Թրքահայ ժամանակակից գրողներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳՐԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՆԵՐ


ԹՐՔԱՀԱՅ ԺԱՄԱՆԱԿԱԿՒՑ ԳՐՈՂՆԵՐԸ


 

Սիրելի ազգակիցներ.

Տարիներէ ի վեր բաղձանքս եղած է այցելութեան գալ մեր Կովկասի եղբայրներուն։ Բաղդը այնպէս վճռած է եղեր, որ այդ այցելութիւնը կատարեմ դժբաղդ դէպքերու հետեւանքով, սգաւոր սրտով եւ տխուր տրամադրութիւններով։

Սոսկալի փոթորիկը անցաւ մեր ազգային կեանքին վրայէն ու այնքան հաստատուն կաղնիները, որքան նորածիլ բարունակները արմատախիլ եղան անխնայ կերպով։ Այլ սակայն ամենքս ալ համոզուած ենք որ թշնամին անկարող պիտի դառնայ մեր անսպառ կենսունակութեան հանդէպ եւ մայրենի երկիրը քիչ ատենէն կը ծաղկի նոր ծաղիկներով եւ իբր անմահ ֆէնիքս կը վերածնի իր մոխիրներուն մէջէն։

Գիտէք որ սոսկալի ուրւականը գլխաւորապէս հարուածեց մեր մտաւորականները։ Եւ անոնք, որոնց անունները մեր թրքահայոց փառքը ու պարծանքը կը կազմէին, անոնք մեծ մասով կամ նահատակուեցան եւ կամ մինչեւ այժմ կը գտնուին դժնդակ աքսորավայրերու կամ գարշելի զնդաններու մէջ։

Ու այս կորուստը անդարմանելին է. կանցնի ժամանակը, կը փոխուին դէպքերը. կը լեցուին պակասը թիւերուն եւ պարապը քաղաքներուն, բայց Զարդարեանի մը, Զօհրապի մը տեղը պարապ կը մնան։

Յարգանք իրենց սիրելի յիշատակին։

Մասնաւորելով իմ խօսքս թրքահայ ժամանակակից գրողներու վրայ, որոնք գրեթէ առանց բացառութեան զոհ գնացին թշնամիին ատելութեան, կը ցանկայի յիշատակել եւ ձեզ խօսել բոլորի մասին, բայց կը խնդրեմ որ ներողամիտ ելլաք, եթէ ժամանակի սղութեան պատճառաւ ինծի անկարելի դառնայ արտասանել ամեն մէկ թրքահայ գրագէտի անունը։ Ատիկա ոչ արդիւնքը պիտի ըլլայ մոռցութեան եւ ոչ ալ կողմնակալ ոգիի։ Ամեն մէկը իր առաւել կամ նուազ տաղանդով իր յարգելի տեղը ունեցած է թրքահայ ընդհանուր գրականութեան մէջ եւ ամեն մէկուն ջանքը ու աշխատանքը թանկագին է մեզի համար, բայց ես այս իրիկուն ստիպուած եմ նշանակել ամենէն ցայտուն դէմքերը միայն, որոնք գրական արուեստը հանգրուանի մը հասցուցած են եւ կամ գրական յեղաշրջութեան մէջ նոր հորիզոններ բացած են իրենց արուեստով եւ տաղանդով։

Գրական արուեստը գեղարուեստի ճիւղերուն մէջ ըլլալով ամենէն ամբողջականը եւ յստակը, գերագոյն արտայայտութիւնն է ժողովրդի մը հոգիին։ Ազգային հանճար գրականութեան միջոցաւ կարտայայտէ իր բարձրագոյն կարելիութիւնները։ Գրականութիւնը ներկաացնելով հանդերձ ազգի մը համադրական արժէքը, արուեստի աստուածային յատկութիւններով ներկայէն կը սլանայ երբեմն դէպ ի առաջ ու մարգարէական եւ տեսանող, մեզ նախաճաշակը կընծայէ գալիք օրերու պայծաութեան ու փառքերու։ Ձեզ խօսելով թրքահայ գրականութեան եւ անոր ձգտումներուն եւ իտէալներուն մասին, ձեզ ներկայացուցած կըլլամ, ուրեմն, թրքահայ ժողովուրդին հոգին, իր տառապանքներով եւ յոյսերով, իր սոսկալի օրերու նախազգացումներով, բայց նաեւ ու մանաւանկդ իր վերջնական յաղթանակի հաստատ հաւատքով։

Բացատրելու համար ժամանակակից թրքահայ գրականութեան յատկանիշերը, անհրաժեշտ է արագ ակնարկ մը նետել այն ազդեցութեանց վրայ, որոնց զօրութեամբ ոչ միայն գրական այդ գեղեցիկ վերածնունդը յառաջ եկած է, այլ նաեւ կազմուած է գրական լեզուն, այնքան հարուստ եւ ճկուն աշխարիկ հայերէնը, որուն հնչական ներդաշնակութիւնը, ճոխ բառամթերքը եւ քերականական յստակ եւ վայելուչ կազը զայն ընդունակ կը դարձնեն արտայայտելու զգացումներու եւ զգայնութեանց գերանուրբ երանգները եւ միանգամայն ամենաբարդ մտածումի եւ դատողութեանց յստակ եւ իմանալի դասաւորումը։

ԺԹ դարու սկզբին Վենետիկ եղած է այն հսկայական փարոսը, որ իր լուսարձակումներով սկսած է փարատել քաոսը որ կը տիրէր թրքահայոց եւ մասնաւորապէս Պօլսոյ պատուելիական մտաւորականութեան մէջ։ Մէկ կողմէ աղճատ ու աղաւաղեալ գրաբառ մը  եւ միւս կողմանէ ժողովրդական լեզուն թրքական ոճով եւ խճողուած թրքական բառերով, եւ ասութիւններով, ոչ մէկ հնարաւորութիւն կ՚ընծայէին, որ բուն հայերէնը վերազարթնէր իր վաղնջական քունէն։ Այդ ժամանակի գրական եւ գաւառական բարբառն է, որ տեղի տուած է այն կարծիքին թէ թրքահայ գրական լեզուն ազդուած է թրքերէնէ։ Հոս ոչ իմ դերս է եւ ոչ ալ ժամանակ կայ պատասխանելու այն կարգ նախապաշարեալ եւ թիւր կարծիքներուն, որ մինչեւ այժմ կը տիրեն թուրքահայ արդի բարբառին նկատմամբ. միայն արագօրէն մատնանշելով այն ճշմարիտ ազդեցութիւնները, որոնց ներքեւ դաբնուած է մեր նոր լեզուն, կը կարծեմ թէ բաւականին լուսաբանած կըլլամ այդ հարցը։

Վենետիկ շատոնց ի վեր գոյութիւն ունէր եւ միաբանութիւնը իր հսկայական գործը կը կառուցանէր մեղուաջան եւ հանդարտ աշխատութիւնով։ Մէկ կողմէն կը վերահաստատէր նախնեաց ոսկեղենիկ բարբառը իր բոլոր շքեղութեան, պայծառութեան եւ փառքին մէջ եւ միւս կողմանէ դասական եւ հին հեղինակներու թարգմանութեամբ մեր ազգին մէջ կը մտցնէր տիեզերեական մեծ հանճարներու ճաշակը։ Բուն հայերէնը, գրաբար լեզուն պիտի դառնար այլ եւս այն մաքուր աղբիւրը, որ պիտի զտէր եւ իր օտար կեղտերէն ազատէր Պօլսոյ գրական բաբառը։ Անիկա պիտի ըլլար գանձարանը իսկական հայ բառերու եւ ասութիւններու, որոնք հետզհետէ պիտի գրաւէին օտարամուտ եւ խորթ բառերու տեղերը։

Միւս կողմանէ ֆրանսական մեծ յեղափոխութիւնը իր ազդեցութիւնը գործած էր այն մէկ քանի մտաւորական անձնաւորութեանց վրայ, որոնք իրենց դիրքին եւ անձնական յատկութիւններուն շնորհիւ ընդունակ դարձած էին կրելու այդ մեծ եւ աշխարհասասան դէպքերու ազդեցութիւնը։ Նոր աշխարհահայեացքը արթնցուցած էր նաեւ մեր ազգային ոգին, մենք մտած էինք այլ եւս մեր իսկական ճանբուն մէջ, մենք գտած էինք ինքզինքնիս ու ղեկավարութեամբ Օտեաններու, Տատեաններու եւ նման մեծ անհատականութեանց ազգային բազկերակը սկսած էր զարնել մեծ եւ երկարատեւ թմրութենէ մը ետքը։ Այս ազգային տրամադրութիւնները պիտի մղէին անշուշտ մտաւորակաները օգտուելու Վենետիկէն։ Միաբանութեան հրատարակութիւնները սկսան ծաւալ գտնել ժողովրդին որոշ մէկ դասակարգին մէջ, ուրկէ անուղղակի կերպով պիտի ազդուէին դպրոցները եւ հետեւաբար մինչեւ ստորին խաւերը։

Ուրիշ վառարան մը ազգային կրթութեան երեւան կուգար Վարագի մէջ, որուն հանճարեղ ոգին էր Խրիմեան Հայրիկ։ Հարեւանցի նկատողի մը համար Վենետիկ եւ Վարագ կրնան ներհակ ազդեցութիւններու կեդրոններ նկատուիլ, բայց ըստ էութեան իրարմէ անկախօրէն Խրիմեան Հայրիկ ու Ալիշան նոյն իտէալին կը դիմէին։ Խրիմեան մեզ կը բանար դռները բնաշխարհի գանձերուն, իր գրական լեզւով եւ հայկական ոճով նոր արիւն եւ աւիւն կը մցնէր թրքահայ վտիտ բարբառին մէջ, մեզ կը յայտնէր ներշնչման նոր եւ բուն աղբիւրները եւ հայութեան ակնարկը կը դարձնէր բուն Հայաստանի վրայ եւ բուն հայ ժողովրդին վրայ, որ մինչեւ այն ժամանակ անտեսուած եւ նախատուած էր իր ողորմելի եւ գետնաքարշ թշուառութեան պատճառաւ։

Ու ահա յանկարծ ղարիպին ցնցոտիները ապագայ յոյսերու ոսկեզօծ պատմուաճանի կը փոխուէին. մայրաքաղաքի հանգիստ, ապահով եւ նոյն իսկ փարթամ կեանքին մէջ օտարացած այրերու եւ տիկիններու գորովագին եււ յուզեալ ուշադրութիւնը կը դառնար հայրենի երկիրներու տառապանքներուն եւ յոյսերուն վրայ։ Աստուածային կայծը վառուած էր, անիկա պիտի վառէր, բորբոքուէր հետզհետէ մինչեւ որ դառնար այն անշիջելի հրդեհը, որուն դիմաց դարաւոր թշնամին պարբերաբար եւ յաջորդաբար իր անկարողութեան զայրոյթը պիտի յայտնէր, դաժան եւ անգութ խստութեամբ մը։

Խրիմեան մեզ կը ծանօթացնէր ներկայ իրականութեան, մինչ Վենետիկ կը վերակենդանացնէր ոգիները մեր նախնեաց։ Մէկ կողմէն հայկական գաւառներու տառապանքը եւ միւս կողմանէ ազգային պատմութիւնը, նախնեաց մատենագրութիւնը, հին փառքերը եւ հին ցաւերը հիմնաքարը կը կազմէին այդպիսով թրքահայ ժողովրդին, մինչ ֆրանսական գրական ազդեցութիւնը կը հաշտեցնէր հինը նորին հետ, կը ներդաշնակէր զանազան ազդեցութիւնները եւ անոնց համադրական արժէքովը կը կազմէր արգիական աշխարհայեացքը հայ ազգին։ Ահա թէ ի՞նչ աղբիւրներ, ի՞նչ ազդակներ եւ ի՞նչ գործօններ վերածնողները եղած են թիւրքահայ արդի գրականութեան եւ բարբառին։

Երկունքի երկարատեւ շրջանէ մը ետքը 90 ական թուականը մեր գրականութեան մէջ կը ներկայացնէ իբր գեղեցիկ եւ արդիւնաոր հանգրուան մը։ Զուգընթացաբար հայկական խնդիրը իր ոգեւորութեան բարձրագոյն կէտերէն մէկուն մէջ կը գտնուէր։ Բարենորոգմանց հարցը կ՚արծարծուէր եւ Կարմիր Սուլթանը զիջումներու կը հարկադրէր։ Այ ժամանակի «Հայրենիք» օրաթերթը Պ. Շահնազարի խմբագրապետութեամբ գլխաւոր կեդրոնը կը դառնար հայ գրականութեան։ Անիկա օրաթերթ մը ըլլալէ աւելի գրական դպրոց մըն էր, որուն վարպետներն էին Արփիար Արփիարեան, Սիպիլ, Լեւոն Բաշալեան, Գրիգոր Զօհրապ, Շանթ նոնպէս իր գրական փայուն սկզբնաւորութիւնը ըրած է «Հայրենիքի» մէջ եւ նաեւ Արշակ Չօպանեան որ թէեւ տակաւին շատ երիտասարդ, բայց արդէն իսկ յայտնուած էր իր գեղեցիկ եւ ճկուն գրական ոճով ու գեղեցկագիտական  հազուագիւտ բնազդներով։

Գրեթէ ամենքն ալ բացի Արփիարեանէ, որ հարազատ հայկաբան մըն էր, ուղղակի թէ անուղղակի կերպով կրած էին ֆրանսական ազդեցութիւնը եւ իրենց արձակին մէջ կը մտցնէին մեծ եւ պայծառ լեզուին յստակութիւնը, նախադասոթեանց ներդաշնակ դասաւորումը եւ մտածումներու արտայայտութեան ճկունութիւնը ու նրբութիւնը։ Միեւնոյն ժամանակ հմուտ հայկաբաններ, լեզուն սովորած դասական գրաբառով, անոնք այնքան տէրն էին իրենց մայրենի լեզւին, որ ֆրանսական գրականութեան ազդեցութիւնը կը մտնար մեր մէջ առանց հայերէն լեզուին եւ գրական ոգիին հիմունքը խախտելու։

Ֆրանսական լեզուն եւ գրականութիւնը այլ եւս բոլորովին մեր գրական դաստիարակիչներն էին։ Մեծ եւ գեղեցիկ երկրին գրական յեղաշրջումը եւ պայքարները ընտանի էին մեզի։ Մենք մեր Թէրզեաններով, Տիւսաբներով, Պէշիկթաշլեաններով անցեր էինք արդէն ռօմանտիզմի եւ քնարերգութեան շրջանները եւ մեծ վարպետներ տուած էինք յանձին Դուրեանի եւ Պէշիկթաշլեանի, որոնց քնարերգական հանճարը իրենց պատւոյ տեղը կրնային ունենալ տիեզերական գրականութեան մէջ։ Այլ եւս իրապաշտ դպրոցի յաղթանակի օրերն էին. Մօբասան, Զօլա, Ֆլօպէռ, նոր աստղերը ֆրանսական գրականութեան, կը փայլէին պայծառութեամբ։ Մեր ազգային գրականութիւնը պատւով կը հետեւէր մեծ ազգերու գրական յեղաշրջման ու «Հայրենիք»ի խումբը իրապաշտ դպրոցի կնիքը կը դնէր մեր գրականութեան մէջ։ Լեզուն այլ եւս թօթափելով հին եւ գրաբարախառն ձեւերը կը ստանար իր վերջնական գիծերը եւ աշխարհիկ հայ լեզու իր բոլոր թարմութեամբ եւ շքեղութեամբ գեղեցիկ եւ ճկուն գործիք մը կը դառնար հայ գրագէտներու համար։ Արփիարեան իր զուրտ հայկական ոճերով եւ մտայնութեամբ հայ գրականութիւնը կը պահպանէր իր հարազատ եզրերուն մէջ, Բաշալեան իր ոճաբանի կուռ եւ սեղմ նախադասութիւններով անողոք կերպով կը պայքարէր փոխանցման շրջանի յատուկ տարտամ եւ ծանծաղ ձեւերուն դէմ։ Ոճի վարպետ Բաշալեան, իր կիրթ ու չափաւոր լեզւով  եւ հասուն մտածողութեամբ կուտար այն գեղեցիկ վիպակները, որոնք միշտ զարդը պիտի կազմեն այդ թուականի ազգային գրականութեան։ Տիգրան Կամսարական իր խղճամիտ վիպասանի եւ պատուախնդիր գրագէտի մտահոգութիւններով ոչ միայն մեր գրականութիւնը կ՚օժտէր իր «Վարժապետի աղջիկը» արժէքաւոր վէպով, այլ նաեւ մեր մէջ կը մտցնէր արուեստին ջերմեռանդութեամբ եւ  ակնածանօք մերձենալու թանկագին յատկութիւնը։ Սիպիլ, մայրաքաղաքացի նրբերանգ բանաստեղծուի, իր նիւթերուն եւ ներշնչումներուն փափկութիւնը կը հագւեցնէր այնպիսի ճկուն եւ մետաքսաւէտ ոճով մը, որ հայերէն լեզուն կը դարձնէր ներդաշնակ մրմունջ մը, ընդունակ ժանեկային եւ անշօշափելի նրբութիւններու։ Բայց իրապաշտ դպրոցը, որ այդ ժամանակի գրական ընդհանուր ոգիին կարտաայտէր, իր ամենէն հզօր ներկայացուցիչը պիտի ունենար յանձին Գրիգոր Զօրապի, որուն վրայ կանգ պիտի առնենք։

Զօհրապ ծնած է 1860-ին Կ. Պօլսոյ մէջ, իր իրաւագիտական ուսոմը կատարելագործած է Բարիզի մէջ, ուր նաեւ հետեւած է երկրաչափական վարժարանին։

Յստակ կերպով ըմբռնելու համար Զօհրապի տաղանդը, անհրաժեշտ է միշտ աչքի առաջ ունենալ իր անձնաւորութիւնը, որովհետեւ գրականութիւնը ետքէն ստացուած արուեստ մը չէ իրեն համար եւ ոչ ալ ասպարէզ մը, այլ ինքնաբուխ յորդ եւ անխարդախ արտայայտութիւնը իր խառնուածքին։ Ու այդ խառնուածքը հարուստ եւ զօրեղ է, տեսակ մը անզսպելի ուժ, որ կը գլէ կ՚անցնի բոլոր պայմանադրական սահմանումները, բոլոր նախապաշարումները եւ ընկերութեան ընդունոյւած սովորութիւինները գրեթէ առանց գայթակղեցնելու։ Իր ֆիզիքական երեւոյթն ալ հաւատարմօրէն կ՚արտայայտէր իր անհատականութիւնը միջահասակ եւ ամուր կազմուածքով, խրոխտ կեցւածքով, իր անձին վրայ կը կրէր տեսակ մը արհամարհական անտարբերութիւն կեղծ մեծութիւններու եւ խարդախ փառքերու հանդէպ. իր նայուածքը բանիմաց լրջութիւնով մը տոգորուած էր, բայց յաճախ իր աչքերուն մէջ կը կայծկլտար ներողամիտ եւ լայն հեգնութիւնը, գրեթէ գորովագին հեգնութիւնը, որ ուժեղ եւ ինքնավստահ անհատականութեանց յատուկ է, ճարտար եւ անպարտելի փաստաբան, անիկա գրեթէ երբէք չէ կորսնցուցած իրենց յանձնուած դատը։ Իր պերճախօսութիւնը եւ հռետորական արուեստի մէջ ունեցած տաղանդը բաւական պիտի ըլլային իր անունը յաւերժացնելու։ Ամպիոնին վրայ, ուր յաճախ տեսանք զինքը Օսմանեան սահմանադրութեան հռչակումէն ետքը, անմիջապէս կը տիրապետէր իր ունկընդիրերուն։ Իր սեղմ տրամաբանութիւնը, իր մտքերու շարքին գահավիժող եւ ներդաշնակ յաջորդութիւնը, իր զօրեղ խառնուածքէն բղխող անակնկալ ժայթաքումները կը գղրգէր հոգիները եւ բանին զօրութիւնը թափանցել կուտար անոնց մէջ։ Անիկա գիտէ իր արուեստին բոլոր գաղտնիքները, որոնց գիտութիւնը աւելի իր խորքերէ քաղած էր քան թէ ստացական կրթութենէ. անիկա թանկագին յատկութիւնը ունէր ստեղծելու այն իմացական մթնոլորտը, որուն մէջ հասարակութեան հոգեկան վիճակին հետ հաղորդակցութեան կը մտնար եւ իր յուզումներովը, իր զայրոյթներովը, ինչպէս նաեւ իր խանդավառութիւններովը կը յաջողէր յուզել եւ ոգեւորել զինքը մտիկ ընողները։

Զօհրապի գրականութիւնը նոյնպէս հարազատ արտայայտութիւնն էր իր խառնուածքին։ «Անհետացող սեդունդ մը» վէպին մէջ իր տաղանդը, իր բոլոր գեղեցիկ գիծերով կը յայտնուի բայց դեռ տհաս է ու այն մասնաւոր միամտութիւնը, որ կը տիրէ հոն, թէեւ չի եղծաներ գրքին արժանիքները, բայց արգելք կըլլայ իր լրումին մէջ յայտնաբերելու այդ մեծ տաղանդը։ Բայց այդ գիրքէն գրեթէ անմիջապէս ետքը վիպակներու շարքը, որոնք կերեւային «Հայրենիք»-ի մանաւանդ «Մասիս» շաբաթաթերթին մէջ որ իր ղեկավարութեան ներքեւ կը գտնուէր այլ եւս անսայթաք կերպով կը գծեն իր գեղեցիկ գրական գործունէութեան յեղաշրջումը։

Զօհրապ իր նիւթը կը քաղէ գրեթէ միշտ պօլսական եւ շրջակայ գաւառակներու կեանքէ։ Ինքը թշնամին է միջակութիւններու եւ անոնց գռեհիկ մոլութիւններուն։ Իր վիպակներուն մէջ կ՚երեւան բոլոր քօղարկեալ տգեղութիւնները, կեղծիքները, սուտ բարեպաշտութիւնները, մեծարուած ու յարգուած դասակարգերու անպատիժ մնացած ոճիրները եւ բարեյական ախտերը։ Իր ոճը հանդատ է եւ անողոք իրականութիւն մը ունի. անիկա ջղագրգռուած զայրոյթներ եւ ոխեր չունի, այլ խորապէս գիտակ մարդու անառարկելի ճշմարտութիւն մը։ Անիկա սոսկալի խարազան մըն է, որ իրենց պատուանդաններէն վար կը գլտորէ կեղծ կուռքերը։

Անիկա կը ճանչնայ նաեւ մարդկային թերութիւնները, հոգեկան սայթաքումները, ճակատագրական խոտորումները ընկերական կարգ ու սարքերէն ու ներողամիտ հեգնութիւնով մը ինչպէս նաեւ ուժեղ մարդու յատուկ գորովանքով կը մօտենայ սիրտի խնդիրներու։

Իր ներկայացուցած կնոջ տիպարները, ճշմարիտ կինը կը ներկայացնեն առանց սանտիմանտալ եւ երեւակայական պաճուճանքներու. անոնք կը ներկայանան իրական ու շքեղ իրենց գեղեցկութեան եւ հրապոյրներուն մէջ, բայց միանգամայն այնքան ճշմարիտ իրենց սրտի տկարութիւններով, քմահաճոյքներով, յարափոփոխ տրամադրութիւններով։ Չի զարմանար ինքը եւ ոչ ալ կը զարմացնէ երբ մէկ քանի գիծերով կը պատկերացնէ կնոջ կեղծելու ընդունակութիւնը սրտի խնդիրների մէջ։ Իր վիպակներէն մէկ մասը ամփոփած է սա ընդհանուր տիտղոսը գիրքի մը մէջ «Կեանքը ինչպէս որ է» եւ կարելի է ըսել որ ոչ մէկ գիրք այնքան ճշդութեամբ արդարացուցած է իր տիտղոսը։ Այդ գրքին մէջ ճշմարտապէս կը տեսնենք կեանքը ինչպէս որ է իր հարազատ իսկութեամբ եւ առանց սեթեւթէի։ Ու կարծես հեղինակը մեզ ըսել կուզէ. «Ի՞նչ հարկ գայթակղելու կամ զարմանալու, քանի որ այսպէս է իրականութիւնը» Նոյն հատորին «Կարծեմ թէ» վիպակին մէջ կը տեսնենք ամենէն յստակ պատկերներէն մէկը իր աս դատողութեան։ Ինքը սիրած է Աննիկ անունով աղջիկ մը, ինչպէս կը նկարագրէ ինքը՝ «Ծոծրակին վրայ վազվզող ոսկի ճառագայթներէն աւելի, որոնք կրակի մէջ ինկող պզտիկ օձերու պէս գալարումներ, կծկումներ ունէին, մատղաշ ու արքենի հասակէն աւելի, որ քալուածքին մէջ՝ զեփիւռէն օրօրւող ոստի մը նազանքը կառնէր, իր վճիիտ ու յստակ աչքերուն համար պաշտեցի զինքը»։

Ի՞նչ բան զինքը ամենէն աւելի կը հրապուրէ, «Այդ աննենգ եւ անխարդախ բանը զոր կը տեսնէի, կ՚ըսէ, դէմիս աչքերուն մէջ, զիս կը յափշտակէր»։

«Աննիկիս սիրտը, կըսէ, քիչ մը անդին, այն բիւրեղէ կաթիլներուն կը նմանէր, որոնք իրենց մաքուր ցոլացումը կորսնցնելու կարող չեն»։

Պարզ ու միամիտ աղջիկ մըն է անիկա որ իր սրտին բոլոր թափովը կը սիրէ զինքը. անարուեստ սէր մը, մաքուր եւ վճիտ եւ որուն միապաղաղ եւ բոլորանուէր հրայքը կը պաղեցնէ զինքը վերջապէս։ Կը տեսնենք որ Զօհրապ ինքզինքին համար ալ ներողամիտ չէ եւ ինքզինքին երբէք չի տար զոհուածի, խաբուածի սրտառուչ դերը։ Իր մտերիմ բարեկամներէն մէկը Իզմիրէն Պօլիս կուգայ ամուսնանալու համար, երբ ինքը տարիէ մը ի վեր բաժանուած էր Աննիկէն՝ «Այն խօլ արշաւին մէջ, կը խոստովանի հեղինակը, զոր կը մղէի կնոջական զբօսանքներու համար, աւելի հետաքրքիր ուղեւորի մը պէս քան թէ ճշմարիտ վայելքի մը սիրոյն»։ Ուրեմն Իզմիրցի երիտասարդը կ՚ընտրէ իր հարսնացուն եւ կ՚ուզէ կարծիքը առնել իր բարեկամին իր ընտրած աղջկան մասին։

Երեւան կուգայ որ Աննիկն է անիկա։ Հակառակ որ ինք եղած էր առաջին անգամ օրիորդէն հեռացողը, յուսախաբ կըլլայ, մտածելով թէ իր սիրոյն կորուստը անմխիթարելի չէր եղած Աննիկին համար, բայց շուտով կը սթափի եւ նոյն իսկ բարեկամին պնդումներուն վրայ կը հարկադրուի ընկերանալ անոր խօսքկապին օրը։ Հիմակ կը գտնուին  արդէն հարսնացուին հիւրասենեակին մէջ, Աննիկ պիտի երեւայ շուտով եւ ի՞նչ պիտի զգայ երբոր զինքը տեսնայ։ Գեղեցիկ տողերով վիպակագիրը կը նկարագրէ իր մտահոգութիւնները, իր ենթադրութիւնները, հոգեկան տագնապը։ Բայց ահա Աննիկ կերեւայ, Տեսէք թէ ի՞նչ բնական պարզութեամբ մը կը պատմէ հեղինակը այդ վայրկեանը։ «Այս ժամին հանդիսաւորութիւնը բնաւ չի շփոթեցներ զինքը. վախս կը փարատի տակաւ ու կը զմայլիմ իր անսեթեւեթ ձեւերուն վրայ. գլխու թեթեւ ու շնորհալի խոնարհութեամբ մը կը բարեւէ մեզ, օտարականներու, հիւրերու ուղղուած պաշտօնական բարեւ մը, ոչ շատ մտերիմ, ոչ շատ ցուրտ, իր անձին վրայ ո՜րչափ մեծ իշխանութիւն ունեցող մէկն է այս աղջիկը. ոչ դող, ոչ յուզում կայ իր անուշ դէմքին վրայ. չի շիկներ, չի շառագուներ»։ Բայց ապշեցուցիչը այս ինքնազսպումը չէ. նշանած պարոնը իր հարսնացուին մօտ էր եւ կը խօսիլ իրեն նայելով. հեղինակը դարձեալ մտահոգութեան մէջ է։ Կրցաւ Աննիկ ծածկել իր առջի սէրը ահա նշան կ՚ընեն զինքը կը կանչեն, ակամայ կ՚երթայ քովերնին։ Վիպակը կը վերջանայ այս կերպ։

«Աննիկ կըսէ բարեկամս, քեզ կը ներկայացնեմ իմ խիստ, բայց խիստ մտերիմ ընկերս, դուք Պօլսեցի էք, հարկաւ իրար կը ճանչնաք քիչ մը, այնպէս չէ՞»։

Այս հարցումին, Աննիկ աղէկ մը իմ կողմս դարձաւ, անանկ մը որ պատուհանէն եկող լոյսը զիս ողողէ. աչքերը պզտիկցուց քիչ մը աւելի մեծ ջանք մը ընելով իր յիշողութիւնը ամփոփելու համար. արագ եւ ուշադիր նայուածքով մը ոտքէս գլուխս քննեց զիս. ես ալ կը հետեւէի հիմա իր նայուածքին բոլոր ճիգերուն. անկեղծ, բայց բոլորովին անկեղծ ջանք մը կընէր այդ նայուածքը զիս յիշելու համար ու չէր յաջողեր. այնքան որ ես իսկ հաւատալ կը սկսէի զինքը բնաւ տեսած չըլլալուս, վասնզի աննենգ ու անխարդախ բան մը կար այս աշխատութեան մէջ, որով իր բոլոր կամքը կը դնէր զիս ճանչնալուն համար, այն անկեղծ ու անխարդախ բանը զոր միշտ գտած էի ես այդ աչքերուն մէջ. եւ վերջապէս եզրակացութեան մը յանգելու. բայց կերեւար չի կրնալով բոլորովին հաստատ ու ապահով ըլլալ ըսածին, Աննիկ պատասխանեց բարեկամիս։

- Կարծեմ թէ տեղ մը տեսած ըլլալու եմ էֆէնտիին։

Ինչպէս կը տեսնէք, Զօհրապ հառաչանքներ չի արձակեր եւ ընթերցողին գութը չի հրաւիրեր իր խափուած մարդու պարագային վրայ։ Աննիկին նկատմամբ ոչ քէն ունի, ոչ թշնամութիւն , այլ նոյն իսկ տեսակ մը զմայլանք, բայց մանաւանդ ժպտուն եւ ներողամիտ հեգնութիւն, եւ ասիկա Զօհրապի ամենէն յատկանշական գիծերէն մէկն է։

Բայց Գրիգոր Զօհրապի տաղանդը իր լրումին մէջ կը յայտնուի երբ կը պատկերացնէ Պօլսոյ մօտակայ գաւառներու կեանքը։ Այդ անտառուտ եւ լեռնային դիրքերու մէջ հայ գիւղացին գլխաւորաբար կը զբաղի ծխախոտի մշակութեամբ եւ յարատեւօրէն պայքարի մէջ է Րէժիի դէպքերուն հետ։ Ծխախոտի մաքսանենգութիւնը զանոնք դարձուցած է տեսակ մը անվեհեր մարտիկներ, որոնց քաջութեան, ճապիկութեան եւ յանդգնութեան արարքները կը հիացնեն զինքը։ Զօհրապի ուժեղ եւ անընկճելի խառնուածքը տեսակ մը հանգունութիւն կը զգայ այդ խոնարհ կտրիճներուն հետ, որովհետեւ անոնք տարբեր ասպարէզներու մէջ իր եղբայրներն են։ Եւ ի՞նչ մեծավայելուչ պարզութեամբ ու ինչ գորովանքով կը նկարագրէ այդ տիպարները։ Այը սեռին մէջ իր ամենէն գեղեցիկ վիպակներն են «Այինկան» եւ «Ճէյրան»-ը։

Գրիգոր Զօհրապի տաղանդը մինչեւ մեր ժամանակները երբէք չի տկարացաւ. անիկա մէկ անգամէն ստացաւ իր թռիչքը ու նոյն բարձրութիւնը ու կատարելութիւնը պահեց իր բոլոր էջերուն մէջ։ Նիւթը կարող է առաւել կամ նուազ հրապուրիչ ըլլալ բայց իր ամեն վիպակները կը կրեն վարպետի կնիքը, առիւծի թաթը, ինչպէս կ՚ըսեն ֆրանսացիք։ Անիկա հարազատ արտայայտիչը եղաւ իր ժամանակին եւ միանգամայն իր հզօր, հաւասարակշիռ անհատականութեան ու ան բոլորեց իր գրական գործունէութեան ասպարէզը հանդարտ եւ ինքնավստահ քայլերով մէկու մը որ իր սեփհական եւ ներքին ուժին գիտակցութիւնը ունի։ Եփէ համեմատելով իր գրական գործունէութեան երկար տարիները իր երկրին քանակին հետ նուազ կը գտնենք անիկա, որակի տեսակով ոչինչ ունինք զինքը մեղադրելիք։ Ըսենք թէ գրականութիւնը իր ասպարէզը չէր. իր բազմազբաղ կեանքին մէջ հազւադէպ ովասիսներ էին այն ժամերը զորս կրնար յատկացնել իր սիրական աշխատութեան։

-Իմ ամենէն մեծ հաճոյքս է կըսէր ինծի օր մը, գրական էջ մը գրելը։

Եւ լրջօրէն կը մտադրէր օր մը քաշւել քաղաքական եւ փաստաբանական ասպարէզներէն ամբողջովին նուիրուելու համար արւեստին։

Մտաւորականներւո ձերբակալութիւններէն քանի մը շաբաթ առաջ պատահեցայ իրեն դիպւածով։

-Ի՞նչպէս էք, ի՞նչ կընէք, հարցուցի իրեն։

-Կը շարունակեմ ծերանալ, պատասխանեց ինք։

-Ծերանալը, վայելուչ կերպով ծերանալը մեծ արւեստ մըն է, ըսի իրեն ու մենք պիտի տեսնենք թէ ատոր մէջ ալ վարպետ մը պիտի հանդիսանաք։

-Բաւականին ցուրտ եւ տխուր մխիթարութիւն մընէ  ատիկա, ըսաւ, իր քաղցր եւ թափանցող աչքերը յառած իմիններուն։

Իրաւամբ վայելուչ կերպով կը ծերանար, ինքը որ առիւծ մը եղած էր կեանքի, ասպարէզի եւ գրականութեան մէջ։ Իր մազերը բոլորովին ճերմկած էին եւ մորթը թառամած ու դեղնած էր լեարդի հիւանդութենէն, ուրկէ կը տառապէր, բայց աչքերը պահած էին իրենց աշխուժը, իրենց կեանքը ու իր հզօր հոգին կարտայայտէին կարծես անկախօրէն մարմնոյն քայքայումին, քաղցր եւ գորովագին տխրութիւն մը կը ծածանէր իր ամբողջ անձին վրայ սոսկալի եւ անխուսափելի դէպքերու նախազգացումը ունէր անշուշտ. իր հոգին պահած էր իր արիութիւնը, բայց յստակ կերպով կը զգար ապիկար եւ նախանձոտ թշնամիին աններող ատելութիւնը որուն առաջին զոհերէն մէկը պիտի ըլլար ինքը։

Օսմանեան բարլամենթի մէջ Կ. Պօլսոյ իբր ներկայացուցիչ, իր գիտութեամբ եւ տաղանդով գրաւած էր ամենէն պատւաւոր տեղերէն մէկը։ Իր կուռ, փաստացի եւ գեղեցիկ ճառերը յուզում յառաջ կը բերէին եւ յաճախ օրուան մարդը կը դառնար ինքը։ Անիկա փառքը կրնար կազմել իր պատկանած երկրին. թշնամին կը խոնարհէր իր առաջ որքան ատեն որ հնարաւոր չէր ուրիշ կերպ ընել, բայց երբ ատելութեան դրօշակը պարզուեցաւ հայ ազգին դէմ, անմիջապէս խորհեցան իր մասին։ Զօհրապ եւ Վարդգէս չի հնազանդեցան առաջին անգամ ձերբակալման հրամանագրին, առարկելով որ իբր երեսփոխան ըստ օրինի անձեռնմխելի են։ Քանի մը շաբաթ ետքը յաջողեցան զիրենք ձերբակալել եւ ճամբայ հանեցին դէպի Տիարպէքիր, ուր ուրիշ աքսորեալներու հետ պիտի տարուէին պատերազմական ատեանի առջեւ։ Զօհրապ ճիշդ է որ իրապէս հիւանդ էր այդ միջոցին եւ խիստ ռէժիմի մը ենթարկուած։ Ոչ մէկ բան չի մեղմացուց խստութիւնը դահիճներուն. զինքը տարին կայանէ կայան, աւելի ճիշդը քաշկըռտեցին աքսորավայրի ճամբաներուն վրայ։ Ի՞նչ զգաց ինքը. մեծասիրտ եւ խրոխտ առիւծը, երբ ինքզինքը գտաւ իր թշնամիներուն չար տրամադրութեանց ենթակայ. ի՞նչ դառնութիւնով լեցուեցաւ իր բարձր եւ պայծառ հոգին երբ առաջին պատահող զապթիյէն իր չարաբաստիկ սիլուէթը ցցելով իր դէմ հրամաններ որոտաց։ Ո՞վ պիտի պատմէ մեզի մեր մեծ եւ սիրելի տաղանդներուն վերջին մտածումները եւ վերջին խօսքեր որ արտասանեցին այնքան սոսկալի եւ զարհուրելի ժամերու մէջ։ Մարմինը տկար, բայց հոգին հզօր եւ կ՚ենթադրեմ որ իր աչքերուն մէջ պահած արհամարհանքի եւ հեգնութեան փայլատակումը իր ապիկար ու գազանաբարոյ թշնամիների նկատմամբ անիկա հասաւ Գոնիա, Գոնիայէն Հալէպ, Հալէպէն Ուրֆա ուրկէ հասաւ իր մահուան լուրը։ Պօլսոյ կառավարութիւնը իր այրիին պաշտօնապէս իմացուց այդ սեւ լուրը։ Կրնայ պատահիլ որ աքսորի դժուարութիւններուն չի տոկալով մեռաւ, կրնայ պատահիլ ինչպէս կը հաւաստեն ոմանք, թէ սպաննած ըլլան զինքը։ Ամեն պարագային իր դահիճները եղան իթտիհատականները, որոնցմէ շատերուն մեծ ծառայութիւններ մատուցած էր եւ որոնցմէ մէկին մասնաւորաբար Խալիլ պէյին (բարլիմենթի նախագահ) կեանքը ու ազատութիւնը փրկուած էր զայն իր տան մէջ պահելով, հակառակ իր անձին սպառնացող վտանգներուն երբ րէաքսիօնի օրերուն իթդիհատականները կը հալածուէին անխնայ կերպով։

Զօհրապի մահը մեծ  եւ սասանեցնող տպաւորութիւն մ՚ըրաւ Կ. Պօլսոյ մէջ։ Զինքը կը սիրէին իր յանդգնութեան, իր ազատամտութեան, իր քաջութեան եւ իր ուժին համար։ Մեր նպատակը չըլլալով խօսիլ իր քաղաքական գործունէութեան մասին, չենք կրնար մանրամասնութեանց մէջ մտնել, բայց իր մասին վերջացնելէ առաջ ամբողջացնելու համար իր յատկանիշները, պէտք է. ըսել թէ անիկա իր ամեն մէկ գործին մէջ եղած է, առանց որոշ կուսակցութեան պատկանելու, ազատամիտ, լայնախոհ եւ իր օժանդակութիւնը անվերապահ կերպով եւ ամբողջովին ընծայած է յառաջընթաց հոսանքներու եւ կողմերու։

  90-ական թուականի գրական շրջանի մասին խօսած ժամանակնիս պարտաւոր ենք յիշել «Ծաղիկ» շաբաթաթերթը, որ Արշակ Չօպանեանի խմբագրապետութեամբ կը հրատարակուէր եւ որուն գլխաւոր նպատակն էր խմբել եւ երեւան հանել այն նոր տաղանդները, որոնք հետզհետէ կը յայտնուէին եւ որոնցմէ ոմանք վարպետներ պիտի դառնային իրենց կարգին։ Շատ մը ուրիշներու հետ այդ թերթին մէջ է որ իրենց առաջին եւ փայլուն քայլերը առած են գրական ասպարէզին մէջ Ռուբէն Չարդարեան, Որբերեան, Յարութիւնեան եւն։

Չօպանեան մեծ եւ թանկագին յատկութիւնը ունէր ճանչնալու եւ գուշակելու տաղանդները եւ իբր ճշմարիտ գեղարուեստագէտ յարգելու եւ գնահատելու իւրաքանչիւրին անհատականութիւնը եւ խառնուածքը։ Հակառակ իր երիտասարդ հասակին, ինքն արդէն վարպետ մըն էր եւ հանրածանօթ իր գեղեցիկ ոճին եւ գրական արժանիքներուն համար։ Ինքը եղած է տեսակ մը երէց եղբայր մեզ համար որ մեզ իւրաքանչիւրս առաջնորդած է մեր սեպհական ճամբաներուն մէջ։ Մէկ կողմէն ծանօթացնելով Եւրոպական ժամանակակից գրողները եւ միւս կողմէ արծարծելով յիշատակը մեր մօտիկ անցեալի փառքերուն, անիկա եղած է թանկագին ուսուցիչ մը եւ մեծ արժանիքներու տէր առաջնորդող մը։ «Ծաղիկ»ը ճշմարիտ դպրոց մըն էր մեզ համար որ մեզ իւրաքանչիւրս առաջնորդած է մեր սեպհական ճամբաներուն մէջ։ Մէկ կողմէն ծանօթացնելով Եւրոպական ժամանակակից գրողները եւ միւս կողմէ արծարծելով յիշատակը մեր մօտիկ անցեալի փառքերուն, անիկա եղած է թանկագին ուսուցիչ մը եւ մեծ արժանիքներու տէր առաջնորդող մը։ «Ծաղիկ»ը ճշմարիտ դպրոց մըն էր մեզ համար, որուն ազդեցութիւնը երկար ատե նեցուկ եղած է մեր առաջին քայլերուն։ Դժբաղդաբար երկար չի տեւեցին այդ բոլորը։ Թրքահայոց գլխաւոր դժբաղդութիւնը այն եղած է, որ ոչ մէկ ատեն գոնէ 8-10 տարի յաջորդաբար չեն վայելած խաղաղ եւ հաստատուն կեանքի բարիքները։ Լաւ սկզբնաւորութիւններէ ետքը երբէք բաղդը չենք ունեցած մեր ձգտումներուն եւ յոյսերուն լրումը տեսնելու։ Սուլթան Համիդի խելագար ճնշումները եւ հալածանքները սկսած էին արդէն. հայկական գաւառները կը տքային բռնապետութեան թաթերու ներքեւ։ Պապը Ալիի ցոյցը եւ նման դէպքեր մահացու ցնցումներ կը պատճառէին նոյն իսկ մայրաքաղաքին մէջ։ Վրայ եկան Մայիսեան յիշատակագիրին օրերը։ Դեսպաններւո միահամոյն եւ վճռական դիմումներու վրայ սուլթանը ձգձգումներէ, տատանումներէ ետքը հարկադրուած ստորագրեց հայկական բարենորոգումներու խոստումը։ Ոգեւորութիւնը եւ խանդավառութիւնը չափ չունէր արդէն իսկ, մենք տակաւին պատանիներ, կը խորհէինք թափւիլ մեր բնաշխարհը, տանել մեր խանդը ու ոգեւորութիւնը դժբաղդ ու արիւնաքամ գաւառներու մէջ եւ ազգային մեծ թափով սկսել վերածնունդը։ Բայց բարենորգումներու խլուած խոստումները մէկ մտածում կը թելադրեն թուրքերուն։ Կոտորած, միակ իրական պատասխանն է, որ կը ստանանք միշտ մեր արդար պահանջումներուն փոխարէն։ Ապստամբութեան զրպարտութիւններ եւ Սասունի  կոտորածը. 95 թուականը, արիւնոտ թուականը կը սկսէր. մէկ տարուան մէջ 300, 000 հայեր զոհ կերթային գրեթէ բոլոր հայաբնակ գաւառներուն մէջ։ Պօլսոյ մէջ եւ ամենուրեք ձերբակալութիւններ, թերթերը կը փակւին, մտաւորականերէն ոմանք կը յաջողին մեկնիլ արտասահման, իսկ երկրին մէջ կը տիրէ այլեւս զարհուրած թմրութիւն մը։ Խիստ եւ կամայական գրաքննութիւնը կը խամրեցնէ ամեն բողբոջում. սարսափ գաւառներու մէջ, սարսափ մայրաքաղաքին մէջ, որովհետեւ այլ ես հայ ըլլալը յանցանք մըն է եւ ամեն մէկ հայու կեանքը ու ազատութիւնը կախում ունի ամենայետին սրիկային, խաֆիէյին քմահաճոյքներէն։

Այդ դժոխային երկրէն մեկնիլը դիւրին չէր, բայց անկարելի ալ չէր ինչպէս այսօր։ Եւրոպական պետութեանց ներկայացուցիչները մեծապէս կ՚օժանդակէին, բայց մանաւանդ օտար դրօշակ կրող նաւերը ամեն ինչ հնարաւոր կը դարձնէին եւ գաղթականութեան մեծ հոսանքը սկսաւ դէպի Կովկաս, Եւրոպա եւ Ամերիկա։

Մտաւորականները մեծ մասով ապաստանած էին Բարիզի մէջ, այդ գեղեցիկ եւ հիւրընկալ մայրաքաղաքին մէջ տեսակ մը կեդրոնացում էր հոն, ուր նոր թեւ առած պատանիներ ինչպէս հին վարպետներէն շատերը խմբուած էին։ Հայկական կոտորածները զարհուրելի կերպով մը պիտի ազդէին բնականաբար մեր մտայնութեան վրայ։ Պահ մը մոռցանք մեր գեղեցկապաշտի եւ զուտ արուեստի հակումները, մոռցանք անձնական զգայնութիւնները եւ տպաւորութիւնները եւ յարատեւօրէն կ՚ապրէինք մեծ ոճիրին առթած արիւնոտ արհաւիրքին մէջ։ Մղձաւանջը կը տիրապետէր մեր բոլոր տրամադրութիւններուն վրայ եւ մեր հոգիները կաշկանդուած էին սոսկումով եւ վիշտով։ Ու հակազդելու համար կոտորածի եւ հալածանքի պատմութիւնների ջլատիչ թշուառութեանը կը փնտռէինք անունները եւ արարքները այն քաջերուն, որոնք ոեւ է տեղ եւ ոեւ է կերպով ծառացած էին թշնամիին դէմ, որոնք ոեւ է դիմադրութեան շարժում ուրւագծած էին, որոնք ինկած էին անհաւասար պայքարին մէջ, կամ յաղթանակած հերոաբար։ Անոնք մեր սուրերն էին, մեր կուռքերը եւ անոնց անուններուն կամ անոնց յիշատակին կապաւինէինք հաւատալու համար գալիք օրերուն։ Այդ հոգեկան վիճակը չէր կրնար չազդել մեր գրականութեան վրայ։ Ու այդ շրջանի եւ ազգային հաւաքական զգացումներու ամենամեծ եւ հանճարեղ արտայայտիչը հանդիսացաւ Սիամանթօն (Ատոմ Եարճանեան)։

Սիամանթօի մասին խօսելէ առաջ մի անգամ ընդմիշտ կ՚ուզեմ լուսաբանել այն սխալ կարծիքը թէ Սիամանթօ ազդուած է սիմպօլիստ գրողներէ եւ գլխաւորապէս Պելճիքացի մեծ բանաստեղծ Վէրհարնէ։ Այդ ազդեցութիւնը աւելի ուշ եկած է եւ ոեւ է կերպով չէ եղծանած հայ բանաստեղծին ինքնատիպութիւնը։ Սիամանթօ իր դիւցազներգութիւններով, իր վրէժխնդրական խոյանքներով, իր մարգարէական շունչով հայկական դաժան իրականութեան արդիւնքն է. անիկա արիւնով ողողւած դաշտերու գերագոյն եւ թունաւէտ ծաղիկն է. հոգին է այն հոգիներուն, որոնք դահիճներու սուրերուն փայլատակումը տեսան եւ հոգին է այն հոգիներուն, որոնք իրենց արեւով ու արիւնով մեր ոգորումներու, դիւցազնական եւ յուսահատական պայքարներու պատմութիւնը գրեցին։ Սիամանթօն դաժան եւ հրաբորբոք ատելութիւնն  իսկ է ամբողջ ցեղին, թշնամի ցեղին դէմ, ինքնաբուխ եւ անզսպելի ժայթքումն է անլուր մարտիրոսութիւններու ենթարկուած բազմաչաչար հայ ազգին։ Ու պէտք էր ապրած ըլլալ այդ շրջանը, պէտք էր որ ոեւէ հայ իր արցունքը եւ արիւնը խառնած ըլլար արցունքի եւ արիւնի ծովերուն, ըմբռնելու համար թէ որքան ցաւը, վրէժը եւ հաւատքը Սիամանթօին, ցաւն էր եւ վրէժը ու հաւատքը ամեն մէկ հայ։

Բնիկ Ակնցի, փոքր հասակէն տեղափոխուած էր Պօլիս. բայց իր հոգին կը կրէր իր հայրենակիցներու յատուկ նրբագածութիւնը, տպաւորականութիւնը եւ բարձր արուեստի ընդունակութիւնները։ Վտիտ եւ դալկադէմ պատանի մըն էր երբ զինքը ճանչցայ առաջին անգամ Բարիզի մէջ։ Իր անհանգիստ, սուր եւ թափանցող աչքերուն մէջ կը կրէր ցնորական արբեցութիւնը հայ ազգին։ Իր խօսքերը գրեթէ անհասկնալի էին, այնքան առեղծուածային եւ խորհրդաւոր կը թուէին անոնք։ Իր մտածումը երբէք չէր արտայայտուէր լրիւ եւ հանդարտ եղանակով մը, այլ ոստումներով, ցասումներով, անջատ բառերով, որոնք առաջին անգամ անկապակից կը թուէին։ Բայց իր հոգին ընդունակ էր նաեւ գորովագին միամտութիւններու, որոնք երկար չէին տեւեր սակայն ու յանկարծ կը մթագնէր չես գիտեր ի՞նչ ներքին փոթորիկի հետեւանքով։ Իր սէրերը ու ատելութիւնները տագնապներ էին, որոնք միշտ սաստիկ էին ու բուռն ու երբէք այդ վտիտ ու հիւնդագին երիտասարդը չի գիտցաւ միջակ զգացումներու անդորրութիւնը։

Իրիկուն մը ուսանողի մը սենեակին մէջ անիկա առաջին անգամ ըլլալով կարդաց իր բանաստեղծութիւնը «Մահուան Տեսիլք»։

Կոտորա՜ծ, Կոտորա՜ծ, Կոտորա՜ծ

Քաղաքներուն մէջ եւ քաղաքներէն դուրս

Եւ բարբարոսներն արիւններով կը դառնան

Մեռելներուն ու ոգեվարներուն վրայէն,

Ագռաւներու բազմութիւններ կ՚անցնին վերերէն,

Արիւնոտ բերաններով ու գինովի քրքիչներով…

Այդ բանաստեղծութիւնը յայտնութիւն մը եղաւ մեզի համար եւ անկէց բաւական ժամանակ ետքը, երբ Եարճանեանին անունը երեւաց «Անահիտի» մէջ, մենք Բարիզի այն ժամանակուան հայ ուսանողներս, գիտէինք եւ զինքը կը ճանչնայինք արդէն, իբր ապագայ ամենէն հարազատ փառքերէն մէկը մեր գրականութեան։

Մեր այն ժամանակուան ուսանողութիւնը, կ՚արժէ խօսիլ այդ շրջանի մասին, որովհետեւ անիկա մեր գալիք գրական օրերուն վրայ ահագին եւ տիրական ազդեցութիւն ունեցած է։ Մենք խումբ մըն էինք իտէալիստ երիտասարդներու, որ ազգային ահաւոր դէպքերու առթած սոսկումէն եւ թմրութենէն հետզհետէ սթափելով արդէն իսկ կը խորհէինք մեր կատարելիք դերի մասին։ Կարծես ազգային վերածնունդի բոլոր հոգը բեռցուած էր մեր վատուժ ուսերուն վրայ։ Ամեն մէկս կը կարծէինք որ միսիօն մը ունինք կատարելիք ու կը պատրաստուէինք նոր օրերու։ Մեր մէջ չի կային ասպարէզի մը հետամտողներ, մեր մէջ չի կային անձնական գործերի մասին խորհողներ։ Մենք տեսակ մը միստիքներ էինք եւ մեր մէջ կար անօրինակ եւ խորհրդաւոր ուժ մը որուն զգացումը մեզ կանխահաս հեղինակութիւնով մը կը զօրացնէր։ Չարքաշ, հոգեպէս եւ ֆիզիքապէս չարչարուած , չքաւոր ու մեր չքաւորութիւնը կրելով հոգինիս ամուր, ճակատնիս բարձր, տեսակ ը պարծանքով ու գրեթէ գոռոզութեամբ, մենք կը դիմէինք ջերմեռանդօրէն դէպ ի նպատակակէտ մը, որ թէեւ տակաւին մեզ չէր երեւար պայծառութեամբ, բայց որուն գոյութեան անսասան հաւատքը կը կրէինք։ Մեր խումբի մէջ էր ի միջի այլոց Սուրէն Պարթեւեան, որ արդէն իսկ իր ոճաբանի մտահոգութիւններով կը տուայտէր եւ որուն սեղմ, մշակուած, եւ աշխատւած արձակը կը կազմաւորուէր։

Հետզհետէ աղէտին արհաւիրքը կը տկարանար մեր մէջ եւ ազգային ցաւը իր սրութիւնը կորսնցնելով, կստանար հետզհետէ այն գորովագին եւ քաղցր տխրութիւնը, որ մեր գրական սերունդին ամենէն յատկանշական գիծը եղած է։ Հետզհետէ կը կրէինք Ֆրանսական գրական նոր դպրոցներու ազդեցութիւնը գրեթէ ուղղակի կերպով մը։ Չէինք բաւականանար այդ ազդեցութիւնը կրելով, այլ նաեւ կը մասնակցէինք պայքարներուն եւ երկնակամարին վրայ նոր բարձրացող աստղերուն առթած բանդամառութեանըլ Նոր միստիքականութիւնը իր գեղեցիկ եւ խաղաղ մելամաղձոտուեամբ, իր հոգեկան կեանքի արտայայտութիւններով կը պատշաճէր մեր տրտում եւ երազող հոգիներուն, Պառնասեան դպրոցի խիստ եւ մարմարակերտ ձեւաւորումները, ոճի եւ դասաւորութեանց բիւրեղեայ մաքրութիւնը օտար չէին մեր բնազդներուն, որովհետեւ մենք ալ վերջապէս մեծ եւ դասական ազգի մը թոռներն էինք եւ մեր հայերէնը սորված էինք Եզնիկի, Եղիշէի եւ Խորենացիի հանդիսաւոր, ներդաշնակ եւ մեծավայելուչ ոսկեբարբառին մէջ։ Իրապաշտ դպրոցի դեռ կանգուն պատուանդաններուն քով արդէն իսկ կը բարձրանար վերը յիշած գրական դպրոցներուն հետ զուգընթացաբար խորհրդապաշտ (simbolisme) դպրոցը, որ այնքան արագ եւ մեծադղորդ համբաւով մը տիրեց բոլոր քաղաքակիրթ ազգերու գրական միջավայրներուն։

Կը կարծւի առհասարակ թէ ազդեցութիւն կրելը կը նշանակէ ամբողջապէս ենթարկուիլ, ձուլւիլ օտար մտքին եւ ձեւերուն։ Այդ չէ որ ըսել կուզեմ ես։ Օտար եւ հարուտ գրականութենէն ազդեցութիւն կրելու, անով սնանելու եւ անկէ պատշաճ չափերով հարստութեան տարրեր իւրացնելու համար անհրաժեշտ է ունենալ ոչ միայն մեծ ընդունակութիւն, այլ նաեւ տեսակ մը հանգունութիւն հոգեկան վիճակներու, ցեղային ոգիի, բնազդական նոյն ձգտումներ, ճաշակներու մերձաւորութիւն եւ վերջապէս ու մանաւանդ համարժէք հաւաքական թափ մը նոյն թռիչքով սլանալու, նոյն ձեւերով երազելու, սիրելու եւ հիանալու։ Թրքահայն առհասարակ, բայց մանաւանդ Պօլսեցի հայը իբր միջերկրականեան ժողովուրդ, մեծ մերձաւորութիւն մը զգացած է դէպ ի լատինական ազգերի մշակոյթը եւ այդ իսկ է պատճառը, որ բարիզեան գրական միջավայրը ոչ միայն օտար եւ խորթ չէր թուեր մեզի, այլ նոյն իսկ կարծես թէ կը համապատասխանէր մեր անսահման զգացումներուն, մեր գեղեցկապաշտական բնազդներուն, մեր վերացական մտքին մեր ձեւի ու ոճի, լեզուի ու ներդաշնակութեան համար ունեցած հակումներուն։

Պելճիքացի երկու ֆրանսագիր հանճարներ յայտնուած էին այդ օրերուն, Վէրհարն եւ Մեթէրլինկ։ Այդ երկու հսկայներուն ազդեցութիւնը անուրանալի է մեր ժամանակակից գրականութեան վրայ։ Երկար պիտի ըլլար հոս վերլուծել այդ ազդեցութեան հանգամանքները, բայց խօսքերնիս մասնաւորելով Սիամանթօին վրայ, կրնանք ըսել թէ իր ինքնատիպ, հանճարեղ եւ մարգարէական բանաստեղծականութիւնը կազմաւորելու , իր վերջնական ձեւին մէջ զայն արձանացնելու, տալու համար իր ոգորումներուն հիացումներուն եւ ցասումսերուն համարժէք կշռոյթը (rytme) օգտւեցաւ Վէրհարէնի հանճարէն։ Ու Պելճիքացի տիտանեան բանաստեղծէն այդ կերպով կարենալ օգտւիլը ոչ թէ կը նսեմացնէ Սիամանթօի գրական փառքը, այլ պատիւ կը բերէ իրեն։

Սիամանթօի բանաստեղծութիւնը կ՚արտայայտուի դիւցազներգութեան ձեւով, անիկա իր մարմարկերտ եւ արձանային ձեւերուն մէջ կը մարմնացնէ հսկայական պայքարը մեր հերոսներուն։ Անիկա կը պանծացնէ փառքը յաղթողներուն  ու մանաւանդ անանցանելի եւ ստեղծագործող յաղթանակը կռուի մէջ ինկածներուն։ Հոն ոչ մէկ տեղի մէջ չի պիտի գտնանք ողբագին լալկանութիւնը պարտուած ազգի մը դարաւոր ստրկութեան ցնցոտիներէն մի անգամ ընդ միշտ մերկացած է իր արիական հոգին. անիկա գտած է ձայնը իր ազնուական ցեղին ու ճշմարիտ բարբառը չարչարուած բայց անընկճելի ազգին։ Ինքն իսկ կը ձեւակերպէ իր հոգեկան կերպարանքը հանդէպ սասնեցնող աղէտին ու հանդէպ վրիժառու եւ արի դիւցազներուն որ իրեն հետ կը խօսին իր տեսանողի վերացումներուն միջոցին։

Ո՜վ դուն, ողջակիզումներու ուխտուած սպիտակ տղայ, կը կոչեն զինքը. ինքը իր մտաւորականի տժգոյն եւ վտիտ սիլուէթը կը հակադրէ պայքարողներու արիական եւ ջլապինդ ձեւերուն, ու ինչ որ ինքը չէ կարող կատարել իր բազուկներուն զօրութեամբը, կը փառաբանէ իր եղբայրներուն վէս քաջութեանը մէջ։

Ուրեմն փառք եւ օրհնութիւն ձեզի,

Դուք մեր կուռքերը մարմարեղէն ու մեր Սուրբերը պայծառ,

Դուք հսկանե՜րը, դուք՝ Առաքեալնե՜րը, դուք՝

Ահաւորնե՜րդ բոլոր

Փառք եւ օրհնութի՜ւն ձեզի։

Երկար եւ անսպառ պիտի ըլլար Սիամանթօի սլացումներուն գեղեցկութիւնները մի առ մի թուել. առանձին դասախօսութեան մը եւ ստուար հատորներու նիւթ կրնային կազմել անոնք. բայց այդ մեծ հայ բանաստեղծին սիլուէթը ուուագծած միջոցնիս չենք կրնար չի խօսիլ իր մարգարէական շունչին վրայ, որուն սեւ կողմը աւաղ մասամբ իրականացած կը տեսնենք այսօր եւ որուն լուսաւոր շողիւններուն տուած խոստումներուն կըսպասենք տակաւինլ

Բանաստեղծը յաճախ կը խօսի իր մահւան մասին։ Ահաւասիկ իր տողերը։

Ըսէք, դէպի ո՞ր մահը դաժանօրէն եղերական

Մեր հոգիները՝ հողին փառքէն վիրաւոր՝

Ու անոր ցնորքի ճամբաներէն տժգունած,

Ո՞ր հեռաւոր հորիզոններէն սգաւոր՝

Տրտմօրէն պիտի երթան։

Բանաստեղծութիւնը կը շարունակուի մահերգական ամեհի ընթացքով մը, ուր մահասարսուռ փոթորիկի մը մէջ չարաբաստիկ եւ գիշատող թռչուններու խօլական պարովը արհաւիրքներու ամենէն սոսկալին

Խաւարին մէջ, անձաւին տակ՝

Անվերջօրէն սրսկեցին։

Ու իրենց լացերը դիւային ու գինով,

Ուրկէ գետինը ինկած հոգիս իր վախէն։

Աչքերը վե՜ր ինծի համար,

Իր վիրաւոր աչքերը դէպ ի վեր՝

Կոյսի մը պէս դողահար,

Հողին վրայ ծունկի եկած կաղօթէր…

Ու ես, անմխիթար,

Հեռաւոր հոգիներու պայծառ լացն իմ վրաս,

Ուրիշ անծանօթ հորիզոններէ

Գիշերներով իմացայ։

Երբ այսօր մտաբերենք պահ մը այն մղձաւանջը, որուն մէջ ապրեցան թրքահայ մտաւորականները ու նաեւ այն քստմնելի մահը, որով շատերը մահացան, այս տողերը զարհուրելի, ահագին ու եղերական նշանակութիւն մը կունենան մենք չենք կարող դադրիլ մեր հոգեկան աչքերով յաւերժօրէն տեսնելու հայ մարգարէական բանաստեղծին վրէժխնդիր ու ցաւատանջ հոգին, որ ուրիշ բանաստեղծութեան մը մէջ կը մրմնջէ։

Ու բարեկամներս թունաւոր ծաղիկներ քաղեցին

Իմ հեռաւոր գերեզմանս զարդարելու համար։

Բայց իր եղերական մահուան զարհուրելի յայտնատեսութեանն մէջ իսկ Սիամանթօ չի մոռնար իր անպարտելի իտէալը, վերջնական յաղթանակի հաւատքը մեզ կտակելէ։

Եւ ահաւասիկ դեռ եբենոսէ անվարժ քնարս աղմկայոյզ,

Որ պարտութենէս, օր մը, իմ դողդոջուն ձեռքերուս մէջ ջախջախուեցաւ…

Եւ ահաւասիկ, վերջապէս քեզի՝ իմ վաղնջական սուրս պողպատեայ,

Որովհետեւ իմ յաղթուածի բազուկներս անարժան են անոր բոցին…

Եւ դուն ընկեր, արդէն գիտես արիաբար քալել՝

Մեծ նպատակին այն ազատաբեր ճամբաներէն

Ուրկէ քու երկաթեղէն քայլերդ, հազարաւորներու քայլերուն հետ,

Յաղթանակներու խոստացուած հնչիւնը պիտի հնչեցնեն…

 

Բայց բանաստեղծը ապագայ օրերու այս պայծառ յայտնատեսութեան միջոցին վերջին խնդիրք մը ունի

 

Եկու եւ քու բարեկամի եւ սիրուածի մատուըներովդ գորովածանր,

Այն երկու կաթիլ լոյսը որոնք աչուըներս յոյսով եւ հպարտութեամբ կադամանգեն,

Եկու զանոնք յաւերժութեան մը համար դէպի խաւարը փակելու…

Որովհետեւ Յոյսին ձայնէն, ինչպէս ձայնէն փրկութեան, կամ ձայնէն տառապանքին

Կրնայ ըլլալ որ իմ մեռեալի աչուըներս՝ նորէն արցունքոտին…

 

Անհրաժեշտ է հոգեկան գագաթնակէտի մը հասած ըլլալ իր լիութեանը մէջ ըմբռնելու եւ գնահատելու համար Սիամանթօին բանաստեղծութիւնները. հարկ է որ Տառապանքին սրբազան մկրտութիւնովը նուիրագործուած ըլլայ հոգին, որպէսզի կարող ըլլայ հաղորդակցութեան մէջ մտնել բանաստեղծին հոգիին հետ, որ հոգին է տառապած ազգին։

Սիամանթօի բանաստեղծութիւնները հաւաքւած են հետեւեալ ընդհանուր տիտղոսներուն ներքեւ «Դիւցազնօրէն», «Հոգեվարքի եւ Յոյսի ջահեր», որոնք կ՚արտայայտեն    95ական թուականներու արհաւիրքները եւ վրէժը. - «Կարմիր լուրեր բարեկամէս», գրուած են Ատանայի արհաւիրքներու ազդեցութեան ներքեւ. իսկ «Հայրենի հրաւէր»ը Սահմանադրական րէժիմի օրերուն տարագրեալ հայերը դէպի հայրենիք հրաւիրող իր բանաստեղծութիւններն են, որոնք գրւած են գլխաւորապէս Ամերիկայի մէջ։ «Ամբողջական գործը» որ իր մէջ կը բովանդակէ վերեւ յիշածներս Ամերիկահայ հրատարակութիւն մըն է։

Սիամանթօն ծնած է  1877-ին Ակնայ մէջ։ Փոքր հասակէն տաղափոխուած է Կ. Պօլիս եւ աշակերտած է Պէրպէրեան վարժարանին։  95-ական թուականներէն ետքը անցած է Բարիզ եւ մաս կազմած է այն մտաւորականներու երիտասարդ խումբին, որու մասին խօսեցայ քիչ առաջ։ Պահ մը ապրած նաեւ Ժընեւ եւ յետոյ Ամերիկա։ Օսմ[անեան] Սահմանադրութեան՝ հռչակումէն ետքը այնքան ուրիշներու հետ ինքն ալ վերադարձաւ Կ. Պօլիս։ Զանազան առիթներով բացակայելէ ետքը անգութ մայրաքաղաքէն, պատերազմի միջոցին գտնուեցաւ հոն։ Ինքը առաջին ձերբակալեալներու շարքին մէջ էր եւ Այաշ աքսորուեցաւ։ Զանազան չարաբաստիկ լուրեր հասած են իր եւ ուրիշներու մասին. ոեւէ յստակ տեղեկութիւն չունինք այլեւս։ Սիամանթօ այնքան ուրիշ թանկագին կեանքերու հետ ընկլուզուած է թրքական խաւարին մէջ։ Սպաննուած է իսկապէս, ինչպէս ոմանք կը հաւաստեն եւ ճիշդ են արդեօք այն զարհուրելի մանրամասնութիւնները, որոնք հասած են մեզի իրենց սպանութեանց պարագաներու մասին։ Կամ եթէ տակաւին կապրի իր ազնուական եւ վէս շունչը որ զնտանին խորը եւ ի՞նչ քստմնելի դահիճներու քինախնդիր աչքերուն տակ կ՚ոգեւարի։ Անստգութիւնն է միայն որ յոյսի վերջին թելը դեռ կը պահէ մեր մտածումներուն մէջ։

Այն միջոցին որ հայ մտաւորականութեան ամենէն կենսունակ տարրերը տարագիր եւ հալածական կը մնային արտասահմանի մէջ, Կ. Պօլիս իր ուժերէն զրկուած եւ կղզիացած գաւառի հայութեան հոծ զանգուածէն, տարիներու ընթացքին կը վերագտնէր տեսակ մը խաբուսիկ անդորութիւն։ Հալածանքները միշտ կը շարունակուէին եւ միտքը ենթարկուած էր տեսակ մը խեղանդամութեան։ Հրէշային կերպով ծիծաղաշարժ գրականութիւնը կը սպաննէր, կը խեղդէր ամեն լսացում եւ ամեն ձգտում։ Միջակ եւ երկրորդական գրողները իրենց գրիչը պատշաճեցնելով օրուան պայմաններուն, թերթերը կը լեցնէին իրենց սնամէջ եւ ունայնամիտ մտքի փշրանքներով, Լեզուն օգտուելով իւր դիւրաթեքութենէն նախադասութիւններու տեսակ մը ճարտար խաղ էր որ կը ցուցադրէր եւ հեռանալով միտք մը, տպաւորութիւն մը կամ զգացում մը արտայայտելու իր նպատակէն կը դառնար ունայն եւ անբովանդակ փափկութիւն մը, հազիւ թէ պահպանելով տեսակ մը հնչական ներդաշնակութիւն։ Այս ամլութեան վիճակն է որ միմիայն նկատողութեան առնելով այնքան խստօրէն քննադատած են Կ. Պօլսոյ հայ գրականութիւնը, առանց պահ մը իսկ մտածելու թէ մենք թրքահայ ճշմարիտ գրագէտներս, մենք առաջիններն էինք այդ վիճակը արհամարհող։ Դժբաղդաբար տարիները կը գլտորէին եւ հակազդեցութիւնը կ՚ուշանար։ Անպատիժ մնացած գրչակները վարպետի հովեր կ՚առնէին եւ իրենց դիւրին արտադրութիւններով կ՚ողողէին գրական ասպարէզները։ Նոր սերունդը դպրոցներու մէջ եւ այլուր այդ վատուժ սնունդովը կը դաստիարակուէր։ Ճշմարիտ աղէտ մը կրնայինք համարել ասիկա, եթէ հետզհետէ գրական ճշմարիտ խառնուածք ունեցող անձեր չի յայտնուէին կամ արդէն գոյութիւն ունեցողները վերստին չերեւային թիւրք կառավարութեան դաժան խստութիւններէն ոեւ է ճարտարութիւնով մը փրկելով իրենց մտքին ու հոգիին անբռնաբարելի ազատութիւնը։ Երկու եղանակի վրայ գրագէտը համեմատաբար ազատ էր ինքզինքը արտայայտելու։ Սէրը եւ բարքերու ուսումնասիրութիւնը. - բնութեան նկարագրութիւններն իսկ յաճախ կասկածներու առիթ կ՚ընծայէին։ Հետզհետէ արտասահմանէն իրենց բանաստեղծութիւնները սկսան ղրկել սակայն Վահան Թէքէեան, նրբազգաց եւ ճաշակաւոր բանաստեղծ, Երւանդ Օտեան, մեծ երգիծաբան ու Տիրան Չրաքեան, միստիք փիլիսոփայ որուն կրօնական մենամոլութիւնը հետզհետէ յիմարութեան սահմանները մտաւ։ Այդ օրերու տաղանդաւոր գրողներէն պէտք է յիշել նաեւ Չիֆթէ-Սարրաֆ, որ իր մանրակրկիտ դիտողի եւ իրապաշտ գրագէտի ամրութիւններով, միացած վերը յիշած հեղինակներուս, յաջողեցան մոռցած լիճը ալեկոծել եւ նոր շունչ ու թարմութիւն մտցնել գրական միջավայրին մէջ։

Բայց նոր հոսանք մը, առողջ եւ կենսաւէտ հոսանք մը պիտի գար ճշմարիտ կեանք եւ ոգեւորութիւն տալու այդ գրական թմրութեան։ Ատիկա գաւառական գրականութիւնն էր, որուն գլխաւոր ներկայացուցիչներն էին Ռուբէն Զարդարեան եւ Թլկատինցին Խարբերդէն, Արտաշէս Յարութիւնեան՝ Մալկարայէն եւ Գեղամ՝ Մուշէն։

Իրենց կարգին այս գաւառացի գրողները հարկադրուած սահմանափակելու իրենց նիւթերը, միւս կողմանէ կը յայտնուէին ներշնչման հարազատ եւ հզօր թափելով, բնաշխարհի մասնայատկութիւններով եւ իրենց գաւառներու յատկանշական արտայայտութիւններով։ Մոռցած լիճը, որ Պօլսական գրականութիւնը կը ներկայացնէր այն ժամանակ իր բոլոր գորտերուն վայնասուններովը պատասխանեց այս անուրանալի տաղանդներուն։ Բայց անոնք, որոնցմէ ոմանց անունները արդէն ծանօթ էին 95-ական թուականներէն, այնպիսի ծարաւ մը յագեցնելու կոչուած էին, այնպիսի պահանջքի մը գոհացումը կը ներկայացնէին, որ ժողովուրդին հանճարը ըմբռնեց ու սիրեց զիրենք ու անոնք յաղթականօրէն հաստատուեցան իրենց պատուանդաններուն վրայ։ Թլկատինցիին սուր հեգնութիւնը եւ գաւառական համը, Արտաշէս Յարութիւնեանի նրբաճաշակ, խոհուն եւ իմաստուն բանաստեղծի հանդարտ լրջութիւնը եւ Գեղամի գաւառաբարբառին ընդմէջէն նշմարուող գրական տոկուն գեղեցկութիւնը նոր շունչ եւ նոր շեշտ ներշնչեցին թրքահայ գրականութեան։ Անոնք իրենց հարազատ լեզւով եկան ցբելու նազանքները շղարշային եւ ժանեկային փափկութիւններու, ունայն նախադասութիւններու եւ երեւան բերին իրենց նիւթին եւ ձեւին ամրակուռ յաղթանակովը բոլոր փոքրութիւնը միջակ բանաստեղծներու ներշնչման աղբիւրներուն։ Գաւառական գրականութեան ամենէն յատուկ եւ անուրանալի վարպետներէն մէկն էր Ռուբէն Զարդարեան, որուն վրայ պիտի ծանրանանք մասնաւորապէս։

Ռուբէն Զարդարեան իր անձով եւ գրականութեամբ մեզ կը ներկայացնէր Խարբերդը իր ամենէն հոգեկան եւ նրբին իսկութեանը մէջ։ Իր աչքերուն իմացական թախծութիւնը եւ իր էջերուն իմաստուն եւ բանիմաց տխրութիւնը նոյն ներշնչման աղբիւրէն բղխած էին։ Խարբերդ խոպան եւ բիրտ գաւառ մը չէ. հին քաղաքակրթութիւններու հետքերը. Դամասկոսը եւ Հալէպը իրենց հնամենի նրբութիւնները թողած են հոն եւ խարբերդցին գեղեցկագիտական աւանդութիւններ ունի ու իր հոգին ընդունակ է անմիջապէս որդեգրելու նոր գեղեցկութիւններու եւ նոր քաղաքակրթութեանց ճաշակը։ Այս ընտիր յատկութիւններու տեսակ մը համադրական արժէքը կը ներկայացնէր Զարդարեան, որուն տաղանդը կարտայայտուի երկու որոշ գրական սեռերով։ Վիպագրութեամբ եւ աւանդավէպերով, հէքիաթներով։ Այս երկրորդ սեռին մէջ Զարդարեան մնաց անզուգական վարպետ մը։

95-ական թուականներուն անիկա իր գրական սկզբնաւորութիւնը ըրած էր շատ փայլուն կերպով մը։ Համիտեան շրջանի դաժան օրերուն երբ խօսքն ու գիրը մասնաւոր հալածանքի մը ենթարկուած էին, անիկա մնաց երկար տարիներ ազնուական լռութեան մը մէջ. այդ միջոցին ինքն ալ այնքան ուրիշներու հետ բանտարկուած էր Խարբերդի բանտին մէջ։ Ազատելով իր բանտարկութենէն, բռնապետութեան վերջի տարիներուն է որ կը յայտնուի կրկին իր թախծալի, քաղցր ու միանգամայն ուժեղ գրականութեամբը փրկելու պատիւը այն ժամանակուայ անկեալ գրական շրջանին։ Վերջապէս ինքն ալ կը յաջողի անցնիլ արտասահման  եւ Ֆիլիպէի մէջ կը վարէ խմբագրութիւնը «Ռազմիկ» թերթին, ուր մէկ քանի գաւառական գեղեցիկ էջեր տուած է։

Մասնակցելէ ետքը Բարիզի մէջ գոյացած թրքահայ կօնկրէին Սահմանադրութեան հռչակումէն անմիջապէս ետքը փութաց Կ. Պօլիս, ուր գրեթէ տարի մը ետքը ստանձնեց «Ազատամարտ»ի խմբագրապետի պաշտօնը։ Խմբագրականներու, միտքով լեցուն, կուռ ոճով եւ գրական արժանիքներով համեմուած գեղեցկութիւնը զինքը հանդիսացուցին նաեւ իբր առաջնակարգ հրապարակախօս մը։ Այդ շրջանին է որ իր ցիր ու ցան էջերը հաւաքելով հրատարակեց հատոր մը «Ցայգալոյս » ընդհանուր տիտղոսին ներքեւ՝ որուն յառաջաբանը կը բացատրէ թէ՝ այդ անուան նշանակութիւնը եւ թէ այն քաղաքական եւ հոգեկան վիճակը որուն մէջ արտագրուած են այդ գրական հատուածները, որոնց ամեն մէկ իրենց առանձին յատկութիւններով գոհարներ են։

«Ցայգալոյսը՝ կըսէ հեղինակը, խորհրդանշանն է այն շրջանին, ուր բռնադատիչ խաւարը կը ճնշէր թրքահայ մտքին եւ գրականութեանը վրայ։ Բանը ոչնչացած չէր, բաց կենսազուրկ ու կիսակենդան, հազիւ կը ճառագայթէր մթաստուեր ու մռայլ հորիզոնի մը վրայ, որպէս տրտմաթաթաւ անդրադարձ  ցոլքը ցայգալուսային աշխարհի մը մէջ»։

Ռուբէն Զարդարեան իր նիւթը կ՚առնէ գլխաւորաբար երկրէն ու իր տաղանդին աստուածատուր հմայքով մեզ կը բանայ իր բնաշխարհի ցաւերուն, հոգերուն եւ յոյսերուն լայնածաւալ աշխարհը. անիկա, թէեւ իրապաշտ գրողի ճշգրտութեամբ մեզ կը ներկայացնէ մարդիկ, իրերը եւ միջավայրը, բայց այդ պատկերացումները առարկայական ցրտութիւն չունին. հեղինակը  կը զգայ հոգին մարդոց եւ բնութեան եւ զանոնք քաղցրօրէն հաղորդակցութեան մէջ կը դնէ մեզի հետ։ Այն անշօշափելի եւ անսահմանելի բանը, որը բանաձեւերու անկարող է մարդկային լեզուն եւ որը միայն մեր զգացումներովը կ՚ըմբռնենք, նոյն իսկ յաճախ անգիտակցօրէն, կ՚արտածորի սքանչելիօրէն Զարգարեանի ներկայցուցած տիպարներէն եւ անոնք կենդանի մարդոց ուժգնութեամբը եւ բոլոր զօրութիւններովը կը վերադառնան մեր յիշողութեան։ Օրինակ «Տան սէրը» վիպակին Կով Առաքելն եւ «Սեւ հաւը կանչեց»ին խօճապաշի Նիկօն, իր շնական մոլութիւններով եւ զղջումի դիւային գալարումներով, Նունիկը իր գրեթէ անասնային անգիտակցութեամբ ու այս վերջնոյն կեսուրը, հայ պառաւ կնոջ տիպարը, պատուախնդիր եւ եղերականօրէն մոլեռանդ իր պատուախնդրութեան մէջ, իր չարչարանքներով, իր ամօթով ու արհաւիրքներով անմոռանալի եւ համադրական տիպարներ են, որոնք կ՚ապրին ու կը տառապին եւ որոնց ցաւերը, հոգերը ու ամօթը մեր հոգիները կը դղրդեն ցաւագինօրէն ։

Այդ իսկ պատճառաւ է թերեւս որ Զարդարեանի իւրաքանչիւր վիպակը իր շրջանակէն դուրս կը տարածուի եւ խորհրդանշական հանգամանք մը կը ստանայ։ Անիկա որոշ պատմութիւն մը ըլլալէ աւելի, այդ պատմութեան միջոցաւ հոգեկան բացայայտ վիճակի մը խորհրդանշանն է եւ ինչպէս իսկական կեանքը, անիկա իր բազմակողմանիութեամբ կ՚ընդգրկէ բոլոր պարագաները ակնարկուած հոգեկան վիճակին, որուն մէկ երասակն իսկ է արդէն եւ ոչ թէ օտար պատկեր մը հակադրեալ օտար մտքի մը։ Առնենք օրինակի համար «Տան Սէրը»։ Կով Առաքել խոնարհ արարած մըն է, խեղճուկ եւ ապաշնորհ, որուն բոլոր ինչքը խարխուլ տնակ մըն է։ Այդ մարդը որ իր թշուառութեան մէջ խեղդուած կորսնցուցած է յուզուելու, զգալու ընդունակութիւնները, մէկ եւ մեծ հրայք մը ունի սակայն. ատիկա իր տանը սէրն է։ Խեղճուկ է նաեւ այդ տունը, կիսաւեր եւ խարխուլ բայց իր տունն է. ու այդ ծիծաղելի եւ տարապայման սէրը, նշաւակ ու ծաղր ու ծանակի առարկայ։ Հետզհետէ կը ստանայ սրտառուչ ու գրեթէ եղերական բնոյթ մը։ Կը խնդանք ու կարտասուենք միանգամայն եթէ խորասուզենք այդ զգայնութիւններուն մէջ, որ այդ վիպակը կ՚արթնցնէ մեր մէջ որովհետեւ վերջապէս ամէն մէկս մեր հոգիին խորքին մէջ կը կըրենք այդ սրտառուչ եւ եղերական հրայրքը մեր աւեր աւերակ, մեր կիսակործան եւ խարխուլ տնակին համար որ մեր հայրենիքն է։ Ու կով Առաքելին միամիտ մտահոգութիւնները, նախանձախնդրութիւնը պահպանելու ու զայն իր վերջնական քայքայումէն փրկելու համար տնակը, որ աւելի բարեկեցիկ ու փարթամ դրացիներուն ծաղրանքը կը շարժէ ու անոնց սառն անտարբերութեան կը հանդիպի, պատկերը չէ՞ արդեօք այդ մտմտուքներուն, հոգերուն եւ նախանձախնդրութիւններուն, որոնք մեր ամբողջ կորովը կը սպառեն, որոնց համար կապրինք ու կը մեռնինք եւ որոնք աւելի փարթամ մեր դրացիներուն եթէ ոչ չկամութեան, գոնէ սառնային անտարբերութեան կը բաղխին։

Ներքին կռիւները ու անհամաձայնութիւններն ալ պակաս չեն Կով Առաքելին տան մէջ, հետեւանք թշուառութեան եւ անկէ բղխող ջղագրգիռ կեանքի, բայց հաշտութիւնը չուշանար, կրկին յանգելու համար կագ ու կռուի, որու միջոցին դրացի չարաճճի տղաքը քար կամ հող կը նետեն դրան ու պատուհաններուն ճեղքերէն Կով Առաքելի հասցէին։ Հարկ կայ բաղդատութիւնը շարունակելու։ Անողորմ ու անհաւասար պայքար ձիւնին ու բուքին դէմ որ կը ծածկէ տանիքը ու կը սպառնայ վնասել տունին պատերուն եւ նոյն իսկ հիմունքին, պայքար դրացիներու անբարեացակամութեան դէմ, ներքին հռիւներ ու օր մըն ալ տունը կամայանայ. մենակ ինքը կը մնայ. ոգին այդ խարխուլ տունին, զոր հեռաւոր ժառանգորդներ կը հեռացնեն, կը տարագրեն իր բոյնէն։ Տունը կանցնի օտարներու ձեռք ու Կով Առաքել կը մեռնի օտարի տուն. յուղարկաւորութեան միջոցին երբն դագաղը կանցնէր փողոցին անկիւնէն։

- Հէ՜յ կիտի ողորմած հոգի, կ՚ըսէին թաղին կնիկները պատուհաններէն եւ կտուրներէն, հեղ մը գլուխդ վերցուր ու դէպ ի տունդ հայիր…

«Գամփռը» սքանչելի հատւածը նոյնպէս խորհրդանշական էր մըն է. մեծահողի եւ ազնուազգի անհատականութիւններու հանդիպած յաւիտենական հալածանքը կը ներկայացնէ անիկա միջակութիւններու, սինլքոր եւ քծնող քոթոթերու կողմէ։ Վիրաւոր գամփռը լեռներէն իջնելով, գալլերու դէմ իր ցեղին դարաւոր պայքարներէն վերջապէս վնասուած, կը մոլորի ու կը մտնայ քաղաքին մէջ. ու ահա վայնասունը փողոցի շուներու վոհմակներուն, որոնք իրենց բնոյթէն ու կոչումէն ապասերած սորված են կտոր մը ոսկորի համար պոչերնին խաղցնել ու քծնել անպատկառօրէն, որոնք կը հալածեն յաղթանդամ ու փառաւոր գամփռը։ Անիկա անտարբեր ու զզուած կանցնի այդ ապասերածներու մէջէն ու տրտում բայց անյողդողդ կը վերադառնայ դէպի ամայութիւնը իր լեռներուն, ուր գոնէ իր ցանծալի անցեալին յիշատակները կը թեւածեն եւ ուր հանգիստ կերպով կրնայ փակել իր աչքերը վերջնական խաւարին համար։

Զարդարեան գիտակցելով է, որ իր մտքերը խորհրդանշած է որոշ պատկերներու մէջ թէ միտքերը ինքնին բղխած են իր ներշնչումէն, հոս տեղը չէ քննել այդ կէտը. սա միայն կրնանք պնդել թէ Համիդեան րէժիմի բռնութիւններուն ներքեւ, այն ուժեղ տաղանդը որ կը ներկայացնէ Ռուբէն Զարդարեան, չէր կարող խեղդուիլ բացարձակապէս եւ միտքը ու հոգին անբռնաբարելի ու ազատ, իրենց արտայայտութեան եղանակները միայն կը պատշաճեցնեն այն ժամանակի արգելիչ օրէնքներուն, այնքան որ այսօր կրկին կարդալով այդ գեղեցիկ էջերը ոեւէ կերպով չենք զգար չարաբաստիկ ազդեցութիւնը թրքական գրաքննութեան։

Ռուբէն Զարդարեան իր վիպակներուն եւ հէքեաթներուն մէջ պերճօրէն բանաստեղծական ոճ մը ունի. անոնք կարելի է ըսել թէ արձակ կը յայտնուի իր ամենէն մայրական ու ամենէն քաղցր գեղեցկութիւններովը։ Բայց իր քնարերգական արձակ իր շքեղութեան լրումը կստանայ իր հէքեաթներուն մէջ, որոնք ամբողջական ստեղծագործութիւններ են եւ որոնց մէջ երբէք իր հաւասարը չունեցաւ։

Առաջին տարիներու աւանդավէպերու ներշնչման աղբիւրը եղած է հայրենի երկիրը, ու անոնք կերպով մը գերագոյն ծաղիկներն են հայ ժողովուրդի հաւաքական հանճարին։

Բայց Զարդարեանի տաղանդը հետզհետէ յեղաշրջուելով սկսաւ սաւառնիլ աւելի լայն հորիզոնների վրայ ու «Եօթը երգիչները», բայց մանաւանդ «Ով որ Սուլթան մը ունի րի հոգիին մէջ» վերտառութեամբ հէքեաթը, մեծ եւ հնամենի արեւելքի, օրրանը կրօններու եւ իմաստութեանց, հանդարտ, մեծավայելուչ, շողշողուն եւ արգենաւէտ ոգին է որ կարտայայտէ Զարդարեան հիանալի  oriantaliste մըն է ճշմարիտ Orientaliste մը։

Ռուբէն Զարդարեան դժբաղդաբար շատ ժամանակ չէ ունեցած իր գրական տաղանդը յաճախ արտայայտելու։ Համեմատաբար այն երկար ժամանակին որու ընթացքին գրած է Զարդարեան, հազիւ հատոր մը կունենաք, ուր ամփոփուած են իր հատուածները իսկ այդ հատորէն դուրս՝ հազիւ թէ քանի մը գրական էջեր։ Կեանքի դժուարի պայմանները, քաղաքական թէ տնտեսական , զինքը հարկադրած են ժամանակ կորսնցնելու զանազան կերպերով։ Թէեւ ըստ ինքեան քանակը որ եւ է նշանակութիւն չունի, բայց գիտնալով թէ ատիկա ոչ թէ արդիւնք եղած է դժուարին արտադրութեան այլ միայն աննպաստ պայմաններու, ցաւով կը նշանակենք ասիկա։

Հայ մտաւորականներւո ձերբակալման միջոցին առաջին ձերբակալուածներէն մէկը եղաւ Զարդարեան. զինքը աքսորեցին Այաշ, ուրկէ եօթը աքսորի ընկերներու հետ ղրկեցին դէպի Տիգրանակերտ։ Այաշէն մեկնելէն ի վեր ինչպէս իր ընկերներուն, նոյնպէս իր մասին ոեւէ ճիշդ լուր չէ ստացւած։ Յոյս ունի որ բաղդը այնքան անողոք կերպով խիստ չպիտի ըլլայ մեր դէմ եւ թէ այդ սոսկալի եւ անարդար հալածանքներէն ետքը մեր այնքան թանկագին մտաւորականներւո պիտի վերադառնան մեզի։

Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումը անակնկալ եւ խոտորնակի ելք մը կը հանդիսանար թրքահայ անտանելի կացութեան։ Յանկարծ Եըլտզի Մոլոխը զինաթափ կ՚ըլլայ. բանտերուն դռները կը բացուին, երեկուան դահիճները իրենց տպարաններէն բանտային խուցերը եւ աքսորավայրերը կը փոխադրւին, մինչ ստոյգ եւ սոսկալի մահերու նախասահմանուածներ օրուան հերոսներ կը դառնան։ Թուրքիա հայերու հանդէպ կը բռնուի արտակարգ սիրոյ տագնապէ մը եւ իր արտայայտութիւնները անով իսկ սրտառուչ կը դառնան մեզ համար, որ շատ բան ունէինք ներելիք իրենց։ Թուրք եւ հայ եղբայրակցութիւնը կը նուիրագործուի հայ նահատակաց գերեզմաններուն վրայ, ուր թուրք մտաւորականութեան պատկանող դէմքեր արցունք կը թափեն մինչ գումարտակներ կանցնին Կ. Պօլսոյ փողոցներու մէջէն Անդրանիկ մարշը նուագելով իբրեւ զինւորական քայլերգ։ Շատեր մեզի մեղադրած են մեր դիւրահաւանութեան եւ մեր վստահութեան համար. ի հարկէ հոս տեղը չէ քննել թէ ինչո՞ւ եւ ի՞նչպէս հաւատացինք անվերապահօրէն մեր դարաւոր թշնամիներուն. ատիկա վստահ եմ թէ որոշ քաղաքականութեան մը արդիւնք ըլլալէ աւելի զգացումներու եւ երկուստեք անկեղծ զգացումներու յորդում մը եղած է. շատ կարճատեւ եղած է այդ սիրային տագնապը երկու ցեղերու մէջ, բայց անիկա անհրաժեշտ էր թուլացնելու համար այն լարւած դրութիւնը, որով երկու ազգ դէմ դէմի կեցած էին տասնեակ տարիներէ ի վեր։

Քաղաքական ազատութիւնը իր հետ բերաւ նաեւ խօսքի եւ մամուլի ազատութիւնը. եւ ահա սարսափելի կաշկանդումներուն անմիջապէս յաջողդեցին խելայեղ եւ սանձարձակ օրեր։ Խանդավառութիւնը տեւեց շաբաթներ եւ այդ յիմարական եւ անհաշիւ ուրախութեան միջոցին, որ մշտատեւ տօնի մը կերպարանքը կուտար մեր Կեանքին գեղարուեստը ու գրականութիւնը խրտչած աղմկալի եւ հրապարակային պոռոտախօսութիւններէ, ծածկուած էին բացարձակապէս։ Թուրքիա անակնկալ վերադարձներու երկիրն է, ոչ մէկ վիճակ, մանաւանդ լաւ վիճակ չի կրնար կայուն ըլլալ. այդ յեղյեղուկ եւ անկայուն գետնին վրայ դժուար է ամուր շէնք կառուցանել մանաւանդ որ ցնցումները արիւնոտ եւ աշխահասասան արհաւիրքներով տեղի կ՚ունենայ. ազատութեան օրերը իրենց արժանի երգիչը դեռ չէին ունեցած մեր արժէքաւոր գրողները կամ շլմորած գահավիժող դէպքերուն կը լռէին եւ կամ ոմանք իրենք իսկ տարուած օրուան տրամադրութիւններէն իրենց ձայնը կը միացնէին ամբոխային աղաղակներուն։ Դառն եւ դժնդակ սթափումը չուշացաւ սակայն։ Ահա Մարտ 31-ի յեղաշրջական շարժումը արիւնոտ ցոյցեր Կ. Պօլսոյ մէջ եւ Ատանայի կոտորածը, որ ամբողջ գրականութեան մը ծնունդ տուաւ, որովհետեւ մեզի համար այս սահմանադրական կոտորածները միակ առաւելութիւնը ունէին Համիտեան կոտորածներուն վրայ. այն էր որ անձամբ կարողացանք այցելել աղէտավայրը եւ ոչ միայն օգնութեան հասնիլ արկածեալներուն, այլ նաեւ գրել մեր տաժանելի տպաւորութիւնները։

Սուլթան Համիտի գահընկէցութիւնը, ազատարար բանակին մուտքը Կ. Պօլիս եւ այն գաղջ, բայց հաշտաբար քաղաքականութիւնը, որ օրուան կառավարութիւնը ունեցաւ հայերու հանդէպ, թէեւ մոռցնել չէին կրնար տալ մեր վիշտը բայց մասամբ ամոքեցին մեզ։

Ասկէ զատ գէշ թէ լաւ համեմատաբար աւելի կայուն վիճակ մը յառաջ եկաւ, որու միջոցին սթափած մեր առաջին օրերու խանդավառութիւններէն մեշ թափով, մեծ եռանդով, գրեթէ աճապարանքով սկսանք ազգային վերածնունդի գործին։ Եթէ անկողմնակալ ոգիով քննենք այն ինչ որ իրականացաւ 5-6 տարիներու ընթացքին թրքահայ կեանքին մէջ, առանց վարանելու կարելի է հրաշք մը նկատել ։ Հոս մեր նիւթէն դուրս ըլլալով չենք կարող խօսիլ այն մեծ թէ փոքր ընկերութիւններու վրայ, որոնք հանրային գործը իրենց ուսերուն վրայ կը կրէին, գաւառներու եւ մայրաքաղաքին մէջ նոր բացուած հայ դպրոցներուն, եռանդուն եւ ազգանուէր աշակերտութեան, օրաթերթերու եւ պարբերականներու խանդավառ եւ հսկայ գործունէութեան, օտար գրականութենէ եղած թարգմանութիւններու, որոնցմէ երկուքը միայն յիշելով կրնամ գաղափար մը տալ  այն համայնական եւ անհատական հզօր գործունէութեան մասին, որ այնքան եղերականօրէն պիտի վերջանար։ Օրինակ Թիէռի ֆրանսական յեղափոխութեան բազմահատոր գործը եւ Լինչի Արմենիան. որոնց թարգմանիչը Լեւոն Լարենց Արամեանի հոյակապ գործը ոչ միայն թարգմանեց անգլիերէնէ, այլ նաեւ իր սեպհական նիւթական միջոցներով, հազար դժուարութիւններու տոկալէ ետքը հազիւ թէ վերջացուց հրատարակութիւնը, երբ գրեթէ անմիջապէս ձերբակալուեցաւ եւ աքսորուեցաւ Այաշ եւ որուն սահմանուած վիճակը նոյնպէս անորոշ կը մնայ։

Վերածնունդի այդ ազգային թափին մէջ, գեղեցիկ գրականութիւնը չէր կարող իր արժանաւոր դերը չի կատարել եւ ահա հին գրողները ոչ միայն վերերեւացին իրենց լաւագոյն արտադրութիւններով, այլ նաեւ նոր գրական ու բանաստեղծական դէմքեր իրենց թարմ շունչովը եւ ինքնատիպ ու հզօր շեշտով հարստացուցին թրքահայ գրականութիւնը։ Ամեն մէկ նոր գրողներէն յիշատակել դժուար պիտի ըլլար, այնպէս որ ստիպուած ենք անուանել անոնք միայն որոնք նոր ակօս մը բացին մեր գրականութեան մէջ։ Միսաք Մեծարենց իր խորհրդապաշտական գեղեցկութիւններով իր բնութենապաշտ հակումներով այնքան քաղցր եւ խռստմնալից, դժբաղդաբար շուտով մարեցաւ իր կանխահաս մահուան պատճառով։ Կին գրողներու շարքին յայտնուեցաւ օրիորդ Մաննիկ Պէրպէրեան, որ իր ճշմարիտ բանաստեղծուհիի ներշնչումներով, իր պայծառ անկեղծութիւնով եւ իր արձակ բանաստեղծութիւններու անսեթեւեթ եւ ներդաշնակ թռիչքով այնքան գեղեցիկ եւ ինքնատիպ էջ մը բացաւ։ Կոնստան Զարեան Եւրոպական նորագոյն գրականութեամբ սնած, իր արուեստագէտի խառնուածքով ընդլայնեց հորիզոնները մեր գրական տեսողութեան եւ կոչուած էր իր առանձին դերը կատարեց մեր մէջ ու վերջապէս Դանիէլ Վարուժան, որ ամենէն զօրեղ ներկայացուցիչն է նոր գրողներու եւ որ վարպետ մը հայ լեզուի եւ բանաստեղծական արուեստի հարուստ՝ իր ներշնչման հարազատ եւ բազմակողմանի աղբիւրներով, իր սլացումներով եւ կենսունակութեան իր յորդազեղ պերճանքով։ Դանիէլ Վարուժան ծնած է 1884-ին Սեբաստիայի մէջ. իր ուսմունքը առած է Վենետիկի Մխիթարեաններուն մօտ եւ յետոյ Պելճիքայի Կանտ քաղաքին մէջ։ Սահմանադրութեան հռչակումէն ետքը վերադարձաւ Սեբաստիա իսկ վերջին երկու տարիները կը գտնուէր Կ. Պօլիս բոլորովին նուիրուած իր գրական արգասաւոր գործունէութեան։

Դանիէլ Վարուժանը արդիւնք է զանազան ազդեցութիւններու, որոնց ամեն մէկը իր խոր դրոշմը դրած է իր մեծ տաղանդին վրայ եւ որոնք իրարու հետ ձուլուելով յառաջ բերած են այն զարմանալի եւ հրաշալի բանաստեղծական խառնուածքը, որը ոչ միայն արտայայտիչը կը հանդիսանայ իր ճոխ եւ բազմալար հոգիին այլ նաեւ ու մանաւանդ իր ժամանակի ազգային ոգիին։ Դանիէլ Վարուժանի մէջ կայ իր բնաշխարհի դալարագեղ դաշտերուն բերրի ու լիառատ ճոխութիւնը, բնութեան մայրական եւ արգասաւոր գեղեցկութիւնը, վենետիկեան նրբագեղ եւ փարթամ գունագեղութիւնը, հեթանոսական գեղեցկութեանց, ձեւի ու գոյնի զեղխ ու առփական հրայրքը, ուրախութիւնը հաճոյքին, հրճուանքը ստեղծագործական ուժին, պաշտամունքը հզօրին եւ գեղեցկութեան, պանծացումը Հռովմէական անյաղթելի եւ գեղեցկապաշտ ոգիին ու նաեւ ցաւը իր չարչարւած ազգին, ցաւը ու մորմոքը տառապող դասակարգերուն բայց մանաւանդ ու գլխաւորապէս հրայրքը վերածնունդին, նոր եւ հսկայական վերածնունդի մը, գեղով եւ ուժով առլի։

Դանիէլ Վարուժանի բազմակողմանի տաղանդը գերագոյն  արտայայտութիւնն է իր ժամանակի ազգային ոգիին ինչպէս Սիամանթօն տրամաբանական հետեւանքն էր այն ժամանակի ազգային եղերերգութեան։

Իբր հարազատ հայ, զաւակը դասական ցեղի մը որ գերազանցապէս տոգորւած է բնութեան հեթանոսական պաշտամունքով, Դանիէլ Վարուժանի հոգին հեշտութեամբ եւ բնական ուղիով մը հաղորդակցութեան մէջ մտած է Յունական եւ Հռովմէական հեթանոսական գեղեցկութիւններուն հետ։ Անիկա իր բնական եւ ցեղային հակումները կազդուրած է օտար ներշնչման աղբիւրներէն եւ ահա յայտնաբերած է մեր գրականութեան մէջ ոգին մեր արի եւ զուարթ նախահայերուն։ Քրիստոնեական միստիքականութիւնը չէ ցամքեցուցած երբէք բոլորովին մեր կենսուրախ եւ լիաբուռն առատութեանց շքեղ զուարթութիւնը, արգենաւէտ հորիզոններու առթած պայծառ եւ լուսաւոր պերճութիւնը եւ ոչ ալ բնութեան ստեղծագործող եւ աստուածային ուժին սեղեցկութեան զգացումը։ Քաւութեան եւ ապաշխարանքի ձորերուն ներքեւ, պերճագեղ պատմուճանները հեթանոսական ճոխութեանց երբէք չեն մերկացուցած մեր ազգային ոգին, ինչպէս տառապանքի քրիստոնէական հեշտանքը չէ յաղթահարած ապրելու եւ ստեղծագործելու աստուածային ուրախութեան։ Հայը դարերու ընթացքին հակառակ իր տխրամած եւ միստիք երեւոյթին մնացած է ներքնապէս հեթանոսական, բառին ազնուագոյն առումով։ Օտար դժբաղտութիւններ, երկար եւ դժնդակ եղերականութիւնը իր պատմութեան ժամանակաւոր կերպով մոռացնել տուած են իր ճշմարիտ հակումները, բայց ամեն անգամ երբ նոյն իսկ կարճատեւ շրջաններով լացն ու ողբը դադրեր են պահ մը, ազգային ճշմարիտ ոգին յայտնուեր է զանազան կերպերով։ Ու մեր եկեղեցին իսկ զերծ չէ մնացեր այդ հեթանոսական շունչէն, ուր գեղեցկագոյն աղօթքները ուղղուած են արեգակին եւ Քրիստոսի խաչելութեան առաջ փառաբանուած Լոյսը իմանալի։

Ազգային այս թանկագին յատկութիւնը, ցան ու ցրիւ եւ խեղդուած յաճախ դժբաղդութիւններէ եւ օտար ազդեցութիւններէ։ Իր լրումին մէջ պէտք էր արտայայտուէր վերջապէս եւ այդ խօսքը կը պատկանի Դանիէլ Վարուժանի տաղանդին։

Իր բանաստեղծի ասպարէզին մէջ Վարուժանի տաղանդին յեղաշրջումը յստակ կերպով կը տեսնենք աչքի առաջ ունենալով իր երկերը։ Դեռ Վենետիկ եղած ժամանակ գրած է «Ցեղին  Սիրտը», ուր ինչպէս ամեն հայ գրող տպաւորւած ազգային դժբաղդութիւններէ  կ՚երգէ ցաւը ու հեծեծանքը մեր ազգին։ Դանիէլ գեղեցիկ էջեր ունի այս հատորին մէջ, բայց յայտնի է որոշապէս որ իր սեպհական ուղին չէ գտած տակաւին։ «Սարսուռներ» հատորիկը ի յայտ կը բերէ աւելի անձնական արժանիքներ, բայց վարանումները եւ տատանումները զգալի են տակաւին։ Վարուժան իր տաղանդին լրումին մէջ կ՚երեւայ «Հեթանոս Երգեր» ստուար հատորին մէջ ուր վերջնականապէս կը ձեւաւորուի իր բանաստեղծական կերպարանքը։

Իր հատորին վերջը բացադրելու համար իր գիրքը, ահա թէ ինչ գեղեցիկ տողեր կը գրէ։

 

Ո՜վ բարեկամ, խորհէ թէ Երգս է պատմեր

Ցաւն հաճոյքին եւ հաճոյքները ցաւին։

Սիրտն ըսկիհ մ՚է՝ ուր երբ լեցուին գինիներ

Աստուածներու սուրբ արիւնին կը փոխուին եւ վերջապէս

Ան լոկ կրնայ ճանչնալ Երազը սրտաբաց՝

Ո՞վ կ՚արբենայ կեանքի դիրտովն ու խունկով,

Ան որ Մարդն է՝ լոյսով ցեխով թըրծըւած,

Ան որ Մարդն է սրբագործւած արցունքով։

 

Ուրիշ ուղղութեամբ մը, անկախաբար եւ միաժամանակ Շանթ-ի «Հին Աստուածներ»ը դրաման կը հաստատէ դէպի մեր նախահայերու ուժի եւ սիրոյ հեթանոսական գեղեցկութեանց վերադարձը։ Այս վերադարձը միակողմանի եւ նախապաշարեալ միտքով նկարագրողները միայն կրնայ գայթակղեցնել։ Գեղեցկագիտական որոշ հասունութեան հասած հասարակութիւն, իր խաղաղ դատողութեամբ ուրիշ բան չի կարող տեսնել բայց միայն հզօր վերածնունդ մը, նոր եւ ուռճալի բարունակ մը որ յանկարծ կը ծլի ու կը  բարձրանայ հնամենի ազգային բունին քովէն։ Եւ այնքան Շանթը, որքան Դանիէլ Վարուժան, տարբեր գրական սեռերու մէջ, տաղանդաւոր արտայայտիչները դառնալով ազգային հանճարին, կոչուած էին նոր ջահակիրները դառնալ, որոնք շատոնց ի վեր մոռցուած բայց արդէն իսկ սեպհական գեղեցկութեան նոր հորիզոններ պիտի լուսաւորէին։

Այս վերածնունդը ձեւական եւ գրական նորութեան մը արժէքը չէր ներկայացնէր միայն։ Թրքահայ գրականութիւնը եւ ժողովուրդը նոր ուղղութեան մը սեմին վրայ կը գտնուէին։

Հայկական դասական արուեստի եւ հայրենի երկրին գեղեցկութիւնները, ներշնչման նոր եւ հարազատ աղբիւրները պիտի դառնային։ Բուն հայ ժողովուրդին մերձենալու եւ անոր հետ ձուլուելու ձգտումը հզօր փափաքներով կ՚արտայայտուէր արդէն։ Պոլսական գրականութիւնը արմատազուրկ եւ գաղութային, չէր կարող այլ եւս ասպարէզը դառնալ թրքահայ գրագէտներուն, որոնք տարիներու ընթացքին գտած էին իրեցն բուն կոչումը եւ գիտակցութիւնը եւ կուզէին տեղափոխուիլ եւ խմբուիլ հայրենի երկրին մէջ։ Այդ նպատակներով է որ կազմուեցաւ «Հայաստանի ուսումնասիրութեան» ընկերութիւնը, որուն շուրջը անմիջապէս բոլորուեցան գրեթէ բոլոր արժէքաւոր գրողները։ Ընկերութեան առաջի նպատակներէն մէկն էր ճամբորդել դէպի Հայաստան, ծանօթանալ անձամբ երկրին եւ ժողովուրդին եւ գրագէտներու կարաւանները մեծ եռանդով կը կազմուէին արդէն։ Առաջին մեկնողը եղաւ Տիգրան Չէօկիւրեան «Ոստան» գեղեցիկ հանդէսին խմբագիրներէն մէկը, ժրաջան եւ եռանդուն գրող մը, որ նոյնպէս այսօր աքսորուած է։- Ուրեմն ինչ նոր շունչ որ Շանթ եւ Դանիէլ Վարուժան գրած էին իրենց գրականութեան մէջ  գերազանցօրէն հետեւանքն է հաւաքական ձգտումին եւ անոնք յստակօրէն ցոյց կուտան մեզ նոր մեկնակէտերը։

Դանիէլ Վարուժանի ամենամեծ արժանիքներէն մէկն է իր լեզուն, ոմանք անհասկնալի կը համարին զայն, մենք թրքահայերս ոեւէ դժուարութիւն չենք կրեր հասկնալու համար Վարուժանը, իր մտքին դիւրաթեք ճկունութիւնը, իր տեսլականին շքեղ ճոխութիւնը, իր պատկերներուն զեղուն գեղեցկութիւնը արտայայտելու համար բնականօրէն պիտի ունենար անիկա ճոխ բառամթերք մը. իր ձեւը, իր ոճը արդիւնքն է իր մտքերու բարդ պերճանքին եւ անիկա ոչ մէկ օտար եւ այսպէս ըսելով միջազգային բառ չի գործածեր. անիկա կերթայ քաղելու իր գոհարները ազգային ճոխ գանձարանէն, մեր գրաբարէն, որուն հնամենի եւ հարուստ բառերը, հարազատ իրենց ծագումով եւ հնչականութեամբ, լոյս աշխարհ կը վերադառնան։ Անոնք որ շատ զօրաւոր չեն հայերէն լեզուի մէջ, անոնք միայն դժուարութիւն կրնան կրել. մնաց որ ամէն տեղ եւ ամեն ժամանակ բարձր բանաստեղծութիւնը կրնայ դիւրահաղորդ չըլլալ եւ այն ջանքը, որ պէտք է ընել կարգ մը հեղինակներ հասկնալու համար, բարերար եւ դաստիարակիչ ջանք մըն է։

Անկարելի է այսքան սուղ ժամանակի մէջ ամբողջական գաղափար մը տալ Վարուժանի շքեղ եւ բազմակողմանի տաղանդին վրայ։ Ես բաւականացայ նշանակելով միայն իր ներշնչման աղբիւրները եւ իր ընդհանուր ձգտումները։ Վերջին հայկական հալածանքներու միջոցին երբ թուրք կառավարութիւնը կը հետամտէր այսպէս ըսելով, քաղել ծաղիկը մեր մտաւորականութեան, ձերբակալեց նաեւ Դանիէլ Վարուժանը, որ ոչ մէկ եղանակով քաղաքական գործունէութիւն չէ ունեցած։ Զինքը աքսորեցին Չանգըըր եւ օգոստոս ամսուան մէջ փոխադրեցին Այաշ, ուր կը գտնուէին ծանր ամբաստանութեանց ներքեւ եղողները։ Անկէց ի վեր ոչ մէկ լուր չի կարողացանք ստանալ բացի չարագուշակ շշուկներէն։ Դանիէլ Վարուժանի մասին ալ կրնանք ըսել, որ մեր յոյսը դրած ենք միմիայն այն բանին վրայ որ իր սպաննութեան լուրը չէ հաստատուած։

Ես ջանացի այս երեկոյ հակիրճ գաղափար մը տալ այն գրական յեղաշրջման մասին որ կատարուած է 1892 թուականներէն մինչեւ մեր օրերը։ Սահմանադրութեան հռչակումէն ետքը միայն ազգային վերածնունդը բայց մանաւանդ թրքահայ գրականութիւնը նոր թափ մը ստացաւ եւ ինչպէս տեսաք, անիկա իր փայլուն սկզբնաւորութեանց մէջ էր միայն, երբ հարուածը իջաւ մեր վրայ աւելի սաստիկ քան որ եւիցէ ատեն։ Ամբողջ հայ մտաւորականները, բանաստեղծ, գրագէտ, խմբագրի, ուսուցիչ, ենթարկուեցան ահարկու մարտիրոսութեան մը. բիրտ ուժը եկաւ կանգնեցաւ մտքի եւ տաղանդի ուժին դէմ. ինչ որ թշնամին չէր ներեր մեզի, եւ անողոք հալածանքի մը կենթարկէր մեր ազգային բարձրագոյն ընդունակութիւններն էին, որոնց դէմ համարժէք ուժով պայքարելու բոլորովին ապիկար կզգար ինքզինքը։ Ատելութիւնը հայերու հանդէպ անկարողութեան կատաղութիւն մըն է եւ միանգամայն դարաւոր եւ անհաշտելութիւնը երկու զանգուածներու, որոնցմէ մէկուն ստեղծագործող հանճարը եւ միւսին քանդիչ ու ոճրագործ հանճարը դէմ դէմի կը կանգնին յարատեւօրէն. եւ որոշ ժամանակ զսպուած, պարբերաբար կը յայտնուին հետզհետէ աւելի անողոք կերպով մը անհաւասար պայքարներով եւ արիւնի բաղանիքներով։

Մեր թրքահայ մտաւորականները, գրեթէ առանց բացառութեան, ամենէն փայլուն ներկայացուցիչներէն սկսելով մինչեւ ամենէն խոնարհները՝ մեծ հոգեկան արիութիւնով դիմագրաւեցին թշնամիին հալածանքներուն։ Այն անօրինակ երեւոյթը, այն հոգեկան մեծութիւնը, արժանաւոր պաղարիւնութիւնը, եւ անսասան արիութիւնը անարժան թշնամիին հանդէպ, որ պարզուեցաւ յաճախ իմ աչքերուս առաջ, այդ անմոռանալի երեւոյթը մեր ազգային փառքերէն մէկը պիտի կազմէ։ Ես տեսայ մարդիկ որ ստոյգ եւ քստմնելի մահւան մը կը դիմէին ժպտադէմ ու անշիջանելի յոյսի հրայրը աչքերու մէջ, ես տեսայ մարդիկ, որ կրնային ժամանակին խուսափիլ եւ գիտնալով թէ ինչ կը սպառնայ իրենց, մնացին աւարտելու համար իրենց գրական գործը։ Այդ պայմաններուն մէջ լրացաւ Լինչի Արմենիայի թարգմանութեան հոյակապ գործը։ Ես տեսայ մարդիկ, որ մերժեցին փախուստ տալ իբր դեռ հնարաւոր էր, ժողովուրդը անտէր չի ձգելու համար իր ճգնաժամային օրերու մէջ եւ վերջապէս մարդիկ, որ տեսակ մը ցաւագին հեշտանքով կը զոհաբերէին իրենց անձերը այն հաստատ համոզումով, որ իրենց ազնիւ արիւնով պիտի բացուէր նոր օրերու արշալոյսը։ Ու ամենքն ալ, հաստատ ու ամրաքայլ, բռնեցին աքսորավայրի ճամբաները, ենթարկուեցան բիրտ ու վայրագ թշնամիին նախատինքներուն ու հայհոյանքներուն, պայծառ հոգիով, լուսաւոր մտքով, որովհետեւ ամենքն ալ, ու ամենքս ալ գիտէինք, որ հոգին ու միտքը անբռնաբարելի կը մնան, թէ անոնք չեն կրնար ենթարկուիլ թշնամիին չար դիտաւորութիւններուն, որովհետեւ եւ յայտնատեսութիւնը ունեցանք որ մենք կը քալենք մեր արի, ազնիւ ու վեհանձն նախահայրերուն գծած ճամբէն, թէ մեր վրայ ինկած դաժան պարտաւորութիւնը պատուով կը տանինք եւ թէ վերջապէս այդ անողոք կռւին մէջ մենք ձերբակալուած, աքսորական թէ փախստական, մենք ենք ճշմարիտ յաղթականները։