Պրոմեթէոս ազատագրուած

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄՈՍԿՈՒԱ-ԹԻՖԼԻԶ
(ՃԱՄԲՈՒ ՆՕԹԵՐ)

Կը մեկնիմ Մոսկուայէն ժամը 2ին։ Տեղաւորւած եմ խցիկիս մէջ եւ կը ջանամ կարգ մը դնել մտածումներուս որոնք կարծես ամէն կողմերէ կը խուժեն եւ յառաջ կը բերեն մեկնումի յատուկ այն ցրիւ տրամադրութիւնը որ հետզհետէ կը դանայ անորոշ տանջանք։ Բայց քանի կը հեռանանք Մոսկուայէն տեսողական տպաւորութիւններ կը գրաւեն ինձ։ Տափաստաններ կը տարածուին անվերջ, սպիտակ՝ ձիւնի տակ։ Գետեր, առուներ, աջ, ձախ թեքումներով կը խզեն միօրինակութիւնը անծայրածիր դաշտահարթերուն։ Գիւղերը իրենց միայարկ փայտաշէն իզպաներով կզկտուած են ձիւնին համայնատարած սպիտակութեան մէջ։

Գնացքը կը սուրայ տատանուելով կողերուն վրայ։ Կարծես նաւ մըն է ճերմակ ծովու մէջ։ Մէկ մէկ կը լսեմ վայրաշարժի սուր ճչոցը եւ կը տեսնեմ ծուխի երկայն ծուէնը որ քամինկը քշէ դէպի ցած ամբողջ գնացքի երկայնքին։ Հեռագրաթելերը թանձրացած ձիւնեղէն լայն ծիրով կը բարձրանան եւ կիջնեն. սեւ թռչուններու երամ մը թեւ կառնէ կը բարձրանայ եւ կը սաւառնի գորշ մթնոլորտին մէջ։ Երկինքը ծանրաբեռն տեղալիք ձիւնով կարծես կը ցածնայ, կը մօտենայ տափաստաններուն. հեռու, հեռաւոր հորիզոնի մը վրայ եղեւիններու մութ թաւուտ մը, եւ յետոյ կրկին լայն տարածութիւն՝ եզերուած հորիզոնի կոր գծով ինչպէս բաց ծովու վրայ։

Մինակ եմ խցիկիս մէջ եւ դեռ առիթ չէ եղած ծանօթանալու իմ վակոնիս ճամբորդներուն որոնց հեի ամենայն հաւանականութեամբ պիտի անցնենք հինգ օրեր։ Նրբանցքին գորգին վրայ կերթեւեկեն միայն ծառայողին յուշիկ քայլերը։ Դրանս կը զարնեն։

 

Կը փափաքի՞ք թէյ առնել.

Այո՛, եթէ կը հաճիք...

Ոչ մէկ երկրի մէջ ճամբորդութիւնը այնքան հանգստաւէտ չէ, այնքան լաւ սարքաւորուած յարմարութիւններով, որքան Ռուսաստանի մէջ։ Կարծես հիւրանոցի սենեակի մը մէջ եմ կամ շոգենաւի խցիկ մը։ Լայն նստարան, փափուկ յենարանով. կողքիս սեղան մը, որուն վրայ առանձին ելեկտրական լամբը, վարդագոյն լուսարգելով, մտերմական անկիւն մը կը ստեղծէ ինձ համար։ Ծաղիկներ որ սիրելի եւ բարեկամական ձեռքեր դրեր են այնտեղ. հոգիս լիքն է անսահմանելի զգացումներով. կարծես կեանքս հարստացեր է յանկարծ նոր գանձերով... ։

Կը մթնէ։ Պատուհանիս շրջանակէն դուրս անձեւ գորշութիւնը խտացած մթութիւններով կսքօղէ ամէն ինչ. վարագոյրը կիջեցնեմ եւ կը մտադրեմ սթափիլ, դուրս գալ այդ անորոշ եւ երազային տրամադրութեէն որը լինքն է խռովքով եւ յուզմունքներով։ Թերեւս եւ անիկա քանի մը օրուան տենդագին հեւ ի հեւ կեանքիս հակազդեցութիւնն է։

Վակոնին մթնոլորտը գաղջ է եւ մաքուր։ Եթէ չի ծուլանամ եւ գիրք մը վերցնեմ կարդալու համար, կարող եմ բոլորովին մոռնալ որ ճամբու վրայ եմ, գնացքի մը մէջ։ Ահա եւ ծառայողը կը բերէ բաժակ մը ոսկեգոյն թէյ։

Կը ցանկա՞ք որ եւ է բան.

Ո՛չ, ընկե՛ր...

Դեռ կարելի է ծխել ընկողմանած նստարանին վրայ, ինքնիրենս կը ծիծաղիմ մտաբերելով այն մտահոգութիւնները որոնցմով ինձ կը շրջապետէին «բարեկամներս» բարիզէն մեկնումի նախօրեակիս...

Դուրսը ցուրտ է, ձիւն եւ բուք։ Ճաշարան երթալու համար երբ կանցնիմ մէկ վակոնէն միւսը կանդրադառնամ փոթորկայլի գիշերին որ կը տիրէ դուրսը անծայրածիր տափաստաններուն վրայ։ Քամին կը մռնչէ եւ ձիւնի փոշի մը կը մաղուի անցի երկու կողմերէն։

Հանգիստ քուն, մաքուր անկողնի մէջ։ Առաւօտուն կարթննամ սքանչելի տրամադրութեամբ։ Կարծես մի ինչ որ անակնկալ ուրախ բան է պատահեր։ Խզուեր եմ արդէն մեկնումի պահերէն եւ միտքս կը սուրայ դէպի նոր ժամանումներ։

Նրբանցքին մէջ կը հանդիպիմ մեր վակոնի ճամբորդներուն։ Ինձ կը նային հետաքրքրութեամբ։ Իրենքիրենց մէջ ծանօթութիւն հաստատեր են արդէն ու իրար հետ կը խօսին. տպաւորութիւններ կը փոխանակեն։ Իմ մասիս գիտեն արդէն. «Արտասահմանցի» ճամբորդն եմ։

Իմ դրկից հարեւանս Մոսկուա բնակող իտալացի մըն է. կողքի խուցը գրաւեր է կարմիր բանակային սպայ մը որ հանքային ջուրերը կերթայ արձակուրդով։ Երրորդ ճամբորդը պարսիկ է, վաճառական, բայց ունի դիւանագիտական անցագիր որով կը պարծենայ եւ որով կը կարծէ յաղթել բոլոր դժուարութիւններուն հակառակ որ կզգանք թէ ճնշուած է իր բեռերու մաքսային քննութեան հոգով որը տեղի պիտի ունենայ Բագուի մէջ։ Հակառակ որ մենք ոչ մէկ հանգամանք ունինք այդ հարցին մէջ, մեզ ամէն մէկիս կը բացատրէ թէ իր սնտուկներուն մէջ եղած մետաքսեայ հագուստները ծախելու ապրանք չեն այլ նուէրներ իր բարեկամներու կիներուն։ Եւ յետոյ Խորտրդային Միութենէ կանցնի տրանզիտ թէեւ Բագու պիտի մնայ քանի մը օր Պարսկաստան անցնելու համար։ Անմիջապէս որ ինձ կը տեսնայ նրբանցքին մէջ, կուգայ մօտս եւ կսկսի խօսիլ ֆրանսերէն լեզուով. թուխ եւ ճարպոտ դէմքը կստանայ սիրալիր արտայայտութիւն երբ կը խօսի ստնուկներու բովանդակութեան մասին. ու իր դիտաւորութիւններուն անմեղութիւնը հաւաստելու համար, յանկարծ կսկսի գովաբանել Ֆրանսան կարծելով թէ Ֆրանսացի եմ։ Երբ կը լսէ թէ հայ եմ, պահ մը կը մնայ անորոշ, յետոյ կը յայտնէ թէ Թաւրիզի մէջ (Ատրպատականցի պարսիկ է) ունի շատ հայ բարեկամներ, եւ թէ բոլոր հայրեը նոյնը չեն...

Շատ շնորհքով հայեր կան Թաւրիզի մէջ... ։

Ես կերթամ Երեւան.

Ա՜հ Երեւան, նոյնպէս ժամանակին եղեր է Պարսկաստան.

Հին պատմութիւն է.

Ափսո՜ս... անցեալը միշտ կը փնտռուի... ի՜նչքան լաւ էր այն ժամանակները, ճոխութիւն կար հարստութիւն եւ...

Աչքերը կը քթթէ նշանակելի կերպով մը եւ խորհրդապահութեամբ կաւելցնէ.

. . . եւ ազատութի՜ւն...

Կերեւի կը մտածէ իր սնտուկներուն. իհարկէ իրեն պէս երեւելի մարդ մը սարտարներու օրով կարող էր հակերով մետաքսեղէն փոխադրել առանց անհանգիստ ըլլալու։

Պարսիկին դրկից հարեւանը գէր կին մըն է մուշտակղ ծանրագին վերարկու հագած, դէմքը պարարտ շպարով, արտեւանունքը թանձր եւ շրթները կարմրած ներկով. ծանր օղեր կը զարնուին այտերուն ամէն մէկ շարժումին եւ կսպառնան պատռել ականջներուն բլթակները։ Այդ միջոցին սուր ձայնով կը խօսի իր միւս կողքի հարեւանին հետ որ Սոխումի շրջանի յոյն մըն է, ծխախոտի առեւտրական։

Պարսիկը ինձմէ յուսահատ, կը հեռանայ ծանր քայլերով եւ կը միանայ գէր կնոջ եւ Սոխումցի յոյնին։ Այդ միջոցին կը ծանօթանամ Իտալացիին հետ։ Անիկայ կը դիմէ ինձ բան մը հարցնելու պատրուակով, կը յայտնէ իրինքնութիւնը եւ գրեթէ անմիջապէս կը խօսի իտալիոյ տիկտատորին «գերազանց յատկութիւններուն վրայ»։ Ֆրանսա չի կարող իր տնտեսական եւ ֆինանսական ճգնաժամէն դուրս գալ (իտալացին ալ ինձ կը համարէ ֆրանսացի) եթէ շէֆ մը չի յայտնւի... խօսակցութիւնը այնպիսի ընթացք մը կստանայ պիտակուած յաճախակի «մեր մէջը խօսելով»ներով որ եւ է թիւրիմացութեան առաջքը առնելու համար կը յայտարարեմ ազգային ծագումս։

Ճաշի միջոցին միայն կը ծանօթանամ կարմից բանակային սպային հետ որ մինչեւ այդ մնացեր էր վերապահ։ Սպան ինձ կը բացատրէ որ գէր կինը նեպման մըն է ինչպէս եւ յոյնը. անոնք, երկուքը, պարսիկին հետ նոյն սեղանին շուրջն են եւ այլեւս կասկածով կը նային իմ կողմս։

Կարմիր բանակայինը երիտասարդ սպայ է խորհրդային դպրոցէ դուրս եկած, աշխատաւորական ծագումէ։ Երեք տարիէ իվեր աշխատեր է անդուլ անդադար. սորվեր է բացի իր ասպարէզի յատուկ ուսումքը, ֆրանսերէնեւ գերմաներէն։ Իր բաց եւ պարզդէմքը հաճոյք կը պատճառէ. կը խօսի բաւականին սահուն եւ իր մտքերը կը պարզէ յստակօրէն։ Լսելով իմ տպաւորութիւններս Մոսկուայէն, դէմքը կը պայծառանայ գրեթէ մանկական ժպիտով։ Ի՜նչքան բան կը բովանդակէ այդմիամիտ ժպիտը. անիկա արտայայտութիւնը չէ բնաւ ազգայնական սնափառութեան այլ այն մարդկային հաճոյքին որ Արտասահմանցիներ հաղորդակից կըլլան իրենց կեանքին եւ վերջապէս կըմբռնեն այդ իրողութեան խոր նշանակութիւնը, իրողութիւններ՝ որը նուաճելու համար այնքա՜ն իր նման երիտասարդ ուժեր աշխատեր, տառապեր եւ ճգներ են մինչեւ ծայրայեղ սպառում, մինչեւ երբեմն վաղաժամ մահ։

Այո՛, այժմ կարգարը այնպէս են, որ ինքը եւ իր նմանները կարողեն երթալ հանքային ջրերը, կազդուրուիլեւ թարմանալ ու շուտով վերադառնել գործին։ Ինք եւ իր նմանները կրնայի՞ն երբ եւ իցէ հին կարգերու օրով երազել նոյն իսկ այդպիսի հնարաւորութեան մը վրայ. հանքային ջրերը՜... ժամադրավայր հարուստներու, աստիճանաւորներու եւ առառաւելն բարձրաթոշակ ծառայողներու։

Զուսպ է իր արտայայտութիւններուն մէջ բայց այնքա՜ն խոր համոզուած. ու երբ պահ մը կանդրադառնամ որ իր կապոյտ ու պայծառ աչքերը կը ժպտին ինձ վստահութեամբ եւ բարեկամութեամբ այնքա՜ն հաճելի ջերմութիւն մը կզգամ որ կուզեմ որ եւ է խօսքով արտայայտել եւ կըսեմ եռանդով.

Ամբողջ աշխարհը սուր հետաքրքրութեամբ կը հետեւի ձեր գործին. ձեր նուաճուները կը հարստացնեն ամբողջ մարդկութիւնը...

Մենք չի պայքարեցանք մի միայն մեզ համար կըսէ աշխուժով։

Իտալացին ուրիշ սեղան է եւ աւելորդ ճիգեր կընէ մեր խօսակցութեան հետեւելու։ Քաֆէի միջոցին չի դիմանար, կուգայ մեզ մօտ։ Այլ եւս զարմանալի երրորդութիւն մը կը կազմենք։ Ամէն ատեն մեզ կը տեղաւորեն նոյն սեղանին շուրջ։ Վակոնին նրբանցքին մէջ երբ կը խօսիմ սպային հետ, անխուսափելիօրէն իտալացին կը միանայ մեզ։ Երբ կը փորձեմ առանձնանալ, հարեւանս ինձ կուգայ այցելութեան, կամ ինձ կը հրաւիրէ իր մօտ թէյ առնելու, միրգ ուտելու եւ ամէն անգամ խօսքը կը դառնայ սպային վրայ։

Լա՛ւ տղայ է, կըսէ ինձ գաղինագողի նայելով նրբանցքին մէջ։

Ի հարկէ լաւ տղայ է, կը հաստատեմ։

Մի ինչ որ բան անհանգիստ վիճակի մտներ է իտալացին։

Զզուանքով կը խօսի մեր վակոնին նեպման կնոջ մասին եւ առհասարակ արհամարհանքով՝ առեւտրականներու նկատմամբ։ Ինքը զինուորական ասպարէզի մէջ է, չի գիտեմ ի՞նչ գործով կը ճամբորդէ Անդրկովկաս։ Ոչինչ չեմ հարցներ եւ իր արհամարհական արտայայտութիւններուն կը պատասխանեմ բացարձակ լռութիւնով։ Այն ատեն ուրիշ բանի մասին կը խօսի։

Պէտք է ընդունիլ որ Ռուս ժողովուրդը հիանալի վերածնունդ մը ունեցաւ. այս երկրին մէջ կայ այնպիսի երիտասարդական աւիւն մը, այնպիսի...

Այո՛, այո՛... կը պնդէ, ինչպէս եթէ առարկէի, կարող էք ինձ հաւատալ, ես բոլորովին անկողմնակալ մարդ եմ։

Ճաշի միջոցներուն երբ երեքով ենք, մեր խօսակցութիւնները զուրկ չեն նրբամտութենէ։ Կը թողունք որ իտալացին խօսի եւ իր հարցումներուն կը պատասխանենք առեղծուածային կերպով մը. երբեմն սպան չի դիմանար եւ կը սկսի ծիծաղիլ դպրոցական պատանիի մը պէս. երբեմն ալ նայուածքը նշանակալից կերպով կը հանդպի նայուածքիս։

 

Երեկոյին ժամը 8ին կը հասնինք Ռոստով. Տօնի զմայլելի տեսարանը լուսնային լոյսով կը պարզուի մեր աչքին իր լրիվ գեղեցկութեան մէջ։ Ժամէն աւելի պիտի կենանք Ռոստով։ Կը փորձեմ իջնել գնացքէն եւ քիչ մը քալել։ Բայց դուրսը այնքան ցուրտ է որ շնչելն իսկ կը դառնայ տաժանելի։

Գիշերը վայրաշարժին մեքենան վնաս մը ունեցեր եւ նորոգեր են։ Բայց ես ոչինչ լսեցի։ Մէկ շունչով քնացեր եմ մինչեւ առաւօտ։ Չորս ժամ յապաղում ունինք։ Եթէ մեր կորսնցուցած ժամանակը գոնէ մասամբ չի շահինք, Թիֆլիս պիտի հասնինք առաւօտեան ժամը 2ին։ Ի՜նչ հեռանկար...

 

Կիրակի առաւօտ կը հասնինք Կովկասեան լեռնային շրջանը եւ ժամը 10ին հանքային ջրերն ենք։

Կլիմայական պայմանները փոխուած են։ Արեգակը կերեւայ կապոյտ երկնակամարին վրայ եւ ջերմ ճաճանչները կը վառեն պատուհանները, կը ցոլցլան դալար ծառերու վրայ, լոյս եւ փայլ կուտան նոյնիսկ քարերու բեկորներուն։ Կարմիր բանակայինը իջաւ։ Ձեռքի սեղմում, տսետանիա՜... ցտեսութիւն, ո՞ւր, ի՞նչպէս, բայց ո՞վ գիտէ...

Քանի կը յառաջանանք Կովկասի մէջ մեր վակոնը իր հանդիսաւորութիւնը կը կորսնցնէ ի մեծ դժգոհութիւն իտալացիին։ Միլիցիներներ եւ զինուորներ կը բարձրանան, կանցնին կը դառնան մեր նրբանցքներէն։ Մարդոց դիմագիծերը այլ եւս բոլորովին տարբեր ընդհանուր նկարագիր ունին։ Լեռնական կամ ոչ, նորեկները թուխ են, աւելի ճիշդ արեւահար եւ սեւաչուի։ Բայց այստեղ ալ կը գտնենք նոյն բարեկրթութիւնը եւ լրջութիւնը ամէն մէկու վերաբերմունքի մէջ, ինչպէս Ռուսաստանի մէջ։ Կարմիր աստղը մեզ կընկերանայ եւ քանի կը յառաջանանք մեր ճամբորդութեան մէջ, այնքան աւելի որոշակի կզգացուի նոր կարգերուն ստեղծած մասնայատուկ մթնոլորտը։ Կարծես ինչ որ մոգական բառերով մարդիկ խաղաղած են եւ մտած՝ հոգեկան տարբեր ոլորտի մէջ։

Մուշտակէ վերարկուով կինը վախվխալով դուրս կուգայ իր խուցէն եւ կարծես ճարահատ, առաջին անգամ ինձ հետ կը խօսի կէս ռուսերէն, կէս ֆրանսերէն։ Դէմքի միմիքան կամբողջացնէ խօսքերը։ Անիկա ահաբեկ երեւոյթ ունի.

Աւազակներ են այս մարդիկը, կըսէ ինձ մէկ մը աջ մէկ մը ձախ նայելով, զգոյշ եղէ՛ք։

Հին, հին դարուց յիշատակ... Բայց ես իմ կարգիս զուարճանալու համար ցոյց կուտամ իր ադամանդէ օղերը։

Մուշտակաւոր կինը ճիչմը կարձակէ, կը մտնէ խցիկը, դուռը կը կղպէ։ Քիչ յետոյ երբ դուրս կուգայ, ականջները թեթեւացած են իրենց աւելորդ բեռէն եւ աւելի հանգիստ կը նայիմ իր պարարտ եւ գունաւոր դէմքին։

Ահա եւ պարսիկը որ կայարանէն կը վերադառնայ ձմերուկ մը ձեռքին։ Այնքան ուրախ է որ կը պարէ նրբանցքին մէջ ծանր քայլեր առնելով եւ զգուշութեամբ դառնալով ինքն իր վրայ։ Երկու տարիէ ի վեր ձմերուկ չէ կերեր։ Իր սովորաբար մտահոգ դէմքը (սնտուկներուն համար) պարզուած է այդ միջոցին եւ խոշոր դանակ մը ձեռքը որ մախաղէ մը դուրս կը հանէ, կը պատրաստուի ջարդել ձմերուկը. կարմի՞ր դուրս պիտի գայ թէ դեղին... ահա՛ խնդիրը...

Ճաշի միջոցին իտալացին կը գտնեմ սեղանակից։

Բայց ճաշարան-վակոնը լիքն է նորեկներով։ Կոկորդային արտասանութեամբ, մարդիկ կը խօսին իրենց մայրնենի բարբառներով։ Չէրքէզներ են, Չէչէններ, զանազան ցեղերու պատկանող լեռնականներ։

Արեւը կը շողշողայ երկնակամարին վրայ եւ նոյն իսկ հարկադրուած ենք մէկ կողմի սգորները իջեցաել։ Օդը այնքան ջերմ է որ հովահարող գործիքները կը դառնան ձեղունին վրայ միօրինակ բզզիւնով։

Այնչափ ուրախ եմ վերագտնելով պայծառ եւ գունագեղ արեւելքը եւ մինչ իտալացինդժգոհ դէմքով կը դառնայ դէպի այդ բնիկները (ուրիշ կարգերու մէջ ի՞նչ գործ ունին ճաշարան-վակոնի մէջ) որոնք այնքան օտար են իրեն եւ տարաշխարհիկ, ընդհակառակը ես ինքս այնք՜ն մօտ կզգամ այդ թուխ եւ նիհար դէմքերուն, այդ կամարաձեւ սեւ յօնքերուն, այդ լայն բացուած աչքերուն. կարծես ազգականներ են ընտանի, եւ մերձաւոր։

 

Առաւօտուն ժամը 9ին Բագու։ Երկար պիտի մանանք կայարանը։ Կիջնեմ գնացքէն եւ կը յառաջանամ սպասման սրահը, դէպի ելքի դուռը։ Այդ սանդուղները... այդ հեռանկարը քաղաքային ... ինչքա՜ն յիշողութիւններ կան կապուած այդ վայրերուն հետ։ Բայց եւ այդ բոլորը որքա՜ն հեռու է, կարծես դարերու անջրպետով բաժնուած... վերջին տասնեակ մը տարիներուն, ո՛վ կարողացեր է, ապրեր է յաջորդական ժամանակաշրջաններ, ոչ թէ տարիներ։

Մուրճ-Մանգաղ... կարմիր դրօշակը կը ծածանի շէնքի մը վրայ։ Կը քալեմ մինակս արեւով ողողւած ճամբու մը աւազուտ փոշիներուն մէջ։ Նաւթի տարտամ հոտը կը ծփայ օդին մէջ։ Ճանճեր կը բզզան գլխուս շուրջը, թուրք աշխատաւորներ կանցնին արագ քայլերով. ինչքա՜ն ողնայարներ ուղղուեր են, ինչքա՜ն նայուածքներ դարձեր են շեշտակի... ո՞ւր անհետացեր է ուսարը կքած, խուսափուկ նայուածքովնկուն թուրքը որ ստուերի պէս կանցնէր պատերը քերելով։

Պահ մը եւս կանգ կառնեմ լրագրավաճառի մը մօտ, կը թղթատեմ լատինատառ գրքոյկներ, թերթեր եւ կը գնեմ օրուան թերթերը։

Վակոնին մէջ երբ խցիկս առանձնացած աչք կը նետեմ թրքերէն թերթերուն վրայ, անմիջապէս կը տեղեկանամ Լենինականի երկրաշարժին որ տեղի ունեցեր է Մոսկուայէն մեկնելէս անմիջապէս յետոյ։

Կրկին ձեռք կառնեմ Խորհրդային Ազրպեջանի թերթերը եւ ուշադիր կը կարդամ. եւ եղբայրակցական ցաւակցութեան եւ հոգածութեան շեշտը որ կը գտնեմ այդ ահռելի աղէտին առթիւ, միանգամ ընդ միշտ կամրացունէ իմ մէջ այն համոզումը որ Անդրկովկասի մէջ ամէն ինչ փոխուած է, թէ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած չարիք մը աղէտէ բոլոր ժողովուրդներուն համար եւ թէ մեր երկիրը պիտի դիմաւորէ այդ դժբախտ պատահարըզօրացած իր հարեւան երկիրներու սիրայօժար ընծայած ամէն կարգի աջակցութիւններով։

Բայց եւ այլեւս մինդեւ Թիֆլիս, Լենինականի երկրաշարժի լուրը կամպոտէ տրամադրութիւնս։

Կանցնինք Ալեադէն, յետոյ Գիւրդամիրէն որոնց անունները կապուած են ծանր եւ դժնէ յիշողութիւններու. ահա նաեւ Գանձակն պտղառատ կայարանը... Եւլախ, ուր հովիւ մը սրինգի վրայ կը նուագէ եւ հեռուէն կը լսեմ կաթիլ, կաթիլ ինկող ջուրի մը խաղաղ աղմուկը։

 

Կէս գիշերը մէկուկէս ժամ անց, գնացքը կը մտնէ Թիֆլիսի կայարանը։ Այդ յառաջացած ժամուն ոչ մէկ յոյս ունիմ ծանօթ մարդու հանդիպելու եւ ապաւինելով իտալացիին օգնութեան կը պատրաստուիմ կառքէն իջնելու երբ կը տեսնեմ Համլիկ Թումանեան իր եղբօրը հետ։

Երազ է՞ թէ իրականութիւն... ինքնաշարժը մեզ կը տանի թիֆլիսի քնած փողոցներէն. գաղջ գիշեր է, բուրումնաւէտ, խոնաւ հողի եւ թամարիսներու արտաբուրումներով։ Կը հասնինք հիւրանոց. հաճոյքով կը լսեմ վրացական լեզուն, արտայայտիչ եւ կարծես գունագեղ, հաճոյքով կը տեսնեմ լիքը դէմքեր, բարութեան եւ պարզամտութեան արտայայտութիւնով։ Կարծես դեռ երէկ այստեղ էի, Խզուած ժամանակը կը լեցւի արագութեամբ եւ բաժանման հեռաւոր ժամը կը կապուի ներկայ ժամուն հետ. կարծես միշտ եղեր ես այստեղ։

Հակառակ ուշ գիշերին, դեռ կը մնանք սենեակիս մէջ եւ կը խօսակցինք բարեկամաբար։ Այնքա՜ն բան ունինք իրարու հաղորդելու։ Յանկարծական կը փոխադրուինք Բարիզ, յետոյ Մոսկուա, ահա՛ Թիֆլիզ, Երեւան...

Լենինականի երկրաշարժը

Չուզեցի Ձեզ խօսիլ անմիջապէս այդ աղէտի մասին, բայց ահա...

Աղէտը մեծ է, վնասները անհաշուելի բայց եւ եղեր է անմիջականեւ եղբայրական օգնութիւն խորհրդային բոլոր երկիրներէն։ Մասնաւորաբար կանգ կառնենք Վրաստանի եւ Ազրբեջանի վերաբերմունքի մասին... ի՜նչ հիմնական տարբերութիւն դեռ մօտիկ անցեալէն.

Կը յիշէ՞ք... ։

 

Ժամը չորսն է եւ դեռ չեմ կարող հանգստանալ եւ քնել... Ներքին էութիւնս լարուած է անօրինակ եւ անսահմանելի ջանքի մը մէջ։ Ինձ կը թուի որ պատրաստ եմ... անհամբեր եմ... ի´նչ բանի...

Կը բանամ պատուհանս եւ կը կենամ պատշգամին վրայ։ Աստղազարդ երկինքը տեղ տեղ կը տժգունի եւ տեղ տեղկը խտանայ մթութեամբ։ Բուսական բեւեկնային բուրմունքը որով տոգորուած է գիշերային մթնոլորտը քաղցր արբեցութիւն մը կը պատճառէ։ Հեռուն, մէկը, հաւանաբար փողոց աւլող մը կերգէ մելամաղձոտ երգ մը։ Հայկական գեղջկական երգ մըն է որուն յանկերգը լսեր եմ յաճախ։ Ուրիշ ձայներ ալ կը լսուին. իրար կը կանչեն, իրարու կը պատասխանեն միավանկերով եւ աստղային գիշերուան անդորրութեան մէջ այդ կոչերը կարծես կը լրացնեն անօրինակ համադառնութիւն մը։

Կը նախընտրեմ նստիլ սեղանիս առաջ եւ իմ անձկալի ուրախութիւնս ամոքել որ եւ է զբաղումով։ Երկար նամակ մը կսկիմ գրել ընկեր Ս. . . ին որուն խոստացեր եմ երկտող մը ղրկել երբ հասնիմ Թիֆլիս։

Պատուհանիս ետեւէն գիշերը կը տժգունի, այգուն թափանցիկ եւ վարդագոյն լոյսը կը բացուի հետզհետէ։ Թռչուններ կը ճռուողեն մերձակայ պարտէզի մը մէջ։

Առաւօտը կը ծագի գեղեցիկ Թիֆլիսի վրայ յանկարծական շքեղութեամբ։ Ելեկտրական լոյսը կը մարեմ ընդունելու համար արեւի շողշողուն ճաճանչներ։

 

Անհամբեր հաճոյքով կանցնիմ Թիֆլիսի փողոցներէն կրկին կը քալեմ ծանօթ ճամբաներէ, կրկին կանցնիմ ծանօթ հրապարակներէ։ Դեռ այնքան կանուխ է որ սրճարանները եւ թէյարանները նոր կը բացուին։ Երեւանեան հրապարակի վրայ կը գնեմ «Մարտակոչ» մը եւ թէյարան մը մտնելով կը լափեմ թարմ լուրերը։

Ցնցումները կը շարունակուին Լենինականի մէջ բնակիչները մատնելով սարսափի, ականատեսի թղթակցութիւններ կը պարզեն աղէտին յառաջ բերած այլանդակ երեւոյթները եւ ահանաեւ խորհրդային Հայաստանի կառավարութեան ձեռք առած անմիջական միջոցները։ Կոմիսարները անձամբ աղէտի վայրն են եւ աչալուրջ կը հետեւին օգնութեան կազմակերպման։ Վրաստանի կարմիր խաչը եւ Ազրբեջանի կարմիր մահիկը փութացեր են աղէտին վայրը։ Նոյն իսկ հեռաւոր խորհրդային երկիրներէ եղբայրական ձեռք կը կարկառեն։

 

Կը տեսնեմ հին ծանօթներ, հին բարեկամներ։ Ամէնքն ալ կանգնած են այժմ խորհրդային գծի վրայ։ Ամենքն ալ խոր համոզուած կը թուեն այնանհաշիւ բարիքները որ խորհրդային իշխանութիւնը բերաւ Անդրկովկասի մէջ։ Մասնաւոր կերպով կանդրադառնանայն կատարեալ համերաշխութեան եւ եղբայրական վերաբերմունքին որ Անդրկովկասի ազգութիւնները ունին երարու հանդէպ։ Անուշադիր չեն նաեւ այն ընդհանուր վերելքին, մասնաւորապէս աշխատաւոր զանգուածներու մէջ յառաջ եկած հսկայական փոփոխութեան։ Մտերմական եւ առանձին տասակցութիւններու ընթացքին կը լսեմ խոստովանութիւններ մտքերու մէջ յառաջ եկած յեղաշրջումներու մասին, անկեղծ տրամադրութիւն՝ կարելի բոլոր միջոցներով նեցուկ ըլլալու նոր կարգերուն։ Ըսել չէ թէ երբէք չի լսեցի դժգոհութիւններ, գանգատներ եւ տրտունջներ մանաւանդ մտաւորականներու կողմէ։ Բայց այդ բոլորը կը բղխէին անձնական դիւրազգածութիւններէ, անտեսումներու, արժէքներու հիմնական տեղափոխութիւններու պատճառաւ։ Այն ինչ բանաստեղծը, որ տասը տարի առաջ յայտնուեր է իբր նոր բարձրացող աստղ, այսօր անփայլ կը շրջի մինաւորիկ, իր անձուկ ծիրին մէջ։ այն ինչը որ կարծեր է պահ մը, ոտքը դնել ասպանդակին մէջ. այսօր կորուսեր է իր երիվարը։

Ինչ որ սերունդներու ընթացքին կը կատարուի յամրաբար այստեղ կատարուեր է գլխապտոյտ արագութեամբ։ Դեռ երիտասարդ տարիքի մէջ մարդիկ կան որ կը վերաբերին տապալուած անցեալին։ Անհատներ կը վերապրին իրենց սերունդի անհետացման եւ բնական է այն տխրութիւնը, վշտագին համակերպումը որ երբեմն կը բարձրանայ մինչեւ շրթները։

Ոմանք ճիգեր կընեն դուրս գալու բարեացակամ հանդիսատեսի դերէն, նոր գինի լեցնելու իրենց բաժակներուն մէջ... ապրելու եւ արտայայտելու խորհրդային իրականութիւնը, բայց այդ ճիգերը մինչեւ այդ՝ դեռ մնացեր են գրական նոր սեռեր փորձելու սահմաններուն մէջ... Ու երէկի անյայտ պատանին որ աչքերը բացեր է պրոլետարիատի պայքարի եւ յաղթանակի օրերուն, ինքնաբուխ կերպով կը գտնէ իր ներշնչման աղբիւրները եւ իր արտայայտման ձեւերը, եւ նոր ու յաղթական գրականութիւնը կը կերտէ, հակառակ հին մեծ ու փոքր վարպետներու դժկամակութեան եւ լռին տհաճութեան։

 

Թիֆլիսի մէջ կրկին եւ սուր կերպով զգացի Յովհաննէս Թումանեանի վաղաժամ կորուստը։ Իր տունը մնացած էր ինչպէս որ էր անցեալին եւ երբ այնտեղ մտայ այցելելու այրիին եւ զաւակներուն չի կրցայ ինքզինքս ազատել տխրութեան ճնշող զգացումէ։

Նոյն ջերմ հիւրընկալութիւնը որ Թումանեան ընտանիքին յատուկ է, նոյն դէմքերը բոլորուած սեղանին շուրջ։ Միայն ինքը այնտեղ չէ։ Ահա իր առանձնասենեակը որ այլեւս յիշատակարան սենեակ մըն է, եւ ուր այնքան յաճախ, երկար ժամեր անցուցեր ենք զրոյց ընելով։ Կարծես դրան շրջանակին մէջ պիտի տեսնեմ իր քիչ մը կորաքամակ հասակը (որը կարծես յառաջ եկած էր դէպի խօսակիցը հակելու սովորոյթէն) պիտի լսեմ իր քաղցր ու դուրեկան ձայնը, յանկարծական ընդմիջումներով, քիչ մը անկապ՝ անվարժ մարդու համար, բայց եւ լրացած արտայայտիչ շարժուձեւերով եւ դիմախաղերով։

Նայելով բանաստեղծին մեծադիր պատկերին, խոր ցաւով կը մտածեմ թէ ինչքա՜ն իր տեղը բաց մնացած է, Յովհաննէս Թումանեան որ միշտ եւ անդրդուելի կերպով հաւատացած է Անդրկովկասի ժողովուրդներու եղբայրութեան, որ ամենէն ապերախտ եւ վատ օրերուն իր բոլոր հեղինակութեամբ ջանացած է ստեղծել համերաշխութիւն եւ հաշտ կենակցութիւն, որ թերեւս առաջին Անդրկովկասեան քաղաքացին եղած է բառին լայն նշանակութեամբ, արժանի էր որ իր աչքերով տեսներ իրականացումը իր հետապնդած նպատակին։ Յովհաննէս Թումանեան հին սերունդի պատկանող գրողներէն ամենէն շատ տուեալներ ունէր ըմբռնելու համար նոր մշակոյթի արժէքը։ Կը տեսնեմ իր ալեւոր եւ հայրական սիլուէթը գրական երիտասարդ սերունդին խումբերուն մէջ։ Կը տեսնեմ իր ժպտուն հասկացող եւ իմացական արտայայտութիւնը այն խիզախ յայտարարութիւններու հանդէպ, որոնց բնական յանդգնութիւնը, դէպի առաջ սուրացող խոյանքը կը խրտչեցնեն ոմանք եւ ջղագրգիռ կը դարձնեն շատերը։ Յովհաննէս Թումանեան որ եւ է մէկէ մը աւելի կունենար իմաստութիւնը ըմբռնելու որ ժամանակները լրացած են, թէ նոյն իսկ հրաժարում որոշ ընտանի գաղափարներէ եւ մտքի սովորոյթներէ, արիութիւն է տուեալ վայրկեանին եւ թէ խոնարհ՝ բայց դարձեալ ստեղծագործ դեր կատարեալ է, երբ մարդս կարող է դառնալ կամուրջ իրարմէ հեռացող ժամանակաշրջաներու մէջ, որպէսզի անցնին անոնք որ ուժ ունին անցնելու, եւ նոյն իսկ քանդեն այդ կամուրջը վերադարձի ճամբաները խզելու համար։

Յովհաննէս Թումանեան անտարակոյս կըմբռնէ իր դերին անօրինակ եւ խիստ գեղեցկութիւնը եւ այդ դերը կը կատարէր համոզումով եւ հաւատքով։

 

«Մարտակոչի» խմբագրութիւնը, Հայ Արուեստի տունը, իմ ամենօրեայ ժամադրավայրերս կը դառնան Խորհրդային Վրաստանի հայ փոքրասասնութեան ինքնուրոյն մշակութային կեանքը շատ հետաքրքրական է եւ շատ եռուն, բայց առաւելապէս պիտի ուզէի հաղորդակցութեան մէջ մտնել վրացիներու նոր կեանքի հետ։ Հապճեպ այցելութիւններ որ կընեմ խմբագրատուններ, հիմնարկներ, եւ այլ մէկ քանի գրական շրջաններու եւ մամուլի պատկանող անձեր որ կը տեսնեմ ընդնշմարել կուտան ինձ լայն հորիզոններ։ Բայց ժամանակս շատ կարճ է եւ կը մտադրեմ Վրաստան եւ Ազրպեջան կանգ առնել վերադարձիս։