թուէր, թէ երկար ժամանակներէ ի վեր շուրջս ամէն բան անշարժացած ու քարացած էր այդպէս… այդ շփոթ դիմագծերը, երկու սեւ խորութիւններ, անյատակ աչքեր: Ու ամէնքն ալ ժողովուած էին, կարծես լսելու համար հայ մօրը ձայնը… կտրատուած ձայն մը, կուրծքէ ելած ձայն մը, որուն մէկ մասը կարծես ուրականային հով մը կ՚առնէր կը տանէր... Յանկարծ սթափեցան, զինուորական թմբուկը լսելի եղաւ, երկու անյատակ աչքերն անհետացան ամբոխին մէջ ու զինուորներն անցան պտուտքելով…

Իրենց վրայ, կախուածները կը շարունակէին ճօճել հետզհետէ աւելի մեղմօրէն…: