Պրոմեթէոս ազատագրուած

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՕՐԵՐՈՒ ԸՆԹԱՑՔԻՆ

Հիմնարկներ. Համալսարան, Մատենադարան, Թանգարան, Թատրոն։ Դասախօսութիւններ. Պարոնեանի շաբաթը Խորհուրդներու ընտրութիւն Հայ Պետ. երաժշտանոցի ելոյթները Համագումար մը։

 

Ինչքան որ ջանացած եմ Հայաստանի մէջ անցուցած օրերս դարձնել արդիւնաւոր եւ ամէն մէկ ժամը օգտագործել, դարձեա՛լ ինձ անհնար եղած է հասնիլ ամէն տեղ եւ անձամբ այցելել բոլոր հիմնարկները եւ գործունէութեան զանազան մարզերը։ Այդ հետեւանք է այն բանին որ կեանքը հոծ է եւ ամէն ինչ իր յատուկ հետաքրքրութիւնը կը ներկայացնէ։ Մնաց որ գործունէութեան իւրաքանչիւր դաշտ առանձին հատորի մը նիւթը կրնայ հայթայթել նոյն իսկ նմալով տպաւորութեան սահմանին մէջ։ Այսպէս է օրինակի համար մեր երկրի առողջապահական վիճակը վերականգնելու համար կատարուած կազմակերպուած աշխատանքը, որոնց շարքին մեր հիւանդանոցները բուժարանները, դարմանատունները, ապաքինարանները եւնպատակայարմար գրականութիւնը։ Անմիջապէս որ Հայաստան հասայ ոչ միայն լսեցի այլ եւ անձամբ տեղեկացայ որ առողջապահական Կոմիսարիատը Հայ Կարմիր Խաչին հետ հսկայական գործ կատարած է եւ այդ մասին խօսակցութիւններ ունեցեր եմ համակրելի եւ եռանդուն կոմիսարին բժ. Լազարեանի եւ իր աշխատակիցներու հետ։ Ընդնշմարեր եմ գործին ընդարձակութիւնը եւ այն մեծ եռանդը որով յաջողեր են կարճ ժամանակի մէջ վերականգնել հոգեվարքի մղջ եղող ժողովուրդի մը առողջապահական վիճակը։ Իմ Երեւան եղած միջոցիս, երկիրը արդէն դուրս եկած էր սուր տագնապային դրութենէն եւ հակառակԼենինականի աղէտին որ բոլոր ուժերը իրեն կը գրաւէր, Կոմիսարիատը կը շարունակէր իր կազմակերպուած աշխատանքը, պայքարելու համար տեղական հիւանդութիւններու դէմ, ինչպէս է մալարիան. նախազգուշական միջոցներ ձեռք կ՚առնէր պատահական համաճարակներու առթիւ կը հսկէր մանկանց եւ մայրերու առողջապահութեան պայքարելով մանաւանդ այդ բոլորին մնայուն պատճառ հանդիսացող, զանգուածներու տգիտութեան եւ յետամնաց կենցաղին դէմ։

Նոյնպէս եւ պէտք էր յիշատակել Արդարադատութեան եւ Ներքին գործերու կոմիսարիատներու գործունէութիւնը որոնք յաջողեր էին հաստատել անդորրութիւնը եւ ապահովութիւնը երկրին մէջ եւ առաջքը առնել քրէական եւ աւազակային յանցագործութիւններու որոնք լայն եւ ազատ ասպարէզ գտեր էին նախա քան Հայաստանի Խորհրդայնացումը։

Հարկադրուած ուրեմն սահմանափակելու իմ խօսքս, պիտի ներկայացնեմ միայն այն հիմնարկներէն ոմանք ուր ես անձամբ այցելեցի եւ յաճախեցի։

 

Տասնեակ մը օրեր յաջորդաբար յաճախեցի Պետական Համալսարանը եւ մեծ հաճոյքով ապրեցայ անոր մթնոլորտին մէջ։ Միշտ շնորհակալութեամբ պիտի յիշեմ այն ջերմ եւ սիրալիր վերաբերմունքը որ գտայ համալսարանի րէկտէօր, Յակոբ Յովհաննէսեանի կողմէ որ բարձրագոյն մշակոյթի տէր եւ միանգամայն սքանչելի քաղաքավարութեամբ անձ մըն է։

Խորհրդային Հայաստանի այդ բարձրագոյն հաստատութիւնն է ուր կուգան զանազան ուղիներով, այն երկու սեռէ երիտասարդները, որոնք բարձրագոյն եւ մասնագիտական ուսմունք ստանալէ յետոյ պիտի վերադառնան զանգուածներու մէջ եւ տարուէ տարի պիտի լրացնեն մշակութային ճակատի գատրերը։ Թէ գիտական եւ թէ՛ գրական ֆակիւլտէներու մէջ ամէն ջանք կը թափուի համալսարանը իր կոչման բարձրութեան հասցնելու։ Յակոբ Յովհաննէսեան իր բարձր եւ պատասխանատու պաշտօնը կը կատարէ հեղինակութեամբ եւ անխոնջ եռանդով։ Այն դժուարութիւնները որոնց պէտք էր յաղթել, բազմաթիւ էին եւ բազմատեսակ։ Բայց ինչպէս ամէն տեղ, այստեղ եւս գործին ղեկավարութիւնը ստանձնող անձերը չեն մտածեր թէ կարող ե՞ն յաղթել թէ ոչ, այլ հաստատ մտադրեր են որ ստիպուած են հաղթել։ Շնորհիւ այդ բարձր տրամադրութեան է որ հինգ տարուան ընթացքին Համալսարանկ արդէն հասեր էր բնականոն վիճակի եւ կարողացաւ իր առաջին հունձքը, շրջանաւարտները տալ հնգամեակին։

Րէկտէօրին առանձնասենեակին մէջ յաճախ հաճոյքը եւ բաղդը ունեցայ լսելու համալսարանի ներկային եւ մերձաւոր հեռանկարներուն մասին։ Դեռ շատ դժուարութիւններ կային յաղթահարելիք, որոնց գլխաւորը կը հանդիսանար շէնքերու պակասը։ Շատ մը օրինաւոր սպասումներէ, անկընկալութիւններէ յետոյ այլ եւս ոչ ոքի համար գաղտնիք չէր որ արտասահմանի հայութիւնը իր դերը չի կրցաւ կատարել սկզբնական դժուարին տարիներուն եւ թէ այդ բացերը պիտի լրացուին մեր երկրի աշխատաւոր ժողովուրդի քրտինքով եւ բազուկներու ուժով։

Ինձ մասնաւորապէս կը հետաքրքրէր պատմագրական բաժինը որուն կուրսերուն ներկայ եղայ այդ օրերուն։ Հ. Ազատեան եւ Գիւլիքէօխեանի դասախօսութիւնները, առաջինը՝ քաղտնտեսութեան եւ երկրորդը՝ պատմական մատերիալիսմի մասին, ապահովաբար կարող էին առաջնակարգ ֆակիւլտէի մը համբաւը ապահովել։ Այդ երկու դասախօսներու հմտութիւնը, իրենց նիւթին մէջ ունեցած հեղինակութիւնը արդէն իսկ յարաբերական արժէք մը չէ որ կը ներկայացնէին։ Պատրաստուած գործունէութեան լայն մարզերու համար անոնք կոչուեր էին իրենց ուժերը տրամադրել մեր համալսարանին եւ այդ գործկ կը կատարէին բոլորանուէր զգացումով։

Այդ հիմնարկին մէջ անցուցի անմոռանալի ժամեր եւ յաճախ իմ կրած տպաւորութիւններս թանկագին ստուգութիւններու արժէքը ստացան։

Երբեմն երբ դասի դադարներուն ուսանողութիւնը կը խմբուէր դասախօսներու շուրջ, մէկ կողմ կեցած կը նայէի այդ պատկերին։ Համբերութեամբ եւ հանդարտութեամբ անոնք գոհացում կուտային ամէն մէկին եւ երբ ժպիտը կը տեսնայի դասախօսի մը շրթներուն վրայ, որքա՜ն խորապէս կզգայի այն մեծ բաւականութիւնը որ նորածիլ սերունդը կը ներշնչէր իր մշակներուն։ Կարծես ամէն ինչ մեզ կը յիշեցնէր որ հունձքը պիտի ըլլայ առատ եւ գեղեցիկ։

Մեծապէս հետաքրքրական էին նաեւ Սիմոն Յակոբեանի դասախօսութիւնը ԺԹ-դ. դարու գրականութեան մասին, Աբեղեանի ճարտար վերլուծումը հայ հին մատենագրութեան եւ Լէօի ամբաւ պաշարով հարուստ խօսքը ինչպէս եւ Տէրտէրեանի դասախօսութիւնները ժամանակակից հայ գրականութեան մասին։

Բացի յիշատակած դասախօսներս համալսարանի պատմա-գրական բաժինը ունի մեր իրականութեան մէջ արժէք ներկայացնող անձեր, մանկավարժներ, լեզուաբաններ, գրական եւ պատմական հմտութիւն ունեցող պատրաստուած դասախօսներ որոնց մէջ Հ. Աճառեան արդէն իսկ Հայաստանի սահմաններէն դուրս եւս կը համարուի հիղինակութիւն՝ իր մասնագիտութեան մէջ։

Ասոնցմէ դուրս րէկտէօրը մասնաւոր գուրգուրանքով կը խօսէր նոր ուժերու, երիտասարդ դասախօսներու մասին, որոնց շարքին յաճախ համարումով կը յիշատակէր Յակոբ Զօրեանի անունը։

Գիտական ֆակիւլտէին չէի կարող մօտէն հետեւիլ եւ բաւականացայ հապճեպ այցելութիւններով։ Այլ սակայն հանգամանք ունեցող անձեր ինձ հաւաստեցին որ գիտական ֆակիւլտէն իր ստորաբաժանումներով աւելի կայուն արժէք մը կը ներկայացնէր եւ շօշափելի արդիւնքը գերազանց էր։ Ատոր պատճառը այն է որ գիտական ֆակիւլտէի հետեւող ուսանողները աւելի հաստատ նախապատրաստութիւն ունեցեր են քան թէ գրական ֆակիւլտէի հետեւողները, գոնէ առաջին տարիներուն։

  Դասամիջոցներուն ուսանողները ընտանեբար կը խօսին, դասախօսներու հետ հարցեր կուտան, նօթագրութիւններ կը ճշդեն։ Նրբանցքները, սանդուղները խճողուած են այդ երկսեռ եւ աշխուժ երիտասարդներով։ Կարգապահութիւն եւ քաղաքավար վերաբերմունք իրարու հետ։ Զուարդ են բայց ոչ թեթեւսօլիկ։ Ոչ ոք ինքզինքին թոյլ կուտայ անախորժ խօսք մը կամ շարժում մը ընելու, եւ երբ դասախօսութիւնները աւարտելէ ետք դուրս փողոց գան, համալսարանի ընդհանրապէս ամայի թաղը պիտի լեցուի իրենց ախորժալուր ժեստով եւ իրենց դեռ մանկաւան հոգիներէն բղխող մաքուր ուրախութիւնով։

Անսովոր ցուրտը սառեցուցեր է փողոցները. ձիւնը կը տեղայ անընդհատ բայց ամէն իրիկուն համալսարանի սրահները եւ ներբանցքները լիքն են ուսանողութեամբ։ Ահա րէկտէօրին սիլուէթը անոնց խիտ շարքերուն մէջ. յետոյ կը մտնէ դասախօսներու սրահը ուր կը հաւաքուին բրօֆէսէօրները հանգիստի պահերուն։ Րէկտէօրին իմացական նայուածքը կը ժպտի մէկին եւ միւսին։ Անոնք բոլորը իր աշխատակիցներն են որ ամենէն վատ օրերուն իսկ բոլորուեր են իր շուրջը եւ խղճամիտ եւ անխոնջ աշխատանքով, ձեռք ձեռքի տւած մեր կրթական բարձրագոյն հիմնարկը հասցուցեր են որոշ հանգրուանի։

Երբ քիչ յետոյ րէկտէօրը իր առանձնասենեակինմէջ ինձ կը խօսի համալսարանի ներկային եւ ապագայի մասին, դրսէն լսելով ուսանողներու աղմուկը, իր ձայնը հանդարտ է եւ մեղմ բայց ես կզգամ այն զսպւած յուզումը, արդիւնք ազնուագոյն ոգեւորութեան, որով լիքն է եւ որու թափով աշխատեր է տեւականութիւնը եւ վերելքը ապահովելու համար մեր մշակութային բարձրագոյն հիմնարկին։ Խորհրդային Հայաստան իրաւամբ հպարտ է իր համալսարանով։

 

Յաճախ կերթամ պետական մատենադարանը ուր կը գտնեմ ֆրանսերէն գրական գիրքերու ճոխ բաժին մը։ Մատենադարանի վարիչը, Երուանդ Թաղիանոսեան վաղուց ծանօթ է ինձ եւ երբեմն կանգ կառնեմ իր մօտ եւ կը խօսակցինք։ Երուանդ Թաղիանոսեան այն անկուսակցական մտաւորականներէն է որ ուրախ են դեր մը կատարելով հայ իրականութեան մէջ։ Խղճամիտ եւ ուշադիր իր գործի մէջ, վարիչը յաճախ կը յայտնէ անհամբերութիւն այն բաներուն համար որ կան եւ մասնաւորապէս տեղի եւ դարակներու պակասը կը կազմէ իր խօսակցութեան նիւթը։ Տասնեակ հազարաւոր հտաորներ կան որ դեռ չեն սարքուած որովհետեւ տեղաւորելու հնարաւորութիւն չի կայ։

Մարդ չի կա՞յ արտասահմանի մէջ այդ բաներուն մտածող, կը հարցնէ ինձ իր սովորական սաստ ձայնով։

Կը խոստանամ ուշադրութիւն հրաւիրել այդ մասին, բայց իմ թերահաւատութիւնս հաճելի չի թուիր իրեն։

Վարիչը ինձ կընկերանայ շրջան մը ընելու գրադարանի սրահներուն մէջ ուր դասախօսներ, ուսանողներ եւ զանազան կադեկորիայի երկսեռ ընթերցողներ, ինքնամփոփ կաշխատին կամ կը կարդան։ Լռութիւնը եւ կարգապահութիւնը կատարեալ է։ Կանցնինք մէկ սրահէն միւսը, անշշուկ եւ աչքերս հաճոյքով կը դառնան բոլոր պատերը ծածկող եւ մինչեւ ձեղունը բարձրացող դարանները որոնք լիքն են կազմուած եւ թուագրուած հատորներով։

Ամէն անգամ որ առիթ ունեցեր եմ գիրք առնելու մատենադարանէն, գտեր եմ միշտ փութկոտ ծառայութիւն եւ ո եւ է պրպտումի պարագային մտացի աջակցութիւն։

 

Մատենադարանի մօտիկ, Երեւանի Պետական Թանգարանի սրահները կը ներկայացնեն նոյնպէս հաճելի երեւոյթ։ Շնորհիւ Խորհրդային Միութեան լայն աջակցութեան, որով առաջին օրերէն մեր թանգարանը հարստացած է Մոսկուայէն եւ զանազան կեդրոններէ ուղարկուած գեղարուեստական իրերով եւ մեծարժէք նկարներով։ Երեւանի թանգարանը կը ներկայացնէ իւրահատուկ արժէք։ Այնտեղ եհաւաքուած են նաեւ հայ հին թէ նոր նկարիչներու գործերը. այդ բաժինը կը ճոխանայ հետզհետէ նոր ստացումներով։

  Այդ թանգարանին մէջ էր որ տեղի ունեցաւ ռուս յայտնի նկարիչ՝ Ե. Լանսերեյի Զանգեզուրի մէջ նկարած էտիւդներու եւ նկարներու ցուցադրութիւնը։

Ռուս նկարիչը տաղանդով արտայայտեր էր իր կտաւներու վրայ զանգեզուրը, տալով հայկական լեռնային շրջաններու մասնաւոր գոյնը եւ բնութագիրը։ Ցից, գրեթէ սրածայր ժայռերու խումբի մը հեռանկարին առաջ յատկանշական էր Զանգեզուրցի կնոջ սիլուէթը՝ իր բարձրադիր գլխայարդարումով, իր կեցուածքին մասնայատուկ խրոխտութեամբ որ կընկերանայ քարաժայռերու դէպ ի վեր սլացող եւ ուրուականային շարժումին։ Քայրայրներու շարքին առաջ, քարայրներու բնակիչը իր կնճռոտ դէմքով, աշխատանքի մէջ եղող պղնձահանքերու ներքին կեանքը, յարատեւ ճիգին մէջ եղող պրկուած մկաններ, հալոցներու մօտ աշխատող բանուորը վառուած դէմքով եւ նաեւ ժայռուտ եւ անբերրի հողը ճեղքող գութանը եւ գեղջուկը իր աշխատակից լծկաններու մօտիկ, մեզ կը ցուցադրէին լեռնային շրջաններու խստամբեր կեանքը եւ աշխատութեան դժուար պայմանները։

Հասարակութիւնը հետաքրքրութեամբ եկաւ դիտելու Զանգեզուր ցուցահանդէսին նկարները։ Օտարազգի արուեստագէտը իր աջակցութիւնը տուեր էր մեր մշակութային կեանքին ոչ միայն գեղարուեստական նոր արժէքներ բերելով մեր երկրին մէջ այլ եւ պատկերացնելով մեր երկրի մէկ շրջանը իր իւրայատուկ կերպարանքներով։

 

* * *

Խորհրդային երկիրներու մէջ թատրոնը մշակութային մեծ դեր կը կատարէ եւ այդ իսկ պատճառով անիկա կը վայելէ ինչպէս ամենուրեք այնպէս եւ մեր երկրին մէջ, Պետութեան հոգածութիւնը։

Առաջին օրէն մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցայ հայ Պետական Թատրոնի ներկայացումներուն, ներկայ եղայ թատրոնի մասին կատարուած հրապարակային վիճաբանական երեկոյթներուն ինչպէս եւ հնգամեակի առթիւ տեղի ունեցած հանդէսին ուր հեղինակաւոր անձեր ղեկավար շրջաններու տեսակէտները պարզեցին։ Ասոնցմէ դուրս բազմաթիւ անգամներ առիթ ունեցայ զրոյց ընելու թատրոնի տիրէքթէօրին, րէժիսէօրներու եւ փորձ դերասաններու հետ եւ ի վիճակի եղայ ինձ պատկերացնել մեր նոր թատրոնի ներքին էութիւնը, գեղարուեստական արժէքը եւ նպատակները։

Այն շինարարական եւ մշակութային յեղափոխական շրջանը որու մէջ կապրի ներկայիս մեր երկիրը, կստեղծէ իր մեծ պահանջքները։ Յաղթական աշխատաւորութիւնը կուզէ բեմին վրայ գտնել իր բարձր տրամադրութիւններուն անդրադարձումը։ միւս կողմանէ զարթնումի մէջ եղող պրոլետարտատի դէպ առաջ սլացումը կը հարկադրէ որ մեր երկրի գեղարւեստական օրկանները համապատասխան թափով գոհացում տան հետզհատէ դժուարահաճ դարձող հասարակութեան։ Զուգընթացաբար երկրի տնտեսական վերելքի զանգուածներու գեղարուեստական պահանջները կաճին։ Թատրոնը ստիպուած է հետեւիլ այդ վեր ելքին որովհետեւ նաեւ թատրոնը կը հանդիսանայ այն հզօր միջոցներէն մէկը որով պէտք է մարզուին զանգուածներու միտքը եւ զգացումները։

Առաջին իսկ օրերէն երբ խորհրդային կառավարութիւնը ստիպուած էր վերականգնել աւերուած երկիրը եւ միեւնոյն ատեն ստեղծել մշակութային կեանք ունեցեր ենք ինչպէս ամէն մարզերու մէջ այնպէս եւ թատրոնի համար ժրաջան աշխատողներ։

Դերասաններ եւ դերասանուհիներ, պատրաստւած բեմադրողներ, տեքնիքական եւ գեղարուեստական աշխատակիցներ համախմբուեր են դեռ այն օրերուն երբ կեանքը եղեր է երտակարգ կերպով դժուար մեր երկրին մէջ եւ հակառակ այդ պայմաններուն միացած ուժերով ամէն ջանք թափեր են որ քանի մը տարիէն մեր թատրոնը ստանայ աննախնթաց արժէք։

Արդիւնքը իսկապէս ապշեցուցիչ էր։ Ոչ մէկ տեղ եւ ոչ մէկ ժամանակ հայ թատրոնը չէ հասած այդպիսի իրականացման։ Անշուշտ ունեցեր ենք անհատ մեծատաղանդ դերասաններ եւ դերասանուհիներ որոնց համբաւը նոյն իսկ երբեմն դուրս է եկեր հայկական նեղ շրջանակներէ, բայց երբէ՛ք, նոյն իսկ զուտ գեղարուեստական տեսակէտէ, չենք ունեցեր այնպիսի դերասանական խումբ որ կուռ կազմով, ամբողջութեան արժանիքներուն վրայ հիմնուած, սիստեմաթիկ աշխատանքով դիմէր իր բարձրագոյն նպատակներուն։

Այսօր արդէն մեր թատրոնի դերասանական խումբը որ ի է բեմի վրայ կրնայ պարզերես ըլլալ։ Յիշատակելի է որ նոյն իսկ երկրորդական դեր ունեցող, նոյն իսկ անխօս դերեր ունեցողները մշակուած եւ պատրաստուած են առաջնակարգ դերերու համար Արդէն կը պատահի որ այդ դերասաններէն մէկը ուրիշ խաղի մը մէջ առաջնակարգ դեր մը ստանձնէ։ Անշուշտ դերերու բաժանումը կը կատարուի ըստ դերասանի ինքնայատուկ ընդունակութեան, խառնուածքին եւ պատրաստութեան բայց խնդիրը այն է որ դերերու բաժանումը չի կատարուիր ըստ կամայական դատողութիւններու։ Այսպէսով նաեւ բեմադրողը կը դառնայ ստեղծագործող ուժ. վերջին հաշուով ան է որ պատասխանատու է ներկայացման մը յաջողութեան կամ անյաջողութեան։

Դերասաններու եւ թատրոնի աշխատակիցներու նիւթական վիճակը ապահովուած է, այնպէս որ անոնք թեթեւցած են այն սպաննիչ հոգերէն որուն տակ ընկճուած եղեր են մինչեւ այդ եւ դեռ այժմ խորհրդային սահմաններէ դուրս, հայ թատրոնի նուիրուած անձերը, Պետական Թատրոնի մշակները կրնան ամբողջովին նուիրուիլ իրենց արուեստի կատարելագործման։ Խորհրդային Միութիւնը անառարկելիօրէն առաջին տեղը կը գրաւէ թատերական արուեստի մէջ համաշխարհային չափով եւ մեր դերասանները եւ բեմադրողները ամէն կարելիութիւն ունին օգտուելու այդ մեծ դպրոցէն։

Մեր թատրոնի ամենաթոյլ կողմը իր խաղացանկի աղքատութիւնն է ինքնուրոյն թատերախաղեցու նւազութեան պատճառով։ Այդ պակասը կը լրացնեն մասամբ թարգմանութիւննարով՝ մանաւանդ ռուսական նոր թատրոնի ստեղծագործութիւններէ։ Այսու ամենայնիւ ինքնուրոյն թատերախաղերու պակասը զգալի բաց մըն է։ Թատրոնի մօտ կանգնած մարդիկ յաճախ ինձ խօսեր են այդ մասին։ Հին խաղացանկը անպէտք էր, նորերու մէջ մեծ բան չէին գտեր։ Որպէսզի իսկապէս նոր թատրոնը հիմնուէր, պէտք էր յաղթել եւ այդ դժուարութեան։ Այդ բացը լրացնելու համար մեծ դեր ունին կատարելիք պրոլետարական եւ «Աշխատաւորական» (ուղեկից) գրողները որոնք պիտի տան անշուշտ մեր թատրոնի գեղարուեստական բարձր պահանջներուն համապատասխան գործեր։

Ինչ որ ալ ըլլայ, մեր երիտասարդ թատրոնը արդէն յաջողած է աշխատաւորութիւնը կապել թատրոնի հետ եւ դառնալ խորհրդային բարդ կեանքի մէջ անհրաժեշտ օրկան մը։ Անիկա յաղթեր է առաջին մեծ դժուարութիւններուն եւ ամէն տարի կը կատարէ նոր նուաճումներ։

Արդէն իսկ բեմադրութիւնը հետզհետէ կը կատարելագործուի, տեքնիքական միջոցները կը լրանան. խաղացանկը կը զտուի, թատրոնը հանդիսանալով միեւնոյն ատեի արուեստի դպրոց, կստեղծէ նոր արժէքներ եւ կը հայթայթէ ուժեր Հայաստանի մէջ հիմնւող ուրիշ թատրոններու համար, ինչպէս նաեւ ուժեղօրէն կը սատարէ զարկ տալու նոր թատերական երկերու ստեղծագործութեան։

 

Հայ Պետական Թատրոնը հիմնուած է 1921ին երբ նիւթական միջոցները ծանր էին, ղեկավար ուժեր չի կային, դերասանական կազմ չի կար, թեքնիքական միջոցները՝ սակաւ. չի կար պատրաստի յարմար շէնք իր կահաւորումով եւ սարք ու կազմով։ Սակայն երկիրը կառավարող ղեկավար շրջանակը չէ ուզեր սպասել տնտեսական կեանքի բարելաւման եւ ապա միայն ձեռնարկել մշակութային հիմնարկներու հաստատման։ Այն դժնդակ առաջին տարիներուն երբ բոլոր կատարուելիք գործերը հաւասար կերպով անյետաձգելի էին եւ բոլոր անհրաժեշտութիւնները մէկ անգամէն կը խուժէին, կառավարութիւնը միեւնոյն ատեն որ երկրի տնտեսական կեանքը կը կազմակերպէր, հիմքը դրեր է կուլտուրական հիմնարկներուն։ Թատրոնին յատկացուցեր են նախկին Պարլամէնտի շէնքը [1] բայց այդ շէնքը ոչ միայն զուրկ է եղեր թատերական գոյքերէ այլ եւ իր նոր գործածութեան յարմարցուելու համար հարը է եղեր վերանորոգել եւ կահաւորել։ Այդ միջոցին կազմակերպուած է նաեւ բեմական արհեստանոցներ ուր կը պատրաստուէին տեկորներ, զգեստներ, տարազներ։ Հաստատուած է ելեկտրամոնտաժը։ Սրահը կահաւորուած է նոր բազկաթոռներով 550 հոգիի համար։

Առաջին տարին թատրոնի բոլոր ծախքերը կստացուին Պետութենէն բայց երկրորդ տարիէն արդէն անիկա կսկսի մասամբ իր ծախքերը հոգալ եւ հետզհետէ կը յաջողի բացերը գոցել իր հասոյթներով։

Թատրոնը ունի իր Տիրէքթէօրը եւ բեմադրող րէժիսէօրները։ Ունի նաեւ վարչութիւն եւ թատերական խորհուրդ որուն կից կան Գեղարուեստական կոմիտէն եւ խաղացանկային յանձնաժողով։

Պէտք չէ սակայն երեւակայել որ խորհրդային թատրոնը իր վրայ ինկած պարտաւորութիւնը կը կատարէ առանց հանդիպելու դժուարութիւններու, դիմադրութիւններու։ Կան աւանդութիւններ եւ աւանդապահներ որոնք սրդողած շուարումով մը կը դիտեն նոր սերունդի թռիչքը, եւ իրենց անզօրութեան կանդրադառնան վհատումով. բայց եւ երբեմն այն ինչ որ հինէն մնացած է, որ չի կարող յարմարիլ յեղափոխական իրականութեան, անկշռելի եւ անսահմանելի բանով մը, կը սպրդի ինչպէս ուրիշ մարզերու այնպէս եւ թատրոնի գործունէութեան մէջ եւ ընդհանրապէս երեւան կուգան գեղարուեստական ներհակ համոզումներու ձեւի տակ։ Սա աւազի հատիկն է որ կրնայ կռնչել տալ արագ դարձող անիւը։ Բայց անոնք որ յառաջապահ դիրքերու մէջ կանգնած են աչալուրջ կը հսկեն, եւ ինչ որ հիանալի է, անմիջապէս կը հասկնան թէ «բանը ինչումն է»։

Այդ նրբամտութիւնը, թափանցողութիւնը որուն ականատես եղայ բազմաթիւ առիթներու, կը խոստովանիմ որ ինձ կը պատճառէր միշտ մասնաւոր հաճոյք մը, անկախօրէն նիւթին ներկայացուցած շահեկանութենէն։

Թատրոնի վիճաբանական հրապարակային ժողովները տեւեցին երեք երեկոյ երբեմն ժամ 8էն մինչեւ առաւօտեան ժամը 2ը։ Րէժիսէօրներ, դերասաններ, գրողներ, հին եւ նոր քննադատներ եւ շարք մը ուրիշ մտաւորականներ խօսք առին։ Ներկայ հասարակութիւնը որ խուռն բազմութիւնով կը լեցնէր սրահները, վառ հետաքրքրութեամբ կը հետեւէր վիճաբանութեանց եւ երբեմն նոյն իսկ կը մասնակցէր իր հաւանութիւնը կամ տհաճութիւնը յայտնելով. երբեմն ալ ներկաներ մէջէն ուսանողներ, բանուորներ եւ կարմիր բանակայիններ խօսք կառնէին եւ թեր կամ դէ կարծիքներ կը յայտնէին մանաւանդ գործնական խնդիրներու շուրջ։

Վերին աստիճանի հետաքրքրական էին այն հարցերը որ արծարծուեցան թատրոնի տեքնիկայն, բեմադրութեան յարակից արուեստներու դերին (երաժշտութեան եւ նկարչութեան), խաղացանկի ընտրութեան, րէժիսէօրի, դերասանի եւ թատերագրի փոխադարձ դիրքերու եւ դերերու մասին։ Խօսք կառնէին նիւթին տիրապետող, փորձ, կամ ձեռնահաս անձեր։ Լսելով գեղարուեստական նիւթերու մասին այդ բարձր մտահոգութիւնները, որոնումները անգամ մը եւս անդրադարձայ որ մեր երկրին կուլտուրական մակարդակը որքան աւելի բարձր է քան թէ կենթարդրենք արտասահմանի մէջ։

Քանի՜, քանի՜ անգամներ մտածեր եմ որ եթէ հնարաւոր ըլլայ իր լրիւ արժէքին մէջ ներկայացնել այն ինչ որ կայ, որքան մեծ յեղափոխութիւն յառաջ պիտի բերէր արտասահմանեան այն շերտերուն մէջ որոնք շատ յարաբերական արժէք մը կընծայեն մեր երկրի հնարաւոր վերելքին։ Ես ինքս քանի անգամներ յանկարծակի անդրադարձայ որ այս նոյն ժողովուրդն է որ աշխարհահռչակ դարձած է իր դժբախտութիւններով, որ դեռ քանի մը տարիներ առաջ աղէտեալ եւ ամայացած փողոցներու մէջ կը մեռնէր սովէ եւ համաճարակներէ եւ որ այսօր, առողջ եւ կենսունակ, իր մշակութային եւ գեղարուեստական կեանքին հիմունքները կը դնէ հաստատ հողի վրայ։ Մոռնա՛նք անցեալը եւ մեր ուշը դարձնենք թատրոնի մասին յարուցուած խնդիրներու վրայ որոնք կարող էին հետաքրքրել աշխարհիս ամենէն յառաջացած մէկ կեդրոնին բարձրորակ մտաւորականները։

[2] Բեմական արուեստի բնոյթը ոչ թէ վերարտադրողական է այլ ստեղծագործական։ Բեմադրողը նոյնպէս ստեղծագործում է, տալիս է բլանը. յանձնում է դերասանին։ Բայց միթէ՞ դերասանը վերարտադրու է հլու հպատակ բեմադրողի բլանը. դերասանը նոյնպէս ստեղծագործում է… բայց եւ եթէ հասարակութիւնը չաւելցնէ իր աշխատակցութիւնը, չի մասնակցի ստեղծագործութեան… բոլորն ալ ունին իրենց դերը եւ ոչ մէկը միւսին չէ կարելի ստորադասել։ Սա մի հաւաքական ստեղծագործութիւն է…

Թատրոնը մարդկային մարմնի արուեստ է ժամանակի եւ տարածութեան մէջ. բլաստիքական պայքար՝ մարդկային մարմիններու միջեւ։

Համադրական արուեստը էականապէս թատերական արուեստ է ուրկէ յետոյ բաժնուեցան արուեստի զանազան ճիւղերը։ ԺԹ րդ. դարուն թատրոնը գերուեց գրականութենէ, դարձաւ իւլլիստրասիօն գրականութիւն։ Վերջին երկու տասնեակ տարիներուն թատրոնը ձգտում է ազատագրուիլ գրականութենէ…

Գրականութիւնը մի միայն մատերիալ է…

Աղմուկ, յուզմունք թատերագիրներու կողմէ. թեր ու դէմ բուռն ելոյթներ։

Բեմական արուեստի մէջ ամենէն կարեւորը խօսքն է. թատրոնը սինէմա չէ ոչ ալ բանտոմինա…

Ոչ թէ մեքանիքական այլ օրկանիքական սէնդէզ. արտայայտել ձեւերով եւ շարժումներով ոչ թէ միայն արտասանել… թատրոնը պէտք է երթայ դէպի ինքնորոշում…

 

Այդ երկար վիճաբանութիւններու ընթացքին ներկաները ընդհանրապէս լուռ եւ ուշադիր, երբեմն կը յուզուէին. խօսքեր, բառեր կը թռէին զանազան անկիւններէ, սուր եւ իմաստալից ակնարկներ մէկ կէտէն միւսը հաւանութիւններ կամ ժխտումներ կը փոխանակէին։

Երկրորդ երեկոյթի վերջին էր. դուրս կուգայինք սրահէն երբ տեսանք որ խումբ մը երիտասարդներ կանդրադառնան ճառախօսի մը յայտնած միտքերուն մէկը բռունցքը ցոյց տալով կըսէր.

. . . նրանք ուզում են իրանց քարացած անկենդանութիւնը հակադրել մեզ…

Ուրիշ մը որ կը քալէր կանգ առաւ խումբին մօտ եւ ըսաւ.

Գեղարուեստի փէշի տակ ապաստանած ուզում են կասեցնել մեր թափը… բայց մենք իմանում ենք…

 

Ամէն պարագային թատրոնը վիճաբանական երեկոյթներուն ամենէն աւելի յստակ կերպով ըմբռնեցի թէ որքան մեզմէ, եկուարներէս չի կասկածուած աստիճանով մը մեր երկրի երիտասարդ սերունդը պատրաստուած է թէ որքան հաստատ կանգնած է իր գաղափարական գծի վրայ, թէ որքան ամէն մէկը անմիջապէս կըմբռնէ որ եւ է շեղում. ինչ որ կը նշանակէ ըօ ստացեր են հետեւողական եւ սիստեմադիկ դաստիարակութիւն, մարզուեր են գործնականապէս կեանքի մէջ եւ արդէն պատրաստ են լրացնելու գատրերը եւ զանգուածները առաջնորդելու անսայթաք դէպ ի գերագոյն նպատակներ։

 

Մտնենք այժմ թատրոնի սեմէն ներս, Ներկայացման ժամէն շատ առաջ պոչը կազմուեր է կիշէին առաջ։ Հերթով կը վերցնեն տոմսակներ։ Ես, իբրեւ «Երեւան» թերթի թղթակից, ազատ մուտք ունիմ։ Կը բարձրանամ սանդուղներէն, կը մտնեմ տիրէքթէօրին բիւրօն ուր կը հանդիպիմ ուրիշ գրողներու եւ զրոյց կընենք։երբեմն ալ ուղղակի կանցնիմ բիւֆէն ուր կը գտնեմ երիտասարդ գրողներ, նկարիչներ, ուսանողներ, ուսուցիչներ։ Եթէ հոգ չընեմ խանգարել, հայճոյքով կանցնիմ դերասաններու ֆուայէն, որովհետեւ միշտ մեծ բաւականութեամբ կը տեսնեմ մեր թատրազարդը կազմող Արուս Ոսկանեանը, ժիր, աշխուժ, անխոնջ եւ միշտ հետամուտ իր արուեստի վերաբերեալ խնդիրներու։ Այնտեղ են նաեւ իսկապէս վաստակաւոր դերասան Մանուէլեան, Աւետեան եւ Յասմիկ՝ մեծապէս օժտուած դերասանուհի մանաւանդ որոշ դերերու մէջ։ Ահա եւ երիտասարդ ուժեր, Ջանան որ արդէն իսկ համարում վայելող փորձ դերասան է, հարուստ՝ կարելիութիւններով, Հրաչեայ Ներսէսեան որ լայն ասպարէզ ունի իր դէմ եւ որուն խաղը Համլէտի դժուար դերին մէջ կը ներկայացնէր ինքնուրոյն արժէք, եւ ուրիշներ, տաղանդով, շնորհով եւ արժանիքներով լիքը երիտասարդներ։

 

Կարգապահ եւ կիրթ՝ հասարակութիւնը անընդհատ կը բարձրանայ սանդուղներէն, կը լեցնէ նրբանցքները, սալօնները եւ ծխարանները։ Բազմութեան ալիքներուն մէջ կը նշմարուին ալեհեր մտաւորականներ եւ երիտասարդ բանաստեղծներ, կառավարական շրջանէ անձեր, զանազան հիմնարկներու վարիչներ, համալսարանի դասախօսներ, ուսանողներ եւ մեծ մասամբ ամէն կատեկորիայի աշխատաւորներ իրենց դուրեկան ասուէ պլուզներով, մէջքերնին սեղմուած գօտիով։ Կան եւ կարմիր բանակայիններ եւ երբեմն գիւղացիներ։Կիները ընդհանրապէս գլխաբաց՝ հագուած են պարզ եւ վայելուչ։

Կը հնչէ մուտքի ժամ ազդարարող զանգակը եւ բազմութիւնը կուղղուի դէպ ի սրահը։ Մետաղեայ սաղաւարտով հրշէջ զինուորներ կանգնած են իրենծ հսկողութեան կէտին վրայ եւ կը դիտեն անցնողները։ Չիկայ միլիցիոնարական հսկողութիւն կարգապահութեան համար։ Ամէն մէկը իր տոմսակին թիւին համեմատ կը մտնէ նրբանցքին վրայ բացուած բազմաթիւ դռներէ եւ կերթայ տեղաւորուիլ իր տեղը։ Այսպէս է ամէն իրիկուն։

 

Ընդհանրապէս ներկայացումները պատրաստուած են խնամքով. դերասանները գիտեն իրենց դերը (ինչ որ նորութիւն է մեր մէջ)։ Ամէն մէկը իր վրայ ինկած բաժինը կը կատարէ խղճմտութեամբ եւ երբեմն փայլուն կերպով. մեծ տաղանդով։ Բայց ինչ որ մասնաւոր կերպով ուշադրութեան արժանի է այն է որ շատ սակաւ միջոցներով մեր թատրոնը կը յաջողի իրականացնել երբեմն շատ յաջող բեմադրութիւններ։ Շիրվանզադէի «Մորկանի խնամին» ներկայացման առթիւ Պետական թատրոնը իր կատարելութեան չափը տուաւ։ Բարիզեան քաֆէի մը աղմկալի եւ ինքնայատուկ մթնոլորտը ներկայացուեցաւ անթերի։ Գիշերային պառի մը մը բեմադրութիւնը գերազանցեց բոլոր ակնկալութիւնները։ Դեկորներու ուրուանկարները պատրաստեր էր համբաւաւոր նկարիչ Եակուլեան եւ գործադրութիւնը կատարեր էր նկարիչ Ալաջալեան։ Երգեցիկ պառտ այդ տենդոտ, շքեղ, անառակ միջավայրը ներկայացուեցաւ այնպիսի ճշտութեամբ մը որ ակամայ կը խորհէի թէ ի՞նչպէս յաջողեցան իրականացնել այդ բոլորը Երեւանի մէջ, այնքա՜ն հեռու Բարիզէն, տեղական ուժերով, որոնցմէ մեծ մասը երբէք չէ եղած Եւրոպա։

 

Պետական թատրոնը հանդիսաւոր երեկոյթով մը տօնեց իր գոյութեան հնգամեակը, առաջին հանգրուանը ուր թեւակոխեր էին եւ որը տօնն էր իսկապէս այդ գործին նուիրուած ամէն կարգի աշխատակիցներու։

Երբ թատրոնի վարագոյրը բացուեցաւ, մեզ երեւցան թատրոնի աշխատաւորներու ամբողջական խումբը։ Ետեւը շարքով նստարաններու վրայ թատրոնական կոլլեկիան, դերասաններ, եւ թեքնիքական աշխատակիցներ. առաջին բլանի վրայ երըար սեղան մը՝ կարմիր ծածկոցով, որուն պատուոյ տեղը նստած էր լուսաւորութեան կոմիսար Ա. Մռաւեան, իր աջ կողմը ունենալով թատրոնի խորհուրդի նախագահ եւ Պետ. Համալսարանի բրոֆէսէօր Գիւլիքէօխեան եւ ձախ կողմը՝ թատրոնի տիրէքթէօր Մամիկոն Գէորգեան։ Սեղանին մէկ կողմը կը բռնէին երկու րէժիսէօրներ եւ միւս կողմը Գեղարուեստի աշխատաւորներու եւ Արհեստակցական միութիւններու ներկայացուցիչներ։ Բրօֆ. Գիւլիքէօխեան ոտքի ելլելով յայտարարեց Պետական թատրոնի հնգամեակի առթիւ հանդիսաւոր երեկոյթը բացուած։ Անմիջապէս բեմին ետեւկ կանգնած նուագախումբը հնչեցուց էնթէրնասիօնալը։ Յետոյ Գիւլիքէօխեան բացման ճառը ըսելով պարզեց այն մեծ նշանակութիւնը որ թատրոնը ունի հասարակական կեանքի մէջ։

«Թատրոնը կուլտուրական կեանքի հզօր կռուաններէն մէկն է, որ պիտի մարզէ մեր աշխատաւորներու միտքը, որ գեղարուեստօրէն պիտի արտայայտէ անոր դիւցազնական պայքարները եւ յաղթանակները…

Աշխատաւորական մասսաներու զարթօնքն է որ մեզ պիտի տանի դէպ ի կուլտուրական աւելի շքեղ նուաճումներ։ Մենք այդ զարթօնքի օրերը կապրինք եւ մեր ամէն մէկ քայլը մեզ կը մօտեցընէ մեր նպատակներուն…»։

Լուսաւորութեան կոմիսար, Ա. Մռաւեան խօսք առնելով յայտնեց որ ոչ միայն լուսժողկոմի այլ շարք մը հիմնարկներու կողմէ յանձն առած է ողջունել Պետական թատրոնի հնգամեակը։ Բուռն ծափեր ընդհատեցին ճառախօսը։ Օվասիօն՝ որուն ընկերացաւ նուագախումբը փողահարութեամբ. կրկին եւ կրկին ծափեր. ոգեւորութիւն։

«Ոչ մէկ հիմնարկ, շարունակեց եռանդուն եւ անխոնջ կոմիսարը, այնպիսի բուռն քննադատութիւններու չէ ենթարկուեր, որքան Պետական Թատրոնը, հակառակ որ անիկայ եղեր է մեր կառավարութեան մասնաւոր գուրգուրանքի առարկայ եւ հակառակ որ թատրոնի վարիչները եւ աշխատակիցները ոչ մէկ ջանք չեն խնայեր բազատեսակ դժուարութիւններու մէջ գործը դնելու լաւագոյն հիմունքներու վրայ»։

Յետոյ մի առ մի թուելով այն դժուարութիւնները որոնց յաղթելու ստիպուած էին բացատրեց որ այդ քննադատութիւնները ցոյց կուտան գեղարուեստական եւ հասարակական արժէքը որ թատրոնը ունի մեր կեանքին մէջ։

«Մենք այսօր կապրինք կուլտուրական յեղափոխութիւնը եւ թատրոնը արդէն իսկ կը յաջողի տալ մեր տրամադրութեան արտայայտութիւնը։ Ապացոյց՝ մեր բանուորներու ակտիւ եւ ուշադիր վերաբերմունքը դէպ ի թատրոնը… ես տարակոյս չունիմ որ հետեւեալ հնգամեակին մեր թատրոնը կը կատարէ կրկնապատիկը, եռապատիկը։ Մենք մեր թատրոնի տասնամեակը կը տօնենք ոչ միայն իրեն յատուկ շէնքի մէջ այլեւ աւելի մեծ գեղարուեստական արժէքով…»

Հնգամեակի առթիւ Հայաստանի Խորհուրդներու Գործադիր Կոմիտէն որոշեր էր Թատրոնի երեք աշխատաւորներուն տալ վաստակաւոր դերասանի տիտղոսը։

Հասարակութեան եւ թատրոնի կոլեկիայի բուռն ծափերուն եւ օվասիոններու մէջ լուսաւորութեան կոմիսարը յայտնեց անունները. դերասան Աւետեան եւ դերասանուհիներ՝ Յասմիկ Յակոբեան եւ Արուս Ոսկանեան։

 

Նկատելի էր որ հնգամեակի երեկոյթը չունէր պաշտօնական եւ ցուրտ հանդիսաւորութիւն եւ միեւնոյն ատեն հակառակ իր ընկերական բնոյթին զուրկ չէր մեծավայելչութենէ։ Մշակութային ճակատի յառաջապահ դիրքերէն մէկն է թատրոնը եւ գործը որ կը տարւի այդ ճակատին վրայ պատերազմ է տգիտութեան, յետամնացութեան, հին աշխարհի նմացորդներուն դէմ։ Ամէն մէկ իրագործում յաղթանակ մըն է։ Երբ Կոմիսարը յայտնեց Խորհուրդներու Գործադիր Կոմիտէի որոշումը եւ տուաւ անունները այն դերասաններուն որ արժանացեր էին վաստակաւոր դերասանի տիտղոսին, ինձ թուեցաւ պահ մը որ իրապէս պատերազմի ճակատի վրայ ենք եւ հրամանատարը կը վարձատրէ անձնազոհ զինուորներ, զէնքի ընկերներ։

* * *

Բովանդակութեամբ լի օրերը կը յաջորդեն իրարու շաբաթներ ու շաբաթներ անընդհատ։ Եթէ հարկ ըլլայ հետեւիլ իմ ամենօրեայ նօթագրութիւններուս պէտք է հատորներ լեցնեմ։ Ամէն ինչ հետաքրքրական է եւ հաւասարապէս կարեւոր, որովհետեւ ամէն ինչ իր կարգին կուգայ իր մէջ պատկերացնել իրականացումը այն մեծ յեղափոխութեան որ մեր հասարակական կեանքը դարձուցեր է հարուստ եւ անոր տուեր է հզօր թափ մը։ Առաջին օրերը եկուորը կը կարծէ թէ բացառիկ բան մը կայ. յետոյ է որ, շաբաթներու ընթացքին, կզգայ թէ այդ երբէք չի թուլացող գործունէութիւնը խորհրդային երկրի մէջ առօրեան է։

Ներկայ եմ եղեր Երեւանի մէջ անթիւ դասախօսութիւններու որոնց միջոցին զանազան լուրջ նիւթերու մասին խօսեր են ձեռնահաս ճառախօսներ։ Ընդհանրապէս նիւթերը լուրջ պատրաստուած են եւ լաւ դասաւորուած։ Դասախօսութեան շուրջ միտքերու փոխանակութիւնները երբեմն կստանան բուռն վիճաբանութիւններու երեւոյթ։ Ճշդումներ եւ քննադատական խօսքեր կըլլան ազատ եւ համարձակ։ Այդպիսի երեկոյթներու մէջ, երբ կենդանի խօսքը կը թռի շրթներէ, երբ միտքերը կը խաչաձեւուին, երբ նորահաս երիտասարդներ համարձակօրէն առարկութիւններ կը ներկայացնեն, յաճախ մտածեր եմ, հապա ի՞նչ է այն վայնասիւնը որ արտասահմանի մէջ կը լսենք խօսքի ազատութեան մասին։

Ազատ չեն անշուշտ մարդիկ միտքերը մոլորեցնելու, գրգռիչ, սայթաքեցնող, զանգուածներու վերելքը կասեցնող, վհատութիւն եւ թուլութիւն ներարկող խօսքեր ըսելու ինչպէս դեղագործը կամ որ եւ է մարդ ազատ չէ թոյն կամ որ եւ է թմրեցուցիչ ծախելու։ Կը խոստովանիս որ նախ քան ճամբորդութիւնս ես ինքս որոշ վերապահութիւն ունէի ազատ խօսքի մասին։ Սա մեր սերունդի մարդւց դեմոկրատիկական զգացումներու պայքարի ձին է։ Ոչինչ կայ զարմանալի։ Մենք կը նայէինք այդ խնդրին վրայ բոլորովին ուրիշ կողմէ։ Բայց բաւական է ուղղամիտ ուշադրութեամբ անդրադառնալ այս խնդրին խորհրդային իրականութեան մէջ որպէսզի հասկնանք եւ հասկնալով ընդունինք որ վհատութեան, նահանջի՞ վարանումի պատճառ եղող բոլոր ներարկումները պէտք է արգիլել –արգիլել նոյն իսկ ամենախիստ միջոցներով որպէս զի պրոլետարական տիկտատուրայի տակ նորազատ աշխատաւորութիւնը յաջողի իր նիւթական եւ մտաւորական շէնքը կառուցանել։

 

 

Իմ ներկայ եղած դասախօսութիւններէս պիտի թուեմ միայն երեքը որոնք իրենց առանձին յատկութիւններով կը բնորոշեն այդ կարգի ելոյթները։

Կիրակի օր մըն էր, կէս օրին, որ տեղի ունեցաւ Արտաշէս Կարինեանի դասախօսութիւնը «Արեւելք եւ Արեւմուտք» նիւթի մասին։ Արտաշէս Կարինեան մեր ամենէն պատրաստուած, նուրբ եւ կիրթ ճաշակ ունեցող բարձրորակ մտաւորականներէն մէկն է։ Անիկա պիտի խօսէր նիւթի մը վրայ որ կզբաղեցնէ ամբողջ աշխարհիս մտաւորականները եւ մասնաւորապէս հետաքրքրական է մեզ համար քանի որ մեր ժողովուրդը կանգնած է Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ։

Դասախօսը նախ պարզեց թէ այս հարցը ինչպիսի մտորոնումներու առիթ է մանաւանդ Գերմանիոյ մէջ ուր արեւմտեան մշակոյթի մայրամուտը մեծ յուզում յառաջ կը բերէ։

Յետոյ դասախօսը անդրադարձաւ որ այս հակամարտ հոսանքները կարտայայտուին մեր մէջ եւս։ Նախապատերազմեան հայ հեղինակները իրենց երեսը դարձուցած են դէպի արեւմուտք եւ ուշադրութիւն չեն դարձուցած այն արեւելքին որուն մէջ կապրէին։ Մեր հրապարագրութեան եւ գրականութեան մէջ կը գտնենք առատօրէն ներբող՝ արեւմտեան քաղաքակրթութեան, ներբող՝ կապիտալիստական Եւրոպայի եւ Ձարական Ռուսիայի։

Արեւելահայերը Բագուի եւ Թիֆլիզի մէջ ստեղծեր էին երրորդ դասը եւ հայ մտաւորականները սպասաւորներ են այդ դասին։ Այն նոյն ժամանակներուն երբ ռուս մտաւորականները կերթային դէպի ժողովուրդը, մել գրողները սատարեր են ազգային շարժման, ազգահաւաքման որովհետեւ հայ բուրժուազիան սպառնացող վերահաս մրցակցութեան առաջ պէտք էր ստեղծել Ռուսիայէն դուրս հայրենի սեփական շուկան։ Անշուշտ հայ մտաւորականութիւնը իր այդ ծառայութիւնը չէ կատարեր որոշ ծրագրով բայց անիկա իր բոլոր միջոցներով զօրավիգ է եղեր հայ բուրժուազիայի տնտեսական նոր բազա ստեղծելու ձգտումին։ Այս իսկ պատճառով երբ ռուսական գրականութիւնը կը դնէ սոցիալական ներհակութեանց հարցը, յաւելեալ արժէքի սկզբունքը, ատոր փոխարէն հայ գրականութեան մէջ կը դրուի յաւելեալ արեան սկզբունքը։

Հայ մտաւորականները տոգորուած են եղեր նաեւ այն զգացումով որ արեւմտեան քաղաքակրթութեան տարածողներն են արեւելքի մէջ։ Այս կարծիքն է որ յառաջ է բերեր հակամարտութիւն արեւելքի ժողովուրդներու հետ։

«Բայց հայ ժողովրդական գեղարուեստը հետք չունի այդ արեւմտեան քաղաքակրթութենէն։ Այլ սակայն ժողովրդական ստեղծագործութիւնը թոյլ չէ ընդհակառակը. անիկա երբեմն կը ներկայացնէ գեղարուեստական մեծ արժէք։ Միայն մեր ժողովրդական գրականութիւնն է որ կարելի է համարել համազօր արժէք մեծ ժողովուրդներու հաւաքական ստեղծագործութեան…»

Ա. Կարինեան եզրակացնելով ըսեւ թէ մեր գրականութիւնը ներկայիս իր ուժը պիտի ստանայ տեղաւորուելով իր միջավայրին մէջ։ Օգտագործել արեւմտեան գրական արուեստը, գիտութիւնը եւ ուսմունքը հիւթը եւ նիւթը քաղելով արեւելեան իրականութենէ։

«Մեր միսիոնը արեւմտեան մշակոյթը տարածելը չէ արեւելքի մէջ այլ կատարել արեւմուտքի եւ արեւելքի սէնթէզ եւ զայն իրագործել կեանքի եւ գործունէութեան բոլոր մարզերուն մէջ»։

 

Երկրորդ դասախօսութիւնը որ պիտի յիշատակեմ, քաղաքական բովանդակութիւն ունէր եւ տեղի ունեցաւ այն օրերուն երբ թերթերը կը հրատարակէին Անգլօ-Խորհրդային դիւանագիտական յարաբերութիւններու խզումին առթիւ յօդուածներ եւ փոխանակւած նօթաները։ Հաւանական պատերազմի հեռանկարը կարծարծէր մտքերը եւ աշխատաւորները պէտք ունէին լուսաբանութեան։ Այդ նպատակաւ էր որ Լուսաւորութեան կոմիսար Ա. Մռաւեան հրապարակային դասախօսութիւն մը ըրաւ Կուլտուրայի Տան մեծ դահլիճին մէջ։ Երեւանեան ցուրտը իր ամենէն սաստկութեան մէջ էր. ջերմաչափը ցոյց կուտար զէրօէն վար 20-22 աստիճան։ Դժուարաւ քայլ կառնէինք սառած փողոցներու մէջ, այսու ամենայնիւ սրահը լիքն էր եւ հասարակութիւնը մեծ հետաքրքրութեամբ կը լսէր դասախօսի հեղինակաւոր խօսքը հաւանական հակամարտութեանց մասին կապիտալիստական երկիրներու միջեւ ինչպէս նաեւ այդ երկիրներու ձգտումին՝ միացեալ ճակատ կազմելու, Խորհրդային միութեան դէմ։ Առանց ո եւ է հռետորական միջոցի դիմելու, դասախօսը հանդարտութեամբ եւ լրջութեամբ կը լուսաբանէր յուզուած հարցերուն աստառը եւ ներկաները կը լսէին ւոշադիր եւ առանց որ եւ է կարգի ջղագրգռութեան։

 

Այդ օրերուն հետաքրքրական էր դիտել թէ մեր երկրի աշխատաւորութիւնը ի՞նչ կեցուած կը պահէ հաւանական դէպքերու հեռանկարին առաջ։ Դիտեցի որ ամէն տեղ եւ ամէն առիթի ազատօրէն կը խօսուէր եւ կարծիքներ կը փոխանակուէր Անգլիոյ հակախորհրդային վերաբերմունքի մասին։ Դիտեցի նաեւ որ այդ խօսակցութիւնները արտայատութիւն էին լուսաբանուած միտքերու որոնք առանց ստորագնահատելու կացութիւնը անդորրութեամբ կը նայէին ծանրակռիռ վտանգներու հաւանականութեան։ Ո՞ւրկէ կը բղխէր այդ ինքնավստահութիւնը։ Խնդիրը այն էր որ մեր երկրի գիւղացին, բանւորը եւ կարմիր բանակայինը ինքզինքը անջատ չէր զգար այն ընդհանուր շահերէն եւ վտանգներէն որոնք կը վերաբերին ամբողջ Միութեան։ Միեւնոյն ատեն մեր երկրի աշխատաւորութիւնը յատուկ գիտակցութիւնոը ունէր որ անգլիական յարձակողականը ուղղուած է ընդհանրապէս այն րէժիմին դէմ որու շնորհիւ կարող է իր դասակարգային շահերը պահպանել։ Անիկա գիտէր որ բազմամիլիոն բանակի մը մաս կը կազմէ եւ վտանգի պարագային իրեն կը մնայ պատւով կատարել իրեն բաժին ինկած դերը, ամբողջ Խորհրդային Միութեան բազմացեղ եւ բազմալեզու աշխատաւորութեան նուաճած դիրքերը պահպանելու համար։

Բայց այս չի նշանակեր որ աշխատաւորութիւնը առանց սրտմտութեան կը նայէր պատերազմի վտանգին։ Ամէն տեղ եւ ամէն առիթի կարտայայտուեր խաղաղութիւնը պահպանելու ցանկութիւնը։ Խորհրդային Միութեան աշխատաւոր ժողովուրդները շինարարական տենդագին գործունէութեան նուիրուած են։ Ամէն տեղ եւ ամէն մարզի մէջ շտապով կը դիմեն դէպի անմիջական իրականացումներ։ Շինելու եւ կառուցանելու հապճեպին մէջ եղող աշխատաւորական զանգուածներ ոչ մէկ շահ ունին խաղաղութիւնը խզելու։ Բայց եւ այդ աշխատաւորական բանակները, ի պահանջել հարկին պիտի գիտնան պաշտպանել իրենց կարգերը, իրենց սեփական շահերը։

Հետաքրքրական էր նաեւ Գ. Վանանդեցի դասախօսութեանց շարքը «Ազգային շարժումը մեր գրականութեան մէջ» նիւթի մասին։ Գ. Վանանդեցի երիտասարդ քննադատ է եւ մաս կը կազմէ հայ պրոլետ գրողներու խմբակցութեան։

Ամուր եւ անյողդողդ կանգնած մարքսիստական պլատֆօրմի վրայ, Վանանդեցի եզական դէմք է իր համոզուած խստամբեր խօսքով եւ անզիջող սկզբունքներով։ Բեմին վրայ, իր նուրբ, աւելի շուտ վտիտ սիլուէտը ինքնին մանիֆէստ մըն է։ Կեդրոնացման ճիգի մէջ կծկւող տժգոյն դէմքին վրայ՝ սեւ աչքեր, սեւ թաւ յօնքեր, սեւ մազեր։ Ամբողջութիւնը կը ներշնչէ, ինչպէս արձակուած նետի սլաք մը, անկասելի սլացումի զգացում մը։ Ձայնը երգող բայց արագ րիթմով, խօսքը ժուժկալ եւ յարձակողական, անիկա կարծես իրար ետեւէ կարտասանէ անյեղլի եւ յաւիտենական ճշմարտութիւններ։ Վանանդեցի եւ իր ընկերները անցեր են խիստ դպրոցէ։ Մարքսիստական բովէ անցնելով ամէն մտքի արտայայտութիւն, գրականութիւն եւ գեղարուեստ, անագորոյն տրամաբանութեան մը կը հետեւին եւ իրենց դատողութիւնը խիստ է ոչ միայն ուրիշներու այլ եւ երբեմն երենց երկերու համար։ Ինչ որ անտարակուսելի է, այն է որ այդ դպրոցէն անցած երիտասարդները դասաւորուած միտք ունին եւ բոլորովին զերծ են անորոշութենէ եւ տարտամութենէ։

 

Դասախօսութեանց մասին գրելու պահուս չեմ կարող չի յիշատակել Յակոբ Պարոնեանի նուիրուած շաբաթը, հայ մեծ երգիծաբանին մասուան երեսնուհինգամեակին առթիւ։

«Կարմիր Մոծակ» երգիծաթերթի խմբագրութիւնը ձեռնարկեր էր այդ հանդիսութեանց որ կատարուեցաւ շքով եւ որոշ յայտագրի համաձայն։ Երեկյոթներ, դասախօսութիւններ եւ Յ. Պարոնեանի երկերէն ներկայացուներ տեղի ունեցան Կուլտուրայի Տան, Լուսաւորութեան աշխատաւորներու ակումբին եւ Պետական Թատրոնին մէջ։

Առ հասարակ ակումբները, խմբակցութիւնները, կոլեկիաները ամէն տեղ տօնեցին Պարոնեանի շաբաթը եւ արեւմտահայ երգիծաբան գրողը դարձուցին օրւան մարդը, իր յիշատակին եւ երկին անդրադառնալով ուշադրութեամբ եւ սիրով։

 

* * *

Ոչ մէկ տեղ թերեւս հասարակական կեանքի բազկերակը չէր կարելի զգալ այնքան որոշակի որքան ընտրութիւններու միջոցին։ Հայաստանի Խորհուրդներու ընտրութիւնը շաբաթներէ ի վեր երկիրը դարձուցեր էր ասպարէզ տենդագին գործունէութեան։

Ուշադրութեամբ հետեւեցայ նախապատրաստական ժողովներու, զեկուցումներու եւ ընտրութեանց։ Դժբաղդաբար առողջական եւ այլ պատճառներով չի կրցայ երթալ գիւղական շրջանները ինդպէս նախապէս մտադիր էի։ Բայց արդէն միմիայն Երեւանի մէջ, տեսայ թէ ինչպէս մեր աշխատաւորութիւնը ընդուներ է քաղաքացիական լուրջ դաստիարակութիւն։ Մնաց որ այդ ընտրութիւնները իրենց կարգին առիթ էին լրացնելու այդ դաստիարակութիւնը։ Նախապատրաստական ժողովներուն ձեռնահաս դասախօսներ կը պարզաբանէին ընտրողներու պարտաւորութիւնները եւ իրաւունքները։ Աշխուժացնել զանգուածները, գիտակից դարձնել աշխատաւորը իր դերին, անդրադարձնել որ իսկապէս աշխատաւորներն են երկիրը կառավարողները, ահա՛ մօտաւորապէս այդ ժողովներուն նպատակը։

Զեկուցումները իրենց կարգին կը պատկերացնէին երկրի շինարարական եւ մշակութային վիճակը, նւաճումներ որ կատարուած են, բացերը եւ մերձաւոր ընելիքները ու հեռանկարներ։

Ամէն տեղ եւ ամէն անգամ սրահները լիքն են եւ որովհետեւ Արհեստակցական Միութիւնները եւ կոլլեկիաները իրենց առանձին ժողովները կունենային, հարցերը որ կը տրուէին ներկաներուն առաջ, անմիջական հետաքրքրութիւն ունէին եւ մատչելի ու ընտանի նիւթերու շուրջ էր որ տեղի կունենային վիճաբանութիւններ։ Զեկուցանողներ բացերը կը ներկայացնէին նոյն իսկ խտացած գոյներով եւ խօսքը հիմնելով թուական եւ վիճակագրական տուեալներու վրայ։ Զեկուցումներէ յետոյ միտքերու փոխանակութեան ընթացքին բուռն քննադատութիւններ անգամ մը եւս կը յայտնէին այն իրողութիւնը թէ ամէն մէկը ազատօրէն իր կարծիքը կը յայտնէ։ Գրաւոր հարցումները կը տեղային բեմին վրայ եւ դիտեցի որ զեկուցանողները խղճմտութեամբ պատասխանեցին բոլոր հարցերուն։

Ընտրութեան օրերուն, նախապէս կազմուած ժամանակացոյցի մը համեմատ, ընտրողներու հոծ բազմութիւններ կը դիմէին զանազան հիմնարկներ իրենց քուէն տալու համար։

* * *

Հայաստանի Պետական երաժշտանոցը ինչպէս մշակութային ուրիշ հիմնարկներ հաստատուած է Հայաստանի խորհրդայնացման առաջին տարիներուն։ Երաժշտանոցը բաղդը ունեցած էր առաջին օրերէն ունենալու Ս. Սպենդարեանի արժէքով երաժիշտ մը իբր ղեկավար որ յաջողած էր ապահովել աշխատակցութիւնը տաղանդաւոր եւ երիտասարդ ուժերու։ Հայ երաժշտանոցկ կոչուած է ոչ միայն ուսանողներ պատրաստելու այլ եւ հաւաքելու, վերամշակելու հայ ժողովրդական ստեղծագործութիւնները, կուտակելու նոր արժէքներ եւ թերեւս բերելու համաշխարհային երաժշտական արուաստին առանձնայատուկ երկեր։

Երաժշտանոցը երկու ցուցադրական երեկոյթ սարքեց իր ուսանողներով։ Առաջինը կատարեցին չափահաս ուսանողները եւ երկրորդը՝ մանկահասակները։ Տպաւորութիւնը շատ քաջալերական էր։ Թէ նուագարանային եւ թէ ձայնային երաժշտութեան մէջ յայտնուեցան բազմաթիւ օժտուած ուսանողներ։ Հայ նւագախումբը 100 հոգիէ բաղկացած կատարեալ կարգապահութեամբ եւ ամբողջութեամբ կատարեց յայտագիրը։

Հայկական օբէրան ստեղծուած է արդէն Ս. Սպենդարեանի եւ Տէր Ղեւոնդեանի երկերով։

Տէր Ղեւոնդեան ստեղծագործութեան նուիրուած երեկոյթը կուգար հաստատելու այն կարծիքը որ հայկական նոր երաժշտութիւն մը կը ստեղծուի մեր երկրին մէջ։ Երիտասարդ երաժշտագէտը մեծապէս օժտուած է եւ տարակոյս չի կայ որ կոչուած է կարեւոր դեր մը կատարելու իր մարզին մէջ։ Երեկոյթի առաջին մասը նուիրուած էր հայկական ժողովրդական մոտիվներու եղանակաւորման, որոնց մէջ մասնաւորապէս ուշադրութիւնս գրաւեց Շիրակի երգերը։ Երկրորդ մասին՝ նուագախումբը հեղինակի ղեկավարութեամբ կատարեց «Սէդա» օբերայէն մասեր եւ Վահագնի ծնունդը (բանաստեղծութիւն Յովհ. Յովհաննէսեանի)։ Հանդիսականները ջերմ եւ երկարատեւ համակրական արտայայտութիւններ ըրին հեղինակին եւ երեկոյթը անցաւ բարձր տրամադրութեան մէջ։

 

* * *

Լուսաւորութեան աշխատաւորներու 4րդ Հայաստանեան համագումարը տեղի ունեցաւ երբ դեռ Երեւան էի եւ որու ներկայ եղայ սկիզբէն մինչեւ վերջը, քանի մը օր տեւող նիստերուն։ Այդ համագումարին կը մասնակցէին Հայաստանի բոլոր շրջաններէ եկած գաւառային եւ գիւղական ուսուցիչ պատգամաւորներ եւ Երեւան քաղաքի լուսաւորութեան աշխատաւորներ։ Համագումարը կը պարզէր պատկառելի երեւոյթ եւ ի յայտ կը բերէր այն առաջնակարգ նշանակութիւնը որ կրթական գործը ունի Խորհրդային Հայաստանի մէջ։

Առաջին զեկուցումը ըրաւ Վառվառա Քէօչէկէօզեան որ Լուսաւորութեան Աշխատաւորներու Արհեստակցական Միութեան նախագահուհին էր։

Չորս ժամ տեւող զեկուցումէ մը յետոյ որու միջոցին Վառվառա Քէօչէկէօզեան պարզեց կատարուած աշխատանքը, Միութեան նուաճումները, բացերը եւ հեռանկարները, բազմաթիւ պատգամաւորնար մտքերու փոխանակութիւն կատարեցին եւ մասնաւորապէս մատնանշեցին լուսաւորութեան գործին բացերը գիւղերու մէջ եւ լուսաւորութեան աշխատաւորներու տնտեսական եւ այլ դժուարութիւնները։

Այդ համագումարի ընթացքին էր որ լուսաւորութեան կոմիսար, Ա. Մռաւեան իր ընդարձակ զեկուցումով պարզեց մեր երկրի կրթական գործի եւ անոր աշխատաւորներու, ուսուցիչներու վիճակը, թուական տուեալներով եւ հարկ եղած բոլոր լուսաբանութիւններով։

Ընդհանրապէս լուսաւորութեան գործին համար 1926-27ին յատկացուեր է տեղական պիւճէին 40. 05 . դպրոցական ցանցին համար յատկացուեր է շուրջ մէկու կէս միլիոն րուպլի ուրկէ ուսուցիչները կստանային 76 %ը։ Այսու ամենայնիւ ուսուցիչներու նիւթական վիճակը բաւարար չի համարուիր եւ որը պէտք է իր լուծումը գտնէ յառաջիկային։

Ուսուցիչներու ընդհանուր թիւը կը հասնի 1500ի որոնց ստուար մեծամասնութիւնը 80. 04 անկուսակցական են։ Քաղաքներու մէջ առաջին աստիճանի (նախակրթարան) ուսուցչութեան 67 իգական սեռէ են եւ 33 արական սեռէ մինչ գիւղերու մէջ ընդհակառակը 71 արական սեռէ եւ 29 % իգական սեռէ։

Ըստ տարիքի՝ հիմնական գատրը կը կազմեն երիտասարդ ուժերը որով կստանանք հետեւեալ թիւերը 58. 08 18-30 տարեկան 12. 04 31-35 տարեկան եւ 10. 03 %, 40էն աւելի տարիք ունեցող։

Խորհրդային րէժիմի հաստատման առաջին տարիներուն անհնարին էր խստապահանջ ըլլալ ուսուցիչներու կրթական աստիճանի մասին։ Բայց տարուէ տարի ուսուցիչներու գատրը զտման ենթարկուելով արդէն այժմ ձեռք բերուած է որոշ արդիւնք։ Ուսուցչութեան 59. 05 առ հարիւրը աւարտած է միջնակարգ ուսումը եւ 18 առ հարիւրը կիսատ միջնակարգ կրթութիւն ստացած է. 9. 12 առ հարիւրը բարձրագոյն կրթութիւն ստացած է իսկ մնացեալները տարրական կրթութենէ յետոյ ինքնօգնութեամբ զարգացած ուսուցիչներ են։

Բնական է որ լուսաւորութեան կոմիսարիատի առաջ դրուած անմիջական խնդիրներէն մէկն է մանկավարժական տեքնիկումները զօրացնել եւ անոնց թիւը շատցնել։ Այդ հիմնարկներն են որ պիտի պատրաստեն գատրեր կրթական գործին համար։ Արդէն իսկ խորհրդային դպրոցներէ դուրս եկած ուսուցիչները կը կազմեն ընդհանուր թիւին 58. 59 առ հարիւրը։

Մնաց որ ընդհանրապէս ուսուցիչները գիտակից են իրենց բարձր դերին եւ փութաջանութեամբ կօգտուին այն բոլոր առիթներէն, վերամշակուելու համար, որ կառավարութիւնը կընծայէ իրենց։ Գլխաւոր արգելքը բնակարանային տագնապն է։ Ուսուցիչները մեծ մասամբ, ընտանիքով մէկ սենեակ ունին միայն։ Երկու սենեակ ունեցողները փոքրամասնութիւնը կը կազմեն, իսկ երեք սենեակ ունեցողները հազուադէպ բացառութիւններ են, այն ալ միայն գիւղերու մէջ։

Անհրաժեշտ է սակայն որ ոչ միայն ուսուցիչներու թիւը աւելնայ այլ եւ որակը բարձրանայ եւ ինչ որ գլխաւորն է ուսուցչութիւնը, առանց նոյն իսկ մէկ բացառութեան, հասնի գաղափարական յստակ գիտակցութեան որպէսզի կարենայ իր դերը կատարել թէ դպրոցին մէջ եւ թէ դպրոցէն դուրս։

Պարզ է սակայն որ առաջին դժուարութիւնները յաղթուած են. Ուսուցչութիւնը իր վերելքը կը կատարէ, կրթական ցանցը հետզհետէ կը գրկէ ամբողջ երկիրը. գործունէութեան այդ մարզին մէջ կը բացւին լայն հեռանկարներ։ Իւրաքանչիւր գաւառական շրջանին մէջ պիտի հաստատուին օրինակելի դպրոցներ որոնց կից պիտի ըլլան կոոպերատիւներու կազմակերպիչներ եւ վարակային ընկերութիւններու մէջ ծառայողներ հասցնող հիմնարկներ։ Պէտք է շուտով ամբողջացնել գիւղական մտաւորականութեան կազմը առանց որու անկարելի կըլլայ իրագործել այն մեծ գործը որ դրուած է Խորհրդային Հայաստանի առաջ։

Յառաջիկայ տերիներուն համար ծրագրուած գործերը թուելով Լուսաւորութեան կոմիսարը յայտնեց հետեւեալը։

Մանկավարժական միւզէին կից պիտի բացուին լաբորատորիաներ, ֆիզիքի եւ քիմիաի սրահներ։ Ամէն ջանք գործ պիտի դրուի որ գիւղերու աշակերտները ունենան աշնուազն ութը ամսուան դասընթացք. (երբ Մարտին դաշտային աշխատանքները կսկսին, աշակերտները կը ցրուին)։ Պիտի հաստատուին ամառնային դասընթացքներ ուսուցիչներու վերամշակման համար։ Առանձին ուշադրութիւն պիտի դարձուի արհեստագիտական տեքնիկումներու որոնք արդէն գոյութիւն ունին եւ պիտի կազմակերպուին դասընթացքներ մետաղամշակման համար որակեալ բանւորներ հասցնելու։ Ունին արդէն հիգ մանկավարժական տեքնիկումներ, չորսը հայկական եւ մէկը թրքական։

Գիւղատնտեսական տարրական վարժարաններ հիմնուեր են արդէն խորհրդային իշխանութեան հաստատման օրէն բայց անոնք փաստորէն չեն կարողացեր իրենց դերը կատարել. վերջին տարիները միայն հնարաւոր եղեր է ուշադրութիւն դարձնել անոնց որակի մասին։ Գիւղատնտեսական տեքնիկումը հիմնւած է մեծ դժուարութիւններով, շէնքի չգոյութեան պատճառաւ, բայց բջիջը կազմուած է, գործին հիմքը դրուած է։

Զեկուցանողի խօսքերը կը յայտնէին մէկ կողմէ այն հսկայական աշխատանքը որ կատարուեր է արդէն քանի մը տարուան ընթացքին եւ ալ աւելի հսկայական ընելիքները որ կան եւ որոնց իրագործումը կախում ունի մեծ մասամբ նիւթական միջոցներէ։ Իսկ այդ հիմնարկներու ուսուցչութիւնը պիտի տայ մեր համալսարանը։

Նկատի պէտք է ունանալ որ Հայաստանի մէջ այդ կարգի հիմնարկութիւններ երբէք չեն եղած. ամէն ինչ պէտք էր ստեղծել ոչինչէն, շէնք, սարքաւորում եւ համապատասխան ուսուցչական կազմ։

Եզրափակելովիր զեկուցումը Լուսաւորութեան կոմիսարը ըսաւ.

«Կընդունինք որ մենք շատ թերիներ ունինք։ Մենք յստակ կը տեսնենք մեր բացերը, բայց եւ միեւնոյն ատեն չենք կարող չի տեսնել այն յառաջդիմութիւնը որ կատարեր ենք համեմատաբար կարճ միջոցի մէջ։ Եթէ համեմատենք մեր այժմեան աշակերտներու աշխուժութիւնը, դասագրքերու որակը, ուսուցիչներու գիտակցութիւնը եւ իրաւական դրութիւնը մինչ յեղափոխութեան վիճակին հետ, կը տեսնենք թէ ի՜նչ հսկայական գործ է կատարուեր։ Աւերման անդունդից բարձրանալով եթէ տակաւին չենք պատրաստեր իտէալական խորհրդային դպրոց, դրեր ենք անոր պէթոնէ հիմքը, ստեղծեր ենք բջիջները եւ մենք համոզուած ենք որ 6, 7, 10 տարիէն յետոյ մենք կունենանք լուսաւորութեան գործին պայծառ շէնքը»։



[1] Այժմ արդէն սկսած է կառուցուիլ թատրոնի սեփական շէնքը։ Ծ. Հ.

[2]            Այս խօսքերը քաղուած են նօթատետրէս ուր նիշեր եմ տեղւոյն վրայ, վիճաբանութիւնները, տառացի կերպով։ Ծ. Հ.