Տոմսեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԻՍԿ ԵԹԷ ՀԱՄԲՈՅՐՆԵՐԸ ՀԱՄՐԷԻՆ…
      
       Արեւելեան Գերմանիոյ քարոզչական գրասենեակին պաշտօնեաներէն Անգլիացի մը, Պ. Ճոն Փիթ նախկին լրագրող, աննախընթաց գիւտ մը կ’ընէ ափ ի բերան ձգելով իր վարպետները։
       Իր հաշիւներուն համաձայն, Գերմանները ամէն օր հազարաւոր ժամեր կը կորսնցնեն, ձեռք սեղմելով, իրարու հանդիպած ատեն։
      
       - Ամէն այր, կին, մանուկ օրը տասը մարդու ձեռքերը կը սեղմէ արեւելեան Գերմանիոյ ժողովրդական հանրապետութեան մէջ։ Իւրաքանչիւր սեղմում կը տեւէ քսան երկվայրկեան, ուրեմն 16 միլիոն բնակիչներու համար 200 երկվայրկեան, ինչ որ կ’ընէ օրական 888. 888 ժամ կամ 37. 000 աշխատանքի օր։ Կորուստ՝ խաղաղասիրական արտադրութեան համար։
       Միսթըր Փիթ, որ նորընծայ բոլշեւիկ մըն է, դիտել կուտայ թէ Անգլիոյ եւ Ամերիկայի մէջ իրար կը բարեւեն առանց ձեռք սեղմելու։
       Ուրեմն ցաւելով իրենց 37. 000 օրերու կորուստին համար - յանո՜ւն խաղաղութեան - կը մաղթէ որ Անգլեւսաքսոններն ալ ձեռք սեղմել սորվին, «որպէսզի դանդաղի իրենց պատերազմական արտադրութիւնը»։
       Եթէ Միսթըր Ճոն Փիթ Ֆրանսա գտնուէր եւ միայն համբոյրներու հաշիւը ճշդէր, անշուշտ Սթալինի խաղաղութեան առաջին մրցանակին կ’արժանանար։
       Համբոյր տունէն դուրս ելած ատեն, ընտանիքին բոլոր անդամներուն հետ։
       Համբոյր փողոցը իրարու հանդիպած ատեն։
       Կառախումբ նստած ատեն։
       Կառախումբէն բաժնուած ատեն։
       Գրասենեակին առջեւ։ Ներսը։
       Իրիկունը մեկնած ատեն։
       Ժամադրութեան պահուն։
       Իրիկունը տուն վերադարձած ժամանակ։
       Երբ այցելութեան կ’երթան։ Երբ կը մեկնին։
       Համբոյրներ կան, որ 10- 15 վայրկեան կը տեւեն, փողոցին մէջ։ Մանաւանդ երբ տարեցներ են։
       Գումարեցէք այս համբոյրները քառասուն միլիոնով, եւ պիտի տեսնէք, որ անոնց շնորհիւ կորսուած ժամերը եւ օրերը ոչ միայն կը խաղաղեցնեն սիրտերն ու միտքերը, այլեւ մեծապէս կը դանդաղեցնեն… զինամթերքի արտադրութիւնը։
       Մոսկուայի ուզածն ալ այս չէ՞։
      
       1951 Օգոստ. 4