Խմբագրականներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՁԱՅՆ ՀԱՅՐԵՆԵԱՑ
      
       Երկու օրէ ի վեր կը կարդաք նկարագրութիւններ՝ ներգաղթի առաջին կարաւանի մեկնումին առթիւ։
       Ո՜րքան կենդանի պատկերներ, մէկը միւսէն խօսուն։ Կարելի էր ըսել՝ պատմական։
       Այս բոլորին թագն ու պսակը՝ Մարսէյլի մէջ, երբ «Ռոսիա»ն խարիսխ վերցնէ։ Եւ այսպէս մինչեւ յաջորդ կարաւանին կազմութիւնը։
       Գացողները իրենց հետ կը տանին անգնահատելի հարստութիւններ եւ հայրենասիրական ոգի մը որ ապահովաբար զարմանք պիտի պատճառէ Հայաստանի ժողովուրդին։
       Ահաւասիկ հոծ բազմութիւն մը, որ արմատախիլ՝ 1915էն կամ 1922էն ի վեր, բայց արդէն ինքնաբաւ՝ շնորհիւ տարիներու տքնութեանց, յանձն կ’առնէ ամէն զոհղութիւն, իր բաժինը տրամադրելու համար հայրենիքի վերաշինութեան։
       Միայն այս իրողութիւնը բաւական էր, որպէսզի Երեւանցիները քիչ մը թուլցնէին օղակները, փոխանակ տառին կառչելու։
       Այն ատեն, իրենք ալ պիտի համոզուէին թէ իսկապէս հրաշքներ կրնայ գործել այս ժողովուրդը։
       Վկայ՝ իրենց ամբարած գիտելիքներն ու հարստութիւնները, օտար ափերու վրայ։ Այնքան տաժանելի պայմաններու մէջ։
       Վկայ՝ մանաւանդ, իրենց անխախտ հաւատքը՝ լաւագոյն օրերու մասին։
       Որեւէ կարգուսարք չի կրնար աւելի բարձր հնչել քան հայրենիքի ձայնը։
       Ի բնէ «պրոլետար», այս ժողովուրդը կրնայ իմաստութեան, չարքաշութեան, աշխատասիրութեան դասեր տալ առանց գրքի եւ քարոզի։
       Որքան ազատ ըլլան անոր թեւերը, այնքան դիւրութեամբ կը գլորէ լեռները, ամէն բանէ վեր դասելով հայրենիքը։ Անոր բարիքը։
       Կազդուրիչ հեռանկար մը, այս առթիւ։
       Ինչպէս ուրիշ գաղութներէ, Ֆրանսայէն գացող կարաւաններուն մէջ ալ կան բազմութիւններ որոնք սիրով պիտի կապուին հողին։
       Գիւղացին բուն կոճղը՝ այս ժողովուրդին։ Արմատը անոր տեւականութեան եւ կենսուրախ աշխարհահայեացքին։
       Տարագրութիւնը բռնի ցամքեցուց հողին համն ու հոտը՝ երէկուան գիւղացիներուն մէջ։
       «Ձայն Հայրենեաց»ը նորէն բուն աղբիւրին պիտի վերադարձնէ պատկառելի բազմութիւններ, նոր գիտելիքներով։
       Հո՛ղը, հո՛ղը եւ անոր ձայնը։
      
       31 Օգոստոս 1947