Մեծ ոճիրը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԵՂԻՆԱԿԻՆ ԿՈՂՄԷ ԲԱՑԱՏՐՈՒԱԾ ԲԱՌԵՐ

Ա

Ագըն ­ կողոպտող ու թեթեւազէն զօրագունդ, որ կը զարնէ ու կը դառնայ ետ։

Ազ ­ կերպասին մարը

Ալանկ ­ հրապարակ

Ախեխ ­ ագեգ

Աղու ­ թունաւոր

Այաթ ­ համար՝ Գուրանէն

Այբը տեսնել բենը դատին ղրկել ­ անծակ տգէտ ըլլալ

Անամ ­ գերագոյն տագնապի պահուն հոգին կը դառնայ իր մանկութեան։

Աննէմ ­ մամաս

Աշել ­ աչել. գիրքերը կ’ըսեն յականել։

Աշխ ­ թթու հոտ

Աշուլ ­ աչքի իյնալ

Աչից պահել ­ աչքէ, չար աչքէ պահել

Ապանոզ ­ եբենոս

Ապդալ ­ ապուշ

Ապուրցու ­ ցորենէ պատրաստուած բազմատեսակ չորեղէն

Ապտէսթ ­ կրօնական լուացումն՝ աղօթքէ առաջ

Աւուրանց դատաստանի ­ մինչեւ օրը դատաստանին

Աքողք ­ այդ հո՞ղք. այն ճաշն է, զոր կ’ընեն գերեզմանը՝ մեռելի շաբթուն, անոր հոգուն հանգիստին համար։

Բ

Բանդ ­ կապ, որով պարեգօտներուն ծալքերը իրարու կը կապուին, ստինքին ներքեւ

Բարտել ­ բարտիի պէս աջ ու ձախ շարժտկիլ

Գ

Գահր օլսուին ­ անկցի, անիծուի

Գանկին կռե լ ­ հայհոյութիւն, որուն ստուգաբանութիւնը դժուար է հիմա։ Կը գործածուի քակորել իմաստով։

Գանունը Իսասի ­ 1876-ին յայտարարուած Սահմանադրութիւնը, զոր իր գահակալելէն ետքը Ապտիւլ Համիտ պետական հարուածով մը արգիլեց գործադրուելէ։

Գափլըճա ­ բաղնիք

Գաֆէս ­ վանդակ

Գետին չինկող տեսակէն ­ ծաղիկէ փոս­փոս մորթ

Գերեզմեր ­ գերեզման

Գոլ ­ (թուրքերէն) զօրաթեւ. իրականին մէջ դասակ

Գոռել ­ գերեզմանը ձգած ու պտոյտի ելած թուրքի սատակ, որ շունի եւ ուրիշ կենդանիի մարմինը հագած կը հետեւի գիշերը կէսին գերեզմանի մօտէն անցնող ճամբորդին։

Գովք ­ մեռելներուն նուիրուած ողբ

Գորփիւսքիւլ ­ շերամի հիւանդութեան մանրէ մը

Գուլէ ­շէկ

Գրալ ­ թագաւոր

Գունճ ­ գուղձ

Դ

Դարձ ­ հարսին առաջին դարձը իր մօրը տունը

Դարպանտ ­ ճամբաներու հանգուցումին ոստիկանական կամ զինուորական կայան

Դդմած ­ հասուն դդումի գոյն առած` ջերմէն

Դիգա­դիգա ­ սեխին բնական բաժանումները

Դողցնել ­ ջերմէ բռնուիլ

Դուրել ­ փորին ուռեծքը հարթել, ծեծին տակ տափակցնել

Դրացի ­ հայրենակից, որ Սահմանադրութեան նուէրը եղաւ։ Անկէ առաջ կեավուրը պաշտօնապէս փոխարինուած էր դրացիով։

Ե

Եալը ­ ծովեզերք, նմանաբանութեամբ՝ հոն կառուցուած ապարանք

Եալովա ­ Մարմարայի պոլսահայեաց ափունքին նաւահանգիստ, որուն կռնակի լեռնաշղթան բազմաթիւ հայաբնակ գիւղեր կը պարունակէր։

Եաշասըն ­ կեցցէ

Եէր իլէ իքսան ­ (թուրքերէն) հողին հետ հաւասար ընել։ Տեսթանները կ’ախորժին այս ասութենէն։

Եղեամը մանած տեսնել ­ կարճ տեսնել ու խաբուիլ

Եշիլ ճամի ­ մէկը Պրուսայի մեծակառոյց դամբարաններէն, որուն գմբէթին ներկը անունն է տուած։ Թրքական յիշատակներէն ամէնէն համակրելին, հակառակ յաղթանակի դարերէն մնացորդ մը ըլլալուն։

Երես­փուչք ­ երեսին վրայ պառկելով փոքրերուն քալելը

Երտ ­ խանձող փայտ

Զ

Զեքիաթ ­ տօնական օրերու ողորմութիւն

Է

Էլիֆպա ­ այբուբեն

Էյէր ­ եթէ

Էնէլինի սուսամագ ­ իր մահուան ծարաւի

Էշխ ­ սէր

Էվլիա ­ անոնք, որ «նշան գործելու» զօրութեամբ օժտուած են։ Կախարդ կամ գուշակ, կը բանան կոյրերուն աչքը ու կը բուժեն դեւերու գործ ցաւերը։

Էօզ ­ կորիզ

Էրկըրի ­ օտարի

Ը

Ըպրըգ ­ պղինձէ սափոր

Թ

Թախթ ­ արքունի գահ

Թակ ­ տախտակէ թի, որ կը ծառայէ լուացուած լաթերը ծեծելու

Թանզիմաթ ­ (օրէնքներ)։ Այսպէս կ’որակուի թուրքերու առաջին վերանորոգչական փորձը, որ կատարուած է 1860-ի շուրջը։

Թեղ ­ ցորենի դէզ, զտուածը

Թելաւորում ­ քողաւորում

Թէմէննահ ­ գետնէն բարեւ

Թէմիզ ­ սրբագրութիւն, պատիժ

Թէսլիմ ­ անձնատուր

Թէքքէ ­ իսլամ կրօնական կազմակերպութիւն ու անոր հաստատութիւնները

Թթրկիչ ­ թթուաշ աղցան մը

Թիլ ­ բթամատին ու ցուցամատին բացուածքին չափը

Թինկոզ ­ գեղեցիկ

Թոյ ­ մատաղ

Թումպ ­ հաւանաբար թումբ։ Բարձրկեկ սար իմաստը ունի։

Թուր ­ ուրկէ թրել­կապուիլ։ Խմորի մէջ բռնուած ձեռքերը կու տան այս պատկերը։

Ի

Իհսան ­ պետական նուէր, դրամական

Իշտէ ասխըտար ­ ահա այսչափ

Իսթիատա ­ աղերսագիր

Իտատի ­ երկրորդական կրթութիւն ըրած

Իւլէմա ­ բառացի՝ գիտուն։ Կը փոխաբերէ կրօնագէտները։ Հինին մէջ ուրիշ բան չէ արդէն գիտութիւնը։

Իֆատէ ­ վկայութիւն՝ հարցաքննիչ դատաւորին առջեւ

Լ

Լակ ­ շունին լեզուի մէկ հարուածով առած ջուրը

Լական ­ կոնք

Լապճին ­ կիսափող մուճակ, կակուղ կաշիէ, զոր տարիք առած թուրքերը կը գործածէին կրկնակօշիկի մէջ։

Լափլփել ­ ցեխին մէջ չորս ոտքով քալել

Լեզու բարտել ­ լեզու շարժել

Լեռնէն իջնալ ­ վայրենի ըլլալ

Լէզ ­ լպրծուն խաւ մը, խոնաւ մարմիններու երեսին

Լոգմանի հոգի ­ եթեր

Լուացուած ­ տուներուն միջնայարկէն դուրս ինկած փոքր մաս մը, ուր կը լուացուին ամանները։

Խ

Խազնա ­ գանձ

Խաթար ­ շարոց

Խամբուլ ­ տերեւներու պսակ մը

Խանթար ­ թրքական չափ՝ փայտ կշռելու

Խանձ ­ լաթի այրում ու իր հոտը

Խավորդ ­ հաղորդութիւն

Խարզել ­ գոյնը առնել

Խաւ ­ աբեթ, դիւրավառ նիւթ մը

Խզկել ­ բան մը խիցի ձեւով ծակէ մը ներս թխմել

Խշխշալ ­ կսկծալ

Խշում ­ յանկարծահաս աղէտ, մահով վերջացող։ Ցասում՝ շանթահարող տեսակէն։

Խոզ խրտչեցնող միջոցներ ­ խոզի որսորդութիւնը կը գործածէ թիթեղներ ու թմբուկ, որոնց աղմուկէն ահաբեկ կենդանին կը թողու իր թաքստոցը ու կ’ելլէ փախուստի։

Խոնախ ­ պալատ

Խոռ ­ կրակի սեւցած փոքր կտոր

Խոստուկ ­ խոցտուկ, աղիքի ցաւ, խիթ, շատ սուր ցաւ

Խորթլամիշ ­ (թուրքերէն) մեռելին ուրուականի վերածուելով թափառիլը

Խորշուք հանել ­ խոշոր հանել։ Կը փոխաբերէ մաղ, որուն ծակերը, ծերութեամբ աւրուած, անցք կու տան ցորենին ալ։

Խուդպէ ­ կրօնական աղօթք

Խուց ­ այսպէս կը կոչուէին քահանաներու անձնական սենեակները ժամէն, առաջնակարգ պանդոկի մը սենեակէն աւելի հանգստաւէտ։

Խսմէթ ­ գսմէթ ­ բախտ

Ծ

Ծաղկիլ ­ բորբոսիլ

Ծափ ­ անուշի փոքր կարաս, թակոյկ

Ծափել ­ կիտուած կարասներու մէջ զետեղել

Ծկլել ­ ծակէ մը դիտել

Ծպտուն ­ ձայն, ճիչ (փոքր)

Կ

Կազէլ ­ եղնիկի ձագ

Կազէլ ­ ծանր ստեղի երգ մը

Կատոզ ­ տակառ

Կեավուր ­ անհաւատ

Կնտել ­ կունտ ընել ­ մազերը կտրել, որով գլխուն «կունտը» երեւան կ’ելլէ։

Կոխք ­ կոխուիլ ոգիներէն

Կոծիծ ­ սիսեռի, կաղինի մեծութեամբ ուռ

Կոնկոն ­ երկու հնչուն առարկայ իրարու զարնել եւ հեգնել պատահարի մը գայթակղութիւնը։

Կործիլ ­ գլորել մէկ կտոր

Կորտան ­ ուռած գորտի աչքի ձեւով

Կուճուկնալ ­ կարճընալ

Կռտող ­ արու անասունները որձատող

Կտտցնել ­ օգնել

Հ

Հագ տին ­ տառացի թարգմանութեամբ՝ արդար եւ իրաւ հաւատք։ Թուրքերը այդպէս կը սիրէին անուանել իրենց կրօնքը, լռելեայն բաղդատութենէ մը ետքը միաստուածեան միւս երկու կրօնքներուն։

Հապիկա ­ հէյպէ, պայուսակ, երկու աչքով, որ թամբին վրայէն կը ձգուի երիվարին երկու կողերը։

Հավան ­ սանդ

Հերիֆ ­ մարդ, բայց նախատական առումով

Հէվէնկ ­ խաղողի ողկոյզներու հիւսք

Հէօճէթ, թէմէսիւք ­ կալուածաթուղթերու արձանագրութիւնը պետական կտրօններու վրայ

Հէօտիւկ ­ անոպայ գեղացի։ Թուրքերը այդ տարազով կը նախատեն չտես հարուստներու անյաջող նրբամոլութիւնը։

Հընզըր ­ խոզ

Հինա զարնել, դնել ­ գունատու բոյսի մը փոշիով ծածկել հարսներու մատները։ Փոխաբերաբար՝ ուրիշին վիշտին դէմ բացայայտ հանդիսանք։

Հինել ­ «հէնքէն» հիւսել, փոփոխակ՝ հիւնել

Հոգիին խմշիլ ­ սպաննել

Հոգին անապատը գտնել ­ արժէք չտալ իր կեանքին

Հոյնել ­ հոսելիով ցորենը զատել յարդէն, փոխաբերաբար՝ խնամքով պրպտել, խուզարկել, առնել տանելու համար անդին

Հոռմի գրալ ­ յոյներու թագաւոր

Հովարտա ­ գոռոզ, ինքզինք տեսած անձ

Հուզուր ­ սուլթանին ներկայանալ մը

Ձ

Ձեռքը ծունկին հասնիլ ­ բարեկեցիկ ըլլալ

Ձի հեծնող աղջիկներ ­ սերունդ մը առաջ ամէն հարս ձիով կը պտըտէր փողոցներէն, ժամ պսակի գալու ատեն։

Ձողել կամ ձողտել ­ շերտ­շերտ փոկել մորթը. կաշին ձողիկի պէս բարակ կտրել

Ձգուլի - սոխակ

Ղ

Ղազա ­ հազա կամ ղազա, որմէ կազի. յանուն կրօնքի՝ մեծագործ աշխատաւոր ու յաղթական

Ճ

Ճաղ ­ վանդակ, փոխաբերաբար՝ դագաղ, որ երկու վանդակաշէն թեւերով կը յօրինուի։

Ճեհեննէմ ­ դժոխք

Ճթթու ­ հեծք. թռչունի ճիչ

Ճինիվիզ ­ ճենովական։ Որ թուրքերը կանխող գրաւումն է ծովեզերեայ կարգ մը բերդերու վրայ։ Տարազը ընդհանրացած է, թուրքերուն ծանօթ պարզապաշտութեամբը։

Ճիւպէ ­ վերարկու

Ճողել ­ թերեւս չուել, մեռնիլ

Ճուղապ ­ պատասխան

Ճփիկ ­ կոծիծով ու շարաւալից կոպեր ունեցող

Մ

Մազպաթա ­ տեղեկագիր

Մալէզ ­ խիւս (բայց լայն, ջուրոտ ըսուելու չափ)

Մամածակ ­ անհանճար, որ չի կրնար ոչինչ հնարել

Մամուկ­բուն ­ սարդոստայն

Մամուկել ­ լաչակով դէմքը այնպէս մը ծածկել, որ քիթ ու բերան ու աչքերը միայն ազատ մնան, բայց այտերն ու մազերը սքողուին։

Մանկալ ­ շարժուն կրակարան, պղինձէ կամ հողէ

Մաուզէր ­ գերմանական հրացան

Մաստ­ասեղ ­ վերմակ կարելու հաստ ասեղ

Մատը մոխիրը չթաթխել ­ չաշխատիլ բացարձակ

Մար ­ հիւսքի մը բաղկացուցիչ կտորները, որոնք քով քովի դրուելով՝ սաւան մը կը հանեն մէջտեղ։

Մեհրապ ­ խորուն

Մեճելլէ ­ թրքական օրինագիրքը

Մեսթ ­ հողաթափ

Մեսճիտ ­ փոքր մզկիթ

Մէվլեվի տերվիշ ­ դարձող տէրվիշներու կրօնական միաբանութիւն

Մերեթ ­ անէծքի բանաձեւ մը՝ անիծուիս

Մերհասա ­ այսպէս կը կոչուէին թեմերու վարիչ եկեղեցական առաջնորդները։

Մէկալլոնց ­ միւսներուն

Մէտտահ ­ շրջիկ պատմող, որ պալատական գայթակղութիւնները մատչելի կ’ընէ ամբոխին։

Միննէթի տակ մնալ ­ երախտիքը չփոխարինել

Միւէզզին ­ մինարէէն երգող

Միւլահազա ­ խնդրոյ մը շուրջ անձնական դիտողութիւններ

Միւճիւրիւմ ­ դատապարտուած, փոխաբերաբար՝ գեհենէն

Միւֆթի ­ ֆէթվա գրող բարձրաստիճան կրօնաւոր

Մոլ ­ որթին ճիւղերը՝ տերեւով միասին

Մոլլա ­ իսլամ կրօնաւոր

Մուգատա ­ տուրք, զոր վիճակային եկեղեցիները պարտաւոր էին վճարել թեմի առաջնորդարանին։

Մունտառ ­ շատ աղտոտ

Մուշտայ ­ կօշկակարի գործիք, որով կը տափկցնեն կաշին. ունի բթամատի մը ձեւ։

Մուրս ի վրադ ­ կատակախառն բանաձեւ անէծքի

Մռլոյ ­ արու կատու

Յ

Յամին ­ Դանիէլի գիրքը, որ կը սկսի «յամին»…

Ն

Նալէթ քէօր շէյթան ­ անէծք կոյր սատանին

Նախնական քրիստոնէական ­ Խ. Նար­Պէյի մէկ դասագիրքը

Նեռ ­ Յայտնութեան գիրքին մռայլ հերոսը, զոր ջարդերու մղձաւանջին մէջ մեր ժողովուրդը նոյնացուցած է հագարացի անօրէններու պետերուն հետ…։ Ծանօթ էր Կարմիր Սուլթանին իբր բացայայտիչ։

Նենէ ­ հանի

Նիյմէթտիտէ ­ երախտաւորեալ

Շ

Շար ­ բարակ հիւսքով մետաքսեղէն, որ թաշկինակի տեղ կը գործածուի եւ փեսաներուն ճիտը կ’օղակէ, խորհրդանշելով շատ բարակ, շատ գեղեցիկ, բայց անքակտելի լուծը։

Շարքի ­ ձգձգուն եղանակով սիրերգ

Շէշը պէշ տեսնել ­ առարկաները շփոթել

Շիլլին ներքեւը գալ ­ փոփոխակը՝ շիշլիին ներքեւը դնել ­ անէծքի ձեւեր, որոնց արտայայտած պատկերը կ’ոգեկոչէ այն շրջանները, երբ կտրուած գլուխը կը զետեղուէր իրանին ներքեւ իբր բարձ ու կը ծառայէր ցուցադրումի։

Շինիկ ­ քառորդ քիլէ

Շղւուն ­ նուրբ ու սլացիկ

Շիշտել ­ շիշ խոթել, շիշէ անցընել, խցանել

Չ

Չարք ­ գէշ ոգիներ

Չէմպեր ­ լաչակ

Չէքի ­ թրքական չափ՝ փայտ կշռելու

Չորպաճի ­ քրիստոնեան այսպէս կը յորջորջուի թուրք գեղերու մէջ։

Չպլախ ­ մերկ

Չրա ­ մարխ

Պ

Պալեա ­ վեզիրութեան աստիճան

Պահակ ­ երկու լեռներու միացման կէտին պետական շինուածք, ամրոց, ուր զինեալ ուժեր կը պահեն հաղորդակցութիւնը։

Պատիհոն ­ պատի մէջ փորուած դարան

Պարպութ ­ բախտախաղ, նարտին «քուետները» (սիրուն գրաբարը) նետել, զոյգ նստած պարագային շահելով կամ կորսնցնելով

Պէսի դնել ­ բուծանել

Պիսմիլլահ ­ յանուն Աստուծոյ

Պիւթիւն ­ ամբողջ

Պոզ ­ տան մանածէ հիւսուած հաստկեկ գոգնոց

Պորտա ­ մեծ դուռը բակին

Պուլամա ­ թանձրացած ռուբ

Պուպուկ ­ նոր, փոխաբերաբար՝ հարս

Պտղիլ ­ ոլոռնաձեւ ըլլալ

Պաուզ ­ (աչքին) բիբը

Ս

Սայպել ­ հեղուկ մը դէպի տեղ մը քշել

Սայվուն ­ բակրուտին տանիքը, որ կ’երկննայ մինչեւ տունին մարմինը։

Սաչու ­ այն նուէրը, միշտ հող կամ կալուած, զոր հարսին կեսրայրը կամ կեսուրը կ’ընէ հարսին, երբ ասիկա իր ոտքը կը դնէ առաջին անգամ էրկանը դուռը։

Սատանայի մօրուք ­ բորբոս, որ կ’աճի մգլած օդին մէջ, խոնաւ ու մութ նկուղներու անայց մասերուն։

Սելավաթ ­ հաւատափոխութեան տարազը

Սէլամլըգ ­ խալիֆային կողմէ կատարուած Ուրբաթի պաշտօնական աղօթքը

Սէրայը հիւմայուն ­ կայսերական պալատ

Սէվապ ­ խեր ընել

Սիւննէթ ­ թլփատում (ու ատոր հանդէսը)

Սիւրմէլի ­ ծարիրուած

Սիֆթահ ­ օրուան առաջին առուտուրը, որ օրուան նկարագիրը կը պարունակէ ըստ աւանդութեան։

Սուտ­պլորիկ ­ ոսկեգոյն թիթեղ` կլոր ու փորագրուած, պատրանքը տալով ոսկի դրամիկներու

Սոֆթա ­ կիսաւարտ ուսանող կրօնական դպրոցներու, նաեւ՝ իսլամ կրօնաւոր

Սրջիլ ­ շրջիլ, կղմինտրները վերիվարել

Վ

Վագըֆ ­ կրօնական եւ բարենպատակ հաստատութեանց նուիրուած անշարժ կալուածներ, որոնք կը կառավարուէին պետութենէն անջատ մարմիններէ։

Վալա ­ տանհիւս սփռոց

Վալիտէ ­ մայր։ Որոշ տարիքէ մը վերջ կինը մայր է թուրքերուն մէջ։

Վանք ­ այսպէս կը կոչուէին ազգային առաջնորդարանին շէնքը եւ պատնէշը։

Վար­վարէթ - կալուած

Վարձք ­ վարձատրութեան արժանի. լաւ կեանք

Վեսելամին ամին ­ տեսակ մը վերջաբան՝ «ողջունիւ ամէն»

Վիլայէթ ­ նահանգ

Տ

Տաիրէ ­ դիւան

Տաղել ­ խարանել

Տամէճան ­ մեծփոր շիշ, խսիրէ փաթաթով, զանազան մեծութեամբ, օղիի եւ գինիի

Տաշտի­քերուկ ­ վերջին զաւակը։ Կը փոխաբերուի, խմորի տաշտէն քերուկով մէջտեղ բերուածը։

«Տարերք» ­ Հ. Ա. Կ. Բագրատունիի քերականութեան մէկ դասագիրքը

Տավի ­ դատ

Տեղան ­ անկողին

Տեսթէ պաշի ­ տրցակին գլխաւորը

Տէյպատուն ­ դպրատուն

Տէնշէթ ­ (թուրքերէն) սոսկում, փոխաբերաբար ՝ ամրացուցիչ

Տիւան ­ գետնէն քանի մը թիզ բարձր բազմոց, մահճաձեւ, բայց շատ լայն

Տիվանէ ­ խենթ, բայց փաղաքուշ առումով

Տկուք ­ հասնելէն առաջ թափած ձիթապտուղ, որ եղցու է։

Տոժկիլ ­ ճախնային ջուրերուն յատակէն վեր կանաչորակ պղպջակում

Տոլ ­ մէջը պարապ դդում, որուն կեղեւը կը փայտանայ։

Տորպա ­ շիտակ զրուցող

Տուզ ­ տասներկու աչքնոց տամայի տախտակ

Տամ չաւուշ ­ բանտի պետ

Տամ ­ տանիք, փոխաբերաբար՝ անոր տակինը, սենեակ, ուրկէ եւ բանտ

Ց

Ցախ ­ թթենիի չորցած խռիւներ, որոնք շերամներու տակէն կը վերցուին ու կը դրուին պարտէզները, աղբի համար։

Փ

Փարթ ­ փորոտիք. որովայնին պարունակութիւնը, գլխաւորաբար՝ աղիքները

Փարթը բերնին ­ ծնելու մօտ

Փէյլիվան ­ ըմբիշ

Փիր ­ արհեստի մը ծագումին պահապան ու անոր աճումին հսկող ոգի

Փնճան ­ ֆինճան, սուրճի գաւաթ

Փոթորիկի դէմ կորկոտ հովել ­ վտանգաւոր, բայց անպտուղ ձեռնարկ

Փոր ­ փորել. բրիչով հողի գուղձերուն մանրումը, ամառուան կէզէն ետքը

Փուր ­ մեծ ձուկերու թեփ

Փուրաս ­ սոխազգի մը, պրաս

Ք

Քահանայ փախցնել ­ աճպարարութիւն

Քաղաքային վարժարան ­ թուրքերը այդ վարժարանները կ’անուանէին միլքիէ. անոնց մէջ կը պատրաստուէր վարչական մեքենային համար անհրաժեշտ պաշտօնէութիւնը։

Քէլպ - շուն

Քէշֆ ­ քննութիւն. պետական քննութիւն կատարուող՝ դիակի մը, հրդեհի մը, կասկածելի մահի մը պարագային

Քէօլէ ­ ծառայ, բայց հին իմաստով, ուր յստակ է երանգը ստրուկի

Քիպար ­ ազնուական ու բարեկիրթ

Քիրիզմէ ­ հողը մարդահասակ փողել, տակի խաւերը, կոյս, փոխարինելու համար երեսին մաշած խաւերով

Օ

Օնպաշի ­ տասնապետ

Օրթա օյին ­ սենեակի խաղ

Ֆ

Ֆախիր­ֆուխարա ­ աղքատներ

Ֆէթվա ­ դատավճիռ, զոր միւֆթին կու տայ շէրիաթի օրէնքներուն համեմատ, հողային եւ ուրիշ հարցերու շուրջ։

Ֆեսատ, միւզիր, քոմիթաճի ­ շարք մը ածականներ, որոնք յեղափոխական բառը կը փոխանորդեն թուրքերու բերնին։

Ֆէրաճէ ­ թուրք կիներու պարեգօտ

Ֆլորա ­ բուսականութիւն

ՀԱՅԵՐԷՆ ԲԱՌԵՐ

Ա

Աբեթ ­ դիւրավառ նիւթ մը

Ագուգայ ­ քարէ կամ թրծուած աղիւսէ խողովակ, փողրակ

Ագռմէջ ­ երկու սրունքներուն մէջտեղը

Ախտաժէտ ­ հիւանդ, ցաւագար, ախտալից

Ականողիք ­ աչք, աչքեր, տեսանելիք

Ակիշ ­ եռանկիւն բերանով երկաթի կտոր մը, որուն կոթը երեսուն սանթիմեթր երկարութիւն ունի։

Աղաւորել ­ հիւրասիրել, լաւ պայմաններու մէջ ու գոհունակ ճամբու դնել։ Փոխաբերաբար՝ մահուան ներկայանալ յարդարանքը լրացուցած։

Աղցան ­ խաշած կամ հում բանջար, նաեւ՝ աղով ու քացախով պատրաստուած բանջարեղէն ուտելիք

Աղցաւոր ­ կարիքաւոր

Աղօն ­ աղուն, աղալու համար պատրաստուած ցորեն

Աճուկ ­ մարմնի փոս ինկած մասը, որովայնին եւ ազդրերուն միջեւ

Աճռել ­ տրորել

Ամբարհաւաճ ­ ամբարտաւան, գոռոզ, խրոխտ

Ամենակար ­ ամենակարող

Ամորձիք ­ տղամարդոց եւ արու կենդանիներու սերմնանօթները

Այլընդայլոյ ­ վայր ի վերոյ, խառնակ, այլայլած, աղաւաղուած

Այտուց ­ ուռոյց, բուշտ

Անագորոյն ­ անգութ, դաժան, անողորմ

Անժուժելի ­ անհանդուրժելի, անըմբռնելի

Անողոքելի ­ խիստ, ան՝ զոր կարելի չէ հանդարտեցնել

Անտիական ­ երիտասարդ, նորահաս, տղայական

Անքոյթ ­ խաղաղ, ապահով, անվրդով

Անգայտ ­ նօսր, թեթեւ, ցանցառ

Անգոսնել ­ արհամարհել, ականջ չդնել, պարսաւել, քամահրել, անարգել

Անդաճել ­ քննել, խորհրդածել, մտմտալ, տարակուսիլ

Անուր ­ փայտէ կամ երկաթէ օղակ, զոր կ’անցընեն ընդհանրապէս անասուններուն վիզը, զսպելու նպատակով

Անպարագիծ ­ անսահման, անեզր, անծիր

Աշխել ­ համը փոխել, թթուիլ

Աչքըլածութիւն ­ նախանձախառն կծծութիւն

Ապաշաւ ­ զղջում, ստրջանք, ափսոսանք

Ապերասան ­ անզուսպ, անսանձ, երասան չունեցող

Ապիրատ ­ անիրաւ, անարդար, չար

Ապշոպել ­ շորթել, շպրտել

Ապրշում ­ մետաքս, մետաքսաթել, մետաքսի պէս փափուկ

Առաթուր ­ ոտքի տակ կոխկռտելով

Առէջ ­ ոստայնի երկարութեամբ ձգուող թելերու շարք, հէնք

Առէք ­ շրջուն փերեզակ

Առհաւութիւն ­ պապենական կամ նախնիներէն ժառանգուած բարոյական որեւէ յատկութիւն

Առնի ­ տղամարդու սեռական անդամ

Առք ­ հմայք, շուք, փառք

Ատրաշէկ ­ շիկացած

Արբշռանք ­ գինովութիւն, շռայլութիւն, զեխութիւն

Արիւնազանգ ­ արիւնլուայ, արնաշաղախ, արիւնաթաթախ, արիւնռուշտ, արիւնախանձ

Արմանք ­ զարմանք, զարմանալի բան

Արջասպ ­ մետաղական աղբ, որ կը կիրարկուի արդիւնագործութեան մէջ։ Նաեւ՝ այգիներու բժշկութեան մէջ։

Ափյափոյ ­ թեթեւակի, յանպատրաստից

Բ

Բաբան ­ հին ժամանակներու պատերազմական գործիք, որով մեծ քարեր կը նետէին թշնամիներուն վրայ կամ պարիսպներ կործանելու համար։

Բանդակ ­ եռացնելով թանձրացած պտուղի հիւթ, մուրապա

Բարուրանք ­ պատճառաբանութիւն, պատրուակ

Բիժ ­ իւղային դեղնորակ հիւթ, որ դուրս կու գայ աչքերէն, ճպուռ

Բոհրել ­ տապակի մէջ խորովել, խարկել, աղանձել

Բողկուկ ­ նոր բուսնող եղջիւր

Բոր ­ մորթի վարակիչ հիւանդութիւն

Բրաբիոն ­ շուշանակերպ, անուշաբոյր ծաղիկ

Գ

Գառագեղ ­ վանդակ, արգիլելու տեղ, բանտ

Գաւ ­ գինին պահելու կաւէ աման

Գզիր ­ կնիւն, խսիր հիւսելու նիւթ

Գէջ ­ թաց, խոնաւ

Գոլ ­ տաքութիւն

Գոնջ ­ խեղանդամ, հաշմանդամ, քոսոտ, բորոտ, արատաւոր

Գոշ ­ ան, որուն մօրուքը դժուար կը բուսնի, քարձ

Գուբ ­խորունկ փոս, հոր, գերեզման, փ ոխաբերաբար՝ անօթ

Գուգուկ ­ զոհուիլ զաւակներուն պատիւին համար

Գուլ ­ բութ, ոչ­սուր

Գուղձ ­ հողի կոշտ, բուռ մը հող

Գունջ ­ գնչու, թափառական ցեղ

Գուպար ­ կռիւ, պատերազմ, ոգորում, մենամարտ

Գուռ ­ քարէ կամ փայտէ փոքր աւազան՝ աղբիւրներու առջեւ

Գրիւ ­ չափ մը

Գրոց ­ պողպատէ սրածայր գործիք՝ մետաղներու վրայ փորագրութիւններ կատարելու համար, ն աեւ՝ գիրքերէ քաղուած, գրականութեան յատուկ

Գօս ­ չոր, կանաչութիւնը կորսնցուցած

Դ

Դահանալ ­ թարմութիւնը կորսնցնել, ծերանալ, պառաւնալ, հիննալ, գունաթափիլ

Դար ­ բարձրաւանդակ, լեռնալանջ

Դենպետ ­ զրադաշտական կրօնի պետ, կրօնապետ

Դերբուկ ­ քարքարուտ տեղ, խորտուբորտ, անհարթ

Դէտ ­ դիտող, վերահսկիչ, տեսուչ

Դժպհի ­ անհաճոյ, ատելի

Դոնդող ­ մածուցիկ, թանձր ու դողդողացող նիւթ, ինչպէս լերդացած արիւն

Դուզնաքեայ ­ փոքր, չնչին, թեթեւ

Դուր ­ հիւսնի երկաթէ գործիք՝ փայտ փորելու ծառայող

Ե

Եղջերուաքաղ ­ ցնորական, ոչ իրական, անհիմն գաղափար

Երախակալ ­ սուրը բռնելու տեղ, կոթ

Երանկ ­ փայտէ ոտնաման

Երանք ­ ծունկին եւ սրունքներուն մէջտեղը, աճուկ, ազդրերու միացման տեղը

Երաշխէպ ­ վէրք, հարուած, չարչարանք, վիշտ

Երիթացած ­ հալումաշ եղած, նիհարցած

Երինջ ­ երրորդ տարու էգ հորթ

Երկանաքար ­ ջրաղացի քար, երկանք

Երկրամայր ­ հողի մէջ ապրող ճճիներու ընդհանուր անուանում, նաեւ՝ խոնաւ տեղեր ապրող օղակաւոր որդ, անձրեւորդ

Զ

Զազիր ­ գարշելի, զզուելի, կեղտոտ, անբարոյական

Զահանդել ­ զարհուրիլ

Զաղփաղփուն ­ խախուտ, թոյլ, անվաւեր, սխալ

Զառածիլ ­ մոլորիլ, խոտորիլ դէպի վատը

Զարթխում ­ այն դրութիւնը, որուն մէջ մարդ կ’արթննայ գինովութենէն ետք, մախմուր

Զկծեցուցիչ ­ կսկծեցնող

Զոփալ ­ սարսռալ, դողդղալ

Զռինչ ­ զռոց, իշուն զռալը

Զօշաքաղ ­ ապօրինի կերպով դրամ դիզող

Է

Էտինք ­ ետինք, իրիկնապահ, իրիկնաժամ

Ը

Ընդոծին ­ բնածին

Ընդոտնել ­ ոտնակոխ ընել, ոտքի տակ առնել, արհամարհել

Ընչաւէտ ­ հարուստ, ճոխ, փարթամ

Թ

Թաթառ ­ ծովէն ելած թաթի ձեւով ամպ, մշուշ, նաեւ՝ մրրիկ

Թակաղ ­ փայտէ փոքր թակ՝ եկեղեցւոյ կոչնակը զարնելու ծառայող

Թակոյկ ­ կաւի աման՝ ջուրի կամ գինիի համար

Թարմատար ­ յետին, փուճ, անպիտան, աւելորդ

Թաւարծի ­ թաւ մազերով ծածկուած, թաւամազ, բրդոտ

Թերմաշ ­ կիսամաշ, ամբողջովին չմաշած

Թնծկալ ­ թնթնալ, կաղկանձել

Ժ

Ժժմակ ­ միջատ, ճճի, որդ։ Նաեւ՝ խառնիճաղանճ, խաժամուժ, ամբոխ

Լ

Լամուկ ­ թուրքի կամ քիւրտի զաւակ

Լանտօ ­ տեսակ մը կառք, զբօսնելու համար

Լափլիզող ­ լափել, լիզել, ամէն ինչ կլանել, ոչնչացնել

Լիսեռ ­ օղամանեակ, բոլորակ կաշի կամ փայտի կտոր, զոր կ’անցընեն իլիկին ծայրը

Լկամ ­ սանձ

Լորտու ­ անթոյն օձերու ցեղին պատկանող օձ

Խ

Խալկին ­ ճաշի համար կառուցուած պղինձէ կաթսայ, որ կը գործածուէր նաեւ օղիի թորման համար։

Խայտաճամուկ ­ գոյնզգոյն

Խայտուտ ­ խայտաբղէտութիւն, պուտ­պուտ գիծեր մարմնին վրայ

Խաւարտ ­ աղուամազոտ, խաւոտ, խաւարծի

Խեցեվճիռ ­ դատավճիռ

Խեփոր ­ պատեան

Խոռ ­ ծակ, փոս, ծերպ

Խորասան ­ խորասանի, բոյս մը

Խորխ ­ լորձնային նիւթ, խուխ

Խուժ ­ բարբարոս, անգութ, վայրենաբարոյ

Խռուային ­ խռիւի պէս, չոր, ցամաք

Խստապարանոց ­ ան, որ պինդ պարանոց ունի, անսաստ, յամառ

Խօթութիւն ­ հիւանդութիւն, տկարութիւն

Կ

Կանխահոգ ­ սկիզբէն հոգ տանող, զգուշացնող

Կապալառու ­ ան, որ կապալով կը ստանձնէ որեւէ աշխատանք։

Կարանել ­ կարել, կցել

Կարկահ ­ դերձակի սեղան

Կարկեհան ­ թանկագին քար՝ նռան գոյնով

Կարժ ­ կաժ, բուրդէ կամ բամպակէ թելի փաթաթ

Կարժառ ­ քմահաճ, կամապաշտ

Կաւատ ­ պոռնկութեան միջնորդ, խօսք տանող­բերող

Կափուցանել ­ փակել, գոցել

Կեղ ­ հիւանդութիւն

Կեռ ­ ծուռ, կոր, կարթի կեռի պէս կոր երկաթ, զոր պատին կը գամեն՝ վրայէն իրեր կախելու համար։

Կոկոզ ընել ­ ոտքերուն վրայ մարմինը ծալել

Կոճ ­ կոճղ

Կոն ­ երկրաչափական գործիք

Կորդ ­ խոպան, պինդ, թանձր

Կորզակ ­ պողպատէ տախտակ՝ աստիճանաբար փոքրացող ծակոտի կ ներով

Կործել ­ շրջուիլ, շուռ տալ

Կուճուկ ­ կարճուկ

Կռտել ­ մալել, ներքինիացնել

Կտղուց ­ սեռական սաստիկ գրգռութիւն, տռփանք

Հ

Հալաւ ­ զգեստ, սպիտակեղէն, ն աեւ՝ դաշտան

Հաղբ ­ թակարդ, որոգայթ

Համայիլ ­ կախարդական աղօթքներու տարազը պարունակող կաշեպատ թուղթեր, զորս մարմնին վրայ պահողը զերծ կը մնայ չար աչքէ։

Համբակ ­ թերուս, թերավարժ, իմաստակ

Հասաբեր ­ հասութաբեր

Հարկինք ­ կոչունք, հրաւէր, հացկերոյթ, խնճոյք

Հարցուկ ­ վհուկ, կախարդ, գուշակ

Հաւ ­ մեծ հայր

Հեղիւսել ­ իրարու մէջ անցընելով՝ կցել, բեւեռել

Հեղութիւն ­ արիւնահեղութիւն

Հերատուկ ­ ցոփ, խենէշ, պոռնիկ, անամօթ, լկտի, անպատկառ

Հերձել ­ ճեղքել, պատռել, երկու մասի բաժնել

Հերու ­ անցեալ տարի

Հէնք ­ հիւսուածք, հիմ, էութիւն, խորք

Հուղկահար ­ աւազակ, կողոպտիչ

Հորդա ­ գազաններու խումբ, ոհմակ, փոխաբերաբար՝ աւազակախումբ, հրոսախումբ

Հորձք ­ կիրքի յուզում, եռանդ

Հրիտակ ­ ժառանգութիւն

Ձ

Ձառադէմ ­ խոժոռ, տգեղ դէմքով

Ձար ­ ձիու պոչի եւ բաշի մազ

Ձեւընկալ ­ կերպընկալ

Ղ

Ղենջակ ­ գոգնոց, սփածանելի, սրբիչ, երեսսրբիչ

Ղեւտացի ­ Ղեւի սերունդէն, հրեաներու քահանայից դասուն պատկանող քահանայ

Ճ

Ճահաւոր ­ տեղին, պատշաճ, յարմար

Ճախին ­ ճահիճ, ճախճախուտ

Ճայրոտ ­ մթագնած, շլացած, տկարացած (աչք)

Ճապղիլ ­ ճապաղիլ, տարածուիլ, սփռուիլ

Ճարմանդ ­ զգեստի մը երկու մասերը իրարու միացնող օղակ եւ կոճակ

Ճենճ ­ ճարպային կամ իւղային նիւթ

Ճետ ­ սերունդ, զաւակ

Ճոկան ­ կեռ ծայրով ցուպ, գաւազան՝ իբրեւ իշխանութեան նշան

Մ

Մալել ­ կռտել, ներքինիացնել

Մալուխ ­ հաստ չուան, ն աեւ՝ փայտէ սրածայր գործիք

Մախաղ ­ բարակ կաշիէ փոքր տոպրակ՝ պաշարի համար

Մածուցիկ ­ կպչուն, փակող

Մակաղիլ ­ ոչխարներու տեղ մը հաւաքուիլը՝ հանգստանալու համար

Մաղաղկուն ­ մտածկոտ, մտախոհ, թմրած

Մամուկ ­ անորոշ տեսակի խոտ, ն աեւ՝ սարդ

Մաշարայ ­ ածու, ն աեւ՝ թոքերու հիւանդութիւն

Մարագ ­ յարդանոց

Մարդախոշոշ ­ արիւնարբու, արիւնահեղ

Մարմաշ ­ բարակ կտաւ, շղարշ

Մեգերայ ­ դժոխքի երեք կատաղի աստուածուհիներէն մէկը, որ կը բնակէր տարտարոսի մէջ եւ պաշտօն ունէր մարդկային ոճիրները պատժելու։

Մոյթ ­ նեցուկ, յենարան

Մոյնք ­ վայելչութիւն, բարեձեւութիւն, տեսք

Մռել ­ խօսք լսել, հնազանդիլ, հլու ըլլալ

Մտրուկ ­ իշու կամ ձիու քուռակ

Մօրու ­ խորթ մայր

Յ

Յածիլ ­ շրջիլ, թափառիլ

Յակճիռ ­ ականջ դնել

Յանկուցիչ ­ գրաւիչ, առինքնող

Յիշոց ­ լուտանք, նախատինք, հայհոյանք

Յովտ ­ եբրայական այբուբենի մէկ գիրը, ամենափոքրը

Յունապի ­ դժնիկազգիներու ընտանիքին պատկանող փշոտ ծառ ` ուտելի

պտուղներով

Յօրանալ ­ ուտելով յղփանալ, գիրնալ, սոնքալ

Ն

Նամէտ ­ խոնաւ, թաց

Նաշիհ ­ ընտիր՝ բարակ ալիւր, ճերմակ ալիւր

Նաւակատիք ­ հիմնարկէք, բացման հանդէս, մեծ տօներու Շաբաթ օրը

Ներկուռ ­ խիտ, լաւ կռուած

Նկարէն ­ գոյնզգոյն, խայտաճամուկ

Շ

Շաղապատել ­ փաթաթել, հիւսել

Շաղիղ ­ միս, հում միս, մորթուած կամ սատկած կենդանիի մարմին, դիակ, լէշ

Շամբուտ ­ եղէգնուտ, եղէգով ծածկուած տեղ

Շարաւ ­ փտած արիւնով թարախ

Շնծեր ­շնացող, ցանկասէր, վաւաշոտ ծերունի

Ո

Ոզոր ­ երկայն ու դիւրաթեք թուփ մը

Ողն ­ ողնաշար, ողնաշարը կազմող ոսկորներէն ամէն մէկը

Ողջունձեւել ­ խորհրդածել, ծրագրել, նպատակադրել

Ոյծ ­ պաղ հով, սառած դրութիւն

Որոջ ­ էգ գառ

Ուռնակ ­ դրան արտաքին երեսին վրայ մետաղեայ լծակ, որով դուռը կը բախեն, փոքր մուրճ

Ուտիճ ­ փայտակերներու ցեղին պատկանող փոքր միջատ

Ուրդ ­ առու, նոյն առուով հոսող ջուր

Չ

Չուառ ­ թշուառ, խեղճ, ողորմելի, դժբախտ

Պ

Պաղլեղ ­ քիմիական աղ

Պաղշտկիլ ­ զովանալ

Պանդոյր ­ ապուշ, անխելք, յիմար

Պապաջուն ­ շողշողուն, անապակ

Պապուկ ­ խեղճ ծերուկ, ծ եր մուրացիկ, ն աեւ՝ անորոշ ցեղի մոխրագոյն միջատ

Պառականի ­ որսի շուներու խումբ, երէներ որսալու ցանց

Պարապնդել ­ ամէն կողմէ ամրացնել

Պարապուրդ ­ արձակուրդ

Պարկենք ­ պատկեր, պատկերի պէս գեղեցիկ

Պարոնտատ ­ կեսրայր

Պարտկել ­ ծածկել, սքողել

Պատրել ­ խաբել, մոլորել

Պինչ ­ քիթի ներքեւի փափուկ ու լայն մասը

Պղերգ ­ հեղգ, ծոյլ

Պող ­ վառող կրակ

Պողովատիկ ­ պողպատէ սուր, պողպատեայ

Պուկ ­ կոկորդ, որկոր

Պուկի ­ կախարդական տարազով մարդերը իրարու կապող խորհրդաւոր արարողութիւն, կախարդանք

Պուտուկ - կաւէ աման, կճուճ

Պտուկ ­ ծառերու վրայ՝ ապագայ բոյսին սաղմը պարունակող բջիջ, ն աեւ՝ ս տինքին բարակ ծայրը

Ջ

Ջլթիկ ­ փողոցային, անպատկառ, անբարոյական կին կամ աղջիկ

Ջրդեղել ­ երկաթին ջուր տալ՝ կարծրացնելու համար

Ռ

Ռահահորդ ­ ճանապարհորդ, ուղեւոր

Ս

Սամոյր ­ կզաքիսներու ցեղին պատկանող կենդանի՝ յարգի մորթով

Սանդարամետ ­ վիհ, ալք, անդունդ, դժոխք, ն աեւ՝ երկրի ոգի, Արամազդի դուստրը կամ հարսը՝ զրադաշտական կրօնքի մէջ

Սարուած ­ սարք, գործիք, անօթ, կազմած, սպաս, հանդերձանք

Սեռն ­ հարազատ, անխառն, պարզ, յստակ, զուտ, անապակ

Սուտակասպաս ­ կեղծաւոր, շողոքորթ, մարդահաճոյ

Սպառսպուռ ­ ամբողջովին, բոլորովին

Սպասորեար ­ սպասաւորներու խումբ

Ստամբակ ­ ըմբոստ, խռովարար, ապստամբ, կռուասէր

Ստաշխ ­ անուշահոտ նիւթ՝ կնդրուկի նման

Ստերջ ­ ամուլ, չբեր

Ստրջանք ­ զղջում, ապաշաւ

Վ

Վակաս ­ խոյր, թագ, պսակ, ուսնոց

Վամփիր ­ մեռել, ուրուական, արիւնարբու

Վաշխ ­ ապօրինի տոկոս

Վաչ ­ թափառաշրջիկներու կողմէ օգտագործուած սայլ

Վարատական ­ տեղահան եղած, աստանդական

Վարշամակ ­ թաշկինակ, սրբիչ, դաստառակ, ապարօշ, խոյր

Վարսել ­ գետինը խոթել, պատին գամել

Վաւաշ ­ ցանկասէր, վաւաշոտ, բղջախոհ

Վերնոց ­ տան վերեւի վանդակապատ մասը

Վերտ ­ խիտ հիւսուած, ոլորուն, ն աեւ՝ շրջան, պտոյտ

Վեցհազարեակ ­ Վեցհազարեայ, կախարդութեան եւ հմայութեան գիրք

Վին ­ լարաւոր նուագարանի տեսակ մը

Տ

Տախտապարել ­ գետնի վրայ պառկեցնել, փռել, տարածել

Տաղտապուն ­ նեղութիւն, տագնապ, տառապանք

Տարտարոս ­ դժոխքի խորերը Աստուծոյ դէմ մեղանչողներուն յատկացուած տանջարան

Տափան ­ երկրագործական սարք, որով կը տրորեն վարած ու ցանուած արտին երեսը՝ սերմը հողով ծածկելու համար

Տճկոր ­ ուռչիլ, տճկիլ

Տոլ ­ ջրաման՝ կարծր կեղեւ ունեցող դդմազգի բոյսէն, սնամէջ դդում

Ց

Ցրեխ ­ փշուր­փշուր, ջարդուփշուր

Փ

Փակեղ ­ գլխու փաթթոց, վեղար

Փաղաղ ­ տոչորուն, այրում

Փաղաղել ­ բոցակիզել, այրել, լափել, բզկտել

Փայլատ ­ անփայլ

Փարախ ­ ոչխարներու պատսպարուելու տեղ, գոմ

Փղշտացի ­ Պաղեստինի հարաւարեւելեան կողմը ապրած հին ժողովուրդ, փ ոխաբերաբար՝ անկիրթ, սահմանափակ, աշխարհահայեացք չունեցող ժողովուրդ

Փողրակ ­ թրծուած կաւէ խողովակ, ջուրի անցք

Փորըշակ ­ չարագուշակ, ուրկէ մահ է ելած, դժբախտութիւն բերող

Փցուն ­ պիղծ, գարշելի, վայրենաբարոյ, կոպիտ

Ք

Քակոր ­ անասուններու չորցած աղբ

Քահնել ­ քաղնել, քաղհանել, վայրի բոյսերը ցանքին մէջէն քաղել­ հ անել

Քաղցու ­ նոր ճմլուած խաղողի հիւթ

Քայռ ­ մանեակ

Քարճիկ ­ երիկամունք

Քերծէ ­ որսի շուն

Քթան ­ կտաւ

Քուղ ­ ոլորուած դերձան, թել, բարակ չուան, առասան

Քռթած ­ կարկտած

ՖՐԱՆՍԵՐԷՆ ԲԱՌԵՐ

A

Արոմ ­ arôme ­ բոյր

Արկօ ­ argot ­ գողերու, մուրացկաններու լեզու

Ալշիմի ­ alchimie ­ քիմիագիտութիւն

Ափարթըման ­ appartement ­ յարկաբաժին

Աբուգաթ ­ avocat ­ փաստաբան

Արթիսթիք ­ artistique ­ արուեստագիտական

B

Պաթըրի ­ batterie ­ բարթ

Պարտ ­ barde ­ձիու լանջապան

Պապուլա (ogree) ­ մարդակեր, ճիւաղ

Պոմպա ­ bombe ­ ուժանակ, ռումբ

Պոա ­ boa ­ վիշապ

C

Քոլորի ­ coloris ­ գոյներու խառնուածք

Շիմիսթ ­ chimiste ­ քիմիագէտ

Courbe ­կոր գիծ

Գուզէն ­ cousin ­ զարմիկ

Շալէ ­ chalet ­ հիւղակ, ամարանոց

Քլիշէ - cliché ­ կաղապար, մաշած խօսք

Շմինէ ­ cheminée ­ ծխնելոյզ

Գատաստրօ ­ cadastre ­ կալուածատոմար (հասարակաց)

Սիմանթ ­ ciment ­ շաղախ

Քափիթիւլասիւոն ­ capitulation ­ հաշտութիւն, իրաւախոհութիւն

Candeur ­ միամտութիւն

Confort ­ հանգստաւէտութիւն

Շարլաթան ­ charlatan ­ խաբեբայ

Chérie ­ սիրելի

Chose à retenir ­ միտք պահելիք բաներ, կարեւոր հարցեր

Coma ­ մահաքուն

Catéchisme ­ քաթեշիզմ, քրիստոնէական ուսուցում, սիստեմ

Քորսաժ ­ corsage ­ սեղմիրան

Քոմիթէ ­ comité ­ կոմիտէ, յանձնախումբ

Քատրօ ­ cadre ­ շրջանակ

Շալ ­ châle ­ ուսերու վրայ առնելիք բրդեղէն, կտոր

Քազինօ ­ casino ­ զբօսարան, բախտախաղի յատուկ վայր

D

Dérouter ­ ճամբէն մոլորեցնել, շուարեցնել, շեղեցնել

Տէմակոկ ­ démagogue ­ ամբոխավար

Տիսիփլին ­ discipline ­ կարգապահութիւն

Տեքոր ­ décor ­ զարդարանք, յարդարանք

Տէվի ­ dévis ­ նկարագիր, խօսք, զրոյց

Տոքիւման ­ document ­ փաստաթուղթ

Տրամ ­ drame ­ ողբերգութիւն, տրամ

Տուզինա ­ douzaine ­ երկվեցեակ, երկոտասնեակ

Տինամիթ ­ dynamite ­ ուժանիւթ, պայթուցիկ

Տիլէթանթ ­ dilettante ­ արուեստասէր

Տիալէքթիքա ­ dialecte ­ տրամախոհութիւն

E

Էսթէթիք ­ esthétique ­ գեղագիտութիւն, գեղագիտական

Էթիքէթ ­ étiquette ­ գիր, թղթիկ, պիտակ, ն աեւ՝ վարուելակերպի եղանակ, ձեւ

Էկզէմա ­ égzema - մորթային բորբոքում

Էկզոթիք ­ exotique ­չնաշխարհիկ, տարաշխարհիկ

Էֆէ ­ effet ­ տպաւորութիւն, ազդեցութիւն

F

Ֆորմա ­ forme ­ ձեւ

Ֆապրիքա ­ fabrique - գործարան

Ֆանթասթիք ­ fantastique ­ երեւակայական, ցնորական

Ֆաքիւլտէթ ­ faculté ­ համալսարանի մասնաճիւղ

G

Gage ­ գրաւ, գրաւական

Ժէնի ­ génie ­ հանճար

Ժեսթ ­ geste ­ կեցուածք

Կալվանիզէ ­ galvaniser ­ է լեկտրականացնել, գրաւել

Կալոն ­ galon ­ հեղանիւթերու չափ մը

Ժանտարմա ­ gendarme ­ ոստիկան

Կաֆ ­ gaffe ­ անտեղի եւ սխալ արտայայտութիւն

Կրանիթ ­ granite ­ որձաքար

H

Hallucination ­ զգայախաբութիւն

Իսթէրի ­ hystérie ­ ջղային վիճակ

I

Էնթրիկ ­ intrigue ­ հնարք, խաղ, դարձուածք, հանգոյց

Intuition ­ բնազդ, ներհայեցողութիւն

Incubation - թուխսի շրջան, ն աեւ՝ գաղափարներու խմորման երկարատեւ շրջան։

J

Ժուռնալ ­ journal ­ օրագիր, լրագիր, ն աեւ՝ մատնութեան թուղթ

L

Լեգէոն ­ légion ­ զօրագունդ, փաղանգ

Լիտր ­ leader (անգլ. ) ­ առաջնորդ, ղեկավա ր

Լուքս ­ luxe ­ շքեղութիւն, պերճանք

Լիպերալ ­ liberal ­ ազատական

Le retour éternel ­ յաւիտենական վերադարձը

M

Մեգերայ ­ mégère ­ չար ու ջատուկ կին

Մեթոտ ­ méthode ­ աշխատանքի եղանակ, ոճ, կանոն

Միազմա ­ miasme - ժահաբոյր, ճահճային հոտ

Մարքա ­ marque ­ նշան, դրոշմ

Մաթ ­ mat ­ անփայլ (mât ­ կայմ)

Միսթիսիզմ ­ mysticisme ­ խորհրդապաշտութիւն

Մոնոկրամ ­ monagramme ­ սկզբնատառեր

Միւզէօմ ­ museum (անգլ. ) ­ թանգարան

Մոթիֆ ­ motif ­ պատճառ, շարժառիթ

Մանտաթ ­ mandat ­ լիազօրագիր, հովանաւորութեան իրաւասութիւն

Մէտիում ­ médium ­ճամբայ, կերպ, հնարք, միջնորդ

Մարշ ­ marche ­ ընթացք, քայլերգ

Մէզրօ ­ mesure ­ չափ, քանակ

Մանշէթ ­ manchette ­ խորագիր վերտառութիւն, ն աեւ՝ թեւնոց

Միմիք ­ mimique ­ մնջկատակութիւն, դէմքի շարժումներով հասկցնելու արուեստ

Միսթեռ ­ mystère ­ խորհրդաւորութիւն

N

Նոթա ­ note ­ յուշագիր, ձայնանիշ

O

Օրեան ­ Orient ­ Արեւելք

P

Փլան ­ plan ­ յատակագիծ

Պրոպականտ ­ propagande ­ քարոզչութիւն

Փարատ ­ parade ­ ցոյց, տողանցք

Փաթէթիք ­ pathétique ­ կարեյոյզ

Փարտըսիւ ­ pardessus ­ վերարկու

Փերիֆրազ ­ periphrase ­խօսքերու դարձուածք, շրջաբանութիւն

Փոլիթիքա ­ politique ­ քաղաքականութիւն

Փոնսիֆ ­ poncif ­ սովորական բան, հասարակ ձեւ

Փաթրոն ­ patron ­ գործատէր

Փրիմօ ­ primo (լատին. ) ­ առաջին

Փրոպլէմ ­ problème ­հարց, խնդիր

Poseur ­ մեծութիւն ծախող

Փոլիս ­ police ­ ոստիկան։

R

Reflexe ­ անդրադարձ շարժում

Ռոմանթիզմ ­ romantisme ­ վիպապաշտութիւն

Ռեակցիա ­ réaction ­ հակազդեցութիւն

Րէժի ­ régie ­Թուրքիոյ մէջ ծխախոտի մենաշնորհ ունեցող ֆրանսական ընկերութիւն

S

Շեմա ­ schéma ­ յատակագիծ

Սիլուէթ ­ silhouette ­ դիմաստուեր

Ստեփ ­ steppe ­ չմշակուած ընդարձակ դաշտեր, սարահարթ տափաստան

Սոզի ­ sosie ­ նմանադէմ

Spectre ­ ուրուական

Սերի ­ série ­ շարք, կարգ, նոյն տեսակ

Stigmate ­ վէրքի նշան, սպի, դրոշմ, կնիք

Սանթիմանթալ ­ sentimental ­ զգացական

Սիֆիլիս ­ syphilise ­ ֆրանկախտ

Սըգոնտօ (լատին. ) ­ երկրորդ

Սիստեմ ­ système ­ համակարգ

Սատիք ­ sadique ­ ուրիշին տառապանքէն հաճոյք ստացող ախտագին հոգեվիճակ

Սենարիօ ­ sénario ­ տեսարան

Սուբաբ ­ sous-barbe ­ ապահովութեան դռնակ

Սուլֆաթօ ­ sulfate ­ դեղի տեսակ մը

Սալոն ­ salon ­ հիւրասենեակ

Սէթ ­ set (անգլ. ) շարք, կազմած, սպաս

Սեկցիա ­ section ­ բաժանմունք

Սաթէն ­ satin ­ սնթուս, ադլաս

T

Թաքթ ­ tact ­ վարմունք

Թակտիկա ­ tactique ­ մարտավարութիւն

Թէլէկրաֆ ­ télégraphe ­ հեռագիր

Թարդիւֆ ­ tartufe ­ կեղծաւոր

Թրապէզ ­ trapèz ­ երկու կողմերը զուգահեռ եւ անհաւասար քառակողմ, ն աեւ՝ մարզաձող

Trame ­ հոգեհիւսք

Trempe ­ թրջել, գրել, կազմուածք, խառնուածք

Թեզ ­ thèse ­ աւարտաճառ, խնդիր

Թեքնիք ­ technique ­ ճարտարագիտութիւն

Թոն ­ ton ­ ձայնի աստիճան

Թիփիկ ­ typique ­ տիպական

V

Վիթրին ­ vitrine ­ ցուցափեղկ

ԹՈՒՐՔԵՐԷՆ ԲԱՌԵՐ

Ա

Ազապ ­ ամուրի, աշխարհ չմտած

Ալէմ ­ ժողովուրդ, աշխարհ

Ալլա ­ Աստուած

Աղա ­ տէր, աւատապետ

Ամա ­ բայց

Ամճա ­ հօրեղբայր

Այար ­ չափ

Արզուհալճի ­ դիմումնագիր գրող

Բ

Բեգմէզճի ­ ռուբ ծախող, կամ շինող, պատրաստող

Գ

Գազա ­ գաւառական կեդրոն

Գալէմ ­ դիւանատուն (արաբերէն)

Գալփաք ­ մորթէ գլխարկ, փափախ

Գոճա­գարը ­ մեծ տիկին

Գոնագ ­ ապարանք

Գովուշ ­ զօրանոց, ոստիկանատուն

Գուրան ­ իսլամութեան Սուրբ Գիրքը

Գայմագամ ­ գաւառապետ

Ե

Եաման ­ խորամանկ, աներես, ն աեւ՝ ամա՜ն (բացագանչութիւն)

Եոլա ­ ճամբայ

Ենիչէրի ­ բռնութեամբ մահմետականացուած քրիստոնեայ մանուկներէն կազմուած զօրք՝ սուլթանական Թուրքիոյ մէջ։ Այդ զօրքին պատկանող զինուոր։ Փոխաբերաբար՝ վայրագ, գազանաբարոյ, արիւնարբու մարդ։

Զ

Զալըմ ­ բռնաւոր

Զապթիէ ­ ոստիկան, թուրք քաղաքապահ զինուոր

Զաւալլը ­ խեղճ

Զէմպէրէկ ­ զսպանակ

Զպուն ­ կնոջական վերարկու, տեսակ մը վերնազգեստ, շապիկին վրայէն

Զուլում ­ բռնութիւն

Է

Էզան ­ մինարէէն երգուած աղօթքի հրաւէր

Էմէկ ­ ջանք, աշխատանք

Էմմի ­ հօրեղբայր

Էնթաթի ­ պարեգօտ, ն աեւ՝ գեղջկական հասարակ վերնաշապիկ, թեթեւ, անթեւ վերարկու, կանացի լայն զգեստ

Էֆգաֆ ­ եկեղեցւոյ պատկանող կալուած

Էֆէ ­ կայտառ, յանդուգն, քաջ տիպեր, որոնք հագուածքի, քալուածքի, կենցաղի ինքնատպութիւններ ունին։

Էֆէնտի ­ թրքական տիտղոս՝ պարոն իմաստով

Թ

Թապուր ­ զօրախումբ, գունդ, գումարտակ

Թառլան ­ գեղեցիկ, փարթամ

Թերթիպ ­ կարգ ու կանոն

Թէնէքէ ­ թիթեղ

Թէրքիպ ­ կազմուածք

Թիրեաքի ­ մոլի

Թոխումսըզ ­ անսերմ, անժառանգ

Ի

Ին ­ մարդ, ադամորդի

Ինշալահ ­ եթէ Աստուած կամենայ, Աստուծոյ կամքով

Իտարէ ­ խնայողութիւն, ձեւով մը ծայրը ծայրին հասցնել, բաւարարել

Իրատէ ­ սուլթանական հրամանագիր

Լ

Լէպլէպի ­ խարկուած սիսեռ

Լոգմա ­ պատառ, կտոր

Լոխում ­ անուշեղէն մը

Խ

Խաթթը հիւմայուն ­ արքայական հրովարտակ

Խաթր ­ որպիսութիւն

Խանչեր ­ դաշոյն

Խապար ­ լուր

Խարճ ­ յարմար

Խեր ­ բարիք

Խոնճան ­ տաբատի կապը, գօտին

Խուզուրխուրդ ­ ժանտախտ (անէծքի բանաձեւ մը)

Կ

Կազի ­ դատաւոր

Կապա ­ կոշտ

Կէնճ ­ երիտասարդ

Կէօրէ ­ համեմատ, չափ

Կինէ ­ նորէն, դարձեալ

Հ

Հալ ­ վիճակ

Հալա ­ հեղ մը

Հալալ ­ արդար

Հաճի­պապա ­ ծերունի

Հայվան ­ անասուն

Հանըմ ­ մեծ տիկին, տիրուհի, խաթուն

Հա շէօյլէ ­ ահա այսպէս

Հարամ ­ անարդար, ապօրինի

Հարֆ ­ գիր, տառ

Հաւլու ­ բաղնիքի անձեռոց, սրբիչ

Հելվա ­ հրուշակ

Հէլպէթ ­ անշուշտ

Հէյ կիտի ­ ափսոսանքի բացագանչութիւն

Հիլալ ­ մահիկ, կիսալուսին

Հիւքիւմէթ ­ պետութիւն, կառավարութիւն

Հոճա ­ ուսուցիչ

Հասրէթ ­ կարօտ

Ղ

Ղազէպ ­ ցասում

Ղազի ­ նուաճող

Ղարիպ ­ պանդուխտ

Ղուրպէթ ­ պանդխտութիւն

Ճ

Ճանավար ­ հրէշ

Ճեննէթ ­ դրախտ

Ճիկէր ­ թոք

Ճին ­ ոգի, սատանայ, դեւ

Ճիւան ­ անտունի

Մ

Մալ ­ կալուած

Մաղազա ­ պահեստ, մեծաքանակ առետուրի խանութ, վաճառատուն

Մաշալլահ ­ հիացական արտայայտութիւն, Աստուած աւելցնէ

Մելքիէ ­ կալուած, ունեցուածք

Մեմլեքէթ ­ քաղաք

Մէճիտ ­ Ապտիւլ Մէճիտ սուլթանի կողմէ հաստատուած արծաթեայ դրամ, որուն արժէքը 20 ղուրուշ էր

Մէյտան ­ հրապարակ

Մէտրէսէ ­ իսլամական կղերանոց

Մերհապա - բարեւ

Մուպարէք ­ օրհնուած

Միւսթանթիգ ­ հարցաքննիչ դատաւոր

Մուխթար ­ գիւղապետ, քաղաքային վայրերու մէջ՝ թաղային լիազօր, կառավարիչ

Ն

Նամեհրամ ­ թուրք կիներու քողով ծածկուելու օրէնքը

Նարկիլէ ­ գլգլակ

Նազաքէթ ­ բարեկրթութիւն

Նէ ­ ինչ

Նիէթ ­ մտադրութիւն

Նիքեահ ­ պաշտօնական ամուսնութիւն

Նուսխա ­ յուռութք, զոր կը պահեն եռանկիւն համայիլներու մէջ։

Շ

Շարպաթ ­ օշարակ

Շէյթան ­ սատանայ

Շէշխանէ ­ լայնափող հրացան, որուն խողովակը կը լեցնէին երկաթի, գամի կտորուանքներ։

Շէրիֆէ ­ պատուաւոր կին

Չ

Չալըմ ­ նազ, ցոյց

Չաւուշ ­ տասնապետ, վերակացու, աւագ

Չէթէ ­ հրոսակ

Չէօրէկ ­ կարկանդակ

Չուխա ­ բուրդէ կերպաս, վերարկու

Պ

Պաթախքի ­ ձախաւեր, ձախլիկ անձ

Պախճա ­ պարտէզ

Պախշիշ ­ նուէր

Պայրամ ­ տօն

Պաշ փափազ էֆէնտի ­ կղերական առաջնորդ

Պապը Ալի ­ Բարձրագոյն Դուռ

Պասմա ­ տպածոյ կերպաս, չիթ

Պարտաք ­ կոյժ

Պեխապար ­ անտեղեակ

Պէյ ­ թրքական տիտղոս

Պէյճիք ­ պէյցու, պզտիկ պէյ

Պիլէ ­ նոյնիսկ

Պողչա ­ծրար, կապոց

Պուճախ ­ անկիւն

Ռ

Ռայա ­ ստրուկ, ծառայ, հպատակ

Ս

Սալթանաթ ­ սուլթանութիւն, իշխանութիւն

Սարայլը ­ սուլթանին կանանոցէն անցած կին

Սարաֆ ­ լումայափոխ, սեղանաւոր

Սիւպհան ­ հրաշափառ

Սալթա ­ արեւելեան տարազի թեթեւ բաճկոն, լայն թեւերով, առանց օձիքի եւ կոճակի

Վ

Վալի ­ նահանգապետ

Վալլահ­պիլլահ ­ Աստուած վկայ

Վէզիր ­ նախարար

Տ

Տարտ ­ ցաւ, հոգ

Տաւուլ ­ թմբուկ

Տէուս ­ կաւատ, պոռնկութեան միջնորդ

Տէտէ ­ մեծ հայր, ծեր մարդ

Տէօլ ­ լաճ

Տէօնիւմ ­ արտավար

Տիրհէմ ­ ծանրութեան չափ

Տիւտիւկ ­ նուագարան մը

Փ

Փախլաւա ­ քաղցրաւենիք

Փաշա ­ թրքական տիտղոս

Փապուճ ­ հողաթափ

Փարլախ ­ փայլուն

Ք

Քամար ­ պարեգօտ

Քարավանա ­ հասրակաց ճաշ՝ զինուորներու կամ բանակողներու համար

Քարվան սարայը ­ իջեւան

Քեաթիպ ­ քարտուղար

Քեաֆիր ­ անաստուած, անհաւատ, մեղաւոր, հայհոյիչ

Քէօշկ ­ պալատաձեւ վիլլա

Քէօչէկ ­ ապականած տղայ, որ կը պարէ լկտի շարժումներով, գլխաւորաբար պորտային։ Հետզհետէ սովորութիւն է եղած կիներն ալ ընդունիլ պարէն ներս։ Գնչու պարուհի։

Քէֆիյէ ­ մետաքսէ թաշկինակ, զոր կ’ոլորեն գլխարկին շուրջ

Քիպիր ­ հպարտ

Քիւլահ ­ թաղիքէ գլխանոց

Քիւրք ­ մուշտակ

Քուրսի ­ աթոռ

Օ

Օխա ­ կշռաչափ, որ հաւասար է 400 տիրեմի, այսինքն՝ 1, 25 քկ.

Օղլու ­ զաւակ

Օտա ­ մեծ սենեակ

Ֆ

Ֆերման ­ հրովարտակ, հրաման, որոշում

Ֆախիր ­ աղքատ, չունեւոր

Ֆիստան ­ շրջազգեստ

Ֆիտան ­ մատաղ