Պրոմեթէոս ազատագրուած

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԻՒՐԱՆՈՑԻ ՍԵՆԵԱԿՍ ԵՒ ՀԻՆ ԲԱՐԵԿԱՄՈՒՀԻ ՄԸ

 

Հիւրանոցիս սենեակը հաճելի է եւ ամէն յարմարութիւններ ունի։ Առաջին րոպէէն իսկ չզգացի այն մերժողական եւ օտար մթնոլորտը որ նոյն իսկ առաջնակարգ հիւրանոցի սենեակ մը ունի նոր հասնող մէկու մը համար։ Մեղմ եւ միօրինակ տաքութիւն որ չես գիտեր ուրկէ կը բղխի եւ օդը միշտ թարմացած է առանց պատուհան բանալու։ Բայց ինչ որ այդ ընտանութիւնը յառաջ կը բերէ լայն եւ հանգիստ գրասեղանն է։ Ելեկտրական առանձին լամբա սեղանին վրայ, հեռախօսի գործիք եւ հասցէներու գրքեր. գրելու բոլոր պէտք եղածը, մելան գրիչ, մատիտ եւ մաքուր ծծուն թղթով ծածկուած թղթակալը որ կարծես կը հրաիւրէ աշխատութեան։

Նախապէս ինձ տրամադրուած էր առաջին յարկը ընդարձակ սենեակ մը, երկու բաժանումով. ննջարան եւ սալոն` կահաւորուած մաքուր եւ հանգստաւէտ կարասիներով։ Բայց որովհետեւ միայն գիշերները տունն էի, աւելորդ համարեցի մնալ այնքեղ եւ իմ խնդրանքովս ինձ փոխադրեցին աւելի համեստ սենեակ մը, երրորդ յարկի վրայ, ուր գտայ նոյն սարքաւորումով գրասեղան մը։

Ինչքա՜ն կը սիրէի այդ փոքր սենեակը ուր կը մտնէի ուշ երեկոյին եւ ուր այնքան յարատեւ եւ լարուած ոգեւորութիւնով կաշխատէի մինչեւ գիշերուան ժամը 2-3 եւ առաւօտեան ամենէն ուշը 7-ին ոտքի էի, անհամբեր` օրական ծրագիրներս գործադրութեան դնելու։

Դիտեցի որ աշխատութեան այն թափը որ մարդս կզգայ իր շուրջը, մեծապէս վարակիչ է եւ կազդուրիչ։ Յետագային Խորհրդային Հայաստանի մէջ զգացած եմ այդ նո՛յն կազդոյրը, նո՛յն վարակիչ աշխատունակութիւնը։ Տեւական ներքին մղում` մտածածդ, ծրագրածդ գործադրութեան դնելու եւ երբէ՛ք չի մտահոգուելու թէ տուեալ ժամանակի մէջ այս ինչ գործը կարելի է՞ թէ չէ։ Շաբաթներէ յետոյ միայն անդրադարձայ որ օրական հազիւ 3-4 ժամ կը քնեմ եւ բարեկամներու խորհուրդով որոշեցի մեղմացնել այդ սպառիչ րէժիմը։ Բայց եւ ոչ մէկ ժամանակ եւ ոչ մէկ տեղ ինքզինքս չեմ զգացեր այնքան թարմ, արթուն եւ տրամադիր որքան Խորհրդային Հայաստանի մէջ անցուցած օրերուս։

Տեսակ մը ներքին անսահմանելի անդորրութիւն խորքը կը կազմէ իմ տրամադրութեանս. ինչքա՜ն բան կայ խառն եւ անբացատրելի իմ այդ տրամադրութեանս մէջ որ չէ կարելի վերլուծել. ներդաշնակութիւնը որ կզգամ իղձերուս եւ իրականութեան մէջ… վստահ եւ հաստատ բարեացակամութիւնը անոնց որ կը կերտեն այդ իրականութիւնը… կեանքի պայմաններու դժւարութիւնները եւ համեստութիւնը առաջնակարգ դիրքերու վրայ եղող մարդոց, ներդաշնակութիւն խօսքի եւ գործի մէջ… եւ մանաւանդ այն տենդագին ու շտապ գործունէութիւնը որուն րիթմը կզգաս ամէն տեղ եւ որ հետզհետէ կարագացնէ մտածումդ եւ շարժումներդ… եւ այն տարօրինակ գրեթէ տարփական հրայրքը որով վառուած են մարդիկ, բացերը լրացնելու, աւելի շուտ հասնելու գերագոյն նպատակներու…

Բայց վերադառնանք շօշափելի իրականութեան։

Մոսկուա նոր հասեր էի երբ բարեբաղդութիւնը ունեցայ գտնելու հին բարեկամուհի մը Էլիզապէթ Գրիգորովնա Իւզբաշեան որուն հասցէն ունէի նախապէս։ Տիկին Իւզբաշեանը ճանչցեր էի 1916-ին Բագուի մէջ, ուր առաջնակարգ դիրք ունեցող կին էր եւ գրեթէ ամբողջովին նուիրուած հասարակական գործունէութեան։ Գիտէի որ դեռ այն ժամանակէն կը հետաքրքրուէր բանուորներու կեանքով (իր ամուսինը ինժէնիօր էր բէթրոլի հանքերու մէջ) եւ նախաձեռնութիւնը ունեցած էր բանուորական շրջաններու համար կազմակերպելու ժողովրդական թատրոն. կզբաղէր նաեւ ուսումնարաններով եւ չափահասներու կրթութեամբ եւ այլ շարք մը այս կարգի գործերով։ Կը յիշէի իր յատկութիւնները եւ աննախապաշար միտքը… Բայց անկէ ի վեր այնքա՜ն ջուր անցեր էր կամուրջին տակէն եւ այնքա՜ն բան հիմնական փոփոխութիւններու ենթարկուէր էին… ինչքա՜ն հին բարեկամներ այսօր դարձեր էինք իրարու օտար եւ նոյն իսկ թշնամի…

Լսեր էի որ անիկա կորսնցուցեր է իր ամուսինը դժուար պայմաններու մէջ, լսեր էի որ կորսնցուցած է իր բոլոր հարստութիւնը եւ այժմ ոեւէ գործ կը փնտռէ ապրելու համար։ Ուրեմն որոշ կանխահոգութեամբ կը մտածէի իր մասին եւ կը խորհէի որ այժմ մեր մէջ կարող է գոյութիւն ունենալ տրամադրութիւններու անհաշտելիութիւն. բայց եւ մեծ փափաք ունէի զինքը տեսնելու։

Տիկին Իւզբաշեանը գտայ բազմամարդ տան մը բազմամարդ մէկ յարկաբաժինին մէջ ուր ամէն մէկ սենեակը ընտանիք մը կը պատսպարէր։ Անիկա իր պառաւ մօրը հետ ապաստան գտեր էր յարկաբաժնի խորքը, ուր երկու միջանցուկ սենեակ ունէր իր տրամադրութեան տակ, ինչ որ կը համարէր արդէն բացառիկ բաղդաւորութիւն։ Զինքը գտայ նոյնը, իր հաճելի ժպիտով, նոյն քաղցր եւ երազուն նայուածքը, նոյն ջերմ բարեկամական վերաբերմունքը։ Իր նախկին հարստութենէն պահեր էր մէկ երկու կարասի եւ իր լայն հիւրասիրութիւնը։ Երկրորդ սենեակին մէջ խոհանոց եւ ճաշարան մօրը կողքին որ անդամահատ էր եւ գամուած անկողնին, թէյ առինք (համարեա հին օրերու կարգ ու սարքով եւ քաղաքավարական ձեւակերպութեամբ) եւ խօսակցեցանք։

Էլիզապէթ Գրիգորովնա առանց այլ եւ այլի կընդունէր նոր կարգորը եւ բացառիկ լայնախոհութեամբ կը հասկնար որ իր անձնական կորուստները եւ կեանքի դժուարութիւնները ինչքան ալ տաժանելի յառաջացած տարիքով մէկու մը համար հետեւանք էին ընդհանուր կացութիւններու եւ որ պէտք է այդ բոլորը կրել համակերպութեամբ։ Նա ինքնաբերաբար ինձ առաջարկեց ինքզինքը դնել իմ տրամադրութեանս տակ, ինձ ընկերանալ ուր որ կը փափաքիմ։ Եւ իրաւամբ, նա անխոնջ եւ եռանդուն կերպով ինձ օգնեց ամէն անգամ որ խնդրեցի եւ յաճախ ինձ ծառայեց իբրեւ թարգման։ Իր աջակցութիւնը շատ թանկագին եղաւ ինձ եւ որքա՜ն ուրախ պիտի ըլլայի ի փոխարէն իրականացնել իր համեստ իղձը։ Էլիզապէթ Գրիգորովնա կը փափաքէր ոեւէ գործ գտնել եւ աշխատիլ Խորհրդային Հայաստանի մէջ։ Իր Կովկասցիի երազուն աչքերը կարօտ ունէին արեւի…եւ անիկա պահանջք ունէր նաեւ աւելի ընտանի եւ սեղմ շրջանի մէջ գործով ապացուցել որ կարող է անցնիլ իր անձնական կորուստներու ներշնչած զգացումներու վրայէն եւ անկեղծօրէն ու իր կարելի բոլոր միջոցներով աշխատակցիլ ոեւէ գործի, նոր կարգերուն մէջ։

Միակ բանը ուրկէ կը գանգատէր այն էր որ չէին ուզեր ըմբռնել իր դիտաւորութիւններու անկեղծութիւնը, ոչ թէ թերահաւատ էին, այլ անուշադիր։

Այստեղ ոչ ոք ինձ չի ճանաչում… կ՚ըսէր մեղմ ձայնով, իսկ նրանք որ ինձ ճանաչում են, իմ օրիս են…

Անդրադարձեր էր որ երբ գործի համար կը դիմէր ոեւէ տեղ, իր սոցիալական ծագումը անմիջապէս կը փակէր իր դէմ բոլոր հնարաւորութիւնները։

Նա չէր ըմբոստանար եւ դառնութեամբ չէր խօսեր այդ մասին. նոյն իսկ արդար կը գտնէր որ այժմ այդպէս է։

Բնական է որ նախ տեղ եւ գործ պէտք է տան նրանց որ հին կարգերում եղեր են զրկուած եւ ճնշուած։

Բայց կը կարծէր որ եթէ գիտնային իր անձնական տրամադրութիւնը, վերաբերմունքը տարբեր կլլար իր մասին։ Բայց ի՞նչպէս յայտնել եւ ապացուցանել այդ տրամադրութիւնը.

Միթէ հէնց հին կարգերում, ես մօտ չե՞մ եղել աշխատաւորներին. դուք շատ լաւ գիտում էք որ ոչ միջոցներս եմ խնայեր ոչ իմ ժամանակը եւ այդ` այնպիսի օրերում երբ կարող էի ինձ համար ման գալ ուր որ ուզենայի եւ այն պայմաններում որ փափաքէի…

Ի՞նչպէս իրեն բացատրել որ այդ անձնական րոմանտիքական եւ անտարակոյս ազնիւ վարմունքը դէպ ի այն բանուորները որոնք չարաչար կեղեքման եւ ճնշումի կենթարկուէին իր դասակարգի մարդոց կողմէ, տարբեր բան է, եւ աշխատաւորութեան պայքարի եւ արիւնահեղ կռիւներու միջոցով ձեռք բերած իրաւունքները` տարբեր բան։

Երբ բանուորական կօօբերատիվ ճաշարանին մէջ, սեղանի մը առաջ նստած կը ճաշէինք եւ կը խօսէինք, քանի՛ անգամներ ուզեր եմ սրտաբաց կարծիքս յայտնել։

Վերապրելով տապալուած հին կարգերէն կամայ թէ ակամայ խզուած մեր դասակարգէն, այսօր կը կարծենք որ իրաւունք ունինք ուշադիր վերաբերմունքի անոնց կողմէ որոնց վտանգներով լի պայքարին չենք մասնակցած որովհետեւ, անցեալին մէջ, երբեմն, երբեմն, ըմբոստացեր ենք մեր դասակարգի անխնայ եւ բիրտ կեղեքումներուն դէմ եւ անզօր ճիգեր ըրեր ենք անոր հետեւանքները մեղմացնելու…

Մտամփոփ երեւոյթս անհանգիստ կ՚ընէ Էլիզապէթ Գրիգորովնան եւ կարծես կը թափանցէ իմ մտածումներուս։

Պիտի լինի` մի տարբերութիւն մեր եւ նրանց մէջ որ խուլ, բայց յամառ թշնամութեամբ լիքն են նոր կարգերին։

Ի հարկէ կը լինի… բայց պէտք է համբերել եւ տոկալ… Եթէ որ եւ է բանի պէտք եկանք, լա՛ւ, եթե ո՛չ, աւելի վատ մեզ համար... կը տեսնե՛նք…

Դուք նմանում էք լաւ խաղացողներին… նետում էք ձեր բոլոր քարտերը սեղանի վրայ…

Եվ Էլիզապէթ Գրիգորովնաի դէմքը կը պարզուի ժպիտով։

Հաճոյքով անդրադարձայ որ անիկա կը սիրէր ինձ հետ ըլլալ եւ ի՜նչ գորովանքով ինձ կը շրջապատէր ամէն կարգի խնամքներով։ Իր շատ վտիտ քսակէն բան մը կը տրամադրէր յաճախ, ինձ բերելու համար ծաղիկներ, քաղցրեղէններ։

Իմ բոլոր բողոքներս այդ մասին կը մնային ապարդիւն։

Չէք իմանում թէ որքան ձեզ հետ խօսելիս շատ բաներ պարզւում են ինձ համար… եւ ինչքա՜ն հանգստանում եմ…

Յաճախ ինձ կը զգուշացնէր մարդոց մասին որ կուգային ինձ տեսնելու Եւրոպայի անցուդարձերու մասին բան իմանալու որոնք իր հին ծանօթներն էին, բայց որ իր կարծիքով անկեղծ եւ մաքուր սրտով չէին կպած «նոր կարգերին»։

Խոր եւ արհամարհական վերաբերմունք ունէր մանաւանդ ամէն կարգի «սբեկիւլանտներին»։

Հետզհետէ աւելի եռանդով եւ անձնական հետաքրքրութեամբ կընկերանար ինձ ամէն տեղ։ Երբ բազմայարկ հիմնարկներու սանդուղներէն կը բարձրանայի արագութեամբ, առանց սպասելու վերելակին որ կամ վերի յարկն էր եւ կամ լիքը, ինձ կը հետեւէր դժուարութեամբ, յաճախակի կանգ առնելով շնչասպառ եւ իր քաղցր նայուածքը ներողամտութիւն կը հայցէր իմ անհամբերութենէս, իրակամայ թուլութեան համար։ Եւ հազիւ մէկ գործ աւարտած երբ պէտք էր վազել ուրիշ տեղ, մտնել լիքը հանրակառքեր, կամ քայլել կէս ժամ, մէկ ժամ, յետոյ կրկին բարձրանալ ուրիշ սանդուղներէ առանց սպասելու վերելակներու դարձին…։

Խե՜ղճ Էլիզապէթ Գրիգորովնա… Ես խորապէս համոզուած էի իր ուղղամտութեան եւ երեք ամիս յետոյ, երբ Հայաստանի մէջ յոյս ունեցայ որ իր իղձերը կարող են իրականանալ, անմիջապէս գրեցի իրեն. նամակս մնաց անպատասխանի։ Ճիշդ այդ օրերուն, անիկա Մոսկուայի մէջ իր մտացիր մէկ րոպէին զոհ գացեր էր արկածի մը եւ մեռեր էր հիւանդանոցը առանց սթափելու։ Իր քաղցր եւ երազուն աչքերը երբէք չի պիտի տեսնէին հայրենի երկրին ջերմ արեւը, երբ իր սենեակին մէջ, շրջապատուած անհետացած հարազատներու պատկերներով եւ մէկ քանի հին կարասիներով, որոնք իր անցեալ փայլուն օրերը կը յիշեցնէին, ինձ կ՚ըսէր ցուրտէն սարսռալով.

Ինձ թւում է որ եթէ դեռ մի ձմեռ անցնեմ այս կլիմայում, չեմ դիմանա։

Հակառակ իր հուժկու երեւոյթին, թոքերը թոյլ էին եւ սիրտը հիւանդ էր։