Պրոմեթէոս ազատագրուած

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՆՈՅԵՄԲԵՐԻ ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ ՄԵԾ ՏՕՆԸ [1]

Հազիւ շաբաթ մը կայ որ հասեր էի Երեւան երբ տօնուեցաւ Խորհ. Միութեան բոլոր աշխատաւորներու ազատագրումի եւ խորհրդային րէժիմի հաստատման տարեդարձը։

Առաւօտ կանուխէն դուրս կուգամ փողոցի կեանքին խառնուելու համար։ Բոլոր հիմնարկները դրօշազարդուած են եւ կարմիր մետաքսեայ պանիէրներու վրայ ոսկետառ արձանագրութիւններ կը ցոլցլան։

Ամէն տեղ՝ նաեւ Լենինի կիսանդրին կամ պատկերը կը յայտնուի կարմիր մետաքսէ եւ ծալծալ շրջանակներու մէջ։

Ամէն տեղ՝ նաեւ Լենինի կիսանդրին կամ պատկերը կը յայտնուի կարմիր մետաքսէ եւ ծալծալ շրջանակներու մէջ։

Խորհրդային Հայաստանը ոգեւորութեամբ կը պատրաստուի տօնել ազատարար րէժիմի հաստատման տարեդարձը։

Կուղղուինք Նալբանտեան փողոցէն դէպի ի հրապարակը։ Բազմութիւնը հետզհետէ կը խտանայ։ Արհեստակցական միութիւններու թափորներ կարմիր դրօշներով կը դիմեն դէպի հրապարակ։ Կեցած մայթի եզերքին կը նայիմ ծովածաւալ եւ ծփացող բազմութեան։ Մէկ կողմ հին ռուսական եկեղեցին է որուն բարձրագոյն գմբէթի կատարին խաչի տեղ հնգաթեւ կարմիր աստղը, խորհրդանշան եւ ուղեցոյց, կարծես առկախ կը մնայ օդին մէջ։ Երկինքը կապոյտ է եւ լուսաշող արեւը կը տարածէ իր ճաճանչները շռայլութեամբ։ Աշնանային տօնական օրը գեղեցիկ է իր փարթամ լիութեան մէջ։

Քիչ յետոյ մեզ կը հրաւիրեն երկրագործական բանկի պատշգամը։ Այս բարձրադիր կէտէն հրապարակը եւ շրջանկարը կը տեսնենք ամբողջութեամբ։ Բոլոր մօտակայ փողոցներէն թափօրները հետզհետէ կը յառաջանան, կարմիր եւ ոսկետառ դրօշներով առաջնորդուած։ Փակ խանութներու շարքի մը կամարաձեւ դռներուն, կարմիր դրօշակներ, վառ գոյնի յաջորդական նօթեր կը դնեն դեղին հողագոյն խորքի վրայ, մինչեւ անորոշ հեռաւորութիւններ։ Աւելի դեղին շինութիւններէ անդին, բարձրութեան մը վրայ հին Երեւանը՝ հողակոյտային բնակարաններով եւ մթին խոռոչներով եւ աւելի բարձր, ինչպէս խորքը այս ամենուն Ալագեազի ձիւնապատ երկագլուխ կատարը, որուն շրջագիծը կը խառնուի երկնային լուսեղէն երանգներու մէջ։

Էնթերնասիօնալի առաջին հնչիւնները ուշադրութիւնս կը կեդրոնացնեն հրապարակի վրայ։

Մէջտեղը կը բարձրանայ ամպիոնը. շուրջ բոլորը խիտ ամբոխ, գունագեղ իր հազարերանգ հագուստներով եւ գլխանոցներով եւ իր կարմիր դրօշներով որոնց ոսկեծիր շրջանակները, ոսկեթել ծոպերը եւ արձանագրութիւնները կայծեր կը տեղան ամէն մէկ շարժումի։

Դէպ ի մեր կողմը կեցած են հայ կարմիր բանակայինները իրենց խաքի եւ վայելուչ համազգեստով, սրածայր գլխանոցներով։ Չորս ջոկատներ քառանկիւնի շարքով որոնց երկու ծայր թեւերը կը գրաւեն նուագախումբեր. փողերու արոյրի տաք ցոլքերը երբեմն շեշտակի կարձակուին ճաճանչներու նման։ Եւ ահա պատկերը ամբողջացնելու համար յատուկ ջոկատը՝ կանանչ գլխանոցներով։

Ժողովուրդի մակերեսը կալեծփի։ Օրուան ճառախօսները կը բարձրանան դէպ ի ամբիոն եւ զինուորական նուագախումբը կը նուագէ Էնթէրնասիօնալը։

Միջազգային աշխատաւորութեան քայլերգը ուժգին թափով կը հնչէ եւ երբ առաջին խօսողին գոռ ձայնը լսելի կըլլայ կզգամ որ ամէն մէկ բառը ամէն վանկը արձագանգ կը գտնէ ներկաներուն մէջ։

Հեռուէն դժուար է հետեւիլ ճառախօսին բոլոր խօսքերուն։ Կտրուած նախադասութիւններ կը հասնին մինչեւ մեզ. «Հոկտեմբերի յեղափոխութիւնը... », «դասակարգային իրաւունք... », «Երբ հարիւրամեակը տօնուի... » եւ այլն։ Էնթէրնասիօլը կը լսուի կրկին եւ կը տեսնեմ որ ուրիշ ճառախօս մը յաջորդեր է։ Սա բանուոր է եւ կը խօսի բանուորներու կողմէ. ձայնը կը բարձրանայ եւ կիջնէ մուրճի հարուածներու պէս. յանկարծ կը ծափահարեն։ Ոչինչ կը լսեմ որովհետեւ այս անգամ ճառախօսը դարձեր է միւս կողմ։

Ահա կը հասնի թուրք կանանց միութիւնը աւելի մութ կարմիր դրօշով, որուն վրայ արաբական ոսկէ տառեր կը պսպղան։ Կիները քօղարկուած են, բայց կը քալեն համարձակ։ Իրենց պարագլուխը կանջատուի կը խօսակցի մերձաւորներու հետ։ Էնթէրնասիօնալը կը հնչէ, ուրկէ յետոյ թուրք բանուոր մը կը բարձրանայ ամբիոնը։

Եղբայրութիւն եւ խաղաղութի՜ւն եւ ատոր իրագործման տօնը ժողովուրդին պայծառ ուրախութիւնով։ Բանուորուհի մը կը խօսի այժմ եւ կը լսեմ վերջին բառերը «Եկեր ենքմիացեալ ուժերով տօնելու... Կեցցէ՜ խորհրդային աշխանութիւնը... »։

Դեռ կը կենանք պատշգամը դիտելով զանազան թոփորներու երթը Էնթէրնասիօնալի քայլերգով։ Ահա կարմիր բանակայիններու շարքը որ հետզհետէ կը բռնէ Նալբանտեան փողոցը... Երկաթուղային բանւորներու երկսեռ եւ երկայն շարանը կը դառնայ Մարքսի փողոցը, պատկոմներ, կանանց խումբեր իրենց կարմիր դրօշներով կը քակուին, կը ծաւալին փղոցներու մէջ։ Քայլերու տրոփը կը լսուի հետզհետէ աւելի հեռաւոր եւ ամբողջ քաղաքը կը տրոփէ տօնական ոգեւորութիւնով։

Գիշերը հրաւիրուած են ք ուղղիչ Տուն (բանտ) ներկայ ըլլալու օրուան տօնին առթիւ կալանաւորներու կողմէ կազմակերպուած թատերական ներկայացման։



[1]            Հոկտեմբերեան յեղափոխութիւնը հին տոմարով, Նոյ. Հոկտեմբերին վերջը կիյնար։ Ծ. Հ.