Անգղին կտուցին տակ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԵՐԲ ԿԱՐԱՒԱՆԸ Կ՚ԱՆՑՆԻ

ԵՐԲ ԿԱՐԱՒԱՆԸ Կ՚ԱՆՑՆԻ

Կ. Ֆլօպէռի մէկ վէպին (Madame Bovary) շատոնց, ընթացիկ ու արդար շրջաբերութեան հանուած է տարազ մը, պովարիզմ, որ կը ջանայ բացատրել մեր օրերու բացառիկ, բայց նոյն ատեն շատ տարածուն հոգեբանական վիճակ մը։ Չունիմ նպատակ զբաղիլ տարազին վերլուծումովը, թէեւ յղացքը այլապէս արդիական է մանաւանդ մեր ժողովուրդին համար, ըսել կ՚ուզեմ` անոր լայն դասակարգին, որ մեր վերջացող դարը ղեկավարեց ու հաւատաց իրեն, իրմէ դուրս ուրիշ ալ ազդակներու, երբ չունէր ատոր արտօնութիւնը, գէր պատմութեան արահետով։ Անոնք` որ կրօնական համայնքէ մը, որպիսին էր ԺԹ. րդ դարու կիսուն մեր ժողովուրդը, յաւակնութիւնը չներեցին իրենց, արդի պետականութեամբ մարմին մը երեւան բերել, անոնք միայն իրենք զիրենք չեն աճեցուցած, իրենց աչքին։ Այլ` մեր ալ ժողովուրդը։ Ու պատրանքը հզօր էր։ Պէտք է անցնիլ։

Բայց կը խորհիմ, թէ ուշ ինք մնացած, նոյն այդ գիրքէն փոխ առնելու ուրիշ բառ մը, պիտակելու համար, նոյնքան տարածուն, բայց այս անգամ շեշտօրէն իմացական տարբեր հոգեվիճակ մը, զոր այդ բառը պիտի կրնար տարազել նոյն յաջողութեամբ։ Ատիկա պիտի ըլլար ապահովաբար հոմէականութիւնը * ։ Արդարեւ, անիկա պիտի ունենար անառարկելի տարողութիւն մը, գէթ հայ նոր գրականութեան տարեգրութեանց համար, վճռօրէն տիտղոսելով իմացական, ծաւալուն վիճակ մը ու պիտի կազմէր ցուցատախտակ ալ, կարգ մը մարդոց հոգեկան բարեխառնութեան։

Մարդե՛ր, ասոնք, որոնք մեր ընդհանրական մամուլին (Սփիւռքն ու մայր երկիրը ունիմ նկատի հաւասարապէս) մարտկոցներէն յորդ, կորովաբիբ, երբեմն անդիմադրելի լրջութեամբ ու իմաստութեամբ, անխնայ կը ռմբակոծեն հին ու նոր կարծեցեալ գրական ամրութիւնները, դիրքերը։ Մինչեւ հոս, քիչ բան կայ վրդովիչ, քանի որ աշխարհի կարգերէն են լեցուն կամ պարապ տակառներուն աղմուկը, ծրագիր ու բանաձեւ մշակողներուն այլուրութիւնը, դատելու արարքին զուգընթաց սոփեստութիւնը։ Բայց ահա՛ աւելին։ Այդ մարդերը, մանաւանդ հայոց աշխարհին երջանիկ աշտարակներուն կատարէն մունետիկներ, սպասը ըրած ատեն մեր գրականութեան, կը հաւատան ծառայած ըլլալ հայ հոգիին, մեր պատմական ու ընկերային անկումներուն դրդապատճառներ երեւան հանելով այնպիսի գիրքերու եւ գործունէութեանց խորը, ուր մենք պարզ, սոսկական, առնուազն անմեղ բաներ տեսեր էինք, երբ այդ գիրքերը կը գրուէին կամ այդ գործունէութիւնները` կ՚իրանային։ Մէկը պիտի տապալէ արեւմտահայ մեծագոյն մէկ բանաստեղծը, զայն պիտակելով էրոտաման (érotamane) կամ շովինիստ-մարտկոցական։ Ուրիշ մը, այս անգամ հազարաւոր փարսախ հեռու ոստանէ մը, փողոցներու շունին պատկերին մէջ ամբողջ սերունդ մը պիտի չտառապի խորհրդանշելէ, չյիշելով նոյնիսկ իր մանկութիւնը, երբ Պոլսոյ սալայատակներուն վրայ ամէն օր կը շինուէր գզուըտող շուներուն ճակատամարտը, առանց որ անոր հանդիսատես տղոց մտքին մէջ կազմուէր խորհրդանշանը պայքարողին ու հալածողին։ Այս աղանդաւոր ուրացումը կամ հաշուած անզգամութիւնը երբեմն վեր ալ են սրտառուչ բարեմտութենէն, որով մեր կործանումը կը պայմանին մարդիկ մեր գրագէտներուն թշուառ տաղանդովը։ Հին տետրակներու սա վերադա՜րձը՝ մարդոց կողմէ, որոնք ամէն պարտք վճարել կը փորձեն, մատիտի պարզուկ հարուածով։ Այսպէս է կեանքը։

* * *

Ու որովհետեւ պէտք է դատել, կը դատեն։ Նորեռանդ այդ դատողներէն քիչեր պիտի անդրադառնան, որ իրենց խստութիւնը, հերձուածողը վայել խանդը, ու կատաղի վճիռները առնուազն անտեղի են, երբ կը վերաբերին մեր մօտիկ անցեալին (ըսել կ՚ուզեմ՝ անոր տիտղոսաւոր դէմքերուն) ու գերեզմանի վրայ անգութ` որքան պիղծ խեղաթիւրումներ են, ամէնէն առաջ այն պարզագոյն պատճառով, որ չեն բխիր քարերուն տակ պառկողներուն ո՛չ միայն հոգիէն, այլեւ գոյներէն։ Յետոյ, դատումի աշխատանքը, ազնիւ իր ձեւին տակ իսկ վերագնահատման փորձ կ՚ենթադրէ կազմակերպըւած, իրաւ, լման կեանք մը, այսինքն` բոլորովին հակոտնեան այն թշուառ բանին, որուն անունն է Սփիւռքի հայութիւն ու ասկէ՝ վերացական (abstrait) գրականութիւն։ Մեր ժողովուրդին ընկերային պայմանները ոչ մէկ ատեն եղած են այսքան անորակ իմացական լուրջ, խոր գործունէութեան, ու ասիկա` ի հեճուկս աշխատաւորներու յոգնաթիւ խումբերուն, ուր շատ են քանքարաւորները։ Այդ պայմանները շատ-շատ օրաթերթ միայն պիտի արտօնէին ու տարբեր չէ իրականութիւնը այսօր։ Գի՞րք։ Դուք մի խաբուիք հանդէսներուն * թիւէն, ռեքլամէն, իրենց ճարած աղմուկէն։ Ասոնք ուրիշ երեւոյթներ են։

Կը դատեն։ Բայց չեն զգար, որ իրենց դատաստանները փոխանակ իրենց ուղեղներէն ստանալու, կը լաստաւորեն իրենց յարաբերութեանց առասաններէն ու հովերէն, որոնք իմաստի ջուրերուն վերեւ միշտ ալ չեն պակսիր, մտածման հեռաւոր սկիզբէն իսկ (յիշեցէք յոյն դպրոցները եւ իրենց տարակարծութիւններուն փոթորիկը մէկ ու նոյն նիւթին շուրջ)։ Եւ կամ, շատ աւելի տխուր զիջումներ կ՚ընեն թշուառ բաներու ի հաշիւ, նախանձ, նանրամտութիւն, մեծամտութիւն (շարունակելը ձեզմէ) պատրաստ գտնելով, ի յառաջագունէ իրենց վճիռները, դատման առարկային հետ շատ տարտամ աղերսով մը։ Օտար, գործէն դուրս վիճակներ թելադրիչը կ՚ըլլան շատ յաճախ այդ վճիռներուն։ Երբեմն ճիղճ ոխը, սխալ քէնը, զանցուած ըլլալու complexe մը, աշխարհ մը փոքրութիւն դժուար չէ հաստատել այդ մարդոց ամէն մէկ սիւնակին մէջ։ Իբր այդ, հասկնալի են, երբ չեն հաւնիր (իրենց տաղանդը խնդրէ դուրս է։ Պակսած պարագային երանելի  են  այդ դատաւորները։

Բայց ցաւ է ըսել, որ տաղանդը յաճախ ծիրանի պատմուճանն է մեր հոգեկան կեղերը սքողող)։

Ուրիշներ, համակ թշուառութիւն, իրենց ինքնաբաւութեան մէջ պսակաւոր, որքան իրենց հաշիւներուն մէջ նանրահալած, իրենց դատումներուն զսպանակ ունին աւելի եղկելի, գրեթէ անասելի, ճճի կիրքեր։ Դժուար է մտածել անկումի աստիճանին, ուր կը մակաղին անոնք, պանդոյր` որքան երջանիկ, երբ դատելու արարքը կը վերածեն փցուն, փայլուն, սուր épatant բաներ քշելու սնապարծութեան ու զարմացնելը, շլացնելը, տպաւորելը կը գերադասեն համոզելուն։ Դժուար է մտածել ուրիշ ալ տրտմութեանց, որոնք գինն են մեր հացին, շողոմին, զոր պարտաւոր ենք վճարել այսքան սուղ։ Կեղծ համոզումին, զոր կը դրօշենք մեր թերթերուն ճակատին ու համաձայն վերնատուր պատգամներու, կը գնահատենք կամ կը կործանենք։ Կուսակցական պլատֆորմին, որ իր մարդերը ունի, արժէքներու իր չափանիշները ու մեզ կ՚ենթարկէր այդ սակացոյցին։ Ո՞ր մէկը թուել սակայն։

Եւ սակայն դիտելի է, որ այս վրիպանքը մեծ չափով գործն է համեմատաբար քիչ տարիքոտներու, չըսելու համար    երիտասարդութեան։

Ու ինչ որ այս ամէնը այսինքն` այս դժբախտ վաստակը կ՚ընէ այլապէս հիւանդ, գրեթէ անազնիւ, այն համայնական օտարութիւնն է, որ իրերու ծիրին կը բերէ այս գիսաւորները։ Այս վաստակին վաստակաւորները տարակոյս չեն պահեր իրենց դատումներուն ներքին տարողութեան վրայ, քանի որ պարպած են կոտրած` արժէքներու բոլոր տախտակները։ Ու գիտեն նոյն ատեն, որ ուրիշին դէմ կեղծիքը ատելի է իրենց։ Բայց կը ներեն իրենց անձին դէմ իրենց իսկ գործադրած կեղծիքին։ Միայն գրական անհուն նանրամտութիւնը չի կրնար  պարտկել, պատմուճանել  սա նուաստութիւնը։

Զմեզ խաբելու մէջ ըլլանք ճարտար, որքան որ ուզենք։ Կեղծիքը կ՚անցնի, կը թափանցէ մեր զրահներէն ու մեր նուաստութիւնը կը փռէ մեր անձին վրայ։ Մեզմէ զըզւանքը գրական բացատրութիւն մը չէ։ Այսօր հոգեվիճակ մըն է ան, որուն բաղադրիչ տարրերը մեր գրականութեան ճախճախուտէն են հայթայթուած որոշ չափով։

* * *

Այդ մարդերը աւելի իրաւ, տանելի, նոյնիսկ տաք են, երբ կը պարսաւեն։ Ու դուք պարտաւոր էք զատել այս վերջին վիճակը կանխողներէն։ Վճիռ արձակել, կոտրել-թափել, չհաւնիլ, ուրանալ, նոր կարգախօսներ գալարափոխել չեն բաղդատուիր այն հոգեկան տրամադրութեան, որ մեզ ձրի եւ մշտավազ, կը մղէ պարսաւին։ Մեր գրականութիւնը նոր չէ, որ այդ տիպարները պիտի ստեղծէր։ Սանկ քառասուն մը տարի նայեցէք ետ մեր գրական գերեզմանին, ու պիտի տեսնէք։

Իբր այդ, այսինքն` զուտ պարսաւ, արարքը ինք իր մէջ հեռու պիտի ըլլար զիս զարմացնելէ։

Բայց ահա անտանելին։

Մեր օրերու պարսաւողները մեծ կամ պզտիկ տարազներ, աւելի կամ նուազ խնդրական, ուղղափառ հանգանակներ, հրամայականներ, անուններ, կշիռներ կրկէս երբ կը նետեն, իրենց իբրեւ չքմեղանք չունին հիներուն ներելու հաճոյքը աժան, դիւրին ցուցամոլութեան։ Անոնք կը պնդեն հաստ ու հաստատ իրենց օրէնքներուն կըռնակէն, իրենց անշահախնդրութեան, գրական կեղծիքէն անմասնութեան ու կը պաշտպանեն իրենց առաքելութիւնը բարձր, տրտում արդիւնքներու առջեւ իրենց խռովքը, վրդովումը իբր դրօշ գործածելով ու կը մեղադրեն կանխողները ներկային դժոխքը անոնց ծնունդը յայտարարելով։ Հո՛ս է, որ անոնք կը դառնան անտանելի, քանի որ մեզի համար գաղտնիք չէ, որ անոնք այդ աշխատանք կ՚ընեն ներքնապէս ուշադիր միայն այն աղմուկին, որ արձագանգն է անպայման ամէն պարսաւի։ Ու անցնելով աւելի անդին, անոնք այդ չարախինդ վայելքը կ՚աճեցնեն, կը պատմուճանեն, երբ քով քովի բերելով իրենց վրիպած, թշուառ, մե՜ծ կարօտները (փառքի, գովեստի, խունկի) իրարու կը կարդան աս ու ան գրողի հասցէին ճամբու դրուած նորակերտ, սուր, սպաննող (իրենցն է բառը եւ որքան ալ դիւրի՜ն) բառախաղերը, սրամտութիւնները *, անգամ մըն ալ հիանալու համար իրենց երիտասարդութեան։ Վասնզի պարսաւը պատրուակ չէ ներքնահաճ շնորհներու (մեր անձին վրայ) ոչ ալ ընթացիկ կարգախօս՝ իրար ճանչնալու։ Անիկա աւելի շատ սնունդ է, մեր հոգիին ամէնօրեայ պարէնը։ Ու կը հասկցուի, թէ ինչո՜ւ կը խարանենք ամէնէն աւելի անոնք, որոնց հետ մեր կապերը այլապէս քաղցր էին, երբ պզտիկ էինք։

* * *

Սրտառուչ են անոնք, երբ տարին հեղ մը կը մտածեն գովել։  Զիրա՞ր։ Քիչ  անգամ։  Վասնզի  բնազդաբար գիտեն, որ երիտասարդութիւնը տարիներու պահեստ մը կ՚ենթադրէ, որոնց ընթացքին շատ են անակնկալները։

Այդ է պատճառը, որ իրարու հանդէպ ըլլան զգոյշ, բայց չվարանին հերքելու իսկ գնով իրենք զիրենք, առտուան պարսաւեալը, կէս օրուան ուրուացուածը իրիկունը խնկարկեն։ Միեւնոյն մարդու գործին դէմ այսքան հողմաղացային դատաստան մը, նոյնիսկ պայմանով, այդ գովեստը կը վերածէ իր ճշմարիտ իմաստին, որ շրջուած պարսաւ մըն է յաճախ։ Մարդերը ծիծաղելի ընելու չարագոյն ու անգութ կերպերէն մէկն ալ զանոնք շուրջառելն է ձրի համբաւով։ Ու գիտեն ասիկա։

* * *

Այս բոլորին մէջ, սակայն, այս ոգիէն սնունդէն, բարեխառնութենէն առաջ ու անկախ՝ կայ իրականութիւն մը, մեծ մասին համար հասարակաց։ Ատիկա իրենց հիմնական, անծակ, երանելի անգիտութիւնը, ու եթէ կ՚ուզէք` տգիտութիւնը, զոր կ՚ընդզգան, բայց չեն վարանիր   տաղանդի   աւագ  պայման   յայտարարելու։

Ահա մէկը, որ հանճար դառնալու ուղիղ ու ապահով միջոց կը դաւանի չկարդալը։ Աւելի՛ն, կարդացած չըլլալը։

Աւելի՛ն. սորվիլը արհամարհելը։ Չեմ վերլուծեր այս երջանիկ առածներուն տարողութիւնը։ Ստեղծագործութեան պարունակէն անոնք կրնան գոնէ փարատոքս մը կերպաւորել։ Բայց դատելո՞ւ մարզին մէջ։ Ու կ՚ունենանք վճիռներ գովեստի կամ պարսաւի չկարդացուած, չճանչցուած գործերու մասին։ Այդ մէկը դեռ չէ ալ սորված մեր լեզուն։

Ան միւսը հայ գրականութիւնը արհամարհելու իր իրաւունքը, փառքը կը փրկանէ գինովը իր ապրումներուն, հոգեկան փորձակցութեանց, որոնք անցան իր ջիղերէն արեւմտեան մեծ ոստաններուն մէջ։ Ան հայ է անշուշտ։ Գիտէ մեր լեզուն, աւելի քան զայն ուղիղ գրելու պայմանը։ Բայց մեր տկարութիւնը, խեղճութիւնը, փոքրութիւնը մեր երեսին վրայ տալու փոքրութիւնը կը պատմուճանէ մեծ-մեծ տարազներով։ Արմատախիլ, ինչպէս իր ժողովուրդը, անիկա կ՚աճի Յովնանի տունկին նման, ո՛ւր որ երկու արեւի օր իրարու կը յաջորդեն։ Ու պիտի մոռնայ, անհնարին արագութեամբ, որ հայ գրականութիւնը հայ ժողովուրդին արտայայտութիւնն

է, ո՛չ աւելի, ո՛չ պակաս։ Անկէ պահանջել ինչ որ չէր կրնար տալ, ո՛չ միայն իր սիրելի շանթաժն է, այլեւ արժանապատուութեան արարք մը։ Կը կարդայ մեր գիրքը, երբ պզտիկ բաներ կը պաշարեն իր հոգին, երբ իր մատներուն տակ զսպանակներ զգայ սրամտութեան, հաշիւի, սնապարծութեան։ Ան նոյն ատեն տաղանդ ալ ունի սակայն։ Ու միայն այս պարագան բաւ է իրեն համար, որպէսզի պատգամէ մեզի կարելի ու անկարելի բոլոր անհեթեթութիւնները։ Գովէ։ Ուրանայ։ Խեղաթիւրէ։ Սոփեստանայ։ Քրմանայ։ Ու չի խօսիր այս ամէնուն մէջ խաղը։  Ան  պիտի  ընէ  այս  ամէնը  առանց  հաւատքի։

Առանց կարմրելու։ Հիմա զգացումը, իրաւ, ջերմ, ծանր զգացումը բեռ է տարազին։

* * *

Ֆլօպէռի վէպին անմոռանալի, որքան սարսափելի դեղագործը կը յիշեմ անպայման, երբ մեր տղաքը (տարիքէն վեր է բառը, մտքի գաճաճը նոյնքան իրական է որքան մարմինը) կը փառաբանեն աս ու ան, դէմք, գործ, ընկերական սեղաններու տրտում, ցաւահար, շիլ զուարթութեան ընդմէջէն ու կը մկրտեն կամ կը թաղեն հաւասար անզգածութեամբ, այլուրութեամբ, ինչպէս կ՚ընէ վէպին ահաւոր դեղագործը, գաւառական քաղքի մը խեղճուպատառ մէկ թերթուկին մէջ, ու կը հիւսէ դրուատիքը ԺԹրդ դարու գիտութեան, վիրաբուժական գործողութեան մը առիթով կատարուած կաղ տղեկի մը ոտքին վրայ եւ որ բացարձակ աղէտի պիտի յանգի շաբաթ մը յետոյ։ Հո՜գը՝ դեղագործին։ Մինչեւ աղէտին պարզուիլը դեղագործը թուղթին վրայ կաղերուն ոտք պիտի բաշխէ ու կուշտ ու կուռ, ինքնակորոյս, պիտի քնարերգէ փառքը մեր օրերու… հանճարին։

Ատեն մը ունէինք վառեակները։ Հիմա տժգոյն է տարազը։ Հիմա դարն է հոմէներուն։

1939


*             Հոմէ (Homais) անունն է այն հոյակապ տիպարին, որ Ֆլօպէռի վէպին մէջ կը ծաղկի, այնքան պերճ, անդիմադրելի, ահաւոր իրականութեամբ մը, իր վրայ խտացնելով Ֆլօպէռի անհուն գարշանքը, արդի քաղաքակրթութեան դէմ, աննահանջ ու հզօր։ Մեր ինտելիգենտը հոս-հոսը, Փանջունին կը միանան անոր մէջ իրարու, առանց զայն հարազատութեամբ կաղապարելու։ Իր առիթով կը յիշեմ պոլսեցիներու միամիտ, բայց նոյնքան արտայայտիչ մէկ ուրիշ բառը, որ թեքնիք շրջանակէն իջած էր զանգուածին։ Պատերազմէն անմիջապէս առաջ ու վերջը։ Պոլսոյ մէջ հազուագիւտ չէր լսել մտաւորականը, երբեմն վերադիրով ալ։ Այդ վերադիրներէն անդիմադրելի գոմիքը, զոր օրինակ, սոսկալին, որով կ՚որակուէին պարկեշտ լրագրողներ ու դժբախտ հրատարակիչներ հանդէսներու։ Միայն վաստակաւոր ուսուցիչ մը չէր, օրինակի մը համար, Գրիգոր,,, Անգութը, այլեւ անգութ մտաւորական մը, ինչպէս ուրիշ մը, այս անգամ սոսկալի մտաւորական Մ, Շամտանճեանը։

*             Մատի չեմ փաթթեր մեր առօրեայ մամուլին դերը, որ մենէ վեր է, քանի որ պարտադրած է ինքզինքը։ Կ՚երեւի հայը արարած մըն է, որ առանց թղթեղէն կերակուրի չի կրնար ապրիլ։ Հոգեւոր իր սնունդը հիմա օրաթերթերուն մէջ հեշտագին կը փնտռէ մեր հասարակութեան մէկ որոշ դասակարգը, ա՛ն՝ որ ատենին «Բիւզանդիոն» կը կարդար ու առեւտուրին հրապարակը կ՚ուսումնասիրէր համբաւաւոր խմբագրապետին խորունկ տեսութեանց ներսը։ Նոյնը չէ սակայն դերը պարբերական մամուլին, որ մեր հասարակութեան ուրիշ մէկ խաւին կը տրամադրէ խարն ու դարմանը, այնքա՜ն բարձրահաճ տնօրինութեամբ մը (բառը գործածելով շարականեան իմաստին մէջ)։ Գաղտնիք չէ, որ մեր իմացական ընտրանին, ա՛ն որ սերունդի մը դիմագիծը կը շինէ, պատերազմէն ասդին լքած է արդէն ազգային անդաստանը, արածելու համար օտար արտերէ։ Մեր կարդացող հասարակութիւնը, ատեն մը, օրինակի համար 1890ին, համակ երիտասարդութիւն, այսօր վերածուած է հանգստեան կոչուած մարդոց հօտի մը, որուն մեղքը իր ախորժակները պարտադրելն է մեր գրականութեան, մինչ հակառակն էր, որ պիտի ըլլար բնական։ Այս ուրուացուած մտածումներուն իրենց տարիներուն թիւը իբր փաստ կ՚արձանագրեն իրենց գրական ալ առողջութեան։ Ինչպէ՜ս չյիշել հերոսական թուականը հայ մամուլին (1890), երբ մարդեր, օրաթերթի մը խոհանոցին մէջէն իսկ ատեն գտան գրականութիւն մը ստեղծելու։ Մեր իրապաշտութիւնը - մեր գրական լաւագոյն ճիգը եւ արդարագոյն փառքը - ծնունդ առաւ «Հայրենիք» օրաթերթին մէջ։ Այսօ՜ր։ Հարցուցէք ու լռեցէք։

*             Նոր օրերու երեւոյթ դատելու արարքը վերածել, ամէն գնով esprit ընելու նանրամտութեան։ Գուցէ պիտի հանդուրժէինք այս նորութեան ալ, եթէ  չհաստատէինք աւելի անդին ալ, այս տրտմութեան։ Այդ սրամտութիւնը ի՜նչ հեշտանքով կը վերածուի, անոնց գրչին տակ, թացիկ, անգութ, անիրաւ, չըսելու համար՝ ապուշ հաճոյքի մը, որ կը ձգտի հրապարակը զարմացնելու, տմարդի նպատակը փետրազարդելու։ Նոյնքան ճիշդ է, որ մեր կիրքերուն համար միակ մրցարան հիմա մեզի ձգած են միայն մեր գրականութիւնը։ Երէկ, մեր հողերը, տուները, աւանդութիւնները ու մարդկօրէն կարելի մեղքերը ունէինք զմեզ զբաղեցնող։ Այսօր մինակ ենք մեր մեղքերուն հետ։ Բայց մեր կիրքերը աւելի աճած։ Ահա թէ ինչու կռիւ կ՚ընենք, երբ ջուրը ջաղացը տարած է։