Պրոմեթէոս ազատագրուած

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԵՐԵՒԱՆ
(ԱՌԱՋԻՆ ՏՊԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ)

Լուսաշող եւ արդար արեգակը լոյս եւ ջերմութիւն կանձրեւէ։ Կապոյտ երկնակամարը կը տժգունի միջօրէի պայծառութեամբ։ Արեւելեան քաղաքի բազմատեսակ տեսիլները կը կերպարանաւորուին հետզհետէ մեր առջեւ։ Տարաշխարհիկ շարժապետկերի մը արագ յաջորդութիւն պիտի կարծէինք, եթէ անմիջապէս չի տեսնէինք մեզ ընտանի դէմքեր, տիպարներ։

Դեղին օքրը գոյն կը տիրապետէ. կարծես գետնի հողը, պատկերը, ամէն ինչ բան մը պահած են արեւի ոսկեգոյն արտացոլացումէն։ Կը մտնենք կեդրոնական թաղերը, կանցնինք պտղառատ խանութներու առաջքէն։ Եւ մթերքներու այդ առատութիւնը, ճոխութիւնը անմիջապէս միտքս կըտանի այն դժնէ օրերը երբ մարդիկ սովէկը մեռնէին փողոցներու մէջ։

Պէտքէ մեր կեանքը ապրած ըլլալ զգալու համար այն հրճուանքը որ բանջարեղէններու եւ միրգերու շռայլութիւնը կը ներշնչէ։ Նոր եփուած հացի ախորժաբեր հոտը եւ խորովացի ծուխի ծուէններ կը շեշտեն այդ տպաւորութիւնը։

Արեւ, արեգակ... աշնանային զովութիւն կը ցնդի ոսկեհեր ճաճանչներու ջերմութեան մէջ։ Մթնոլորտը գաղջ է, արեւահոտ եւ փայփայանքի պէս հաճելի։ Ապրելի ուրախութիւնը կը խուժէ հոգիիդ մէջ։ Աչքերդ, ականջներդ տօնի մէջ են։

Հեռուն, ճերմակ մշուշի մէջ պարուրուած, Արարատը կը կանգնի գրեթէ աննիւթական փափկութեամբ։ Կապոյտի աւելի խիտ երանգ մը, կապոյտ հորիզոնին վրայ. ճերմակ ամպի ծուէններ արագութեամբ կը դիմեն դէպի անոր սպիտակ գագաթը. քիչ յետոյ նոյնացած են զայն պարփակող մշուշին հետ եւ լուսաւոր ծիրերով կը ծփան դէպի աջ։

 

* * *

Ամէն ինչ գեղեցիկ է, ամէն ինչ հաճելի է, ամէն ինչ լաւ է։ Այս է տիրապետող կարծիքը անոնց որ նոր եկեր կամ դարձեր են երկիր։ Մեր հանդիպումները կարծարծեն մեր ուրախութիւնը։ Դէմքերը ժպտուն են, գոհունակ, երջանիկ։ Չենք ուզեր անդրադառնալ մեր ետեւը թողուցած կեանքին, մտեր ենք տարբեր կեանքի մէջ եւ րոպէները որ կանցնին ծանրաբեռն են ամէն կարգի գոհունակութիւններով։

Ամէն ինչ առիթ է ուրախութեան։ Փողոց մը պիտի հարցնեմ ոստիկանին։ Հագուած է մաքուր եւ իր դերը կը կատարէ լրջութեամբ։ Կուղղուիմ իրեն հայերէն լեզուով։ Կը պատասխանէ քաղաքավարի։ Վաճառող մը իր ապրանքին գովքկ կընէ հայերէն։ Խանութներու վերտառութիւնները հայերէն են. փողոցներուն անունները ընտանի անուններ. ամէն ինչ արտակարգ նշանակութիւն ունի նոր եկողի մը համար բայց միեւնոյն ատեն անմիջապէս զգալի է որ սա սովորական կեանքն է, ամենաընթացիկ առօրեան։

Կը քալեմ արագ, մայթին վրայէն։ Նոր շինութիւններ կը բարձրանան ամէն կողմ։ Հեռուէն անունով արդէն իսկ ծանօթ հաստատութիւններ կը կանգնին դիմացդ։ Ահա հողագործութեան Ժող. Կոմիսարիատը քիչ մը անդին Լուսաւորութեան Կոմիասիատը, կը շեղիմ ճամբէս, կանցնիմ Աբովեան փողոցը. մարդկային զոյգ հոսանք մը կիջնէ կամ կը բարձրանայ մայրաքաղաքին գլխաւոր պողոտայէն։ Գրախանութները կը ցուցադրեն հայատառ գիրքեր. անհամար ծանօթներ իրար կը խաչաձեւեն. ամէն րոպէ ես ինքս կստիպուիմ կանգ առնել...

Ո՞նց էք, լաւ տեղաւորուեցա՞ք... ի՞նչպէս կը գտնէք մեր երկիրը։

Եւ ահա Լենինականի աղէտը կուգայ շուրթներու վրայ։ Նոր թեթեւ ցնցումներ տեղի կունենան... ժողովուրդը կը պատսպարուի արագ կերպով... բարեբաղդաբար օդը գաղջ է, արեւոտ... ու ամէն ոք սրտագին շնորհակալութեամբ կանդրադառնայ միութեան ժողովուրդներու ինքնաբուխ եւ ջերմագին աջակցութեան։

Կը մտնենք թէյարան մը։ Մարդիկ շրջապատած են մէկը որ նոր դարձեր է Լենինականէն. ուրիշ խումբ մը կը խօսի ուղղագրութեան վերաքննութեան մասին եւ յետոյ շինարարական ձեռնարկներու եւ մօտաւոր ու հեռաւոր արդիւնքներուն վրայ վիճաբանութիւն կսկսի։

Որքան տարբեր են միտքերու այս փոխանակութիւնները արտասահմանեան վէճերէն։ Ամէն կարծիք, ամէն մտածում կը բղխի շօշափելի իրականութենէ եւ կը միտի դէպի իրագործում մը։ Ամէն ինչ կշիռ մը ունի, ամէն խօսք անդրադարձում մը պիտի ունենայ։ Հաւաքական կեանքի ուժեղ ալիքը մեզ ամենքս կը կլանէ իր մէջ. ընդհանուրին շահերը կը կազմեն խորքը եւ նպատակը բոլոր խօսակցութիւններու։

Ժամը հինգին նոր կերպարանք մը կստանայ Աբովեան փողոցը։ Ուսանողները եւ ուսանողուհիներն են որ գունդ առ գունդ կը դիմեն դէպի համալսարան. դուր կուգամ փողոց եւ կը հետեւիմ պահ մը հոսանքին։

Հայաստանի երիտասարդները ընդհանրապէս վայելչակազմ են, առողջ երբեմն նրբաձեւ երբեմն հուժկու եւ իրենց տարազը կը կրեն համազգեստի պէս. կարճ տաբատ, մինչեւ ծնկները երկարող մոյկեր, ռուսական մթագոյն շապիկ ասուէ կամ կանեփէ, վիզը փակ, կոճկւած կուրծքէն կամ մէկ կողմէ եւ մէջքը սեղմուած գօտիով։ Խիտ, սեւ, թեթեւ կոհակաւոր մազեր կը զարդարեն բարեձեւ գլուխներ։ Աչքերը ընդհանրապէս գեղեցիկ են, նոյնիսկ կարելի է ըսել գեղեցկութեան շռայլութիւն կայ աչքերու. նշաձեւ ակնակապիճներու մէջ, մթին ցոլքով, խոր կամ շեշտակի նայուածքով աչքեր, որոնց վրայ կը կամարանան թաւ, բայց յստակ գիծով յօնքեր։ Եթէ քիթերը զօրաւոր են եւ յաճախ արծուային, այդ հանգամանքը կը շեշտէ դիմագծերու յատկանշական նկարագիրը։ Պեխերը ու մօրուսը ածիլւած, կը յայտնուի թարմ այտերու գիծը, յաճախ անթերի, երբեմն կզակը զօրաւոր, բայց ոչ շեշտուած եւ շրթներ քիչ մը թանձր, պարարտ, բայց այսու ամենայնիւ լաւ ձեւաւորուած։ Այդ մատղաշ սերունդը, որուն կերպարանքը կը տիրապետէ ամբողջ Հայաստանին, կանխահասօրէն լուրջ, երբեմն նոյն իսկ խիստ ինքնավստահ, խրոխտ, արտակարգ ապահովութիւն կը ներշնչէ։ Ցեղին ք... սացած կոճղին կողքին, նոր բարունակն է որ կը բարձրանայ ապագան ապահովելու համար։ Եւ միայն առաջին հանդպածներու տեսքը բաւական է որ դուրսէն եկողը ունենայ մասնայատուկ զգացում մը որ հետզհետէ կը հաստատուի, համոզում կը դառնայ։ Ուսանողուհիները պարզօրէն հագուած, վայելուչ եւ արի, զուրկ չեն սակայն կանացի շնորհէ։ Ոմանք գեղեցիկ են այն հարուստ, գրաւիչ եւ հանդարտ գեղեցկութիւնով, որ իրենց ուժեղեւ առողջ երիտասարդութիւնը կը ներշնչէ։ Հոծ սեւ մազեր կը բարձրանան եւ կամփոփուին ամրապինդ ծոծրակներու վրայ։ Գլուխնին բարձր բռնած, թեւերնուն տակ կրելով գիրքեր կամ թղթածրարներ, կը քալեն հաստատ եւ արագ քալւածքով։ Լայն ուսեր, ամուր սրունքներ, մասնայատուկ գրեթէ սբորդական կեցուածք. ժպտուն դէմքերու վրայ, շեշտուած դիմագծերով, մութ եւ գեղեցիկ աչքեր կը ժպտին կամ կը փայլատակեն։ Աղջնակ մը կը սահի ճիշդ քովէս եւ աչքերս յառած կը մնան կամարաձեւ յօնքերով զարդարուած իր ողորկ եւ թխորակ ճակատին։

Գիշերը Պետական թատրոնը կը ներկայացնէ Լունաչարսկիի «Թոյնը» թատերախաղը։ Թատերախումբը իր ամբողջութեամբ ցոյց կուտայ արուեստի բարեխղճութիւն, կիրթ ճաշակ, հասկացողութիւն։ Որոշ տեսարաններու ընթացքին, կը մտածեմ որ եւրոպական ճաշակով մէկը մեծ հետաքրքրութեամբ պիտի հետեւէր այս խաղարկութեան։ Անիկա մէկէ աւելի շահեկան եւ ուշագրաւ գիծեր կը ներկայացնէր։

Թատրոնի սանդուղներէն կիջնենք խօսակցելով բարեկամներու հետ։

Դուրսը լրագրավաճառները կը պոռան.

«Խորհրդային Հայաստա՜ն». . . «նոր ցնցումներ Լենինականում»... ։

 

Առաջին պաշտօնական այցելութիւն, Լուսաւորութեան Ժողովրդական Կոմիսար, ընկեր Ասքանազ Մռաւեանի որ միեւնոյն ատեն փոխ նախագահն է Կոմիսարներու խորհուրդին։ Նախագահը, ընկեր Համբարձումեն, որուն կը ներկայանամ աւելի ուշ, բացակայ է այդ միջոցին Երեւանէն։

Առանց յուզմունքի չէ որ կը բարձրանամ Գործկոմի շէնքի սանդուղներէն ուր ինձ ժամադրութիւն է նշանակեր ընկեր Մռաւեան։ Այդ առաջին պաշտօնական այցելութիւնը բաղդորոշ նշանակութիւն ունի ինձ համարեւ բայց միայն այդ չէ. այնքան անհնարին բաղձանքներէ, ի զուր յոյսերէ. երազներէ յետոյ, որով ամբողջ սերունդներ ճիշդ թէ մոլար ճամբաներու վրայ դեգերեցան, վերապրող հազուադէպ բաղդաւորներէն մէկն եմ որ բաց աչքով պիտի տեսնեմ հայկական Պետական կեանքը, կազմակերպուած եւ բնականոն գործունէութեան թափին մէջ։

Իրողութիւնն այն է որ երբ կարճ պահ մը կը սպասեմ նախասենեակին մէջ, հոգիս լիքն է անսահմանելի զգացումներով որոնք իրենց սաստիութեամբ զեղուն ուրախութիւնս կը հասցնեն տեսակ մը անորոշ տառապանքի։ Այո՛, ես որ վաղուց է որ կորսնցուցեր եմ սրտազեղումներ ունենալու ընդունակութիւնս աչքերս խոնաւ կը զգամ եւ մեծ ճիգ կընեմ գոնէ երեւութական պաղարիւնութիւնս պահելու։ Ի՞նչի երեւոյթ ունի այդ բոլորը... այլ սակայն այժմ չեմ վարանիր արձանագրելու այդ պահու արտակարգ ապրումներս։

Քանի մը րոպէ յետոյ, երիտասարդ պաշտօնեայ մը ինձ կը հարւիրէ ընկեր Մռաւեանի առանձնասենեակը։

Խորհրդային Հայաստիտ կոմիսարը, - դեռ երիտասարդ, եւ համակրելի դէմքով ինձ կընդունի ջերմ սիրալիրութեամբ։ Անիկա առաջին պանդիպումին իսկ կը ներշնչէ խոր վստահութիւն եւ ակնածանք։

Երբ ձեռքս կը սեղմէ եւ կը լսեմ իր տաք ձայնը որ բարի գալուստ կը մաղթէ, անսահման անդորրութիւն մը կը գրաւէ ինձ եւ կզգամ որ այլեւս օտար հիւր մը չեմ մեր հայրենի երկրին մէջ։

Առանց այլեւայլի կը խօսիմ ուրեմն իմ ճամբորդութեանս նպատակի մասին։ Եկեր եմ ուսումնասիրութիւններ կատարելու մեր երկրի խորհրդային կեանքէն։ Իմտպաւորութիւններս պիտի գրկեմ, նախ մասամբ թղթակցութիւններ ղրկելու համար արտասահման եւ յետոյ, առանձին հատոր մը կազմելու համար։

Լուսաւորութեան Կոմիսարը ընդ առաջ կուգայ իմ ցանկութիւններուս, ինքնաբերաբար առաջարկելով ամէն կարգի դիւրութիւններ։ Ինձ կը յանձնարարէ նոյն կոմիսարիատի մէջ ծառայող երիտասարդի մը որ պէտք է ինձ ընկերանայ ուր որ ուզեմ եւ երբ որ ուզեմ. հեռաւոր վայրեր երթալու համար կարող եմ տրամադրել կոմիսարիատի կառքերէն մէկը։

Կը բաւէ որ ժամ առաջ հեռախօսէք, եւ առհասարակ ճամբորդութեանց, բնակութեան եւ այլ ամէն կարգի պէտքերու համար կոմիսարը ինձ կառաջարկէ միջոցներ եւ դիւրութիւններ։

Ես ոչինչ չեմ ուզում ասել նախօրօք, կըսէ ինձ կոմիսարը, ազատ եւ անկաշկանդ կը դիտէք եւ կուսումնասիրէք մեր խորհրդային կեանքը եւ դուք ինքնիրեն կը հասնիք եզրակացութիւններու։ Ինչ որ մենք կարող ենք ձեզ անել, այն է տալ դիւրութիւններ ձեր գործը կատարելու համար. այդ մենք կանենք մեզ կարելի բոլոր միջոցներով։

Մոսկուա անցուցած օրերուս, կըսեմ, կրեցի խոր տպաւորութիւններ, բայց ինչ որ տեսայ մինչեւ այժմ ինձ ընդնշմարել տուակ իրականութիւն մը որ մեզ, դրսէն եկողներուս համար, լիքն է հարուստեւ բարդ բովանդակութեամբ։ Կը մտածեմ որ մեր երկրին մէջ, ուր միջավայրը աւելի ընտանի է ինձ եւ ուր տեղական լեզուներուն ծանօթ եմ, աւելի դիւրութեամբ պիտի ըմբռնեմ նոր կեանքի գլխաւոր եւ հիմնական գիծերը ոչ միայն ինչ կը վերաբերի հայկական կեանքին այլ եւ ընդհանրապէս համամիութենական կեանքին... կը յուսամ որ այդ ինձ կը դառնայ կարելի այստեղ, բայց եւ վստահ եղէք որ առանց որ եւ է յաւակնութեան է որ պիտի ձեռնարկեմ այդ ուսումնասիրութեան։

Ակնոցներուն տակ Կոմիսարին աչքերը կը ժպտին. ինձ կը նայի պահ մը լուռ յետոյ կըսէ լրջութեամբ։

Ձեզ կօգնենք որպէսզի լիուլի իրագործէք ձեր դիտաւորութիւնները։

Կը մտածեմ, կաւելցնեմ, որ պէտք է վերցնել որոշ նիւթ եւ փոխանակ ցրուելու կեդրոնանալ ուսումնասիրութեան նիւթի մը վրայ։ Մտադիր եմ զբաղիլ մասնաւորապէս մեր երկրի մշակութային կեանքով որը ըստ ինքեան կընդգրկէ գործունէութեան բոլոր մարզերը։

Ճիշդ է։

Մէ, երկու շաբաթ կընտանենամ մեր երկրի կեանքին եւ այդ միջոցին կը պատրաստեմ ծրագիր մը։

Կոմիսարը ինձ կը թուէ շրջաններ, հիմնարկութիւններ որոնց հետ շփման մտնելով անմիջապէս հաղորդակցութեան մէջ կըլլամ ինձ հետաքրքրող գործունէութեան հետ։ Յետոյ նաեւ կը խօսի Անդրկովկասեան ժողովուրդներու մշակութային վերելքի մասին։ Եւ արդարեւ քիչ ատենէն եսինքս անձամբ կանդրադառնամ որ Հայաստանի իրականութիւնը անջատաբար կը մնայ անըմբռնելի եթէ անիկայ չի տեսնենք Անդրկովկասեան եւ նոյն իսկ համամիութենական յատկակագծի վրայ։ Նոյնպէս, կանդրադառնամ որ խորհրդային երկիրներու մշակութային կեանքը սերտօրէն կապուած է տնտեսական վերելքին եւ շինարարական ճակատին վրայ կատարուած նուաճումներուն։ Բայց այդ րոպէէն մտքիս մէջ չեն դասաւորուած տակաւին ինչ որ կզգամ արդէն տարտամ կերպով եւ տարակոյս չի կայ որ իմ միտքերս կը ձեւակերպեմ երբեմն ոչ բարեհարմար ձեւով մը. ու ժպիտը քանի մը անգամ կուրուագծուի Կոմիսարի ակնոցներուն ետեւ եւ որուն իմաստը հետզհետէ հասկնալի կը դառնայ ինձ։

Հրաժեշտ կառնեմ ընկեր Մռաւեանէն եւ կիջնեմ շէնքին սանդուղներէն թեթեւ սրտով եւ վառուած գորունէութեան տենդագին անհամբերութեամբ։ Դուրսը՝ արեւ, արեգակ։ Կապոյի եւ լուսաւոր երկինքը կը կամարանայ աշխատութեան թափին մէջ եղող մայրաքաղաքին վրայ։ Կը ժպտիմ ծանօթ անցորդներու. ոմանք կը բարեւեն. ամէնքը կը սիրեմ, ամենուն մօտ եւ ընտանի կզգամ ինձ. կարծես մտեր եմ կեանքի նոր զոնայի մէջ ուր արագ, արագ նոր ներդաշնակութիւն մը կը կազմուի իմ եւ արտաքին աշխարհին մէջ։

Կանցնիմ Աբովեան բազմամարդ փողոցը ուր ծանօթներու կը հանդիպիմ. բայց չեմ ուզեր կանգ առնել որ եւ է թէյատուն հակառակ ստիպողական հրաւէրներու։ Կը մտնեմ առանձին կողմնակի փողոց մը եւ կը քալեմ անծանօթ ճամբաներէ։ Կը ճանամ հաշիւ տալ ինքզինքիս եւ ճշդել ընելիքս։ Հոգիս լիքն է շվոթութիւններով, յուզմունքով եւ նաեւ անորոշ հոգերով։ Այնքան մօտ եմ եւ միեւնոյն ատեն օտար այդ կեանքին։ Հազար նեարդերով կապուած եմ մեր հայրենի երկրին բայց միեւնոյն ատեն կեանքը քօղարկուած է ինձ համար ինչպէս խորհուրդ մը։ Պիտի կարենա՞մ երբ եւ իցէ թափանցել անոր խորքերուն եւ հասկնալով ընդունիլ անոր ճշգրիտ իրականութիւնը։

Անկատելի կերպով բարձրացեր եմ զարվերէ մը։ Կը մտնեմ թաղամաս մը ուր երկու կողմերս ցանցառ տուներ փլփլած պատերով կը պատսպարեն բազմաթիւ ընտանիքներ։ Հողաշէն հիւղակներ, կիսով աւերւած այգիներու մէջ դեղնօրակ կոհակներ կը կազմեն, վարագուրուած՝ աշնանային գոյներով երանգաւոր ծառերու շարքերէ։ Թխահեր երախաներ աղմուկով կը խաղան առոակի մը եզերքը. ոմանք խառը կընդհատեն եւ իրենց հետաքրքիր ակնարկով կը դիտեն ինձ։

Այժմ կը բարձրանամ օձապտոյտ փոշոտ ճամբէ մը եւ կը հասնիմ քաղաքին սահմաններուն. այլեւս մարդ չիկայ եւ առանձին կանգ կառնեմ եւ կը նայիմ ետեւ։

Քաղաքին համայնապատկերը կը տարածուի դիմացս։ Լուսաւոր մշուշ մը կամփոփէ ամբողջ տեսարանը անորոշութեան մէջ։ Երբեմն տեսակ մը բզզիւն, ինչպէս արտայայտութիւնը քաղաքի կեանքին, կը բարձրանայ մինչեւ ինձ բայց եւ անմիջապէս լռութիւնը կը տիրապետէ։ Հետզհետէ աչքերս կը սովորին եւ կը տեսնեմ տուներու խումբեր, հազիւ ուրուագծուած փողոցներ։ Հեռուն՝ հին Երեւանի թաղերը կաւային դեղութեամբ պատերով։ Ահա եւ թրքաց թաղը աւեր աւերակ եւ շուկան՝ որ հեռուէն կարծես քանդուած բերդաքաղաքի մը մնացորդները կը ներկայացնէ։ Հնամենի եւ տափակ տանիքներու անվերջ հարթութիւններէն դուրս կը ցցուի, ինչպէս շքեղ գեղեցկուհի, մզկիթին կապոյտ գմբեթկ որուն դրուագները կը փալփլին արեւի ճաճանչներու քմահաճ հպումներով։

Աչքերս կը դառնան դէպ ի քաղաքի կեդրոնը ուր մինչեւ Նորքի ստորոտը կուտակուած են բարձրադիր շէնքերը եւ հիմնարկութիւնները, բայց այս հեռաւորութենէն այդ շէի մասը կղզեակ մըն է, հնամենի քաղաքին ցրուած տարածութեան մէջ։

Այս է՞ մեր մայրաքաղաքը, մեր երկրին կեդրոնը։

Սա հին Երեւանն է, ժառանգութիւն մնացած հին օրերէն։

Եթէ աչքերս քթթեմ եւ ուզեմ այդ լուսեղէն մշուշին մէջ որոշել գիծեր եւ գիծեր, նոր բացուող փողոցներեր. եթէ կարենամ տեսնել դեղնօրակ եւ փլփլած հողակերտ պարիսպներուն ետեւ կամ անոնց շարունակութիւնը ընդմիջող նոր ճերմակ շէնքերը, բանուորական բազմայարկ տուներ, վանդակակերտ կմախքներ, այն ատեն պիտի ըմբռնեմ որ ոստանի մը հազիւ նշմարելի թելերը նետուած են արդէն հին եւ աւերակ քաղաքին վրայ։ Բայց մանաւանդ եթէ ուշադրութիւն դարձնեմ այդ աւերակներու, նոր ուրուագծուող փողոցներու, հին թէկեդրոնական թաղերուն մէջ անցնող դարձող կէտերուն, երիտասարդներ ու երիտասարդուհիներ, պատանիներ ու մանուկներ որոնք կարծես կը թափառին անապատակ բայց որ գիտենք թէ անոնցմէ ամէն մէկը կերթայ դէպի որոշ նպատակ մը, այն ժամանակ կը հասկնանք որ մեր նոր երկիրը, Խորհրդային Հայաստանը։ Անդուլ անդադար կը կառուցանէ իր նոր ոստանը, Խորտրդային Երեւանը։

Ու նայուածքովս ընդգրկելով համայնապատկերը կը հասկնեմ որ պարզ աչքով տեսնելու համար իրականութիւնը պէտք է թափանցել նոր կեանքին խորքը, ըմբռնել անոր յատուկ օրէնքը, ստեղծագործ ուժը։

Եւ այժմ թարմ մտքով եւ եթէ կարելի է, նոր հոգիով, սկսինք գործի։