Տոմսեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԶՐԱԽՕՍԱԿԱՆ
      
       Ով որ կը փորձէ շատ բան ապացուցանել խառն ի խուռն վկայութիւններով, ի վերջոյ ծուղակը կ’իյնայ։
       Այս վիճակին մատնուած է Զգօն վարդապետ, իր չնաշխարհիկ հրատարակութեամբ. - «Սէր եւ Ամուսնութիւն»։
       Երբէ՞ն ի վեր մեր վարդապետները խոստովանահայր դարձած են։ (Մանաւանդ անոնք որ Երուսաղէմէն կուգան)։
       Ամէն վեղարաւորի տրուած չէ Խրիմեան Հայրիկ դառնալ, «Պապիկ եւ թոռնիկ» մը յօրինելով։
       Տափակ եւ անլի շարադրութեամբ մը որ երբեմնի «Աւետաբեր»ը կը յիշեցնէ, Զգօն Ծ. Վ. զարմանազան խրատներ կուտայ ամուսնացողներուն։
      
       Այսպէս, «Կագ ու կռիւ» գլուխին մէջ կը պատուիրէ.
      
       - « Փափաքելի է որ յաճախ աղօթէք. բայց յատկապէս կը խնդրեմ որ, դիւրիմացութեան (թիւրիմացութիւն) մը պարագային զանց չառնէք զայն։ Երկուքդ ալ ծնրադրեցէք ձեր մահիճին քովը». (էջ 31)։
      
       Սրտառուչ պատուէր մը եւս.
      
       - «Ով որ ձենէն գտնէ իր պակասութիւնը, իսկոյն թող փառք տայ Աստուծոյ, եւ ելքնէ փաթթուի իր սիրածին, ցաւ յայտնելով, ջերմ համբոյրներ փոխանակելով»։
      
       Շատ աւելի պերճախօս է վարդապետին «Սիրախօսականք»ը, թարգմանուած՝ «հին եւ նոր հեղինակներէ»։ Մեծ մասով անգլերէնէ եւ Ս. Գիրքէն։ Նոյն հում շարադրութեամբ եւ խառնիխուռն։
       Ինչպէս գրած էի երէկ, վարդապետը այդ գլուխը բացած է «ոչ միայն սրելու համար հետաքրքրութիւնը սիրողներուն, կամ նոր թափ մը տալու անոնց սիրոյն, այլ մանաւանդ ընդլայնելու համար ընթերցողներուն հասկացողութիւնը սիրոյ մասին, որ կրնայ թռիչք տալ երեւակայութեան » (էջ87)։
       Երիտասարդ տղու մը եւ աղջկան մը ցոյց տուի քանի մը նմոյշներ, եւ ափ ի բերան մնացին.
      
       Սէրը սիրտին բըռնաւորն է.
       Մարդուս միտքը կը մըթագնէ,
       Մտածումներն կը պըղտորէ,
       Խորհուրդներու առջեւ խուլ է,
       Իր խօլ վազքով, խենթութիւնն իսկ կ’գերազանցէ։
      
       Սէրը կը պակսեցնէ նրբութիւնը կնոջ, բայց կ’աւելցնէ մարդուն։
       Սէրը կը պաղի առանց լաւ կերուխումի։
       Սէրը ներս կը մտնէ պատուհանէն, բայց դուրս կ’ելլէ դուռնէն։
       Թէեւ սիրոյ սկիզբն ուրախութիւն կը բերէ, բայց վախճանը կործանում է։
       Նախընտրելի է սիրականը լինել ծերի, քան «ճահել»ի մը ձեռքն իյնալ գերի»։
       Հատուած մըն ալ, իբրեւ… եզրակացութիւն.
      
       Նախ պէտք է լինես դուն բարեկեցիկ.
       Ապա կարգուիս, ’ւ առնես քեզ կընիկ։
      
       …Վարդապետ, կարծեմ դուք Իրաքի առաջնորդ ընտրուած էք, մօտ երկու տարիէ ի վեր։
       Ինչո՞ւ կը տնտնաք Միլանի ամերիկեան օթելի թիւ 335 սենեակին մէջ։ (Գիրքէն կ’օրինակեմ)։
       Եթէ արտօնագիրը չէ եկած, գո՞րծ կը պակսի Միջին Արեւելքի մէջ։
      
       21 Յունուար 1954