Վարժապետը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Գ.

Գաբրիէլի եւ Նեմզուրի փոխադարձ համակրութիւնը անմիջապէս աչքի զարկաւ դպրոցին մէջ երբ թերեւս դեռ իրենք չէին անդրադարձած իրենց բուն զգացումներուն։ Պաշտօնէութիւնը բանբասանքի եւ զրպարտութեան առիթ մը գտաւ նախ այս դէպքին մէջ, բայց շուտով չափազանցնելով եւ մանրամասներութիւններ աւելցնելով զայն տարածեց ամէնուրեք։ Թաղեցին յուզուեցաւ, դպրոցին խնամակալ մարմինները գայթակղեցան եւ վերջապէս յանցաւորները ճամբեցին հռչակելէ ետքը թէ անոնց վարմունքը անպատշաճ էր եւ անհամապատասխան իրենց կոչումին։

Նեմզուր խորապէս ազդուեցաւ այս պատահածէն եւ ինքզինքը յանիրաւի վիրաւորուած զգաց. ի զուր ի արարքներուն եւ նոյն իսկ իր դիտաւորութիւններուն մէջ կը փնտռէր այն յանցանքը որ կ’ըսէին թէ գործած էր։ Անպատշաճ վարմո՜ւնք... բայց դեռ սրբազան բառերը իրենց շրթներուն վրայ իսկ չէին եկած եւ այդ պահուն հաստատօրէն չէր գիտեր թէ Գաբրիէլին իրեն համար ցոյց տուած համակրութիւնը սիրո՞յ թէեղբայրակցութեան զգացումներու արդիւնք էր։

Երկար ժամեր, սիրտը արիւնած, խորասուզուած, կը մնար չկրնալով չափել մարդկային բիրտ անտարբերութիւնը իր կացութեան հանդէպ. ինքզինքը կ’զգար ոտքի տակ գացած անասունի մը պէս, անկարող պայքարելի, անկարող դիմադրելու. ու անոնք որ թշնամութեամբ վարուած էին իրեն հետ, անոնք ալ կին ու աղջիկ ունէին, սէր ու գոպովանք ունէին եւ կը վայելէին փոխադարձաբար ու չէի՞ն գիտեր թէի՞նչ է անտէր ու անսէր աղջիկ մը, որուն աչքերը օր մը ժպտած էին համակիր նայուածքի մը։

Գաբրիէլի վրայ բոլորովին տարբեր տպաւորութիւն յառաջ բերաւ իրենց ուղղուած այս նախնտիքը. ինքզինքը զօրաւոր զգաց եւ արմարհեց անբաղդութիւնը, մէկու մը պէս որ դեռ նիւթական նեղութիւն չէ կրած, չկրցաւ չափել իրենց առաջք ընդնշմարուող տաժանելի կեանքը. երիտասարդական եռանդով ու ինքնավստահութեամբ նայեցաւ ապագային վրայ եւ նոյն իսկ բարեբաղդութիւն համարեց պատահածը, քանի որ անիկա վճռական հանգամանք մը կուտար իր Նեմզուրին հետ ունեցած վերաբերմունքին եւ քաղցր պարտաւորութիւն մը կը դնէր իր վրայ։

- - - -

Շուտով ամուսնացան եւ առաջին երկու ամիսները անցուցին կատարեալ երջանկութեան մէջ որովհետեւ Մանտիկեանի պզտիկ խնայողութիւնները բաւեցին իրենց նոր կազմած բոյնին նախնական ծախքերուն եւ համեստ կենցաղին. յետոյ համբերութեամբ սպասեցին դպրոցական տարեշրջանին, արձակուրդը անցաւ հետզհետէ անձկալի անհամբերութեան մէջ։ Ժամանակին քաղաքական կացութիւնը թոյլ չէր տար որ Գաբրիէլ գաւառի մէջ ստանձնէր ո եւ է պաշտօն մը. իսկ տեղական բոլոր դպրոցները կարծես չար ու յարատեւող քմահաճոյքով մը կը գոցուէին իր դէմ։ Հետզհետէ սկսաւ շուարուն դառնալ, կնոջը մօտաւոր մայրութիւնը զինքը կը խենդեցներ... ի՞նչ պիտի ընէին առանց ո եւ է նիւթական միջոցի։

Ոչ մէկ դպրոց կուզէր ընդունիլ զինքը իբր վարկաբեկ եւ իր անպատշաճ վարմունքին համար ճանբուած պաշտօնեայ։ Գաբրիէլ ինկաւ դառն յուսահատութեան մէջ. տաժանելիօրէն մաքառեցաւ, անհաւատելի պայմաններ առաջարկեց, բայց քանի՛ ինքը կը յամառէր եւ դիւրահաճ կ’երեւար, այնքա՛ն աւելի կասածոտ կը դառնային իրեն նկատմամբ։

Իրենց ամուսնութեան առաջին տարուան հոկտեմբերին, արդէն ամէն յոյս կորսնցուցած էին. կնոջ ֆիզիքական կացութիւնը կը կնճռոտէր հոգերու, անձկութեանաց եւ սնունդի անբաւականութեան պատճառաւ։

Մթին եւ անձրեւոտ օրերու մէջ, եսդնա եադնա թափառելէ ետքը Գաբրիէլ կը մտնար իր ցուրտ տունը ուր կրակարանին մոխիրը անգամ պաղած էր ու ընկճուած կը մնար երկար ժամեր։ Ի զուր կինը իր ցաւագին եւ կեղծ զուարթութեամբ կուզէր ամուսինը քաջալերել, յոյս եւ եռանդներշնչել անոր։ Բայց Գաբրիէլ դժբաղդներու յատուկ պայծառատեսութեամբ մը կը տեսնար անողոք իրականութիւնը. ազգականներ եւ ծանօթներ հետզհետէ կասկածոտ ու ցանցառ դարձեր էին. անոնք իրենց տան մէջ այնքա՛ն անօգնական եւ մինակ էին որքան պիտի ըլլային անմարդաբնակ վայրի մը մէջ. երբ ինք վերջապէս ստիպողականութենէ մղուած կը մօտիկնար անոնց կը տեսնէր թէ ինչպէս ժպիտը կը թթուէր անոնց դէմքին վրայ, եւ թէ ինչպէս շռայլելով ամէն կարգի խորհուրդ եւ յանդիմանութիւն, ժլատ էին ո եւ է դրական օգնութեան։ Իր դիմումները կանխելու համար մարդիկ ինչք՛ն ճարտարօրէն ունայն խօսքերով կ’ողողէին զինքը, մինչեւ որ երկչոտ դարձնէին եւ կամ վիրաւորէին։

Ու ինքըկուլ կոտար բոլոր ասոնք ու կը յամառէր յաճախ, որովհետեւ աչքին առաջք յարաժամ ունէր Նեմզուրի տժգոյն եւ վտիտ դէմքը։

Այսպէս ուրեմն, իրենց առաջին ուրախութիւնները դառնացած պիտի ըլլային, այսպէս ուրեմն, աչքերնին արցունքով պիտի սպասէինիրենց առաջին զաւակին. եւ ինչքա՜ն քիչ բանի պէտք ուէին, ինչքա՛ն հանգիստ պայմաններու կարօտ էին երջանիկ ու զուարթ ըլլալու համար։ Ու անոնք որ իրենց ձեռքէն խլած էին իրենց բերնին հացը չէի՞ն մտածեր արդեօք այս ոճիրին վրայ. սիրտ չունէի՞ն, զաւակ չունէին, ցաւ եւ ուրախութիւն չէ՞ր անցեր իրենց կեանքին մէջ իրենց ցուրտ ոխերը մեղմացնելով։

Գաբրիէլ միջոց մը վերահաս դէպքերու ստիպողականութենէն մտրակուած՝ կազդուրուեցաւ եւ ատեն մըն ալ թափառեցաւ շուկային մէջ ո եւ է գրագրի պաշտօն գտնալու համար։ Թէեւ այդ ասպարէզին մէջ այլեւս ի նկատի չէին առներ թէ ինչո՞ւ ճամբուած էր դպրոցէն բայց զինքը անգործնական կը գտնէին։

Արդէն գործ չկար, թոյլ եւ անգոյն երիտասարդութիւն մը խճողուած էր ամէն ուղիները։ Այնպիսի թոշակներով որոնք հազիւ թէ իրենց զգեստեղէնի եւ ճամբու ծախքերը կը գոցէին, ամբողջ սերունդ մը քամակը կը ծռէր մեծ կամ պզտիկ խանութպաններու առաջ. անհաւատալի կոպտութիւններու եւ նախատինքներու անթարկուած էին որոնք երկու կողմին ալ կեանքը ամօթալի կը դարձնէին։

Ոմանց պաշտօնը շատ չէր տարբերեր գրասենեակի ծառայի կամ բեռնակրի գործէն որոնցմէ միայն դրսերեւոյթով կը տարբերէին։ Շահերու անապահովութենէն, կացութեան տպաւորութենէն, խոժոռած դէմքով գործատէրեր իրենց բոլոր սաղձը կը թափէին այդ խեղճ երիտասարդութեան վրայ որոնցմէ ամէն տարի հետզհետէ մեծկակ թիւ մը կը հայթայթէին դպրոցները։

Անոնք որ կը տեղաւորուէին, ազգականներու կամ ազդեցիկ բարեկամներու միջոցեւ, շատ բաղդաւոր կը համարուէին եւ դարձեա՛լ անոնց պաշտպանները չէին թերանար իրենց ականջին փսփսալու։

Ժամանակները գէշ են, մեծ բաղդ մըն է քեզի համար ոտքդ տեղ մը դնելդ, թոշակդ որքան ալ քիչ ըլլայ, ձայն մի՛ հաներ, բադրօնիդ քէֆին գնա՛, ամէն մարդ սրտնեղ է այս միջոցիս. եթէ ծանր խօսք մըն ալ ընէ՛, չլսելու զարկ։

Ու այդպէս ալ կ’ընէին. որտնեղ բադրօնները հետզհետէ աւելի ազատութեամբ կ’արտայայտէին իրենց դժգոհութիւնները։

Ուրեմն Գաբրիէլ մտաւ առեւտրական հրապարակին վրայ դեգերող անպաշտօններու շարքին մէջ. հալածուած չքաւորութենէ, անիկա իր կնոջը կեանքը գոնէ դոյզն չափով մը տանելի դարձնելու համար ամէն բանի յօժերակամ էր. ամէն կարգի բարոյական թէ ֆիզիքական տաժանքի տոկալու պատրաստ կ’զգար, բայց զինքը կը մերժէին. չէին հաւատար իւր յօժարակամութեանը, կը վախնային իր ուսումնական երիտասարդի հանգամանաքէն ու երբ կ’իմանային որ իր նախկին գործը ուսուցչութիւն եղած էր, կ’ըսէին իրեն,

Մեզի մարդ պէտք է ոչ թէ վարժապետ։

Այս յուսահատ դրութեան մէջ, հետզհետէ ունեցած քիչ մը գոյքերնին ծախելու ստիպուեցան։ Գաբրիէլի հօրեղբօրմէն ժառանգութիւն ինկած Գում-Քաբուի տնակը ուր կը բնակէին գրեթէ պարպուեցաւ։ Անոնք ենթարկուեցան այն անպատմելի թշուառութիւններէ մէկուն որ ահռելի է իր ամբողջութեանը եւ մանրամասնութեանց մէջ միանգամայն։ Անկողինները որոնց բուրգերը ծախուած էին, քուրջով լեցուցին. խոհանոցի պղինձեղէնը անհետացաւ. վերջին ապաւէն, Նեմզուրի մատանին որ Գաբրիէլէն ընդունած հարսանեկան նուէրն էր, նախ գրաւի դնելէ ետքը, վերջապէս ծախու հանեցին շուկային մէջ։

Դառնութիւնըեւ յամր, կայուն տխրութիւնը տեղաւորուեցաւ տան մէջ։ Իրենց փոխադարձ սիրոյ ուրախութիւնը խեղուեցաւ ամենօրեայ սրտմաշուքին մէջ. իրենց սէրն իսկ ցաւագին բան մը դարձաւ որ տաժանելիօրէն կը ճնշէր իրենց վրայ։

Երբ իրենց առաջնեկը աշխարհ եկաւ, օրերէ ի վեր մոռցուած ուրախութեան ճաշակը զգացին երկուքն ալ, մանաւանդ որ բնութիւնը բարերար եղած էր իրենց համար եւ Նեմզուր երկուքի տագնապը անցուցեր էր թեթեւութեամբ։ Հակառակ սնունդի եւ խնամքի պակասին կաթը ժայթքէր էր անոր մայրական կուրծքէն. այս պարագաները որոնց մասին վախով եւ յոռետեսութեամբ խորհեր էին, ամոքուածէր մասամբ իրենց դառնութիւնը. բայց քանի մը օրեր ետքը իրենց սեւ, անանուն, ծածուկ թշուառութիւնը կրկին եկեր ու տեղաւորուեր էր իրենց յարկին տակ։

Տարին անցեր էր, յետոյ երկրորդ եւ երրորդ տարին։ Ի՞նչպէս անցեր էին այդ տարիները. այդ ինչպէսին պատասխանը կերլի էր կարդալ Գաբրիէլի շուարուն եւ նուաղած աչքերուն, Նեմզուրի վտիտ եւ տժգոյն դէմքին եւ փոքրիկին հիւանդկախ եւ դեդգւուն տղու պատկերին վրայ եւ անոր վաղահաս լրջութեամբ տոգորուած արտայայտութեան մէջ զոր կունենան խաղալիքներէ զրկուած դժբաղդ մանկիկները։

Եւ ահայանկարծ կեանքի դռները կը բացուէին իրենց առջեւ. ժամանակի ընթացքին մոռցուեր էր իրենց յանցանքը։ Իրենց ամուսնութիւնը, իրենց թշուառութեան մէջ հաւատարիմ եւ տոկուն կենցաղը մաքրեր էր սկզբնական անպատշաճութիւնը։ Բարի եւ արդար էին մարդի, իրենց համար տեղ կը բանային, զիրենց կ’ընդունէին իրենց կարգերուն մէջ...

Մարդու կարգ պիտի անցնինք, Նեմզո՛ւր...

Ու կարծես իրենց կը շնորհուէր նաեւ սէրը, այն պայծառութեան եւ խանդավառութեան աստիճանով որ զգացեր էին առաջին անգամ առաջին օրերուն։ Կը նուիրագործէին իրենց միութիւնը ու երկուքն ալ չէին գիտեր թէ ինչպէ՞ս զգան եւ ինչպէս արտայայտեն իրենց երախտապարտութիւնը։

Քանի մը օր անցուցին վանդակէն նոր արձակուած թռչուններու խելակորոյս շփոթութեան մէջ, կարծես իրենց դէմէն սեւ ու չարագուշակ ստուեր մը անօսրանալով ցնդեր էր ու իրենք շլացած մնացեր էին նորատեսակ լոյսով մը. կարծեցին որ զիրար սիրելէ ետքը նեղ օրերու մէջ հիմակ նոր ճաշակով մը կը սիրէին զիրար. երեկոյները պզտիկը քնացնելէ ետքը, երկար ժամեր կը խօսակցէին ու ապագայի ծրագիրներ կը կազմէին ու չէին անդրադառնար որ իրենց փափաքները կը հեռանային իրենց ունենալիք միջոցներու համեմատութիւններէն։

Երկու շաբաթ անցեր էր այդ ուրախօրերէն ի վեր. Նեմզուր կարծես գտեր էր իր առաջուան թարմութիւնը եւ զուարթութիւնը. իր գունատ այտերը վարդագուներ էին, Գաբրիէլ կը վերստանար իր մարդկային արժանապատուութեան զգացումը. փոխանակ ահռելի ճնշումով մը զգալու ընտանիքի մը բեռը իր անուժ ուսերուն վրայ, հպարտութեամբ կ’անդրադառնար որ հայրն էր այդ փոքր ընտանիքին ու պզտիկն ալ իր ծնողքին գոհունակութիւն զգալով բնազդմամբ կ’եռանդոտէր. երգ, ու մանկական ճռուողիւն կը թրթռային այդ խեղճ տնակին մէջ. երբ Գաբրիէլ վարը, բակէն կը լսէր կնոջը դեգերող քայլերուն համաչափ եւ ներդաշնակ աղմուկը տղուն ոստոստումներուն հետ, երբ կը լսէր անոնց միացած ձայներուն երաժշտութիւնը ուրախութեան արցունքներ կ’ողողէին իր աչքերը...

- - - -

Առաւօտ մը Գաբրիէլ Մանտիկեան իր կնոջը եւ զաւակին հետ իրենց փոքրիկ պարտէզը զբաղած էր նոր հերկած բոյսերով երբ յանկարծ կեցաւ. գլխու պտոյտ կ’զգար եւ աչքերը կը մթննային. մտածումներու անբացատրելի շփոթութիւն մը մեծաժխոր կ’աղաղակէր իր հոգւոյն մէջ. սիրտը ուժգին կը բաբախէր եւ զգաց որ ծունըերը կը ըթոտէին եւ ձեռքերը կը դողդոջէին։

Բրիչը գետինը ձգեց ու աճապարանքով հեռացաւ. երբ Նեմզուր իր ամուսնոյն քով եկաւ բազմոցին վրայ ընկողմանած էր եւ արտակարգ, գրեթէ մեռելային տժգունութիւն մը տեսաւ անոր դէմքին վրայ, բայց շրթները կը ժպտէին ու դժուարաւ խօսելով կինը հանգստացուց։

Արեւէն շլացայ, ըսաւ չկրնալով շարժում մը ընել, գլուխս դարձաւ, ինքզինքս գէշ զգացի, բայց հիմակ լաւ եմ...

Խօսած ատենը չէր նայեր կնոջը ու բիբերը ընդլայնած կը սեւեռէր դիմացը, անիկա կը շարունակէր ժպտիլ բայց ցաւի եւ սրտաբեկումի արտայայտութիւն մըկը խորշոմէր, դէմքի վերին մասը։ Ինքն ալ չէր գիտեր թէ ինչ ունէր եւ անձկութեամբ կ’սպասէր յայտնուելիքին. իր հոգիին խորերէն շփոթ զգացումներու կուտակում մը կը բարձրանար բայց անիկա իր բանականութեան հասնելէ առաջ, ծուիկ, ծուիկ, անօսրանալով կը ցրուէր։ Կրկին ուրիշ կուտակումներ կը կազմուէին ու զինքը կը ճնշէին. իր մտամոլար ուշադրութիւն կը ճգնէր անոնց իմաստը հասկնալու բայց չէր յաջողեր. ներքին անդիմադրելի դրդում մը զինքը անհանգիստ կ’ընէր մինչ Նեմզուր զինքը կը խթանէր հարցումներով։

Ո՞ւր տեղդ կը ցաւի, բժիշկ մը բերե՞նք, Գաբրիէ՛լ խօսէ, բան մը ըսէ։

Ո՛չ, ո՛չ աղէկ եմ, քնանալ կ’ուզեմ, զիս մինակ ձգէ՛։

Գաբրիէլ քանի մը վայրկեան մրափեց ու երբ վերստին արթնցաւ ինքզինքը աղէկ զգաց. կանչեց կինը ու խօսեցան։ Հարկաւ թէ պիտի հիւանդանար, քաշածնին միայն Աստուած գիտէր, հիմակ որ երջանկութեան կարելիութիւնը զգացին, ապա եկաւ հակազդեցութիւնը իր կրած բոլոր յոգնութեան, բոլոր վիշտերուն։

Յանկարծ յիշողութեան մէջէն բրտօրէն յառաջացաւ ծանօթ ձայն մը ու ընդհատեց իր ստածումը։

Աս վարժապետն է որ պիտի ճանբուի, անոր տեղը պիտի գաս դուն։

Այն առաջին րոպէէն որ դպրոցին տնտեսը ըսեր էր այս բառերը, անոնք կարծես տեղաւորուեր էին մտքին մէկ խոր անկիւը. անոնք ընկերացեր էին իրեն, հեգներ էին իր ապագային երազները, ու դարանակալ սպասեր էին հարկ եղած րոպէին վճռական կերպով դէմ առ դէմ գալու համար իրեն հետ։

Միեւնոյն ատեն Գաբրիէլին աչքերուն առաջին վշտագին ստուերի մը պէս անցաւ երիտասարդ վարժապետին պատկերը, այն որ տեսեր էր տեսուչին հետ բանակցելու օրը. անիկա նիհար եւ գունատ, իր վայելուչ գորշ հագուստին մէջ նրբամարմին, երազուն ու քաղցր աչքերը կը սեւեռէր իր վրայ ու կ’անհետանար։

Նեմզո՛ւր, Նեմզո՛ւր...

Պաղ քրտինք մը ողողած էր Գաբրիէլին ճակատը. շուրջը ամէն բան կը փլչէր կարծես. մոլորուն նայուածքը, տեղ մը կը փնտռէր կառչելու, անիկա իր հոգեկան անսպասելի ցնցումին մէջ տղու մը պէս անձկալի ու դողդոջուն էր ու յանկարծ փաթթուելով կնոջը վիզին գլուխը դրաւ անոր կուրծքին վրայ եւ տղու մը պէս հեկեկալով երկարօրէն արտասուեց։