Աւերակներուն մէջ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Էրզինէն Տէօրթ Եօլ ճամբան չդադրեցաւ գեղեցիկ ըլլալէ. երկար ատեն ծառերու տեսքը կը զովացնէր մեզ, այլ եւս չէինք մտնէր արեւէ այրած արտերու մէջ: Ճամբուն երկու կողմէն անտառուտ բլրակներ կը բարձրանային եւ հեռաւորութիւններու մէջ իրենց կողերուն գիծերը հաճելիօրէն կ՚ուրուագծէին կապոյտ մշուշի մը ետեւէն: Աւելի հեռուն բարձրաբերձ լեռներ կը կանգնէին ու իրենց գագաթները կը կորսուէին երկինքին մէջ. փոքրիկ եւ ցած թուփեր կը ծածկէին ամէն կողմ` գեղեցիկ երանգներու յաջորդութիւն մը ներկայացնելով, եւ կարմիր մացառներ կուգային մինչեւ ճամփուն եզերքը, կը զարդարէին ապառաժուտ եւ ցցուած մասերը բլուրներուն եւ արեւին մէջ երբեմն բոցավառ կը թուէին:

Եւ ահա հեռուն տեսանք նաեւ Միջերկրականի ընդարձակ տարածութիւնը արեւին տակ շողշողուն, եւ որուն կապոյտ եւ վէտվէտուն սահմանը կը կորսուէր հորիզոնի գիծին մէջ:

Տէօրթ Եօլ չհասած, ժամ մը առաջ բարկ եւ զգլխիչ բուրմունք մը զգալի եղաւ, մեր շնչած օդը կարծես հետզհետէ կը թանձրանար հոտաւէտ մասնիկներով, նարնջենիներն էին: Քանի մը վայրկեան եւս, եւ ահա մտանք մթին եւ հոծ կանանչութեանը մէջ նարնջենիի անտառին:

Օրերէ ի վեր մեր պարտասած մարմինը, կարծես, յանկարծ հանգչեցաւ այդ զով եւ բուրումնաւէտ մթնոլորտին մէջ: Ծառերը շատ խիտ տնկուած էին ու տեղ տեղ հազիւ թէ երկինքի պատառներ կը տեսնէինք: Նարինջները դեռ տհաս ու կանանչ, իրենց բոլորակը ցոյց կուտային տերեւներու մէջտեղէն. քաղցր սօսաւիւնը մեղմօրէն օրօրուող ճիւղերուն կը խառնուէր մեր աչքին անտեսանելի ջուրի կարկաչներու հետ. թիթեռնիկներ կ՚ոստոստէին յետամնաց նարնջածաղիկներու վրայ ու ճամբուն երկու կողմէն կը տարածուէին մշտահոս առուներէն սնած զմրուխտի գոյն մարգագետիններ: Երկար օրերէ ի վեր, առաջին անգամն ըլլալով մեր անհամբերութիւնը գոհունակութիւնով լեցուն էր. ա՛յնքան սրտաճմլիկ, դառն եւ յուսահատօրէն ընկճող պատմութիւններէ, լացերէ եւ ողբերէ ետքը հոգեկան անդիմադրելի պահանջք մը ունէինք այդ հերոսական քաղաքը տեսնելու եւ իրենց իսկ բերնէն լսելու ինքնապաշտպանութեան մանրամասնութիւնները: Ու յետոյ Սիսէն ի վեր չէինք հանդիպած զուտ հայկական աւան մը կամ գիւղ մը. հոս վստահ էինք, որ առաջին անգամ մեզ դիմաւորողները խոժոռ եւ կասկածոտ նայուածքով չպիտի նայէին մեր օտարականի երեւոյթին վրայ:

Քաղաք մտած էինք արդէն, բայց ո եւ է կէտէ անկարելի էր մէկ նայուածքով անոր ամբողջութիւնն ընդգրկել. տուները ցրուած ու գրեթէ կորսուած էին նարնջենիի անտառին մէջ. իւրաքանչիւր ընտանիքի սեփհականութիւնը կը սահմանուէր վճիտ առուակով մը, որ Տէօրթ Եօլի ետեւը բարձրացող լեռներուն կողերէն կը բխէին եւ անհամար ճիւղերու բաժնուած կը պտուտքէին քաղաքին մէջ: Անսահման խաղաղութեան եւ հանգիստի զգացում մը կ՚արտաշնչուէր այդ պատկերներէն. տուներուն փեղկերը գոց էին եւ լուռ միջոցին մէջ երբեմն կը լսուէր երկար բառաչիւնը ընտանի կենդանիի մը. այծեր ու ուլիկներ անվրդով կ՚արածէին առուակներուն եզերքը բարձրացող խոտերուն մէջ ու մեր անցքին` իրենց բարի ու երազուն նայուածքը կը դառնար մեզի ու միջոց մը կ՚ընկերանար մեր սայլին:

Շուկային մէջ կեցանք ու անմիջապէս շրջապատուեցանք քաղաքացիներէն: Ուրախութեամբ կ՚ընդունէին մեզի եւ գոհ էին հիւրընկալութիւն առաջարկելու իրենց սուրբ եւ անեղծ մնացած ընտանիքներուն մէջ: Ուրախ էին վրայ եկած խաղաղութեանը համար, սարսափելի աղէտեն ազատուած ըլլալնուն համար, ու մեծապէս հպարտ` իրենց կատարած ինքնապաշտպանութեան գործով:

Մեր ժամանումին լուրը կայծակի արագութեամբ հասել էր ամէն կողմ: Այրերը կը փութային, բարի գալուստ կը մաղթէին եւ ամէնուն դէմքին վրայ կը ճաճանչէր ինքնագոհութիւնը: Այդ միջոցին վրայ հասաւ տեղին երեւելիներէն մէկը, որուն յանձնարարուած էինք նախապէս եւ որուն տունը հիւր պիտի մնայինք մեր Տէօրթ Եօլ անցուցած օրերու միջոցին:

Նահապետական, հարուստ եւ ընդարձակ ընտանիք մըն էր անիկա. շատ մը տղաքներ կը խայտային մեր շուրջը եւ իրենց մէջ թոռներ եւ նոյնիսկ թոռնորդիներ կային: Հարսեր եւ նորատի աղջիկներ գաղտագողի կուգային կը դիտէին մեզի ու կը փախչէին ժպտելով, մինչ տանը երէց ու այր անդամները կը հիւրասիրէին մեզի ընդարձակ սենեակի մը մէջ. ճերմակ եւ մաքուր սենեակ մը, ձիւնափայլ մետաքսեայ վարագոյրներով եւ Հալէպի ու Դամասկոսի օթոցներով կահաւորուած:

Քիչ յետոյ եկաւ նաեւ տանտիրուհին, լաչակով կզակը կապած եւ հագած լայն եւ խիտ ծալքերով շրջազգեստ մը: Իր արդուզարդին մէջ հայկական գաւառներու յատուկ տարազներու հետքեր կային. այդ պարագան հաճելիօրէն ազդեց մեր տրամադրութեանը վրայ:

Իմաստուն եւ համակրելի կին մըն էր այդ տարէց` գրեթէ պառաւ տանտիրուհին. իր թառամած դէմքը կը կրէր անցեալ գեղեցկութեան մը դեռ չջնջուած հետքերը, աչքերն արտայայտիչ էին ու խելքով լեցուն. իր ամէն մէկ խօսքերը կը զարմացնէին մեզի իրենց լայնախոհութեամբ եւ ողջմտութեամբ: Իր խանդավառութիւնն ու ուրախութիւնը պատշաճ չափաւորութեան մը ունէին, բայց երբ կ՚ըսէր մեզի, որ եթէ թշնամին տասն անգամ յարձակի քաղաքին վրայ, իրենց կողերէն ծնած ու իրենց կաթովը սնած երիտասարդները տասն անգամ պատնէշին վրայ պիտի ըլլան ու հոն պիտի մեռնին ի հարկին, անսահմանելի հիացումով մը դղրդուած կը զգայինք ինքզինքնիս:

Մինչեւ ընթրիքի ժամը` անհամար քաղաքացիներ եկան ու գացին. ուշադրութիւնով եւ զգացուած մտիկ կ՚ընէին մեր ականատեսի զարհուրելի պատմութիւններն ու ամէնուն դէմքերը ծանր տխրութիւնով մը կը մթագնէին: Բայց նորէն անպարտելի եռանդով մը կը խօսէին իրենց ինքնապաշտպանութեան վրայ ու անոր մանրամասնութիւնները պատմած ժամանակին` այն օրերուն յուզմունքով, դողովն ու արիութիւնովը կը խռովուէին:

Ընթրիքի սեղանին մասնակցեցան միայն տանտիրուհին եւ տանն այր անդամները. հարսերն ու աղջիկները ոտքի վրայ կը դառնային մեր շուրջն ու իրարու հետ կը մրցէին մեզի հիւրասիրելու համար:

Ընթրիքէն ետքը կրկին հաւաքուեցանք հիւրասրահը. տանը ազգականներ ու բարեկամներ եկան տեսնելու մեզի: Սենեակին երկու եզերքները երկարող բազմոցները գրաւուած էին նորեկներով. աթոռներ ու աթոռակներ բերուեցան եւ նոյնիսկ պատանիներ ու տղաք ծալլապատիկ նստեցան գետինը:

Կատարեալ երեկոյթ մըն էր. հիւրամեծարութիւնը կ՚ըլլար տեղին յատուկ բարքերուն համեմատ. արտակարգ լրջութիւնով մը գրեթէ խոժոռացած էին այրերուն դէմքերը. երիտասարդներն ու երիտասարդուհիները խպնոտ ակնածանքով մը կը վերաբերուէին տարեցներուն հետ. գրեթէ ամէնքն ալ հայերէն կը խօսէին, թէեւ իրենց ընտանի լեզուն թրքերէնը ըլլար. դիտեցինք նաեւ, որ պառաւներուն բարբառն աւելի մաքուր եւ աւելի հարազատ էր, ինչ որ կը նշանակէր թէ ասկէ մէկ երկու սերունդ առաջ հայերէնը նոյնքան ընտանի էր իրենց: Կիները գեղեցիկ էին ու աղջիկները շնորհալի. սեւ, երազուն աչքեր կը պսպղային ասդին անդին. սաթի պէս սեւ մազեր գեղեցիկ հիւսքերով կ՚իյնային կռնակնուն վար եւ իրենց ճկուն ու բարձր հասակները ներդաշնակ հակումներ ու շարժումներ ունէին: Առհասարակ տժգոյն էին, ու ասիկայ հիւանդագին նրբութիւն մը կ՚ուտար իրենց դիմագծերուն: Ատոր պատճառը սա է, որ Տէօրթ Եօլցիք նարնջենիներու բուրմունքէն շարունակաբար արբեցածի պէս են:

Պառաւները սքանչելի էին. ոչ մէկ տեղ չէի հանդիպած այդպիսի երեւոյթի. իմաստուն եւ հեղինակաւոր, կը խօսէին ծանրութեամբ. իրենց ամէն մէկ բառը կշիռք ունէր: Ցեղին մաքուր աւանդութիւններուն ընդունարաններն էին եւ այդ արի Ժողովուրդին հանճարը դրոշմուած էր իրենց պատկառելի ճակտին վրայ: Ամենքն ալ կը կրէին հնամենի տարազը. լայն եւ խիտ ծալքերով շրջազգեստ, եւ սեղմուած չփակ մը կը կազմէր իրենց ամբողջ հագուստը: Գլուխնին ծածկած էին կարմիր լաչակով, որ ճակատին վրայ բարձր կը կենար ներքեւէն դրուած վարսակալի մը շնորհիւ, որ իր կարգին ծածկուած էր մանր ոսկիներու շարքով մը: Ոսկեդրամներով ծածկուած մանեակներ կը տարածուէին կուրծքերնուն վրայ եւ ձոյլ ոսկիէ ապարանջաններ կը ծածկէին իրենց բազուկները:

Պառաւները սքանչելի եղած էին նաեւ կռուի օրերուն, անոնք էին, որ կը խրախուսէին քաջերը, կը հեգնէին թոյլերը ու յոգնութենէ եւ քնատութենէ ջլատուածները հանելով իրենց անկողիններէն` կը ղրկէին պատնէշներուն վրայ: Պառաւներն օգնած էին նաեւ կռուողներուն` անոնց ուտեստ եւ պաշար հասցնելով, եւ ծարաւի ահռելի օրերուն մէջ պատրանքներով օրօրած էին յուսահատողներն ու տառապողները:

Մէկ խօսքով Տէօրթ Եօլցի պառաւները կենդանի պատմութիւնն էին այդ խումբ մը արի եւ քաջ հայերուն. իրենցմով բացայայտ էր, որ Տէօրթ Եօլցին սերած էր ցեղին ամենէն ազնուական մէկ երակէն. ու քանի երթայինք անցեալին մէջ, քանի մօտիկնայինք իրենց սկզբնական աղբիւրին, այնքան աւելի երեւան պիտի գար իրենց ծագումին հարազատութիւնը:

Գիշերն ամբողջ զբաղեցանք եւ խօսեցանք այժմէութիւն ունեցող հարցերով եւ պատմութիւններով. կը շահագրգռուէին ազգին շահերով եւ ճակատագրով ընդհանրապէս ու Կիլիկիոյ եւ Տեօրթ Եօլի վիճակովը` մասնաւորապէս:

Իրենց մէջ կը պատսպարէին 5000ի չափ արկածեալներ. ոչ մէկ տեղէ նպաստ չէին ստացած: Տէօրթ Եօլ մայրաբար իր կուրծքը բացեր եւ ընդուներ էր շրջակայքի այրիներն ու որբերը ու իր սիրազեղ գուրգուրանքով ծածկէր էր անոնց թշուառութիւնը:

Որբերու խնդիրը մեծ վրդովմունք առաջ բերաւ:

Մենք որբանոց չենք ուզէր, մենք մեր որբերը կը պահենք, կ՚ըսէին խուլ ձայնով մը, զգալով բնազդով, թէ ինչ մեծ անպատեհութիւններ կան որբերն այրիներէն բաժնելու մէջ:

Կը խնդրէին սակայն, որ օգնէինք իրենց` դպրոցական խնդրին մէջ. պիւտճէնին խանգարուած էր: Բայց ամէն գնով ու ամէն կարգի զոհողութիւններ յանձն առնելով, կը խոստանային բանալ դպրոցները եւ զանոնք վարել այսպէս թէ այնպէս;

Տեղին ընթացիկ գործերն անցողակի կերպով մը կը զբաղեցնէին զիրենք ու միշտ կը դառնային մեծ պատահարին վրայ: Հոս այլեւս դէպքը չէին որակէր աղէտ. զուլում բառերով, այլ կ՚ըսէին կռիւի օրերուն. հոն այդ սրահին մէջ ներկաներու հաւանութեան բացականչութիւններով կէտկիտուած, տանտէրը պատմեց կռիւին մանրամասնութիւնները.

Ապրիլ 2ին լսուեցաւ, որ Քէօփրիւճէք անուն ագարակի մը մէջ երկու հոգի սպաննած են ցերեկ ատեն: Մինչեւ որ դէպքը հաստատեցինք, շրջակայ ուրիշ ագարակներն լուր եկաւ, թէ Համիտիէն ու Ատանան կը զարնուին: Այս լուրերուն վրայ` պատրաստուեցանք ու երդում ըրինք, որ ամէն մէկս զէնքը ձեռքերնիս պիտի մեռնինք: Հետեւեալ օրը հազարաւոր թշնամիներ պաշարած էին մեզի: Իբրեւ մէկ մարդ՝ Տէօրթ Եօլի բոլոր Հայերը սերտօրէն միացած` կռացան խուժդուժ ամբոխին դէմ. տասնհինգ օր շարունակ հրացան արձակեցին մեր վրայ: Հայերը գիւղէն դուրս չելան, եւ մէկ կողմէ պատնէշները ամրացնելով` քաջաբար կռուեցան: Այդ միջոցին առանց ջուրի մնացին, բոլոր քաղաքացիները, ծեր թէ երիտասարդ, պատնէշներու ետեւն էին. կիներն ու տղաքը թշնամիէն նետուած հրացանի գնդակներուն տակ կ՚երթային ու կուգային, ուտեստ եւ զինուորական մթերք կը բերէին: Երկու կիներ, մէկը Տէր Գէորգեան Արիս էֆէնտիին կինը` Աննա, եւ, միւսը` Այնթապցի վարժուհի Եսթեր, զէնքը ձեռքերնին նոյնիսկ կռիւին մասնակցեցան:

Տասնհինգ օր ետքը` թշնամին յուսահատած էր մեր դիմադրութենէն ու մեր ուժերը սպառած էին ծարաւէն, երբ Էտհեմ անուն հազարապետը եւ Մըսթր Քէնըտի միջամտեցին, պաշարողները ետ մղեցին եւ ջուրը վերադարձուցին քաղաքին:

Հաշտութիւնը կնքուեցաւ սա հիման վրայ, թէ եղածը թիւրիմացութիւն մըն էր, բռնապետութեան վերջին խաղը, որ այլ եւս կրկնուելու հնարաւորութիւն չկար, թէ մեր վնասները պիտի փոխարինուէին, մարդասպանները պիտի պատժուէին, եւն.:

Ինչ չափի՞ կը հասնին ձեր վնասները, կը հարցնենք։

Պատնէշը կազմեցինք այնպէս մը, որ շրջապատէր ամբողջ քաղաքը, որ ունի 800 տուն, դուրսը մնացին միայն 71 տուն. անոնց բնակիչներն ու գոյքերը փոխադրեցինք մեր մէջ եւ պաշտպանեցինք. բայց տուներն այրեցին:

Ամբողջ կռիւի միջոցին շատ մարդ կորսնցուցի՞ք։

Շատ քիչ` ընդհակառակը. 67 հոգի մեռան ընդամէնը, ան ալ պատնէշներէն դուրս:

Միջոց մը լռութիւն տիրեց, ու ամէնքն ալ ամփոփուեցան իրենց մտածումներուն մէջ:

Շրջակայ գիւղերը նիւթական շատ վնաս տուին, աւելցուց հարուստ ագարակատէր մը. Նաճառլը, Օճագլը, Էօզերլի բոլորովին աւերակ դարձան, տուներն այրեցին ու նարնջենիները փչացուցին:

Լսեցինք որ, կ՚ըսէ Նաճառլըցի տանուտէր մը, Համիտիէ զարնուած է. Հաճընցի Սարգիս ջարդին մէջէն փախչելով ու քսան անգամ կեանքը վտանգի դնելով եկաւ Նաճառլը ու պատմեց, թէ ի՛նչպէս Համիտիէի հայերը յանկարծակիի գալով, չէին կրցած պաշտպանուելու ո եւ է փորձ ընել: Նկարագրեց ահռելի աղէտը եւ հասկցուց, թէ անհրաժեշտ էր, որ անմիջապէս կազմակերպուէինք…

Ի՞նչ կտրիճ է ո՛ր, կը բացականչեն պառաւները հիացումով, մօրը ու ազգին պարծա՛նք…

Ի՞նչ եղաւ հիմա, կը հետաքրքրուինք անմիջապէս։

Զինքը ձերբակալեցին ու մինչեւ հիմա բանտն է՜…

Ճնշիչ լռութիւն մը կը համրացնէ ամէնքը. իրարու երես կը նային` կասկածելով եւ տարակոյսով` ապագային համար:

Ամբողջ օր մը դիմադրեցինք խուժանին, կը շարունակէ Նաճառլըցին. բայց վերջապէս տեսնելով, որ պիտի յաղթուինք, որոշեցինք գիշերանց փախչիլ Տէօրթ Եօլ: Հոս արդէն մտահոգ եղել էին մեր վիճակին վրայ ու մեզի օգնութեան համար ղրկել էին Թօփլամա Օղլու հաճի Հասան հարիւրապետը, որուն հանդիպեցանք ճամբուն վրայ: Մենք զինուած էինք եւ պարէնաւորուած` վառօդով, բարեբաղդաբար, որովհետեւ Տէօրթ Եօլ անվտանգ հասնելէ առաջ քանի մը անգամ կռուելու ստիպուեցանք ճամփան: Երբ հոս հասանք, կռիւը տաքցած էր. ու մենք ալ մասնակցեցանք ինքնապաշտպանութեան գործին:

Փառք Աստծոյ, կ՚աւելցնէ սնանկացած հողատէր մը. մեր վնասները միայն նիւթական եղան, երբ լսեցինք Ատանայի եւ ուրիշ վայրերու պատահածները, մեր վիճակը երանելի թուեցաւ մեզի:

Այդ մարդն Օճագլըէն էր. Օճագլը Տէօրթ Եօլի հիւսիս արեւմտեան կողմն էր: Ապրիլի 2ին Ղուզու Ուճը կոչուած եւ Իճատիէ գիւղացի Կրետացի գաղթականներ յարձակէր էին գիւղին վրայ. Տէօրթ Եօլէն լսելով յարձակումը, քանի մը կտրիճներ ղրկէր էին, որոնք անմիջապէս հասնելով, տեղացիներու օգնութեամբ զբաղեցուցեր էին յարձակողները: Անմիջապէս Օճագլըցիները բացի զէնքէ` առանց ուրիշ բան առնելու հաւաքուէր էին տղաքն ու կիները եւ փախելով ապաստանէր Տէօրթ Եօլի մէջ, իսկ Էօզերլի գիւղը հարաւային կողմէն, երբ լսէր էին, որ Օճագլըները յարձակում կրած եւ ինքզինքնին պաշտպանելով Տէօրթ Եօլ հասած, եկեր միացեր էին անոնց: Բոլոր այդ անտուն եւ անտեղ մնացած գիւղացիները թէ՛ կռիւի օրերուն եւ թէ՛ յաջորդող օրերուն պատսպարան, սնունդ եւ մխիթարութիւն գտեր էին Տէօրթ Եօլի մէջ:

Փոխադարձ գորովի եւ սիրոյ տաք մթնոլորտի մը մէջ էինք: Պատմութեան ամէն դադարներուն կիներ իրարու վրայ կը հակէին եւ զիրար կը մխիթարէին սփոփարար խօսքերով: Տխրութիւնը կարճատեւ էր արդէն ու անիկա վերապահած էին ուրիշ վայրերու աղէտեալներուն: Երբեմն մտաբերելով ո եւ է սոսկալի դէպք, կիները ջերմապէս կ՚արտասուէին, բայց իրենց արցունքներուն ետեւէն ժպիտը կը ծագէր, որովհետեւ մէկ դաժան մտածումին կը յաջորդէին քանի մը սրտապնդող ու պանծալի յիշատակներ, ու կռիւի օրերուն պատկանող ամէն մէկ վերյիշումին` կը նշմարէինք, որ տանը տղաքը, որոնց եկած միացած էին հիւրերուն տղաքը, գլուխնին բարձր բռնած, աչքերնին վառվռուն հետաքրքրութեամբ կը հետեւէին մեծերուն պատմութեան:

Հակառակ ուրիշ գիւղացիներու նեղմտութեան, որով իրենց սահմանէն անդին պատահած ո եւ է բանով չեն շահագրգիռ, եթէ անմիջական առնչութիւն չունի իրենց ճակատագրին հետ, Տէօրթ Եօլցիները մեծապէս կը հետաքրքրուէին ազգին ընդհանուր խնդիրներով: Հարցումներ մէկը միւսին ետեւէն կը տեղային մեզի, իրենց մտահոգութեան գլխաւոր առարկան մեր մտաւորական եւ կրթական խնդիրն էին. ծարաւն էին մայրենի լեզուին ու պարծենալով կը խօսէին զայն, պառաւները ու տղաքը հայախօս էին արդէն, երիտասարդներն ու տարեցները մեծ ճիգեր կ՚ընէին այդ ուղղութեամբ: Սրտառուչ էր նաեւ իրենց խանդակաթ հետաքրքրութիւնը Կովկասի հայ բանտարկեալներուն համար, ու մինչ իրենց եղբայրներն ու զաւակները տակաւին բանտն էին Էրզինի մէջ անորոշ ապագայով, իրենց սրտէն բան մը կը գտնային տալու տարբեր բռնապետութեան մը տակ հեծող հեռաւոր եւ անծանօթ եղբայրներուն:

 

Տէօրթ Եօլի մէջ աւերակ չունէինք այցելելու, անոր տեղ պարտէզները կային: Առաւօտուն կանուխ եկան այն երիտասարդները, որոնց ժամադրութիւն տուած էինք երթալու եւ այցելելու համար այն տեղերը` ուր ժողովրդական հանճարը յարմար դատած էր պատնէշներ կանգնել:

Անցանք նարնջենիի պարտէզները եւ քանիցս ոտքերնիս դրինք պզտիկ փայտեայ կամուրջներու վրայ, որոնք ձգուած էին աւերակներուն լայն տեղերը: Փայլուն եւ պսպղացող գայլախազներու վրայէն վճիտ ջուրը կը հոսէր մրմնջելով, տեղ-տեղ պզտիկ զառիվարէ մը կը թաւալէր եւ ջուրերը մոլորուելով մացառուտ եւ ծաղկեալ թուփերուն մէջ` կաթիլ կաթիլ կը ցրուէին բարձր խոտերէ կազմուած մարգագետիններու մէջ: Դեղին եւ կապոյտ ծաղիկներ կը կիտաւորէին այդ ընդարձակ կանանչ տարածութիւնները, երբ ջուրի կաթիլը կ՚իյնար գայլախազի մը վրայ, մտիկ կ՚ընէինք անոր ընդհատ եւ պայծառ աղմուկը, որ կը կորսուէր հետզհետէ աւելի բարձր երգող կարկաչիւններու մէջ: Արեւը կը լուսաւորէր գագաթները հինաւուրց նարնջենիներուն. անոր ճառագայթները հազիւ կը թափանցէին անտառին խորութեան մէջ: Երբ հովը շարժէր ծառերը, տերեւներու բացուածքներէն յանկարծակի սպրդող բեկբեկ ճառագայթներ կը խաղային գետնին վրայ ու կը մարէին շուտով` երերացող շուքերուն մէջ նարնջենիի ճիւղերուն:

Տհաս պտուղները պէրկամօթի բարկ բուրմունք մը ունէին ու օդը գրեթէ անշնչելի կը դառնար, երբ եկանք բացաստանի մը վրայ: Հեռուէն կ՚երեւար երկար շարքը պատնէշներուն:

Անշուշտ պարագլուխներ կային ձեր մէջ` կռիւի օրերուն, կը հարցնէինք մեզ ընկերակցողներուն:

Գրեթէ ո՛չ, կը պատասխանէ անիկա, մէկ հոգիի եւ մէկ մարմինի պէս էինք, զիրար կը հասկնայինք առանց իրարու հետ խօսելու, մէկ գիշերուան մէջ պատնէշները կանգնեցինք, մարդիկ իրենց տունը հիմերէն կը քանդէին ու քարերը կը բերէին, կիներն ու տղաքն անգամ կ՚աշխատէին մեզի հետ…: Երբ կռիւը սկսաւ, բնականօրէն խումբեր կազմուեցան. ձեռքերնին գրեթէ զէնք չառած մարդիկ առիւծ կտրէր էին. մեր մէջ կային ալեւոր ծերունիներ եւ անպեխ պատանիներ:

Ինչպէ՞ս ընտրեցիք դիրքերը։

Ատ ալ գրեթէ ինքնաբերաբար եղաւ:

Երիտասարդը պահ մը կը բացատրէ ռազմական կարգ մը մանրամասնութիւններ, որոնցմէ բան չենք հասկնար: Բայց կը խորհինք, թէ ինչպէս առողջ ժողովուրդի մը հանճարը ամենագէտ եւ ամենակարող է հարկ եղած ատեն:

Վտանգը մեր հրամանատարն էր, կ՚աւելցնէ ուրիշ մը. մեծ ու պզտիկ հաւասար էին եւ աւետարանական եղբայրութիւն մը կար մեր մէջ. թշնամիներ եւ սրդողածներ հաշտուած էին իրարու հետ, որովհետեւ ամէն մէկն իր դրացիին բազուկին կարօտ էր, մէկտեղ կուլային եւ մէկտեղ կը խնդային…:

Աչքերը կը ժպտին սիրելի յիշատակներու, կարծես այն օրը կը փնտռէ:

Մեր սիրտերը միասին կը զարնէին, կ՚աւելցնէ պահ մը ետքը. ո եւ է պատահար ամէնքս մէկ կա՛մ կ՚ուրախացնէր կա՛մ կը տխրեցնէր: Կը յիշեմ... պաշարման օրերուն էր: Մեր երիտասարդ քահանաներէն մէկը սովորութիւն ունէր, ձին հեծած, պատնէշներու շրջանն ընել օրը քանի մը անգամ, անիկա մեզի հետ կը կռուէր ու միեւնոյն ատեն կը հսկէր, որ տրամադրութիւնները բարձր մնային: Այդ միջոցին թէեւ լսած էինք, որ Ատանա եւ Համիտիէ զարնուած են, բայց մանրամասնութիւններ չկային: Օր մը սուրհանդակ մը հասաւ լեռներէն. արիւնի մէջէ քալելով եկեր էր մեզի, դեռ ոտքերուն փոշին չթօթուած` հեւալէն ու հառաչելէն պատմեց քահանային` բոլոր տեսածները: Մենք պատնէշներուն առաջք բան մը չէինք լսեր, կը տեսնէինք միայն քահանան իր ձիուն վրայ, արեւին մէջ, ճամփուն վրայ կեցած, որ մեծ ուշադրութեամբ մտիկ կ՚ընէր ծռելով դէպի բոկոտն սուրհանդակը: Յանկարծ քահանան շտկուեցաւ ձիուն վրայ. ամէն բան լսած էր եւ յուզմունքէն խեղդուելով, սկսաւ հեծեծագին արտասուել: Վերարկուին քղանցքովը երեսը ծածկած էր ու աշխարհս մոռցած բոլորովին: Սուրհանդակը հեռացաւ իսկոյն: Ձին սկսաւ շարժիլ առաջանալ, շարժուած ըլլալով պատնէշներուն շրջանն ընել, գլխիկոր կանցներ բոլոր զինուորեալներուն առաջքէն, այսպէս քահանան երեսը վերարկուին քղանցքին մէջ ծածկած երեք անգամ պատնէշներուն շրջանն ըրաւ ու իր հեծեծանքներէն իմացանք Կիլիկիոյ աղէտին ահռելի համեմատութիւնը:

Չը սարսափեցա՞ք ու չ՚ընկճուեցա՞ք այդ յուսահատութենէն։

Ո՛չ… ընդհակառակը, զայրոյթը մեզի ա՛լ աւելի գրգռեց… միայն ծարա՜ւը…

Այո՛, ծարաւը Տէօրթ Եօլի պատմութեան ամենէն ցայտուն դրուագն էր. ինն օր ջուրը կտրած էին. բայց վերջի երեք օրերը միայն կատարելապէս առանց ջուրի մնացեր էին. փոքրիկ տղաքը մեռեր էին ահռելի տանջանքներով ու ամէնուն երակներուն մէջ կարծես կրակ վառուած, ջերմէ կ՚այրէին ու լեզունին կը չորնար բերաններուն մէջ. իրիկուան խոնաւութեան կը ցանկային, որ իրենց հրատոչոր եւ ցամքած մարմինները զովանան, խմեր էին ամէն կարգի ջուրեր. չորցուցեր էին թունաւոր եւ գարշահոտ ճահիճները, որոնց կանանչորակ եւ լպրծուն ջուրը կ՚ըսէին թէ «տաք էր արիւնի պէս»:

Երբ յուսահատութիւնը կատարեալ էր, ոմանք գազանի պէս կատղած էին եւ ոմանք թուլցած ու թառամած բոյսերու պէս: Այդ միջոցին կիներն ու աղջիկները կուգային իրենց մօտ, յոյս եւ հաւատք կը ներշնչէին իրենց, պատրանքներով կ՚օրօրէին անոնց անհամբերութիւնը, ու երբեմն ալ նոյնիսկ քանի մը ժամ, քանի մը րոպէ շահելու համար, հեռուներէն կ՚անցնէին պարապ դոյլերը ձեռքերնին, որպէսզի կարծեցնել տան թէ ջուր կայ, ջուր գտած են…:

Երկար ատեն դեգերեցանք պատնէշներուն երկայնքին, որ կը գրկէր բոլոր քաղաքը: Ամէն մէկ քար իր պատմութիւնը ունէր, մարթինիի գնդակներ դուրսի կողմէն քերելով մաշեցուցեր էին անոնցմէ շատերը: Միջոց մը նստեցանք գետինը` թաւալած քարի դէզերու վրայ, ու գրեթէ անխօս նայեցանք մեր շուրջը, սիրտերնիս լեցուն այլ եւ այլ կարգի զգացումներով:

 

Կազդուրուած բարոյապէս եւ ֆիզիքապէս, հետեւեալ առաւօտուն մեկնեցանք Տէօրթ Եօլէն, մեր հոգիներէն սեւն ու սուգը քանի մը օր հեռացեր էին, եւ այդ քաջ եւ վեհոգի մարդոց մէջ նոր ուժ եւ նոր եռանդ ստացած, շատ մը զգացումներու հետ անսահման երախտապարտութիւն կար անտարակոյս:

Մինչեւ քաղաքին սահմանն ընկերացան մեր սայլին ու հրաժեշտի ողջոյններու մէջ, որ կը ղրկէինք իրենց հետզհետէ հեռանալով, թէ՛ արցունք կար, թէ ժպիտ. բայց այդ արցունքը քաղցր եւ ամոքիչ էր այս անգամ:

 

Սայլը թաւալելով կը հեռանար Տէօրթ Եօլի այն թաղէն, որ պատնէշներէն դուրս գտնուելով աւերման ենթարկուած էր: Հարկ չկար հարցնելու, թէ թշնամի խուժանը մինչեւ ուր հասած էր. իրենց հետքերը ձգած էին. կացինահար ծառեր, արմատախիլ եղած նարնջենիներ, կոխոտուած պարտէզներ ու ասդին անդին առանձնապէս ցցուած ծառի կմախքներ, որոնց տերեւները բառական իմաստով ամբողջովին փեթռտուած էին: Աւելի կատարեալ ու արտայայտիչ պատկեր չէր կարելի երեւակայել` իր ամբողջութեանը մէջ ըմբռնելու համար այն չարագուշակ մարդակերպերու քանդող ոգին, որով յարձակէր էին խաղաղ բնակչութեան վրայ:

Այս անգամ ալ Համիտիէ երթալու համար ստիպուած Էինք Էրզին հանդիպիլ: Նկատի ունենալով մեր կարճ ժամանակը, յոյս չունէինք կրկին մեր բանտարկեալները տեսնելու, բայց մեր սովորութեան համեմատ փորձեցինք ու յաջողեցանք: Կարճ եւ անբաւական տեսակցութեան մը միջոցին էր, որ հաղորդեցինք մեր գիտցածը Բայասի աքսորեալներու մասին ու փոխադարձաբար լսեցինք, թէ այդ նոյն աքսորեալներն հաւանական էր, որ հանդիպէինք մեր ճամփուն վրայ:

Ուրեմն աճապարեցինք ճամբայ ելլելու: Ձիերը չէին քակուած իսկ եւ մեր սայլը պատրաստ կը սպասէր շուկային մէջ: Հազիւ թէ տեղաւորուած էինք, երբ շատ երիտասարդ եւ շատ թուխ երիտասարդ մը եկաւ դէպի մեզի: Թուրք էր. իր սելամը տալէն ետքը վարանոտ մնաց պահ մը, եւ հակառակ մեր հրաւէրներուն, անիկա չխօսեցաւ. իր սեւ եւ համակրելի աչքերը թէ՛ տխուր էին, թէ՛ ժպտուն եւ անոնց ջերմ նայուածքը կը հանգչէր անգամ մը իմ եւ անգամ մը ընկերուհիիս վրայ: Այն պահուն, երբ սայլապանը, որ պահ մը հեռացած էր մեզմէ` կը վերադառնար, թուրք երիտասարդը հրաժեշտ առաւ ու հեռացաւ:

Խօսեցա՞ք իր հետը, - հարցուց սայլապանը, երբ ճամբայ ելած էինք, եւ զինքն աչքէ հեռացուցած բոլորովին:

Իր շարունակական դեգերուններուն մէջ` մեր սայլապանը մանրամասնօրէն գիտէր այլ եւ այլ վայրերու պատմութիւնները. մեզի հետ կը շահագրգռուէր ու յաճախ մեզի հետ կը պտտէր երբ երթայինք աւերակներու վրայ. ու շատ անգամ ինքն էր, որ կ՚ամբողջացնէր արկածեալներուն կցկտուր խօսքերը:

Այդ տղան Մարաշցի Մէհմէտ անուն երիտասարդ մըն էր, - ըսաւ վերջապէս, երբ մեր սայլն անկարելի ոստումներ ընելով դուրս կ՚ելլէր Էրզինէն. անոր ըրածը ոչ ոք չէ ըրած:

Մեր հետաքրքրութիւնը գոհացնելու համար պատմեց Էրզինի դէպքը եւ Մարաշցի Մէհմէտին դերը:

Չորեքշաբթի ժամը 11ին Էրզինի Միւթէսարըֆը Ասաֆ պէյ հեռագիր կը ստանայ Ատանայէն, որով իմաց կը տրուէր իրեն, թէ 24 ժամէ ի վերջ ջարդ կար: Անմիջապէս Միւթէսարըֆը զէնք կը բաժնէ թուրք ժողովուրդին: Հինգշաբթի չորս Տէօրթ Եօլցի Հայեր, որոնք պանիր առնելու համար Էրզին կուգային` կը սպաննուին ճամբուն վրայ: Այն ատեն երկու միւսիւլմաններ` սապըգ Միւֆթի եւ Մուսա էֆէնտի կը հաւաքեն Էրզին գտնուող 200ի չափ Հայերը, կը տեղաւորցնեն զանոնք խանի մը մէջ եւ իրենք կը պաշտպանեն խուժանին յարձակումներուն դէմ: Հետզհետէ պաշտպանութիւնը կը դժուարանայ. զինուած ամբոխը կատաղութեամբ կուգայ կեավուրներուն վրայ, ի զուր քանի մը հօճաներ կուգան կը միանան վերը յիշուած թուրքերուն: Այն ատեն ճարահատ, հազար հնարքի դիմելով եւ կեանքերնին վտանգելով կը փոխադրեն Հայերը խանէն բանտ, ուր կ՚ամրացնեն զիրենք բանտին մէջ, թէեւ աւելի ապահով: Հայերը կը զրկուին դուրսի հետ ո եւ է յարաբերութիւն ունենալէ: Խուժանը օրերով կը պաշարէ զիրենք եւ համբերութեամբ կը սպասէ րոպէին, երբ անօթութիւնը պիտի հարկադրէր Հայերը` իրենց ամրոցէն դուրս ելլելու: Եւ իրաւամբ կեանքը կը սկսի անկարելի դառնալ պաշարեալներու համար. նոյնիսկ թուրքեր չեն համարձակիր իրենց շրջանակին մէջ մտնել եւ պաշարեալներուն տակ պարէն հասցնել Հայերուն: Այդ պահուն էր, որ Էրզինի թրքաբնակ աւանին մէջ Մէհմէտին խիղճը կ՚արթննայ, եւ այդ քսանամեայ երիտասարդը անխոնջ եռանդով ու ոտնահարելով մահուան վտանգը, օրուան գրեթէ ամէն ժամերուն` ուտեստ կը հասցնէ Հայերուն: Երբ պաշարեալներուն գրպանի դրամը կը սպառի, այն ատեն նոյնիսկ ինքը կը տրամադրէ հինգ ոսկի, միակ խնայողութիւնը, որ ըրած էր երկու երեք տարիէ ի վեր` աշխատելով ճարտարապետ Կիրակոս ուստային քով:

Էրզինցի 200 Հայեր, մեծ մասը պանդուխտ, իրենց կեանքը կը պարտին այդ դեռահաս թուրք երիտասարդին:

Երբ սայլապանը իր պատմութիւնն աւարտեց, բաւական հեռու էինք արդէն Էրզինէն. մեր սիրտերը ողողուած էին նոր տեսակ զգացումով մը. յուզմունքով էր, որ կը մտաբերէի Մարաշցի Մէհմէտին առեղծուածային եւ խաղաղ ու համակրելի նայուածքը:

Ի՞նչ ճաճանչ էր ատ թշնամիին մթագնած խղճմտանքին մէջ. ո՞ւր էր աղբիւրն այդ լոյսին՝ որ դրդած էր Մէհմէտները անջատուիլ խուժանին զանգուածային անգիտակցութենէն ու անոր խորտակող եւ քանդող ուժին դէմ կանգնիլ առանձինն ու յաղթական դառնա՜լ…

Այս սփոփարար մտածումներով օրօրուած կը յառաջանայինք ճամբուն վրայ, երբ հեռաւոր կայան մը նշմարեցինք: Ամբողջ կարաւան մը կանգ առած էր. թուրք եւ հայ բանտարկեալներն էին անտարակոյս, որովհետեւ զինուած եւ ձիաւոր զօրքերու շարքը շատ յատկանշական էր:

Մեր ճամփան ոգեւորուած էր անցորդներով, փաթթոցաւոր հօճաներ ձիու կամ էշու վրայ հեծած կ՚արտորային. հեռուներէն, թշուառ եւ տխրատեսիլ գիւղակներէն, թուրք կիներ ցնցոտիներով ծածկուած կը գային կը շարուէին ճամփուն վրայ, կարաւանին անցքին, տեսնելու համար իրենց բանտարկեալները. տեղ տեղ խումբեր կը կազմէին, բայց ոստիկան զինուորներն անմիջապէս կը նշմարէին անիկա, կը փութային եւ կը ցրուէին զանոնք:

Մեր դէմ կը տարածուէր ընդարձակ թատերավայր մը. ու թէեւ հեռաւորութեան պատճառաւ բան մը չէինք լսէր. կը տեսնայինք ու կը հասկնայինք մանաւանդ շատ բանէր:

Մեր միակ մտահոգութիւնը` մեր բանտարկեալներուն մերձենալն էր. չէինք գիտէր թէ ղրկուած դրամը հասա՞ծ էր իրենց եւ թէ վարձա՞ծ էին սայլ, թէ ոչ քալելով կ՚ընկերանային կարաւանին: Մեր սայլապանին հետ համաձայնելով` շեղեցանք ճամբէն եւ ուղղուեցանք բանտարկեալներուն վրայ:

Անոնք կը պատրաստուէին մեկնելու եւ փութով կը տեղաւորուէին սայլերու մէջ: Հրացանն ուսերնին` ձիաւոր զինուորներ շարքը կը մտնէին: Քանի կը մօտենայինք, կը նշմարէինք չարագուշակ դէմքեր ոճրի յիշատակով մոլորուած նայուածքներ, դեւի եւ հրէշի դիմակներ, մարդկութիւնը կարծես զզուանքով իր գրկէն դուրս փսխած էր այդ ահաւոր հրէշները, որոնց ամէն մէկուն խղճմտանքը ծանրաբեռնուած էր անլուր ոճիրներով: Իրենց դէմքը սարսափի ու նողկանքի զգացումէն անմիջապէս ետքը, գերագոյն գթութիւն մը կը ներշնչէր: Ու մենք մեր բնազդին խորերէն այդ զգացումով դղրդուած էինք: Դժբախտ էին անտարակոյս այդ քստմնելի արարածները, որոնց երեսները կարծես երբեք արեւէն չէր լուսաւորուած, ա՛յնքան խաւարային բան մը ունէին, դժբախտ էին այդ ձեռքերը, որոնք քանդել եւ ոճիր գործել միայն գիտէին այդ տափակ եւ խուսափուկ ճակատները, որոնք չէին բարձրանար մարդավայել խրոխտութեամբ, այդ աչքերը, որոնք մոլեռանդային պատկերներով լեցուն էին, եւ որոնք չէին ճանչնար արցունքին բարերար եւ ամոքիչ քաղցրութիւնը:

Ո՞ւր էին մերինները, գրեթէ կարօտ ունէինք այդ բանտարկեալներու շարքին մէջ տեսնել խաղաղ, մտամփոփ եւ լուրջ դէմքերը հայ բանտարկեալներուն: Երբ կարաւանին քով հասանք, ամէնքն ալ սայլերուն մէջ էին ու ծածկուած` մոմլաթէ վարագոյրներու ներքեւ, միայն իրենց թիկունքը կը տեսնէինք, ու թէեւ բոլորովին անկարելի էր յարաբերութեան մէջ մտնել մեր բանտարկեալներուն հետ, հսկող չաւուշէն իմացանք, թէ բոլորն ալ սայլ ունէին, ու թէ մեր ղրկած դրամը ժամանակին հասած էր իրենց:

Աւելի հանգստացած, շարունակեցինք մեր ճամփան քիչ մը հեռուէն, բայց մեր արագութիւնը յարմարցնելով կարաւանին գնացքին:

Ու՞ր են մերինները…— կ՚ըսէինք ամէն րոպէ ու սայլերը ծածկող վարագոյրներուն ընդմէջէն կը ջանայինք ճանչնալ զիրենք:

Ահաւասի՛կ, ըսաւ յանկարծ ճամբու ընկերուհիս, մերինները դիւրին է որոշել, ամէնքն ալ շղթայակապ են… Ամենքն ա՜լ, այո՛. նոյնիսկ խեղճուկ քահանայ մը. ու մինչ թուրք բանտարկեալները ազատ էին իրենց շարժումներուն մէջ, Հայերը խստութեամբ կապուած էին շղթաներով:

Աւելի չարագուշակ պատկեր չէր կարելի երեւակայել. սայլին մէջ հայ բանտարկեալները նստած էին երկու շարքի վրայ եւ շղթայ մը մէկ ծայրէն միւսը կ՚երկարէր կապելով իւրաքանչիւրին թեւերը ետեւէն. այնպէս որ եթէ իջնէին` միասին պիտի իջնէին, եթէ մէկն ուզէր շարժիլ` ամենքն ալ հարկադրուած էին քաշքշուիլ այդ ուղղութեամբ: Կային նաեւ առանձին շղթայակապ հայ բանտարկեալներ՝ որոնք նստած էին թուրք բանտարկեալներու սայլին մէջ այս վերջինները ազատ բնականաբար ո եւ է շղթայէ:

Այս լիրբ անարդարութիւնը մեզ ըմբոստացուց, մանաւանդ որ զգալով մեր ներկայութիւնը մարտիրոսի եւ զոհի տժգոյն դէմքեր կը տանէին եւ իրենց աչքերով մեզի կը փնտռէին: Մինչեւ այն տեղ, որ մեր ճամբարները բաժնուեցան, ամէն ջանք ըրինք մեր անիրաւուած բանտարկեալներու աչքին տակ ըլլալու եւ գոնէ մեր ներկայութեամբ մեր անխօս, բայց շատ զեղուն սրտակցութեամբ ամոքելու իրենց տաժանելի ճամբորդութիւնն ու հոգեկան տրամադրութիւնները:

 

Անմիջապէս որ հարկադրուեցանք բաժնուիլ բանտարկեալներէն, ինկանք մթին տխրութեան մը մէջ. մեր պահ մը առաջուան ուշադիր եւ լարուած հսկողութեան յաջորդեց հոգեկան անհուն խոնջէնք մը. սպառած էինք. երկար ատեն սայլը տարաւ մեզ, մինչ մեր գիտակցութիւնը քնած վիճակի մը մէջ կը տարտամէր…

 

Սպաննեցի՛ն, սպաննեցին ու ազատուողները շղթայի զարկին, դիմադրողները կախեցին… փախի՜նք, փախի՜նք… հոգերդ առնեմ, այս երկրիս արեւը սեւցած է մեզի համա՜ր…:

Երբ մեր սայլը տեսեր էին, Համիտիէ գիւղաքաղաքէն մեզ դիմաւորելու եկեր էին մէկ քանի այրիներ, որոնք աս խօսքերով ողջունեցին մեր գալուստը:

Դարձեալ աւերակներ… մեր ճամբորդութեան վերջին հանգրուանն էր Համիտիէ ու ճշմարտապէս անկարող այլ եւս տառապելու: Ջղագրգռուած դիւրազգացութիւն մը մեզ կը տանջէր, ոչ միայն մեր արցունքները չէինք կրնար զսպել, այլ նաեւ կը հեկեկայինք տղու պէս, ու արկածեալները տեսնելով մեր հիւանդագին վիճակը, յանկարծ կը լռէին ու կը հեռանային:

Դեռ սայլէն չիջած, որոշեցինք չմնալ Համիտիէ, եւ մեկնիլ անմիջապէս դէպ ի Ատանա: Խուլ, անկապ, հեծեծագին աղաղակներ կը գոռային մտքիս մէջ ու յանկարծ շրթունքնիս վրայ կուգային —փախչի՜նք… հոգերնիդ առնեմ, արեւը սեւցած է մեզի համար, օգնութի՜ւն, օգնութի՜ւն…

Մեր սայլը կը թաւալէր այդ րոպէին աւերակ դարձած թաղերու մէջ: Կը տեսնէինք դարձեալ ածխացած ոսկորներ, արիւնի սեւցած հետքեր, պատառատուն եւ խանձած քուրջեր, ասդին անդին դիակներ կամ մարդկային բեկորներ յամրօրէն տարրալուծելով արեւին տակ` իրենց նեխութիւնը կ՚արտաշնչէին, եւ տօթակէզ մթնոլորտը բոլորովին անշնչելի կը դարձնէին:

Մեր սայլը կեցաւ աւերակներու մէջ: Ասդիէն անդիէն ցցուող ուրուականային դէմքեր, այրիներ եւ որբեր խուժեցին մեր վրայ: Ղար թէրզիին տանը մոխիրներուն առաջքն էին 100է աւելի Հայեր, կիներ ու տղաքներ, որ մինչեւ առաւօտ դիմադրեր էին: Բայց նենգաւոր թշնամին դիւրավառ նիւթերով ոռոգելէ ետքը տունը, կրակ տուած էր զայն, ամենքն ալ այրեր էին, իսկ փախողներն ալ հրացանի գնդակով զարնուած էին: Հիմա այդ ոգորումի, այդ արհաւրալի ոգեւարի ժամերէն իբրեւ յիշատակ` մեր դէմ կը պարզուէր ընդարձակ աւերակ մը: Հովը բարձրացնելով գետնի փոշին մոխրակոյտեր կազմած էր, որոնք ճերմակ եւ փայլփլուն էին մարդկային ոսկորներու մոխիրով…:

Այդ տանը աւերակներէն անդին` յաջորդաբար կը պարզուէին ուրիշ հրդեհուած տուներու աւերակներ, մոխի՜ր… մոխի՜ր… արեւը շեշտակի կ՚իյնար այդ յուսահատութեան դաշտին վրայ կարծես առանց տաքցնելու, որովհետեւ մահասարսուռ ցրտութիւն մը կը բարձրանար գետնէն ու կը դողայինք, սարսափելի կը դողայինք…:

Մեր ետեւը բնութիւնը իր ամենէն գեղածիծաղ երեւոյթներէն մէկը կը պարզէր. գետը կը ճեղքէր բոյսերով, եւ պուրակներով բեռնաւոր ափունքը ու անբիծ երկինքին տակ վճիտ եւ կապոյտ կը սողար տարածուելով, կամարակապ եւ հնամենի կամուրջ մը պերճօրէն կը ձգուէր գետին վրայ:

Բայց մենք կը նայէինք առանց տեսնելու, աշխարհս սեւցած էր նորէն մեզի համար ու մահուան ստուերին մէջ էինք, ուրուականային դէմքերն այրիներուն կը հեռանային, կը կորսուէին հետզհետէ մոխրակոյտերու կամ ասդին անդին կանգուն մնացած պատերուն ետեւ:

Սայլը խլրտեցաւ ու ճամբայ պիտի ելլէինք: Անգամ մըն ալ մեր նայուածքը յառեցինք Ղար թէրզիի տանը մոխիրներուն, երբ այդ պահուն խելագարուած այրի մը կառչելով մեր սայլին, կ՚ըսէր ողբագին ձայնով մը…

Ծծկեր տղաք ալ կայի՜ն… ու անոնք կը ճչեն, բոլոր գիշերը կը ճչեն:

Գլուխը շարժեց ու պահ մը մնաց` կարծես մտածում մը փնտրելով, իր թուլցած շրթունքներէն լորձունքը կ՚երկարէր մինչեւ կուրծքը, միջոց մը ահաւոր քրքիջ մը օդը թնդացուց, բայց գրեթէ անմիջապէս իր արցունքոտ եւ ցաւագին աչքերը տխրեցան ու աւելի մեղմ ձայնով մրմնջեց.

Օրօր կ՚ըսեմ իրենց, բոլոր գիշերը, բայց կը ճչեն, հոգերդ առնեմ, կը ճչեն…

Սայլապանին մտրակը շաչեց ձիերուն գլխուն վրայ, ու կը հեռանայինք, կը փախէինք գրեթէ: Երկու ժամու չափ պէտք է ձիերը հանգչին, որպէսզի կարենայինք մեկնիլ. ոչ մէկ կերպով կարելի չէր մեզի համար այդ գիշերն աւերակներու մէջ անցընել եւ հակառակ սայլապանին դժկամութիւններուն, պնդեցինք: Առաւօտուն մեկնէր էինք Տէօրթ Եօլէն ու գիշերը կ՚ուզէինք Ատանա ըլլալ:

Այսպէս ճամբորդ չեմ ունեցած մինչեւ հիմա, կը գանգատէր սայլապանը…:

Այսպէս ճամբորդ երանի՜ թէ այլեւս չունենաս, պատասխանեցինք իրեն, ու յորդորեցինք, որ համակերպի մեր որոշումին:

Այդ երկու ժամը անցուցինք Սապաթիէ անուն ֆրանսացի ընտանիքին քով, որ նախախնամութիւնը դարձեր էր Համիտիէի այրիներուն: Այդ ընտանիքն իր տանը մէջ ապաստան տուած էր 1000ի չափ արկածեալ կիներու եւ տղաքներու, որոնց մէջ միայն եօթ այրեր կային, կասկածի եւ սարսափի բոլոր օրերուն ոչ միայն իրենց եռագոյն դրօշակին տակ պաշտպանէր էին խելացնոր եւ սարսափահար փախստականները, այլեւ սնունդ եւ հագուստ հայթայթէր էին անոնց:

Քաղաքավարական ձեւերէն անմիջապէս ետքը, երբ մենք ինքզինքնիս ծանօթացուցինք, Տիկինը սկսաւ խօսիլ դէպքին մասին: Համիտիէի մէջ մեռած էին զէնքէ եւ հուրէ 800 հոգի, 300ը դրսեցի: Թշնամիին անգթութիւնը չէր դադրած սոսկում եւ զարհուրանք պատճառելէ այդ արեւմուտքցիներուն. իրենք ականատես եղած էին եւ ինչ որ կը պատմէին մեզի` տաք եւ բաբախուն իրականութիւնն էր:

Թուղթի վրայ գրուած պատմութիւն չէ՛ ասիկա, կ՚ըսէ տիկինը, մեր աչքերովը տեսած ու մեր ականջներովը լսած էինք:

Չորեքշաբթի օրը Համիտիէի հայ հասարակութիւնը եկեղեցին էր ու քարոզ մտիկ կ՚ընէր, երբ իսլամ մը կուգայ եւ քահանային կ՚ըսէ, թէ կառավարչատունէն զինքը կը խնդրեն անմիջապէս: Ժողովուրդը պահ մը շփոթուած կը մնայ, յետոյ կը ցրուի: Այն նոյն միջոցին կառավարչատան մէջ հայ պաշտօնեայ մը Կիրակոս էֆէնտի, կը տեսնէ, որ հեռագիր մը հասած է: Կ՚ուզէ տեղեկանալ, բայց զինքը կը հեռացնեն ըսելով, որ իրեն վերաբերութիւն չունի: Հայ պաշտօնեան երբ կը տեսնէ, որ Թուրքերը կը հաւաքուին, կը կարդան ու կը բորբոքին, կը մեկնի պաշտօնատեղիէն եւ կը փութայ հասարակութեան իմացնելու իր կասկածները: Հայերը խանութները կը գոցեն եւ տեղ տեղ կը հաւաքուին խորհրդակցելու համար: Կասկածը ամէնուն սրտերուն մէջ է, բայց շատերը չեն հաւատար, որ մեծ աղէտ մը կրնայ պատահիլ: Նոյն միջոցին իսկ հրացանաձգութիւնը կը սկսի եւ կը տեւէ մինչեւ իրիկուն անընդհատ: Կը յարձակին դեռ չի գոցուած խանութներու վրայ ու կը սպաննեն եւ կը թալլեն, կը խորտակեն գոցուածները եւ տէրերը կը փնտռեն զարնելու համար: Երբ մութը կը սկսի, խուժանը կը մտնայ Հայ թաղերը եւ տուները կը հրդեհէ: Շատեր չուզելով կրակի մէջ մեռնիլ, հրացանէ կը զարնուին: Տեղ տեղ թշնամիները դիմադրութեան հանդիպելով ա՛լ աւելի կը կատղին ու նշմարելով տեղացիներէն ոմանց թուլութիւնը, աշիրէթներ բերել կուտան, որպէսզի աւելի անգթութեամբ եւ անխնայ սպաննեն: Տեղին գատըն գլուխը կը կենայ ոճրագործներուն եւ կը խրախուսէ զիրենք.

Մարդիկը զարկէ՛ք, թալանով ժամանակ մի կորսնցնէք, անհաւատներուն մալերը երբ որ ըլլայ մերն է՛:

Կիներ խելակորոյս` խուժանին մէջ նշմարելով իրենց ծանօթ դրացիներ, կը պաղատին եւ գթութիւն կը հայցեն իրենց զաւակներուն համար: Ամէն կողմէ կը լսուին սրտակեղեք աղաղակներ. «Տղոցս խնայեցէ՛ք», «Զաւկիս խնայեցէ՛ք», ու հրացաններ կը պատասխանեն:

Գնդակներուն որոտումը խլացուցիչ կ՚ըլլայ, մուխի եւ բոցի ծուէններու մէջէն կ՚ընդնշմարուին վիրաւորուած մարդիկ, արիւնի շերտեր երեսներուն ի վար, աչքերնին կուրցած, ու բարձր բռնած ծծկեր տղաքներ, փրկելու, ազատելու խելայեղ ջանքով մը, եւ որոնց վրայ կը խոյանան սեւ եւ չոր բազուկները թշնամիին:

Ոճրագործները զարհուրելի արբեցութենէ մը բռնուած էին. հռնդալով ու ոռնալով կը յարձակէին նոյնիսկ մոլորած տղոց վրայ, աչքերնին դարձած, մարդկային ո եւ է զգացումէ զրկուած, անանուն գազաններու պէս էին: Այսօր երբ կը վերյիշեմ այդ պատկերները, դժուարս կուգայ հաւատալու, նոյնիսկ ինծի, որ աչքովս տեսայ, թէ իրականութի՞ւն են անոնք:

Հետզհետէ ուրիշ այցելուներ եկան մեզ բարեւելու, Յոյն պաշտօնեայի մը մայրը, Սուրիացի տիկին մը, եւն. եկան նաեւ արկածեալներ, որոնց մէջ էր Կիրակոս էֆէնտիի կինը: Խօսակցութիւնը հետզհետէ աւելի արծարծուեցաւ. ամենուն դէմքերը ցաւի եւ վիշտի այնպիսի արտայայտութիւններ ունէին, որ դեռ զիրենք չլսած` կը փղձկէինք:

Ինչչա՛փ մայրական սիրտեր վիրաւորուած են, ափսո՜ս, կ՚ըսէր Յոյն տիկինը, գլուխը շարժէլով:

Կիրակոս էֆէնտիի կինը հեկեկալով կը պատմէր.

Տան մը մէջ ապաստանած էինք 40-50 հոգի: Երիտասարդները դիմադրեցին, բայց ի զուր: Թշնամիներն ամէն կողմէ կը բղխէին ու անթիւ էին: Վերջապէս կրակի տուին. երեք զաւակներս ալ զարկին, ամէն մէկ քայլիս երեքէն մէկն ինկած կը տեսնէի: Տղոցս դիակները մնացին ճամփուն վրայ ու զիս նուաղած Սապաթիէ ընտանիքին քով բերին: Էֆէնտիս այլ եւս չտեսայ:

Ես չնուաղեցայ, կը պատասխանէ ուրիշ մը. ցաւէս քարացած կը նայէի սպաննուած զաւակներոայ վրայ ու չէի հասկնար, անոնց կտոր կտոր եղած մարմինները, լճացած արիւնը զիս չէին արթնցնէր, կը տեսնէի, բայց չէի հասկնար ու կը կարծէի, թէ ինչ որ եղաւ, հիմակ չէ որ եղաւ, այլ հեռաւոր եւ ինծի հետ կապ չունեցող բան մըն էր: Բայց մէկէն կարծես ձեռք մը խառնեց սիրտս, եւ պօռալով ու աղաղակելով սկսայ փախչիլ…:

Կինը գլուխը բարձրացուց եւ իր զարհուրած աչքերը սեւեռեց մեզի, կը տանջուէր իր զգացածը չկրնալ բացատրելուն համար, եւ ձեռքերովը կուրծքը կը բզքտէր: Շատ դժուարաւ վերջ ի վերջոյ թոթովեց.

Զաւակներէս չէ, որ կը փախչէի, այլ ցաւէս, կսկիծէս… իմ արիւնոտած սիրտէս…

Վա՜յը գլխուդ, ի՞նչպէս ապրեցար, կը հառաչեն ուրիշ նոյնքան սգաւոր կիներ…

Մեր ապրիլը անէծք մըն է՜…— պատասխանեց երիտասարդ կին մը. ամէն օր քանի մը անգամ կը մեռնինք` միտքերնիս բերելով եղածները ու տեսնելով մեր սիրելիներուն ոճրագործները: Ամենքն ալ մեզի ծանօթ էին, անունով կը ճանչնային, ու դիակները քննելով կը հասկնային, թէ ո՛րոնք սպաննուած չեն ու կը սպասէին, որ երեւան գան: Մէկ տղաս զոհ տուի, բայց միւսն ազատեցաւ` հոս փախչելով: Տասը օր զիս չարչրեցին գալով եւ ողջ մնացած տղաս ուզելով:

Ո՞ւր է հիմա տղադ, հարցուցին իրեն օտար տիկինները… Կինը ձեռքովը տարտամ հեռաւորութիւն մը ցուցուց եւ չպատասխանեց:

Ինը տարեկան մանչ մըն է, ըսաւ տիկին Սապաթիէ. սարսափէն ցաւագար դարձած է գրեթէ, այն օրէն ի վեր կը վախնայ լոյս տեղ երեւան գալու եւ կը ծածկուի մութ անկիւններու մէջ. իսկ երբ որեւէ մարդ մօտենայ իրեն, բոլոր մարմնովը կը դողղղայ, անհաւատալի կերպով կը դողդղա՜յ…

Ձեռքը ձեռքիս մէջ սպաննեցին իմ եավրո՜ւս, կը գոչէ ուրիշ կին մը արտասուելով. ամենքն ալ մեռած էին ու ես ու վերջին տղաս մնացած էինք: Դեռ պզտիկ էր, հազիւ տասը տարեկան, արիւնով թաթխուած էի, բայց չէի գիտէր թէ ի՞մ, թէ զաւակներուս արիւնն էր, որ ժայթքած էր վրաս: Երբ տանը մէջ բոլոր ձայները մարեցան, ոճրագործներէն մէկը դէպի մեզ եկաւ, ձեռքի կացինը մինչեւ կոթը կարմրած էր արիւնով:

Մէկ հատս մնաց, խնայէ՜, ըսի:

Աղջի՞կ է, հարցուց:

Քօղս վերցուցի ու ծածկեցի տղուս գլուխը:

Այո՜, ըսի, աղջիկ է:

Միջոց մը կեցաւ. աչքերը վարանելով կը նայէին մէյ մը ինծի, մէյ մը մանչուս, որուն ձեռքը կը դողար ձեռքիս մէջ: Յանկարծ ծռեցաւ, քղանցքը բարձրացուր, հաստատեց սեռը, ու կացինի մէկ հարուածով սպաննե՜ց…:

Դժնդակ լռութիւն մը յաջորդեց այս խօսքերուն, բոլոր ներկաներուն աչքերն ապակիի պէս կը վառէին, տենդով ու զայրոյթով հրահրուած էինք ու արտասուքը կը պտտէր մեր բիբերուն վրայ:

Ո՞ւր էին մեր մխիթարութեան եւ հաշտութեան խօսքերը, որ արտասանելու համար եկած էինք այս տարաբաղդերուն մէջ: Ո՞ւր էր այն հոգեկան խաղաղութիւնը, որ կը սպասէին մեզմէ. մենք չէինք որ կը խօսէինք, այլ արկածեալ ժողովուրդը, որուն հաւաքական իմաստութիւնը կ՚արտայայտէր կոյր պառաւ մը` պատգամի պէս խօսելով այդ մեռելական լռութեան մէջ.

Նեղ օրիդ երբ գլուխդ քարին զարնես, քարէն արցունք կ՚ելլայ, բայց տիւշմանէն մերհամէթ չելլար:

Նոյն պահուն լսեցինք հեռուէն խելագար այրիին օրօրը որ կը մօտիկնար հետզհետե…:

Ամենքն ալ յիշեցին իր խօսքերը ու սկսան հեկեկալով արտասուել: Արկածեալներուն հետ կ՚արտասուէինք ոչ միայն մենք, այլ նաեւ ֆրանսացի եւ օտարական կիները… եւ նշմարեցինք, որ Յոյն մայրը իր արտասուաթոր դէմքը մեզի դարձուցած կարծես կը զարմանար, որ լսելով ու տեսնելով բոլոր այս բաները, դեռ կ՚ապրէինք, դեռ կը յաջողէինք կանգուն մնալ:

 

Հակառակ Սապաթիէ ընտանիքին ստիպումներուն, հակառակ տեղացիներու ազդարարութեանց, յամառեցանք մեր որոշումին վրայ, ու նոյն օրն իսկ ճամբայ ելանք:

Բոլոր գիշերը պիտի ճամբորդէինք, բայց ի՜նչ փոյթ… կը յուսայինք ֆիզիքական արտակարգ յոգնութիւնով թմրեցնել մեր հոգեկան գրգռուած վիճակը, ու մոռնա՜լ, մոռնա՜լ, մոռնա՜լ…:

Սայլն անցաւ շուկային մէջէն ուր կրպակներու առջեւը ոճիրով ամբաստանուած մարդիկ ցած աթոռակներու վրայ նստած՝ հանդարտօրէն նարկիլէ կը ծխէին: Վերջալոյսը կը ծանուցուէր արենագոյն ամպերով, որոնք կը սաւառնէին երկնակամարին վրայ: Մենք չէինք խօսէր իրարու հետ ու կը նայէինք ոճրագործներուն: Թուրք տղեկ մը անցնելով մեր մօտէն, հայհոյութիւն մը ուղղեց մեզի… ուրիշներ ծիծաղելով պատասխանեցին. սայլն աւելի արագ անցաւ ու մեր ետեւը անհետացաւ Համիտիէն իր աւերակներով ու իր անպատիժ մնացած ոճրագործներով:

 

Գիշերը կ՚իջնէր հետզհետէ, ու մեր շուրջն ամայութիւնն ալ աւելի զգալի կը դառնար:

Գաղջ խոնաւութիւն մը կը պարուրէր մեզ, ու լռութիւնն այնքան կատարեալ էր, որ մեր սայլին աղմուկին արձագանքը կը լսէինք: Աստղազարդ երկինքն աղօտ լոյս կը մաղէր միջոցին մէջ, որով կը նշմարէինք մութի հետզհետէ սեւ խաւերու ետեւէն հնամենի բերդի մը աւերակները:

Մինչեւ կէսգիշեր, մինչեւ Միսիս, ուր հարկադրուեցանք կանգ առնել երկու ժամու չափ, խորհեցայ եւ մտաբերեցի մեր ճամբորդութեան միջոցին տեսած ու լսած դէպքերս ու պատկերներս: Մտքիս մէջ երբեմն այս, երբեմն այն դրուագը կը ներկայանար իրականութեան ուժգնութեամբը: Սիրտս կ՚այրէր անմխիթարելի ցաւով. ու այդ ցաւին մէջ խոնարհութիւն կար, ըմբոստութիւն կար, ու երբեմն ալ գոռոզութիւն:

Իմ կոխոտուած ու արիւնոտած ցեղիս ձայնը կ՚երգէր երակներուս մէջ գոռ եղանակներով. թշնամիին դիտաւորութիւններն անգամ մըն ալ ապարդիւն եղեր էին ու կը զգայի, հակառակ մեր ականատեսի յուսահատօրէն տխուր տպաւորութիւններուն, թէ անմահ եւ անքակտելի բան մը. ցեղին հանճարը, խուսափած էր ոճրագործներու տապարներէն. դագանակներէն, հրացաններէն ու անոնց վառած խարոյկներէն:

Բո՛ւն թշնամին, խաւարի ոգին, դարաւոր ախոյեանը մեր Արիականի լուսատենջ եւ խաղաղաւէտ ձգտումներուն, քանդող եւ աւերող ուրուակա՛ն, դատապարտուած էր անկարող դառնալու մեր յարաբողբոջ կենսականութեան դէմ: Ու այս զգացումը կը սաւառնէր բոլոր աւերակներուն վրայ. կ՚արտացոլար նահատակներու մոխիրներէն, ուրուականային եւ մոլար երեւոյթներէն այրիներուն, կը ճաճանչէր որբերու աչքերուն մէջ, եւ անիկա կար մանկական հոգիներու անգիտակցութեան խորը. ինչպէս կոտորուած ու եղծուած համայնքի մը մնացորդներուն հոգեբանութեան մէջ:

Ու ասիկա ցեղին վրէժն էր…:

 

Յաղթական մտածումս կը սայթաքէր սակայն երբեմն իր ուղիղ ժայթքումէն, կը մոլորուէր մանրամասնութիւններու մէջ. սարսափն ու զարհուրանքը կը պատէին զիս… մղձաւանջային տեսիլներ կ՚անցնէին արագ արագ յիշողութեանս մէջէն, ու խեղճ սիրտս կը բաբախէր անկանոն ուժգնութեամբ մը:

Սայլը կ՚երթար մութին մէջ ու երկուքս ալ թէեւ արթուն` չէինք խօսէր իրարու հետ ու կը հետեւէինք մեր առանձին մտածումներուն: Գիշերը հետզհետէ աւելի խոնաւ` գրեթէ կը ցրտանար, ու մենք կը դողայինք մեր վերարկուներուն տակը…

 

Աշխարհս սեւնա՜յ ու այլեւս բան չտեսնա՜նք…

Կը փախէի՜նք, կը փախէի՜նք ու կզակս կը կափկափէր. տե՞նդն էր արդեօք, Ատանայի տենդը ուրկէ բռնուած էինք երկուքս ալ եւ որուն ցաւը մոռցեր էինք ճամփուն վրայ: Կը փախէի՜նք… կը փախէի՜նք…: Ձիերը կարծես խենթեցեր էին, սայլապանը կը ճչէր, երբեմն կը գոչէր եւ պատահական գիւղակներու մօտէն անցած ատեննիս` հեռաւոր շուներու կաղկանձիւնները կը պատասխանէին մեր անժամանակ գնացքի աղմուկներուն: Աւելի արա՛գ, աւելի արա՛գ…: Մեր էութեան խորը կ՚արթննային ձայներ, ձայներ, մղձաւանջային, դժոխային ձայնե՜ր…

Օգնութի՜ւն… օգնութի՜ւն…:

Խենթեցե՞ր են ձիերը. իրենց ոստոստող եւ թափահարող սմբակներէն կայծեր կը ցայտէին եւ գետնի փոշին ամպի պէս կը բարձրանար: Ականջներնին կը թօթուէին` գրգռուած կարծես անտեսանելի շօշափումէ մը. ու երբեմն կը խրխնջէին, գլուխնին շարժէլով ու կը շարունակէին սուրալ, բարձրանալով առաջքի ոտքերնուն վրայ եւ ոստոստելով` իբր թէ վիհեր բացուած ըլլային մեր դիմացը…:

 

Քանի մը ժամ այսպէս, ու յանկարծ արթնցանք:

Միսիս հասած էինք. կէս գիշեր էր, ու ոճրապարտ գիւղը կը քնանար: Սայլապանը ձիերը քակեց ու տարաւ հանգչեցնելու եւ կեր տալու համար: Մենք սայլին մէջ մնացինք:

Կէս գիշեր էր… ու կարո՞ղ էինք քնանալ, քայլ մը անդին չարագուշակ աւերակները կային մարդկային աճիւններով ծածկուած. քայլ մը անդին, կմախքի բեկորներ, մանկան գանկեր, քանդուած օճախներ եւ ամէն տեղ ուրուականային յիշատակը զոհերուն…

Ոճրապարտ քաղաքը կը քնանար. ոտքի ելայ ու նայեցայ շուրջս երդիկներու վրայ, երկար, երկար ատեն: Ու իմ հպարտութիւնս ու իմ ատելութիւնս ա՛յնքան սաստիկ զգացի, որ չհամարձակեցայ անդրադառնալ անոր:

 

Քանի օրերէ ի վեր Ատանայ վերադարձած էինք: Մեր բանտարկեալներէն մէկ քանին արձակուած էին, եւ կը հանդիպէինք իրենց մայրերուն, իրենց կիներուն ժպտուն եւ գոհ դէմքերուն, մեր առօրեայ երթուդարձի միջոցին: Պատերազմական Ատեանները դադրած էին այլեւս գործելէ եւ նոր ընտրուած կուսակալին քաղաքային իշխանութիւնը, եւ ազատասէր մարդու ազդեցութիւնը օր օրի կը տարածուէր վիրաւորուած եւ անհամբեր հայ հասարակութեան վրայ:

Ոչ ոք դեռ չէր մոռցած աղէտը, ոչ ոք դեռ չէր ամոքուած իր սեպհական սուգին մէջ: Բայց ցեղը հաւաքաբար կ՚ամփոփուէր, շարքերը կը սեղմէին եւ թշնամիին բացած արիւնոտ պատռուածքները կը գոցուէին կամաց-կամաց:

Ուրիշ տեղերէ, կոտորածներու ժամանակէն զգացուած գաւառներէն հասկցեր էին, որ ժամանակը հասած է: Ու մեզի ղրկուած հանդերձեղէնի հակերու մէջ կը գտնէինք հարսանեկան զգեստներ… մէկ կողմ դրինք անոնք եւ պահեցինք. այդ զգեստները անպետ չմնացին:

Մօտաւոր եւ դրացի գաւառներէն ամէն օր կը հասնէին բարեկեցիկ եւ դիրքի տէր ամուրիներ եւ կ՚ամուսնանային չափահաս որբուհիներու հետ:

Տխուր հարսանիքներ էին անշուշտ, սգաւոր հարսնեւորներ: Բայց այդ յորդառատ արցունքներուն ետեւէն որ կը տեսնէինք, հարսերու երեսներն ի վար, հանդարտ եւ անայլայլ փայլով մը կը շողար նաեւ երջանկութիւնը:

Արագ, արագ, նոր ընտանիքներ կը կազմուէին. մեր գործունէութեան տեսակը զգալի կերպով փոխուած էր. այլեւս տխրութեամբ մէկ կողմ չէինք ձգէր գեղեցիկ եւ պճնուած զգեստները` արկածեալները վիրաւորելու մտահոգութեամբ. անոնք կը պահէինք, կը ծրարէինք եւ կը յատկացնէինք հարսերուն:

Եկեղեցիին բակին մէջ ապաստանողներու թիւը կը պակսէր հետզհետէ. շատերն այգիները գացեր էին այգեկութ ընելու եւ օգնելու հողատէրներուն: Քիչ ատենէն կուգար նաեւ բամբակի հունձքը եւ անգործ մնացած բազուկներ պիտի մխիթարուէին սուրբ եւ ամոքիչ աշխատութիւնով:

Յղի կիները կը ծնէին ու նորածիններն այլեւս վիժածի ահռելի երեւոյթներ չունէին: Ամէն օր կ՚երթայինք կ՚այցելէինք ու գուրգուրանքով կը հսկէինք այդ նորածիլ կեանքերուն վրայ: Դժբաղդ ու որդեկորոյս մայրերու դէմքերուն վրայ կը վերածնէր երջանկութեան ժպիտը, ու շրթնէր, որ միայն ողբացեր էին ամիսներէ ի վեր, կ՚երգէին եւ օրօր կ՚ըսէին իրենց մանկիկներուն: Մէկ ծնող կնոջ քով կը հաւաքուէին շատ մը այրիներ ու ամէնքն ալ կը խնամէին ու կը շփացնէին նորածինը. արկածեալները հաւաքաբար մայրութիւն կ՚ընէին եւ կը մխիթարուէին ինքզինքնուն ստեղծած տպաւորութեան մէջը:

Աւերակները նուազ քստմնելի, նուազ տխուր կ՚երեւէին. որովհետեւ Հայ բանտարկեալներու արձակումէն ետքը Կիպրոս, Եգիպտոս եւ այլ երկրներ ապաստանող փախստականներ դարձեր էին իրենց հայրենի հողին վրայ:

Փողոցներու մէջ անցուդարձը կը շատնար. ոմանք իրենց տան աւերակները սկսած էին քրքրել նոր շինութիւններուն համար. փոքրիկ խանութպաններ հրդեհուած կրպակներու խանձած պատերուն վրայ սկսած էին ապրանքներ կախել եւ վաճառել: Նոր հոգեր, նոր հաշիւներ, ապագայի նոր ծրագիրներ կը զարթնեցնէին քաղաքացին իր դժբախտութեան թմրութենէն:

Այդ օրերուն էր, որ հարկ եղաւ մեզի երթալ Ատանայի շրջակայ այգիներէն մէկը` կարեւոր գործով մը: Քաղաքէն անմիջապէս դուրս` սկսաւ շարքը հոծ բուսականութիւնով մը հովանաւորուած պարտէզներու եւ ընդարձակ այգիներու: Անոնցմէ շատեր աւրուած էին, արմատախիլ որթատունկեր կը ճզմուէին կառքին անիւներուն ներքեւ. շքեղ դալարիներու խորերէն երբեմն կը ցցուէր աւերակ դարձած բնակութեան մը մէկ թեւը: Բնութիւնը կարծես արտակարգ ջանքերով կը ձգտէր ծածկել ինչ որ մարդիկ քանդած էին ու աւրել հետքերը ոճիրին:

Միջոց մը` հեռուէն տեսանք գետնին հակած մարդ մը, որ հողին վրայ կ՚աշխատէր, երբ մեր կառքը մօտիկցաւ, գլուխը բարձրացուց ու կռթնած իր բահին, աչքերովը հետեւեցաւ մեզի: Ծերունի մըն էր, որ կը ճանչնայինք, սարսափելու օրերու մէջ տեսեր էինք` անիկա հիւանդանոցին մէջ. արիւնոտ վէրք, տապարի հարուած մը կտրած էր դէմքը, ու աջ այտին մասը, աջ աչքն ինչպէս նաեւ ճակտէն կտոր մը անհետացեր էին: Վիրակապը կը ծածկէր իր ամբողջ դէմքը. միայն ռնգունքը եւ շրթունքը բաց կը մնային շնչելու համար: Օրերով ու շաբաթներով խեղճ մարդը մնացեր էր կիսամեռ վիճակի մէջ` անտանելի ցաւերու մատնուած: Երբ վիրակապը կը քակէին, կը տեսնէինք մարդկային դէմքի փոխարէն արիւնոտ շարաւով լպրծուն մկանունքներ, որոնք բաբախուն էին ցաւով: Ոչ մէկ յոյս կար զինքը փրկելու, բայց ծերունին դիմացաւ ու ապրեցաւ. մէկ աչքը ողջ էր մնացեր. օրէ օր վիրակապը պզտիկցաւ, մարդը կրցաւ տեսնել լոյս աշխարհը, ու անկից ետք զգալի կերպով բարւոքում ունեցաւ:

Հիմակ վէրք չունէր, երկայն սպի մը կարծր գիծերով կը գծուէր աջ դէմքին վրայ. ողջ աչքը կ՚ապրէր սակայն արտակարգ եռանդով մը, ու անոր բոցեղ նայուածքը կը կառչէր մեզի:

Կառքէն իջանք, դէպի իրեն գացինք ու բարեւեցինք.

Կիրոս Էմմի, մեզի չճանչցա՞ր:

Ծերունին խորամանկութեամբ ժպտեցաւ:

Կիրոս Էմմին, մէկ աչք ունի, բայց լաւ աչք է, երկուքի տեղ կը տեսնայ:

Ու գաւառական սովորութեամբ ձեռքը երկարեց մեզի եւ առանց մեր ձեռքը սեղմելու կարծես շօշափելի կերպով առաւ մեր բարեւը նախ ճակտին տարաւ, յետոյ կուրծքին, ու կեցաւ։

Միջոց մը խօսեցանք իր այգիին մշակութեան եւ յուսացած հունձքերուն վրայ:

Կիրոս Էմմին կը խօսէր ու կը շարունակէր աշխատիլ, գործիքներ չկային, այլ, գրեթէ մատներով հարկադրուած էր հերկել: Բահով կը վերցնէր հողը ու անոր մէկ եզերքով կը զարնէր փշրելու համար, երբ կարծրացած հողի գունտեր յամառէին տափակնալու, կը ծռէր ու մատներովը կը կակուղցնէր զանոնք։

Ինծի համար չէ՛, ըսաւ ծռած քամակը շտկելով, տեսնենք ես պիտի հասնի՞մ եկող տարուան հունձքին ճաշակելու, բայց թոռներս կան… Երբ առողջացայ, գացի զիրենք առի որբանոցէն. ես՝ իրենց, իրենք ալ ինձի պէտք ունին…:

Բահը ձգեց գետին ու ձեռքը ձեռքին մէջ զարկաւ: Այս նշանին վրայ 6-10 տարեկան երեք մանչ եւ աղջիկ տղաքներ երեւան եկան ծառերու ետեւէն ոստոստելով եւ խաղալով. առողջ էին, զուարթ էին, կեանքը կը խայտար իրենց ամէն մէկ նեարդներուն մէջ: Թխորակ գլուխներ, սե աչքեր, հուժկու անդամներ, կարծես կ՚անգիտանային իրենց վրայէն անցած սեւ փոթորիկը:

Մեզ տեսնելով լրջացան եւ իրարու քով սեղմուեցան: Զիրենք չխրտչեցնելու նպատակաւ շուտով մեկնեցանք եւ գացինք այգիներու մէջէն։

Վերադարձին ուշ ատեն հեռուէն տեսանք ծերունին, որ կը շարունակէր աշխատիլ իր մատներով կակուղցնելու կարծր հողը:

Բարի յաջողութիւն, Կիրոս Էմմի…:

Հովը տարաւ մեր ձայնը եւ ծերունին գլուխը բարձրացուց։ Երկար ատեն իր միականիի սեւեռող նայուածքին ջերմութիւնը զգացինք մեր վրայ:

 

Առաջին անգամն ըլլալով կատարելապէս ուրախ էինք այն իրիկունը. որովհետեւ երբ քաղաք մտանք, մեզի թուեցաւ, որ Ատանան, հսկայական գերեզման, յամրօրէն, տաժանելիօրէն` բայց ապահովաբար յարութիւն կ՚առնէր իր աճիւններուն մէջէն:

 

Կ. Պոլիս, 1910