Երբ այլեւս չեն սիրեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԲԱՒԱԿԱՆ Է

Երեք օրէ ի վեր պատերազմը յայատարարուած է եւ թէեւ մայրաքաղաքը կը ջանայ իր սովորական արտաքին կերպարանքը պահել, այսու ամենայնիւ մարդոց հոգիները խռովուած են, շատ երանգաւոր եւ բազմադիմի զգացումներով։ Երկար եւ ջղգրգիռ սպասումներէ ետքը վերջապէս յայտարարուեցաւ անիկա. հազարաւոր մարդիկ օրերէ ի վեր անձկութեամբ կը հարցնէին իրարու պատերա՞զմ թէ համաձայնութիւն…»։

Մղջաւանջային եւ ահարկու հեռապատկերը անկարելի թուեցաւ իր առթած սոսկումին աստիճանով. մարդիկ կ՚ըսէին «Այս դարուս մէջ, ի՞նչպէս կարելի է… քաղաքակիրթ աշխարհը արգելք կըլլայ այդ ահարկու ոճիրին»։

Այլ սակայն երեք օրէ ի վեր պատերազմը յայտարարուած է եւ Պալքանեան սահմանագլխին այլ եւ այլ կէտերուն վրայ հրացանները կ՚որոտան։

Ամէն առաւօտ եւ երեկոյ տարէց մարդուկ մը կ՚անցնի փողոցէն. ուսերը կորացած են, աչքերը լաւ չեն տեսներ. ո՞վ գիտէ ինչ սնոտի գործով կ՚զբաղի եւ ինչ զրկուած կեանքով ստիպուած է ապրելու. առաւօտները կ՚երթայ աճապարանքով եւ երեկոները կը դառնայ ծանրաբեռնուած իր ընտանիքին առօրեայ եւ վտիտ պարէնով։ Այդ մարդը արգահատանք պիտի ներշնչէր եթէ տեսակ մը աշխոյժ եւ իր վիճակին անսովոր խանդավառութիւն մը չվանէր այդ զգացումը։ Ամէն իրիկուն անիկա կը կենայ իրեն ծանօթ տուներուն առաջ եւ կը բերէ օրուան լուրերը որոնք աղաւաղուած են իր անձնական տրամադրութիւններէն։

Դիւրին է գուշակել թէ ի՛նչ մեծ ոգեւորութեամբ, այն իրիկունը մարդուկը գոչեց, աճապարանքով անցնելով փողոցէն։

Պատերազմը յայտարարուած է…

Ոչ մէկ մանրամասնութիւն. տուներէն, դաշտը աշխատող բանւորներէն հարցումներ կ՚ուղղուէին իրեն, բայց անիկա չէր պատասխաներ ու իր կքած ուսերուն մէջտեղէ գլուխը մէյ մը աջ մէյ մը ձախ դարձնելով կը գոչէր, գրեթէ կ՚աղաղակէր յաղթական.

Պատերա՜զմ…պատերա՜զմ… պատերա՜զմ…

Ինչո՞ւ կ՚ուրախանար մարդուկը. ի՞նչ շահ կար իրեն համար այդ զարհուրելի կացութենէն։ Երկար ատեն բաց պատուհանին առաջք կեցած մտատանջ մնացի յիշելով անոր մշտավառ քինախնդրութիւնը։

Պատերազմը յայտարարուած է…

Ու նստած մեղմօրէն ջերմիկ սենեակին մէջ, լամբային բարի ու մտերիմ լոյսին տակ զբաղած եմ հաճելի ընթերցանութեամբ մը. յանկարծ ներքին դրդում մը զիս ոտքի կը հանէ. անսպասելիօրէն յուզուած կը մտածեմ. «Թերեւս ճակատամարտ կայ այս միջոցին ու անհամար մարդիկ կը մեռնին…»

Խոր լռութիւն կը տիրէ սենեակին մէջ ու խօսակցութիւնները կ՚ընդհատին ինչպէս դանակի հարուածէ մը, ամէնքն ալ, վստահ եմ, այդ րոպէին կը դիմաւորեն իմ մտածումս. երկար եւ ցաւագին հառաչանք մը կը սողոսկի այդ լռութեան մէջ, բայց ահա քանի մը րոպէէն կը մոռնանք իրականութիւնը։

Գիտենք որ պատերազմ կայ, այլ սակայն կ՚ապրինք մեր անդորր ու միօրինակ կեանքը. մեր միտքը կը յածի աննշան մանրամասնութեանց շուրջ. կը խօսինք մօտիկ եւ հեռաւոր ապագային մասին, կը գուրգուրանք իրարու վրայ եւ կը ջանանք զիրար զերծ պահել ամենափոքր անախորժութենէ…այլ սակայն գիտենք որ պատերազմ կա՜յ ու մեր սրտի ամէն մէկ բաբախումին մարդկային կենաքեր դիակներու կը վերածուին։

Բայց երբ ամէնքը կը քնանան եւ ես մինակ կը մնամ, անձկալի եւ շփոթ մտահոգութիւնը կը ցցուի դէմս…կ՚ուզեմ դիմագրաւել զայն ու կ՚ուզեմ ճանչնալ զայն, բայց իմ բոլոր ջանքերս ապարդիւն կ՚ըլլան երեւակայելու թէ ի՞նչ է ճահատամարտ մը, իր զարհուրանքի լրումին մէջ։

Ու ինձ կը թուի որ անսահմանելի եւ անպարտելի սպառնալիք մը կը սաւառնի մեր վրայ։

Ինչպէ՜ս ցուրտ է, աշունը յանկարծ կը յայտնուի անձրեւներով եւ միգապատ հորիզոնով։ Դիմացը Վոսփորի արտաշնչած գիշերային մշուշին ետեւէն քաղաքին լոյսերը կը պլպլան նուազելով, մարելու մօտ եղող մոմի լոյսերու նման։ Մայրաքաղաքը հանդարտ է եւ չէ կարելի ո եւ է կերպով գուշակել թէ մօտաւոր սահմանագիծերու վրայ արիւնը կը հոսի

Գիշերն ի բուն, խռովուած եւ ընդհատ քունիս մէջէն, ընդոստ զարթնումներով կը խորհիմ. արիւնը կը հոսի…անյաղթելի յաճախում մըն է ասիկա, որ զիս կը հալածէ պատիժի մը պէս մինչ լռութեան ու մթութեան մէջ անդորր՝ քաղաքը կը քնանայ խաղաղութեամբ։

Առաւօտուն կ՚արթննամ զօրակոչի թմբուկէն. հեռաւոր եւ Իսլամ թաղերը կը հեւան անոր համաչափ եւ չարագուշակ տրոփիւնէն…հետզհետէ աղմուկը թաւալելով կը հեռանայ մինչ աւելի մօտիկները մունետիկը կը գոչէ խռպոտ ձայնով մը։

«Բոլոր անոնք որ նշանակուած տարիքին մէջ կը գտնուին, ընտանիքի նեցուկ (մուին) թէ ոչ, անկար թէ առողջ, ներկայանան պատկանեալ իշխանութեան միչեւ երկու օր…անսաստողները խիստ պատիժներու պիտի ենթարկուին»…

Ոտքի կ՚ելլեմ ու կը բանամ պատուհանը. ասդին անդին գլուխներ կ՚երեւան դրացի տուներէն. անձկութեան եւ սարսափելի սարսուռ մը կ՚անցնի թաղերէն մունետիկին զօրակոչին հետ, որ եղերական հանգամանք մը կը ստանար այլ եւս…

Ահաւասիկ պատերազմը կը դառնայ ամենուս համար իրական եւ ներկայ չարիքը կ՚ուրուագծուի, հետզհետէ որոշ գիծերով. անիկա իր մահուան ստուերը կ՚երկարէ մինչեւ մայրաքաղաքի խաղաղ տուներուն մէջ, բայց ամէն ընտանիք կը մտածէ միմիայն իր զինւորցուին վրայ. ճարը կը խորհի զայն զերծ պահելու մահու վտանգէն, մայրական սրտեր արհաւիրքով ու դողդով կը լեցուին ու ամէն մէկը այս դժբաղդութիւնը կ՚ընդունի իբր անձնական աղէտ մը։ Բայց ոչ ոք կ՚ըմբռնէ չարիքը իր հաւաքական եւ ահռելի ծաւալին մէջ, ոչ ոք թերեւս կ՚անդրադառնայ իրապէս որ պատերազմ կայ ու ամէն րոպէ արիւնը կը հոսի…

Հաւաքուած ենք բարեկամի մը տունը եւ թէյի սեղանին շուրջ կը խօսինք մեզ հետաքրքրող բաներու վրայ. խօսակցութիւնը կը նուազի ու ահա կը լռենք մեր աչքերը իրարու կ՚ըսեն։« Ճակատամարտ կայ այս միջոցին». բայց իբր անպատեհ հրէշ մը կը զսպենք այդ խորթ մտածումը։ Դարձեալ խօսակցութիւնը կը պտուտքի արուեստներու եւ գրականութեան վրայ, կը վիճինք նոր հրատարակուած վէպի մը մասին. կ՚ոգեւորուինք ու կը խնդանք. կատակներ ու սրախօսութիւններ կը մրցին իրարու հետ. բայց ահա յանկարծ ժպիտը կը սառի դէմքերու վրայ եւ ամենքը մտախոհ կը դառնան. այն մտածումը որ ջանացինք զսպել քիչ առաջ՝ հոգի եւ մարմին առած կը տիրապետէ մեր տրամադրութիւններուն։

Այլ եւս ծանր ու լուրջ շեշտով կը խօսին պատերազմի մասին. ոմանց համար Պալքանեան ժողովուրդները իրենց արդար եւ նուիրական իրաւունքի մէջ են. կարելի՞ է երեւակայել աւելի սուրբ պատերազմ. անոնք կը կռուին իրենց տանջուած եղբայրներու ազատութեան համար։

Իսկ Թուրքերը, կ՚առարկէ մէկը, արդեօք նուա՞զ իրաւացի են. Պալքանեան դաշնակիցները յարձակեցան իրենց վրայ. իրաւունք չունէի՞ն ինքզինքնին պաշտպանելու։

Բնականաբար այո՛, վերջ ի վերջոյ իրաւունքը յաղթողին կողմն է։

Իրաւո՜ւնք…ստապատիր եւ նենգաւոր բառ. ինձ կը ներկայանայ այս պահուս անարգ հտպիտի մը երեւոյթով որ գունագեղ եւ արտառոց հանդերձանքի մը ներքեւ, դէմքը կնճռոտած քծնող ծամածռութիւններով, կը խոնարհի ու կը ժպտի մէյ մը եւ մէյ մը միւս կողմին։

Այդ միջոցին խօսակցութիւնը իր ընթացքը կատարեր է. չեմ գիտեր թէ դեռ ինչե՜ր ըսուեցան երբ սթափեցայ ներկաներէն մէկուն սուր եւ ատելավառ ձայնէն։

Ի՞նչ իրաւո՞ւնք… որովհետեւ վեց դարէ ի վեր սուրի եւ հուրի միջոցով տիրապետեր են այդ երկիրներուն, որովհետեւ վեց դարէ ի վեր խաղաղ ժողովուրդներու արիւնը ծծեր են, անարգեր, տանջեր ու ամենէն ցած ստրուկի վիճակին վերածեր են այդ ժողովուրդները, իրաւո՞ւնք են հաստատեր այդ այդպէս շարունակելու։ Ընկճուած ժողովուրդներու տկարութիւնը միայն կրնար յաւերժացնել այդ բռնութեամբ ձեռք բերուած իրաւունքը։

Ծերունի մը որ անկիւնը թիկնաթոռին մէջ թաղուած էր, ընդհատեց զայրոյթի այդ պոռթկումը, եւ խօսեցաւ երկարօրէն խռպոտ եւ յոգնած ձայնով. կարելի չէր իր խօսքերէն եզրակացութեան մը յանգիլ որովհետեւ մէկ նախադասութիւնը կը ժխտէր միւսը եւ անիկա կարծես կ՚երկնչէր իր մտածումին խորքը յայտնելէ. կարծես անիկա կուզէր որ զինքը հասկնայինք առանց որ ինքը հարկադրուէր վճռական եւ վճիտ բան մը ըսելու։

Ձանձրոյթով մտիկ կ՚ընէինք զինքը բայց իր անկայուն իմաստով խօսքերը կ՚օրօրէին մեզ, որովհետեւ մեր մտածումներն ալ իր խօսքերուն յոգնեցուցիչ եւ ընդունայն ճօճումները կ՚ընէին վարանելով։

Է՜հ եզրակացուց մէկը, ինչ չափով որ չափես, այն չափով պիտի չափուիս…պատիժի ժամը հնչած է, բիւրաւոր շրթներէ, սգաւոր մայրերու, որբերու տժգունած շրթներէն բարձրացած անէծքն է որ ամպի պէս կուտակուած է այս միջոցին դաժան եւ ոճրապարտներուն գլխուն. իրենց թափել տուած արցունքին մէջ է որ պիտի խեղդուին։

Ժամը հնչա՞ծ է արդեօք։

Ու ահա կը խօսին յաղթանակի հաւանականութիւններու վրայ. կը խօսին երկու կողմի յաջողութեան բաղդերուն, եւրոպական դիւանագիտութեան անլուծելի առեղծուածի մասին բայց այլ եւս իմ ուշադրութիւնս կը վրիպի. ի՞նչ փոյթ ինձ համար պաշտօնական եւ անպաշտօն խաղերը նենգաւոր դիւանագիտութեան. ձայն մը, ներսէս բարձրաղաղակ կը գոչէ։

Երկու կողմէն ալ հազարաւոր գեղջուկներ, հազարաւոր անգիտակից եւ միամիտ մարդկային արարածներ իրենց արիւնը կը թափեն այս միջոցին…

Սուր քրքիչ մը կը լսուի. երիտասարդն է որ ծերունիին ուսին զարնելով կը խնդայ. ինչո՞ւ կը խնդան . կարելի՞ է արդեօք ո եւ է բանով զուարթանալ երբ այնքան սիրտեր սգաւոր են այս միջոցին։

Ես չեմ ուզեր վիճաբանիլ, ես չեմ ուզեր լսել այն պատճառները եւ պատրուակները որով կ՚ուզեն պատերազմը ներկայացնել ոգեւորիչ եւ ցանկալի եւ նոյն իսկ չեմ ուզեր ընդունիլ որ անիկա անխուսափելի անհրաժեշտութիւն մըն է։ Այլ սակայն մեկնելու պահուս ներկաներէն երիտասարդ մը զիս կը բռնէ եւ կ՚ստիպէ որ պատասխանեմ։

Անոնք որ յարձակեցան մեր տուներուն վրայ, անոնք որ սպաննեցին ու թալլեցին մեզ, անոնք որ մեր պատիւը ու մեր սրբազան զգացումներ ոտնակոխ ըրին, արժանի չէի՞ն այս դասին։

Հոգիիս մէջ հառաչանք մը կը բարձրանայ բայց իմ ներքին էութեանս մէջ ատելութեան ժահր չկայ, եւ կզգամ որ իմ մտքի տեսողութեանս բոլոր հորիզոնները անամպ են ու պայծառ։

Ես չեմ հասկնար, կը պատասխանեմ.

Երիտասարդին աչքերը. մանր եւ սուր բիբերով, քէնով ու վրէժով վառուած աչքեր, կը տեւեռեն զիս։

Ես անձամբ չեմ տեսած այդպիսի դիւային իրականութիւն, ես անհաղորդ գտնուած եմ ցեղիս ճակատագրին. երբ ինձ կը խօսին կոտորածներու մասին կարծես դարաւոր հառաչանք մը թունդ կ՚ելլայ հոգիիս մէջ եւ մտածումս, երեւակայութիւնս կը շփոթին. մղձաւանջ մըն է անիկա որ չեմ կրնար իրականացնել բանականութեամբը եւ որ կ՚անօսրանայ ու կ՚անհետի իր առթած սոսկումին ահագնութեանը մէջ, ինչպէս ցնորական տեսիլ մը։

Ես աչքերովս տեսած եմ ու ականջներովս լսած ու կը հասկնամ, կը պատասխանէ երիտասարդ. ու ահա ինչո՞ւ սրտիս մէջ միայն մէկ զգացում մը տիրէ. վրէժի զգացումը։

Խորին գթութեամբ կը նայիմ իրեն. անոր հոգին խեղանդամուած է սուրի հարուածով մը. պիտի ուզէի գորովանքով խնամել զինքը ինչպէս շատ ծանրապէս հիւանդ եղբայր մը. բայց անիկա կը հետապնդէ զիս. կ՚Ուզէ որ իմ շրթներս ալ արտասանեն անհաշտ ատելութեան խօսքեր։

Յոգնած եմ ու ջլատուած. զանազան տաժանելի տպաւորութիւններով ծանրաբեռն օրուան մը յոգնութենէն ծունկերս կը կթոտին։

Սրահին մէջ մոռցած են արդէն պատերազմը, մեր ատելութիւնները ու համակրութիւնները. կը խօսին զուարթօրէն եւ ծրագրուած պտոյտներու համար ժամադրութիւններ կուտան իրարու. օրիորդ մը խօսքը ինձ կ՚ուղղէ բայց ես միտքս յառած ահռելի տեսիլքին ի զուր կը ճգնիմ սեւեռել անոր կարմիր գիծերը։

Փոքրիկս չի քնանար ու իր անձկալի ու խոնաւ աչքերը անթարթ սեւեռած ինձ, կարծես կ՚ուզէ աւելի բան մը ըսել քան իր շրթները կրնան արտաբերել։

Ի՞նչ ցաւով կը տանջուի անիկա. օրօրոցին մօտ նստած կը խորհիմ երկարօրէն։ Այսպէս եկան ու մտան խաղաղ տուներէ ներս, ուր մանուկներու անկողնին մօտ կանթեղի լոյսը կը պլպլար, ու սպաննեցին, ոտքի կոխան ըրին ինչ որ գտան ուժեղ, գեղեցիկ ու նուիրական։ Ճշմարիտ է որ թշնամին անարգ է ու վատ…

Ահաւասիկ նստած փոքրիկիս անկողնին քով, նայելով իր անձկալի աչքերուն, կը զգամ որ կը կքիմ դարաւոր ստրկութեան ճնշումին տակ։ Պիտի ուզէի դիտել զինքը ժպտուն հպարտութեամբ, պիտի ուզէի իրեն համար հիւսել ապագայի գեղեցիկ երազ մը, բայց իմ մայրական սրտիս մէջ խառնաշփոթ կերպով թունդ կ՚ելլեն միայն երկիւղի, անձկութեան ու արհաւիրքի զգացումներ. կ՚ուզեմ երգել ու օրօրել, բայց բոլոր երգերը սառած են շրթներուս վրա։

Փոքրիկս կուլայ չ՚ուզեր քնանալ…իր ձայնը ոչ թէ մանկական քմահաճ լացի պէս կը հնչէ ականջիս, այլ ողբական եւ ահեղ ճիչի մը նման։ Իր անձկալի աչքերը կը կայծկլտան արցունքներու մէջէն ու երբեմն կ՚ընդլայնին սարսափով. ի՞նչ կը տեսնայ անիկա իր մանկական անգիտակութեան մէջէն. ո՞վ գիտէ եթէ իր ապագայ կեանքի խորհուրդը չէ որ կը յայտնաբերուի իրեն, իր անեղծ բնազդին զօրութիւնով։

Ահա կ՚ուզէի, ո՜վ իմ կորիւնս, բոլոր փոթորիկները խաղաղեցնել եւ բոլոր ճամբաները հարթել քեզ համար կ՚ուզէի քու սրտիդ մէջ սերմանել եւ ծաղկեցնել սիրոյ եւ խաղաղութեան ծաղիկը, բայց ես ստիպուած եմ քեզ հրաւիրել պայքարի, որպէս զի երբեք գլուխը չխոնարհի ստրկութեամբ եւ քու ձեռքէդ բռնած քայլերդ ուղղել դէպի այն գաղափարի ճամբան ուր այնքան մայրեր ի զուր յաղթական վերադարձներու սպասեցին եւ որ յաճախ անդարձ ճանապարհը եղաւ նահատակներուն։

Աշնանային վերջալոյսը կարճատեւ է. ահա կը մթնէ յանկարծ եւ ես կ՚ուզեմ մեկնիլ, բայց խօսակցութիւնը այնքան շահեկան է որ գամուած կը մնամ տեղս, իմ բարեկամիս պաշտօնատեղիին մէջ կան օտարականներ եւ հայեր։

Ո՞րն է իրենց բնական սահմանագլուխը, կը գոչէ ֆրանսացի թղթակից մը…եթէ կարճատեսի պէս այսօրուան դէպքերը միայն դատենք, թուրքերը օրինաւոր ինքնապաշտպանութեան մէջ են, բայց ընդհանուր պատմութեան տեսակէտներո՞վ…

Իր դիւրաշարժ անդամները անհաւատալի ճապուկութիւն մը ունին. աթոռին վրայ այնքան արագ ոստումներ կ՚ընէ որ լարախաղացի մը կը նմանի. անիկա խօսքը առկախ կը թողու եւ կը խնդայ։

Ի՞նչպէս քստմնելի կը թուի ինձ այդ քրքիչը։ Այսօր իսկ լսեցի թէ չորս գլխաւոր կէտերու վրայ ընդհարումներ տեղի կ՚ունենան ու մինչ մենք հոս կը խօսինք ու կը վիճինք, հեղեղի պէս արիւն կը հոսի այդ չորս կէտերուն վրայ։

Զիրար կը գինովցնեն, ժողովուրդները կը խաբեն ու դէպի կորուստ կը մղեն, կը գոչէ երիտասարդ մը, հարկ էր որ երկու կողմերէն բոլոր բերանները, խափանելով հրացաններու որոտումը, գոչէին. «Բաւական է, բաւական է»։

Ամէնքը իրարու կը նային, ապշած այդ անսովոր խօսքերէն բայց ահա թղթակիցը ինձ կը նայի դէպքերէն ուղղակի չենթարկուող մարդու սնամէջ ժպիտով.

Ո՞րն է իրենց բնական սահմանագլուխը, կը կրկնէ անիկա. ամէն տեղի համար չարաբաստիկ հիւրեր են անոնք եւ եթէ փոքր անկիւն մը զիրենք թխմել հարկ ըլլար, ուր այլեւս անկարող անիկա դառնային չարիք հասցնելու, երկրիս ո՞ր մասը պիտի ըլլար…

Միտքս վայրկեան մը կը հետեւի թղթակցին խօսքին, բայց ահա վայրագ եւ յիմարացուցիչ զգայնութիւն մը զիս կը խռովէ։ Կ՚երեւակայեմ անհամար հրացաններու որոտումը ու գնտակներու կարկուտը ու ինձ կը թուի որ արագ արագ դիւային հապճեպով մը մատս կը մտցնեմ գաղջ եւ բաբախուն վէրքերու մէջ…

Անսահմանելի յուզմունք մը դողդոջուն ու անկար կը դարձնէ զիս. սանդուղներէն կ՚իջնեմ ինչպէս եթէ հալածուէի առանց ուշադրութիւն դարձնելու ինձ ընկերացող վաղեմի բարեկամի մը որ խօսակցութեան բոլոր միջոցին լուռ եւ մտախոհ մնացեր էր։

Չարիքը պէտք է մոռնալ. կ՚ըսէ անիկա։

Չեմ թափանցեր իր խօսքերուն իմաստին. անիկա դէմքը կը ծամածռէ տաժանելիօրէն ու կը պնդէ։

Եթէ չարիքը մոռնալ անկարելի ըլլար, մտածեցէք անգամ մը։

Իբրեւ շատ մեծ աղէտի մը հեռապատկերը տեսնող մարդ, ձեռքը ճակտին կը զարնէր ու ակնապիշ կը մնար…

Չորս ճակատի վրայ ընդհարում, կը խորհէի ինքնիրենս, ու թող կուտան որ այդպիսի ոճիր գործուի. Մարդիկ ներողամիտ են ի բնէ. ասիկա բնախօսական անհրաժեշտութիւն մըն է։

Ո՞ր չարիքի մասին կը խօսի անիկա ինձ. կուզէ ըսել արդեօք թէ շուտով պիտի մոռնանք պատերազմը, բայց ո՛չ, անիկա ինձ կը դառնայ, մասնաւոր կերպով կը ժպտի ու կ՚ուզէ խօսիլ բայց ես ահա կը վերյիշեմ մանկիկիս թախծալի ու խոնաւ աչքերը, կը տեսնեմ իր դեռ չի կազմաւորուած դէմքին վրայ տառապանքի ժառանգական կնիքը ու կը հասկնամ մէկէն թէ ինչ չարիքի մասին կ՚ակնարկուի ինձ։

Յոգնած ու ջղագրգռուած վերադարձայ տուն ու հոն գտայ դրացի Թուրք բարեկամ մը. անձկալի հետաքրքրութեամբ ինձ կ՚սպասէր։ Կռիւը կը տեւէ երկու շաբաթէ ի վեր եւ Կ. Պոլսոյ թուրք թերթերը դեռ ոչ մէկ ճշգրիտ տեղեկութիւն տուած են պատերազմական անցուդարձերու մասին. պաշտօնական զեկոյցներու տարտամ ոճը անստուգութիւնը կ՚աւելցնէ եւ մարդիկ լաւատեսութենէ յոռետեսութեան կ՚անցնին առանց կարենալու իրենց տրամադրութիւնը հիմնաւորել շօշափելի փաստի մը վրայ։ Մարդիկ աչքերնին կապ, մթութեան մէջէն կ՚երթան խարխափելով ու այս պաշտօնապէս խաբուած ժողովուրդէն արիւն կը պահանջուի, հեղեղի պէս արիւն։

Թուրք դրացիս գիտէ որ ես գիտեմ ճշմարտութիւնը ու պաղատագին կը նայի աչքերուս։

Աստուծոյ համար, ըսէք մեզի, կը գոչէ անիկա, ի՞նչ լուր կայ։

Լուրերը գէշ են կը պատասխանեմ շփոթուած, լուրերը շատ գէշ են։

Բազմոցին վրայ կ՚իյնայ ընկճուած . իր պարարտ դէմքը յանկարծ կը գունատի, աչքերը կը մարին, մազերը կը ցցուին ճակտին վրայ։ Ձեռքը ունի թրքերէն թերթ մը ու զայն կը ճմրթկէ ջղաձգօրէն. քիչ մը առաջ յաղթանակի ու յառաջխաղացութեան ստապատիր լուրեր կարդացեր է հոն եւ հակառակ որ անոնք իր բաղձանքներուն համաձայն են, ներքնապէս գիտէ որ սուտ են, եղերականօրէն սուտ են։ Յամրօրէն թերթը բարձրացուց ու կարկառեց ինձ, մինչ աչքերը հակած կը մնային.

Գրած է որ, կակազեց…բայց մեծ շփոթութիւնը զինքը խանգարեց. իր կուրծքը կ՚ելեւէջէր ուժգնօրէն, ազատ ձեռքովը երեսը ծածկեց ու սկսաւ հեծկլտալ։

Բարձր ու ողբագին ձայնով անիկա կը հեկեկար անձնատուր իր վշտին ու այդ յորդահոս եւ ջերմ արցունքներուն առաջ զգացի որ աւանադական ատելութեան բոլոր սառնամանիքները կը հալին եւ սիրտս լեցուն է բարութեամբ ու հոգւոյս անծանօթ խորքերէն եղբայրական եւ մխիթարիչ բառեր կը բարձրանան մինչեւ շրթներս…

Շոգենաւը կը տատանի ուժգնօրէն հարաւային օդէն ցնցուելով. կամրջակները կը ճռնչեն ու մարդկային հեղեղ մը անդադար կը լեցուի ամէն կողմ. պահեստիներն են որ ասիական ափունքէն դիմացի կողմը պիտի անցնին պատերազմական նախարարութեան ներկայանալու, ուրկէ ստանալով անհրաժեշտը պիտի երթան միանալու իրենց վաշտերուն։ Ամէնքն ալ գիւղացիներ են. ձեռքերնին կոշկոռցած է հողային աշխատութիւններէն եւ դէմքերնին կնճռոտած՝ արեւին ու բուքին ներքեւ. իրենց խորշոմած երեսներուն վրայ երբեմն սուր ու վայրագ, երբեմն ալ ընտանի անասունի բարի աչքեր կը կայծկլտան կենսունակութիւնով լի։ Խումբ-խումբ կուգան կը նստին մեր շուրջը. ո՞վ գիտէ ո՞ր գաւառաներէն ու գիղերէն եկած են. մեծ մասով հասուն տարիքի մէջ են, թանձրացած ու դանդաղ մարմիններով, գունագեղ շապիկներուն ներքեւէն ցցուող ոսկրուտ թիկունքներով։ Այդ գեղջուկները աւելի ընդունակ կը թուին ծանր եւ երկարատեւ աշխատութեանց քան ռազմական գործունէութեան։ Համբերատար ու չարքաշ կեանքը իր անջնջելի կնիքը դրեր է անոնց արտաքին կերպարանքին վրայ եւ այնքան հանդարտ են որ կարծես թէ կ՚անգիտանան իրենց ճակատագիրը։ Ո՞վ կարող է երեւակայել թէ այս մարդիկը կռուելու, սպաննելու եւ հաւանաբար մեռնելու կ՚երթան։ Երբեմն սակայն մռայլ արտայայտութիւն մը կը ստանան անոնք. արտասանուած բառ մը իրենց համակերպութիւնը կը խռովէ. կարծես դժնդակ առեղծուածի մը առաջք կեցած են. «ինչո՞ւ զիրենք բաժնելով իրենց հողէն մեռնելու կը ղրկեն»։

Շոգենաւը ճամբայ կ՚ելլայ ոստումներ ընելով ալեկոծուած ծովուն վրայ. ոմանք հետաքրքրուած կը նային այն հեքեաթունակ Սթամպօլին որուն մասին այդքան լսեր են. շատ աչքեր հիասթափ են, թերեւս այն պատճառով որ գորշագոյն մթնոլորտին մէջ քօղարկուած քաղաքը չի համապատասխաներ իրենց ոսկեղէն երազին. ոմանք յամառօրէն կը զմայլին. դէմս նստեր է երիտասարդ գեղջուկ մը սեւ, լայնաբիբ աչքերով մէկ սրունքը ծալլած դրեր է ծունկին վրայ եւ արծաթէ մատնիով մը զարդարուած ձեռքը կառչած սրունքին կ՚երազէ. յանկարծ տրեխը կ՚իյնայ գետին երեւան բերելով նոր հիւսուած ճերմակ բուրդէ գուլպաներ. թերեւս մայրը հիւսեր է իրեն համար։ Լայնաբիբ աչքերը կարծես ապշած ու միանգամայն հիացած կը սեւեռին տարտամութեան մէջ հետապնդելով երազ մը ու ես ալ հաղորդակից կ՚ըլլամ այդ երազին. կը տեսնամ երեւակայութեանս մէջ նոր հերկուած ընդարձակ դաշտ մը եզերուած կանանչազուրկ ծառերու մացառուտով. հեռուն կապտորակ լեռներու շարք մը. ճերմակ եւ շէկ եզներ իրարու լծուած կը յառաջանան մեղմօրէն. ագռաւներ կ՚անցնին երկնքի բարձրութիւններէն իրենց չարագուշակ կռիչները արձակելով. ահա, այնտեղ հողաշէն խրճիթին դրանը առաջ պառաւ մայրիկը կեցած կը նայի եւ կը հառաչէ։ Դաշտը յերկուած է, բայց ո՞վ պիտի սերմանէ, շուտով ձիւները կը ծածկեն հերկուած դաշտերը ու հողին արգանդին յանձնուած սերմերը գաղջ խոնաւութեան մէջ կեանքի առաջին ուռճացումը կ՚ստանան, բայց այն դաշտերը որ ամուլ մնացին …կտրիճ ու արի տղան հեռացաւ գնաց օտար սահմանագլուխները, որովհետեւ մահուան սարսուռի մը պէս օսմանեան երկրին վրայէն անցաւ չարագուշակ աղաղակը։

«Պատերազմ (Հարպ) կ՚ուզենք մենք…»

Երբ կը սթափիմ այդ տեսիլքէն երիտասարդ գեղջուկին աչքերը ինձ կը հանդիպին ու պահ մը իրարու կը նայինք կարծես պատրաստ մեր թագուն զգացումները յայտնաբերելու, բայց մեր ուշադրութիւնը կը դառնայ ուրիշ կողմ։

Խումբ մը գեղջուկներ կը խօսին բարձրաձայն իրենց անարուեստ գաւառաբարբառով. տարեց եւ յոգնաբեկ գիւղացի մը իր գօտիին ծայրը ջերմեռանդօրէն կապած դեղագիր մը ցուցնելով, աչքերը կը քթթէ ու կը հաւաստէ թէ այնտեղ նշանակուած դեղը ամենազօր է յօդացաւի դէմ։ Երկարօրէն կը պատմէ հրաշալի բուժումներու մասին. անդամալոյծներ, որ ոտքի ելած էին…ինքն իսկ երկու տարի տանջուելէ ետքը փրկուեր էր շնորհիւ այդ դեղին. գլուխները կը հակին հրաշագործ դեղագիրին վրայ, ոչ ոք կրնայ կարդալ բայց կ՚ուզեն տեսնել այն կախարդիչ տառերը որ այդպիսի զօրութիւն մը կը բովանդակեն իրեն մէջ. դարձեալ տարեց գիւղացին մեծ զգուշութեամբ կը կապէ դեղագիրը գօտիին ծայրը, կ՚ամրանցէ գօտին մէջքին շուրջ եւ կը շարունակէ ժպտիլ վստահութեամբ։

Յօդացա՛ւ…բայց չե՞ն գիտեր արդեօք որ պատերազմի կ՚երթան, չե՞ն գիտեր որ իրենց արիւնով պիտի տաքցնեն Պալքանեան ցուրտ հողը մինչեւ որ յագեցած ու լիացած, իրենց կորսնցուցած կեանքերով անիկա կեանք առնէ եւ հառաչէ ամբողջ աշխարհիս…

Բաւական է…բաւական է։

Պարտութեան լուրերը կը հրատարակուին վերջապէս թուրք թերթերու մէջ. յայտնի զօրավարներու պատմական եւ փառայեղ անուններ զայրոյթով եւ հայհոյութիւններով կ՚արտասանուին սրտմտած եւ յուսախաբ ժողովուրդին շրթներէն։

Մթնած է արդէն ու շոգենաւը հոծ բազմութեամբ լի կը սպասէ մեկնումի վայրկեանին. զինուորներ ամէն կողմ. նորկոչներ, պահեստիներ ու նաեւ փախստականներ. ու անոնք որ դեռ նոր պիտի մեկնին՝ կռիւէ վերադարձողներուն ուրուականային ու զառանցական դէմքերու վրայ կը կարդան ամբողջ արհաւիրքը այնտեղ պատահածին։

Յանկարծ շոգենաւը կը խճողուի նորատեսակ բազմութեամբ մը. մեծ մասամբ քօղարկուած կիներ են ու մանուկներ. դիւրին է գուշակել թէ ուրկէ կուգան. ասոնք Րումէլիի առաջին գաղթականներն են, շուարուն, հալածական, ողբագին։ Սիրուն մանկիկներ կ՚ոստոստեն անգիտակից դժբախտութեան եւ այնքան յանկուցիչ իրենց պայծառ աչքերով ու խարտեաշ գլուխներով։ Ասդին անդին կը քաշքշուին գոյքերու մնացորդներ, յաճախ անօգուտ առարկաներ։ Կիները կը մտնեն առւաջին կարգի սրահը, կը շուարին, կը վազվզեն, ետեւ կը դառնան, մինչ այնտեղ բազմած լրջախոհ եւ խոժոռ մայրաքաղաքացիներ որոնց փափուկ ջիղերը գրգռուած են իրենց պարտութեան հետեւանքը եղող թշուառութեան այդ տեսարանէն, բիրտ ու հրամայական, կ՚ուղղեն այդ գաղթականները ուղեկորոյս նոխազներու նման դէպ ի հարէմ, շոգենաւին այն մասը ուր ոչ մէկ այր իրաւունք ունի մտնելու։

Առաջին կարգի ճամբորդները կրկին կը տեղաւորուին իրենց տեղերը խոժոռ եւ անկարեկիր. մեծ մասով պաշտօնատարներ են եւ կառավարական պաշտօնեաներ։ Պատերազմը իրենց չի սպառնար ուղղակի, եւ անոնք գիտեն որ իրենց հանգիստ ու տաք տուները պիտի վերադառնան ու այդպէս պիտի շարունակուի։ Իրենց սրտմտութիւնը արդիւն չէ ամօթալի պարտութեան որով իրենց պետութիւնը կը մերկանայ իր փառքի բարոյական ուժէն, այլ սրտնեղած են միայն տեսնելով իրենց աչքին առաջք տարածուած թշուառութեան պատկեր մը, որ լաւ կ՚ըլլար ու պատշաճ եթէ երբեք տեսած չըլլային։ Անյարմար ու անհարկի կը գտնեն այդ բոլորը եւ ես ի զուր իրենց ցուրտ դէմքերուն վրայ կը փնտռեմ բարութեան ցոլք մը կամ խղճահարութեան նշոյլ մը։

Այլ սակայն Թուրքիոյ համար պատմական եւ դժնդակ վայրէջք մըն է որ կ՚սկսի։ Րումելին կորսնցնելով Օսմանեան պետութիւնը կը կորսնցնէ թերեւս իր քաղաքակրթութեան հնարաւորութիւնը, որովհետեւ խորապէս կ՚զգամ որ կարելի էր յուսալ քիչ առաջ դեգերող խարտեաշ մանկիկներուն պայծառ աչքերուն վրայ. կարելի էր յուսալ որ անոնք իրենց լոյսովը լուսաւորէին վերջապէս թանձր եւ անհանգստիչ խաւարը Թուրանին։

Բիրտ ու կոպիտ շարժումներով տղամարդիկ ետ մը մղեն գաղթական կիները, մինչ իրենք կ՚շտապեն դուրս ելլել շոգենաւէն։ Դուրսը սպասող զինւորներու մէջ կը դեգերին շատ մը կամաւորներ որոնցմէ մէկը իր հսկայ եւ թիկնեղ իրանը ցցած, կարծես ինքզինքը կը հարկադրէ ամենուն հիացման, իր այլեւս անօգուտ եւ ուժեղ բազուկները ունայն սպառնալիքներու սահմանուած են իր թաղիքէ գտակին ճատակը կարմիր գիրեր կը փայլին։

«Կա՛մ նահատակութիւն, կամ յաղթանակ»։

Բայց թշնամին մայրաքաղաքին մօտեցած է ու Օսմանեան բանակը անդադար կը նահանջէ…անկանոն։

Ամբողջ գիշերը, խռովուած քունէս հազար անգամ արթննալով լսեցի թնդանօթներու հեռաւոր եւ խուլ որոտումը։ Պայծառ եւ գաղջ մթնոլորտին մէջէն հարաւային հողին ալիքները քշեր բերեր էին դէպ ի մեզ չարագուշակ սարսուռը պատերազմին. երկու օրէ ի վեր մայրաքաղաքի բնակչութիւնը կը զգայ վերջապէս որ ճակատագրական րոպէները մերձաւոր են այլեւս։

Ամբողջ օրեր անցուցինք վրդովուած անհամբերութեան մէջ։ Ոմանց մէջ խելայեղ յոյսեր արթնցած են, վաղեմի եւ մոռցուած ցանկութիւններ յանկարծ իրականացման հաւանականութիւններ կ՚ընդնշմարեն. ոմանք տխուր են դառն եւ ընկճուած տխրութիւնով մը. թուրք ժողովրդական թաղերու լռին ու փակ տուներէն իսկ անձկութեան եւ զայրոյթի շշուկներ դուրս կը սպրդին որովհետեւ թշնամին մօտեցած է մայրաքաղաքին եւ Օսմ. բանակը կը նահանջէ անդադար։

Բարձրութեանց վրայ, աշնանային գեղեցիկ եւ գաղջ օդին մէջ տրամադրութիւնները աւելի խաղաղ կրնային ըլլալ, բայց թնդանօթներու հեռաւոր որոտումը կը խռովէ միտքերը. մահուան եւ աւերումի հզօր զգացում մը կը ծածանի յարատեւ ամենուրեք եւ սրտերը իրենց արագ եւ ուժգին բաբախումներով կարծես կը պատասխանեն հեռաւոր եւ չարագուշակ թնդիւններուն։

Մայրամուտին, փողոցները ու դաշտերը ամայացած են արդէն ու փակ պատուհաններուն ետեւէն կը լսենք իրարու յաջորդող ձիաւոր պահակներուն համաչափ ոտնաձայնը որ հետզհետէ հեռանալով կը մարի։

Ահա հետզհետէ խաղաղ ու ինքնամփոփ թաղերուն մէջ լոյսերը ոչ թէ կը վառին, այլ կը պպլան ու կը բարձրանայ զօրակոչի գերագոյն հրաւէրը մունետիկներու երբեմն սուր եւ երբեմն ծեքծեքուն ձայներով։ Դռները ու պատուհանները աւելի ամուր կը գոցուին, պլպլացող լոյսերը հետզհետէ կը մարին, մինչեւ պայծառ ու գաղջ գիշերին մէջ կը շարունակուի որոտումը ռմբակոծութեան։

Առաւօտը գորշ է ու միգապատ, եւ ցուրտ մթնոլորտին մէջ կը լսուի տեսակ մը անսովոր աղմուկ, նման ամբոխային ժխորի. Րումելիցի գաղթականներն են որ դէպի Ասիոյ ներսերը կը չուեն։

Օրն ի բուն, Սկիւտարի մեծ ճամբուն վրայէն անոնց կարաւանները յամրօրէն կ՚անցնին ու կ՚երթան դէպի անծանօթ կայաններ, փսիաթով ծածկուած սայլերու եւ սայլակներու անվերջ շարք մըն է որոնց մէջ կը խլրտին իրարու քով սեղմուած անասուններու նման կիներ, մանուկներ եւ ծերունիներ։

Ամբողջ օրը կը տեւէ այսպէս ու այս թշուառութեան յարատեւ պատկերը կը դղրդէ տեղացի ժողովուրդը, կը խռովէ զայն զանազան զգացումներով. անցորդներ կանգ կ՚առնեն եւ երկարօրէն կը նային այդ կարաւաններուն, եւ գաղթականներու դէմքերուն վրայ դրոշմուած սոսկումը եւ զարհուրանքը հաղորդական կը դառնան, ամենուն տրամադրութինները ինկած են եւ մարդոց մէջ յուզուած եւ անկայուն բան մը կայ, հակառակ որ ծանր ու խոնաւ օդին պատճառով ռմբակոծութեան աղմուկը գրեթէ անլսելի է եւ հազիւ սրուած ուշադրութիւններու համար օդի յամր եւ համաչափ թրթռացում մը կայ զգալի։

Երեւոյեան մշուշը աւելի խիտ՝ կը ծանրանայ միջոցին մէջ եւ սայլերը ու սայլակները կը շարունակեն անցնիլ։ Ճամբուն մօտիկը կեցած կը դիտեմ տարտամող կիսադէմքեր որոնք կը խուսափին ու կ՚անհետին։ Երբեմն խարտիշահեր մանկիկի մը պայծառ աչքը թափանցելով այդ մթին թշուառութենէն կը սեւեռի փայտաշէն եւ մերձաւոր տուներու վրայ։

Աշնանային տրտում երեկոյին մէջ գաղթականներուն կարաւանը կը շարունակէ սողոսկելով յառաջանալ։ Փսիաթէ ծածկոցներուն ներքեւէն, երբեմն հրաշքի պէս կը փայլատակէ նաեւ գեղեցիկ կնոջ մը նայուածքը որուն երազը կը տարտամի մէգի ծուէններուն մէջ. ի՞նչ թողուցած է իր լքուած հայրենիքին մէջ եւ ի՞նչ կորսնցուցած յոյսերու կամ իրաւունքներու մասին կը տխրին իր սեւ աչքերը։

Սայլակները կը ճռնչեն ու տաժանելիօրէն կը յառաջանան։ Պատանիներ ու երբեմն ալ կորաքամակ ծերունիներ կը վարեն զանոնք. երիտասարդներ չկան. անոնց կեանքը մարած է արիւնի շոգիի մը մէջ, կամ փախստական են ամօթով հալածուած եւ կամ վիրաւոր ու լքուած զինուորներու եւ ձիերու նեխուող դիակներու միջեւ։

Աւելի թանձր քան աշնանային մէգը, անանուն եւ ընդհանրական թշուառութեան ամպին մէջ կը կորսուին ու կը չքանան անհատական վիշտերը. մռայլ ու դաժան, դժբախտութիւնը կը սաւառնի օդին մէջ, իրենց գլուխներուն վերեւ ու թեւատարած կ՚առաջնորդէ կարծես գաղթականներու կարաւանը։

Բայց կարաւանը կ՚ընկրկի իրեն առջեւ ընդնշմարող դժնդակ ճակատագրէն, կարծես կը յամենայ իր ճամբուն վրայ, սայլերը կը դանդաղին, երբեմն կը կենան, իրենց հետեւող տաւարները երկայն ու հայրենաբաղձ բառաչիւններով մթնոլորտ կը լեցնեն եղերականօրէն, մինչ գաղթականները վրդովուած, անմիանալի բառերով ու կոչերով իրարու հետ կը հաղորդակցին. խուլ եւ հեծեծագին աղաղակ մը ահա պիտի բարձրանայ, տղեկ մը կը ճչէ ու շատ մը ձայներ հառաչանքով կը պատասխանեն. կարծես ամբողջ աշխարհ մըն է որ կը հեծեծէ…

Հալածակա՜ն ու փախստական…

Ի՞նչ կայ իմ եւ իրենց մէջ որ ահա կը նոյնանայ, կը ներդաշնակուի…իրենց արտայայտութեանց զարհուրանքը իմ մէջս կ՚արթնցնէ հազիւ թէ ամոքուած ընտանի եւ խոր ցաւեր, անմոռանալի վիշտեր։ Կը տեսնեմ որոշակի իմ ցաւագին յիշողութեանս մէջ, տարբեր երկրի մը երեկոները երբ մեր դիմացը կը տեսնէինք աղետեալներու ծով մը ալեծածան։ Եթէ իրարու թշնամի ժողովուրդները գիտնային որ դժբախտութեան օրերու մէջ նոյն կերպարանքը ունին, նոյն հոգին, նոյն հառաչանքներն են որ կ՚արձակեն, նոյն անէծքները հեծեծագին ու նոյն աղերսանքները՝ նման շեշտերով ու վանկերո՜վ… թերեւս անկարելի ներդաշնակութիւնը եւ եղբայրութիւնը հնարաւոր ըլլար թշուառութեան գերագնութեան մէջ։

Ահա կը զգամ որ հոգիս կը թեւաբախէ եւ կը փորձէ իր բանտէն ազատիլ. իմ մարդկային յուզումս գթութեամբ կը տարածուի տարացեղ հալածականներուն վրայ՝ բայց կարծես խուսափելով վարանումներու տաժանելի հարկէն կը խոտորիմ ճամբէս եւ կը մտնեմ արտերուն մէջ։ Ոխերու եւ քէներու կապանքներով հոգիս ճնշուած է եւ անիկա թեւատ՝ անգամ մըն ալ կ՚իյնայ արդարութեան եւ իրաւունքի ընդունուած գաղափարներու մէջ։

Իրիկունը հետզհետէ ցուրտ է. մշուշով ամպամած երկնակամարին վրայ աստղերը հազիւ լուսեղէն եւ տարտամ տժգունութիւն մը կը սփռեն. յետամնաց սեւ թռչուններ արագօրէն կ՚անցնին ու կ՚անհետին եւ մօտակայ թաղերու բնակարանները կը պլպլան դարձեալ իրենց անհամար լոյսերով։

Հոգիս յանկարծ կ՚ազատի իր կապանքներէն ու տիրական, խոր եւ անբռնաբարելի զգացում մը զիս կը տոգորէ ամբողջովին եւ անվերապահօրէն մարդկային թշուառութեան յուզումովը։ Կարծես դարաւոր ձայն մը մեծաբարբառ կը խօսի իմ մէջս եւ այդ ձայնին մէջ հպարտութեամբ կը ճանճնամ իմ հայրերուս ոգին՝ խաղաղ, պայծառ ու ներողամիտ։

ՎԵՐՋ