Տոմսեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՆՈՐ «ՀԱՅՐ ՄԵՐ»
      
       Ամերիկացի պատուելի մը մեծ աղմուկ հանեց վերջերս, վերաքննելով եւ սրբագրելով «Հայր մեր»ը։
       Ի՜նչ յանդգնութիւն…
       Մեր մէջ գրոց-բրոցներ կան, որոնք տարիներով քէն կ’ընեն, եթէ անտեղի բառ մը փոխած, կամ լեզուական սխալ մը սրբագրած ըլլաս։
       Պատուելին սրբապղծութիւն մը կը համարի «Հայր մեր»ին հետեւեալ նախադասութիւնը. -
       «Եւ մի տանիր զմեզ ի փորձութիւն, այլ փրկեա ի չարէ »։
       Բարի քրիստոնեայի մը կը վայլէ՞ այսպիսի աղօթք ուղղել Աստուծոյ, կ’ըսէ պատուելին։
       Ուրեմն Աստուած մեզ փորձութեա՞ն կ’առաջնորդէ, - մեղայ, մեղա՜յ…
       Եւ ուրիշ քանի մը դիտողութիւններ։
       Դժբախտաբար կորսնցուցեր եմ իր սրբագրած եւ վերամշակած «Հայր մեր»ին բնագիրը։
       Աստուածաբանութիւնը չինարէն է ինծի համար։ Բայց կը կարծեմ թէ պատուելին կը չափազանցէ։
       Միայն Հայոց պատմութիւնը քրքրելով, ես այն եզրակացութեան յանգած եմ թէ Աստուած կը սիրէ փորձութեան ենթարկել մարդիկը։ Ամբողջ ազգեր եւ ժողովուրդներ։
       Իսկ երբ կարգը կուգայ «չարէն փրկելու», յանկարծ կը կորսընցնէ իր չէզոքութիւնը։ Կը դառնայ կողմ։
       Դեռ աւելին, - կը հակի այն կողմը, որ ոչ թէ գրիչ, այլ սուր ունի։ Ոչ թէ «մատեան ողբերգութեան» եւ սրբանօթ, այլ հրանօթ եւ թնդանօթ։
       Հեռո՜ւ ինձմէ՝ «Հայր մեր»ը սրբագրելու որեւէ յաւակնութիւն։
       Երբ Նարդունին անգամ «Խոնարհեցո՛» կ’երգէ Վենետիկի կամարներուն տակ, ինծի՞ մնացեր է բառ կամ խօսք փոխել տէրունական աղօթքէն։
       Միայն համեստ առաջարկ մը։
       «Հայր մեր»ը ի միջի այլոց կը խնդրէ «զհաց մեր հանապազորդ»։
       Հայերը աշխարհի ո՛ր ափն ալ ինկած ըլլան, հաց ճարելու ճամբան կը գտնեն։
       Հայկական առած է քարէն հաց հանելը։
       Մե՞ղք մը գործած կ’ըլլանք, եթէ հացի տեղ ազատութիւն խնդրենք, աշխարհաբար թէ գրաբար։
       - Բայց «Տէր ողորմեա»ն ունինք։
       = Հոգ չէ։ Այս անգամ ողորմութիւն չենք խնդրեր, այլ մեր արդար իրաւունքը, քիչ մը աւելի բարձրացնելով մեր ձայնը։
      
       28 Յունիս 1953