Յարալեզներուն դաւաճանութիւնը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԴԵՐՁԱԿ ՄԸ, ԻՐ ԵՐԿՈՒ ՀԻՒՐԵՐԸ
ԵՒ ԶԱՆԱԶԱՆ ԴԷՊՔԵՐ

Շէնքը չափազանց հին ըլլալուն համար փոր տուած էր բակին կողմը, իսկապէս վտանգաւոր կերպով: Եւ որպէսզի չփլի, անոր կռթնցուցած էին փոքրիկ աւել մը, որ իր կանաչ կոթին վրայ կը կրէր դեռ Կալըռի Լաֆայէթ պիտակը: Այս անարգանքէն զատ շէնքին կռթնցուցած էին նաեւ երկու հսկայ գերաններ` որոնք սալքարերէն մեկնելով` կը նետուէին մինչեւ երկրորդ յարկ, եւ հոն պարագային համաձայն ականջ կու տային թռչնիկի մը դայլայլին կամ կը չորցնէին նամակաբերի մը շորերը: Ահա այդ գերաններուն տակն էր կծկտած Տիրանի բնակարանը, որ կը բաղկանար գետնայարկ երկու սենեակներէ: Անոնցմէ մէկը հազիւ հազ կրնար անկողին մը պարունակել, որով Տիրան առանց վարանելու զայն կը կոչէր ննջարան եւ հոն կը պառկէր: Իսկ միւսը, որ ընդարձակ է, միաժամանակ կը ծառայէ իբրեւ դերձակի աշխատանոց եւ իբրեւ դերձակի խոհանոց: Մեքենային տակ, արդուկին քով եւ սեղանին շուրջը կերպասի կտորներ կը սողան որդերու պէս, խանձած չուխայի հոտ մը կայ, կան ամուրիութեան վկայականներ քիչ մը ամէն կողմ, եւ պատին վրայ ելեկտականութիւն հաշուող հին գործիք մը (computer) զոր Տիրան կրթած է: Ան կը հաշուէ, երբոր Տիրան պատշաճ նկատէ, եւ կը դադրի գործելէ, երբոր Տիրան անհրաժեշտ չտեսնէ: «Ո՛չ, կեցիր», կ՚ըսէ երիտասարդը թրքերէն լեզուով, որպէսզի քիչ վճարէ, եւ իրաւամբ կը յաջողի կեցնել զայն տալով մէկ քանի ճարտար ապտակներ՝ որոնց գաղտնիքը ինքն ունի, եւ զոր ձեռք ձգած է երկարատեւ փորձերէ վերջ:

Խոհանոցը աշխատանոցէ կը զատուի պատին փակցուած պատկերով մը, որ պարբերականէ մը փրցուած է եւ կը ներկայացնէ Կապի Մորլէյ` ոտքի: Բացի կիրակիէ (բարեկամուհիին օրն է ան) Տիրան տունը կը ճաշէ, կերակուրներն ինքն իր ձեռքովը պատրաստելով: Երբոր պատահի, որ ձախողի, եւ ճաշը անհամ ըլլայ, դերձակը իր բարկութիւնը կ՚առնէ Կապիէն` բացականչելով սա խօսքը կամ անոր մէկ փոփոխակը.

Քեզի մա՛րդ գիտցանք տէ եահնիի հսկիչ կարգեցինք… դերասան չէ՞ք մի, հաւկիթ մը անգամ խաշել չէք գիտեր…

Իրականին մէջ սակայն իրենց յարաբերութիւնները խիստ սիրալիր են: Կերակուրները հազուադէպօրէն միայն անհամ կ՚ըլլան, որովհետեւ այժմ դռնապանուհին սորված է արեւելեան կերակուր եփել: Խնդումերես եւ առատաձեռն Հայը կրցած էր սիրաշահել Տիկին Պիւքը, որ հակառակ իր յաւիտենական յղութեան, կ՚աշխատի ու կը շարժի անվերջ: Այդպէս է, որ առանց իր վիճակին ուշադրութիւն ընելու՝ բռնեց պայուսակներէն մէկուն ականջէն եւ ուզեց զայն ինք անձամբ փոխադրել մինչեւ դերձակին սենեակը, երբ հասկցաւ երկու նորեկներուն ինքնութիւնը: Որովհետեւ երկու նորեկներ ժամանեցին, եւ անոնք կեցան փողոցի դրան հոսանքին մէջ երեք պայուսակներու եւ տգեղ շոֆէօրի մը հետ: Տիկին Պիւք ըսաւ մեծ իրարանցումով.

Դուք օրիորդ Ալիսն էք, իսկ դուք, պարոն, օրիորդ Ալիսի հայրն էք… գիտեմ, գիտեմ, Պոլսէն է, որ կու գաք…

Եւ, անմիջապէս շոֆէօրին ձեռքէն դրամատոմսը խլելով, վերադարձուց Հայուհիին եւ իր փէշը վեր առաւ իր գրպանէն վճարելու համար կառքին ծախքը: Կարծէք թէ կտոր մը դեղին քոմպինէզոն վճարեց եւ աւելցուց «Աս ալ ձեր փուռպուառն է»:

Դռնապահուհին եւ երկու նորեկները սենեակ անցան, եւ հոն մեծցաւ տիկին Պիւքի ոգեւորութիւնը: Ան ըսաւ, թէ մէսիէօ Տիւրանը շուտով պիտի գայ, շատ շուտով, թէ անհամբեր կը սպասէր ձեր ժամանումին եւ երկարօրէն խօսած էր ինձ: Միշտ հիացումով կ՚արտայայտուէր ձեր վարպետութեանը մասին եւ կ՚ըսէր, թէ դերձակութիւնը ձեզմէ է, որ սորված է Պոլիս եղած ատեն: Բայց նախ տիկին Պիւք պահանջեց, որ նստին ու հանգչին սա աթոռին վրայ, հանեն իրենց օձիքը եւ յետոյ լուացուին, եթէ կ՚ուզեն: Ո՛չ, ծորակը այսպէս պէտք է բանալ, իսկ գալով սուրճին, զայն կրնանք պատրաստել դիւրութեամբ: Հաւատացէք, որ շատ լաւ ըրիք հոս գալով, շա՛տ լաւ: Ինչո՞ւ պիտի մնաք այդ զզուելի երկիրը, ուր այլեւս գործ չկայ մանաւանդ Հայերուն համար: Փառք Տիրոջ, հոս գործը առատ է, եւ մանաւանդ ձեզի պէս վարպետ դերձակ մը բնաւ պարապ չի մնար: Տեսէ՛ք մէսիէօ Տիւրանը, ան միշտ կ՚աշխատի եւ բնաւ պարապ չի մնար: Բայց ուրիշ բա՜ն կայ. ի՞նչ պատճառով բոլորդ մէկ չգաղթեցիք: Որովհետեւ դուք տունը չորս հոգի էք եւ ոչ թէ երկու: Հակառակ իր շատախօսութեան, գիրուկ տիկին Պիւքը այնքան համակրելի էր, այնքան պարզ մտերմութեամբ մը կը խօսէր, որ գաղթական Հայերը սիրով մտիկ կ՚ընէին զայն, թէեւ դերձակը ոչինչ կը հասկնար, իսկ իր աղջիկը` քիչ բան: Թուրքերը կ՚ատե՛մ կ՚ըսէր տիկին Պիւք, ամբողջ հոգիով կ՚ատեմ այդ գազանները, որ ձեզ ջարդեցին: Նոյնիսկ երեխաները ջարդեցին: Տէսէք, հիմա ալ նոր օրէնքին համաձայն այլեւս չեն թոյլատրեր, որ հոն վերադառնաք, հակառակ որ ձեր երկիրն է ան` դարերէ ի վեր: Բայց դուք աւելի կանուխ Փարիզ գալու էիք, որովհետեւ… եւ յանկարծ տիկին Պիւք ըսաւ Հայուհիին. Օրիորդ Ալիս, շատ համակրելի էք դուք, եւ տարօրինակ բան` քորսիքացիի հնչում ունիք: Պայուսակները բացուեցան, զանազան առարկաներ տարտղնուեցան յարմար ու անյարմար անկիւններ եւ կտրեցաւ ծորակին ջուրը: Տիկին Պիւք գնաց ու եկաւ անդադար, իսկ իր տղան` բակի գերաններէն մէկուն վրայէն վար իջնալով, եկաւ կանգնիլ բաց դրան մէջ: Անոր յաջորդեց երկրորդ մանչ մը աւելի պզտիկ ու յետոյ երրորդ մը՝ որ այլեւս չորս ոտքի վրայ կը քալէր: Եւ կարծէք թէ այս բոլորը բաւական չըլլային, բաց դռնէն ներս անցաւ նաեւ անթելի մը ճռինչը, սեւ կատու մը, իր մէկ ձագը, իր ձագերը: Սուրճը յորդեցաւ:

………………………………………………………………

Անշուշտ մեծ էր Տիրանին ուրախութիւնը, քանի որ տարիներէ ի վեր ասոնք առաջին ազգականներն էին, հոգ չէ թէ ոչ շատ մօտաւոր, որոնց երեսը կը տեսնէր: Տագէս աղա շուրջը նայելով ըսաւ. «Ծօ տղայ, դուն ե՞րբ դերձակ եղար… Մա՛քսը ո՜ւր, դերձակութիւնն ո՜ւր»: Ճիշդ է, որ Տիրան տարի մը միայն աշակերտած էր Տագէս աղային մօտ եւ յետոյ մեկնած այս արհեստին մէջ յարմարութիւն չունենալուն համար: «Գործի մտած օրս մայրիկս մատնոց մը նուիրեց ինձ եւ, խառնուածքս գիտնալով` ըսաւ, թէ պէտք է ջանամ խելքս կարին տալ եւ աչքը մտնալ հայրիկիդ: Եւ առաջին օրն իսկ, երբ որ երեկոյին տուն դարձայ, մայրիկիս վիզը նետուելով ըսի, թէ անմի՛ջապէս, անմի՛ջապէս աչքը մտած էի վարպետիս: Խանութին մէջ մուկ մը սատկեցուցած էի: Մի՞տքըդ է, վարպետ: Իրաւ է, որ մեծ դանակը կոտրուեցաւ, բայց սատկեցաւ նաեւ մուկը: Ա՜յսչափ մուկ մը»:

Բայց յանկարծ տրտմեցաւ երիտասարդը որովհետեւ հեռաւոր ու սիրական դիմագծեր իրեն երեւցան շատ որոշ գոյներով, անփոխարինելի ջերմութեամբ, եւ ինք ըսաւ իր վարպետին սա տեսակ տրտում խօսքեր. «այս աշխարհը պարապ աշխարհ է» եւ «օ՜ֆ, օ՜ֆ»: Բարեբախտաբար ծագեցան ուրիշ հարցեր, եւ վարպետը Տիրանի մէկ հարցումին պատասխանելով ըսաւ, թէ հակառակ ստացած ապահովիչ տեղեկութիւններուն, ինք չէր ուզած իր այսչափ տարուան տունը քանդել մէկ անգամէն եւ այդ պատճառով է, որ Փարիզ չէին եկած ամբողջ ընտանեօք:

Նայի՜նք, ըսաւ վարպետը, եթէ աստեղի վիճակը գործիս գայ, կարենանք ապրուիլ, այն ատեն քրոջս կը գրէմ եւ ան, ամէն բան ծախելով Սմբատին հետ կ՚ելլայ կու գայ: Նայի՜նք…

Ասկէ յետոյ պատահեց ան մէկ քանին այն սովորական դէպքերուն, որոնք անխուսափելիօրէն կը հալածեն գաղթականները: Այն մօտաւոր պանդոկը, ուր ապաստանեցան հայր ու աղջիկ, մլուկ ելաւ: Ամբողջ գիշեր մը անքուն անցընելէ վերջ որուն պատճառաւ յանդիմանութի՛ւն ալ ստացան պանդոկապետէն, որ նշմարած էր լոյսին երկարատեւ վառ մնացած ըլլալր ուրիշ սենեակ մը ուզեցին: Բայց ա՛ն ալ երկու Պոլսեցիները լեցուցին գիշերային անէծքով: Հետեւանք` սաստիկ հարբուխ մը եղաւ Ալիս՝ բայց բարեբախտաբար վրայ հասաւ իր ընկերուհին, Աստղիկը, որ զինքը տարաւ իրենց տունը, Սէն-Մանտէ: Գալով Տագէս աղային, ան սկսաւ գիշերել Տիրանին մօտ, մինչեւ յարմար սենեակի մը յայտնութիւնը, մինչեւ Ալիսի վերադարձը: Եւ որովհետեւ այս բոլորին պատճառաւ դերձակին գործը բաւական ետ էր մնացած, վարպետը թեւերը սօթթեց եւ սկսաւ աշխատիլ իր նախկին աշակերտին հետ, եւ միաժամանակ խօսեցան հինէն ու նորէն, սարէն ու ձօրէն, հայերէն եւ թուրքերէն:

………………………………………………………………

Երբոր Իզմիրլեանը խորան կ՚ելլէր եւ փայտէ մուրճը ձեռք կ՚առնէր, մենք գիտէինք, թէ իմ մեծ եղբա՜յրս է, որ «Դռնբացէք»ի տախտակը կը բռնէ վարագոյրին ետեւ: Իզմիրլեա՜նն ալ գիտէր: Ի՜նչ օրեր, ի՜նչ օրեր էին, այսօրուան պէս միտքս է: Ան Զատկին նոր շապիկներ կարուեցանք, եւ իմինս մասնաւորաբար չափի վրայ շինուած էր. օձիքին տակն ալ Տ մը եւ Պ մը կար։ Տագէս Պալապանեան: Դպրաց դասուն մէջ չկար մէկը, որ չուզէր տախտակը ինք բռնել. բայց լուսահոգի Հեքիմեանը չէ՛ կ՚ըսէր: Տախտակը Լեւոնը պիտի բռնէ` վէսսէլամ, կ՚ըսէր: Եղբօրս պէս ձայն ունեցող մէկ հատ մըն ալ չկար, երբոր թող տար «Ովսաննան», մինչեւ մեր տունէն կ՚իմացուէր: Աս Լեւոնին ձայնն է` կ՚ըսէին: Մասնաւոր հոճաներ կու գային Էյուբներէն, Ֆաթիհներէն, մեր երգեցողութիւնը լսելու համար: Անոնց դպրաց դասը ամենէն կատարեալն է` կ՚ըսէին: Ի՜նչ օրեր էին, ո՞ւր են այդ օրերը: Բոլոր տղաքը Զատկուան օրօրոցներուն մէջ կը խաղան, կը խնդան, հաւկիթ կը փոխանակեն, իսկ ես ասդին կու լամ: Կ՚ուզեմ անպատճառ հետս առնել շապիկս: Չէ՞ մի անոր օձիքին տակ Տ մը եւ Պ մը կայ: «Ան իմինս է, հետս պիտի տանիմ» կ՚ըսեմ: «Տագես Պալապանեանը ե՛ս եմ» կ՚ըսեմ: Ի՜նչ ըսես. տղու խելք: Տարիներ վերջ (դեռ դպրապետ չէի) հարցուցի Իզմիրլեանին, Սրբազան, կը յիշէ՞ք, օր մը արարողութեան ատեն նուաղեցայ, ըսի, որովհետեւ ծոմ բռնած էի Ս. հաղորդութիւն առնելու համար, ըսի: Խորհրդարանին մէջ է, որ խօսեցայ: «Կը յիշեմ, կը յիշեմ», ըսաւ: Եղբա՛յրս ալ յիշեց: «Անոր ձայնը դեռ ականջներուս մէջն է», ըսաւ:

Իրենց զբաղումին պատճառաւ չէին կրնար գնում կատարել եւ կերակուր եփել, այնպէս որ Տիրան իր վարպետը առաջնորդեց մօտակայ prix-fixe ճաշարան մը, ուր կերան ծեծ ուտելու պէս: Երբ որ ազատեցան աղմուկէն, հրմշտուքէն եւ խոհանոցի ծանր հոտէն, կրկին վերադարձան կարի եւ անվերջանալի խօսակցութեան: Այդ քմահաճ խօսակցութեան ընթացքին է, որ Տիրանն կանգ առաւ կարեւոր նիւթի մը առջեւ: Ի՞նչ պիտի ընէր վարպետը, երբ որ պատահմամբ կորսուէր Փարիզի մէջ: Ի՞նչպէս պիտի գտնէր իր ճամփան, երբ ֆրանսերէն չգիտէր: «Մենք ատոր դարմանը գտած ենք», ըսաւ Տիրան եւ անմիջապէս սպիտակ թղթի մը վրայ դրեց հետեւեալը. «Կը կոչուիմ Տագէս Պալապանեան, հայ եմ ու կը բնակիմ Մառքադէ փողոց. կը խնդրեմ, որ զիս հոն առաջնորդէք»: Եւ վարպետին պատուիրեց, որ այս թուղթը պահէ խնամքով:

………………………………………………………………

Տիրան իր ետեւէն քաշեց վարպետը որուն վրայ այլեւս բնաւ կարողութիւն չէր մնացած, այնքան որ շրջած էին պանդոկէ պանդոկ, եւ ներս մտաւ նեղ դռնէն: Յետոյ, պանդոկին գրասենեակը անցնելով, հարցուց.

Ներեցէ՛ք, օրիորդ, երկու հոգինոց սենեակ մը ունի՞ք արդեօք: Բարեկամիս եւ իր աղջկանը համար է… այո՛, ամսուան համար:

Ոչ, պարոն… դժբախտաբար ոչ… երկու հոգիի համար ըսիք չէ՞… այսինքն թէ… թէեւ սենեակ մը ունինք, բայց այս պահուս ներսը մարդ կայ… չէ՞ք կրնար ժամ մը վերջ անգամ մը եւս հանդիպիլ սենեակը այցելելու համար… հեռո՞ւ կը բնակիք… ո՞ր կողմը կը բնակիք:

Ճիշդ այդ պահուն է, որ գրասենեակին խորը գտնուող ապակեպատ դուռ մը բացուեցաւ աղմուկով եւ ներս խուժեց կին մը: Այս ներխուժումը եղած էր այնքան բիրտ, որ դրան բռնիչը մնացած էր կնոջ ձեռքը: Չորս կողմը միսի գունդերով բեռնաւո՛ր, խոշորակազմ, կաշըմբուռն էգ մըն էր եկողը, թեզանիքները մինչեւ արմունկներէն վեր սօթթած՝ եւ դէմքին կարմրութիւնէն կը հասկցուէր, որ խոհանոցի կրակէն կու գայ: Թերեւս կու գայ` սղմռտուքէ: Խոյացաւ գրասեղանին առջեւ նստած աղջկանը վրայ որ նիհար էր ծրագիր-կանոնագրի մը պէս ու գոռաց.

Աղջի՛կ դուն խե՞նթ ես, յիմա՞ր ես, թէ չէ դիտմամբ ընել սկսար: Աս երրորդ անգամն է որ քու տխմար պատասխաններով իմ յաճախորդներս կը փախցնես: Երէկ նոյն բանը ըրիր, առջի օր` նոյնը: Մինչեւ այսօր խնայեցի քեզ, բայց հիմա փառաւոր ապտակի մը արժանի ես: Արժանի ես ըսի՝ լռէ: Ո՞ւր տեսնուած է, որ 19 տարեկան աղջիկ մը յաճախորդին պատասխանէ. «Վերջը չէ՞ք կրնար գալ… ո՞ւր կը բնակիք… հեռո՞ւ կը բնակիք… ձեր conciérgeն ալ ձեզի հե՞տ կը բնակի»: Բերանդ չբանա՛ս, ինքնիրմէս կ՚ելլեմ… Մտիկ ըրէ եւ սորվէ թէ ի՛նչպէս կը խօսին Փարիզի մէջ:

Եւ դառնալով դպրապետին, որ ֆրանսերէն բա՛ռ մը իսկ չէր հասկնար, արտասանեց հետեւեալը.

Այո՛, պարոն, երկու հոգինոց սենեակ մը ունինք: Գինը 200 ֆրանկ է: Անմիջապէս կրնաք այցելել զայն եթէ կը փափագիք:

Տագէս աղա, արդեն յոգնած ու դժգոհ` քիթը բերանը ծամածռելով հարցուց.

Ծօ՛, Տիրան, ինէ ի՞նչ կ՚ուզէ կոր սա պաշ չաւուշը:

Բայց չեն կրնար այցելել, ներսը մարդ կայ, առարկեց աղջիկը վախով:

Պանդոկապետուհին աւելի կատղեցաւ, բայց վիճաբանութեան ամենէն տաք կէտին վրայ՝ յանկարծ դուրս նետուեցաւ գրասենեակէն, աոարկելով, թէ րոպէ մը իսկ աւելի եթէ մնայ հոն, ձեռքէն դժբախտութիւն մը պիտի ելլէ: Դրան բռնիչը, որ ահաւասիկ` աղջկան քթին բերնին պիտի նետէ: Եւ երկու Հայերը ետեւէն քաշելով սկսաւ սանդուխները բարձրանալ: Վեր կ՚ելլէր սանդխամատէրը սարսափեցնելով, թեզանիքները վար կ՚առնէր, գոգնոցը կը նետէր իւղոտ բազրիքին վրայ, շարունակելով պոռպռալ: Այդպէս գրգռուած վիճակով հասաւ թիւ 11 սենեակին առջեւ ու զարկաւ:

Երրորդ եւ զօրաւորագոյն հարուածէն վերջ խորունկէն եկող ձայն մը պատասխանեց.

Բայց տիկին Ժատու, չե՜մ կրնար բանալ… բարեկամիս հետն եմ:

Ինձի հետ ըլլալու չէի՜ր եա, բացականչեց միւսը, հա՛րկաւ բարեկամիդ հետ պիտի ըլլաս… Ինձի նայէ, ma petite Լուլու, կարծեմ դուն չափը անցուցիր: Ամէն օր կու գաս ինձմէ սենեակ կը վարձես մէկ ժամուան համար եւ փոխանակ ըստ ընդունուած սովորութեան մէկ ժամը եօթանասունըհինգ վայրկեան հաշուելու, երեք ժամ կը փակուիս ներսը: Մինչեւ հիմա gentille գտնուեցայ հետդ եւ դիտողութիւն չըրի, բայց եթէ խելացի աղջիկ ես, պիտի ջանաս, որ հետդ չաւրուիմ: Որովհետեւ հետդ պիտի աւրուիմ, եթէ այսպէս տեւէ:

Բայց տիկին Ժատո՜ւ, առարկեց ձայնը, միայն կէս ժամ եղաւ մեր սենեակ մտնելը…

Կէ՞ս ժամ: Երբեք. քառորդ մը միայն եղաւ, բայց հակառակ ատոր կ՚ուզեմ, որ դուռը բանաս: Լուրջ յաճախորդներ ունիմ հոս, եւ երէկուան պէս զանոնք կրկին քու պատճառաւդ կորսնցնելու բնաւ տրամադիր չեմ: Լո՛ւրջ յաճախորդներ ունիմ հոս, օտարականներ, որոնք ամսուան համար պիտի վարձեն…

Լռութիւն մը տիրեց եւ յետոյ վերսկսաւ փոխասացութիւնը: Երբ որ պանդոկապետուհին բռունցքի հարուածները սաստկացուց դրան վրայ, Լուլուն աղերսեց ներսէն.

Բայց տիկին Ժատու, մեր ա՜յս վիճակով… ա՜նմիջապէս…

Անմիջապէս ձեր այդ վիճակով դուրս ելէք ըսած չունիմ: Ֆրանսերէ՛ն է խօսածս: Անկողին մտէք, եթէ դուրսն էք, վերմակով ծածկուեցէք ամբողջութեամբ, եւ մնացէք անշարժ՝ մինչեւ որ մենք մեկնինք: Արդէն ակնարկ մը միայն պիտի նետենք եւ դուրս ելլանք: Այդպիսով դուք իմ առեւտուրիս արգելք եղած չէք ըլլար, եւ ես ալ… անհոգ եղէք՝ երկու ծեր պարոններ են:

Բայց տիկին Ժատու, հաւատացէք որ չենք կրնար հիմա…

Sapristi! պատճառը շատ աղէկ դիտեմ: Անպայման նորէն վերմակը կորսնցուցած էք: Ով գիտէ, ուր նետեցիք: Մահճակալին տակ աղէկ նայեցէք…

Բանակցութիւններն աւելի տաքցան, մօտակայ դռներ բացուեցան հետաքրքրութեամբ, երկու կիները լրջօրէն առին տուին, իսկ Տիրան ըսաւ վարպետին ականջն ի վար. «Ասանկ դռնբացէք դուն տեսա՞ծ էիր»: Վերջապէս համաձայնութիւն գոյացաւ: Նիգը բացուեցաւ, մինչ աղջկան ձայնը միաժամանակ կը հրամայէր.

Մինչեւ որ «Ներս մտեք» չըսեմ, մի՛ մտնաք:

Բոպիկ ոտքերը փախան, մահճակալը երկու անգամ հազաց, կտաւներ բացուեցան, պրկուեցան. եւ յետոյ հեռուէն, կարծես հորի մը մէջէն, խորէն եկող ձայնը ըսաւ` մտէ՛ք:

………………………………………………………………

Երկու մեռել՝ պատանքուած:

Վերմակը երկու հոգինոց վերմակ չէ, ոչ ալ բաւականին թանձր, այդ պատճառով, երբ որ երիտասարդները քաշեր ու պրկէր են զայն լաւ ծածկուելու համար, տուեր են պարզապէս իրենց մերկ մարմնին կաղապարը: Վերի երկու գունդերը անշուշտ երկու գլուխներն են, յետոյ կու գան ուսերը, յետոյքները եւ սրունքները: Ո՛չ, ո՛չ, աղջիկը այս կողմինը պէտք է ըլլայ, որովհետեւ… Տեսէ՛ք, մեծ պատուհան մը ունիք հոս, որուն վարագոյրը եթէ բանաք` փողոցը կ՚երեւայ ամբողջութեամբ: Դիրքերնիս շատ լաւ է, քանի որ արեւ կը ստանանք առաւօտները: Իսկ հոս ունինք տաք ջուր եւ պաղ ջուր: Կայ նաեւ…— Իզուր կինը սենեակ մտնելուն պէս սկսած էր իր այս դասական խօսքերուն` Տիրանին ու վարպետին ուշադրութիւնը հրաւիրելու համար մեծ պատուհանին վրայ, ուրկէ տաք ջուր եւ պաղ ջուր կը վազէ, կամ վարագոյրներուն վրայ, որոնք հանգստաւէտ են… Երկու Հայերը իրենց ակնարկը անմիջապէս դարձուցած էին նախ դէպի մահճակալը եւ յետոյ աթոռները: Անոնցմէ մին կը կրէր կնոջ հագուստը, կարմիր քոմպինէզոն մը, սեղմիրան մը, իսկ միւսին վրայ կային այր մարդու զգեստները, ճերմակեղէններով հանդերձ: Շըմինէին վրայ էին Petit Parisien մը, ակնոց մը եւ երկու գլխարկ: Այր մարդուն գլխարկին վրայ ոսկեհիւս տառերով գրուած էր

CHAUSSURE RAOUL

Բայց երբ Տիրան շըմինէի քարին ծայրը նշմարեց շատ աւելի մտերիմ եւ աղտոտած առարկայ մը, գլուխը անմիջապէս դարձուց վարպետին: Եւ տեսնելով անոր արտայայտութիւնը, իր երկու ափերով մէկէն խփեց իր քիթն ու բերանը` խնդուքին ժայթքումը կասեցնելու համար: Շառագունեցաւ, աչքերը բացուեցան, կասկած չունեցաւ, որ մարդը նշանաւոր բան մը պիտի ըսէ… ահա որ վարպետն իր ձեռքը երկարեց դէպի մահճակալը… ահա որ բերանը բացաւ… ճա՜ռռ: Մինչդեռ երկու հայերը կը նայէին անշարժ պառկողներուն, ստացան այս պատասխանը ճա՜ռռ…

Պարզապէս շատ պրկուած հին սաւանն է, որ պատռած էր վերէն վար, մեծ աղմուկով:

Անկողնին մէջ երկու մարմինները ցնցուեցան, Լուլուն սուր ճիչ մը արձակեց, իսկ «կօշիկ Ռաուլ»ը ըսաւ merde: Խեղճերը կը կարծէին, որ ծածկոցն ալ սաւանին հետ պատռելով իրենց մերկութիւնը մէջտեղ էր ձգած:

Պանդոկապետուհին երեք անգամ պոռաց, թէ աղէտը մեծ չէ, անմիջապէս երկու Հայերը դուրս հրեց սենեակէն եւ անսպասելի ձայնով մը սկսաւ խնդալ սաստի՜կ, սաստի՜կ: Տիրան փլաւ տեղն ու տեղը, ինկաւ ըստ բախտի սանդուխի մը վրայ, երկուքի ծալլուեցաւ եւ կոկորդը պատռեց խնդալով: Յետոյ գինովի մը պէս իջաւ սանդուխներէն, գէշ պանդոկին դրան մէջ գտաւ վարպետը եւ նիհար աղջիկը ու փափաքեցաւ համբուրել զանոնք երկուքն ալ: Իր աչքերուն մէջ արցունքներն այնքան առատ էին, որ չէր տեսնէր ո՛չ Տագես աղայի խոժոռութիւնը եւ ոչ ալ աղջկան գոհունակութիւնը, այլ միտքն կը փափաքէր համբուրել զանոնք երկուքն ալ:

………………………………………………………………

Երբ որ տեղատարափին կործանումը աւարտեցաւ, վարպետը ուզեց մեկնիլ իրենց ապաստանած սրճարանէն, որովհետեւ ջղայնացած էր եւ չէր կրնար տեղ մը նստիլ: Բայց վերջին նորաձեւութեամբ հագուած Տիրանը իր հագուստներուն խնայեց, մանաւանդ որ մեթրոյին ծակը բաւական հեռու էր: Քիչ մը եւս մնացին կաթնասուրճի իրենց պարապ գաւաթներուն դիմաց, եւ Տիրան շարունակեց խնդալ: Թէեւ կը խօսէին բոլորովին չէզոք նիւթի մը, այսինքն Պոլսոյ տեղատարափներուն եւ կարկուտներուն վրայ, բայց Տիրան ատենը անգամ մը մարդուն աչքերուն մէջ կը նայէր, փը՜ռթ կ՚ընէր ու կը խնդար: Տագէս աղա անգամ մը եւս ըսաւ, թէ դուն անամօթին մէկն ես, թէ ինծի պէս հօրդ տեղը մարդ մը այդ տեսակ պանդոկ մը տարիր եւ հիմա անպատկառօրէն աւելի շատ սկսաւ խնդալ Տիրան, ըսելով` թէ վարպետը ամուսիններ կարծած էր սիրահարները:

Ի՞նչ կարծեցիր… ի՞նչ, ի՞նչ, ըսաւ վարպետը, որ բնաւ այդ մտածումը չէր ունեցած, եւ չուզելով արտասանել այն ծանր խօսքը, որ շրթներուն վրայ կը դողար, դուրս ելաւ սրճարանէն:

………………………………………………………………

Տագէս աղա մեթրոյին մէջ տեսաւ սեւ ծրար մը եւ Տիրանը արմկահարելով անոր հասկցուց, թէ ուրիշ արհեստակից մըն ալ կար, որ գործ կը տանէր յանձնելու: Ապահովաբար: Տիրան նայեցաւ գետնի ծրարին, յետոյ անոր տիրոջ կռնակին ու բացականչեց: Ճանչցած էր Պարոյրին կռնակը: Սկսան խօսիլ առատօրէն, եւ ներկայացուեցաւ վարպետը: Այդ խօսակցութեան ընթացքին է, որ տուին կարեւոր որոշում մը, այսինքն Պարոյր իր բարեկամին գործի խնդրանքին պատասխանելով` ըսաւ, թէ դուք կրնաք հիմա անմիջապէս հետը գալ Belle Jardinière որպէսզի ես ձեզ ներկայացնեմ մարդուն եւ ձեզի ալ գործ տայ: (Coupeurներէն մէկը Հունգարացի մըն է, որուն հետ ես շատ լաւ եմ եւ երբ որ ըսեմ, թէ դուք լաւ աշխատողներ եք… կու տա՛յ, կու տա՛յ, կու տա՛յ, գործը շատ է: Տագէս աղա առաջարկեց ուրիշ օր մը երթալ, քանի որ այժմ յոգնած էր ինք, բայց Պարոյր` իր ականջին ետեւէն վերցնելով սիգարէթի աղտոտ կտոր մը գետինը նետեց եւ խստօրէն հասկցուց, որ Փարիզ է հոս, ձգձգել չ՚ըլլար հոս, երկաթը տաք-տաք կը ծեծեն Հոս: Նայէ՛, այսօր Շաբաթ է, եթէ այսօր չգաս, անգամ մըն ալ յաջորդ Ուրբաթ միայն կրնամ քեզ մարդուն տանիլ: Ըսէ նայիմ, դուք ի՞նչ պիտի ընէք ամբողջ շաբաթ մը: Սա ալ ըսեմ, որ ձեր գիտնալիք բանն է: Պարապ նստեցէք:

Խխում եղած երեք դերձակները հասան Belle Jardinière: Այդ աշխարհը տեսնելով (մանաւանդ գարշելի պանդոկներէ վերջ) իսկապէս զարմացաւ ու հիացաւ Տագէս աղա: Անվերջանալի սանդուխներ, լափիւրինթոս, նրբանցքներ, լեռնակուտակ պատատներ, եւ յետոյ վերելակներ, պաշտօնէութիւն, կիրթ հեղեղ: Մինչ կը սպասէին իրենց կարգին` Տիրան իր ընկերոջ պատմեց ժամ ու կէս առաջուան պանդոկի դէպքը: Երկու երիտասարդները չափազանց խնդացին, մէկզմէկ հրմըշտկեցին «էյ, ըլլա՜լիք բան է» ըսելով, «աչքդ խաղա, վարպետ» ըսելով, եւ Պարոյր ճչաց, թէ այս դէպքը գրուելու արժանի բան է: Այո՛, անպայման պիտի գրէ Կաւռօշին մէջ: Թէեւ գժտուած էր խմբագրին հետ, բայց դարձեալ հաշտուեցան եւ արդէն իսկ նիւթ մը տուաւ գալ շաբթուան թուին համար: Եթէ առնես, կը տեսնես: Եւ որովհետեւ կրկին Տիրան կ՚ըսէր, թէ վարպետը ամուսիններ կարծած էր երկու սիրահարները, Տագէս աղա բարկացաւ: Ինք բնա՛ւ այդպիսի մտածում չէր ունեցած:

Հոգ չէ՜, վարպետ, ըսաւ Պարոյր, կարծէր ես, չես կարծէր` կարեւորը այդ չէ: Կը բաւէ, որ գրութեանս մէջ լա՜ւ կը փախի… Ես կը գրեմ:

Բնականաբար Տագէս աղա շատ աւելի ներողամտութիւն ունէր Տիրանին հանդէպ, քան թէ այս օտարին, որ կը համարձակէր այսքան քիչ ակնածանքով խօսիլ իրեն հետ: Գունատեցաւ վարպետը եւ բերանը բացաւ: Անշուշտ պիտի գժտուէին, եթէ շուտով չկարուէր իրենց խօսակցութիւնը: Ստիպուեցան Հունգարացիին մօտենալ աճապարանօք, քանի օր իրենց կարգը եկած էր:

Երբ ամէն ինչ կարգադրուեցաւ այնպէս, ինչպէս որ կը փափագէին, ու փողոց ելան երեք Հայերը, պատահեցաւ դէպք մը եւս: Տագէս աղա չկրցաւ իր գլխարկը գլուխը անցընել: Զայն ձեռքերուն մէջ դարձուց քանի մը անգամ եւ ըսաւ, որ սխալած էր, ուրիշ մէկուն գլխարկը առած էր դուրս ելած ատեն: Բնաւ երբեք. նոյն իր խղճուկ գլխարկն էր, միայն թէ դերձակը ներսը եղած ատեն զայն դրած էր անկիւն մը, ապահովարար շատ տաք խողովակի մը կամ ջեռուցիչի մը վրայ եւ թաց գլխարկը քաշուած, կծկուած էր: Մարդն այնքան յուսահատական դէմք մը ունէր եւ իր գլխարկը այնքան ծիծաղելիօրէն կը թառէր գանկին գագաթը, որ երկու երիտասարդները սկսան խնդալ։ Պարոյր, գլխանոցին երկու եզերքներէն բռնելով վար քաշեց, սաստկաւցուց իր խնդուքը եւ ըսաւ, թէ տակաւին շատ ձիւն պիտի գայ քու գլխուդ, այս Փարիզին մէջ: Այնպէս չէ՞, խելքէդ չէր անցնէր, որ Մայիս ամսուն կրնայ տաք խողովակ ըլլալ ներսը: Օհօ՜օ, այս քու կարծած աշխարհդ չէ… ահա որ քեզ այս վիճակին մէջ կը ձգէ եւ բնաւ փոյթ չ՚ընէր: Քանի երիտասարդները կը խնդային, այնքան կը բարկանար Տագէս աղա եւ զանոնք կ՚որակէր «շոշորթ»ի նման ածականներով: Երբ որ տեսաւ թէ շուտով չպիտի հանդարտին անոնք, գլուխը առաւ ու գնաց:

Երկու ազգականները մեթրոյին մէջ կեցան իրարմէ հեռու: Տիրան կռնակը դարձուց, որպէսզի չտեսնայ գլխարկին ծիծաղելիութիւնը, կզակն ու ծոծրակը ճզմեց անգթօրէն որպէսզի չխնդայ, բայց չկրցաւ, քանի որ խնդուքը ջղային եղած էր այլեւս: Ճամբորդներէն զինուոր մը մասնաւորաբար` գուշակած էր Հայուն ծիծաղին նիւթը, եւ կը նայէր մէյ մը Տագէս աղայի գլխարկին, մէյ մըն ալ Տիրանին:

Մեթրոյի սանդուխներուն վրայ է, որ վարպետը նետեց իր գլխարկը, բայց Տիրան հաւաքեց զայն` գիտնալով, որ մարդը ուրիշ գլխանոց չունի: Երթ որ տուն հասան, տեսան որ Ալիս եւ իր ընկերուհին սենեակն են: Աղջիկները մեծ ուրախութեամբ ընդունեցին երկու դերձակները, բայց շատ շուտով այլայլուեցան, տեսնելով, որ հայրիկը վճռականօրէն մէջտեղ կը քաշէ պայուսակները եւ մեկնելու խօսք կ՚ընէ: Ուզեցին գոնէ տեղեակ ըլլալ անցուդարձներուն: «Աստծոյ սիրուն` խօսեցեք» ըսին եւ քանի որ բնաւ կարելիութիւն չէին տեսնէր հայրիկը խօսեցնելու, կառչեցան երիտասարդին:

Ի՞նչ, ի՞նչ… ըսել է պիտի պատմե՞ս… առանց ամչնալու պիտի պատմե՞ս եղածները…

Նախկին դպրապետը Տիրանը լռեցուցած էր անոր առաջին բառերէն իսկ: Այդ վարանոտ բառերը բոլորովին անվնաս էին եւ կը վերաբերէին միմիայն գլխարկի պատահարին, բայց պոռթկացած էր վարպետին բարկութիւնը: Ան կ՚ըսէր, թէ մարդ գոնէ աղջիկներէն կ՚ամչնայ եւ, եթէ երեսը միւռոն չէ մնացած ու իր հօրը տարիքը ունեցող անձ մը չի յարգէր, գոնէ աղջիկ զաւակներէ կ՚ամչնայ:

Եւ դառնալով Ալիսին, Տագէս աղա խստօրէն ըսաւ, որ փոխանակ աղէ արձան կտրելու լաւ կ՚ընէր գալ իրեն օգնելու, որպէսզի ժամ առաջ կապեն պայուսակները ու մեկնին: Այո, անմիջապէս պիտի մեկնի ասկէ ու վաղն իսկ մութն ու լուսուն թրքական հիւպատոսարան պիտի երթայ: Ըսէ նայիմ, ո՞ւր է Տաճիկին հիւպատոսարանը:

Խենթեցա՞ր, վարպետ, ըսաւ Տիրան, կեցիր նայինք, ի՞նչ կ՚ըլլանք կոր…

Եւ որովհետեւ դարձեալ երիտասարդն իր այս խօսքը ըսած էր ժպիտով, աւելի եւս կատաղեցաւ մարդը: Ան ըսաւ, թէ ինք խենթ չէր եւ քեզի պէս խելացիները եէլեկին պզտիկ գրպանէն կը հանէր: Ինք ըսաւ, թէ այս երկրէն պիտի մեկնի՝ եւ պիտի մեկնի: Այս տարիքը եկած էր եւ տակաւին օր մը օրանց ոեւէ մէկը չէր համարձակած իրեն հետ վերաբերուիլ այսքան անպատկառութեամբ, այսքան ծաղրանքով: Ինք դիտէր յարգել ու յարգուիլ կաթնավաճառէն եւ փաշայէն, հացագործէն եւ վէզիրէն: Եւ դուն հիմա հետս կը զուարճանա՞ս ժամերով, որովհետեւ առաջուան Տագէս էֆէնտին չեմ եւ նիւթապէս կարօտ եմ մնացէք, քու դուռդ եմ ինկեր…

Խստօրէն բողոքեց Տիրան այս տրամաբանութեան դէմ եւ երկու դերձակները բարձրացուցին իրենց ձայնը: Վարպետը պնդեց իր ըսածին ճշմարտութեանը վրայ, աւելցնելով, թէ Տիրան իր վրայ ծիծաղելու համար է, որ միայն զինքը առաջնորդած էր այդ վատահամբաւ պանդոկը: Ըսէ տեսնեմ, դուն որ ֆրանսերէն կը հասկնաս եւ ըմբռնեցիր, թէ ներսը ովքեր կան, չէի՞ր կրնար առնել ու քալել: Չէի՞ր կրնար ըսել. «Վարպետս, այս քու մտնալիք սենեակդ չէ»: Ինչո՞ւ վերջն ալ այս դէպքը պատմեցիր բարեկամիդ, որ քեզի պէս էշուն մէկն է: Եւ ան ալ պիտի ելլէ իմ վրաս յօդուած պիտի գրէ եղեր… Տագէսին վրայ այդպիսի բան գրե՜լ… Տագէսին վրայ՜ որ մինչեւ այս տարիքը յարգուած է մեծէն ու պզտիկէն, սրբազանէն եւ պատրիարքէն…

Վարպետը կը դողդողար: Թէ՛ աղջիկներուն միջամտութիւնը եւ թէ մանաւանդ Տիրանին հակաճառութիւնը զինքն աւելի կը բարկացնէին, եւ ինք խոր յուզումով կը պնդէր, թէ գլխարկ ըսածը մարդուս պատի՜ւն է: Դժբախտութիւն մըն է պատահեցաւ՝ աղէկ, բայց դուք ի՜նչպէս այդ պատուին վրայ կը խնդաք անվերջ: Ի՜նչպէս կը համարձակիս «Դռնբացէք» ըսել բոզի դրան զարնելով…

Պայուսակները կապուեցան, բայց Տիրան չթողուց, որ անոնք մեկնին, որովհետեւ բարկացած էր ինքն ալ եւ չափազանց անարդար կը գտնէր վարպետը: Կ՚ըսէր, թէ ինք ամբողջ կարելին ըրաւ օգտակար ըլլալու համար եւ երբեք այսպիսի վարձատրութեան մը չէր սպասէր: Այո՛, անախորժ դէպքեր էին պատահածները, բայց ինքը յանցանք չունէր անոնց մէջ: Խնդացած էր միայն, ան ալ հակառակ իր կամքին: «Անխելք եւ հին գլուխ մարդու խօսքեր են ըրածներդ», ըսաւ վարպետին:

Տագէս աղա, որ մեծ դժուարութիւն կը քաշէր` իր սիգարէթը վառելու համար, այնքան որ ձեռքը կը դողար, բնաւ չկրցաւ հանդուրժել այս խօսքերուն: Ըսաւ թէ` եթէ երբեք մեր միջեւ տարբերութիւն մը կայ, ան ալ գլխին հնութիւնը չէ, այլ միւռոնը: Այսինքն` կրթութիւնը, զգացումը ամօթին, գիտակցութիւնը մեղքին, պատշաճութեան: Մէկը, որ իր մազն ու մօրուքը ճերմկցուցած էր այդ արժէքներուն մէջ, եւ նոյն արժէքներուն մէջ մեծցուցած էր իր զաւակները, չէր կրնար ապրիլ Փարիզ: «Ֆռենկ ըսուածը ես նոր պիտի չճանչնամ», ըսաւ, անոնց ինչքան թեթեւսօլիկ, շոշորթ, շողոքորթ եւ մանաւանդ անբարոյ ըլլալը ինք շատոնց գիտէր: Եւ դուք ալ անոնցմէ բնութիւններ առէր էք, քանի որ հոս մեծցաք:

Տագէս աղա Փարիզ հասած օրն իսկ այս իրողութեանը գիտակցած էր: Հանդիպած էր էշու կտոր Հայ կառավարի մը, որ առանց նկատի առնելու, թէ ետին երիտասարդ աղջիկ մը նստած է իր հօրը հետ, ամենազզուելի երգ մը երգած էր: Եւ դեռ քանիներ իրեն հետ վերաբերուած էին արհամարհանքով կամ կոպտութեամբ: Պանդոկապետը իր երեսն ի վեր կը պոռայ, գիշերը լոյս վառած ըլլալուն համար, երբոր ստիպուած էին մլուկին պատճառաւ: Ճաշարանի ծառան կերակուրը իր առջեւ կը նետէ որպէս շունի: Դուք կրնաք այս բոլորին հանդուրժել, բայց ինք, Տագէս, չէր կրնար բնաւ, մանաւանդ որ լեզուի չգոյութեան պատճառաւ պիտի ստիպուէր լռել միշտ ու տանիլ։ Ո՛չ, չէր կրնար, քանի որ ինք մարդ էր եւ կը նախընտրէր ապրիլ Պոլիս, հոգ չէ թէ չոր հացով, քան թէ ուրանալ ինքզինքը: Եւ Տագէս աղա այնքան կը կրկներ «ես մարդ եմ»ը, որ յանկարծ բան մը յիշելով` իր դրամապանակէն դուրս քաշեց թղթիկ մը եւ ըսաւ` չափազանցեալ քծինքով— «Ես կը կոչուիմ Տագէս Պալապանեան: Միւսի՜ւս, կը խնդրեմ որ զիս տունս առաջնորդես…»: Մինչ վարպետը կրցածին չափ փոքր կտորներու կը վերածէր թուղթը, Տիրան թեւերը վեր առաւ, ըսաւ, թէ անկարող է այս տեսակ մարդ մը հասկնալու, թէ դուն մարդ ես, ես ալ մարդ եմ, բայց Հայ ենք, Հա՜յ…

Քանի որ փոթորիկը մեղմացնելու իր բոլոր ճիգերը ապարդիւն էին անցած` կու լար Ալիս: Ան գիտնալով, որ իր հօր բարկութիւնը գէշ է, կը խնդրէր Տիրանէն, որ չպատասխանէ բնաւ, բայց Տիրան չէր կրնար: Ան մեծ ջղայնոտութեամբ կը շրջագայէր սենեակին մէջ եւ պահ մը կենալով compteurին առջեւ, զօրաւոր ապտակ մը տուաւ գործիքին եւ ճամբայ հանեց զայն: Իր սուր ձայնով Աստղիկ ըսաւ վարպետին, որ պէտք է նախ խաղաղիլ։ Իրաւունք ունիս, շատ ճիշդ կը խորհիս, բայց պէտք է նախ խաղաղիլ։

Ճիշդ չեմ խորհիր, պոռաց Տագէս աղա. ես շա՜տ սխալ կը խորհիմ… բայց ասկէ պիտի երթանք ըսի` եւ պիտի երթանք:

Աստղիկ ինքն ալ տարուելով վիճաբանութենէն, ըսաւ թէ վերջապէս պէտք է տրամաբանել քիչ մը եւ մեղքնալ նաեւ իր շուրջինները: Ի՞նչ ըսել է քաշուած գլխարկի մը համար վիրաւորել ամէն ոք եւ մեկնիլ Փարիզէն, երբ որ այդքան պարտք ըրեր էք մինչեւ հոս գալու համար: Տագէս աղա պարտք բառը ապտակի մը պէս ընդունեց եւ անմիջապէս խոյացաւ իր աղջկանը վրայ: Բայց իր բարձրացուցած բազուկը միայն օդը կրցաւ ճեղքել որովհետեւ Տիրան նետուած էր իրենց միջեւ: Մարդը փրփրելով եւ հեւալով կը պոռար Ալիսին թէ այս բանը երբեք պիտի չներէր իրեն, երբե՛ք: Ինք միշտ սեւը ներս՝ եւ ճերմակը դուրս ապրած էր եւ քեզի՛ ալ այդպէս սորվեցուցած էր: Դուն հիմա ի՜նչ համարձակութեամբ կ՚ելլես օտարներուն կը պատմես, որ պարտքով եկանք հոս, պատանդ ձգելով միայն դրամ գտանք… Մոխիրի գոյն եղած էր մարդը, որ յանկարծ ձեռքը կուրծքին տարաւ ու կքեցաւ: Բառերը իրարու խառնուեցան, թափուեցան բերնէն ու կքեցաւ:

Անկողնին վրայ պառկեցուցին զինքը, եւ Տիրան նախ քիչ մը ջուր տուաւ եւ վերջն ալ, շիշին տակ մատ մը օղի գտնելով, ան ալ վարպետին բերանը լեցուց: Աղջիկները մարդուն դաստակները կը շփէին, բայց ան կը պահանջէր, որ կորսուին բոլորն ալ եւ զինքը առանձին ձգեն:

Աշխատանոցն իր անկիւններն յանձնած էր մութին` առանց դիմադրութեան, իսկ ծորակը կը կաթկթէր երբեմն կանոնով, երբեմն առանց կանոնի: Շատոնց է, որ Տիրան պայուսակները փոխադրած էր մլուկին պանդոկը, իսկ հիմա կը պատրաստուէր իր ազգականներն ալ հոն առաջնորդելու:

Ալիս իր հօրը աջ թեւը մտաւ: Փողոցի մութ դրան մէջ Տիրան փորձեց մտնել մարդուն ձախ թեւը, բայց Տագէս աղա ձեռքի շարժումով մը, որ ամէն պատասխան կը մերժէր, վանեց երիտասարդը.

Շատ շնորհակալ եմ… քեզի բաւական անհանգստութիւն տուինք` աֆ կ՚ընես: Հարկաւ մենք ալ օր մը տակը չենք մնար:

………………………………………………………………

Տիկին Պիւք ճիշդ հոտառութեամբ մը դերձակին վիշտը կապեց անոր ազգականներուն յանկարծական մեկնումին, եւ դարձդարձիկ հարցապնդումներով փորձեց մանրամասնութիւններ խլել Տիրանէն: եւ որովհետեւ չկրցաւ՝ ըսաւ թէ իր ծննդաբերութիւնը տեղի պիտի ունենար ճիշդ սա չափ օր վերջ: Դիւրացած էր ան` մասամբ: Այսինքն թէ փոքրիկին անունը որոշուած էր: Եթէ մանչ ըլլայ` Գամիլ: Եթէ աղջիկ ըլլայ` Գամիլ:

Իրապէս կը տառապէր Տիրան, եւ դէպքերու վերյիշումը իրեն կը պատճառէր այնպիսի իրական նեղութիւն մը, որ ատենը անգամ մը կարը ձգելով կը ստիպուէր շրջիլ սենեակների մէջ. «Աս ի՜նչ գէշ բան եղաւ», կ՚ըսէր ու կը պնդէր, թէ ոեւէ մէկն ալ իրեն պէս պիտի խնդար եղածներուն վրայ` առանց վարպետը ծաղրելու դիտաւորութեան: Թէ մեղաւորը դէպքերն էին միայն, որոնք դժնդակ էին, անտարակոյս, բայց միաժամանակ ծիծաղելի էին անվիճելիօրէն: Եւ յետոյ՝ յուսահատական դիպուածով մը` կարճ ժամանակի մը մէջ անոնք յաջորդած էին մէկզմէկու, առանց առիթ տալու, որ անցեալը ընտելանայ ներկային:

Երիտասարդը անստգութեան մէջ սպասեց լուրի մը, որ միշտ ուշացաւ: Կուզէր մանաւանդ գիտնալ, թէ արդեօք իրապէս Փարիզէն պիտի մեկնի՞ն հայր ու աղջիկ, թէ չէ արդէն հանդարտած են հիմա, որ երկու օր անցաւ: Դերձակը շատ յուսաց, որ Ալիս կու գայ զինքը տեսնել իր հօրը թոյլատրութեամբ կամ անկէ գաղտնի, բայց աղջիկը չերեւցաւ բնաւ: Գիշերը գաղտագողի Տիրան գնաց անոնց պանդոկը եւ պանդոկապետէն լսեց որ հոն են երկուքն ալ, թէ մեկնումի խօսք չեն ըրած բնաւ:

Օրերը ամբողջութեամբ գրաւուեցան նոյն մտապաշարումով: Որովհետեւ բախումը մնացած էր կիսաւարտ, անոր ընթացքին ամէն ինչ չէին կրցած ըսել, որովհետեւ մանաւանդ երկու դերձակներն ալ եղած էին թէ՛ իրաւացի եւ թէ անիրաւ: Տիրան կը մնար անլուծելի հանգոյցի մը մէջ: Ոչ միայն չափէ դուրս նեղացուցիչ էր ան, այլ նաեւ ենթական կը նետէր հակոտնեայ զգացումներու: Երիտասարդն ունեցաւ բուռն բարկութեան պահեր, որոնց ընթացքին ամբաստանեց ոչ միայն վարպետին աներախտագէտ վարմունքը, այլ նաեւ միւռոնը, դպիրը, արեւելքը: Յետոյ կը տրտմէր խորապէս, մտածելով, որ խառնուածքի խնդիր է, թէ անոնք իրենց գլխուն պատճառաւ պիտի տառապին այժմ: Կամ պիտի մեկնին, ինչ որ մեծ աղէտ է, կամ պիտի մնան եւ իր աջակցութենէն զրկուելով` պիտի չարչարուին անտեղիօրէն:

Աննկարագրելի վախով մըն է, որ երիտասարդը բարձրացաւ պանդոկին սանդուխներէն, իրենց բաժանման երրորդ առաւօտը: Երբոր հասաւ իր ազգականներուն դրան առջեւ, փողկապը շտկեց սիրտը տեղաւորելու փորձով ու զարկաւ դրան: Յետոյ Ալիսի հարցումին պատասխանելով` ըսաւ, թէ ինքն էր` Տիրանը: Անմիջապէս փսփսուք մը սկսաւ ներսը, «մտէ՛ք»ը ուշացաւ, եւ նոյն աղջիկը պատասխանեց տարբեր ձայնով.

Հիմա ես կը փոխուիմ կոր…

Եկած էր ներողութիւն խնդրելու համար, եւ եթէ պէտք է, նոյնիսկ վարպետին ձեռքը համբուրելու համար, բայց ահա որ չէին ընդունէր զինքը: Տիրան կեցաւ նրբանցքին մէջ, յետոյ քիչ մը անդին` սանդուխին գլուխը. նայեցաւ դրան մը բանալիին, որմէ կախուող թիւը դեռ կը ճօճէր, եւ վախկոտ քայլերով վերադարձաւ նոյն փակ դրան առջեւ: Հարցուց— «Քիչ մը վերջը գա՞մ»: Կը կարծէր դարձեալ փսփսուք մը լսել, բայց շատ ապահով չէր: Ալիս պատասխանեց.

Մենք քեզի կուգանք…

Օրն անցաւ առանց այցելութեան, յետոյ երկրորդ մը եւս, բայց Տիրան չզարմացաւ բնաւ, քանի որ աղջկան պատասխանը արդէն մատնած էր իր իսկական իմաստը: Հակառակ ատոր սակայն դերձակը սպասեց միշտ սրտի սեղմումով եւ ժամանակի թաւալումին հետ անդրադարձաւ, որ սկսած է հետզհետէ աւելի ցաւ զգալ, այսինքն հետզհետէ աւելի սիրել ու ատել իր ազգականները:

Երեկոյեան ստուերները գրաւած էին իր աշխատանոցը, որուն մէջ կեցած էր Տիրան վարանումով: Պիշ պիշ կը նայէր իր ձեռքերուն որոնց մէջ կար քիչ առաջ գնուած շիշ մը օղի. արմացած եւ զարմացած շիշ մը օղի: «Ինչո՞ւ գնեցի» կ՚ըսէր եւ յետոյ կ՚աւելցնէր, «գնած ատենս գիտէի եւ կը խորհէի, որ տունը մարդ չկայ: Հակառակ ատոր ինչո՞ւ գնեցի»: Պահ մը իր նեղութիւնն այնքան անտանելի թուեցաւ, որ ուզեց փախուստով մը ձերբազատուիլ անկէ եւ անմիջապէս բնէօ մը գրեց իր բարեկամուհիին, զայն իր սենեակը հրաւիրելով: Գրած ատեն իր աչքին առջեւ ունէր միմիայն Ալիսը: Յաջորդ իրիկունը Ֆրանսուհին չեկաւ սակայն եւ Տիրան իր երկար սպասումով ջղագրգիռ` նետուեցաւ փողոց:

Պուլըվառ Տը Գլիշիի վրայ հանդիպեցաւ անոնց: Առաջին անգամն էր իրենց բաժանումէն ի վեր, եւ Տիրան բնազդաբար ու հապճեպով պահուըտեցաւ: Անդրադարձաւ, որ ցնցուած էր այնպէս, որպէս թէ հանդիպած ըլլար սիրուհիի մը: Դանդաղ գնացքով կը յառաջանային երկուքը երեկոյեան բազմութեան մէջ, եւ Ալիս իր հօրը թեւն էր մտած: Միշտ նոյն խղճուկ գլխարկը կար վարպետին գլուխը եւ նոյն սրճագոյն զգեստը Հայուհիին վրայ: Տիրան նայեցաւ անոնց կռնակին, անոնց կրունկներուն, բաներ, որոնց կը նայէր առաջին անգամ ըլլալով: Տեսաւ անոնց առանձնութիւնն ու կարօտը, ինչպէս նաեւ մէկուն յամառ քէնը, իսկ միւսին` այպանելի հետեւողականութիւնը: Հեռուէն բաւական մը հետեւեցաւ անոնց, բայց հակառակ իր մեծ ցանկութեան, չհամարձակեցաւ քովերնին երթալ: Ու յանկարծ վախցաւ նշմարուելէ, որովհետեւ կողմնակի շարժում մը ըրած էին անոնք եւ ինք անգիտակցաբար շատ մօտեցած էր: Երբ որ ետին կը դառնար փախչելու համար, իր աճապարանքին մէջ կոպտօրէն զարնուեցաւ երկու անցորդներու: Բալապեղ մարդիկ էին անոնք, երկուորեակներու պէս կը նմանէին մէկզմէկու, եւ իրենց քասքէթին վրայ դրուած էր ոսկեհիւս տառերով` կօշիկ Ռաուլ:

Քանի որ հանդիպումի վախը չկար այլեւս, Տիրան համարձակօրէն գնաց մլուկին պանդոկը եւ այս անգամ իր ստացած լուրը զինքը ուրախացուց: Անոնք մեծ սենեակ մը ուզած էին: Անոնք պիտի աշխատէին:

………………………………………………………………

Անսպասելի պահու մը երեւցաւ իր բարեկամուհին եւ մեծ գորով ցոյց տուաւ Տիրանին հանդէպ: «Պզտիկս, ըսաւ ան, անմիջապէս գուշակեցի, որ վիշտի մէջ ես, քանի որ տակաւին բնաւ ինծի այդ տեսակ նամակ չէիր գրած: Օ՜, այր մարդիկ որքան քաղցր, որքան սիրելի կ՚ըլլան, երբ որ ցաւ ունենան»:

Պահարանի պէս նեղ այդ ննջարանին մէջ պառկած՝ Հայը սկսաւ սաստիկ նեղուիլ ֆրանսացի աղախինին քով, որ կը կոչուէր Ժորժէթ եւ որ բնաւ շրթունք չունէր: Ջերմութիւնը գաղջ էր եւ հաճելի, բայց Տիրան ուրիշ բան կը ցանկար գտնել միսերու ետին: Բան մը ըրած ըլլալու համար նկարագրե՛ց Կռէթա Կառպոյի մէկ հռչակաւոր եւ յիմար ֆիլմը` նախ անկողնին մէջ եւ յետոյ ոտքի վրայ` հագուելու միջոցին: Ինք ամբողջութեամբ հագուած էր արդէն, իսկ էգը քնառած՝ երբ որ դուռը զարնուեցաւ: Վարպետն էր:

Նախ բացարձակապէս բան մը չհասկցաւ Տիրան Տագէս աղայի պոռպռոցէն, միայն թէ ահոր թշնամական երեւոյթը շատ որոշ կերպով կ՚ըսէր, թէ ծանր բան մը պատահած է: Տիրանի հարցումներուն պատասխանելով` վարպետը կ՚ըսէր.

Չհասկնալու մի՛ գար: Ինծի ատանկ բան չանցնի՛ր… չանցնի՛ր…

Վերջապէս պարզուեցաւ, որ մարդը եկած է իր աղջիկը փնտրելու եւ աւելի քան ապահով է, թէ Տիրանն է զայն պահողը: Անշուշտ երիտասարդ դերձակը ըսաւ, թէ բանէ մը տեղեակ չէ ինք, թէ Ալիսին երեսն իսկ չէ տեսած ձեր մեկնումէն ի վեր: Բայց հայրը, որ չափազանց գրգռուած էր, սկսաւ սպառնալ եւ հայհոյել, ըսաւ, թէ իր աղջիկը անհետացած էր նախորդ գիշերուընէ ի վեր, թէ իր փնտրտուքները Աստղիկին կողմը ապարդիւն էին անցած, եւ ինք ապահով էր, որ Տիրանն է զայն պահողը: Ուրիշ ո՞ւր պիտի երթայ, կ՚ըսէր ան, որո՞ւ կրնայ երթալ, քանի որ իմ քովէս փախաւ, անշուշտ քեզի պիտի գայ եւ դուն զայն տեղ մը պիտի պահես: Վարպետը ննջարան մտաւ, բայց նոյնիսկ Ֆրանսուհիին ներկայութիւնը զինքը չխաղաղեցուց: Ընդհակառակը: Բռնէք Տիրանի օձիքէն եւ պահանջէք, որ խօսի, խոստովանի, ապաստանին տեղը յայտնէ, եւ որովհետեւ գոհացում չէր ստանար, կատղեցաւ արտակարգօրէն, եւ սկսաւ քֆրել Տիրանին, անոր պատիւին, արիւնին եւ արեւին:

Թէ՛ Ժորժէթ եւ թէ՛ տիկին Պիւք որ վրայ հասած էր, ոչ կրնային կռիւը խաղաղեցնել, ոչ ալ բան մը հասկնալ պատահարէն: Վարպետը կը պոռար, թէ հակառակ իր բացարձակ արգելքին, Ալիս հոս եկած էր ամէն օր, համաձայնած էր Տիրանին հետ, ու փախած: Եւ կ՚աւելցնէր.

Ես ձեզ երկուքդ ալ կսատկեցնեմ… հէ՛մ քեզ, հէ՛մ Ալիս օլաճախը…

Տիրան սենեակէն դուրս նետեց մարդը:

………………………………………………………………

Բաց պատուհանին առջեւ կ՚աշխատէր Տիրան գլուխը կախ եւ բերանը կիսաբաց: Բերանը կիսաբաց էր, որովհետեւ իր քթին ծակերուն մէջ մխրճած էր բամբակներ` արիւնահոսութիւնը դադրեցնելու համար: Երիտասարդն այդ արիւնահոսութիւնը կը վերագրէր իր բուռն յուզումին եւ անվերջանալի մտասեւեռման: Հին բակն իր բորբոսած եւ հիւանդոտ պատերով կը նեղնար Տիրանի դէմն ու վրան, կը նմանէր շրջուած ձագարի մը, որուն նեխոտ ու պզտիկ բերնէն կ՚երեւար առաւօտեան արեւը, կամ անոր մէկ ճամփան, կամ աւելի հեռաւոր բան մը: Որպէսզի չփլչի` գերաններ կռթնած էին գանկի մը:

Ծանր քայլերով Տագէս աղա կտրեց անցաւ այդ բակը Տիրանի ակնարկին տակ, դուռը բացաւ եւ անցաւ ներս: Երիտասարդն իր գլուխը չբարձրացուց բնաւ, չբարեւեց բնաւ եւ շարունակեց կարը: Միւսն ալ ձայն չհանեց այլ միայն գնաց նստիլ, աթոռին վրայէն ծրար մը գետնախնձոր մէկդի դնելով: Դեռ երէկ իրիկուն էր, որ այս սենեակը կը լեցնէին իրենց պոռպռոցով, իսկ այժմ կը լսուի վերի յարկէն թափող անթելի մը խուլ ճռինչը եւ յետոյ այն սկրթուքը, զոր քաշուող թելը կընէ կերպասի մէջ:

Երկար ատեն լռեցին, երկար ատեն ծխեց մարդը, եւ իր կապտորակ ծուխը շրջանակի վարանումներէ վերջ գտաւ բաց պատուհանին ճամփան: Տագէս աղա ըսաւ բռնազբօսիկ մեղմութեամբ մը.

Հիմա՞ ալ պիտի չըսես… նայէ՛, չեմ պոռար կոր… շէնք շնո՛րհք կը խօսիմ կոր… ո՞ւր է այս աղջիկը…

Անմիջապէս ցցեց Տիրան իր գլուխը, ձեռքի տաբատը շատ ուժով զարկաւ սեղանին վրայ եւ խոյացաւ դէպի վարպետը: Կեցաւ անոր առջեւ աչքերը արտակարգօրէն բաց եւ մատները օդին մէջ պրկած: Յետոյ քիչ առ քիչ մեղմացաւ, թուլացաւ ու երկար հառաչ մը արձակելով վերադարձաւ իր կարին:

Բաւական մը վերջ, երբոր վարպետը կը մեկնէր առանց երբեք անգամ մը եւս բերանը բացած ըլլալու, Տիրան ըսաւ խստութեամբ.

Բաթաթէսները նորէն աթոռին վրայ դիր… մենք աստեղ քու սպասաւորդ չենք…

Մարդն իր ետին չնայեցաւ, բայց ելաւ դուրս երկար վարանումներով: Ծուխին պէս:

Յաջորդ օրը առաւօտուն դարձեալ եկաւ եւ նստաւ նոյն աթոռին վրայ, մէկ ծայրին: Բարեւեց այս անգամ: Մօրուքը եկած էր, թափթփուած էր, եւ Տիրան խորունկ ակնարկով մը զայն քննեց բազմաթիւ անգամներ: Յետոյ ըսաւ.

Կար կ՚ուզե՞ս:

Այո, կ՚ուզեր քիչ մը աշխատիլ, բայց չկրնալով` յանցաւոր հանեց կերպասին կարծրութիւնը եւ միշտ փրթող թելին փտութիւնը: Երկարօրէն կը հալչէր Տիրանի աչքերուն մէջ, բայց չէր խօսէր: Կէսօրին չկրցաւ իսկ ճաշել: Չէր ուզէր յայտնի ընել, բայց պատառները կը մեծնային իր բերնին մէջ եւ կը մնային հոն:

Վարպետ, ըսաւ Տիրան, ինչի՞ վրայ երդում ընեմ նէ` կը հաւատաս, որ բանէ մը լուր չունիմ: Ալիսը ես չե՛մ պահած:

Պատասխանն այնքան ուշացաւ, որ երիտասարդը ստիպուեցաւ կրկնել իր հարցումը: Այն ատեն հայրը ըսաւ.

Մարդէն մը սենեակ մը ուզեցինք, պիտի նստէինք՝ պիտի աշխատէինք: Ինչո՞ւ աս աղջիկը առաւ քալեց… գիտեմ, որ ես խիստ եղայ, ձեր սիրտը կոտրեցի, դուք ալ իմինս կոտրեցիք… բայց ա՜լ կը բաւէ, ըսէ՛ Ալիսին, թող գա… ա՜լ կը բաւէ:

Երկար լռութենէ մը վերջ Տիրան ըսաւ (կարծես, ինքն իր հետ խօսելով` որովհետեւ պատասխանի մը կարելիութիւնը չէր տեսներ) «Հը՛մ, խիստ մարդ եղեր ես, միշտ քուկիններդ հպատակեցուցեր ես քեզի… բայց չես հասկնար կոր, որ այլեւս քու ատենդ անցաւ: Ո՛վ գիտէ, աղջկանդ ալ ի՛նչ ըրիր, եւ ան հեռացաւ: Անիմաստօրէն հեռացաւ»:

Կտրելով հանդերձ երիտասարդը մեծ տրտմութեամբ կը խորհէր, որ միշտ դժբախտ պիտի ըլլայ իր բարեկամութիւններուն մէջ: Իր բազմաթիւ ծանօթներուն մէջէն պիտի չկրնայ, գտնել ոչ իսկ մէ՛կ հոգի, որուն հետ կապուի ամբողջութեամբ, հոգուով եւ մարմնով: Ոչ իսկ մէ՛կ հոգի՝ որուն հանդէպ ունեցած սէրը լման ըլլայ, յարգանքն ու եղբայրացումը կատարեալ ըլլայ: Եւ այս անկատարութիւնը այն պատճառաւ՝ որ նմանութեան եզրերու կողքին, պիտի գտնուի միշտ բաժանման անխուսափելի կէտը: Տիրան տրտմութեամբ կը յիշէր իր հրճուանքը, երբ այս սենեակը մտնելով իր ազգականները տեսաւ: Յանկարծ անպատում հովեր անցան իր մէջէն, մոռցուած ձայներ լսուեցան, եւ Տիրան վարպետին մէջ տեսաւ իր լքած ընտանիքը, ծննդավայրը, ամէն բան: Աւելի մեծ եղաւ իր հակումը Ալիսի հանդէպ, որ երիտասարդ եւ մանաւանդ աղջիկ ըլլալով, քիչ մը աւելի սիրելի էր իրեն: Եւ ահա որ Տիրան դարձեալ հեռացած կը զգար ինքզինքը անոնցմէ, որովհետեւ այդ երկուքին մէջ կը գտնէր ծուռ, սխալ մտածումներ եւ վարուելակերպ: Բայց այլեւս այդ ծուռ բաները չէ, որ կ՚ատէր, ա՛յլ միւսը, ճիշդը, իրեն նման եղող մասը: Որովհետեւ, կը խորհէր, եթէ ան չըլլայ, կրնաս մէկ անգամ են վանել բարեկամդ, սիրելիդ եւ անմիջապէս ուրանալ զայն: «Հիմայ ա՛լ չեմ նեղանար, կ՚ըսէր մտովի, եթէ վարպետը անտեղիօրէն քֆրէ: Սա մեղմութիւնն է, որ զիս կը նեղացնէ»:

Նախ առաւօտուն կանուխ, եւ յետոյ երեկոյին է, որ կու գայ Տագէս աղա Տիրանին եւ կը նայի նոյն ձեւով, պիշ պիշ կը սպասէ: Կը նստի հոն, նոյն աթոռին վրայ եւ կը սպասէ: Երիտասարդը առաջարկեց, որ սենեակը ձգէ ան եւ առաջուան պէս գայ հոս պառկիլ՝ որպէսզի ծախք չըլլայ, բայց մարդը չընդունեց: Տիրան աչքին պոչով կը նայի անոր եւ կը յուզուի, կը տագնապի, որովհետեւ երբեք այսպիսի փոփոխութիւն մը չէր սպասէր: Ջուր առնելու դիտաւորութեամբ կամ ուրիշ պատրուակով մը կ՚անցնի մարդուն միւս կողմը եւ կրկին կը նայի այդ փլած էակին: Կը ստիպէ, որ ածիլուի, կամ գոնէ սեփ-սեւ եղած օձիքը փոխէ, կամ առնուազն շնորհքով կապէ զայն: Որովհետեւ ելեր է ետեւի կոճակէն եւ բարձրացեր է ծոծրակն ի վեր։ Եւ որովհետեւ երիտասարդը ձեռքը կը բարձրացնէր ինք անձամբ շտկելու համար, մարդը դէպի դուռը գնաց:

Աղէ՛կ, աղէ՛կ, ըսաւ Տիրան մարդուն պատասխանելով, չեմ նեղանար: Դուն միայն նայէ, որ ասկէ վերջ աղջկա՛նդ հետ խիստ չերթաս… այդ տարիքէն վերջ չըլլա՜ր, չըլլա՜ր…

Վարպետը ըսաւ, թէ իր բնաւորութիւնը այդպէս էր, այդպէս մեծցած էր, եւ թէ իրենք ալ, երիտասարդներն ալ պէտք է, որ զինքը հասկնալ ջանային:

Նորէ՛ն այդքան չէի բարկանար, ըսաւ մարդը, բայց դուն ո՞վ ես որ… երէկուան լակոտն ես…

Տիկին Պիւքի տղան, որ դարձեալ կը շուլլուէր գերանն ի վեր, գլուխը ծռեց պարապին մէջ եւ աշխատանոց նայելով ուզեց միմոսութիւն մը ընել: Բայց բան մը չըրաւ, որովհետեւ անվստահելի մթնոլորտ մը ունէր աշխատանոցը, որովհետեւ երկու դերձակները պէտք եղածէն աւելի երկար ժամանակ կը մնային գլխիկոր, չէին աշխատէր եւ բնաւ չէին նայեր իր կողմը: Տագէս աղա, որ իր հին ու փոշեծածկ կօշիկներուն կը նայէր, ըսաւ տխուր ժպիտով.

Գիտե՞ս, Տիրան, մեր օթէլճիին գրել տուի թուղթի մը վրայ իմ անունս եւ հասցէս… Փողոցները փէք աղէկ կը ճանչնամ հիմա, բայց խելքս գլուխս չէ… կը կորսուիմ կոր…

Աւյրուած էր մարդը prix-fixe ճաշարանի ուտելիքներէն եւ Տիրան կարելին ըրաւ, որ վարպետն իր հետ ճաշէ, բայց ան չընդունեց: Միայն թէ սկսաւ աւելի կանոնաւորութեամբ գալ եւ աւելի կանոնաւորութեամբ աշխատիլ: Նոյնիսկ վերագտաւ իր խօսելու կարողութիւնը եւ շաղակրատեց գրեթէ առաջուան հանդարտութեամբ:

Ահա այսքան: Տագնապը անցաւ: Ան տեւած էր Ալիսի անհետացման ինը օրերու շրջանին, եւ երբ Տիրան այդ իններորդ օրը յանկարծ կէս ձգելով Ռընոյի գործարանին նկարագրութիւնը սկսաւ Ալիսը խստօրէն քննադատել, որովհետեւ այլեւս ինքն ալ սկսած էր նեղուիլ այս բացակայութիւնէն, մարդը ըսաւ.

Նամակ առի: Բայց չկրցաւ շարունակել, զղջաց խօսած ըլլալուն համար եւ հակառակ Տիրանի մեծ զարմացումին ու տեղացող հարցումներուն, լուռ մնաց երկար պահ մը` գլուխը կախ: Յետոյ ըսաւ.

Նամակ առի: Մեկնած օրը արդէն թուղթ մը ձգած էր, քի տէրտ չընեմ… Ես եթէ քիչ մը քովէդ հեռանամ շատ աղէկ պիտի ըլլայ, գրած էր… Հիմա ալ կ՚ըսէ կոր, քի պիտի գայ: Դուն նայէ, որ Տիրանին երթաս, անոր սիրտը առնես, կ՚ըսէ կոր… Յետոյ առաջուան պէս ամէն բան ծայրէ կը սկսինք, կ՚ըսէ կոր… Քիչ մըն ալ իմ խօսքս մտիկ ըրէ, կ՚ըսէ կոր…

Մարդը կը խօսէր առանց գլուխը վեր առնել համարձակելու, եւ բացայայտ է թէ դժուարութիւն կը քաշէր իր բառերը ընտրելու համար, թէ իր ստացած գրութիւններէն խնամով կը հեռացնէր այն խօսքերը, զորս անկարող է հոս կրկնելու, եւ իր շրթները երբեմն կը շարժէին պարապին մէջ: Սաստիկ յուզուած էր Տիրան: Ան անգամ մը գլուխը ծռեց եւ շատ մօտէն նայեցաւ պարապին մէջ շարժուող այդ կախ բերնին, կարծես աւելի լաւ հասկնալու համար ինչ որ չէր ըսուէր, բայց շուտով ետ քաշուեցաւ, որովհետեւ ամչցած էր:

Քիչ վերջ Տագէս ըսաւ.

Ծօ, տղայ, մեր աստեղի եկեղեցին փէ՜ք աղուոր է եղեր: Ալիսը գացեր տեսեր է, շատ կը գովէ կոր… Հարսնիքի շաքարի տուփ է, կ՚ըսէ կոր… Մենակ քի երգեցողութիւնները Պոլսոյ չափ լաւ չեն եղեր… Հայրիկ, քու վարած պատարագդ ուրի՜շ բան էր կ՚ըսէ կոր…

Եւ նախկին դպրապետը, հակառակ Տիրանի շատ խոշոր «հարկաւ»ներուն, այդ «ուրիշ բան»ը ցոյց տալու համար քիչ յետոյ սկսաւ երգել իր երգեցողութիւնը, նախ մեղմ ձայնով մը, որ սակայն շուտով բարձրացաւ: Սկսաւ երգել իր Տէր ողորմէան, արեւելքցիներու պէս գլուխը երերցնելով, ձայնը դողդղացնելով, եւ աշխատանոցը լեցուեցաւ խոր յուզումով: Վարպետը չէր լար իր անկումին վրայ: Տէր ողորմէան է որ լալագին է: Վարպետը չէր աղաչէր կեանքին, երիտասարդներուն Տէր ողորմէան է, որ պաղատագին է: Խոշոր արցունքներ կային— բայց հինցած կոկորդն է յանցաւոր: Տիրանն աւ հետեւեցաւ մարդուն եւ բնաւ չնայեցան մէկզմէկու, որովհետեւ Տիրանին կոկորդն ալ հինցած էր՝ այդ օր:

Լաճը, որ կրկին շուլլուած էր գերանն ի վեր, քանի մը րոպէ ինքզինքը զսպեց, բայց երբ պայթեցաւ «Ազգիս հայոց ազատութիւն»ը, խլացուցիչ լաց մը թող տուաւ: Մանուկին լեղին պատռած էր: