Պրոմեթէոս ազատագրուած

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԵՐԿՐՈՐԴ ԵՒ ԵՐՐՈՐԴ ՃԱԿԱՏՆԵՐԸ

Առաջին օրերը, երբ կը լսէի, ճակատ, յեղափոխական պայքար, պատերազմ, նուաճում, եւ այլ այս կարգի բառեր եւ որակումներ. շինարարական եւ մշակութային մարզերու մէջ կատարուող եւ կատարուելիք գործերու մասին, ինձ կը թուէր որ անոնք փոխաբերական իմաստով գործածուած հռետորական ձեւեր են։ Առաւել եւս արտասահմանեան ընթերցողը կարող է ըմբռնել այդ պատերազմական բառերուն իսկական նշանակութիւնը։

Բայց անգամ մը որ իրականութեան հետ անձամբ հաղորդակցութեան մտայ, շուտով ըմբռնեցի որ խնդիրը հռետորական ձեւերու վրայ չէ, այլ իրական յեղափոխական կռիւի՝ որ կը տարուի երկու ճակատներու վրայ։

Խորհրդային Միութեան Պրոլետարիատը յաղթանակով վերջացուցեր է իր առաջին ճակատի կռիւը, ռազմական յեղափոխութիւնը եւ իշխանութիւնը ձեռք բերեր է. բայց անիկա դեռ կռիւ ունի մղելիք երկրորդ ճակատներու վրայ։

Ինչո՞ւ յեղափոխական պայքար շինարարական եւ մշակութային մարզերու մէջ։ Որովհետեւ Խորհրդային երկիրներու մէջ խնդիրը այն չէ որ անսասան կանգուն մնացած հինի կողքին, դանդաղ աշխատանքով եւ անորոշ ժամանակներու ընթացքին, յուսացուի ձեռք բերել որոշ բարենորոգումներ որպէսզի աննկատելի կերպով յառաջ գայ յեղաշրջում երկրի տնտեսական կացութեանեւ արտադրող զանգուածներու մշակութային վիճակի մէջ։

Խորհրդային Միութեան մաս կազմող ամէն մէկ երկիր, թէ՛ շինարարութեան եւ թէ լուսաւորութեան գործին մէջ պայքար է որ կը մղէ։ Չի կայ արիւնահեղ կռիւ, չի կայ զէն ի ձեռին պատերազմ, բայց այն պայքարը որ կը մղուի երկրորդ եւ երրորդ ճակատներու վրայ բուռն եւ անհաշտ կռիւ է։ Այսպէս է եւ Խորհրդային Հայաստանի մէջ։

Սա պատերազմ է մէկ կողմէն յետամնացութեան եւ չքաւորութեան դէմեւ պատերազմ՝միւս կողմանէ տգիտութեան դէմ։ Ուրիշ խօսքով, Պրոլետարական յեղափոխութիւնը իշխանութիւնը վերջնականապէս ձեռք առնելէ յետոյ թեւակոխեր է դասակարգային կռիւի յաջորդական փուլերը եւ երկրորդ եւ երրորդ ճակատներու վերջնական նուաճումով է որ անկա կամբողջացնէ իր գործը։

Տգիտութիւնը հետեւանք է տնտեսական յետամնացութեան բայց եւ յետամնացութեան դէմ ամենէն զօրաւոր միջոցը արտադրող զանգուածներու մշակութային մակարդակի բարձրացումն է։ Երկրորդ ճակատի նուաճումները պայմանաւորուած են երրորդ ճակատի վրայ տարուած յաղթանակներով եւ փոխադարձաբար։

Արտասահմանի մէջ մենք շատ տարտամ գաղափար մը ունինք այս հսկայական իրականութեան նկատմամբ։ Նոյն իսկ հասարակութեան այնպիսի խաւեր որոնք տեղեակ պէտք էր ըլլային կացութեան, անորոշ գիծերով կը տեսնեն Խորհրդային Միութեան տնտեսական եւ մշակութային վերելքը։ Երբ շինարարութեան մասին խօսք ըլլայ հետաքրքրութիւնները կը դառնան մի միայն բնակարանային շինարարութեան վրայ։ Երբ մեր երկրի մշակութային վերելքին ակնարկուի, ուշադրութիւնները կը սեւեռին մէկ քանի համբաւներու վրայ։ Անբաւական նախապատրաստութիւնով կը լսենք մասնակի տեղեկութիւններ, կամբարենք կցկտուր լուրեր եւ երբէք չենք պատկերացներ քանի դեռ հեռու ենք եւ անմիջական շփման մէջ չենք իրականութեան հետ հիմնական գիծերը, ճարտարապետութիւնը՝ Խորհրդային շինարարութեան եւ մշակոյթին։

Խորհրդային Հայաստան կապրի դիւցազնական շրջան մը։ Պէտք էր վերականգնել այն աւեր աւերակ երկիրը որ ժառանգութիւն մնացած էր Խորհրդային իշխանութեան, պէտք էր արագ անցնիք հանգրուանէ հանգրուան, սրարշաւ ընթանալ, հասնելու համար այն ժամադրավայրին ուրկէ յետոյ մեր աշխատաւոր ժողովուրդը պիտի կարենար հարկ եղած տէմպով իր վերելքը կատարել Խորհրդային Միութեան յառաջադէմ ժողովուրդներու հետ։ Անհրաժեշտ էր ուրեմն յեղափոխական ակտ կատարել ամէն մէկ քայլին, ամէն մարզերու մէջ, ամէն օր եւ ամէն տեղ։ Անհրաժեշտ էր որ ամէն արարք, ամէն մէկ խօսք, ամէն մէկ առաջադրութիւն ենթարկուէր յեղափոխական գաղափարին եւ թելադրուէր անկէ։ Անհրաժեշտ էր որ իշխանութեան գլուխը եղողները մտածուած քաղաքականութեամբ ղեկավարէին շարժումները եւ գատրերը կազմող երիտասարդութիւնը ոչ միայն կարենար պահպանել յառաջապահ դիրքերը այլ եւ մղում տար զանգուածներու, արթնցնելով եւ աշխուժացնելով անոր ամենէն անկենդան մասերը։ Եւ այդ բոլորը կարենալ ընելու համար պէտք էր յեղափոխականօրէն տրամադրուած ըլլալ, ունեալ հրայրք, լաւատեսութիւն եւ անսասան հաւատք յաղթանակի։

Խորհրդային Հայաստան յաջողեցաւ կատարել իր վրայ ինկած պատմական դերը. եւ այսօր, իր առաջին նուաճումները կատարելէ յետոյ, մեր երկիրը արագաքայլ կը դիմէ իր գերագոյն նպատակներուն, զանգուածներու վերամշակման, գատրեր պատրաստելու, գիւղատնտեսութեան կոլեկտիվացման, ելեկտրականացման, արդիւնաբերութեան զարգացմանեւ գրական ու գեղարուեստական բարձր սեռերու մշակման ճամբաներով։

 

Պէտք է աչքի առաջք ունենալ թէ Հայաստան ի՞նչ վիճակի մէջ էր երբ Խորհրդային կարգերը հաստատուեցան այնտեղ։ Նախ քան պատերազմը Հայաստան կը ներկայանար Ձարական Ռուսաստանի մէկ աղքատ եւ յետամնաց ծայրագաւառը։ Ձարական իշխանութիւնը ոչ միայն ուշադրութիւն չէր դարձնէր այդ երկրին, այլ եւ արգելք կըլլար որ եւ է փորձիոր նպատակ ունենար երկրի տնտեսականեւ մշակութային մակարդակը բարձրացնելու։ Իր ծոցէն դուրս եկած քաղաքացիներն իսկ անմիջապէս որ կարենային կը հեռանային եւ կը դիմէին առեւտրական եւ արդիւնաբերական կեդրոններ։ Հայ բուրժուազիան իր ամենէն բարգաւաճ օրերուն իսկ ուշադրութիւն չէր դարձուցեր այդ երեսէ ինկած հողամասին եւ համարեա թէ ժառանգութիւն չէ թողեր։

Այդ արդէն իսկ աղքատ եւ յետամնաց երկիրը բոլորովին քանդուեր եւ աւերակ է դարձեր պատերազմի եւ քաղաքացիական կռիւներու շրջանին. դարձեր է գրեթէ անբանակելի եւ սովը ու համաճարակները տիրապետեր են իր կեդրոններուն եւ շրջաններուն։

Սովահար, կիսամերկ, արկածեալ ժողովուրդ եւ աւեր աւերակ քաղաքներ եւ գիւղեր։ Անջրդի եւ քարքարուտ խոպան տարածութիւններ կամ ճահիճներ։

Ձեռք առնելով այդ դժբախտ եւ թշուառ երկրի իշխանութիւնը, Խորհրդային կառավարութիւնը առանց րոպէ կորսնցնելու պէտք էր ոչ միայն վերաշինել ինչ որ քանդուած է այլ եւ օրէ օր աճող պահանջներուն գոհացում տար եւ միեւնոյն ատեն դիմաւորէր ապագան։ Մի միայն բնակարանային տագնապըկարող էր ջլատել որ եւ է իշխանութիւն։

Անհրաժեշտութիւնները կը ներկայանային ոդ թէ յաջորդաբար այլ կը խուժէին միեւնոյն ատեն առաջին բլանի վրայ։ Վերաշինել, նոր շինել, եւ շինել այնքանով որ տարուէ տարի բազմացող բնակչութիւնը (գաղթական, ներգաղթող, ծնունդ) կարենայ տեղաւորուիլ եւ նորանոր թշուառութիւններով եւ աղէտներով չի թուլացնէ չեղափոխական ճակատները։

Հայաստանի գիղացին եւ բանուորը եւ անոնց իշխանութիւնը ներկայացնող Խորհրդային կառավարութիւնը այս տագնապալի եւ ճգնաժամային դրութիւնը կը դիմաւորեն արիութեամբ եւ հաստատակամութեամբ։ Միահամոյն թափով եւ ոգեւորութեամբ կը լծուին գործիեւ մէկ երկու տարիէն կարելի կըլլայ բնականոն կեանք ստեղծել այս երբեմնի անյոյս երկրին մէջ։

Անշուշտ, Հայաստան լքուած իր բաղդին եւ կղզիացած իր անձուկ սահմաններուն մէջ անկարող պիտի ըլլար դուրս գալ այդ դրութենէն եթէ առաջին օրերէն իսկ չունենար Խորհրդային Միութեան լայն աջակցութիւնը։ Առանց հաշիւի, առանց սակարկութեան, եղբայրական օգնութիւն եղած է այդ աջակցութիւնը որուն նմանը դեռ չէ արձանագրուած մարդկային պատմութեան մէջ եւ այդ այնպիսի ժամանակ, երբ Խորհրդային Միութիւնը իր կարգին նոր դուրս եկած աւերիչ պատերազմներէ եւ քաղաքացիական երկարատեւ կռիւներէ, հարկին մէջ կը գտնուէր ուժերը եւ միջոցները հաւաքելու, ինքնամփոփուելու [1] ։

 

Այսու ամենայնիւ, երբ գիտնալով այն վիճակը որ գոյութիւն ունեցեր է քանի մը տարիներ առաջ, մեր առաջք կը պարզուի այսօրուան իրականութիւնը, երբ մանաւանդ առիթ կունենանք այդ իրականութեան խորը թափանցելու, գնահատելու անոր հարուստ բովանդակութիւնը, անհնարին է կանգ չառնել եւ չի մտածել։ Ի՞նչպէս կարողացան այդքան արագ դուրս գալ սուր տագնապային դրութենէն, դարմանել վէրքերը, կայունացնել առողջապահական դրութիւնը, ոտքի կանգնիլ եւ անմիջապէս դասաւորել անհրաժեշտութիւնները, ուսումնասիրել եւ օգուտ քաղել տեղական տուեալներէ, կազմակերպել նիւթական միջոցներու, մտաւորական եւ աշխատաւորական ուժերու բարեյարմար տնտեսութիւնը։

Գաղտնիքը անոր մէջ է որ Խորհրդային երկրի մը մէջ ամէն ինչ կը կատարուի մտածուած, հաշուած եւ ըստ այնմ պատրաստուած յատակագիծի մը, պլանի մը համեմատ։ Այդ պլանային գործունէութիւնը սիստեմատիզէ կընէ աշխատանքը եւ կարելի կը դարձնէ որ ղեկավարող շրջանակը փոխանակ խարխափելու եւ տատանուելու, պայծառօրէն տեսնէ թէ ի՞նչ կարելի է տուեալ պայմաններու մէջ, ի՞նչ կը պակսի, որո՞նք են էական գիծերը, հինման սիւները որ պէտք է տնկել, երկրին տնտեսական կացութիւնը ապահովելու համար։

Խորհրդային Միութիւնը առատաձեռնութեամբ տրամադրեր է օգնութիւն ի նպաստ պատերազմի արհաւիրքներէն դուրս եկած Հայաստանի ժողովուրդներուն բայց այդ անմիջական օգնութենէն յետոյ եւ նոյն իսկ անոր առընթեր պէտք էր ստեղծել միջոցներ որպէսզի այդ ժողովուրդները կարողանային դառնալ ինքնապահ։ Պէտք էր ստեղծել երկրի տնտեսութիւնը, յանպատրաստից կազմել տնտեսական վիճակ մը։

Ահա այդտեղ է որ Խորհրդային Հայաստանի կառավարութիւնը կատարեր է աներեւակայելի հսկայական գործ, այդքան աննպաստ պայմաններու մէջ։ Եւ այդ մանաւանդ առաջին տարիներուն, այդ աշխատանքը եղեր է բացառապէս դժուար, տաժանելի, պահանջեր է մեծ զոհողութիւններ, լարուած, յարատեւ ճիգ։ անքուն գիշերներու շարքեր, մտահոգ օրեր, անձկալի ժամեր։ Ականատեսներ եւ աշխատակիցներ ինձ պատմեր են այդ բախտորոշ օրերու մասին։ Պատմեր են թէ ի՞նչպէս կառավարական շրջանակէ մարդիկ առանձնանալու սենեակ իսկ չեն ունեցեր։ Պատմեր են թէ ինչպէս աշխատանքի բեռին տակ ճզմուած, անքուն գիշերներէ յետոյ, հերթով եւ միայն ժամերով քնացեր են, գտինը փռուած եափունջիներու վրայ։ Պատմեր են որ կտոր մը հաց եւ պանիր գտնելը համարեր են բախտաւորութիւն եւ այդ դաժան պայմաններու մէջ ոչինչէն ստեղծեր են հասարակական կեանքի անհրաժեշտ օրկանները։ Այդպէս են հիմներ եւ սարքաւորեր հիւանդանոցներ, դպրոցներ, ապաստաններ եւ բազմատեսակ հիմնարկներ։ Արագ, արագ, անխոնջ եւ յամառ, առանց օր եւ ժամ կորսնցնելու հետապնդեր են իրագործումը, ըստ յատակագծի, անմիջական անյետաձգելի նպատակներու։

Բայց այդ պլանային գործունէութիւնը իր անհաշուելի արդիւնքները տուեր է առաջին երկու տարիներէն յետոյ երբ երկիրը դուրս է եկեր անմիջական օգնութեան կարօտ վիճակէն։ Այդ սիստեմատիկ աշխատանքին արդիւնքն է այն բոլորը որ իրականացւած է մեր երկրին մէջ հինգ վեց տարուայ ընթացքին։

Այսօր արդէն, ոչ միայն ղեկավար շրջանակը այլ եւ աշխատաւորական զանգուածները գիտեն որոշ կերպով մեր երկրի տնտեսական կարելիութիւնները, աշխատող բազուկներու տարողութիւնը, ի՞նչ կարելի է անմիջապէս, ի՞նչ պիւտճէ կայ տրամադրելի, ի՞նչ ծրագրուած է մինչեւ յառաջիկայ տարի, մինչեւ հինգ տարի, ըստ պահանջներու եւ ըստ մաքսիմոմ հնարաւորութիւններու։ Եւ այն մարմինները որ յանձն առած են իրագործում մը ըստ յատակագծի, տուեալ պայմաններու եւ կանխորոշ ժամանակի մէջ, պատասխանատու են աշխատաւորութեան առաջ։

Կացութեան այդ ճշգրիտ գիտակցութիւնն է որ ըստ ինքեան անհնարին կը դարձնէ որ եւ է պոռոտախօսութիւն, անհիմն խօսք, կացութեան գերգնահատում։ Ամէն ոք առարկայական ճշդութեամբ կը տեսնէ առաւելութիւնները եւ պակասները։ Հանգամանք ունեցող որ եւ է անձ ինքզինքին թոյլ չի տար շեղիլ ստոյգ իրականութենէ։ Առանց վհատութեան բայց ուղղամտութեամբ կը խօսին բացերու, միջոցներու անբաւականութեան, որակեալ աշխատաւորներու նւաղութեան մասին։ Իմ բազմաթիւ տեսակցութիւններուս եւ կատարած ուսումնասիրութիւններուս միջոցին լսեցի թուումը այդ կարգի բացերու, ինչպէս եւ ժողովներու եւ վիճաբանութիւններու ընթացքին լսեցի բուռն եւ յարձակողական քննադատութիւններ։

Ինչ որ կարող եմ ըսել, այն որ այդ բոլորը կը ներշնչէր անխախտելի վստահութիւն։ Այդ բոլորէն կրեր եմ նաեւ այն խոր տպաւորութիւնը որ առանց վհատութեան եւ ընկրկումի, խղճամիտ եւ մեթոտիկ աշխատանքով եւ նաեւ բարձր տրամադրութեամբ Խորհրդային Հայաստանի աշխատաւորութիւնը իր հարազատ կառավարութեան ղեկավարութեամբ, Անդրկովկասի քոյր հանրապետութիւններու շարքին, կը կատարէ իր դերը եւ յաղթական դուրս կուգայ յեղափոխական պայքարի երկու ճակատներուն վրայ։

 

* * *

Հայաստան եղեր է էականապէս գիւղացիական յետամնաց երկիր։ Դեռ այսօր բնակչութեան ստուար մեծամասնութիւնը գիւղացի է։ Հայաստանի գիւղացին շատ նախնական միջոցներով եւ դարէ դար աւանդութիւն դարձած գիտելիքներով կը մշակէր իր կարծր հողը։ Անիկա հարկադրուած էր պայքարիլ կլիմայական, երկրաբանական եւ այլ դժնդակ պայմաններու դէմ եւ չարաչար աշխատանքի փոխարէն ապահովել իր սակաւապէտ կեանքին ճիշդ անհրաժեշտը։ Այդ հինի մնացորդները դեռ կը տեսնենք այսօր նոյն իսկ ոչ շատ հեռու կեդրոններէն։ Ես անձամբ այցելեցի գիւղ մը, ուր գիւղացիները կը բնակէին հողաշէն եւ մասամբ գետնափոր հիւղակներու մէջ։ Այդ հիւղակները երբեմն բնակարան եւ գոմ են միեւնոյն ատեն։ Իբրեւ լուսմուտ ունին ձեղունին վրայ ծակ մը որ բուխերիկն է։ Ծակին ճիշդ տակը, գետինը փորուած է թոնիրը որուն շուրջ կծկուած են աչքերը ցաւոտ, ցնցոտիներով ծածկուած կիներ ու երախաներ։ Դիւրին է երեւակայել ձմեռնային կեանքը երբ ամբողջ ընտանիքը հաւաքուած էայդ ծխով լիքը նախապատմական բնակարանին մէջ որուն պատերը ծեփուած են հողով եւ կենդանիներու չորացած աղբով։ Եւ այդ ձմեռնային ամիսներուն Հայաստանեան Բարձրաւանդակը ծածկուած է ձիւնի թանձր շերտով եւ երբեմն հաղորդակցութիւնները կտրուած են ոչ միայն կեդրոններէ այլ եւ գիւղէ գիւղ։ Քսենոփոնեան նկարագրութիւնները պատկերացնող այդ գիւղերը, որ բարեբաղդաբար տարուէ տարի կանհետանան, մեզ մտածել կուտան թէ ի՜նչքան երեսէ ինկած երկիր է եղեր Հայաստանը եւ թէ ինչքա՜ն ծանր բեռ ունի վերցնելիք Խորհրդային Իշխանութիւնը։

Այս հանգամանքներու մէջ բնական է որ գիւղացին մնացեր է անուս եւ կպած իր դարաւոր աւանդութիւններուն։ Նա միշտ անմռունջ ենթարկուեր է ամէն տեսակի հարստահարիչներու կեղեքման եւ բնութեան խիստ պայմաններուն եւ համարեր է որ այդ է իր ճակատագիրթ։

Այդ դժբաղդ գիւղացիութիւնը [2] լճացեր մնացեր են յետամնաց կենցաղի մէջ, խորը ընկղմած ըլլալով տգիտութեան, կեղտի եւ խաւարի մէջ։ Պէտք էր դուրս բերել այդ զանգուածը իր անկենդանութենէն, խորտակել իր ժանգոտած շղթաները, ազատագրել զինքը։ Հայաստանի խորհրդայնացման առաջին օրերէն այդ հրատապ հարցը դրուեր է Խորհրդային կառավարութեան առաջ եւ Հողագործական Ժողովրդական Կոմիսարիատը, որուն անխոնջ եւ եռանդուն կոմիսարը հանդիսացեր է Արամայիս Երզնկեան, առանց վհատութեան, առանց ընկրկումի, լծուեր է այդ գործին։

 

Առ հասարակ արեւմտահայերս, հեռուէն շատ իտիլական գաղափար մը ունինք մեր երկրի մասին։ Անիկա եղեր է մեզ համար երազային աշխարհ մը որը զարդարեր ենք միշտ մեր երազներուն մէջ ամէն կարգի յարմարութիւններով եւ հրապոյրներով։ Երբ կը լսենք թէ Հայաստանի գիւղացիութեան կեանքը եղեր է դժուար եւ տաժանելի, կը մտածենք որ այդ բացառութիւն մըն է տուեալ ժամանակի եւ վայրի մէջ, որովհետեւ իրականութեան անդրադարձումը պիտի եղծանէր մեզ անբաւ հաճոյք պատճառող երազը։ Այլ սակայն Հայաստանեան Բարձրաւանդակին վրայ կեանքը ամենուրեք եւ ամէն ժամանակներու մէջ եղեր է դժուար եւ տաժանելի։ Ճիշդ է որ այդ թշուառութիւնը եւ յետամնաց բնակչութիւնը շրջապատուած է եղեր բնութեան արտակարգ գեղեցկութիւնով, հազուադէպ շքեղ տէքորով։ Եւ այդ պատետիկական գեղեցկութիւնը որ մարդուս հոգին կընդլայնէ եւ կարծես պատրաստակամ կը դարձնէ վեհ սլացումներու, անագորոյն բան մը ունի երբ կը ներկայանայ իբր հակադրութիւն՝ իր ծոցին մէջ ապրող բնակիչներուն քստմիելի թշւառութեան հետ։ Այդ շլացուցիչ լոյսով պայծառացած եւ սպիտակութեամբ զարդարուած բնութեան մէջ մարդիկ ապրեր են աչքերնին քթթելով գետնափոր որջերու խաւարին եւ ծուխին մէջ։ Այդ վեհափառ Բնութեան մէջ ուր մարդուս միտքը եւ հոգին պիտի սլանար թեթեւ թռիչքով դէպ ի բարձրագոյն կատարներ, մարդիկ կծկուեր են տգիտութեան եւ յետամնաց կենցաղի մէջ։ Այդ իրողութեան տեսիլքը բազմաթիւ անգամներ ներկայացաւ ինձ, բայց մանաւանդ իրիկուն մը երբ Նոր Եւդոկիայէն կը վերադառնայի Էջմիածին։ Մէկ կողմ ձիւնապատ Արարատը եւ Հայկական Պարը եւ դիմացը՝ Արագած, պերճօրէն զարդարուած վերջալուսային երանգներով։ Ձիւնով ծածկուած եւ սառած գետնին վրայ կառքը կը յառաջանար։ Խստաշունչ օդը կայրէր մեր երեսները։ Երկինքին վրայ հրավառ երկարաւուն ամպ մը, կարծես հրէշային կարմրախայտ մըն էր աքարիումի մէջ։

Այս արեւելքը, ցուրտ, ձիւնապատ, ոչ մէկ հանգիտութիւն կրնար ունենալ այն արեւելքին հետ որ ինձ ծանօթ է եւ ընտանի։ Այս կարծր հողը, քարքարուտ տարածութիւնները ուր փշախոտերն անգամ հազիւ կը բուսնին, ի՛նչ առնչութիւն կրնար ունենալ այն արեւեքին հետ ուր ձմեռ չի կայ, ուր ձիթենիները, նարնջենիները եւ դեռ կարգ մը մասնաւոր խնամքի կարօտ չեղող բոյսեր պատրաստի սնունդ կը հայթայթեն արեւով յագեցած բնակիչներուն։

Ընդհակառակը՝ այս Բարձրաւանդակին բնիկները պէտք էր որ զինուէին տոկունութեամբ, եւ իրենց յամառ աշխատանքով ժլատ բնութենէն խլէին ապրելու եւ դիմանալու միջոցները։ Այս Բարձրաւանդակի բնակիչները պէտք էր օժտուած ըլլային այն յամառ կորովով որ իրենց միջավայրը կը պահանջէ հրամայական կերպով, որպէսզի կարենային կուրծք տալ այդ դժուար կեանքին։ Օտարական ճամբորդները որ անցեր են Հայաստանեան Բարձրաւանդակէն արձանագրեր են իրենց զարմացումը այս բացառապէս դժուար պայմաններու մէջ ապրող բնակիչներու տոկունութեան եւ կենսունակութեան մասին։

Խորհրդային իշխանութիւնը միայն կոչուած էր լոյս աշխարհ բերել եւ կենսագործել Հայաստանի գիւղացիութեան այդ թագուն եւ կուտակուած ուժերը։

 

Բացի ընդհանուր կլիմայական եւ երկրաբանական դժուարին պայմանները եւ այս վերջինին արդիւնք եղող վարելի հողերու սակաւութիւնը Հայաստանի գիւղացիութիւնը կը գտնուէր աննախընթաց դժնդակ վիճակի մէջ գրբ հաստատուեցան Խորհրդային կարգերը։

Շրջաններ կային ուր գիւղացին բաւականին վարելի հողեր չունէր իսկ փոխարէնը ուրիշ վայրեր՝ ուր աշխատող բազուկները պակսեր էին պատերազմի, սովի եւ նաեւ զանգուածային փախուստի հետեւանքով։

Անմիջապէս՝ որ Խորհրդային իշխանութիւնը ձեռք առաւ երկրին ղեկը եւ ներքին անդորրութիւնը հաստատուեցաւ, փոքրամասնութեանց պատկանող փախստականներ ապահովուեցան եւ վերադարձան Հայաստան։ Բայց իրենց լքած հողերը գրաւուած էին սակաւահող տեղացիներէ եւ հողազուրկ գաղթականներէ։ Պէտք էր շուտով տեղաւորել վերադարձողները որքան հնարաւոր է, իրենց լքած հողերուն վրայ։

Շուրջ 120. 000 հայ գաղթականներ զանազան վայրերէ խուժեր էին Հայաստան։ Պէտք էր հող տալ եւ տնտեսութիւն ստեղծել այդ գաղթականներուն համար։

Միեւնոյն ժամանակ Խորհրդային Հայաստան կընդունէր մարտասահմանէն ներգաղթող խումբեր եւ կը տեղաւորէր։

Պէտք էր օգտագործել լեռնային զանազան աստիճանի հողերը, մանաւանդ արօտավայրերը որոնք թէ՛ Ձարական րէժիմի օրով եւ թէ՛ մինչեւ խորհրդայնացումը դարձեր էին միջցեղային երբեմն արիւնահեղ կռիւներու առիթներ։

Այս էր դրութիւնը 1921ին։ Խորհրդային իշխանութիւնը առանց ժամանակ կորսնցնելու պէտք էր յաղթել այս դժուարութիւններուն երբ բացարձակապէս չի կար որ եւ է կազմուած յատակագիծ նախորդ իշխանութիւններու օրէն, ինչպէս նաեւ մասնագէտներու կազմ։

Այսու ամենայնիւ 1922-23ին արդէն Խ. իշխանութիւնը կը գծէ իր գործունէութեան ծրագիրը։ Երկրագործական կոմիսարիատը կը մշակէ եւ կը կազմէ «Հողային Օրինագիրք»ը որ կը վաւերացուն Հայաստանի Կեդրոնական Գործադիր Կոմիտէի կողմէ եւ կը հրատարակուի։ Անմիջապէս համագուարներու եւ ժողովներու միջոցաւ կը լուսաբանուի օրինագիրքը գիւղացիներու. հրահանգիչներ կերթան ամէն շրջանները մեկնաբանելու օրինագիրքին հիմնական սկզբունքները որպէսզի գիւղացին կարենայ իւրացնել եւ կիրարկել կեանքի մէջ։ Այս գործը յաջողութեամբ կատարելու համար հրահանգիչները պէտք էր կապւած ըլլային գիւղացիութեան հետ եւ նոյն իսկ անոր ծոցէն դուրս եկած ըլլային եւ ի վիճակի ըլլային ըմբռնելու գիւղացիութեան իրական պահանջները։

Անմիջապէս գատրեր հարկաւոր էին։ Արագ, արագ, կարճատեւ դասընթացքներու միջոցաւ պատրաստուեր են առաջին ռահվիրաները, պատրաստուեր են տեղական գործիչները։ Յետոյ մէկ տարուան դասընթացքներու շրջանաւարտները տուեր են արդէն երիտասարդ եւ թարմ ուժեր որոնք հրաւիրուած եւ փորձուած մասնագէտներու հետ տարեր են գործը առաջին դժուարին տարիներուն։

Ահա այսպիսի պայմաններու մէջ սկսեր է երկրագործական մարզի մէջ, յեղափոխական գործունէութիւնը։ 1921-22 տարին եղեր է նախապատրաստական եւ կազմակերպչական տարի եւ անկէց յետոյ մինչեւ մեր օրերը ներուժ աշխատանքով վերաշինութիւնը կը կատարուի բոլոր գաւառներու եւ շրջաններու մէջ։

 

Անմիջապէս հետաքրքրուեցայ թէ ի՞նչպէս կատարուած է մեր երկրին մէջ հողերու բաժանումը։

Բոլոր կալուածատիրական, Պետական եւ այլ հողեր բաշխուած են գիւղացիներուն եւ մաս մը տարածութիւններ յատկացուած են Խորհրդային տնտեսութիւններու։

Սակաւահող գիւղացիները ստացած են նաեւ նոր բաժիններ այն գիւղերու մէջ որոնց վարելի հողերու տարածութիւնը աւելի էր բաղդատմամբ աշխատող բազուկներու։

Գիւղերու մէջ արդար բաժանում եղած է թէ տարածութիւնը եւ թէ հողի որակը նկատի առնելով, բոլոր այն ընտանիքներուն մէջ որոնք հողը կը մշակեն։

Կարգադրուած են արդէն արօտավայրերը օգտագործելու համար եղած վէճերը եւ այլ եւս քոչուորներու եւ տեղացիներու մէջ խնդիրներ չի կան։ 1926 թիւէն ի վեր ձեռնարկուած է լեռնային բարձր շրջաններու մէջ անասնապահական տնտեսութիւն կազմակերպել, ձգտելով դէպի ընդհանուր կոոպերացումը։ Այս առիթով արօտավայրերը նոր բաժանումներու ենթարկուած են եւ անասնապահութեան եւ կաթնատնտեսութեան համար կատարուած են շինարարական աշխատանքներ։

Այժմ չափուած եւ տոմարագրուած են բոլոր գիւղերու բաշխուած եւ ազատ հողերը (որոնք դեռ վարելի չեն) եւ երկրագործական կոմիսարիատը իրերու ճանաչողութեամբ կարող է թեւակոխել իր առաջ դրուած հսկայական գործին յաջորդ փուլերը։

 

1923 տարիէն մինչեւ այսօր եւ տարուէ տարի նուաճումներ կատարելով, Երկրագործական Կոմիսարիատը զանազան ճամբաներով կը դիմէ իր նպատակին. բազմապատկել արտադրողական կարողութիւնը երկրի մը մէջ ուր մշակելի հողերու տարածութիւնը համեմատաբար փոքր է եւ մասամբ նաեւ մշակելի հողերու որակը լաւ չէ։

Ի՞նչ ճամբաներով Կոմիսարիատը կը դիմէ այդ նպատակին։

Կատարել բնակելի վայրերու յատակագծումը եւ ըստ այնմ դարմանել ջրային եւ ճամբաներու ցանցի անյարմարութիւնները։

Օգտագործել բոլոր ազատ հողերը, լաւացնել վարելի հողի որակը եւ մաքսիմոմ արդիւնք քաղել անկէ։ Միւս կողմանէ ուսումնասիրել հողի քիմիական կազմութիւնը եւ ըստ այնմ օգտագործել բարձր արժէք ունեցող բոյսերու մշակումին համար ինչպէս է բամպակը, ծխախոտը, խաշխաշը, ճակնդեղը եւ այլն։

Աւելացնել վարելի հողերու տարածութիւնը բանալով ջրանցքներ եւ չորցնելով ճահիճներ։

Մէկ կողմէն օժտել գիւղացին երկրագործական բանկի տուած վարկերով, երկրագործական լաւագոյն գործիքներով, լծկան եւ կաթնատու անասուններով եւ միւս կողմանէ վերցնել այն բոլոր դժուարութիւնները որոնք արգելք կըլլան գիւղատնտեսութեան մեքենայացման եւ կոոպերատիվներու տարածման մինչեւ այն աստիճան որ անոնք ընդգրկէին արտադրողական եւ սպառողական բոլոր պահանջները։

Այսօր արդէն երբ յետադարձ ակնարկ մը կը նետենք այդ նուաճումներուն վրայ որ կատարուեր են հինգ վեց տարուան ընթացքին կը հասկնանք թէի՜նչ հարուածային գործունէութեամբ կտրեր անցեր ենք առաջին դժուարութիւնները։ Դարերու ընթացքին կատարելիք գործկ պէտք էր կատարել տասնեակ մը տարիներու մէջ։ Գործել յեղափոխականօրէն, հիմնական փոփոխութիւններ յառաջ բերել գիւղացիական կեանքի եւ կենցաղի մէջ։ Հասնիլ արագ հանգրուան մը եւ առանց շունչ առնելու ճամբայ ելլել յառաջիկայ հանգրուանին համար։ Այսպէս սրարշաւ ընթացքով, գիշեր, ցորեկ, անդուլ անդադար ծրագրելով եւ իրագործելով, միեւնոյն ատեն հետապնդելով գիւղացիական զանգուածներու մշակումը եւ վերամշակումը, այսօր արդէն Խորհրդային Հայաստան կը դիմաւորէ կազմակերպումը հաւաքական (կոլլեկտիվ) գիւղատնտեսութեան ինչ որ հնարաւոր պիտի դարձնէ նաեւ երկրագործութեան կատարեալ մեքենայացումը։

Այս մեծ ճամբան կարճ ժամանակի մէջ կտրել անցնելու համար բաւական չէր ոգեւորութիւնը եւ ոչ ալ ղեկավար շրջանակի եւ մասնագէտ աշխատակիցներու եռանդուն գործունէութիւնը։ Անհրաժեշտ էր որ գիւղացին, ինքը դուրս գար իր անկենդան վիճակէն եւ զանգուածօրէն դառնար աշխուժ եւ ստեղծագործ ուժ։ Բայց որպէսզի դարաւոր տգիտութեան եւ յետամնացութեան մէջ խրուած գիւղացիական զանգուածը ըմբռնէր իր դասակարգային շահերը եւ ըստ այնմ շարժման մէջ մտնէր պէտք էր որ հիմնական փոփոխութիւն յառաջ գար իր մէջ, որ այդ զանգուածները յեղափոխականօրէն տրամադրուէին եւ յեղափոխական գործ կատարէին առօրեայ կեանքի ամէն մէկ մանրամասնութեան մէջ։ Ահա թէ ինչո՞ւ գիւղական հրահանգիչները, ղեկավար դեր կատարողները, մասնագէտները ստիպուած են անդադար մղում տալ որ այդ զանգուածներու արեան շրջանը արագանայ եւ կենդանացընէ անոնց ամենէն անդամալոյծ մասերը։ Եւ այդ կատարելու ամենէն զօրեղ միջոցը լուսաւորութիւնն է։

Այդ ուղղութեամբ կատարուեր է եւ կը կատարուի հետեւողական եւ ներուժ աշխատանք։ Ինչպէս բանւորի այնպէս եւ աղքատ եւ միջակ գիւղացիի երախան կը կրթուի մեր երկրի կարգերուն հիմնական գաղափարով։ Մէկ կողմէ գիւղական աշխատանքային դպրոցները, գործնական վարժարանները, գիւղատնտեսական տաքնիկումը, միւս կողմէ լիկ կայանները (չափահասներու գրել կարդալ սորվեցնող կայաններ) խրճիթ ընթերցարանները, մամուլը, ժողովները, համագումարները վառ օճախները կը հանդիսանան այդ լուսաւորութեան։ Միայն եթէ աչքէ անցնենք այն դիւրամատչելի մասնագիտական հրատարակութիւնները որ Երկրագործական Կոմիսարիատի խնամքով լոյս տեսած են, կը համոզուինք թէ ի՜նչ լրջութիւն կը ներկայացնէ Հայաստանի գիւղացիական զանգուածներու մէջ կատարուած աշխատանքը։ Կը յիշեմ որ արտասահման բնակող յայտնի գիւղատնտես մը, Աղաթօն պէյ, առաջարկեր էր թարգմանութիւն մը հրատարակել յօգուտ մեր երկրի գիւղացիներուն, կարծեմ թթենիներու մշակման եւ ազնուացման մասին։ Իսկ այդ նիւթի վրայ 8-10 հրատարակութիւններ կային արդէն Խորհրդային Հայաստանի մէջ։ Մենք հեռուէն չենք կարող նոյն իսկ ենթադրել թէ ի՞նչ կը կատարուի մեր երկրին մէջ եւ թէ որպիսի արագութեամբ անոր տնտեսական եւ մշակութային մակարդակը կը բարձրանայ։ Անդուլ անդադար կը մարզուին հասակաւորները որոնք աստիճանաբար կը հրաժարին իրենց Քսենոփոնեան ապրելու եղանակներէն, դուր կուգան իրենց խաւար կեանքէն եւ միեւնոյն ատեն առանց ժամանակ կորսնցնելու գիւղացի մանուկները եւ պատանիները, իրենց մատղաշ տարիքներէն կը մարզուին, կը սովորին նոր կենցաղին, կը դառնան կուլտուրական տարր։ Հրամանագիրները եւ որոշումները թուղթի վրայ պիտի մնային եթէ Խորհրդային իշխանութիւնը առաջին հերթին չի վառէր լուսաւորութեան օճախներ։ Վերամշակել զանգուածները, պատրաստել գատրեր, հաստատել քիմիական լապորատորներ, փորձառական դաշտեր, հարւիրել կամ օգտագործել փորձուած եւ խղճամիտ մասնագէտներ, այս բոլորը միացած պայքարեր ենեւ կը պայքարին գիւղացիական զանգուածներու յետամնացութեան դէմ։

 

Այժմ արդէն ծրագրուած եւ մտածուած աշխատանքը տուեր է իր արդիւնքները։ Անշուշտ դեռ կան յետամնաց գիւղացիներ, դեռ կան նախնական վիճակէն հազիւ դուրս ելած վայրեր, բայց այն յեղափոխական շունչը որ կեանք ու ոգեւորութիւն կը ներշնչէ մեր երկրի գիւղացիութեան, խմորում յառաջ կը բերէ նոյն իսկ ամենէն յետ ինկած շրջաններու մէջ։ Գիւղացին արթննալով իր դարաւոր թմրութենէն ընդ առա կուգայ իրեն ընծայուած միջոցներուն եւ կշտամպէ ձեռք բերել այն զէնքերը որով կարող է պայքարիլ հինի մնացորդներու դէմ. գիւղատնտեսական եւ քաղաքական լուսաւորութիւն։ Դժգոհ են միայն հարուստ գիւղացիները եւ այն մակաբոյծ տարրերը որ գիւղի կամ քաղաքի մէջ բնակելով կապրէին երկրագործ մշակի զանազան ձեւի շահագործումով։ Չքաւոր եւմիջակ գիւղացիները աշխուժացեր են եւ անոնք են որ պիտի իրագործեն յառաջիկայ նպատակները։ Մեծ բարեփոխութիւններ յառաջ եկած են նաեւ իրենց կենցաղին մէջ։ Այժմ կարգ մը վայրերու մէջ բնակարանային շինարարութիւնը կը կատարեն գիւղէն դուրս լայն տարածութիւններու վրայ։ Հին գիւղը իր կարգին ազատուելով խճողումէ կը վերակառուցէ ընդարձակ յարմար շէնքեր, բազմաթիւ պատուհաններով։ Ամէն մէկ գիւղ կունանայ իր յատակագիծը որու համեմատ պիտի կատարուին շինութիւնները։ Փողոցները լայն, տուները շրջապատուած պարտէզներով եւ բանջարանոցներով։ Առատ ջուրի մատակարարումը անպայման պիտի սատարէ գիւղացիի մաքրասիրութեան եւ ապահովէ գիւղի առողջապահութիւնը։ Գիւղացիական աշխուժ տարրերու կատարած նուաճումները չեն կարող չազդել ամենէն յետամնաց խաւերու վրայ իսկ։ Օրինակը վարակիչ է։

Այժմ կարելի է ըսել որ գիտակից գիւղացիութիւնը իւրացուցեր է հողի պետականացման գաղափարը եւ հինգ վեց տարուան վերամշակման ընթացքին անիկա ընդունակ դարձեր է ըմբռնելու այն առաւելութիւնները որ գիւղատնտեսութեան մեքենայացումը կարող է ընծայել։ Անիկա լուսաբանուած է նաեւ այն մասին որ ռասիօնալ երկրագործութիւնը իրագործելու անհրաժեշտ պայմաններէն մէկն է փոքր տնտեսութիւններու միացումը։ Հայաստանի Խորհրդային իշխանութիւնը քաջալերելու համար այդ շարժումը եւ տարածելու համար աւելի լայն զանգուածներու մէջ, կը մտադրէ ընծայել բացառիկ դիւրութիւններ այն չքաւոր եւ միջակ գիւղացիներու որոնք կուզեն միանալ, կոլլեկտիվ կազմել։ Արագութեամբ կատարել հողային բաժանումները այն գիւղացիներուն որոնք տրամադիր են միանալ եւ համայնական աշխատանք կատարել, այդ միացած տնտեսութիւններուն յատկացնել լաւորակ հողեր, եւ այնպիսի վայրերու մէջ որոնք մօտ են ճանապարհներու եւ ոռոգման եւ այլ դիւրութիւններ ունին։

Առանց տարակոյսի կարելի է ըսել որ մեր երկիրթ կը յաջողի քանի մը տարիէն հասնիլ իր նպատակին, կազմակերպել կոլլեկտիվ տնտեսութիւններ, կոոպերատիվներու ցանցով ընդգրկել ամբողջ գիւղը եւ մեքենայացման ենթարկելով գիւղատնտեսութիւնը, մէկ կողմէ բազմապատկել երկրին արտադրական կարողութիւնը եւ միւս կողմէ սահմանափակել գիւղացիին աշխատանքի ժամերը։ Մենք ի փոխարէն յետամնաց եւ թշուառ գիւղացիին, կունենանք գիւղատնտեսներ, երկրագործական որակեալ աշխատաւորներ։ Կը բաւէ չափել այն ճանապարը որ մեր գիւղացիութիւնը կտրեր անցեր է արդէն Հայաստանի խորհրդայնացման օրէն մինչեւ այժմ, լաւատեսութեամբ եւ ապահովութեամբ պատկերացնելու համար մերձաւոր ապագան։

 

* * *

Ինչքան ալ մեծ ըլլան մեր երկրին մէջ գիւղատնտեսութեան զարգացման հեռանկարները, այսու ամենայնիւ այնտեղ չէ միայն Խորհրդային Հայաստանի տնտեսական վերելքին հնարաւորութիւնները։ Խնդիրը չի լուծուիր եթէ եթէ մեր երկրի արտադրած բամպակը, իբր հում նիւթ արտածենք եւ բնակչութեան սպառողական պահանջքներուն համար բազմապատիկ թանկ գնով ներածենք մանիֆակտիւրէ ապրանք։

Առաջին հերթին պէտք է ուրեմն երկրի հում նիւթերը ձեւափոխման ենթարկուին երկրի մէջ, ստեղծւին գործարաններ։ Գաղութային երկիրներն եա որ կը բաւականան միայն հում նիւթ արտադրել, այսինքն աշխատիլ ուրիշներու համար։ Խորհրդային Հայաստան ոչ միայն պէտք է դառնալ ինքնաբաւ այլ եւ իր բաժինը բերէ Խորհրդային Միութեան շինարարական վերելքին, ինքն իր մէջ ստեղծելով հարստութեան աղբիւրներ եւ այդ կարող է իրականացնել արդիւնաբերութիւնը։

Հայաստան եւ արդիւնաբերութի՜ւն... Այդ երկու բառերու զուգորդութիւնը դեռ գաղութահայերու կը թուի տարօրինակ [3] ։

Այլ սակայն փաստ է որ Խորհ. Հայաստանի մէջ ոչ միայն հիմքը դրուած է արդիւնաբերութեան այլ եւ անիկա տարուէ տարի կը զարգանայ։

Խորհ. Հայաստան արդիւնաբերական երկիր դառնալու համար ունի առաջին եւ էական պայմանը, ջրի անկման ուժով ելեկտրականութիւն ունենալու հնարաւորութիւնը։ Սեւանէն Երեւան Զանգուն ունի հարիւր մէթր անկում այնպէս որ ըստ մասնագէտներու կարելի է Զանգուի երկայնքին զանազան յարմար վայրերու մէջ հաստատել ելեկտրակայաններ մինչեւ 60-70 հազար ձիու ուժ հայթայթող։ Բացի Զանգուն Արփաչայը եւ Դիլիճանի գետը կը ներկայացունեն նոյնպէս հնարաւորութիւններ, իսկ Ձորագետի մէջ կառուցուող ելեկտրակայանը կոչուած է արդէն մեծ զարկ տալու Հայաստանի արդիւնաբերութեան։ Եւ թող զարմանալի չի թուն արտասահմանի ընթերցողին որ ամէն մէկ ելեկտրակայանի կառուցումը Հայաստանի մէջ յառաջ կը բերէ ժողովրդական ուրախութիւն եւ խրախճանք։ Ամէն անգամ որ Հայաստանի աշխատաւորութիւնը կը կատարէ այդպիսի նուաճում, յառաջապահ դիրք մը կը գրաւէ, իր մէկ յաղթանակն է երկրորդ ճակատի վրայ, որ կը տօնէ։ Այդ է նաեւ պատճառը որ գիտակից աշխատաւորութիւնը հրայրքով կը լծուի գործի։ Ականատեսներ ինձ պատմեցին որ Շիրակի ջրանցքի աշխատութիւնները տարուեցան հաւաքական ոգեւորութիւնով։

Աշխատութեան մէջ այդ ոգեւորութիւնը, որ կարտայայտուի մեր նոր գրականութեան մէջ, դիւցազնական խոյանք մը յառաջ կը բերէ եւ ոչինչ կայ չափազանց երբ կըսենք որ մեր երկիրը կապրի դիւցազնական շրջան մը։

 

Հայաստան ճարտարուեստի ենթարկելու համար ունի բազմաթիւ հում նիւթեր որոնցմէ մեզ ամենէն ծանօթը բամպակն է։ Անկէ զատ, յիշելով ամենէն կարեւորները, բուրդ, կաշի, շինանիւթեր, մետաղներ։ Ունինք բացի տէքստիլ գործարանները, բամպակազտիչ, ձիթահան եւ օճառի, կաշիի, գինիի եւ քօնեակի, գործարաններ, պահածոյներու, քիմիական նիւթերու արդիւնաբերութիւն եւ հանքեր կուտան պղինձ, արծաթ, զէնկ եւ ալիւմին։

Այցելեցի Երեւանի բամպակազտիչ եւ ձիւթահան գործարանները ընկերակցութեամբ ճարտարագէտներու որոնցմէ մէկը արտասահմանէն եկած էր։ Այդ այցելութիւնը մեր վրայ թողուց խոր տպաւորութիւն։ Երբ ապշած կանցնէինք մէկ սրահէն միւսը առաջնորդութեամբ գործարանի վարիչ էնժէնիէօրի, ինձ ընկերացողները կը հաւաստիացնէին որ ամեն ինչ իրաւամբ այնտեղ կը կատարուի գիտական վերջին միջոցներու կիրառմամբ։ Քանի մը օր առաջ այցելեր էի Երեւանի հիդրոշէնը որուն ուժն է որ կօգտագործուի բամպակազտիչ եւ ձիթահան ֆապրիկներու մէջ։ Այն գեղեցիկ տեսարանը որ կը պարզէ Զանկուի փրփրադէզ ջրվէժը կրկնուած տեսայ բամպակազտիչ գործարանի մէջ երբ մաքրուած եւ սպիտակ բամպակի գուլաներկ փրփրադէզ ջուրի պէս կիջնէին դէպ ի արկղերը։

Կը յիշեմ մեր վերադարձը։ Կառքին մէջ կողքիսնստած էր վարիչ էնժէնիէօրը. պահ մը ետեւ դարձանք եւ տեսանք բաց տարածութեան մէջ գործարանները իրենց անհամար լուսաւորուած ապակիներով որոնց եհեւ մեքենաները կը դառնային անդադար եւ երբեմն կարծես իրենց հեւքոտ շունչն է որ կանցնէր ստուերի մը պէս անոնց շողշողուն լոյսերուն վրայէն։

Ինժինէօրը ինձ կը պատմէր թէ ի՜նչ պայմաններու մէջ հիմքը դրուած է այդ գործարաններուն։ Լուկաշին յղացեր էր գաղափարը եւ յոյս ունէր հարկ եղած վարկը ստանալ յառաջիկայ, լաւ չեմ յիշեր, Անդրկովկասեան թէ համամիութենական համագումարէ մը։ Բայց ժամանակը շատ սահմանափակ էր եւ պէտք էր ներկայացնել մանրամասն նախահաշիւներ, տուեալներ, շինութեանց յատակագծեր եւ այլն։ Լուկաշին իր մօտ կը հրաւիրէ մասնագէտներ եւ փորձուած ինժինէօրներ եւ կը խորհրդակցի։ Ամէնուն կարծիքը այն կըլլայ որ անհնարին է հասնիլ եւ դեռ կը յայտնուի այն կարծիքը որ անկարելի է առ այժմ այդպիսի ֆապրիկներ հաստատել եւ կազմակերպել, գլխաւորաբար որակեալ աշխատակիցներու պակասի պատճառով։

Անկարելի է՜... էհ լա՜ւ, գիտցէք որ գործարանները պիտի հիմնենք։

Ու նախահաշիւները ու յատակագիծերը կը պատրաստուին, վարկը կստացուի. գործարանները կսկին շինուիլ։

Աւելի ուշ, նոյնքան բուռն հետաքրքրութեամբ այցելեցի Լենինականի տէքստիլ գործարանները ուր ընդարձակ հալերու մէջ, կատարելագործուած մեքենաներու անվերջ յաջորդութիւնը զտուած բամպակը կը վերածէ նուրբ թելի եւ թելերը կերպասներու եւ հիւսուածներու։

Կարելի է ըսել որ գեղարուեստական բարձր յուզումով կը դիտէի ինչ որ հանճարեղ մարդկութիւնը կարող էր վերստեղծել պարզ եւ հում նիւթերը ենթարկելով բազմատեսակ ձեւափոխումներու։ Եւ այդ ստեղծագործութիւնը սկսուած է կատարուիլ Խորհրդային Հայաստանի մէջ։

Ինձ տրուած տեղեկութիւններու համեմատ Հայաստանի արտադրած բամպակին որոշ մասը միայն կարդիւնաբերուի երկրին մէջ։ Եթէ հաշուի առնենք որ երկրագործական կոմիսարիատը ամէն միջոցներու կը դիմէ բամպակի մշակոյթը աւելի տարածելու եւ որակը լաւացնելու, կը տեսնենք որ մի միայն բամպակի արդիւնաբերութեան մէջ դեռ բազմատեսակ կարելիութիւններ կան Հայաստանի մէջ։

Կաշեգործութիւնը նոյնպէս ենթարկուած է մեքենայացման։ Իմ այցելած օրս ինձ կընկերանար մասնագէտ մը եւ հանգամանօրէն բացատրեց թէ այդ գործը որ գոյութիւն ունեցեր է արդէն շատ նախնական վիճակի մէջ, այժմ ենթարկուեր է հիմնական փոփոխութիւններու։ Ոչխարի խուզուած մորթերը կը լուացւէին յաջորդական աւազաններու մէջ ինքնաշարժ անիւներու թափահարութեամբ եւ յետոյ կերթային խաղաղորդուելու։ Մորթերէն դուրս եկած ճարպը կը գործածուէր կաշիներու յագեցման։ Ոչինչ չի կորսուիր եւ ամէն ինչ սարքաւորուած է ըստ յարմարութեան եւ գործաւորներու առողջապահութեան, ինչ որ այստեղ իր յատուկ նշանակութիւնը ունէր։ Մնաց որ դժուարին գործերով զբաղող բանուորները ունին տարեկան մինչեւ երեք ամիս վճարուած արձակուրդ եւ առ հասարակ բանուորները կը վայելեն ամեն կարգի դիւրութիւններ։

Գրասենեակին մէջ ինձ տուին գործարանին մէջ պատրաստուող զանազան գոյնի եւ տեսակի կաշիներու նմայշներ։ Որակը բաւականին լաւ է եւ քանակը ոչ միայն գոհացում կուտայ երկրի պէտքերուն այլ եւ կարտածւի։

Գինի եւ քոնեաք պատրաստող Արարատ գործարանը դեռ չէ հասած նախ քան պատերազմը ունեցած արտադրական կարողութեան որովհետեւ այգիները քանդուած են պատերազմի եւ քաղաքացիական կռիվներու ընթացքին եւ ժամանակի կարօտ խնդիր է վերականգնել խաղողի բերքը։ Բայց ի փոխարէն մեծ զարկ կը տրուի պահածոյներու (conserve) պատրաստութեան։ Ծրագրուած է հաստատել նոր գործարան մը որ պիտի տայ տարեկան 100. 000 փութ [4] պահածոյ։

Իմ Երեւան եղած միջոցիս բացուեցաւ նաեւ Կարբիտի գործարանը որ կիրի եւ ածուխի միացումով կարտադրէ ասէթիլէն եւ որ իր կարեւորութեամբ երկրորդն է Խորհրդային Միութեան մէջ։ Կարտադրէ տարեկան հազար թոնո։

Այսօր արդէն կարելի է ըսել որ Լենինական արդիւնաբերական կեդրոն է։ Երեւան եւս շուտով կը դառնայ արդիւնաբերական քաղաք, իսկ Ղարաքիլիսէ հնարաւոր է դարձնել երրորդ կեդրոն։ Այդ ուղղութեամբ աշխատութիւն սկսուած է արդէն։ Իսկ Ղափանեւ Ալլահվերտի կը ներկայանան հանքային արդիւնաբերութեան վայրեր։

Ինչ որ ալ ըլլայ, Խորհրդային Հայաստան հաստատ հիմքերը դրած է արդիւնաբերական տնտեսութեան եւ կը թեւակոխէ արդէն յաջորդական փուլերը։ Ամբողջ երկիրը պիտի բաժնուի տնտեսական քանի մը շրջաններու եւ ըստ այնմ պիտի տարուին գործերը աւելի լարուած ջանքով եւ աւելի ընդարձակ յատակագիծի վրայ։

 

Թուել մի առ մի այն բոլոր կարելիութիւնները որ Հայաստանի խորքի եւ մակերեսի հում նիւթերը կընծայեն արդիւնաբերութեան յետագայ զարգացման եւ ճիւղաւորման համար, աւելորդ կը համարեմ։ Կը զեղջեմ նաեւ թիւերը որովհետեւ մասնագէտ եւ ձեռնահաս անձերու կողմէ պատրաստուած վիճակագրութիւնները եւ թիւերը հետաքրքիր ընթերցողը կը գտնէ թերթերու եւ առանձին հրատարակութիւններու մէջ։ Մնաց որ թիւերը տարուէ տարի կաճին եւ փոփոխութեան կենթարկուին։ Ինչ որ կարեւոր է այն է որ շօշափելի փաստերով կը տեսնենք որ արդիւնաբերութիւնը հաստատւած է արդէն Հայաստանի մէջ եւ որ տնտեսական այդ քաղաքականութիւն եւ անոր արագ իրագործումները կոչուած են հիմնովին փոխելու մեր երկրի աշխատաւորութեան պայմանները, կենցաղը եւ հոգեբանութիւնը շնորհելով արտադրող դասերուն բարգաւաճ վիճակ, բարօրութիւն եւ բարձր մշակոյթ։

 

Աչքէ պէտք չէ հեռացնել երբեք որ տնտեսական այդ վերելքը չի նպաստւորեր առանձնաշնորհեալ ընտրանի մը, որ ճարտարարուեստի արդիւնքը չի մտներ բուռ մը դրամատէրներու գանձը, որ հարստութեան ամէն մէկ աղբիւր կը ժայթքի աշխատաւորութեան վրայ։ Երկրորդ ճակատի վրայ կատարուած ամէն մէկ նուաճում ըստ ինքեան կը նշանակէ արտադրող ժողովուրդի բարօրութեան յաւելում. կը նշանակէ կառուցում բանուորական բնակարաններու, աւելի առատ սնունդ, մարդավայել կեանք, մշակութային նոր հնարաւորութիւններ։

Երբ կայցելէինք բամպակազտիչ եւ ձիթահան գործարաններու բանուորական բնակարանները մեզ ընկերացող արտասահմանցի ճարտարագէտը զարմացումով հաստատեց թէ նոյն իսկ Եւրոպական այն կեդրոններու մէջ ուր որոշ չափով հոգ կը տարուի բանուորներու վիճակին, նման բան չէ իրականացած երբեք։ Լայնանիստ եւ լուսաւէտ շէնքերու մէջ բանուորական յարկաբաժինները կընծայէին հաճելի տեսք։ Դեռ բաղդատութեան դեմ դներ այդ բնակարաններու յարմարութիւնները քաղաքին բնակարանային պայմաններու հետ։ Ընդարձակ օդաւէտ ննջասենեակ, գրեթէ միշտ պատշաճօրէն կահաւորուած եւ ճաշարան-խոհանոց որուն մէկ կողմը զետեղուած է ձուլածոյ վառարանը։ Ամէն յարկ ունի լողարան, տուշի յարմարութիւններով։ Լայն պատշգամներ կընդարձակեն սենեակները եւ ամառուան ամիսներուն պէտք է ընծայեն զով հանգստավայրեր։ Ոմանք արդէն զարդարեր են այդ պատշգամները մագլցող բոյսերով եւ թաղարներով։ Ամէն պատուհան կը բացուի լայն հորիզոնի վրայ որոնց հեռաւոր սահմանները կը կազմեն Հայկական Պարի կոհակաւորումները։

Այդ բանուորութիւնը բնական է որ սերտօրէն շահագրգռուած է արդիւնաբերութեան զարգացմամբ։ Անիկա գիտէ որ կատարեալ մեքենակայացումը եւ ռասիօնալիզասիօնը որ ուրիշ երկիրներու մէջ բանւորներու մղձաւանջն է, քանի որ աշխատող բազուկներու պէտքը կը նուազեցնէ եւ իբր հետեւանք կունենայ գործազրկութիւնը ընդհակառակը խորտրդային երկիրներու մէջ կը նշանակէ ապրանքներու գնին իջեցում, աշխատութեան ժամերու նուազեցում եւ պայմաններու թեթեւացում։

Ամէն այն վայրերը ուր գործարան մը հաստատւած է, ըստ ինքեան այդ կէտին վրայ վերջնական իրականացում մը կատարուած է։ Բանուորը գիտէ որ ուշադրութիւն կը դարձուի իր աշխատութեան վայրի առողջապահական պայմաններուն, գիտէ որ իբր արտադրող տարր իրաւունքներ ունի երբ հիւանդ է կամ հանգիստի պէտք ունի։ Գիտէ որ իր ծերութիւնը ապահովուած է, իր զաւակները պիտի ստանան կրթութիւն եւ հոգածութիւն։ Ամէն ջանք կը թափուի որ աշխատութեան ժամերէ դուրս երկու սեռէ բանուորներ ըլլան ազատ։ Կոոպերատիւ ճաշարաններ, լուացարաններ, մսուրներ եւ այլ այս կարգի կազմակերպութիւններ հնարաւոր պիտի դարձնեն որ բանուորը իր աշխատութեան ժամերէն դուրս զբաղի ի վերամշակութեամբ, կատարելագործուի, դառնայ մասնագէտ եւ միւս կողմանէ մասնակցի իշխանութեան, մտնելով խորհուրդներու, տեղկոմներու մէջ, ինչպէս նաեւ իր գործօն մասնակցութիւնը բերէ հասարակական կազմակերպչական գործերու ինչպէս են կոոպերատիւները, ակումբները, ընթերցարանները եւ այս կարգի անթիւ հաստատութիւնները։

Խորհրդային իշխանութիւնը իր ամենէն խտացած նշանակութեամբ կարելի է տեսնել գործարանային շրջանի մը մէջ։ Եւ այնտեղ է որ բնականօրէն կը հասկցուի որ բանուորութիւնը երկրի մը յառաջապահ բանակը կը կազմէ։ Բանուորութիւնն է որ իր առօրեայ կեանքի ընթացքին ոչ միայն կը սովորի հաւաքական կարգապահութեան այլ եւ կը հասկնայ որ այդ գիտակից եւ կուռ կարգապահութեան շնորհիւ է որ ձեռք պիտի բերէ աւելի մեծ արդիւնք իր դասակարգային շահերուն համար։ Բանուորութիւնն է նաեւ որ յառաջապահ շարքերու վրայ պիտի պաշտպանէ Խորհրդային իշխանութիւնը եթէ հարկ ըլլայ եւ ան է որ ոգի ի բռին կը պայքարի արդէն յետամնացութեան, հինի եւ անցեալի կարգերէն մնացորդ արգելքներու դէմ։ Բանուորութիւնն է որ ստանալով տեքնիքական կրթութիւն պիտի ապահովէ պրոլետարիատի տիրապետութիւնը։ Նա եւ գիտէ որ իր ծոցէն ելլող տաղանդները ու հանճարներն են որ պիտի հանդիսանան առաջնորդող աստղեր գալիք սերունդներուն եւ մարդկութեան պիտի տան աննախընթաց արժէքներ գիտութեան եւ գեղարուեստի բնագաւառներուն մէջ։

Չորրորդ դասակարգի վերելքն է որուն ականատես կըլլանք Խորհրդային երկիրներու մէջ եւ այդ վերելքը կը ծանուցուի արդէն բարձրացող աշխատաւորութեան խռովայոյզ ոգեւորութիւնով։ Եւ ով չզգար կամ չէ զգացեր այդ անօրինակ եղելութեան ներշնչած բարձր տպաւորութիւնը, խղճալիօրէն զրկուած է մեր ժամանակներու ամենէն բուռն եւ պաթետիկական ապրումներէն։

Բայց արդեօք կարելի՞ է երկրի մը արդիւնաբերական զարգացումը նախատեսել եթէ գիւղատնտեսութիւնը համապատասխան ընթացքով չի կատարեր իր յառաջդիմութիւնը։ Որքան որ կրցայ հասկնալ այդտեղ է որ կը կայանայ բանուորի եւ գիւղացու սերտ յարաբերութիւններու եւ համերաշխ գործունէութեան անհրաժեշտութիւնը, ինչ որ Խորհրդային երկիրներու մէջ կը կոչեն բանուորի եւ գիւղացու դաշինքը։ Յառաջապահ բանուորութիւնը պէտք է իր ետեւէն քաշէ գիւղացիական զանգուածները դէպի գիւղատնտեսութեան մեքենայացումը եւ ռասիօնալիզասիօնը։ Այդ լայն զանգուածներու դաստիարակութեան խնդիրն է, թէ քաղաքի եւ թէ գիւղի մէջ որ առանցքը կը կազմէ մշակութային յեղափոխութեան։

Մնաց որ կարգ մը էական խնդիրներու մէջ բանուորը եւ գիւղացին գործնական եւ անմիջական կեանքի մէջ հաւասարապէս շահագրգռուած են ինչպէս են ոռոգումները եւ ելեկտրականացումը։ Միւս կողմանէ գիւղատնտեսութեան զարգացումը պիտի ապահովէ արդիւնաբերութեան համար նորանոր եւ ազնիւ տեսակէ հում նիւթեր։ արդիւնաբերութիւնը իր կարգին պիտի հայթայթէ գիւղատնտեսութեան քիմիական պարարտանիւթ, մեքենայ եւ գիւղական զանգուածներուն սպառողական պահանջներուն համար մանիֆակտիւրէ ապրանք։

Խորտրդային արդիւնաբերութիւնը չի կրնար իր մեծ զարգացումը ստանալ եթէ երկիրը լայն ճամբաներով չի դիմէ դէպ ի գիւղատնտեսական արդիւնաբերութիւնը։

Այդ զուգընթաց ուիներով եւ բանուորի եւ գիւղացիի թէ տնտեսական եւ թէ քաղաքական սերտ միութիւնով է որ Հայաստան եւս պիտի ապահովէ ամբողջական յաղթանակը որու արդիւնքը պիտի ըլլայ մեր յետամնաց երկիրը վերափոխել բարձր մշակոյթի տէր եւ զարգացած երկրի մը։

 

Մինչեւ այժմ Հայաստան ստացեր է Խորհրդային Միութենէն 60 միլիոն րուպլի իբրեւ աջակցութիւն եւ վարկ։ Եթէ այդ գումարէն զեղջենք այն տասնեակ մը միլիոնը որ գործածուեր է առաջին տարիներուն օրհասական ժողովուրդի անմիջական օգնութեան, կը տեսնենք որ մնացեալ ֆօնտերը յատկացուած են Հայաստանի շինարարութեան եւ լուսաւորութեան, երկրորդ եւ երրորդ ճակատներուն։

Բայց Հայաստանի մէջ արդէն ժամանակը հասած կը համարեն որ դուրս գալով միայն ստացողի եւ սպառողի դիրքէն Հայաստան եւս իր բաժինը բերէ համամիութենական հսկայ շինարարութեան։

Մենք գիտենք որ արդիւնաբերականացումը Խորհրդային Միութեան առաջնակարգ խնդիրն է։ Անհրաժեշտ է որ Խորտրդային Միութիւնը հետզհետէ պէտք չունենայ արտաքին աշխարհին եւ ի դերեւ հանէ այն յոյսերը թէ կարելի է Խորհրդային Միութիւնը դարձնել հսկայ շուկայ մը որ հարկադրուած է հում նիւթերը արտածել եւ ընդունիլ Եւրոպայի եւ Ամերիկայի ճարտարարուեստի արդիւնքը։ Այդ անյագ ախորժակներուն փոխարէն պէտք էր առանց ժամանակ կորսնցնելու հիմքը դնել խորհրդային արդիւնաբերութեան։

Խորհրդային Միութիւնը տասը տարուան աներեւակայելի բեղմնաւոր շրջանի մը միջոցին ոչ միայն առաջադրեց իր հարուստ հում նիւթերու արդիւնաբերութիւնը կատարել իր սահմաններուն մէջ այլ եւ մեծ արդիւնաբերութեան հարկ եղած մեքենաներու շինութիւնը կատարել։ Այդ առաջադրութիւններկ մասամբ իրականացած են եւ ներուժ ջանքերով կը հետապնդուի կատարեալ իրականացումը։ Մեծ արդիւնաբերութեան զարգացումը միեւնոյն ժամանակ կը հանդիսանայ ամենէն ուղղակի միջոցներէն մէկը Խորհրդային Միութեան ինքնապաշտպանութեան, որ եւ է տեսակի ոտնձգութեան փորձերու դէմ։

Խորհրդային Միութեան մաս կազմող երկիրները մեծ ոգեւորութեամբ արձագանգ կուտան այս հրամայական թելադրանքներու։ Հայաստան պիտի կրնա՞յ եւ ո՞րքանով իր բաժինը բերել Համամիութեանական այս մեծ ու անյետաձգելի պահանջներուն։

Խորհրդային Հայաստան իր արդիւնաբերական զարգացման հեռանկարները չի սահմանափակեր իր սպառողական կարողութիւններու չափով, ոչ ալ փափաք ունի կղզիանալու, ինքն իր վրայ ծալլուելու։ Անիկա կենդանի կապերով կապուած է միւս Խորհրդային երկիրներու հետ եւ կը ձգտի համապատասխան քայլերով յառաջանալ։ Հայաստանի աշխատաւորութիւնը պէտք է իրագորցէ ընդհանուր պլանին մէկ մասը իր երկրին, Հայաստանի մէջ։ Աւելորդ է ըսել որ այս ոգիով եւ տրամադրուած են հարեւան Խորհրդային երկիրները եւ այն մրձակցութեան եւ այլ այս կարգի գռեհիկ մտահոգութիւնները, որոնց մասին այնքան կը խօսուի արտասահմանի մէջ, գոյութիւն չեն կրնար ունենալ։ Հայաստանի մէջ կը հաստատեն արդիւնաբերական այնպիսի ճիւղեր որոնք նոյնքան նպաստաւոր պայմաններ չունին զարգանալու հարեւան հանրապետութիւններու մէջ։ Նոյնպէս կը հրաժարին այն ձեռնարկներէն որոնք բաւական չափով արդիւնք կուտան դրացի երկիրներու մէջ։

Խորհրդային Միութեան բոլոր երկիրները հաւասար չափով շահագրգռուած են Միութեան մաս կազմող որ եւ է երկրի զարգացման։ Իրաց այս վիճակը ըմբռնելու համար պէտք է մոռնալ ինչ որ հին աշխարհը սորվցուցեր է մեզ։ Թող հռետորական ծաղիկ չի համարուի երբ ըսենք թէ Ազրպէճանի մէջ կատարուած նուաճում մը սեփական յաղթանակ կը համարէ Հայաստանի աշխատաւորութիւնը եւ փոխադարձաբար։

Լենինականի աղէտը եկաւ ապացուցանելու թէ որքան սերտ է այն եղբայրական կապը որ գոյութիւն ունի Խորհրդային Միութեան բոլոր ժողովուրդներուն մէջ։ Այստեղ իրական փաստեր կան, ընդհանուրին եղող առաջնակարգ շահագրգռութիւններ ի պատասխան արժէքը հիմնովին կորսնցուցած տարտամ ենթադրութիւններու։

Մեր ազգային եւ երկրային շահերուն մէջ համերաշխ ենք Անդրկովկասի ժողովուրդներու հետ, իսկ Անդրկովկասի ներկան եւ ապագան պայմանաւորուած է Խորհ. Միութեան ամրացումով եւ յառաջացումով։

 

Ուրեմն կը տեսնենք որ Հայաստան խորհրդայնացման առաջին տարիներուն իսկ նպաստի կարօտ եւ միայն սպառողի վիճակէն անցեր է ինքնաբաւ եւ արտադրող դառնալու վիճակին իսկ այսօր կը թեւակոխէ արդէն նոր շրջան մը եւ կը պատրաստուի մասնակցելու իր արտադրողական կարողութեամբ Համամիութենական շինարարութեան։ Այդ կարենալ կատարելու համար պէտք է մեր երկրին մէջ հիմքը դրուի մեծ (ծանր) արդիւնաբերութեան։

Մեծ արդիւնաբերութեան համար մեր երկիրը ունի ելեկտրականացման անհաշիւ հնարաւորութիւններ։ Ունի նաեւ պղինձ, զէնկ, ալիւմին եւ օժանդակ նշանակութիւն ունեցող շինարարական նիւթեր, ինչպէս տուֆ, պազալտ, եւ այլն։

Կարբիտի գործարանը արդէն այդ ուղղութեամբ դեր կը կատարէ հայթայթելով Խորհ. Միութեան ապառումին համար ասէթիլէն որը կը գործածուի գլխաւորաբար մետաղաշինութեան մէջ։ Ձորագետի ելեկտրակայանի հետ պիտի կառուցուի սիանամիտի (cyanamide) գործարան որ պիտի տայ տարեկան 10. 000 թոնո պարարտանիւթ որը մեծ օգտակարութիւն ունի մասնաւորաբար բամպակի մշակութիւն ունեցող երկիրներու համար։

Եթէ աչքի առաջք ունենանք նաեւ այնպիսի հիմնարկներու հաստատութիւնը, որոնք համամիութենական նշանակութիւն ունին, ինչպէս է Անասնապահական Էնստիտիւն որ պիտի ընդունի ուսանողներ ամէն երկիրներէ, այն ատեն կըմբռնենք որ Խորհրդային Հայաստան իրաւամբ կը մտնէ նոր շրջանի մը մէջ։ Անիկա ի վիճակի պիտի ըլլայ շուտով իր ստացածներուն փոխարէն տալ համամիութենական նշանակութիւն ունեցող արտադրութիւններ եւ արժէքներ։

Զարգացման այս նոր փուլը կենթադրէ ներքին շինարարական մարզին մէջ նորանոր նուաճումներ, ինչպէս ճամբաներու եւ նոր երկաթուղագիծերու շինութիւն, քաղաքներու եւ գիւղերու վերաշինում ըստ նոր յատակագծի, արտադրող զանգուածներու մշակութային մակարդակի բարձրացում եւ կենցաղի բարեփոխում թէ՛ քաղաքի եւ թէ՛ գիւղի մէջ։

Այս ընթացքով Հայաստան քանի մը տարիէն կը դառնայ Խորհ. Միութեան զարգացած կեդրոններէն մէկը եւ Հայաստանի աշխատաւորութիւնը իր պատուաւոր տեղը կը գրաւէ հարիւր միլիոնաւոր յառաջապահ աշխատաւորներու կողքին։ Այսպիսի հեռանկար ունեցող ժողովուրդ մը անհրաժեշտօրէն դուրս կուգայ իր մտաւորական կեանքի անձուկ սահմաններէն։ Ոչ մէկ պատճառ չի կայ, ընդհակառակը, որ մեր մտաւորական կեանքը չստանայ համապատասխան թռիչք։ Նկատի ունենալով այն ինքնուրոյն եւ այլազան յատկութիւնները որով օժտուած են Անդրկովկասի ժողովուրդները կարող ենք մտածել որ Հայաստանի գրականութիւնը եւ գեղարուեստը իրենց կարգին կոչուած են տալու համամարդկային արժէքներ։

Մինչեւ այժմ աշխարհս լսեր է Հայաստանի թշւառութեան եւ դժբախտութեան մասին։ Մինչեւ այժմ մեր ժողովուրդը աշխարհահռչակ դարձեր է կոտորածներով եւ որբերով։ Կուգայ ժամանակ երբ աշխարհս ուրիշ լարի վրայ կը լսէ մեր մասին։

 

* * *

Լուսաւորութեան գործը, երրորդ ճակատը, այս հանգամանքներու մէջ կը ներկայանայ իր բացառիկ կարեւորութեամբ։ Երբ Խորհրդային Հայաստան հասնելուս մտադրեցի մասնաւորապէս զբաղիլ մշակութային եւ կրթական խնդիրներու ուսումնասիրութեամբ դեռ որոշակի չէի պատկերացներ ինձ թէ որքա՜ն սերտօրէն մշակոյթը կապուած է երկրի մը շինարարութեան հետ։

Արտասահմանի մէջ մենք շատ մասնաւոր գաղափար մը ունինք կրթութեան մասին։ Անիկա սահմանափակուած կը տեսնենք դպրոցի մէջ եւ առ առաւելն գրական եւ գեղարուեստական ասպարէզներու մէջ, այս վերջիններն ալ համարելով անջատ կեանքէն, կտրուած գործունէութեան ուրիշ մարզերէն։ Ի հարկէ, ի վերջոյ գիտենք որ առնչութիւն մը կայ, բայց որոշ չենք տեսներ այն անմիջացան անդրադարձումները որ մշակոյթը եւ շինարարութիւնը կունենան մէջ կամ միւս ճակատի վրայ տարուած պայքարէ եւ նուաճումներէ։ Մէկը պայմանաւորուած է միւսով։ Արդիւնաբերութիւնը զանգուածներու գործ է, իսկ առանց զանգուածներու վերամշակման չէ կարելի երկրի մը մէջ արդիւնաբերութիւն ստեղծել եւ զարգացնել։ Հարիւր հազարաւոր ձեռքեր պէտք է մասնակցին շինարարութեան, հարիւր հազարաւորներ պէտք է ոգեւորւին նոնյ նպատակներով եւ պատրաստուած ըլլան այդ դերին ոչ միայն գիտակցութիւն ստանալով այլ եւ գիտութիւն, տեքնիքա, մասնագիտութիւն։

Ուրեմն մշակութային գործը կը բղխի երկրորդ ճակատի համայնական պահանջներէ։ Շինարարաըան հսկայական ծրագիրը որ հիմնապէս պիտի փոխէ մեր երկրի տնտեսական եւ արտադրական վիճակը չէ կարելի գործադրութեան դնել անմշակ գիւղացիներով եւ որակ չունեցող բանուորներով։ Լուսաւորութիւնը այսպէսով անմիջապէս գործադրութեան կը դրուի կեանքի մէջ։ Նոր հասարակարգ կառուցանողներու բանակները պէտք է մարզուած եւ պատրաստուած ըլլան։ Այսպէսով է որ տեքնիքական կատարելագործման եւ կատարեալ մեքենայացման համար մղուած պայքարը լուսաւորութեան խնդիր է։

Հայաստանի Լուսաւորութեան Կոմիսարիատը ուշադիր կը հետեւի որ իր առած քայլերը եւ ձեռնարկած գործերը համապատասխան ըլլան շինարարութեան նպատակներուն եւ բաւարարեն անոնց իրագործմանը համար հարկ եղած պահանջները։

Բայց լուսաւորութեան բեղմնաւոր գործը քայլ առ քայլ հետեւելով հանդերձ երկրորդ ճակատի պահանջներուն, հետզհետէ իր կարգին կը հանդիսանայ ինքնուրոյն գործօն եւ իբր այդ զանգուածները կառաջնորդէ նորանոր յաղթանակներու շինարարութեան ճակատին վրայ։ Քանի՛ զանգուածներու մշակոյթը կը բարձրանայ, այնքան աւելի շինարարութիւնը հարկադրուած կըլլայ գոհացում տալու հետզհետէ աճող եւ բազմակողմանի պահանջներու։

 

Անգամ մը որ կը թափանցենք իրականութեան խորքերը այլ եւս բնական կը թուի մեզ այն յարատեւ արծարծուն վիճակը որ աշխուժով եւ ոգեւորութիւնով կը լեցնէ մեր երկիրը եւ որը նորեկ այցելուն կը մատնէ զարմացական հիացումի։

Ամբողջ երկիրը կարելի է ըսել, դպրոց է եւ մարզարան։ Ամէն առիթ լաւ է դէպի լուսաւորութիւն քայլ մը առնելու համար։ Ուսմունքը չստացուիր միմիայն դպրոցներու մէջ, այլ ամէն տեղ, ամէն առիթի, ամէն տարիքի։ Լուսաւորութեան գործը կը զեղու կրթական հիմնարկներէն դուրս լայն ալիքներով։ Ընդգրկել Խորհրդային երկրի մը մշակութային կեանքը, կը նշանակէ ընդգրկել ամբողջ կեանքը։ Չի կայ հիմնարկ մը, գործունէութեան ասպարէզ մը որ իրեն յարակից չունենայ մշակութային գործունէութիւն։ Կարմիր Բանակը, Արհեստակցական Միութիւնները, Մամուլը, նոյն իսկ Ուղղիչ Տունը կընծայեն ուսմունքի եւ կրթութեան ամէն կարգի առիթներ։ Ակումբները, ընթերցարանները, լիկ կայանները, իրաւաբանական, գիւղատնտեսական եւ բժշկական Խորտրդատու Բիւրօները վառուած ջահեր են որ հետզհետէ կը նօսրացնեն ամենէն յետամնաց շրջաններու խաւարը։ Ամէն րոպէ կզգաս որ կարեւոր բան մը կը կատարուի, լոյսեր կը վառին, իմացականութիւններ կը պայծառանան եւ զանգուածներու մշակութային մակերեսը կը բարձրանայ ոչ թէ յամր եւ աննկատելի շարջումով մը այլ խռովայոյզ ոգեւորութեամբ, ներքին մղումներէ յառաջացող ժայթքումներով։

 

Խնդիրը այն է որ Հայաստանի աշխատաւոր ժողովուրդը խանդավառութեամբ ընդառաջ կուգայ լուսաւորութեան գործի առաջադրութիւններուն։ Խմորման մէջ եղող զանգուածներու անյագ ծարաւը, ուսանելու եւ վերամշակուելու, բեղմնաւոր կը դարձնէ ամէն ձեռնարկութիւն։ Ընթերցարանները, դասախօսութեան սրահները, թատրոնը, գրադարանները լիքն են ամէն տարիքի հասարակութեամբ, բայց մանաւանդ երկսեռ երիտասարդներով։ Եւ պէտք չէ մոռանալ որ այդ ուսանելու պահանջքէն մղուող բազմութիւնները աշխատաւորներ են եւ իրենց հանգիստի ժամերն են որ կը յատկացնեն ուսմունքի եւ կրթութեան։

Կը բաւէ ուշադրութեամբ դիտել դէպի Համալսարանը դիմող ուսանողութիւնը, կը բաւէ խօսիլ երիտասարդ բանուորներու հետ, կը բաւէ աչք մը նետել ընթերցասրահի մը վրայ ուր բոլոր տեղերը գրաւուած են, ուր լուռ եւ ինքնամփոփ, մատղաշ եւ թխորակ դէմքեր հակած են թերթերու կամ բաց գիրքերու վրայ։ Թո՛ղ այդ ընթերցողներէն մէկը գլուխը բարձրացնէ եւ իր սեւ ու փայլատակող նայուածքը հանդպի ակնարկիդ. կամ փողոցը քալած ատենդ պահ մը ուշադիր դարձիր անցնող ուսանողներու խօսակցութեան կամ դիտէ դասախօսութեան մը միջոցին լսողներու լարւած հետաքրքրութիւնը եւ դէմքերու արտայայտութիւնը։ Ամէն տեղ եւ ամէն առիթի դուրսէն եկողը զարմացումով կանդրադառնայ որ հասարակութեան որակը արդէն իսկ բարձր է, թէ այստեղ տարտամ մտաւորականութեան մը փոխարէն գիտակից արդէն իսկ մարզուած երիտասարդութիւն մը եւ թէ մենք ականատես վկաներն ենք նոր եւ աննախընթաց դարաշրջանի մը հուժկու սկզբնաւորութեանը։

 

Երրորդ ճակատը իր կարգին բուռն պայքարի ճակատ է եւ որ նուաճումները կոչուած են հիմնովին փոխել հին աշխարհը։ Ուրեմն եւ լուսաւորութիւնը պէտք է կատարուի յեղափոխական թափով ոչ թէ առաւել կամ նուազ յարմարելով հինէ մնացորդ անգրագիտութեան, աղտոտութեան, արբեցողութեան, անկարգապահութեան եւ այլ այս կարգի սովորութիւններու հետ։ Զանգուածները պէտք է իրենց բնութիւնը փոխեն, կերպարանափոխուին, ստանան նոր հոգեբանութիւն եւ մտայնութիւն։ Մշակութային յեղափոխութիւնը պէտք է կատարուի քաղաքի եւ գիւղի մէջ համազօր թափով եւ միեւնոյն ատեն։ Եթէ բանւորութիւնը պէտք է ստանայ մասնագիտական ուսում, բարձր կրթութիւն, քաղաքական դաստիարակութիւն որպէսզի ոչ միայն կարենայ զարգացնել արդիւնաբերութիւնը այլ եւ մասնակցիլ երկրի տնտեսական կազմակերպչական գործերուն եւ վերջին հաշուով ընդունակ դառնայ երկիրը կառավարելու, նոյնքան անհրաժեշտաբար գիւղացին պէտք է ի վիճակի ըլլայ նոյն բարձրութեան կանգնելու։ Հին կարգերու տակ գիւղը մնացեր է անհամեմատ ետ, եւ մեծ տարբերութիւն յառաջ եկեր է գիւղի եւ քաղաքի մշակութային վիճակի մէջ։ Խորհրդային իշխանութիւնը ամէն ջանք կընէ որ քաղաքի եւ գիւղի աշխատաւորներու միջեւ յառաջացած այդ անջրպետը վերանայ որպէսզի երկրի շինարարական ընդհանուր յատակագծի վրայ կարելի ըլլայ զուգահեռաբար հետապնդել գիւղի եւ քաղաքի արտադրական կարողութիւններու զարգացումը եւ միւս կողմանէ իրական դարձընել բանուորներու եւ գիւղացիներու համազօր ուժերով գործակցութիւնը երկրորդ եւ երրորդ ճակատներու վրայ։ Այդ միացումը պիտի կատարէ լուսաւորութիւը, տնտեսական կեանքի զարգացման առընթեր բարձրացնելով գիւղացիական զանգւածներու քաղաքական եւ մտաւորական մակարդակը։ Այսպէս կը տեսնենք որ քաղաքի եւ գիւղի շինարարական յեղափոխութեան հետ, անմիջապէս կը ներկայանայ մշակութային յեղափոխութեան անհրաժեշտութիւնը։

 

Պարզ է որ եթէ Խորհրդային իշխանութիւնը ձեռք կառնէ չափահասներու, աշխատաւորական զանգւածներու վերամշակումը, կերպարանափոխումը, առաւել եւս իր աւագ գործը կը կը համարէ նոր սերունդի դաստիարակութիւնը։

Անոնք որ այսօր մանուկ են եւ պատանի, պէտք է դառնան հաստատակամ զինուորներ, գիտակից եւ որակեալ աշխատաւորներ որոնք նոր հասարակարգը պիտի զօրացնեն եւ պահպանեն իրենցմէ իսկ բղխող թելադրութիւններով, իրենց անհատական եւ հաւաքական բնազդով։

Ինչպէս բոլոր Խորհրդային երկիրներու մէջ այնպէս եւ Հայաստանի մէջ դպրոցը անձեռնմխելի միջնաբերդն է ներկայ իրաւակարգին։ Դպրոցը կը պահպանուի աչալուրջ ուշադրութեամբ ո եւ է ներհակ ազդեցութեան դէմ որ աննկատելի կերպով կրնար սպրդիլ ծերպէ մը, աննշմարելի ճեղքէ մը։ Ուրիշ կերպ ընել պիտի նշանակէր ապագան վտանգի ենթարկել եւ լաւագոյն պարագային անվերջ երկարաձգել փոխանցման ներկայ շրջանը։ Այսօրուան բանուորի, գիւղացիի, Խորհրդային մտաւորականի երախան պէտք է տոգորուած ըլլայ Խորտրդային կարգերու հիմնական գաղափարներով։ Պրոլետարական դիկտատուրան շահագրգռուած է որ յաջորդ սերունդը իւրացնելով նոր կեանքի պահանջած բոլոր մեթոտները մէկ կողմանէ պատրաստուած ըլլայ արդիւնաբերական եւ գիտական գիւղատնտեսութեան աշխատանքներու համար եւ միւս կողմանէ առաջնորդուի հասարակական կեանքի մէջ այն հիմնական սկզբունքներով որոնց վրայ կառուցւած է Խորհրդային պետութիւնը։

Մենք գիտենք որ հակախորհրդային տարրերը բուռն կերպով կը յարձակին դպրոցի կատարած այս դերի մասին։ Հակառակորդներու ամենէն սիրական առարկութիւնը այն է որ ընդհանրապէս լուսաւորութիւնը պէտք է կանգնի չէզոք հողի վրայ, որ մանուկները պէտք է ստանան գիտելիքներ եւ ոչ մէկ գաղափարական ուղղութիւն՝ մինչեւ իրենց չափահասութիւնը։

Բայց մենք շատ լաւ գիտենք որ այդ «լայնախոհութիւն»ը պարապ խօսք է։ Ոչ միապետական եւ ոչ ալ տեմոկրատիկական երկիրներու մէջ չի կայ չէզոք դպրոց։ Ամէն րէժիմ իր դպրոցներու միջոցաւ կը ձգտի ամրացնել իրաւակարգը եւ անոր տեւականութիւնը ապահովել։ Ամէն երկիրներու մէջ դպրոցի մէջ կը տարուի որոշ քաղաքական գիծ։ Խորհրդային իրաւակարգը ոչ միայն ստիպուած չէր բացառութիւն կազմելու այլ եւ ընդհակառակը պէտք էր անառիկ պատնէշ կանգնեցնել պաշտպանելու համար նոր սերունդը այն բոլոր կշռելի եւ անկշիռ ազդեցութիւններու դէմ որ հին մտայնութիւնը կարող էր ներարկել եւ թեկում յառաջ բերել մատղաշ մտքերու մէջ։

Այդ աչալուրջ ուշադրութիւնը անհրաժեշտ է թէ դպրոցական եւ թէ արտադպրոցային դաստիարակութեան մէջ որովհետեւ այդ ներհակ ազդեցութիւնները յաճախ շատ անվնաս երեւոյթով մը կը ներկայանան. երբեմն անոնք կը յայտնուին չի ձեւակերպուած տրամադրութեան մը ձեւին տակ, անշահախնդրութեան դիմակով արուեստի եւ գրականութեան ցուցակի տակ, եւ որ սակայն կարող են յառաջ բերել յոռետեսութիւն վհատութիւն, թուլութիւն։

Հայաստանի Խորհրդային կառավարութիւը նախատեսելով բոլոր պատահականութիւնները մանկութիւնը կը շրջապատէ ամէնկարգի ապահովութիւններով. ուսուցչական պատրաստութիւն եւ վերամշակում, դասագիրքերու վերակազմութիւն [5], համապատասխան ղեկավարներ, եւ մանաւանդ գործօն աշխատակցութիւնը այն գատրերուն որոնք Խորհրդային աշխանութեան զինուորներ են եւ նոր սերունդը կառաջնորդուին գաղափարային անշեղ ճամբով։

 

Դժբախտաբար չի կրցայ անձամբ ուսումնասիրել մեր երկրի առաջին եւ երկրորդ կարգի դպրոցները (նախնական եւ միջնակարգ) ինչպէս կը փափաքէի։ Բայց դպրոցական գործի վրայ ունեցայ տեսակցութիւններ հանգամանք ունեցող անձերու, բազմաթիւ ուսուցիչներու եւ աշակերտներու հետ եւ հաւաքեցի տեղեկութիւններ։

Լուս. կոմիսարիատը կը ձգտի տարածել դպրոցական ցանցը մինչեւ որ անիկա ընդգրկէ հետզհետէ աճող պահանջները։ Դպրոցը կը կոչուի աշխատանքային եւ կը կիրարկուի կոմբլեքսային մէթոտը։ Աշակերտը իր մատղաշ տարիքներէն կը մարզուի տեսական գիտութիւնը անմիջապէս կիրարկել գործնական մէջ։ Աշխատանքային դպրոցին նպատակն է աշակերտը դարձնել գործունեայ, նախաձեռնող եւ աշխատունակ ու բնութեան, աշխատանքի եւ հասարակական գիտելքներու դէմքով պատանիին միտքը պատրաստել, հետաքրքրութիւնը սրել եւ ւողղել այն ուսմունքներուն եւ մասնագիտութեանց որ պիտի ստանայ յետագային։

Հայաստանի մէջ մեծ ջանք կը տարուի նաեւ փոքրամասնութեանց դպրոցական գործին։ Հայաստանի մէջ ապրող Թիւրքերը, Քիւրտերը հաւասար հոգածութեան առարկայ են եւ աւելորդ է ըսել որ իրենց դպրոցներուն մէջ դասերը կաւանդուին մայրենի լեզուներով։ Մեծ հոգ կը տարուի նաեւ պատրաստելու փոքրամասնութեանց դպրոցներու համար ուսուցիչներ եւ ուսուցչուհիներ։

Երկրորդ աստիճանի դպրոցները իրենց կից ունին գիւղատնտեսական, արհեստագիտական, կոոպերատիվներու եւ այլ հիմնարկներու ծառայողներ եւ կազմակերպիչներ պատրաստող բաժիններ։ Լուսաւորութեան գործին հերթական խնդիրներէն մէկը կը համարուի բազմապատկել այդ բաժինները եւ հետզհետէ աւելի կատարելագործել։

Երկրորդ աստիճանի դպրոցի աւարտողները կարող նե մտնել Պետական Համալսարանը որ մեր երկրի մշակութային գործի բարձրագոյն հիմնարկութիւնն է։

 

Բացի այս կրթարանները Հայաստանի մէջ կայ Բանուորական Ֆակիւլտէ որ կը հանդիսանայ մեր երկրի մշակութային յեղափոխական կոթողներէն մէկը։

Բանուարական Ֆակիւլտէի առաջին նշանակութիւնը այն է որ անիկա կը պատրաստէ բանուորական շարքերու մէջ եղող ընդունակ տարրերը բարձրագոյն կրթութեան։ Այն աշխատաւորները որոնք Հին կարգերու օրով զրկուած էին ուսմունք ստանալէ, այսօր կրնան իրենց չի գոհացած փափաքը իրագործել. այդ բանին համար ոչ միայն արգելքներու չեն հանդիպիր այլ եւ կը վայելեն ամէն կարգի դիւրութիւն եւ խրախոյս։

Երեւոյթը անսովոր կերպով ոգեւորիչ է։ Աշխատութեան ժամերէ յետոյ, դեռ քրտինքը չի սրբած, երիտասարդ թէ տարէց աշխատաւորներ կը նստին ուսանողական սեղաններու եւ կը սորվին Ֆիզիք, Քիմիա, Բնագիտութիւն, Մաթեմաթիք եւլն. ։ Այդ նոյն աշխատաւորները որ հետեւեալ առաւօտը պիտի երթան իրենց արհեստանոցները եւ աշխատավայրերը ֆիզիքական աշխատանք կատարելու, երեկոյին իրենց կոշտացած մատներով կը վարժուին գծագրութեան եւ այլ այդ կարգի մարզանքներու։ Ինձ յայտնեցին որ Բանուորական Ֆակիւլտէի ուսանողները ուսմունքի կը հետեւին անօրինակ խանդով եւ այդ ամէն իրիկուն վեց դաս, կարճատեւ դադարներով։

Բանուորական Ֆակիւլտէն աւարտած ուսանողներ արդէն յաջողութեամբ մտեր են Պետական Համալսարանը եւ կը հետեւին բարձրագոյն եւ մասնագիտական ուսմունքի։ Մէկ քանիներ ղրկուած են նաեւ Մոսկուայի գիւղատնտեսական վարժարանը, կատարելագործուելու համար։

 

Զարմանալին այն է որ Հայաստանի Խորհրդային կառավարութիւնը առաջին դժուարին տարիներէն իսկ հիմքերը դրեր է Լուսաւորութեան բազմակողմանի գործին եւ ստեղծեր է համապատասխան հիմնարկներ։ Չի կայ գործունէութեան դաշտ մը որ անմշակ մնացած ըլլայ։ Պետական թատրոնը գեղարւեստական իրականացումներու բեղմնաւոր շրջանի մէջ է։ Երաժշտանոցը իր կարգին հիմնարկ մըն է որ յարգանք կը ներշնչէ։ Նկարչական արուեստը զուգընթաց կը յառաջանայ։ Մենք ունինք արդէն ոչ միայն յայտնի երաժիշտներ, նկարիչներ եւ արձանագործներ որոնց հռչակը դուրս կուգայ մեր երկրէն այլ եւ արուեստի այդ ճիւղերուն մէջ կը մարզուին նոր տաղանդներ, երիտասարդ ուժեր որոնք իրենց ուսուցիչներու եւ ձեռնհաս անձերու գնահատութեամբ, քանի մը տարիէն մեր գեղուրեստական կեանքը կը ճոխացնեն ինքնուրոյն արժէքներով։ Սինէմաթոկրաֆիական գործը յուսատու արդիւնքներ կուտայ։ Անշուշտ այդ գործը դեռ ունի թերիներ բայց իր բերած նպաստը արդէն իսկ կարեւոր է եւ ոչ մէկ պատճառ չունինք թերահաւատ ըլլալու իր յետագայ զարգացման մասին։

Իրականութիւնը այն է որ մեր Խորհրդային Հայրենիքի մայրաքաղաքը, Երեւանը, կը հանդիսանայ միակ կեդրոնը մեր մշակութային կեանքին եւ իր դերը անտարակոյս աւելի մեծ է, աւելի լայն, քան թէ կարող ենք տեսնել։

 

Մենք կը տեսնենք որ այս բոլորով նոր արժէքներու կուտակման գործն է որ կը կատարուի։ Զանգւածները աստիճանաբար իրենց վերելքը կը կատարեն։ Լուսաւորութիւնը կը մտնէ ամէն անկիւնները եւ հետզհետէ մեզ կը յայտնուի նոր ժողովուրդ մը, զինուած նոր ուժերով։

Արժէքներու կուտակման այս նախապատրաստական շրջնաը անհասկնալի կը մնայ շատերուն որովհետեւ աւելի համեստ եւ անշուշ աշխատութիւն կը կատարուի քան թէ փայլուն արդիւնքներ կը ցուցադրուի։ Բայց ով որ աչքեր ունի կը տեսնէ եւ կը բաւէ խղճամիտ ուշադրութեամբ հետեւիլ իրաւանութեան համոզում գոյացնելու համար որ մեր երկրի մշակութային կեանքը երբէք այնքան հաստատ հիմերու վրայ չէր կառուած իր շէնքը որքան Խորհրդային Հայաստանի մէջ։

Այս երկարատեւ եւ յամառ աշխատանքը որ համեմատաբար կարճ ժամանակի մէջ իր պտուղները տուած է արդէն չէր կարող կատարուիլ յանկարծակի։ Մաս առ մաս զանգուածները կը հասուննան եւ այն օրը որ ժողովուրդի ստուար մեծամասնութիւնը պատրաստ ըլլայ ամէն տեսակէտով, կը տեսնենք որ ի՞նչ ինքնայատուկ գոյն եւ բուրում պիտի ունենայ Հայաստանեան մշակոյթի գերագոյն արտայայտութիւնները, գիտութիւնը, արուեստը եւ գրականութիւնը։

Մնաց որ գիտութիւնը եւ գեղարուեստը անջատ հող չունին Խորհրդային իրականութեան մէջ։ Գիտութիւնը անմիջական կերպով կը կիրարկուի կեանքի մէջ իսկ գրականութիւնը եւ գեղարուեստը չեն բանտարկուած իրենց փղոսկրէ աշտարակներու մէջ։ Անոնք փողոց իջած են եւ խառնուած զանգուածներու հետ։ Ոմանք կը կարծեն թէ այս ծաւալումը կը կատարուի ի վնաս խորացման։ Սա տեսողութեան խաբկանք մըն է։ Թո՛ղ հասնի այն օրը երբ մշակուած զանգւածներու կոյս ընդերքէն դուրս պիտի գան նոր եւ աննախընթաց տաղանդներ եւ այն ատեն ամէն մէկը կը կատարէ բաղդատական գնահատութիւնը հին եւ նոր մշակոյթին եւ կը տեսնե՛նք։

 

Արտասահմանի մէջ յաճախ կը լսենք այն կարծիքը որ Խորհրդային մշակոյթը իբր միջազգայնական բնոյթ մեր նոր սերունդը կ՚առաջնորդէ դէպի ապազգայնացում։ Նմանօրինակ կարծիքներ կը գտնենք նաեւ հակախորհրդային եւրոպական մամուլին մէջ ուր երբեմն մտահոգութիւններ կը յայտնուին ազգային ինքնուրոյն մշակոյթի սպառնացող վտանգներու մասին։

Որ խորհրդային ժողովուրդները իրարմէ չեն բաժնուած չինական պարիսպներով, որ յարատեւ մշակութային փոխյարաբերութիւններ կան այդ ժողովուրդներու մէջ, որ ազգայնական ատելավառ զգացումները կը խեղդուին իրենց սաղմերուն մէջ, որ մէկ ժողովուրդ չի կարող զօրանալ եւ բարգաւաճիլ ի վնաս ուրիշ ժողովուրդի մը, որ չի կան գերադաս եւ ստորադաս ազգեր, բացարձակ ճշմարտութիւն է։ Բայց շատ կոպիտ սխալի մէջ պիտի իյնայինք եթէ այդ բոլորը համարէինք ժխտումն ազգային մշակոյթի։

Դեռ Մոսկուա եղած միջոցիս ինձ համար ապացուցուած էր որ երբէք եւ ոչ մէկ երկրի մէջ այնքան ծրագրուած աշխատանք, մտածուած գիծ չէ տարուած զարկ տալու համար ազգութիւններու ինքնուրոյն մշակոյթին որքան Խորհրդային Միութեան մէջ։ Այստեղ ներուժ ջանք կը թափուի նոյն իսկ ստեղծելու կամ վերազարթնեցնելու ազգային մշակոյթը այն ժողովուրդներու մէջ որ այդ գիտակցութիւնը երբեք չեն ունեցեր եւ կամ կորսնցուցեր են։ Շատ անտեղեակ եղող կամ ձեւացնող մարդիկ են որ չեն տեսեր թէ Խորհրդային Միութիւնը իր մշակութային վերելքը կը տեսնէ մաս կազմող բազմաթիւ ազգութիւններուն ինքնուրոյն մշակոյթի զարգացմամբ։ Բոլոր յետամնաց, մոռացուած, աշխարհիս անծանօթ ցեղերը եւ ժողովուրդները պէտք է լոյս աշխարհ գան եւ իրենց թարմ ուժերով աջակցութիւն բերեն համամիութենական մշակութային վերելքին։

Ինչպէս շինարարութիւնը այնպէս եւ Խորհրդային Միութեան միջազգային մշակոյթը կը կառուցուի ազգային մշակոյթի հիման վրայ։ Այդ իրողութեան ամենէն շօշափելի ապացոյցը գտայ Հայաստանի մէջ ուր մշակութային կեանքը ազգային հողի վրայ զարգանալով կը ձգտէր հասնիլ այն վիճակին երբ պիտի կարենար իր նպաստը բերել համամիութենական մշակութային վերելքին։ Ի՞նչ կարելի է երեւակայել աւելի կազդուրիչ, աւելի ոգեւորիչ քան այդ անվերջ ձգտումը դէպ ի վեր, միշտ ալ աւելի վեր։ Ժողովուրդները իրարու կը հանդիպին մի միայն որոշ լուսաւոր բարձրութիւններու վրայ եւ ոչ թէ։ այն ատեն երբ գետնաքարշակը սողան խաւարի մէջ։

Ասկէ զաի երբ մեր երկիրը կը յաջողի անարգել իրագործել իր մշակութային վերելքը այն ժամանակ մեր ժողովուրդը իր աշխարհագրական սահմաններու մէջ իրագործած կըլլայ համամիութենական բարձրագոյն նպատակները։ Եւ եթէ ամէն ժողովուրդ իր տեղերուն վրայ յաջողէր կատարել իր մշակութային վերելքը ինքն ըստ ինքեան կատարուած կըլլար մշակութային յեղափոխութիւնը եւ Խորհրդային Միութիւնը յաղթանակով կը վերջացնէր իր պայքարը երրորդ ճակատին վրայ։

Բնականաբար այդքան մեծ նպատակի իրագործումը յաջողցնելու համար Խորհրդային Միութիւնը պիտի դիմէր ամենէն ազդու եւ գործնական միջոցներու եւ այդ միջոցներէն ամենէն բարեյարմարը այն է որ իւրաքանչիւր ժողովուրդ եւ ազգային փոքրամասնութիւն իր մշակոյթը կատարէ մայրենի լեզուով եւ արժէքաւորելով իր ինքնուրոյն ընդունակութիւնները։

Ահա թէ ինչո՞ւ, մեր մայրենի լեզուն որ ժողովուրդի մը ինքնութեան առաջին արտայայտիչն է չէր ունեցած երբեք այն լայն զարգացումը որքան այսօր, Խորհրդային Հայաստանի մէջ։ Պետական բոլոր հիմնարկներու մէջ կը խօսին եւ կը գրեն Հայերէն։ Դպրոցներու եւ Համալսարանի դասաւանդութիւնները կըլլան հայերէն լեզուով։ Բոլոր պաշտօնական գործառնութիւններու, հասարակական հիմնարկներու, գիւղի եւ արհեստանոցներու մէջ մայրենի լեզուն կը զարգանայ եւ կը ճոխանայ բարդ եւ բազմակողմանի կեանքի մը արտայայտիչը դառնալով։ Ո եւ է տեղ ո եւ է առթիւ չենք գտնէր մէկը որ երկու երեք տարիէ ի վեր ենթարկուած ըլլալով այս ծաւալուն վերամշակման, անկարող ըլլայ մայրենի գրական լեզուով միտքը արտայայտելու եւ գրելու։

Համապատասխան աշխատանքը կը տարուի նաեւ Հայաստանի փոքրամասնութեանց մէջ։ Եւ երբ Լուսաւորութեան Կոմիսարիատը մասնաւոր հոգածութեամբ կը հետեւի մեր երկրի Թիւրքերու եւ Քիւրտերու մշակութային վերելքին իրենց մայրենի լեզուով եւ ազգային հողի վրայ, եւ երբ իբր յաղթանակ կը ծանուցուի որ թրքական մանկավարժական տեքնիքումը կը պատրաստէ փոքրամասնութեան համար ուսուցիչներ, մենք կը հասկնանք որ սա իրաւամբ նուաճում է Հայաստանի մշակութային ճակատի վրայ։ Որովհետեւ մեր երկիրը այնչափով տկար եւ յետամնաց կըլլայ, որչափով դեռ խաւար անկիւններ կը մնան իր սահմաններուն մէջ. մեր երկիրը այնչափով կը համարձակի Հայաստանը յայտարարել կուլտուրական երկիր ինչ չափով որ լուսաւորութիւնը մուտք գործած է իր ամենէն ետ մնացած վայրերուն մէջ։ Նոյնը կարող ենք ըսել, անհամեմատ լայն աստիճաններու վրայ Խորհրդային Միութեան համար։ Ահա թէ ինչո՞ւ երբ մեր ժիր եւ արթուն աշխատաւորութիւնը մշակութային նուաճումներ կը կատարէ իր երկրին մէջ գիտակցութիւնը ունի որ արիութեամբ կը պայքարի եւ կը պահպանէ դիրք մը համամիութեանական երրորդ ճակատամարտին վրայ եւ այդպէսով կը սատարէ Խորհրդային Միութեան յառաջադէմ ազգերու միացած ուժերով տարած պայքարին, միջազգային մշակոյթի վերջնական յաղթանակին։

 

Խորհրդային Հայաստանի Լուսաւորութեան Կոմիսարիատը կը ներկայացնէ ինձ ինչպէս կեդրոնավայրը երրորդ ճակատի հրամանատարական կազմի։ Ամէն անգամ որ անցեր եմ Կոմիարիատի սեմէն գտեր եմ փութկոտ ու սիրալիր ուշադրութիւն ժրաջան եւ եռանդուն աշխատակիցներու կողմէ որոնք ամէն կարգի դիւրութիւններ ընծայեր են ինձ իմ ուսումնասիրութիւններս կատարելու ընթացքին եւ անշուշտ շատ մեծ բան կը պարտիմ այն լուսաբանութիւններուն որոնք համբերութեամբ կուտային ինձ ամէն այն խնդիրներուն վրայ վրայ որ կը փափաքէի։ Քանի մը անգամ պատիւկ ունեցայնաեւ տեսակցելու Լուսաւորութեան կոմիսարին հեի, որ հակառակ իր բազմազբաղ կեանքին միշտ փութկոտութիւնով ընդ առաջ եկաւ իմ հետաքրքրութիւններուս եւ հանգամանօրէն լուսաբանեց այն խնդիրները որոնք կը վերաբերին մեր երկրի մշակութային վերելքին։ Այդ թանկագին աջակցութիւններու համար իմ հրապարակային շնորհակալութիւնս յայտնելով պարտաւոր կը համարիմ ըսել թէ ամէն մէկ մտքի աշխատաւոր հաւասարապէս կը վայելէ նոյն ուշադրութիւնը եւ հոգածութիւնը Լուսաւորութեան Կոմիսարիատի կողմէ։

Լուսաւորութեան կոմիսարիատի հետ իմ մէկ տեսակցութեանս խօսակցութիւնը կեդրոնացաւ այն բարձրորակ մտաւորականներու վրայ որոնք գիտական շինարարական գեղարուեստական մարզերու մէջ մեծապէս գնահատելի նպաստ կը բերեն։

Այս կարգի անձերը որոնք կը վայելեն յարգանքը ղեկավար շրջանին եւ աշխատաւորութեան, մեծ մասամբիրենց ուսմունքը ստացած են Մոսկուայի կամ արտասահմանի մէջ եւ իրենց ասպարէզներու մէջ եղեր են արդէն համբաւի եւ դիրքի տէր, բայց Հայաստանի խորհրդայնացումէն յետոյ եկեր են, ոմանք ինքնաբերաբար, ոմանք հարւէրով, միշտ սիրայօժար, բաժնելու առջին տարիներու դժուարին կեանքը եւ իրենց տաղանդը եւ ուսմունքը ի սպաս դնելով Խորհրդային Հայրենիքի վերաշինութեան։ Շնորհիւ այդ որակի աշխատակիցներու Խորհրդային իշխանութիւնը առաջին օրերէն հիմքը դրեր է մշակութային բարձրագոյն հիմնարկներու։ Ոմանք իբր դասախօս կաշխատին Համալսարանի մէջ, ուրիշներ թանկագին ուժեր կը հանդիսանան մեր երկրի շինարարական եւ մշակութային գործերու մէջ որպէս ճարտարապետ, քիմիագէտ, նկարիչ, երաժիշտ եւլն. ։

Լուսաւորութեան Կոմիսարիատը հոգածու է նաեւառ հասարակ բարձրորակ եւ վաստակաւոր մտաւորականներու նիւթական ապահովութեան Իմ ստացած տեղեկութիւններու համեմատ 61 հոգի թոշակ կստանան Հայաստանի մէջ ամսական 125-150 րուպլի։ Այս թոշակները կը յատկացուին մասնաւորապէս այն մտքի աշխատաւորներներուն որոնք իրենց տաղանդը ապացուցած են արժէքաւոր ստեղծագործութիւններով եւ որոնք պէտք է նիւթապէս ապահովուած ըլլան որպէսզի ազատ ո եւ է հոգէ նուիրուին որոնումներու կամ երկարաշունչ աշխատութիւններու։ Վաստակաւոր ուսուցիչներ եւս կստանան կենսաթոշակ իսկ որոշ թիւով ընդունակ ուսանողներ որոնք միջոցներ չունին իրենց բոլոր ժամանակը յատկացնել ուսմունքի, կստանան ուսանողական պուրսեր ամսական 25-30 րուպլի։ Լուսաւորութեան Կոմիսարիատը մտադրութիւն ունէր յառաջիկային աւելցնելու թոշակաւոր ուսուցիչներու եւ ուսանողներու թիւը։

 

Այժմ որ մեր աչքին առաջ պատկերացած կը տեսնենք երկրորդ եւ երրորդ ճակատներու համայնապատկերը կըմբռնենք յստակօրէն որ մենք կը գտնւինք աննախընթաց կարեւորութեամբ կացութեան մը առաջ եւ այդ կացութիւնը մեզ կը հարկադրէ ծանրակշիռ լրջութեան։ Մենք այլ եւս տէր ենք մեծ եւ պայծառ ճշմարտութեան մը եւ ով որ բան ունի ըսելիք պէտք է կարենայ այդ ճշմարտութեան հակադրել համազօր առարկութիւններ։

Տասնեակ մը տարիներ առաջ, ոչ միայն մեր երկիրթ այլ եւ ամբողջ Անդրկովկասը դարձեր է կրկէս ազգամիջեան արիւնայեղ կռիւներուեւ ոտքի կոխան դուրսէն խուժող ամէն տեսակի աւազակային արշաւանքներու։ Այսօր խաղաղութիւնը եւ անդորրութիւնը հաստատուած է այդ երկիրներու մէջ շնորհիւ Անդրկովկասի աշխատաւոր ժողովուրդներու յաղթական պայքարին։ Բայց որպէսզիկարելի ըլլայ պահպանել յաղթանակը եւ բեղմնաւոր դարձնել, պէտք էր առանց ժամանակ կորսնցնելու պայքարիլ աւերածութեան, յետամնացութեան եւ տգիտութեան դէմ ոչ թէ կամաց, կամացըստ հաճոյս եւ ըստ դիպուածի այլ յատակագծուած ծրագրով, հարուածային արագութեամբ, սեղմ շարքերով, կուռ կարգապահութեամբ։ Զանգուածները շրջանակուած գիտակից ղեկավարներով, ինքնավստահ հաւատքով լեցուն դէպի գործը պէտք է տանէին պայքարը երկրորդ եւ երրորդ ճակատներուն վրայ որպէսզի յաջողէին քանի մը տարուան մէջ ձեռք բերել այն նուաճումները որոնց արդիւնքը բաց աչքով կը տեսնենք եւ կը հաստատենք մեր երբեմնի խոպան եւ յետամնաց երկրին մէջ։ Ի հարկէ եւ այդ միջոցին Խորհրդային կառավարութիւնը պէտք էր աչալուրջ հսկէր եւ թոյլ չի տալ որ հինի մնացորդները գլուխ բարձրացնէին եւ հակառակորդ տարրերը ո եւ է ներգործութիւն ունենային եւ թուլացնէին պայքարող զանգուածներու արիութիւնը եւ հաստատակամութիւնը։

Եւ այդ ներգործութիւնը չէր կատարուէր միայն զէն ի ձեռին, ճակատ առ ճակատ։ Հազար միջոցներով այլասեռումը կրնար սպրդիլ Խորհրդային շարքերուն մէջ, նորահաս երիտասարդութեան մէջ։ Պայքա՛ր ուրեմն լալկանութեան, յոռետեսութեան, վհատութեան դէմ, պայքա՛ր թուլութիւն եւ ընկրկում յառաջ բերող բոլոր երեւոյթներու դէմ որոնք զանազան ծպտումներով կը ներկայանան գրականութեան եւ գեղարուեստի մէջ, քաղաքականութեան մէջ, վարք ու բարքի մէջ։ Պայքա՛ր մէկ կողմէն գաղափարախօսական հողի վրայ, պայքա՛ր միւս կողմէ անկարգութեան, ծուլութեան, ախտավարակ զուարճութիւններու հակամիտութեան դէմ։ Անհրաժեշտ էր որ երկրորդ եւ երրորդ ճակատներու վրայ կռուող բանակներուն թիկունքը ըլլար ապահով եւ ամէն մէկ զինուորը՝ առողջ հոգիով եւ մարմնով, տոկուն եւ հաւատքով լի, գիտակից եւ պայծառատես ու զինուած ուսմունքով եւ ոգեւորութեամբ։ Ո եւ է թուլացում, ո եւ է տարտամութիւն բաղդորոշ նշանակութիւն կրնար ունենալ այս փոխանցման շրջանին մէջ եւ Խորհրդային կառավարութիւնը հարկադրուած էր իր ծանր եւ պատասխանատու դերը կատարել աչալրջութեամբ մինչեւ հասնի նոր սերունդը որ Խորհրդային դպրոցէ անցած, իր անխորտակելի գաղափարաբանութեամբ, իր ոգիով եւ ստացած տեքնիքական եւ մտաւորական մշակոյթով տէր կանգնի սկսուած գործին եւ լրացնէ անիկա։

Եւ այդ կը կատարուի մատեմատիքական ճշդութեամբ։ Այսօր իսկ, մինչ երկրէն դուրս գաղութահայ որոշ շերտեր անվերջ կորոճան իրենց յուսահատութիւնը, այնտեղ, մեր երկրի մէջ, բազուկները կը կառուցանեն եւ միտքերը կը պատրաստուին։

Իսկ դո՛ւք, գաղութահայ աշխատաւորներ, պահ մը ականջ տուէք եւ լսեցէ՛ք... ժիր ու առոյգ քայլեր կը տրոփեն ամէն փողորներու մէջ, բոլոր ճամբաներու վրայ։ Մեր երկրի երիտասարդութիւնն է որ ճամբայ է ելեր... Դէպի ո՞ւր կերթան այսպէս, ի՞նչ նպատակի է որ կը ձգտին։ Կառուցում նիւթական, բարոյական եւ մտաւորական աշխարհներու, կառուցում նոր հասարակարգի։

Եւ երբ գայ օրը վերջնական յաղթանակի, մեր երկրի զինուորեալ աշխատաւորութիւնը չի մոռնար որ իր պայքարի ծանր օրերուն, դո՛ւք գաղութահայ աշխատաւորնե՛ր, ձեր ուսերուն ծանրածաց տաժանելի բեռերը յաճախ վար դրիք ու ժպիտը ձեր երեսին, հաւատքով, սիրով ու յուզումով, քայլ առ քայլ հետեւեցաք իր արշաւներուն ու նուաճումներուն։



[1] 1921-22 տարւոյն մէջ Խորհրդային Միութիւնը Հայաստանի տրամադրած է իբր եղբայրական աջակցութիւն մէկ ու կէս միլիոն ոսկի րուպլի և հինգ ու կէս միլիոնի արժողութեամբ ապրանք։

1922-23 տարւոյն մէջ Հայաստան կստանայ հինգ միլիոն ոսկի րուպլի։ Ծ. Հ.

[2] Հայաստանի փոքրամասնութիւնները, Թիւրքերը, Քիւրտերը և Եզիտիները ունեցեր են նոյն վիճակը և իրենց դրութիւնը եղեր է յար և նման հայ գիւղացիին։ Միայն ռուս փոքրամասնութիւնը, Մալալականները ունեցեր են աւելի բարգաւաճ տնտեսութիւն և անհամեմատ յառաջացած կենցաղ։ Ծ. Հ.

[3] Այդ իրողութեան ապացոյց է այն առաջարկութիւնները որոնք ի հարկէ բարեացակամութենէ կը բղխին և որոնք սակայն անհամապատասխան են կացութեան։ Ոմանք կառաջարկեն փոքր դրամագլուխներով երթալ Հայաստան և ներքին առուտուր ընել. ոմանքալ արհեստի զանազան ճիւղերու զարկ տալու բարի կամեցողութեամբ կուզեն ձեռնարկել նախնական միջոցներով այնպիսի գործերու, ինչպէս օրինակ կաշեգործութիւնը, որը արդէն կը կատարուի մեր երկրին մէջ մեքենայացմամբ։ Ծ. Հ.

[4] Մէկ փութը 16 քիլօ է։

[5] Վերջին տարուան ընթացքին Հայաստանի մէջ հրատարակուեր է 39 դասագիրք, ընդամէնը 700. 000 հատորով։ Ծ. Հ.