Արմտան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՅԱՆ ՀԱՐՍԻԿԻՆ ՄՈԻՇԷՆ

Մենք ու Մուշէենք պատկից էինք իրարու: Անոնց տունը փոքր էր, մերինին կուշտին փակած տնակի մը պէս կ՚երեւար, բայց, արդէն, աւելի մեծը ի՞նչ պիտի ընէին: Մայր մը, տղայ մըն էին: Այսինքն` Հայանը ու Մուշէն: Մուշէն հայր ունէր թէեւ, բայց տեսած չէր: Իմ տարիքիս տղոցմէն ոչ մէկերնիս Մուշէին հայրը գիտէինք: Մեր ծնելէն առաջ ան Ըստանպոլ գացեր էր, ու ատ գնալն էր, չէր դարձեր: Կ՚ըսէին, թէ ողջ էր: Բայց ի՞նչ օգուտ Մուշէին ու մօրը` անոր ողջ ըլլալէն, երբ քանի գացեր էր, անոր մէկ փարան առած չէին, կամ տող մը գիր չէր ղրկեր, չէր հարցուցեր, թէ կնիկ մը ունիմ, տղայ մը ունիմ, կ՚ապրին, թէ՞ մեռան:

Մուշէին մայրը էրկանը ոչ նամակին, ոչ ալ տուն դառնալուն կը սպասէր: Յոյսը կտրեր էր: Գիտէր, որ չէր գար: Ես հարսիկ կը կանչէի անոր, Հայան հարսիկ: Ափի մը չափ փոքր դէմք մը ունէր, նեղ ու բարակ մարմին մը: Շատ քիչ կը խօսէր: Բան մը հարցնելու ըլլայիր, այնչափ մը կը պատասխանէր, որ խօսիլ չէր ըսուեր ատոր: Կը զարմանայիր: Նոր հարսնութիւ՞ն կ՚ընէր, մո՞ւնջ էր, արդեօք կը խորհէիր, բայց այդ տարիքով նոր հարս կ՚ըլլա՞ր: Մուշէին մեծնալուն կը սպասէր, որ էրիկմարդ ըլլար, իրենց տունն ալ նորէն շէննար: Ադ ալ ե՞րբ: Մուշէն իմ տարիքս էր: Մեզի միշտ կ՚ըսէին, թէ ես, Մուշէն, Բեկցի Մամուն Կարօն, մէկ մէկ օր տարբերութիւնով, նոյն շաբթուն մէջ ծներ էինք: Դարձեալ` երեքս միասին, միեւնոյն օր մը մկրտուեր էինք: Մենք էրիկմարդ մը ըլլալու ինչքա՜ն կ՚ուզէինք: Քանի՞ մը եղաւ` փէշով էնթարիի տեղ տիզլիկ հագնելնիս. չլչլի տեղ Երզնկու եմենի ոտքերնիս անցնելնիս: Այդ աշունը նոր տասներեքնիս պիտի մտնէինք:

Խոշոր գլուխով էր Մուշէն: Ծաղկախտէն փոս-փոս եղած էին ճակատն ու երկու երեսները: Դպրոցով բռնուեցանք ամէնքս ալ, բայց Մուշէինը ամէնէն սաստիկը եղաւ: Նոյնիսկ աչքին մէջ ծաղիկ հանեց: Կ՚ըսէին, թէ Հայանը օրերով լացաւ: Էրիկը չէր փնտրեր զինքը: Մուշէն ալ որ մեռնէր` ինք ի՞նչ պիտի ընէր: Երթար, ինքզինքը Ֆռաթը նետեր, անանկ ապրելէն աւելի աղէկ էր: Ետքը մէկեն աղէկի դարձաւ Մուշէն ու ոտքի ելաւ:

Կարդալու բնաւ սէր չունէր: Մեր հին դպրոցը, ուր պատերուն երկայնքին, գետինը, այծու մորթերու վրայ կարգով կը նստէինք ամէնքս, Մայրենի Լեզուին երրորդ գիրք մենք աւարտեցինք, ան առաջինին վրայ մնաց: Չէր սորվեր, որ փոխէին: Բայց ան ալ ձայն մը ունէր, որ երկու գիւղին ոչ մէկ տղան ունէր: Ինչքան երգ, հարէն կար մեր գաւառին մէջ` գոց գիտէր: Ով որ հարսնիք ընէր` Մուշէն կը տանէր: Ամէն մարդ կ՚ըսէր, թէ անոր կանչածները կը դպէին իրեն: Ուխտագնացութիւններուն, Արակայ ըլլար, թէ Սուրբ Գէորգ, Սուրբ Երեւում, ուր է` կիները էրիկմարդոցը համար ծառերուն տակը փռոցնէր կը տարածէին, ուր անոնք օղի, գինի կը խըմէին, Մուշէն կ՚առնէին մէջերնին, որ Ակնայ պանդուխտի երգերը, անտունիները կանչէր իրենց։ Ադ տարին, մեր նոր գայմագամը` Ահմետ պեկը, որ Երզնկայի չորրորդ բանակին միւշիւր Զեքի փաշային կաթնեղբայրն էր, երբ մեր երկու գիւղերը այցելեց, Մուշէն երգեց անոր ի պատիւ Քոսայենց Քերոբ պատուելիին շինած` «Մեր գաւառակին մեծ գայմագամին, Արդարակորով քաջ Ահմետ պեկին, եկէք, որ երգենք` երգ ուրախութեան, արեւշատութեան համար աղօթենք» սկզբնաւորութիւնով երգը:

Մենք ալ, դիմաւորելու համար տարուած երկու դպրոցներու աշակերտներս, մէկբերան` «Տիւնեալար տուրտուգճա` թախթը ալի, պախթը օսմանի, պերտեվամ պույուրսուն, ամի՜ն» պոռացինք: Ահմետ պեկը շատ հաւնեցաւ Մուշէին ձայնին, ու այնքան մարդոց առջեւ իր ձիին վրայէն, իր նստած տեղէն` քովը կանչեց, «շատ ապրիս» ըսաւ: Մուշեն ալ անոր ձեռքը համբուրեց:

Հայեան հարսիկը մինակը կ՚աշխատէր: Մուշէն ալ հետը կը տանէր, բայց Մուշէին աշխատանք կ՚ըլլա՞ր: Ամէնուն պէս` անոնք ալ, թէ ցանին թէ արօսին մէջ արտեր ունէին, ու գետին երկու կողմը` երկու այգիներ: Արտերուն ցանելը, քաղելը, կամնելը նորէն այնքան չէին, այգիներունը շատ տեսակ էին: Գարնանէ մինչեւ աշնան վերջը, մինչեւ Յիսնակ այգիները իջնալ պէտք էր: Ամէնուն պէս` Մուշէենք ալ պտուղներուն, բանջարեղէններուն բոլոր տեսակները ունէին: Շատ տաք ընելուն` չորս օրը անգամ մը գետին ջուրովը ջրել պէտք էր ծառերուն արմատները, բանջարեղէններուն մաշըրաները, մինչեւ շրթերը ջուրով լեցնելով: Յետոյ` պէտք էր այնչափ թթենիներուն տակը թափած թութերը ժողվել, որոնք ամէնէն աւելի ձեռք կը բռնէին: Յետոյ` պտուղները, բանջարեղէնները հաւաքելու, ձմռան համար աւազներու վրայ փռելու էին, որ չորնային: Խաղողները կթելու, թնթելու էին, որ գինի, նարտենկ, շիրայէ թարխանայ, թութերը եփելու էին, որ ուրուպ, պաստեղ, բլիթ պատրաստէին: Ամենէն վերջն ալ տուն կրէին ասոնք:

Ամէն գիշեր, ամէնուն պառկելու պատրաստուած պահերուն, մայր ու տղայ, բեռնով էշը առաջքնին, յոգնած, բերաննին բաց, այգիներէն կուգային: Միասին հապիկան վրայ կ՚առնէին, տուն կը կրէին, ու ատկէ ետքն էր, որ մայրը կրակ պիտի վառէր եւ բան մը եփէր, որ ուտէին: Ի՞նչ կ՚եփուէր այդ ժամէն ետքը: Հաւկիթ, ջրվրայ: Հացը պիտի փշրէին ամանին տակը, ջրվրան պիտի լեցնէին վրան եւ պիտի ճաշէին: Մուշէին աչքերը կը գոցուէին, կը քնանա՞ր, թէ` կ՚ուտէր, չէիր հասկնար, կամ, աւելի ճիշտը` քնանալով կ՚ուտէր, Հայան հարսիկին բուռ մը երեսը, ըսես, աւելի կը պզտիկնար, բռնակ մը կը դառնար, գիտես թէ` աչքերը չկային, ծնօտ մը կ՚ելլէր ու կ՚իջնար բակին անկիւնէն մխացող ճրագին աղօտ լոյսին մէջ:

Քովի տուներէն կնիկները կուգային ու կը նստէին դիմացը:

Պահիկանց աղջիկ, կ՚ըսէին անոնք Հայան հարսիկին ու Մուշէին նայելով, ամէն օր ալ աս կը քաշուի՞: Կէս գիշերին պիտի գաս, օճախ պիտի վառես ու ճաշ պատրաստես: Օր մը առաջ տղադ կարգէ, հարս մը առ ու ազատէ աս նաչարութենէն: Երկու կուժ ջուր բերող մը, ախոռդ աւըլող մը, այծերդ կթող մը ունենաս նը` շահ մըն է քեզի:

Այո, կը պատասխանէր:

Երբեմն ալ.

Ատանկ է, իրաւ էք, կ՚ըսէր:

Ինտո՞ր ընեմ, պզտիկ է Մուշէն, կ՚աւելցնէր:

«Պզտիկ» մը առեր ես` կ՚երթաս, «ինտոր ընեմ» մը առեր ես, կ՚երթաս, Պահիկանց աղջիկ, կը յանդիմանէր այս խօսքին վրայ Ղարաչոռցի մամս, որ իմ բուն մամս չէր, մեր Տեմուրճենց չորս տուներէն Արութ պապուս կնիկն էր: Ան մեր Արմտաններուն կնիկներուն բնաւ չէր նմանէր: Մուխի գոյն դէմք մը ունէր, աչքերը բոցի գոյն կը փայլէին ու իրենց տեղը քուրդ շատ ըլլալուն, քուրդի պէս քրդերէն կը խօսէր: Գիտես, թէ հէչ մէկը պզտիկ տարիքով տղայ չէ կարգեր: Մինակ դուն ես, ու օրինակներ կը թուէր: Խաշմանենց Աղան, Նաղաշենց Թադոսը, Վեվէենց Պեկոն, Կախմխցի Ղանպերին թոռը` Ճեմօն: Ալ ըսե՞մ: Դուն չե՞ս լսէր, որ նաչար մայրը չորս տարուան տղան կարգեր է:

Գիտեմ, Ղարաչոռցի Նենէ, կը պատասխանէր Հայան հարսիկը: Կը քաշուէր անկէ:

Անգամ մը մայրս ալ խօսքի մէջ մտաւ, քաջալերելու համար Հայանը.

Հայան, ի՞նչ պիտի ընես աս ու ան, աղուոր աղջիկ մը գտիր, որ Մուշէն կարգենք, ըսաւ:

Ղարաչոռցի մամս բարկացաւ.

Մեր հարսին` մեր Գալենց աղջկանը ըսածին մի նայիր, Պահիկանց աղջիկ, ըսաւ: «Աղուոր» մը առէր են, կ՚երթան: Աղուոր ի՞նչ ըսել է։ Աղջկան աղուորը ինչի՞ պէտք կ՚ըլլայ: Տան ճակատը պիտի նստեցնես, երեսի՞ն պիտի նայիս: Աղուո՜ր: Ատ աղուոր ըսածդ չպիտի՞ ծերանայ: Անա՞նկ պիտի մնայ: Չպիտի՞ թնթռկի: Բան բանողը նայինք:

Մայրս ըսածին զղջաց ու լռեց. բերնի՞ն ինկեր էր, որ պատասխանէր։

Հեմ Հայան, Պահիկանց աղջիկ, դուն ինծի նայէ, կ՚ըսէր:

Կը նայիմ, Գոբբալ հարսիկ, կը պատասխանէր Հայանը: Շատ խոշորակազմ ըլլալուն` Գոբբալ հարսիկ ալ կը կանչէին, որ խոշոր ըսել էր:

Չըլլայ, որ պզտիկ աղջիկ առնես: Թող տղէդ վեց, եօթը տարու մեծ ըլլայ: Քանի մը մեծ ըլլայ, այնքան քեզի համար աղէկ է, պզտիկ հարսը ի՞նչ պիտի ընես, ինչի՞ օգուտ ունի: Օրոցքը պիտի դնես ու օրօրե՞ս: Թող տղադ պզտիկ ըլլայ: Հարսդ կը սորվեցնէ անոր չգիտցածները: Մեծ տարիքովը ու ուժովը առ, որ ամիսը անգամ մը` վա՜յ փորս կը ցաւի, վա՜յ մէջքս կը ցաւի` չըսէ ու քիթը կախէ: Աղբիւրն որ երթայ, կուժը լեցնէ, մէկ անգամէն շալակը նետէ ու քալէ: Երկու թեւերը բանայ, պարկը մէկեն գըրկէ, վերցնէ ու իշուն բեռնայ մինակը:

Հեմ իս նայեցէք, կնիկ մարդիկ, ձեզի եմ, հետզհետէ ոգեւորուելով կը շարունակէր, ամէնուն ուղղելով խօսքը, հարս մը, ամէնէն առաջ տան մալն է, ետքը` էրկանը: Գիշերէ գիշեր ձեր տղուն ծոցը պիտի պառկի, էրկանը կնիկն է, անկէ անդին անորը չէ, տանը հարսն է, գերդաստանին մալն է:

Մուշէ, ծօ՛, քեզ պիտի կարգեն, կ՚ըսէի Մուշէին, աս խօսուածներուն հետեւեալ օրերը, երբ մենք մեզի մնայինք ու պտտելով, մինչեւ դաշտին ուռիներուն տակը երթայինք, կամ, թումբերուն ալոճները աղէկ մը դեղնէր էին, ալոճներուն վրայ ելլէինք` թոթուելու համար: Եւ կամ` երբ գիւղին մէկ պարտէզէն միւսը անցնէինք, ընկուզենիներէն թափած ընկոյզներ ժողվէինք, երկերկու տափակ քար գտնելով` դէմ դիմաց նըստէինք, թէ կոտրէինք, թէ միջուկները հանէինք, հանէինք ու ուտէինք:

Հայտի, ծօ՛, - կը պատասխանէր շեշտով մը, որ կարծես ես կը յերիւրէի, իրենց բակը իր վրայ ըսուածները ինք չէր լսեր, ես միայն կը լսէի:

Հեմ քէնէ մեծ տարիքով աղջիկ մը պիտի առնեն քեզի: Ղարաչոռցի մամս չըսա՞ւ, չլսեցի՞ր:

Հայտէ, ծօ՛, ես չեմ կարգուիր, կը կրկնէր:

Հա, քեզի պիտի հարցնեն քու կարգուիլդ: Մարդ, մամոնքդ ինտոր ուզեն նը` անանկ պիտի ըլլայ: Անոնք որ աղջիկը ուզեն նը` ան կ՚առնեն:

Մեծ Խաչը անցաւ, Վարագայ Խաչին Կիրակին մէկ մըն ալ տարաձայնուեցաւ, թէ Մուշէն նշանէր էին: Քամախի Մարեկը չկա՞յ, հոնկէ է` ըսին, աղջիկը: Մենք` տղաքս ձգենք, Մուշէն ալ լուր չունէր իր նշանուելէն: Ան ալ չէր գիտեր:

Աշունը ես Իսթանպուլ գացի: Եօթը տարի մնացի, յետոյ նորէն գիւղ դարձայ: Ադ օրը, ինչպէս միշտ կ՚ըլլար ամէն պանդխտութենէ եկողին, մեր տունը մինչեւ երեկոյ լեցուեցաւ ու պարպուեցաւ ինծի «բարի ես եկեր» ըսող կիներով, այրերով: Տարեցները գրեթէ նոյնը մնացեր էին, կամ շատ քիչ փոխուեր էին, բայց իմ տարեկիցներս հասակ նետեր. երիտասարդներ եղեր էին: Ամէնքն ալ կարգուեր ու զաւակներ ունեցեր էին: Չկարգուած` ես մնացեր էի: Հայան հարսիկն ալ փոխուէր էր: Ուր է ես ափի մը չափ երես մը, նեղ, բարակ մարմին ունէր գիտէի, հիմա երեսները լայնցեր էին, գեր չէր ըսուեր, բայց հաստըցեր էր: Մուշէն փնտրեցի: «Ամենքը եկան, Մուշէ՞ն ուր է» հարցուցի: Քանի մը հոգի միասին պատասխանեցին. «Խոշկիրի Մուսթաֆայ փաշային ղոնաղը գնաց» ըսին: Թոռը` Ալիշան պեկը կը կարգէ փաշան, քեման չալելու, խաղ կանչելու տարին: Մուշէն սազանտար է հիմա: Հարուստներու, պեկերու հարսնիքներուն կը կանչեն: Քանի մը օրէն կուգայ»:

Միւս օրը Մուշէին կնիկը տեսայ: Առտուն կանուխ աղբիւրը ցորեն լուալէն կուգար, շալակը լեցուն պարկով մը: Երդիքը հանեց, ցորենը տարածեց, որ արեւին չորնայ: Հայան հարսիկը մամուս խրատը բռնէր էր: Առած հարսը մարմինին հաստութենէն, թաւ յօնքերէն յայտնի էր, որ Մուշէէն շատ մեծ էր: Աս ըսեմ, որ անանկ պզտիկ, բարկուկ ու շարկուկ հարս մըն ալ` ան պարկ մը լեցուն ցորենը չէր կրնար շալկել ու երդիքը հանել: Իմ աչքս անգամ չկտրեց: