Պրոմեթէոս ազատագրուած

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԵԿՆՈՒՄԻ ՆԱԽՕՐԵԱԿԻՆ

Էջմիածին. Նոր Եւդոկիա. Տրոպիկական կայան. «Ուղղամտութիւն եւ խղճամտութիւն». Մեկնում։

Օրերս լրացեր են, պէտք է մեկնիմ, բայց դեռ կը դանդաղիմ եւ ակամայ պատրուակներ կը գտնեմ դեռ շաբաթ մը, դեռ երկու շաբաթ մնալու Երեւան։ Այնքա՜ն կեանքը հաճելի է այստեղ, ներուժ աշխատանքի մէջ, եւ մասնաւորաբար այն պատճառով որ անդադար մտաւոր բարձրագոյն յուզումի մէջ, թարմ ախորժակով կը տեսնեմ եւ կը լսեմ ամէն օր եւ ամէն ժամ արտակարգ կացութեան մը յատկանիշները հանդիսացող մասնաւոր երեւոյթները եւ արտայայտութիւնները։ Միեւնոյն ատեն ինձ կը թուի որ դեռ շատ բան կայ տեսնելիք եւ ուսումնասիրելիք եւ իրաւամբ մտահոգ եմ այն անբաւականութեան համար որ կզգամ հանդէպ հսկայական իրականութեան մը։ Կայ եւ իմ մէջ որոշ տհաճութիւն վերսկսելու գաղութահայ կեանքը երբ կարելի է հոգեկան անդորրութեամբ եւ պայծառ տրամադրութեամբ շարունակել աշխատիլ այստեղ, ոգեւորութիւնով եւ աշխոյժով լի ամէն կարգի աշխատաւորներու կողքին։

Բայց պէտք է մեկնիմ եւ օրս կորոշեմ։

Տասնեակ մը օրերը որ դեռ պիտի անցընեմ Հայաստանի մէջ կուզեմ տրամադրել պտոյտներ ընելու շրջանները, այցելելու Նախիջեւանի ինքնավարութիւնը բայց ճամբաները դեռ ծածկուած են ձիւնով եւ իմ առողջական միճակիս մէջ, ըստ խիստ պատուէրներուն բժիշկիս, համակրելի Տօքթէօռ Սաղեանին, չէ կարելի կառքով եւ ձիով ճամբորդել այս եղանակին։ Ուրեմն կը սահմանափակեմ յաւակնութիւններս եւ կը բաւականանամ այցելել Էջմիածին։

Լուսժողկոմատի ինքնաշարժը տրամադրուած է եւԸնկեր Ստեփան Մանուկեանի ընկերակցութեամբ ճամբայ կելլեմ։ Արագ կանցնինք Երեւանի թաղերէն եւ դուրս կուգանք մեծ ճամբուն վրայ։ Պահ մը ուշադրութիւնս կը գրաւէ Սարտարի ամրոց պալատին աւերակները որոնք փեոեկտուն մասերը կը ցցեն զառիվերի մը շրթունքին։ Կեզերենք ձոր կը եւ կանցնինք կամուրջի մը վրայէն։ Մեր շուրջ բոլորը անապատային տարածութիւններ որոնք զարդարուած են սակայն Արագածի նազելի տեսարանովը։

Ճամբուն վրայ կը հանդիպինք եզասայլերու որոնք դանդաղ կը յառաջանան. ուրիշներ կը շարուին մէկ կողմ բեռնաւորուած զանազան ապրանքներով եւ առաջնորդ ունենալով փոփախաւոր գիւղացիներ որոնց դէմքը կամպոտի մեր կառքին բարձրացուցած փոշիին մէջ։

Մեր ճամբորդութեան նպատակն է Էջմիածնի Մատենադարանը բայց նախքան այնտեղ հասնիլը կանգ կառնենք այցելելու համար Պետհրատի տպարանը։

Էջմիածնի Պետհրատի տպարանը ունի 4 մամուլ որոնք ժամը 1000 թերթ կը տպեն։ Տպարանի վարիչը Մայիլեան, նախկին բանուոր, մեզ կընկերանայ եւ կուտայ տեղեկութիւններ։ Տպարանը ունի 58 բանուոր որոնք մեծ մասամբ չափահաս որբեր են։ Այնտեղ կը մտնեն 16 տարեկանին սորվելու համար եւ հետզհետէ կը դառնան որակեալ բանուոր։ Տպարանը ունի մշակութային բաժին, բանուորական թատրոնով, ընթերցարանով եւ պատի օրացոյցով։ Մեր անցած դարձած միջոցին երիտասարդ բանւորներ մեզ կը ժպտին եւ կը բարեւեն. մէկը կը ներկայանայ ինձ եւ կը յայտնէ որ վաղուց ինձ կը ճանչնայ անունով։ Եղեր է վանեցի գաղթականներու շարքին եւ իր տարուբեր եւ վտանգներով լի կեանքին մէջ չէ մոռցեր ինչ որ ամբարեր է իր նախնական կրթութեան ընթացքին։

Այժմ ամենքն ալ արմատ կապեր են հայրենի երկրին մէջ եւ ինչպէս տպարանի վարիչը կը յայտնէր, զարմանալիօրէն աշխատունակ, ցոյց կուտան նախաձեռնող ոգի եւ խորապէս կապուած են այն կարգերուն որ վերջապէս տուեր է իրենց խաղաղութիւն, ապահով կեանք եւ քաղաքացիական իրաւունքներ։ Նրանք են վարում տեղկոմի գործեր եւ ոգեւորութեամբ ընդառաջ են գնում մշակութային աշխատանքներին։

 

Ինքնաշարժը կանգ կառնէ Էջմիածնի մատենադարանի առաջ։ Կը մտնենք նախասենեակը եւ յետոյ ընթերցանութեան սրահը ուր մէկ քանի ընթերցողներ խորասուզուած են իրենց զբաղումներուն մէջ։ Կողքի սենեակը կը ներկայանանք Մատենադարանի վարիչ Սենեքերիմ Տէր Յակոբեանի որ մեզ կընկերանայ այլ եւս։

Էջմիածնի մատենադարանը իր առանձնայատուկ կարեւորութիւնը ունի մանաւանդ իր բովանդակած թանկագին ձեռագիրներով եւ հարստութեամբ։ Բաց ի այդ ամէն ջանք կը թափուի որ Էջմիածնի Մատենադարանը ըլլայ արեւելագիտութեան մեծ կեդրոն մը եւ հայագիտութեան աշխարհիս ամենէն կատարեալ մատենադարանը։ Այնտեղ հաւաքեր են արդէն Հայաստանի մասին գրուած բոլոր գիրքերը, ամէն լեզուներով 1512 թուականէն սկսեալ։ Մատենադարանը կը կազմէ նաեւ ուրիշ բաժիններ արեւելեան երկիրներու վերաբերեալ։ Մատենադարանը կստանայ կամ որոնումներով կը գտնէ հայերէն տառով երբ եւ իցէ տպւած գիրքեր։ Ըստ ինձ տրուած տեղեկութիւններուն Էջմիածնի մատենադարանը ունեցեր է 1863ին 516 գիրք։ Հայաստանի խորհրդայնացման միջոցին ունեցեր է 27000 գիրք իսկ այժմ մօտ 60000 գիրք։

Արտակարգ ճոխութեան տպաւորութիւն կընէ Ձեռագրատունը ուր այժմ կան 7000 կտոր ձեռագիր։ 1914ին Մատենադարանը ունեցեր է 4500 կտոր ձեռագիր։ Այժմ ամէն ջանք կըլլայ մոլորուած կամ կորսուած ձեռագիրները ձեռք բերելու եւ այստեղ ամփոփելու։

Ձեռագրատունը կը ներկայացնէ հայերէն ձեռագիրներու աշխարհիս ամենէն ճոխ հաւաքածոն։ Մէջտեղը բարձրադիր ապակի դարանի մը մէջ դրուած են մագաղաթի վրայ գրուած բաց աւետարաններ զարդարուած հիանալի մանրանկարչութեամբ։ Ամենահին ձեռագիրը որ 887 թուականը կը կրէ շքեղ գլուխ գործոց մըն է. կան ձեռագիրներ 909, 926 եւ 1018 թուականները կրող։ Մեծ խնամք կը տարուի ձեռագիրները պահպանել յատուկ ճճիներու աւերներէն այնպիսի միջոցներով որոնք կը կիրարկուին եւրոպական թանգարաններու մէջ։ Լոյսի, խոնաւութեան եւ այլ ազդեցութիւններու դէմ եւս առնուած են միջոցներ ինչպէս ապահովութիւններ հրդեհի կամ ոեւէ աղէտի պարագային։

Մատենադարանի այցելութենէն յետոյ անցանք Միւզէն ուր մէկ քանի արժէքաւոր նկարներ կան։ Ուշադրութիւնս գրաւեց Այվազովսքիի ջրհեղեղը եւ Սուրէնեանի եւ Յովնաթանի կտաւները։

Վերադարձին կանգ առինք Զուարթնոցի աւերակներուն առաջ ուր պեղումներ կը կատարուին։ Այնտեղ ծանօթացայ վաստակաւոր հնագէտ եւ ճարտարապետ Թօրամանեանին որ մեզ ցոյց տուաւ գեղեցիկ քանդակներով խոյակներ եւ բեկորներ. այցելեցինք նաեւ Զուարթնոցի յարակից մասեր որոնք պեղումներու շնորհիւ լոյս աշխարհ են եկեր։

Համակրելի հնագէտը ստիպողաբար հրաւիրեց ինձ վերադառնալ Էջմիածին եւ իր մօտ հիւր մնալ քանի մը օր։ Խոստացայ օգտուիլ իր հրաւէրէն ուրիշ անգամ եւ ճամբայ ելանք դէպի Երեւան։

Վերջալոյսը վառեր էր երկինքը հուր կարմիրով եւ տարածութիւնները գունաւորուեր էին վարդագոյն ցոլքերով։ Լեռներու ձիւնապատ գագաթները կը շողային սպիտակութեամբ եւ իրենց կողերուն վրայ կերկարէին մանիշակագոյն ստուերներ։ Ինքնաշարժը կը սուրայ հարթ ճամբուն վրայ երբեմն դանդաղելով երբ ճռնչացող սայլեր կերեւան մեր կողին։ Սայլապան մը կերգէ առանձին բայց ահա ձայնը կը կտրի մեր արագ անցքին։ Յանկարծ երկնքին վրայ հուր վերջալոյսը կը մարի, լեռներու ճերմակ կատարները կարծես կանջատուին երկրէս բարձրացող ստուերներէն… Ուշադրութիւնս սեւեռած էի հորիզոնին վրայ երբ կառքը կանգնեցաւ։ Պառաւ կին մը կը քալէր մինակը բեռնաւորուած խուրձերով եւ առարկաներով։ Մեր շօֆէօրը ուղղուեցաւ դէպի կինը եւ հարցուց։

Ո՞ւր ես գնում այդպէս, մայրի՛կ.

Երեւան եմ գնում, որդի՛։

Դէ՜հ, բարձրացի՛ր կառքը.

Պառաւը վարանոտ կը նայէր մեզ, շօֆէօրը ետեւ դարձաւ եւ հարցուց քաղաքավարութեամբ։

Ընկերնե՛ր, տեղ կուտա՞ք…

Ի հարկէ , ի հարկէ…

Մեր հրաւէրները միացուցինք շօֆէօրին հրաւէրին. տեղաւորեցինք առարկաները եւ տեղ բացինք պառաւին։

Մինչեւ Երեւան պառաւին աչքերը սեւեռած մնացին իմ աչքերուս եւ ի՜նչքան բան կըսէին ինձ այդ աչքերը եւ ինչքա՜ն հարցումներ կուղղէին իրենց զարմացումով եւ խանդաղատանքով։

 

Հնագէտ Թօրամանեանի տուած խոստումս աւելի շուտ կատարեցի քան թէ կը կարծէի։ Հրաւիրուեցայ Էջմիածին կրկնելու դասախօսութիւն մը որ երկու շաբաթ առաջ ըրեր էի Երեւանի մէջ։ Այս անգամ ճամբորդեցի ինքնաշարժ հանրակառքով որուն կայանը մեր հիւրանոցի կողքին է եւ որ կանոնաւոր երթեւեկ կը կատարէ Երեւանի եւ Էջմիածնի մէջ։ Կայ նաեւ ինքնաշարժ հանրակառքով երթեւեկ Երեւան - Տիլիճան, Ախստաֆա, եւ այլն։

Ուշ ատեն հասայ Էջմիածին։ Եռուզեռ կեանք փողոցներու եւ թէյարաններու մէջ։ Կիսաբաց դռներէ կը տեսնեմ հոծ բազմութիւններ։

 

Մեր կառքը ցեխի լիճի մը մէջ անզօր կը տատանէր երկու կողերուն վրայ եւ ճամբորդները անհանգստութեան նշաններ ցոյց կուտային. վերջապէս կանգ առինք, իջանք կառքէն եւ ուղղուեցայ Թօրամանեանի տունը որ կը գտնուի Էջմիածնի տաճարի շրջափակին մէջ։ Սիրալիր ընդունելութիւն ամբողջ ընտանիքի կողմէ, խօսակցութիւն մինչեւ ուշ գիշերին զանազան նիւթերու վրայ։ Համակրելի գիտունը հարուստ է յիշողութիւններով։ Իր խռուացող մօրուքի եւ պեխերու մացառուտին տակ դէմքը կը շառագունի երբ ի միջի այլոց կը պատմէ թէ ինչպէս անօգուտ դիմումներ է ըրեր ոչ թէ ինքզինքը այլ իր ձեռագիրները եւ թանկագին գիրքերը փրկելու երբ թրքական բանակը կը յառաջանար երկրին մէջ։

Գնացքը մեկնեց տանելով փախստական կառավարութիւնը, իրանց մարդիկը եւ գոյքերը եւ ես մնացի քարափին վրայ իմ հակերով… այդ այնպիսի օրեր էին երբ գորգերը եւ կարպետները աւելի մեծ արժէք ունէին քան մեր հին կուլտուրայի բեկորները…

Այժմ վաստակաւոր գիտունը տեղաւորուած է հանգիստ բնակարանի մէջ եւ ամբողջովին նուիրուած իր նախասիրած աշխատութեան։

Հետեւեալ օրը կէս օրին տեղի կունենայ դասախօսութիւնս. սրահը լիքն է բանւորներով, ուսուցիչներով եւ աշակերտներով։ Կը նշմարեմ նաեւ կարմիր բանակայիններ։ Նիւթս է «Գաղութահայ նոր սերունդը եւ իր արտայայտութիւնը գրականութեան մէջ»։ Դասախօսութենէն յետոյ բազմաթիւ գրաւոր հարցումներ կը տեղան բեմին վրայ. կը ջանամ բոլոր հետաքրքրութիւններուն գոհացում տալ եւ ցորեկոյթը կը վերջանայ լաւ տրամադրութեան մէջ։

ԹԷ այդ եւ թէ Երեւանի մէջ ըրած դասախօսութիւններուս առիթով անձամբ կրեցի այն տպաւորութիւնը թէ ինչպէս ունկնդիր հասարակութեան որակը բարձր է եւ թէ դասախօսը հարկադրուած է հաշիւի առնելու այդ հանգամանքը։ Երբ իմ առաջին դասախօսութիւնս ըրի Երեւանի մէջ «Ֆրանսիական յետ պատերազմի գրականութիւնը» նիւթի մասին, կարծեցի որ այդ շատ մասնաւոր նիւթը քիչ թիւով մտաւորականներ պիտի հետաքրքրէ միայն։ Այն սակայն Կուլտուրայի Տան մեծ դահլիճը լիքն էր եւ դեռ երբ Համալսարանի ուսանողութիւնը հասաւ, շատեր ոտքի վրայ մնացին։ Այնտեղ եւս եղան գրաւոր հարցումներ որոնք կը բովանդակէին ոչ միայն բանաւոր դիտողութիւններ այլ եւ կը խնդրէին լուսաբանութիւններ մասնաւոր երեւոյթներու մասին որոնք հազիւ յիշատակեր էի։ Պահեր եմ այդ հարցումները ինչպէս նաեւ Էջմիածնի մէջ ուղղուած հարցումները որոնք շօշափելի փաստեր են իմ հաստատածիս։

 

Կէս օրէ ետք այցելեցի Էջմիածնի տրոպիկական կայանը եւ հիւանդանոցը։ Բժիշկուհի Անանեանց մեզ ընդունեց եւ տեղեկացուց մասնաւորապէս մալարիաի դէմ տարուած պայքարի մասին։ Կայանը կատարեալ մաքուր եւ լաւ սարքաւորուած, հիանալի տպաւորութիւն կը գործէ։ Ժրաջան բժիշկուհին իր ընկերուհիներու հետ մեզ ցոյց տուաւ վիճակագրական տեղեկութիւններ եւ տիակրամներ։ Ամէն ինչ կը կատարուի խղճամիտ ուշադրութեամբ եւ սիստէմով։ Տեսայ պլաններ որոնք կը պատկերացնէին Մալարիայի ենթակայ գիւղերու առողջապահական վիճակը։ Նշանակուած էին տուները եւ տուներու բնակիչները զանազան գոյնի բոլորակներով։

Տրոպիքական կայանը մեծ օգտակարութիւն կը ներկայացնէ մալարիայի սպառնալիքի տակ եղող այդ շրջանին համար։ Ճիշտ է որ կառավարութիւնը ծրագրած է այդ տեղական հիւանդութիւնը հիմնովին վերացնել ճահիճներու չորացմամբ բայց մինչեւ այդ գործը իր լրումին հասնի պէտք է դարմանել տենդոտները եւ նաեւ ուսումնասիրել ուրիշ հիւանդութիւններ։ Մնաց որ կայանի բժիշկուհիները եւ հիւանդապահուհիները օգնութեան կը հասնին ո եւ է հիւանդութեան առթիւ ամբողջ շրջանի գիւղերուն մէջ։

Որոշեցինք հետեւեալ առաւօտուն բժիշկուհի Անանեանցի հետ մեկնիլ Նոր Եւդոկիա։ Բարեգործականի ներկայացուցիչ եւ ճարտարագէտ Մ. Միհրդատեան պիտի անցնէր Էջմիածնէն նոյն նպատակաւ. անիկա սիրալիրութիւնը ունեցաւ տեղ տալու մեզ իր կառքին մէջ եւ երեքով ճամբայ ելանք։

 

Նոր Եւդոկիա որ կազմուած է մասնաւորապէս Թոգաթցի գաղթականներէ կը ներկայացնէ նորաշէն գիւղ իր կանոնաւոր բնակարաններով։

Բնակարանները ունին ապակիով պատուհաններ եւ սարքաւորուած են յարմար կերպով։ Մեզ կառաջնորդէ Թոգաթցի Յովակիմեան որ դաստիարակւած մարդ է եւ միջնորդ կը հանդիսանայ համայնքի զանազան գործերուն համար։ Կը մտնենք բնակարան մը եւ կը նստինք կարպետով ծածկուած բազմոցին վրայ։ Ձուլածոյ վառարանը մեղմ ջերմութիւն կը սփռէ սենեակին մէջ։ Տանտիրուհին մաքուր հագուած, մեզ համար կը պատրաստէ սուրճ եւ կը հրամցնէ յախճապակեայ բաժակներով։ Տպաւորութիւնը շատ հաճելի է։ Ամէն ինչ կը ներշնչէ մաքրութիւն եւ բարօրութիւն։ Քիչ յետոյ կուգան գիւղին գրեթէ բոլոր բնակիչները եւ կը սկսի երկար ու աղմկալի խօսակցութիւն մը Նոր Եւդոկիոյ մէջ կառուցուելիք համայնական շէնքերու մասին, բաղնիք եւ դարմանատուն։ Կայ եւ ոչխարներու խնդիր մը։

Առանց աղմուկի եւ հակասական առաջարկութիւններու չէ որ վիճաբանութիւնը կարծարծուի։ Ես կը թողում այդ վէճը եւ Նոր Եւդոկիացիի մը հետ շրջան մը կընեմ գիւղին մէջ։ Ամէն բնակարան իրեն կից ունի գոմ ուր կան մէկ կամ բազմաթիւ եղջերաւոր կենդանիներ։ Գիւղացիները գոհ են ամէն տեսակէտներով բայց կը տառապին մալարիայէ։

Նոր Եւդոկիացիները ի միջի այլոց ձեռնարկեր են ծխախոտի մշակութեան որուն հունտերը բերեր են իրանց հետ։ Ամէն տան մէջ առասաններու վրայ խուրձ խուրձ, ազնիւ տեսակէ ծխախոտի թերթեր կը չորնային։ Ինձ տուին ծխելու եւ իսկապէս շատ ընտիր ծխախոտ էր։

Վերադարձանք մեզ հիւրասիրող տանը նախաճաշիկի համար։ Սեղանը ծածկուած էր ամէն տեսակ կաթնեղէն ուտելիքներով, պանիր, կարագ, սեր եւ հիանալի մածուն մակարդուած գոմէշտ կաթով։ Ամէն տուներէ կը շարունակէին բերել ճերմակ եւ փափուկ լաւաշ, մեղր եւ չոր միրգեր, եւ դեռ ցաւ կը յայտնէին որ առաջուց չէին գիտեր մեր այցելութիւնը. պիտի փափքէին մեզ հրամցունել խորոված հաւ, անուշեղէններ եւ այլն։

Գիւղացիներու հուժկու երեւոյթը, մաքուր եւ պատշաճ հագուստ կապուստը, համեստ բայց հաճելի բնակարանները, վառվռուն երախաները որոնք ամէն կողմերէ իրենց սեւուլիկ գլուխները կը ցցէին եւ հետաքրքիր աչքերով կը հետեւէին մեծերու խօսակցութեան, ուտելեղէններու ընտիր տեսակը եւ առատութիւն, այդ բոլորը շատ լաւ տպաւորութիւն կը գործէր։ Քիչ յետոյ սակայն քիչ մը ջուր խառնուեցաւ գինիիս երբ բժշկուհիին ներկայացուցին հիւանդները, մանաւանդ հիւծուած երախաներ, զոհ մալարիայի։ Բժշկուհին կը շռայլէր խորհուրդները եւ առատութեամբ կուտար գինին։ Բայց... պէտք է չորցնել ճահիճները։

Եւ այդ ճահիճներու չորացման համար դեռ 1922-23 թուականէն խօսուեր է արտասահմանի մէջ, հրաւէր եղեր է աջակցիլ այդ գործին։ Եղեր են խոստումներ, ծրագիրներ, բանակցութիւններ... Հայաստանի կառավարութիւնը ծանրաբեռնուած իր բազմատեսակ ծարգիրներով որոնց ամէն մէկին իրագործումը կը ներկայանայ որպէս անմիջական անհրաժեշտութիւն կը կատարէ աւելին քան ինչ որ կարող էր տնտեսական հնարաւորութիւններու սահմանին մէջ, իսկ արտասահմանի մէջ դեռ կը խորհրդակցին եւ կը բանակցին։

Այդ բոլորը մտքովս կըսեմ տժգոյն եւ վտիտ երախայի մը որ մօրը գիրկին, ուսին վրայէն ինձ կուղղէ իր անձկալի եւ հարցական սեւ աչքերը որոնք արտակարգ կերպով գեղեցիկ են իր հիւծուած եւ տժգոյն դէմքին վրայ։

 

Կը նստինքկառ ճամբայ կելլենք եւ կը մօտենանք հարեւան գիւղին, Չիպուքլըի ուրուն հողաշէն եւ կիսով գետնափոր տուները հակադրութիւն կը կազմեն Նոր Եւդոկիաի լուսաւոր եւ յարմար բնակարաններուն հետ։

Երեկոյին ուշ կը հասնինք Երեւան. անմիջապէս կերթամ երեկոյթի մը որուն համար սեղանիս վրայ կը գտնեմ հրաւիրագիր։ Երբ ելեկտրական լոյսերովողողուած սրահը կը մտնեմ դասախօսը արդէն վերջացնելու րվայ է. նա խօսեր է «Մեր յառաջիկայ անելիքներու» մասին եւ կեզրակացնէ։

«Մենք չպէտք է ընկնենք ինքնախաբէութեան մէջ, մենք կատարեր ենք նուաճումներ, ճիշդ է, բայց դեռ մեր առաջ լեռնացած աշխատանք կայ կատարելիք։ Մենք դեռ եւս մինչեւ մեր կոկորդը խրուած ենք աղքատութեան եւ տգիտութեան մէջ եւ մենք պէտք է յաղթենք մեր այդ թշնամիներին։ Մենք սկսեր ենք պայքարը, զօրաշարժին պատասխաներ են մեր առաջապահ երիտասարդները եւ մենք արդէն գրոհ ենք տալիս տգիտութեան եւ յետամնացութեան դէմ։ Մեր սերունդը թերեւս չի կարողանայ լրացնել իր վրայ ծանրացած գործթ բայց խնդիրը այն է որ այդ գործին ձեռնարկուած է եւ առանց թուլացման, առանց նահանջի մենք կը տանենք այդ պայքարը, կը պահենք մեր դիրքերը մինչեւ մեզ կը փոխարինէ յաջորժ սերունդը թարմ եւ բազմապատիկ ուժերով... »։

Գլխու պտոյտ, աչքերս կը շլանան եւ դուրս կը սահիմ սրահէն. կշտապեմ տուն եւ ջերմաչափը ինձ ցոյց կուտայ 39 աստիճան տաքութիւն։ Անմիջապէս կը մտածեմ. մալարիա... բայց հետեւեալ օրը բժիշկը ինձ կը հանգստացնէ. ստամոքսի պարզ խանգարում, միացած յոգնութեան եւ ցրտառութեան եւ կը յիշեմ Նոր Եւդոկիաի ճաշը, եւ համեղ մածունը որ սովորութեան հակառակ մոռցնել տուաւ ինձ ամէն չափաւորութիւն։

 

Ամեն ինչ դասաւորուած է այնպէս որ այլեւս չեմ կրնար նոյն իսկ օր մը յետաձգել ճամբորդութիւնս. մնացեալ օրերս կանցունեմ հրաժեշտի այցելութիւններով։ Վերջին այցելութիւնս կընեմ ընկեր Աշոտ Յովհաննէսեանի։ Ինչպէս ամէն մէկին նոյնպէս եւ իրեն սրտի խոր անկեղծութեամբ կը յայտնեմ թէ թեթեւ սրտով չէ որ կը մեկնիմ Հայաստանէն։

Կը վերադառնանք երբ որ ուզենալ։

Եղեր են կարգադրութիւններ իմ վերադարձս ապահովող բայց միեւնոյնն է... առ այժմ պիտի մեկնիմեւ այդ գաղափարը կը դիմաւրեմ որոշ տխրութիւնով։

Այժմ, կըսէ ինձ ընկեր Աշոտ Յովհաննէսեան, դուք ծանօթացաք մեր իրականութեան, կարող եղաք ուսումնասիրել ինչ որ ձեզ համար հետաքրքիր էր, ի հարկէ մնում է շատ բան, կը լրացնէք երբ ձեզ համար կարելի կը լինի վերադառնալ մեզ մօտ։

Յետոյ կը խօսի ընդհանրապէս հեռանկարներու վրայ։ Կը խօսի երկրի երիտասարդութեան, նոր հասնող սերունդի մասին հաւատքով եւ մեծ յոյսերով։ Խօսած միջոցին կերթեւեկէ սրահին մէջ, սեղանին երկայնքին. երբեմն կանգ կառնէ եւ կը նայի ինձ ժպտելով եւ ստորագծելով վերջին խօսքը։

Կարեւորը այն է որ սկսեր ենք այս գործը եւանշեղ ճանապարհով կը տանենք մինչեւ վերջ։

Ժամանակը ուշ է եւ ոտքի կելլեմ։

Է՜հ ուրեմն ընկ. Զ... կը մաղթեմ ձեզ բարի ճամբորդութիւն եւ վերադարձ։

Ձեռքըկը սեղմեմ զգացուած իր քաջալերական խօսքերէն որ կը միացնէ մաղթանքներուն եւ միտքիս մէջ կը դրոշմուի միակ պատուէրը որ ստացած եմ Խորհրդային Հայաստանի մէջ. «Ուղղամտութիւն եւ խղճամտութիւն»։

 

Մեկնումիս առթիւ հին եւ նոր բարեկամներ ինձ կը շրջապատեն համակրենքով եւ սիրալիրութեամբ։ Կընդունիմ հրաւէրներ, հրաժեշտի մտերմական ճաշեր։

Վերջին օրս է եւ կը մտածեմ երեկոն յատկացնել աշխատութեան։ Բայց ահա պրոլետ գրողներ անակնկալ հաճոյքը կը պատճառեն ինձ ընթրիքի հրաւիրելու։ Սեղանին կը նախագահէ բրոֆէսէօր Գիւլիքէօխեան իր շուրջը ունենալով Երեւան գտնուող պրոլետ գրողները որոնցմէ ոմանց հետ յաճախ ունեցեր եմ հանդիպումներ։

Շրջապատուած այդ երիտասարդներով որոնք ճամբայ են ելեր մեծ ճամբորդոթեան համար եւ որոնք յառաջապահ զինուորներն են մեր երկրի արի աշխատաւորութեան, կը մտածեմ թէ կարո՞ղ էի աւելի թարմ եւ քաջալերական պատկեր պահել յիշողութեանս մէջ մեր երկրէն, իբրեւ վերջին տեսիլք։ Եւ այն յուզումնալի զարմացումը որ կայ իմ զգացումներուս մէջ երբ կը նայիմ ինձ դարձող այդ ժպտուն դէմքերուն, զարմանալի չէ մէկու մը համար որ շատ, շատ հեռուներէն եկեր եւ վերջապէս բաղդաւորութիւնը ունեցեր է հանդիպման կէտեր գտնելու նոր սերունդի, նոր ուղիներու վրայ։

 

Եւ այժմ, ընթերցո՛ղ, նախ քան վերադարձի ճամբան բռնելը, արագ քննութեան մը ենթարկենք այն լաւն ու վատը որ տեսանք եւ մեր հաշուեկշիռը ընենք նախ քան գիրքը փակելը։

Ինչ որ լաւ էր, հաստատ հիմնաւորուած, զարգացման եւ աճման ընթացքի մէջ, հիմք դրած էր Խորհրդային իշխանութեան օրով. ինչ որ դեռ վատ էր, յետամնացութիւն, աղքատութիւն, տգիտութիւն, մնացորդներ են անցեալի ժառանգութենէն։ Եթէ մեր աչքերը սեւեռենք միմիայն այդ անցեալի մնացորդներու վրայ, ինչպէս եթէ այդ ըլլար մնայունը եւ տեւականը դիւրաւ անձնատուր կըլլայինք վհատութեան։ Բայց մենք մեր երեսը դարձուցեր էինք դէպի կեանքը եւ տրամադրութիւն չունէինք որոճալու անզօր յոռետեսութիւն։ Մենք մեր աչքերը յառեցինք ուրեմն լուսաւոր կէտերուն, մենք տեսանք ինչ որ շինուած է եւ աւելին՝ ինչ որ ծարգրուած է կառուցանել։ Մենք երես դարձուցինք անցեալէն եւ մեր ուշադրութիւնը սեւեռեցինք ներկային վրայ որ մեր առաջքը լայնօրէն բացաւ ապագայի հեռանկարները։ Այդ ներկայի գործաւորներն են մեր առաջապահ աշխատաւորութիւնը, մեր երկրի գիտակից եւ արի երիտասարդութիւնը, որ Խորհրդայն իշխանութեան տակ անվարան քայլերով մեր երկրի վերելքը կը կատարեն։ Մենք տեսանք նոր սերունդին մեկման կէտերը եւ ուղեկցեցանք իրեն մինչեւ այն հանգրւանները ուր հասեր է արդէն։ Եւ մենք վստահ ենք որ հանգրուանէ հանգրուան կը հասնի իր նպատակներուն։ Եթէ կարողացանք հետեւիլ իր արագ վերելքին, աւելի լաւ մեզ համար, եթէ մեր ուժերը մեզ մատնեցին եւ կէս ճանապարհին մնացինք մեկուսի, աւելի վատ մեզ համար։ Բայց մենք արդէն մէկ բան վստահ գիտենք, գաղութահայ ընթերցո՛ղ, այդ այն է որ մեզ հետ թէ առանց մեզի, մեր երըրի նոր սերունդը կը հասնի այն գագաթներուն որոնց շողշողուն պայծառութիւնը կը տեսնէ այսօրուընէ իր սրատես աչքերով։

Եւ այժմ որ մենք յաջողեցանք տեսնել առաւելապէս իսնչ որ շինուած է, ինչ որ իրականացած է, ինչ որ կայ փաստօրէն, մենք պաղարիւնով կը լսենք բոլոր վհատներուն եւ յոռետեսներուն անճար առարկութիւնները։ Ի՞նչ կարող են հակադրել մեր ձեռք բերած ճշմարտութեան։ Թէ կան դեռ բացեր, թէ մեր երկրին մէջ կան դեռ տգիտութիւն, յետամնաց շրջաններ, տնտեսական անբաւական կացութիւն, թերութիւններ եւ այլն։ Բայց այդ բոլորը մենք գիտենք արդէն այդ բոլորը եւ գիտեն մեր երկրի մէջ եւ ոչ մէկ րոպէ չի հանդիպեցայ ինքնախաբէութեան, կամ դժուարութիւններու ու բացերու ստորագնահատման։ Ընդհակառակը միշտ լսեցի, թէ՛ առանձին խօսակցութիւններու եւ թէ հրապարակային զեկուցումներու ընթացքին կացութեան ճշգրիտ եւ խտացեալ պատկերացում եւ յաճախ խիստ քննադատութիւն թերութիւններու մասին։

Բայց որովհետեւ այդ բոլորը յստակ կերպով գիտենք առաւել եւս հիացումով կանդրադառնանք թէ ինչքա՜ն կարճ ժամանակի մէջ, արտակարգ թռիչքով մեր երկրի աշխատաւորութիւնը կտրեր անցեր է առաջին հանգրուանները։ Առաւել եւս այդ բոլորը գիտնալով մենք սքանչացումով կը տեսնենք այն հաստատակամութիւնը եւ աշխուժը որով աշխատաւորութիւնը որոշած է լրացնել իր սկսած գործը, յաղթանակով վերջացնել շինարարական եւ մշակութային յեղափոխութիւնը։

Եթէ մենք անկարող ըլլային իր հոյակապ ճարտարապետութեան մէջ տեսնել նոր հասարակարգի կառուցումը որուն հիմքարը դրուած են եւ որուն շինարարութիւնը կը կատարուի անդուլ անդադար, նման պիտի ըլլայինք այն համբակին որ նոր շինութեան մը գործավայրին մէջ դեգերելով, մեզ ցոյց պիտի տար կուտակուած շինուածանիւթերը, ցեխը, կիրը, լաստակները, ցցուած մերկ սիւները եւ պիտի ըսէր. «Այս այն շէնքը չէ որու մասին կը խօսինք, սա ոչ մէկ բանի նման չէ։ Աւելի լաւ էր չի քանդէիք այն խեղճուկ եւ մգլոտ հիւղակը որուն թշուառութեան սովոր էինք, որը մեզ ընտանի էր եւ որուն կտուրին տակ մի կերպ կը պատսպարէինք մեր յուսահատութիւնը»։

Բայց մենք չենք ուզեր այլ եւս ինքն իր վրայ փլչող եւ չորս քամիներու սպառնալիքի տակ եղող այդ անօգնական եւ խեղճուկ հիւղակը։ Մեր նոր սերունդը իր շքեղ շինարարութեամբ պիտի կատարէ իր գաղափարականի նիւթական դրսեւորումը, նոր հասարակարգի ճարտարապետութիւնը։ Նա քանդեր է այդ մգլոտ եւ խաւար հիւղակը եւ այժմ նոր եւ պայծառ շէնք կը կառուցանէ։ Նա դրեր է արդէն հիմքերը հաստատուն հողի վրայ, հաստատեր է էական սիւները, կուտակեր է շինուածանիւթերը եւ մենք կը լսենք հարիւր հազարաւոր մուրճերու հարուածները եւ հարիւր հազարաւորներու աշխատանքի յաղթական երգերը։ Եւ հակառակ որ դեռ շէնքը չէ աւարտած մենք կը ճանչնանք անոր լայն յատակագիծը, եւ մեր աչքերուն առաջք ունինք պատկերը անոր ճարտարապետական ամբողջութեան։

Եւ հեռու ըլլանք թէ մօտ, այն օրէն որ գիտակցաբար կընդունինք եւ կիւրացնենք այդ յատակագիծի նշանակութիւնը եւ յստակ կերպով կը տեսնենք այդ շինարարութեան պատկերը, մեր հաւատքով, մեր խոր համոզումներով, մենք եւս մեր մասնակցութիւնը բերած կըլլանք այդ կառուցման։

 

ՎԵՐՋ