Պրոմեթէոս ազատագրուած

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՈՒՂՂԻՉ ՏՈՒՆ

Կառքը մեզ կը տանի քաղաքի կեդրոնէն հեռու, փոշոտ եւ խորտուբորտ ճամբաներու վրայէ։ Մութը էջեր է բայց աստղազարդ երկինքը իր տմոյն լոյսով կը մեղմացնէ խաւարը։ Կը հասնինք պարսպապատ շէնքի մը առաջ։ Ուղղիչ Տունն է, Երեւանի բանտը։ Կառապենը ունի տարկ եղած արտօնագիրեր մեր առաջ բանալ տալու համար յաջորդական փակ դռներ որոնց առաջք պահակներ կեցած են։ Կանցնինք ցած կամարներու տակէ, մութ նրբանցքներէ. ի՞նչ ընելու եկեր ենք մութ գիշերով, բանտի մէջ։

Մեզ կառաջնորդեն վերջապէս վարիչի սենեակը որուն ծանօթացեր եմ արդէն նախորդ օրը։ Ո՞ւրկից գտեր են այդ մարդը որ ստեղծուած է կարծես այդպիսի պատասխանատու եւ փափուկ դեր կատարելու։ Իր քաղցր, անայլայլ եւ բարեհամբոյր դէմքը, որուն վրայ աչքերը միշտ կը ժպտին, կը դառնայ դէպ ի մեզ։ Ոտքի կելլէ եւ ձեռքը երկարելով բարի գալուստ կը մաղթէ։ Իր մօտ կան երեք երիտասարդներ, մաքուր հագուած եւ ժպտուն խաղաղ դէմքերով։ Վարիչը մեզ կը ծանօթացնէ այդ երիտասարդները իրենց անունները, եւ հայրանունները տալով։ Յետոյ կը լսեմ որ անոնք բանտարկեալներ են։ Բայց առ այժմ ոչ մէկ բան կարող է ենթադրել տալ որ քրէական յանցանքներու համար դատապարտուած մարդիկ են։

Վարիչը մեզ կուտայ ընդհանուր տեղեկութիւններ Ուղղիչ Տան մասին եւ երբ հարկ ըլլայ իր ըսածները հաստատել վաւարական թիւերով եւ թուղթերով այդ երիտասարդները կը բանան դարաններ, կը գտնեն հարկ եղած ծրարները մեզ կը բացատրեն թուական եւ այլ տուեալները։ Անոնք աւելի գրասենեակի աշխատակիցներ են քան թէ բանտարկեալներ։ Վարիչը իրենց հետ կը խօսի ոչ միայն մեղմութեամբ այլեւ քաղաքավարութեամբ։ Նոյն միջոցին ուրիշ մարդիկ կուգան եւ զանազան կարգադրութիւններու մասին կը խօսին վարիչին հետ եւ հրահանգներ կստանան երեկոյթին վերաբերմամբ ու կը մեկնին։ Ասոնք ալ բանտարկեալներ են։ Ո՞վ կարող էր նման բան երեւակայել։

Այլ սակայն, այդ է շօշափելի իրականութիւնը։

Ուղղիչ Տունը բանտ չէ այլ վայր մը ուր աշխատութեան եւ տիրող բարոյական միջավայրին շնորհիւ յանցաւորները պէտք է ուղղուին եւ դառնան պատուաւոր քաղաքացիներ։ Այս է հիմնարկութեան նպատակը։ ոչ թէ պատժել, վրէժ լուծել յանցաւոր քաղաքացիէն այլ ուղղել, գոնէ ձգտիլ ուղղելու։ Կը հասնի՞ն այդ նպատակին։ Քանի մը տարուան փորձը ցոյց է տուեր որ այո՛, կարելի է հասնիլ այդ նպատակին։ Վարիչը մեզ կը բացատրէ որ գլխաւոր միջոցը վստահութիւնն է որ պէտք է ցոյց տալ յանցաւորին։ Այսօր իսկ, Նոյեմբեր տօնին առթիւ թոյլ են տուեր որ 120 բանտարկեալներ երկու հսկիչի առաջնորդութեամբ երթան մասնակցին քաղաքին մէջ կատարուող տօնակատարութեան եւ ամենքն ալ երեկոյին վերադարձեր են բանտ։

Վարիչի տուած տեղեկութիւններու համեմատ յանցաւորներու մեծ տոկոսը դատապարտուած են արգելափակման հասարակական փողեր իւրացնելու յանցանքով. յետոյ կուգան գրողները, աւազակները, զանազան անկարգութիւններ ընողներ. իսկ մարդասպաններու թիւը շատ փոքր է։

Ինչ որ ալ ըլլայ սակայն յանցաւորութեան աստիճանը, ամէն մէկը բանտարկեալ որ կը մտնէ Ուղղիչ Տուն, այնտեղ կը գտնէ սիրալիր եւ հոգածու վերաբերմունք ինչպէս եթէ վարիչը եւ իր օգնականները երբէք չի գիտնային թէ որ եւ է յանցանք գործած են։ Այս վերաբերմունքը յետոյ մեր աչքերով կը տեսնենք սրահին մէջ ուր բոլոր բանտարկեալները ներկայ են գրական եւ գեղարվեստական երեկոյթին որ իրենց են սարքեր Նոյեմբերի տօնին առթիւ։

Նախ քան հաւաքասրահը մտնելը, մեզ կառաջնորդեն զանազան բաժինները։ Ինչպէս ամէն խորհրդային հիմնարկ, Ուղղիչ Տունկ ունի իր մշակութային բաժինը եւ առանձին յանձնախումբեր կան որ կը վարեն այդ գործերը։ Կա՛յ գրական-գեղարուեստական բաժին, գթագրութեան յատկացուած սրահ, թատերական յանձնախումբ, լսարան, ընթերցարան, գրադարան եւ այլ բաժիններ։ Ուղղիչ Տունը ունի նաեւ իր պատի լրագիրը որը կը խմբագրեն բանտարկեալները։

Մասնաւոր ուշադրութեան արժանի էին դատական յանձնախումբը որ կը քննէ եւ կը վճռէ Ուղղիչ Տան մէջ իսկ յառաջ եկած վէճերը եւ յանցանքները եւ իրաւաբանական մարմինը որ կը քննէ եւ խորհուրդներ կուտայ այն բոլոր խնդիրներուն համար որ բանտարկեալերը կրնան ունենալ. իր միջի այլոց իրենց դատապարտութիւնը վերաքննելու հարց եւ այլն։

 

Երեկոյթը կանցնի անսպասելի հաջողութեամբ։ Ընդարձակ սրահը լիքն է ամէն կարգի բանտարկեալներով որոնց շարգին եւ քաղաքական հանցաւորներ։ Այս վերջինները կը մօտենան ինձ, ձեռք կուտան եւ կը խօսինք։ Ինչե՜ր ըսուած եւ գրուած են այդ բանտարկեալներու վիճակի մասին արտասահմանեան մամուլին մէջ։ Խնդիրը այն է որ այդ մարդիկը դառնութեամբ լեցուած են անոնց դէմ որ զիրենք մղեցին այդքան սխալ քայլ առնելու։ Պահ մը կը խօսինք բոլորովին կղզիացած։ Ոչ մէկ պատճառ կայ ծածկամտութեան։ Եկեր են դէպ ի ինձ վստահութեամբ հակառակ պարագային հարկադրուած չէին նոյն իսկ մօտենալու ինձ եւ առաջին խօսքը որ կընեն սրտմտութիւն է «դուրսը եղողներու» հասցէին։ Շատ լաւ կըմբռնեն իրենց յանցանքի ծանրութիւնը եւ տպաւորութիւնը ունին մազապուր ազատած ըլլալու ծանրագոյն պատիժներէ։

Զանգակը կը հնչէ եւ կերթանք մեր տեղերը գրւաելու. սրահին մէկ կողմը նստեր են շարք մը տարէց կիներ. իրենց կողքին՝ հազիւ 16-17 տարեկան աղջիկ մը. ասոնք ալ յանցաւորներ են։ Տարէց կիները դատապարտուած են անչափահաս աղջիկներ մոլորեցնելու կամ միջնորդ ըլլալու յանցանքով իսկ երիտասարդ աղջիկը մարդասպան է. սպաններ է իր փոքր եղբայրը խեղդելով։ Ինչո՞ւ… վարիչը տարտամ շարժում մը կընէ իմ հարցումիս եւ յետոյ կաւելցնէ. «Այժմ շատ զգաստ է եւ հանդարտ. ոչի՛նչ, լաւ կաշխատի. կը յուսամ ստանալ թեթեւացում իրեն համար»։

Առ հասարակ, ըստ վիճակագրի մարդասպանները չեն կրկներ իրենց յանցանքը։ Գողերը եւ աւազակները «դարմանել, ուղղել» աւելի դժուար է։ Կարող են կրկին յանցանք գործել, Ուղղիչ Տան մէջ եւս այս տեսակի յանցաւորներն են որ կը դիմադրեն հիմնարկութեան րէժիմին, կռուազան են, չեն ուզեր աշխատիլ, «մինչեւ սովորին» մինչ ընդհանրապէս մարդասպանները մեղմ են, հնազանդ եւ անմիջապէս կենթարկուին։ Սոսկալի ոճիրներ գործած մարդիկ ցոյց կուտան ինձ որ հեզ երեւոյթով կը հետեւէին օրուայ դասախօսի խօսքերուն հաւանութեան նշաններ ընելով։

Կարծես երազի մէջ եմ, անիրական կեանքի մէջ… Յանցաւորութեան եւ պատիժի մեր աւանդական հասկացութիւնները վեր ի վայր կը շրջին եւ հետզհետէ կընտանենամ այն գաղափարին որ սովորական մարդոց հետ եմ որոնք մոլորման կամ ցնորական պահու մը վնաս հասցուցեր են իրենց նմաններուն։

Թատերական ներկայացումը կանցնի յաջող. դերակատարները անօրինակ աւիւնով կը ներկայացնեն յեղափոխական կեանքի դրուագ մը։ Հանդիսականները բուռն ծափահարութիւններով կողջունեն յեղափոխական երիտասարդի մը աննկուն կամքը որ աներեւակայելի դժուարութիւններու հակառակ իր պարտաւորութիւնը կը կատարէ։ Ոմանք իր իսկական անունը գոչելով կը քաջալերեն։ Իսկ երբ հակայեղափոխականները կերեւան, կը սուլեն, կը պօռան, կը հայհոյեն։ Քիչ մըն ալ եւ կարծես պիտի նետուին բեմին վրայ. միջամտելու եւ գործողութիւնները արագացնելու։ Վարիչը ոտքի կելլէ եւ կը դառնայ դէպ ի հանդիսականները։ Իր զսպիչ նայուածքը կը շրջի ամենուն վրայ. ուրիշ ոչինչ։ Բայց եւ սրահը կը հանդարտի պահ մը եւ ամէն ոք համբերութեամբ կը հետեւի դէպքերուն որոնք պիտի յանգին վերջնական յաղթանակի։ Բանտարկեալները այդ գիտեն առաջուց, բայց միեւնոյն է. երբ ազնիւ երիտասարդը կը յաղթանակէ, ուրախութիւնը եւ ոգեւորութիւնը կը պոռթկայ սրահին մէջ փոթորիկի նման։ Ծափահարութիւններու եւ ոտնահարութիւններու որոտումի ընթացքին ես ինքս ոտքի կելլեմ եւ կը նայիմ այդ հասարակութեան։

Աչքերը կը փայլատակեն, շառագունուած դէմքեր կը յառաջանան ամէն կողմերէ։ Կարծես սանսարձակ երախաներ են կարօտ եւ այնքա՜ն ծարաւի արդարութեան, որ ահա յագեցում կը գտնեն թատերախաղի լուծումին մէջ։

Զանգակի վտիտ հնչիւն մը աստիճանաբար սրահը կը հանդարտեցնէ։ Այս անգամ թուրք բանտարկեալ մըն է որ բեմ կուգայ իր խօսքը ըսելու Հոկտեմբերեան Յեղափոխութեան մասին։