Պրոմեթէոս ազատագրուած

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԴԷՊ Ի ՀԱՅՐԵՆԻ ԵՐԿԻՐ

Թեթեւոտն կը բարձրանամ Թիֆլիս-Երեւան հայատառ արձանագրութեամբ վակոնը։ Սեւաչուի հայ քօնտիւքթէօռը ինձ կառաջնորդէ տեղս. ուղեկիցներս հայ են։ Կայարանի քարափը ծածկուած է ճամբորդներու ընկերացողներով Ամէնքը հայերէն կը խօսին. արդէն կը զգամ որ հայրենի երկրին ճամբուն վրայ եմ։

Վակոնի մեր բաժնին չորս տեղերը բռնուած են. պահ մը կը խօսինք Լենինականի աղէտի մասին. ամէնքն ալ, բացի մէկէն, պիտի իջնեն Լենինական, ուր ազգականներ եւ բարեկամներ ունին։

Գնացքը կանցնի վրացական կայարաններէ, մինչեւ կը հասնինք սահմանագլխի կայարանը։ Հակառակ ցուրտին եւ գիշերին՝ չեմ կրնար տեղս հանգիստ մնալ։ Դռնակէն կը նայիմ դուրսը եւ ամբողջ էութեամբ կարծես կը ցանկամ ընդունիլ իմ մէջ անկշռելի եւ անսահմանելի բան մը, որով հաղորդակցութեան մէջ պիտի մտնեմ մեր երկրին հետ։

Քօնտիւքթէօռը խօսակցութեան կը բռնուի ինձ հետ

Կը մրսես, քուրի՛կ, այստեղ դուրսը ցուրտ է։

Չէ՛ կուզեմ նայիլ, տեսնել, եթէ կարելի է։

Տեսնելու բան չի կայ.

Ինձ համար շատ բան կայ։

Յետոյ արդէն մանրամասն տեղեկութիւններ կուտայ ինձ, երբ մանաւանդ լսէ Արտասահմանէն կուգամ։

Գնացքը ճամբայ կելլէ եւ մինչեւ յառաջիկայ կայարանը ինձ կը փոխադրեն ուրիշ բաժին մը, ուր միակ երիտասարդ մը կայ։ Այսպէսով կրնամ դիտելպատուհանէն։

Ուղակիցս խիստ դէմքով երիտասարդ մըն է. կը նայիմ իրեն եւ կը դիտեմ զինքը մայրական հրճուանքով։ Ինչպէ՜ս առոյգ է, գեղանձն եւ խրոխտ։ Աչքերը յառած «Մարտակոչ»ին՝ կը կարդայ առանց բարձրացնելու։

Երեւա՞ն կերթանք, կը հարցնեմ իրեն. պատասխան կըլլայ չոր եւ կտրուկ.

Ո՛չ, Լենինական։

Կը մտածեմ որ իմ ներկայութիւնս խանգարեց իր առանձնութիւնը։

Բայց ահա ինքն իր կողմէն կը ծալլէ թերթը եւ իր խելացի աչքերը ինձ դարձնելով կըսէ.

Հինգ վերստ հեռու այստեղից Շահումեանի տունն է։

Կը մօտենանք պատուհանին եւ մութին մէջ՝ անորոշ հեռաւորութեան մը, ինձ մատնանիշ կընէ ուղղութիւնը։

Կը խօսի նախ Շահումեանի վրայ եւ ի՜նչ ակնածանքով եւ յարգանքով է որ ինձ կը պատմէ այդ մեծ զոհի մասին… յետոյ իմ հարցումներուս պատասխանելով կը պատմէ որ ինք ուսանող է, բայց ստիպւած է միեւնոյն ատեն աշխատիլ եւ հոգալ իր հինգ հոգիէն բաղկացած ընտանիքը։ Իր դեռ պատանեկան մատղաշ դէմքը կարտայայտէ լրջութիւն եւ արիութիւն կեանքի դժուարին պայմաններու հեռապատկերին առաջ, որոնց հարկադրուած է յաղթելու։

Գնացքը կը դանդաղի եւ նախ քան կանգ առնելը կը նետուիմ խցիկէս դուրս։ Սատախլուի կայարանն ենք։

Լեռնային ցուրտ օդը կը զարնուի երեսիս, ինձ կը գրկէ եւ ամբողջ մարմնով կը սարսռամ։ Վակօնի դրան առաջ անյագ զգացումով կը դիտեմ դուրսը. եղեամը սպիտակացուցեր է գետինը, տանիքները, ծառերը։ Կայարանը խճողուած է մարդերով, ամէն կողմերէ գորովագին բացագանչութիւններ կը լսուին «Հա ջան», «Քե մատաղ»... ։ Կիսաստուերին մէջ կը սլանան հասակները երիտասարներու։

Զանգակը կը զարնէ եւ ճամբորդները կը բարձրանան իրենց վակոնները, քօնտիւքթէօռըկուգայ, ձեռքը փունջ մը ծաղիկ։ Ճերմակ ու կարմիր բարդ մարգարատծաղիկներ են. ինձ կուտայ փնջիկ մը եւ այդ առաջին ընծան որ կստանամ Հայաստանի մէջ գողտր ուրախութիւն մը կը պատճառէ ինձ։

Քնեցէ՛ք, քուրիկ քնեցէ՛ք, գիշերը ցուրտ է, մութ, եւ ոչին կարելի է տեսնել։

Ի՞նչպէս քնել. ամէն ինչ հետաքրքրական է ինձ համար։ Մնաց որ ուղեկիցս այլեւս ընտանեցած իմ ներկայութեանս կը խօսի շարունակեւ ես մեծ հաճոյքով կը լսեմ զինքը։ Կը կարծենք շատ բան գիտնալ արտասահմանի մէջ մեր երկրի եւ առհասարակ Խորհրդային կեանքի մասին եւ ահա ամէն մէկ բառը որ կարտասանէ երիտասարդը, նորութիւն մըն է, բացատրութիւն մը, լուսաբանութիւն մը։ Կը խօսի ուսանելու, սովորելու այն անյագ եռանդի մասին որ ցոյց կու տան մանաւանդ բանուորական ֆակիւլտէներու մէջ։ Առաւօտ կանուխէն մինչեւ ժամը 3 կաշխատին իրենց գործին, 3-5 կը ճաշեն եւ կը հանգստանան։ բայց ժամը 4էն մինչեւ կը հետեւին դասընթացքներու։ Կը բացատրէ թէ ինչպէ՞ս այդ դեռ երէկի անուս աշխատաւորները մեծ ընդունակութիւն ցոյց կուտան մանաւանդ գիտութեանց եւ տեքնիկական ուսումի մէջ։ Կը պատմէ մանրամասնութիւններ, հետաքրքրական դէպքեր։

Հետզհետէ կանցնենք կայարաններէ բայց եւ հետզհատէ կը գտնենք ցանցառ ճամբորդներ։ Նրբանցքին մէջ պահ մը կը դանդաղինք որովհետեւ կը խօսին Լենինականի երկրաշարժի մասին։ Եւ ամէնքը համաձայն են որ այդ տարերային աղէտը միեւնոյն ատեն ցոյց տուաւ որ երկրի կառավարութիւնը կը գտնուէր իր կոչումի բարձրութեան վրայ։ Օգնութեան գործի արագ կազմակերպումը, աղէտին հաւանական հետեւանքներու մասին զգուշական միջոցները եւ մանաւանդ Միութեան առատաձեռն եւ անմիջական աջակցութիւնըա ու միւս ժողովուրդներու եղբայրական վերաբերմունքը մեծապէս կը մեղմացնեն աղէտին պատճառաց վիշտը։ Եւ այստեղ պէտք է նօթագրել որ ոչ ոք միտում ցոյց կուտայ անձնատուր ըլլալու ողբի եւ յուսահատութեան։ Ընդհակառակը ուժերը աւելի լարուած են, մարդիկ, նոյնիսկ անձնապէս վնասուածները, արիութեամբ կը դիմաւորեն կացութիւնը։

Վերջապէս քունը ծանրացեր է աչքերուս եւ երազ մը կուրուագծուի մտքիս մէջ. կանցնիմ աւերակներու մէջէն եւ գմբէթներ եւ բարձրադիր պատեր կը դեդեւին, կօրօրուին աջ ու ձախ. կզգամ որ ամէն ինչ անհաստատ է, ամէն քայլի վտանգ մը կը սպասէ. ստուերի պէս կանցնիմ փլատակներու վրայէ եւ ելք մը կը փնտռեմ եւ ահա ամէն ինչ կանգ կառնէ, կը սեւեռի, կը դառնայ, հաստատուն։

Հասեր ենք Լենինական։ Ընդոստ կը կանգնիմ եւ կը նայիմ պատուհանէն։ Դուրսը ցուրտ է գետինը ճերմկած։ Կայարանի բոլոր պատուհանները լուսաւորւած են եւ մարդերու ահագին բազմութիւն մը կապոցներով բեռնաւորուած կը դիմէ դէպի գնացքը։ Այգուն տժգոյն մթնշաղին մէջ աւերուած քաղաքը կը տարածուի ձիւնեղէն սպիտակութեամբ։ Երկնքին վրայ կուտակուած ամպեր կը խոժոռին. կիջնեմ գնացքէն եւ առաօտեան սառուցիկ ցուրտին մէջ սարսռալով կը յառաջանամ մինչեւ կայարան։ Բազմաթիւ ընտանիքներ ապաստան գտած են այնտեղ ինչպէս նաեւ վակոններու անվերջ շարքերուն մէջ, որ Անդրկովկասի Ֆէտէրասիօնը տրամադրեր է անմիջապէս արկածեալներուն։ Կը նայիմ աջ, ձախ, կըա դեգարիմ աննպատակ եւ կը վերադառնամ գնացքը։

Ծանր եւ կարճատեւ քուն մը եւ ահա արեգակը իր շեշտակի ճառագայթներով կը լուսաւորէ շրջանկարը։ Աչքերս կը բացուին Դալարագեազի ձիւնապատ շղթային վրայ։

Արեւ արեգակ, ձիւնապատ լեռներ, լայնատարած հովիտը Սարտարապատի եւ ահա ձիւնափառ Արարատը, դէմառ դէմ նազեի Ալագեազին, որ մեղկօրէն կը տարածուի իր կողերուն վրայ ճերմակ քօղով ծածկւած։ Իրականութեան անդրադարձումը ուժգին բաղխում մըն է կարծես. ամբողջ էութեամբ յուզուած մտքովս կը կրկնեմ անդադար։

Հայրենի երկիր, Խորհրդային Հայաստան։