Պրոմեթէոս ազատագրուած

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԼԵՆԻՆ

Ոչինչ նոր բան մը ըսած պիտի ըլլամ, եթէ այնքան ուրիշներէ յետոյ, ես ալ իմ կարգիս յայտարարեմ որ Լենինի արտակարգ, հսկայ, լեկենդական էութիւնը կը սաւառնի ամբողջ Խորհրդային Միութեան վրայ։ Բոլոր ճամբորդները, բարեկամ թէ ոչ, զգացած են այդ աննախընթաց երեւոյթը։ Լենինը այլ եւս չի կայ, բայց Լենինը միշտ կայ ամենուրեք եւ իր անտեսանելի ներկայութիւնը անօրինակ կենդանութեամբ զգալի է ամէն տեղ, ամէն մէկուն մէջ։ Այդ յարատեւ ներկայութեան զգացումը հետեւանք չէ միայն Լենինի պատկերներու առատութեան այլ նաեւ այն ջերմեռանդութեան որով ամէն մէկը տոգորուած է Լենինի հանդէպ։

Լենինի պատկերները, արձանները, կիսանդրիները, կը գտնենք ամեն տեղ եւ ամէն դիրքերու մէջ. երբեմն ոտքի կանգնած, երբեմն խօսելու դիրքի մէջ, երբեմն թեւերը երկարած գործարաններու վրայ, երբեմն խոժոռ, խիստ, հանդարտ կամ մտամփոփ։ Այդ պատկերներու մէկը կայ հիմնարկներու բոլոր սրահներուն, հասարակական բոլոր շէնքերուն մէջ, կայարաններուն, դպրոցներուն, նամակատան, կլիւբներուն, խանութներուն, ճաշարաններուն բոլոր սրահներուն մէջ։ ամէն տեղ եւ ամէն տեղ։

Այդ յաճախումը Լենինը ընտանի կը դարձնէ նոյն իսկ օտար ճամբորդին, որովհետեւ անոր տեսքը անդադար կ՚ընկարանայ մեր ամէն քայլին, մեր բոլոր կրած յուզումներուն, զարմացումներուն, տպաւորութիւններուն։ Դեռ խօսքը չեմ ըներ Լենինեան անկիւններուն, երբեմն համեստ, երբեմն ճոխ, կարմիր պաստառներու ամպհովանիի տակ, կարմիր խորքի վրայ, պատկերին կամ արձանին շրջանակը դրասանգուած կարմիր դրօշակներու ծալքերով։ Մնաց որ ընկերները իր անունը կարտասանեն ինչպէս եթէ քիչ առաջ իրեն հետ եղած ըլլային. անոր մէկ խօսքն է որ կը ծառայէ իբր առարկութիւն, կամ իբր ջախջախիչ պատասխան։

Վլատիմիր Իլիչի խօսքերը, դատողութիւնները, այսկամ այն ինչ խնդրի մասին յայտնած կարծիքը անցեալին չեն պատկանիր, այլ ներկային եւ ի զօրու են ինչպէս դեռ նոր արտասանուած անժխտելի հեղինակութեամբ խօսքեր։ Իլիչի պատգամները իրականացնելու համար ընկերներ եւ ընկերուհիներ կը մոռնան քունը եւ հանգիստը, ուտելը եւ խմելը, կը զեղջեն իրենց կեանքէն անձնական հաճոյքները եւ զգացումները եւ կարծես մղուած թաքուն զօրութենէ մը, վառուած անշիջանելի հուրքով, անդիմադրելի ուժերու պէս կը դիմեն դժուարհասանելի նպատակներու։

Այդ շարժիչ ուժը որ միստիքական տարտամ տրամադրութիւն մը չէ այլ էնկրկիա՝ որ կը կիրարկւի իրական եւ գործնական կեանքի մէջ, բեղմնակոր կը դարձնէ ջանքերը, կը բազմապատկէ մարդոց կորովը, հուն մը կուտայ այն կամեցողութիւններուն որոնք կրնային ցրուիլ, ծանծաղիլ եւ մղում կուտայ ամենուն։ Իլիչի պատգամները լենինիսմի օրինագիրքը կը կազմեն եւ անոնք կընդգրկեն գործունէութեան բոլոր ասպարէզները, նոյն իսկ մանրամասնութիւններ։ Անոնք պատասխաններ կուտան բոլոր հարցումներուն, հաւաստիքներ՝ բոլոր մտահոգութիւններուն եւ նեցուկ կը դառնան տատանումներու պարագային։ Անշուշտ կարող է յառաջ գալ երանգներ Լենինի խօսքերուն եւ գրածներուն մեկնաբանութեան մէջ, բայց այդ երանգները չեն կարող շեղեցնել անոնք որ ուշադրութեամբ կը հետեւին Լենինիսմի ոգիին եւ տառին։ Մնաց որ Լենինի պատգամները յստակ են եւ որոշ եւ որ եւ է երկդիմութեան առիթ չեն կրնար դառնալ։ Անոնք կուտան ցուցմունքներ ոչմիայն ներկայ կեանքի ընթացքին կատարուող գործերու մասին այլ եւ ապագային։ Մեր ժամանակներու ամէնէն հզօր եւ հաւասարակշիռ այդ իմացականութիւնը, Լենինի, իր արծուային կանարկը խորասուզեր է ներկայէն անդին եւ ի՜նչ ներկայ, օրհասական եւ վճռական կռիւներով, լինելու կամ չլինելու պայքարներով ծանրաբեռն եւ հաշուեր է ինչ որ տրամաբանօրէն պիտի կատարուի գալիք օրերու, յաջորդող հանգրուաններու ընթացքին։

Լենինի գերմարդկային պայծառատեսութիւնը լոյս կարձակէ ամէն ճամբաներու վրայ. անիկայ կարծես կանգնած է մարդոց անմատչելի գագաթի մը վրայ եւ կը տեսնայ պատմութեան ամբողջ բանորաման, համայնապատկերը, եւ ըստ այնմ կարձակէ իր անսխալական ցուցմունքները. այն կողմ վիհ մը կայ, այստեղ խոչընդոտ մը, այն կողմ ճանապարհը բաց է, կարող էք յառաջանալ, այս կողմ՝ զգո՛յշ... պէտք է դառնալ կողմնակի ճանապարհէն, չի դանդաղիլ այն ինչ կէտին վրայ...

Իր եզրակացութիւնները հետեւանք են ամենախիստ տրամաբանութեան, իր պատգամները արդիւնք են գիտական հետազօտութիւններու։ Իր խօսքը անագորոյն ճշմարտութիւն ունի, ինչպէս լաբորատորիայի մէջ ձեռք բերուած արդիւնք մը։

Լենին գերմարդն է. անիկա գերազանցեր է բոլոր չափերը, գլեր անցեր է բոլոր սահմանները։ Իր մասին կը խօսին թէ մտերմութեամբ եւ թէ ակնածանքով։ Իր բերնէն լսուած խօսքերը, վանկերը կը կրկնեն ինչպէս թանկագին աւանդութիւն եւ լէժա՞նտ թէ իրականութիւն... իր հրաշքի հասնող գործունէութեան մասին կը խօսին յեղափոխական կռիւի բաղդորոշ ժամերու ընթացքին անօրինակ երկիւղածութեամբ։

 

«Սրահին մէջ կերթեւեկէր, աչքերը գետին յառած եւ լարուած։ Տժգոյն էր ինչպէս արնաքամ եղած մէկը։ Ահա յանկարծ, առանց սպասելու տեղեկութիւններու, հրաման մը կուտայ, որոշում մը փոփոխութեան կենթարկէ... եւ ամէն անգամուն իր տուած պատւէրները բաղդորոշ դեր մը կը կատարեն. կարծես դարձեր էր տեսակ մը ընդունարան եւ անձամբ կը հետեւէր կռիւի բոլոր ճակատներու իրադարձութեանց։

 

Առանց տեսնելու կը տեսնէր, առանց լսելու կը լսէր եւ ոչ մէկ անգամ, ոչ մէկ աննշան մանրամասնութեան մէջ իսկ, Իլիչը չի սխալեցաւ։

 

Իր հիւանդութիւնը հետեւանք էր այն արտակարգ ուղեղային սպառումին որ քանի մը օրուան ընթացքին շռայլեց, ինչպէս ոչ մէկ մարդկային արարած կարողացած է ընել երբէք։

 

Իլիչը արիւն չի թափեց, բայց իր ուղեղով առաջնորդեց յեղափոխական կռիւը դէպ ի յաղթանակ»։

 

Առաջին օրէն ուզեցի այցելել Լենինի դամբարանը, բայց այդ ցանկութիւնս կարողացայ կատարել քանի մը օր յետոյ երբ արդէն ես ինքս զգացեր էի Լենինի անտեսանելի ներկայութիւնը եւ լսեր էի իր մասին այնքան ջերմեռանդ շրթունքներէ։

Իրիկուան ժամը 6ին (բացման ժամուն) հասայ դամբարանին առաջ։ Ելեքտրական լոյսերէ տժգունած մթութեան մէջ Կրէմլէնի պարիսպները խստամբեր խորքը կը կազմէին այդ մութ կարմիր շէնքին, որուն դրան առաջ խմբուած, կսպասէին արդէն գիւղացիներ, բանուորներ, զինուորներ։ Կային հեռաւոր հանրապետութիւններէ եղած քաղաքացիներ, որոնց տարօրինակ տարազները եւ թրքոմանի պղնձագոյն ու յատկանշական դէմքերը, ծանրակշիռ եւ խոհուն երեւոյթը, հեռաւոր եւ արտակարգ ուխտագնացութեան մը հանգամանքը կուտային այս ազցելութեան։ Ամէնքն ալ լուռ էին եւ լրջադէմ ու համբերութեամբ կսպասէին դամբարանի դրան բացումին որուն առաջք պահակները կանգնած էին անշարժ, արձաններու նման։

Վերջապէս դուռը բացուեցաւ եւ մեր ժամանման կարգով շարք կազմեցինք։ Յամրօրէն, մարդկային սիւնը յառաջացաւ, հետզհետէ սուզուեցաւ դամբարանին մէջ։ Երբ իմ կարգիս հասայ սեմին, տեսակ մը յուզում ինձ գրաւեց։ Անհնարին էր հաւատալ որ բաց աչքերով պիտի տեսնեմ Լենինը...

Կանցնինք նրբանցքէ մը, կիջնանք մէկ քանի ոտք սանդուղներէ, դարձեալ նրբանցք, կը բարձրանանք այս անգամ... ինձ կը թուի որ շատ երկար ժամանակէ ի վեր կը քալենք այսպէս, լուռ, մտամփոփ, անուշադիր իրարու։ Վերջապէս կը մտնենք սրահը։

Կեդրոնը, տեսակ մը բեմի վրայ, ապակեայ գմբէթի մը տակ, բարձրադիր մահիճի մը վրայ կը հանգչի Լենին։ Շիկահեր գլուխը, դէմքին համեմատութեամբ մեծ, լայն ճակատով, կը ծանրանայ բարձին վրայ։ Դիմագծերը, որ արդէն ծանօթ են նր բազմատեսակ պատկերներէն անաղարտ են եւ արտակարգ կերպով լաւ պահպանուած, միայն արտեւանունքը կարծես կը փակւին պարապ աչքերու վրայ. շէկ պեխերը եւ սրածայր մօրուքը կը շրջանակեն անգոյն շրթները որոնք արտասանեցին պատմութեան անցած բառեր եւ որոնք յաւերժացած են միլիոնաւոր շրթներու վրայ։ Կարծես մեղրամոմէ անդրի մըն է, այնքա՜ն հեռու է դիակնային տպաւորութիւն ներշնչելէ։

Ձեռքերը միացած են կուրծքին վրայ, բայց ծածկւած մարմինը կարծես չքացած է, զուրկ ոեւէ գիծէ։

Սրահին շուրջը կը դառնանք շարքով առանց կանգ առնելու, բայց դանդաղ, եւ կը դիտենք։ երբ ելքի դրան կը հասնիմ փափաք կզգամ վերադառնալու եւ կրկին սրահին շրջանը ընելու։ Աչքերս չեմ կարող հեռացնել այդ արտակարգ դէմքէն, բայց ետեւէս ինձ կը մղեն եւ դուրս կուգամ նրբանցքի մը մէջ։

Քանի մը րոպէէն բաց օդին ենք, Մոսկովեան աստղազարդ երկնքին տակ։

Ամէն ուղղութեամբ հանրակառքերը կանցնին շողշողուն լոյսերով։ Հրապարակը լիքն է մարդոց ստուար շարքերով։ Պողոտաներու հեռանկարները կը բացուին հետզհետէ իրար մօտեցող լուսաշարքերով։ Դիմացը, կամարի մը տակէն, շէն փողոցի մը աշխուժը կը յայտնւի։ Քանի մը քայլ կառնեմ եւ կրկին կը նայիմ ետեւ։

Դամբարանը մութ զանգուած մըն է Կրէմլէնի ժանիքաւոր պարիսպներու ստուերին տակ։ Ճակատը ելեքտրական լամբերու շարքը լուսեղէն երիզ մը կը կազմէ եւ կարմիր աստղ մը օդին մէջ առկախ՝ կարծես հրամայաբար ցոյց կուտայ նոր մարդկութեան մը յաղթական ճանապարհը։