Տոմսեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՏԷՐ ՈՂՈՐՄԵԱ…
      
       Միայն մեր մեծ մայրիկը չէ, որ պատուհանին առջեւ կծկտած, ակնոցը քթին, մաշած Սաղմոս մը ձեռքը, կ’աղօթէ ու կ’աղօթէ.
       - Տուր աշխարհիս խաղաղութիւն…
       Երեք օրէ ի վեր անընդհատ բազմութիւն մը կը հոսի Ուէսթմինսթրի Արքայարանը, Անծանօթ Զինուորի դամբարանին առջեւ, նոյն աղերսը մատուցանելու համար Ամենակալին։ Այրեր եւ կիներ առտուն կանուխ կամ իրիկունը գործէ վերադարձած ատեն, կը հանդիպին Լոնտոնի փառաշուք տաճարը, ծունկի կուգան դամբարանին առջեւ եւ կ’աղօթեն կատարեալ երկիւղածութեամբ։
       Բազմութիւնը երթալով աւելցաւ ուրբաթէն շաբաթ։ Այնպէս որ, շատեր հարկադրուեցան կարգի սպասել։
       Ուրբաթ օրուան բազմութեան մէջ կը գտնուէր նաեւ Տիկին Չեմպրլէն։
       Երբ 70 տարեկան ամուսինը մինչեւ Պավարիոյ լեռները կը թռչի, յանուն խաղաղութեան, ծունկ մը աղօթքը շա՞տ է տիկնոջ համար։
       Թերթ մը կը գրէ թէ հարիւրաւոր հաւատացեալներու մէջ, շատ քիչերը կրնան 15 վայրկեանէն աւելի մնալ, տեղ բանալու համար ուրիշներու։
       Այս աղօթքները պիտի շարունակուին այսօր ալ, ինչպս բոլոր քրիստոնեայ եկեղեցիներուն մէջ, ի սփիւռս աշխարհի։
       Կը թուի թէ այս ալ բաւական չի համարուիր, խաղաղութիւնը փրկելու համար։
       Քենթրպրիի արքեպիսկոպոսը, - կաթողիկոս ամենայն Անկլիքանաց -շրջաբերական մը ուղղելով բոլոր թեմերուն եւ ազգին, կը պատուիրէ այս կիրակին սահմանել աղօթքի, յանուն խաղաղութեան։
       Արքեպիսկոպոսը այնքան ծանր կը գտնէ կացութիւնը, որ, ժամավաճառութիւն կը նկատէ ժողով գումարել եւ բանաձեւ մշակել։
       Կացութիւնը կրիտիկական է (կարգ մը ֆրանսագէտներ պիտի գրէին…քննադատակա՜ն) , կ’ըսէ անկլիքան հայրապետը, եւ կը յանձնարարէ անմիջապէս գործի ձեռնարկել։ Մանաւանդ որ, թագաւորն ալ իր հաւանութիւնը յայտնած է։
       Արքեպիսկոպոսը հանդիսաւոր աղօթքներէն զատ, կը յանձնարարէ պահ մը լռութիւն պահել, որու միջոցին իւրաքանչիւր հաւատացեալ կրնայ իր նախընտրած աղօթքը մրմնջել։
       Այս առթիւ կը յիշեցնէ քանի մը մասնաւոր աղօթքներ, - Սաղմոսի այսինչ գլուխ, Եսայի մարգարէի այսինչ գլուխ այսինչ հատուած, Մատթէոսի Աւետարանին 6րդ գլուխ 5-15 տուն, Ղուկասէն՝ 21րդ գլուխ, 25-36տուն, եւայլն։
       Ես ալ թղթատելով Մատթէոս Աւետարանիչի նշանակուած գլուխները, հանդիպեցայ հետեւեալ տողերուն.
       Երանի որ քաղցեալ եւ ծարաւի իցեն արդարութեան, զի նոքա յագեսցին։
       …Երանի խաղաղարարաց, զի նոքա որդիք Աստուծոյ կոչեսցին։
       Երանի որ հալածեալ իցեն վասն արդարութեան, զի նոցա է արքայութիւն երկնից։
      
       Իմացայ թէ մեր եկեղեցիներն ալ աղօթք սարքած են այսօր, կիրակի։
       Անշուշտ, Վռամշապուհ արք. պարտ ու պատշաճը տնօրինած է արդէն, քանի որ երիտասարդ փոխանորդ մըն ալ ունի հիմա։
       Արդ, մե՞ղքը մտած կ’ըլլամ, եթէ ես ալ թելադրութիւն մը ներկայացնեմ, ի սէր խաղաղութեան։
       Կարելի չէ՞ այսօրուան «Տէր ողորմեա»ները քիչ մը «բարեզարդել»։
      
       Տէր ողորմեա, տէր ողորմեա,
       Տուր աշխարհիս խաղաղութիւն,
       Ազգին Չեխաց համբերութիւն,
       Եւ Գերմանաց խոհեմութիւն։
       Տէր ողորմեա, Տէր ողորմեա,
       Տուր աշխարհիս արդարութիւն,
       Տոհմին թրքաց իմաստութիւն,
       Սթալինայ՝ բժշկութիւն,
       Ազգիս Հայոց ազատութիւն։
      
       18 Սեպտ. 1938