Խմբագրականներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՓԻԼԻՍՈՓԱՅ ՎԱՆԱԿԱՆԸ
      
       Շատ բան գրուեցաւ Դուրեան Պատրիարքի մասին, անոր քահանայութեան յիսնամեայ յոբելեանին առթիւ։
       Գրի առնուեցան երկարապատում կենսագրականներ, գովասանական տաղեր, ուղերձներ։ Նոյնիսկ ոտանաւորներ։ Իրարու ետեւէ շարուեցան ձուլածոյ, գոց եղած բառեր ու բացատրութիւններ, որոնք տող կը լեցնեն, բայց բան չեն ապացուցաներ։
       Հարկ է ճշդել որ, ամէն բանէ առաջ փիլիսոփայ մըն էր հագուցեալ Պատրիարքը։ Բանաստեղծ, մատենագիր, դաստիարակ, բայց ոչ հանրային- քաղաքական կեանքի մարդ, ինչպէս սահմանուած էին ըլլալու պատրիարքները։ գիտուն մը, որ կը սիրէր խորասուզուիլ մատենադարանի մը խորը, անդադար պրպտել, սերտել ու խոկալ։ Եւ ատով իսկ, դատապարտուած ամլութեան, գոնէ բաղդատելով իր արժանիքին կամ ուրիշներու հետ։
       Պարապ տեղը չէր որ, տարիներ առաջ, Պոլսոյ մէջ, իր երեսին նետեցին «քանքարաթաքոյց»ը։ Եղիշէ արք. փափկութեամբ կը բողոքէր այս ակնարկին դէմ, յոբելեանի տօնակատարութեան առթիւ, չափազանցեալ համեստութեան շարժուձեւ մը փորձելով։
       Իբրեւ փիլիսոփայ, սկեպտիկ մըն էր կրօնական տեսակէտով ալ։ Բանաստեղծ, գիտնական եւ յետոյ շաբաթապահ Տիրան Չրաքեանը, անբա՜խտ Ինտրան, իր վերջին տարիներուն, բաւականաչափ ուղղափառ չէր գտներ Դուրեան եպիսկոպոսը, Պէրպէրեան վարժարանի դասերուն ատեն…
       Եւ շատերու միտքէն կ’անցնէր թէ՝ արդեօք տասն անգամ աւելի արդիւնաւոր պիտի չըլլա՞ր հանգուցեալ Պատրիարքը եթէ իր գլխուն վրայ ունենար աշխարհական գլխարկ մը, փոխանակ վեղարի։
       Ամէն պարագայի մէջ, կը թուի թէ «Եկեղեցւոյհայր»ը կամ Պատրիարքը աւելի քիչ տեղ պիտի բռնէ պատմութեան մէջ, քան փիլիսոփայ-դաստիարակը, բանաստեղծը, կամ բանասէր- գիտունը։
       Իսկական վանականն էր Դուրեան արքեպիսկոպոս, կամ ճեմարանականը։ Այն միստիկ շունչը որ կայ իր վրայ, աւելի կամ պակաս վարակած է նաեւ իր կարգ մը աշակերտը։ Հեղգ եւ մելամաղձիկ, ան իր շրջապատին կը ներշնչէր կրաւորականութիւն ամէն բանի հանդէպ։ Նոյնիսկ հանրային կեանքի ժխորին մէջ։ Կարծես կապ չունէր առօրեայ անցուդարձին հետ, կամ չունէր հաւատք իր դերին վրայ։
       Այս գիծը մասնաւորապէս երեւան ելաւ իր պատրիարքութեան շրջանին, թէ՛ Երուսաղէմի եւ թէ մանաւանդ Պոլսոյ մէջ։ Առաջինը՝ ըլլալով վանական պաշտօն, աւելի կը յարմարէր իր խառնուածքին, քան երկրորդը, որ կը պահանջէր կորով եւ գործօն դեր։ Վարելու եւ կազմակերպելու կարողութիւն։
       Միւս կողմէ, բանաստեղծ էր, բայց ոչ Խրիմեան։ Ինչպէս որ գիտուն էր, բայց ոչ Օրմանեան (իբրեւ քաղաքական ազդակ)։ Կեանքի բոլոր ասպարէզներուն մէջ, փիլիսոփան եւ անյագ ընթերցողը կը տիրապետէին իր վրայ եւ կը ջլատէին որեւէ թռիչք, աշխոյժ կամտարականոն գիծ։ Արմաշէն Պոլիս եւ Պոլիսէն Երուսաղէմ հաշուելովիր ամէնէն հասուն շրջանը- մատենադարանն է որ կը պտտի, կը ծփայ, կը ծաւալի իր բոլորտիքը եւ ոչ թէ աշխարհը, կեանքը, գործը։
       Այս նկատողութիւններըչեն կրնար նսեմացնել բուն Դուրեանը, մտքի մարդը, որ կրնար ասպարէզ կարդալ միջազգային իմացականութիւններու։ Մտքի մարդը, - այնքան խորաթափանց, բազմակնճիռ եւ ներհուն, բայց միանգամայն մատչելի նոյնիսկ դպրոցական սերունդին։
       Արդարեւ, հանգուցեալը ոչ միայն երգեր ու գիրքեր է գրած, - աւելի շատ գրած քան տպած այլեւ սերունդ կրթած։ Թերեւս վերջինն էր մեր գրաբարի մասնագէտներուն, որոնք անհեստացան իրարու ետեւէ։ Հեղինակութիւն մը լեզուի եւ պատմութեան, բանասիրութեան եւ մատենագրութեան։
       Դուրեան Պատրիարք, իր յոբելեանին առթիւ, չուզեց տէր ըլլալ իր մեծագոյն տիտղոսին, մտքի մարդուն, եւ բաւական համարեց միայն քահանայական կոչումը, քրիստոնէական խոնարհամտութեամբ։
       Այս ալ, ինքնին, փիլիսո՞փայութիւն մըն է, որ սակայն չի կրնար արգիլել մեզ՝ Դուրեանի մահը ողբալու, ամէն բանէ առաջ, իբրեւ մտքի մարդ։ Իբրեւ բանաստեղծ, մատենագիր եւ դաստիարակ։ Եւ իբրեւ իմացականութիւն մը որ կրնար ճառագայթել շատ աւելի բարձր հորիզոնի մը վրայ։
       Իր կորուստով կը բացուի լայն պարապ մը մեր մտաւոր անդաստանին մէջ, ուր այնքան սակաւաթիւ են իրական ուժերը, արժէքները, իսկ այնքան բազմաթիւ եւ բազմազան՝ միջակութիւնները։ Շատոնց է որ, այս ասպարէզին մէջ ալ, իրարու ետեւէ կը մաշին, կը նօսրանա եւ կ’իյնան մեծ դէմքերը, հեղինակութիւնները, - կաղնիները, մէջտեղ ձգելով թուփեր եւ մացառներ։ Յաճախ փուշ եւ տատասկ։
       4 Մայիս 1930