Տոմսեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՎԱՐԴԱՊԵՏԻՆ ՀԵՏ
      
       Անակնկալ պատեհութիւն մը կիրակի օր զիս տարաւ Վիլժուիֆ, այն չարաշուք հաստատութիւնը ուր տարիներէ ի վեր կը ծիւրի Մեծ Վարպետը, Կոմիտաս։
       Քսան տարիէ ի վեր չէի տեսած։ Այնպէս որ, անպատում դող մը համակեց զիս, երբ վեր կ’ելլէի յիմարանոցին սանդուղներէն։
       …Ահաւասիկ դէմ դիմաց, կոկիկ սենեակի մը մէջ։ Վարդապետը ընկողմանած է, մէկ ձեռքը գլուխին։
       Մի պահանջէք, որ նկարագրեմ իր դէմքը, - այնքան այլափոխուած։
       Թեթեւ ժպիտ մը կը շողայ աչքերուն խորը։ Եւ ինքն է, որ խօսիլ կը սկսի, դիմացը տեսնելով քանի մը այցելուներ։ Կը ճանչնա՞յ։ Չեմ գիտեր։ Խօսքերը կը հոսին մէկ ուղղութեամբ։ Երբեմն կը փորձէ նայիլ ուրիշ դէմքի մը, բայց նորէն կ’ամփոփուի.
       - Վերջապէս դուք ալ Փարիզ ինկաք… ահաւոր վիճակ է… հայրենիքէն հեռու, թափառական եղանք։
       Օրիորդ մը կ’ընդմիջէ.
       - Չկրցանք Թուրքին հետ ըլլալ։
       - «Դուք ձեզի երթայիք երեք-երեք…» (Ճիշդ այս բառերով)։
       Յետոյ, տարօրինակ պայծառատեսութեամբ մը.
       - ՄԵՆՔ ՇԱՏ ՊԱԿԱՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՈՒՆԻՆՔ. ԽԵԼՕՔ ԱԶԳ ԵՆՔ, ՊԷՏՔ Է ՀԱՄԵՐԱՇԽՈՒԹԵԱՄԲ ԱՇԽԱՏԻՆՔ։ Ինչե՜ր տեսայ, ինչե՜ր տեսայ հոս գալէս վերջը…
       - Պարտէզ չէ՞ք ելլեր պտըտելու։
       - Չեմ կրնար, որովհետեւ ոտքս վիրաւորուած է։ Բորբոքում եղաւ, բժիշկ եկաւ, նայեցաւ, մէկ ալ տեսայ քլինիք տարին, վրաս բան մը ձգեցին, բան մը չհասկցայ, մէկ մատ խորութիւնով ոտքս կտրեցին։ Հիմա չեմ կրնար շարժիլ։
       - Հոգ մի՛ ընէք, շուտով կ’աղէկնայ։
       - Ոչ, քանի մը ամիս այսպէս կ’երթայ, յետոյ քանի մը տարի կը տեւէ։ Վերջապէս ասոնք ընտանեկան բաներ են։
       - Շատ կը ցաւի՞։
       - Ո՛չ, առաջուան պէս չի ցաւիր, բայց եւ այնպէս կը մզմզայ։
       Քարացած կը դիտէի, առանց որեւէ բառ արտասանելու. ընդհակառակն միշտ խնդրելով կարճ կապել։
       Քանի մը անգամ աչքերն ինծի ուղղեց, մոլորուն։ Յետոյ, երբ հրաժեշտ կ’առնէինք, մէկը փափկութեամբ հարցուց թէ կը ճանչնա՞յ։ «Ի՞նչպէս չեմ ճանչնար» մը հազիւ լսած, չդիմացայ եւ դուրս ելայ։ Նայուածքը պղտորի՜լ սկսած էր։
       Օրիորդ մը, որ ամէնէն վերջը դուրս ելած էր սենեակէն, պատմեց թէ արցունք մը կը կայծկլտար աչքերուն խորը…
       Մի՛ երթաք, մի՛ երթաք, բարի մարդիկ։
      
       27 Օգոստ. 1935