Սկիւտարի վերջալոյսներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Բ.

Քանի մը օրուան հանգիստ ճերմակ, մաքուր տունի մը մէջ. ամէն կողմ միօրինակ սպիտակութիւն մը՝ վարագոյրները, բազմոցները, պատերը, ամէն բան. դիմացը լքուած եւ ընդարձակ պարտէզի մը մէջ հսկայ եղեւին մը իր եռանկիւնաձեւ հասակը կը ցցէ. օրը քանի մը անգամ զոյգ մը խոշոր եւ սեւ թռչուններ, կապոյտ կուրծքերով կու գան կը թառին գագաթին վրայ եւ քանի մը վայրկեան թեւերնին տարածուած մնալէ ետքը հոն՝ կը թռչին կը հեռանան։

Այդ բարձրութեան եւ ջինջ կապոյտ հորիզոնին վրայ իրենց տարփանքը հանդիսաւոր բան մը ունի եւ երկար ատեն իրենց ճռնչող աղաղակը կը լռեցնէ բիւրաւոր պզտիկ ճճիներու բզզիւնը. սարդի թելեր՝ ասդին-անդին կը թրթըռան լուսաւոր գիծերու պէս եւ բզէզները իսկ կայծերու կը նմանին, այնքա՛ն իրենց փոքրիկ եւ թափանցիկ թեւերը եւ մարմինները  ոսկեզօծուած  են  արեւոտ  մթնոլորտէն։  Օրեր օրեր կրնայի մնալ այսպէս աչքերս յառած թեթեւ հովէն տարուբերուող ոստայններուն ճկուն եւ դիւրաթեք բոյսերուն  եւ  խոշոր  եղեւինին։

Բարեկամս յաճախ ինծի կ՚ըսէ որ եթէ հին ժամանակներու մէջ ծնած ըլլայի, արեւին պաշտամունքին նուիրուած  քրմուհի  մը  կ՚ըլլայի  ապահով։

Այդ գաղափարը ինծի մտածել կու տայ եւ երեւակայութեամբ կը տեղափոխուիմ դարերու մէջէն մարդկութեան առաջին դեդեւող քայլերուն եւ ինքզինքս կը դնեմ Առաջին  Աստուծոյ  արեգակին  երկրպագուներուն  մէջ։

Ահաւասի՛կ, դաշտեր, դաշտեր, կանանչներով ծածկըւած եւ եզերուած լեռնաշղթայի մը գագաթներուն տողանցումովը որոնց ետեւէն արեւը կը բարձրանայ յամրօրէն՝ իր վարդագոյն եւ ոսկեգոյն երանգներով օծելու երախտապարտ եւ ջերմեռանդ ամբոխի մը ճակատները եւ ահա բանաստեղծութիւններով լեցուած եւ մանկական հոգիներուն մէջէն փառաբանութիւնը կը բարձրանայ հզօր, խանդավառ  եւ  խոնարհ։

- Արդար Արեգա՛կ… լուսաւորէ մեզի…

Բայց դարերը թաւալած են արագօրէն եւ հիմա կ՚երեւի ամենակարեւորը   փոխադարձ   այցելութեան երթալն  է  անոնց, որ  բարի-եկաքի  եկած  են  մեզի։  Իմ  փափաքս է սակայն դեռ քանի մը օր այսպէս անցընել՝ կէս մը վայրենի, կէս մը թմրած վիճակի մը մէջ որպէսզի մի անգամ ընդ միշտ կարօտս առնեմ այնքան տարիներէ ի վեր ցանկացուած երանգներէն, լոյսերէն եւ բնութեան այլազան մրմունջներէն. եւ վարժ՝ արդէն իմ ներքին զգացումներու հպատակելու, «ի՞նչ կ՚ըլլայ»ներու շարքով մը կը պատասխանեմ ինծի եղած դիտողութիւններու. բայց փոխարէն շատ լաւ կը հասկցնեն, թէ հոս Փարիզ չէ, հոս կարելի չէ ուսանողի մը անփութութեամբ կեանքը շարունակել, թէ պայմանադրական սովորութիւններ կան որոնց  ենթարկուած  եմ։

- Բայց բնա՛ւ, բոլոր հոգւովս կը բողոքեմ. առաջին բախումը արդէն. յետոյ մէկէն կը հասկնամ թէ պէտք է համակերպիլ. ոչ ոք կ՚անդրադառնայ, բայց իմ էութեանս խորէն յանկարծ շատ փափուկ եւ անբացատրելի բան մը կարծես բիւրեղի պէս կը փշրուի…