Անգղին կտուցին տակ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՅ ԼԵԶՈՒԻ ԽՆԴԻՐԸ

 

Լեզուաբանական տեսակէտէ մը մեկնելով, թրքահայ աշխարհաբարը իրաւունք է ձեռք բերած ապրող լեզու մը ըլլալու։ Ան կը սնուցանէ մեր լրագրութիւնը, մեր գրականութիւնը եւ եթէ երբեք իր բառամըթերքին աղքատութեամբը անկարող է հիմա գիտական ուսումնասիրութեանց ալ հասնելու, յանցանքը ապահովաբար լեզուինը չէ, որ յիսուն տարի առաջ փողոցի բարբառ մը ըլլալով, յաջողեցաւ մեր գրական բոլոր ձգտումներուն, մեր գրագէտներու բոլոր քմահաճոյքներուն համեմատ  ճապուկ դառնալ։

Մխիթարեաններու դասագիրքերը ոչինչ բերին մեր լեզուի գրական ատաղձին։ Ռուսահայերու իմաստասիրական եւ ընկերաբանական ուսումնասիրութիւնները երբեք պիտի չկարդացուին ժողովուրդէն, այն միակ պատճառով, որ անոնք կը խաչեն մեր լեզուն։ Դաւիթ Անյաղթի փորձը կը կրկնուի այսօր ալ։

«Վաղուան գրականութեան» վարկածին տեսարանները միամիտ հաւատք մը յայտնեցին մեր գաւառաբարբառներու օժանդակութեան վրայ։ Բայց պէտք է խորհիլ, որ օգնութեան այդ բաժինը շատ քիչ բան մըն է, քանի որ բառերը զգայնութիւններու substitutներն են, ու հայ գիւղացին իր սահմանափակ միջավայրին մէջ իր տեսածը միայն կրնայ անուանակոչել։

Գաւառաբարբառները չեն կրնար փափաքուած հարստութիւն բերել մեր գրական լեզուին ալ։ Ֆրանսական լեզուն ԺԷ, դարէն մինչեւ Ի, դար իր բառացանկին վրայ ըրած յաւելումներուն հարիւրին 90ը կը քաղէ օտար լեզուներէ։ Ու մտածել, որ տակաւին այսօր հարիւրէ աւելի գաւառաբարբառներ կ՚ապրին Ֆրանսայի մէջ։ Նոյնիսկ աւելորդ չէ դիտել տալ, որ այդ գաւառաբարբառներէն մէկ քանիները մեր գրականութեան երկու հատուածներէն աւելի ծաւալ ունին։ Միսթրալը մոռնալու չենք։

Մեր մէջ, մանաւանդ ներքին գաւառները, գրեթէ ամէն գիւղ իրեն յատուկ լեզուն, իրեն սեպհական ասութիւններ զուտ տեղական առումներով պատկերներ ունի ափերով։ Բանաքաղի եւ լեզուասէրի աշխատութիւններով ատոնք երբեք չեն կրնար մտնել մեր գրականութենէն ներս եւ սպասուած պատուաստը բերել։ Ու դեռ անդին կը մնայ մեր հրաշալի ֆոլքլորը (ժողովրդական զրոյց), զոր կարգ մը տիրացուներ փորձեցին ուսումնասիրել այնքան ողորմելի եղանակով մը։

Այս գանձերէն օգտուելու համար, ամէնէն անյարմար մարդերը ապահովաբար գաւառի թղթակիցներն են։

Գաւառացի գրագէտներու ձեռնահաս սերունդ մը միայն կրնայ մօտենալ այդ հարցին ո՛չ թէ պատգամներով, ո՛չ թէ վարդապետական տեսութիւններով, այլ՝ գործով, գաւառի կեանքը ապրեցնելով ինքնատիպ գրականութեան մը մէջ։ Իտալական լեզուի «միութիւն»ը շատ բան կը պարտի Տանթէին։

Թող գաւառը ունենայ, օրինակի համար, իր Ահարոնեանը մեր մէջ, ու պոլսահայ աշխարհաբարը նոր մկրտութիւն մը պիտի կրէ։

Երկրորդ հարցը ոչ գիտական կը գտնեմ։ Հինէն իր վեր վարժուած ենք լեզուները նկատել իբր մեր պարտէզին համեստ ծառերը։ Կը կարծեն, թէ կրնանք անոնց վրայ անհատական պատուաստներ գործադրել (Ռուսինեան, Չերազ, գրաբարի յետաշրջութիւնը, Պէրպէրեան եւ Յ. Գուրգէն)։

Այս փորձառութիւնները կ՚ապացուցանեն, թէ լեզուները կ՚ապրին մեր հասողութենէն ազատ։ Չենք զգար անոնց աճումը եւ անգիտակցաբար մեր բաժինը կը բերենք անոնց, աստիճանական զարգացումով։

Զատ բարբառներ ընդունելու այդ եղանակն ալ ճիշդ չէ։ Սահմանադրութենէն առաջ, Պոլսոյ մէջ ռուսահայերէնը տարբեր լեզուի մը հանգամանք ունէր։ Պա- րագաներու փոփոխութեամբ մենք կարդացինք  ռուսահայ հեղինակներ։ Յաճախուած ընթերցումներու արդիւնքը այն եղաւ, որ դադրեցանք խոշոր տարբերութիւններ տեսնելէ երկու հատուածներուն մէջ։ Այսօր գրասեղաններուն վրայի սերունդն անգամ կը սիրէ կարդալ ռուսահայ գրականութիւնը ու —յատկանշական պարագայ— աւելի հաճոյքով, քան պոլսական գրականութիւնը։

Ձուլում մը ո՛չ կարելի է, ոչ ալ փափաքելի։ Կարելի չէ, վասնզի ամէնէն անհանդուրժելի բանը եղաւ ատեն մը մեզի համար Պէրպէրեանի, Գուրգէնի եւ նոյն դպրոցին պատկանող բոլոր գրողներուն լեզուն։ Այսօր դարձեալ չեմ կարծեր, որ մեր աշխարհաբարը կարենայ նոյնիսկ մարսել տրականի մասնիկը ումը։ Ասոր պատճառին հետազօտութիւնը մեզ հեռուները պիտի տանէր։

Միացումի այդ անկարելիութիւնը երբեք վրդովիչ ալ չէ։ Երկու բարբառները իրարմէ զանազանող տարբերութիւնը այնքան թեթեւ է, որ գրագէտներուն ինքնատպութիւնը կը բաւէ այդ անջրպետը լեցնելու։ Ահարոնեանը կը սիրենք, վասնզի իր մէջ գրական կարգ մը գեղեցկութիւններ նոյնիսկ մութի մէջ կը թողուն լեզուական յարդարումը։ Շիրվանզադէի խառնակ լեզուն անգամ հաճոյքով կը ներենք իրեն, վասնզի իր գիրքերը մեծ չափով մը գրականութեան շահեկանութիւնը ունին։ Ու կը հաւատամ, թէ պոլսահայերուն լաւագոյն գրողները կը հասկցուին ու կը սիրուին Կովկասի մէջ ալ։

Երեք ինքնուրոյն բարբառներու վարկածը ճշմարտազանցութիւն մըն է։ Գրուած լեզուները երկու են, խօսուածները հազարն ալ կ՚անցնին։

Երրորդ բարբառի մը գոյութեան հաւանականութիւնը կախում ունի քաղաքական պայմաններէ։ Մեր ժողովուրդին արդի համախմբումը պոլսահայ աշխարհաբարին տակաւ ընդհանրացման կը նպաստէ։ Բայց նոյն քաղաքական պայմաններու փոփոխութիւնը անգուշակելի հետեւանքներ կրնայ ունենալ մր լեզուին մէջ ալ։

Գաւառաբարբառներու կեանքը դարձեալ կարծիքի տակ չ՚իյնար։ Անոնք գոյութիւն ունեցեր են դարերէ ի վեր։ Կարծողներ իսկ կան, թէ անոնք կու գան նախաքրիստոնէական շրջանէն։

Լեզուները կազմական ամբողջութիւններ ընդունելով, կ՚ենթարկենք զանոնք հոլովոյթի (évolution) օրէնքին։

Գաւառաբարբառներու տեւականութեան հարցը ոչինչ ունի իր մէջ բացարձակ։ Պահ մը ընդհանուր քաղաքակիրթ աշխարհի մտքի լեզուն եղող լատիներէնը այսօր մեռած լեզու մըն է, հակառակ իր հրաշալի գլուխ-գործոցներուն։ Նոյնը կրնանք ըսել յունարէնին համար ալ։ Հայաստանի հեռաւոր մէկ գիւղին մէջ, սակայն, հակառակ լատինական, յունական, պարթեւական, պարսկական, արաբական, թաթարական, թրքական ու ռուսական իրար խափանող ազդեցութիւններուն, լեզուն շարունակած է ապրիլ, յամառօրէն պահելով իր իսկական նկարագիրը։

Որքան ատեն, որ գաւառաբաբառները խօսող բերաններ ունենան, պիտի ապրին, հակառակ կեդրոնացման ամէն ճիգերու։

1911