Սկիւտարի վերջալոյսներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Դ.

Շատ ծանր քունէ մը ետքը, գլուխս յոգնած կ՚արթըննամ կանուխէն. նախորդ գիշեր Կիւրեղեան էֆէնտիին տունը -ուրիշ ուսուցիչ մը- դարձեալ ուժգին վիճաբանութեան ներկայ գտնուած էի որ մինչեւ վիրաւորիչ խօսքերու յանգեցաւ, բուն խնդիրը՝ տղոց ըստ կրօնքի աւանդութիւններո՞ւն թէ ըստ գիտական ճշմարտութիւններուն դաստիարակութիւն մը տալու վրայ էր. վարժարաններու ծրագիրը ասոնցմէ որո՞ւն վրայ պէտք էր ձեւուած  ըլլար։  Յայտնի  էր  թէ  երկուքը  մէկ  հաշտ  չէին կրնար  ընթանալ. ասիկա  ամէնքը  մէկ  կ՚ընդունէին  արդէն։

Ոմանք գիտականը կը պաշտպանէին եւ կ՚ըսէին, թէ ամօթ էր այս դարուս մէջ տղոց Ադամ Եւայի առասպելին վրայ խօսիլ. ուրիշներ -մեծամասնութիւնը- անհաշտ կը գտնէին այդպիսի խիզախ ծրագիր մը մեր տոհմային բարքերուն ու պահանջներուն հետ եւ կը պնդէին, թէ մեզի համար կրօնքը կենսական կարեւորութիւն մը կը ներկայացնէ եւ այդ կարեւորութիւնը պէտք է ներշնչենք մեր տղոց՝ իրենց մանկութենէն։  Մինչեւ  հոս  ամէն  բան  լաւ  էր  եւ  արդէն հանդարտօրէն եւ շատ քաղաքավար կը խօսակցէին հոն ներկայ գտնուող էֆէնտիները. կիները մէկ կողմ հաւաքւած իրարու երես կը նայէին ժպտելով եւ կամ զիրար կը լրտեսէին։

Բայց ահա յանկարծ չեմ գիտեր ինչպէ՛ս մէկը կը յանդգնի Տարվին բառը արտասանել որուն կը յաջորդեն մարդուս կապիկէն սերած ըլլալու ենթադրութիւնները, եւայլն. այն ատեն -ամէնքն ալ ծիծաղելիօրէն տգէտիրարու պարզապէս խեղկատակ խօսքեր կ՚ընեն պոռալով, ինքզինքնէն ելած, այսահարի նման… ալ բան մը չեմ լսեր բնականաբար, միայն ձայնի առաւել կամ նուազ կոպիտ շեշտերը հարուածներու պէս անխնայ կ՚իյնան ուղեղիս մէջ. եթէ մինակս ըլլայի շատոնց արդէն ո l’anglaise [1] մեկնած կ՚ըլլայի, բայց բարեկամս չեմ գիտեր ո՛ւր ծածկըւած էր. մնաց որ տան տիրուհին coup sur coup [2] ափսէներով ներս կը մտնար եւ հարկ էր ըստ Սկիւտարի պատշաճութեան -ինծի մասնաւոր կերպով յանձնարարած էին- ամէն  հրամցուած  բանէն  անմիջապէս  ետքը  չմեկնիլ։

Մէկ կողմէն ստամոքսս բեռնաւորուած զանազան դժուարամարս բաներով, միւս կողմանէ ենթարկուած գիտակա՞ն թէ կրօնական վիճաբանութեան մը աղմուկներուն, պէտք էր որ գերմարդկային առողջութիւնով մը օժտուած ըլլայի տոկալու  համար  անվնաս։

Այսպէս գիշերը երկար ատեն տանջուեցայ յամառ գլխի ցաւէ մը եւ հիմա իրաւամբ այնքա՛ն յոգնած կը զգամ ինքզինքս որ պիտի ուզէի մինչեւ իրիկուն ճերմակ սենեակին մէջ, ճերմակ բազմոցին վրայ երկնցած դիմացի գեղեցիկ  եղեւինին  նայիլ։

Առաւօտը սքանչելի է բոլորովին. կաթնագոյն մշուշը ամէն բան կը քօղարկէ փետուրի փափկութիւնով մը. ընդարձակ պարտէզին մէջ թաւիշի պէս կանանչութիւն մը թեթեւ կը սարսռայ սիւքին ներքեւ եւ ադամանդի պէս ջինջ ցօղի կաթիլներ կը նշուլեն վճիտ ցոլքերով. յասմիկի թուփ մը պատին վրայէն մագլցելով դէպի վեր կը կարկառէ իր նորաբոյս ճիւղերը եւ իր թարմ ծաղիկներու հեշտագին բուրմունքով կը խնկաւէտէ մթնոլորտը. հեռուէն տարտամօրէն մանիշակի, վարդի, շահպրակի հոտեր կը հասնին եւ կը խառնուին միասին պահ մը, բայց սիւքը կ՚առնէ կը տանի զանոնք եւ յասմիկին զգլխիչ բուրմունքը միակը կը տիրէ առաւօտուն. լուսաւոր, թեթեւ մշուշը կը սկսի տեղ-տեղ վարդագունիլ եւ կը ծածանի շղարշի մը պէս ամէն կողմ ներդաշնակելով գոյները եւ ձեւերը  գեղեցիկ  միութեան  մը  մէջ։

Քանի մը ծիծեռնակներ ճչելով կ՚անցնին արագ կաթնագոյն օդին մէջէն եւ եղեւինին գագաթին վրայ կապոյտ կուրծքով խոշոր թռչունը թեւերը բացած հըրճւանքով  կը  կոչէ։

Ալ մտադրած եմ բոլորովին իմ ուզած ձեւովս ապրիլ եւ ինքզինքս պաշտպանել տիկին Էֆթիկներու ներկայութենէն եւ վարժապետներու վիճաբանութիւններէն. ալ աչքերս պիտի չկրնան հանդուրժել թունաւոր, պրպտող, լրտեսող նայուածքներուն եւ ոչ ալ պիտի ուզեմ մտիկ ընել իմաստակ  եւ  ծիծաղելի  խօսքեր։

Արեւը չ՚ուշանար գալու, եղեւինին ճիւղերը կը բոցավառին եւ քանի մը վայրկեանի մէջ մշուշը կ՚անօսրանայ, կը  փարատի։

Ի՜նչ հեշտ է այսպէս նայիլ դիմացդ եւ յագենալ գեղեցկութենէ. արդեօք երէկ գիշերուան վարժապետները չե՞ն տեսնար այս լուսաւոր երկինքը, այս հեռապատկերները, բոլոր  հրճուանքը  գեղեցիկ  գոյներուն  եւ  ձեւերուն։

Ի՞նչպէս կ՚ըլլայ որ քիչ մը խաղաղ գեղեցկութիւն չի մտնար իրենց ատելութիւնով լեցուն եւ մթին հոգիներուն մէջ եւ ի՛նչպէս կ՚ըլլայ նաեւ որ տիկին Էֆթիկները իրենց միսը դղրդուած չեն զգար արեւին փայփայանքէն եւ հոգիով ու մարմնով թառամած ու անողոք կը մնան այս հրաշալիօրէն թելադրող մթնոլորտին մէջ. որովհետեւ, ահաւասիկ, հակառակ գէշ անցուած գիշերի մը, հոգիիս մէջ հիմա ցնծուն երգ մը կայ կարծես որ զիս կը բուժէ, որ խանդաղատանք եւ գորով կը դնէ սիրտիս մէջ եւ նոյնիսկ մոռցնել կու տայ ինծի վիճաբանողներու դէմ ունեցած իրաւացի հակակրութիւնս։

Բարեկամս ընդունելով հանդերձ թէ երէկ Կիւրեղեանին հիւրերը չափազանց աղմուկով կը յայտնէին իրենց միտքը, անբնական կը գտնէ որ ես այնքան թշնամի ըլլամ գաղափարներու փոխանակութեան… ի՞նչ, բան մը չկայ որ ինծի այնքան անօգուտ յոգնութիւն եւ դժգոհութիւն պատճառէ որքան վիճաբանութիւնները նոյնիսկ երբ շատ շահեկան նիւթի մը վրայ եւ ձեռնհաս անձերու կողմէ ըլլան. ըստ իս բոլոր վիճաբանութիւնները ամուլ են որովհետեւ իւրաքանչիւր վիճաբանող հաստատ համոզուած է իր ըսածին եւ շիւղի չափ տեղի տալ չ՚ուզեր եւ նոյնիսկ եթէ պատահի որ հակառակին ճշմարիտ ըլլալը հասկնայ՝ նորէն արդիւնք մը յառաջ չի գար. ամէնէն լուրջ, խելացի, կարող համարուած մարդերուն իսկ հոգիին խորը այնպիսի ծածկուած սնոտի հպարտութիւններ կան, այնպիսի անխոստովանելի տկարութիւններ որ չեմ գիտեր թէ երբեք պատահա՞ծ է մէկու մը լսել սա խօսքերը.

-Իրաւունք ունիք, սխալեցայ, տարբեր տեսակէտէ առի  խնդիրը, ձեր  ըսածին  համոզուած  եմ  հիմա  բոլորովին։

Ասկէ զատ թողլով օգտակարութեան խնդիրը, տըգեղ, տմարդի բան է, մէկու մը տունը երթալ բարեկամի ձեւին տակ եւ հոն ճիշդ այնպիսի կարծիքներ յայտնել եւ պնդել այդ կարծիքներուն վրայ որոնք բոլորովին հակոտնեայ են միւսին կարծիքներուն եւ որով վիրաւորիչ իրեն համար։

Բարեկամս հակառակին համոզուած է եւ քիչ մը կը խօսինք այս նիւթին վրայ -օ՛հ քիչ մը- որովհետեւ կը վախնամ որ վիճաբանութեան մը փոխուի մեր կարծիքներուն  տարբերութիւնը։

-Ինծի համար, կ՚ըսէ, առիթ մըն է զիս շահագրգռող նիւթի մը վրայ ուրիշներուն տեսակէտները տեսնալ, անոնց փաստերը  մտիկ  ընել  եւ  կշռել  իմիններուս  հետ։

-Է՛ ըսենք որ ուրիշներուն փաստերուն եւ տեսակէտներուն  տեղեկացար, ի՞նչ  կ՚ըլլայ։

-Այն կ՚ըլլայ որ խնդիրը իր ամէն կողմէն ճակատած կ՚ըլլամ, աւելի  խորը  թափանցած։

-Կը կարծե՞ս որ իրարու երեսի գրեթէ պոռալով խնդիրի մը խորը կը թափանցուի. ատիկա ուրիշ բանի չի ծառայեր բայց եթէ յաճախ յարգուած բարեկամի մը արժանապատուութիւնը վիրաւորել, կամ փոխադարձաբար զիրար չճանչնալ, չիրար չկարենալ գնահատել, որովհետեւ այն ատեն գաղափարի մը մոլեռանդութեան մէջէն է որ  պիտի  դատէք  ուրիշները։

-Քանի որ իմ կարծիքս չունի, տխմար մըն է, անկարող մըն  է՝  սովորական  եզրակացութիւնն  է  վիճաբանողներուն։

-Օհ գիտեմ, գաղափարի մը վրայ երկար ատեն թառելու մտածումն է որ քեզ կը խրտչեցնէ, ատիկա կնոջ մտքին  յայտի  տկարութիւնն  է։

-Բարեկամս, գիտես որ բնաւ ֆէմինիսթ չեմ եւ բնաւ փոյթս չէ թէ իմ ուղեղս իր տեսակին մէջ գերազա՞նց է այր մարդուն ուղեղէն թէ ոչ եւ ասիկա շատ բարեբախտաբար, որովհետեւ հիմա կատաղի վիճաբանութեան մը մէջ պիտի իյնայինք եւ ապահով, իմ ուղեղիս որակը քննելէ աւելի կ՚ընտրեմ երջանիկ inférioritéի [3] մը մէջ ապրիլ եթէ ատիկա ինծի թոյլ կու տայ սքանչելի եւ հոտաւէտ խահուէի մը բուրմունքը եւ հեղուկը ներշնչելով աչքերս դանդաղօրէն  պտտցնել  սա  աղուոր  բաներուն  վրայ։

-Մէկ խօսքով եթէ քեզի ծուլութեան իրաւունքը տար։ 

-Է՜հ, ինչո՞ւ չէ, եւ կը կարծեմ որ եթէ ֆէմինիսթները իրա՛ւ խելացի ըլլային՝ այդ իրաւունքը որ արդէն ունէին, ձեռքէ չէին հաներ. բանն այն է որ սակայն այդ իմաստակներուն պատճառաւ այնքան գերազանցօրէն խելացի  կիներ  տուժելու  վրայ  են։



[1]            Մեկնիլ՝ առանց մնաք-բարովի։

[2]            Ետեւ  ետեւի, անդադար։

[3]            Ստորակայութիւն։