Նահանջը առանց երգի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

1

Լոյսը ետեւէն, շատ բարձրէն կու գար: Լոյսը կու գար վարդաձեւ պատուհանէ մը, ուր գունաւոր ապակիի կտորուանքներ էին նետած: Այո՛, լոյսը անպայման տեղէ մը կու գար: Բարձր, շատ բարձր սիւներուն ու գոթական աճին մէջ խորհուրդ կար: Պարապութիւններուն մէջ ալ խորհուրդ կար: Անհամար, խուռներամ բազմութիւն. մարդ չէր երեւէր, բայց անկասկած հոծ բազմութիւն կար: Խորան, խաչ ու մոմեր. մոմերուն վրայ աւելորդ բոցեր. քանդակուած կաղնեփայտէ երկար գահաւորակ մը, կաղնեգոյն, որուն վրայ քով քովի կրօնաւորներ էին շարուած նման զգեստաւորումով եւ շիկակարմիր գդակներով: Կզակները լաւ մը ածիլուած՝ բոլորն ալ իրեն կը նայէին. աչքերնին չէր երեւեր, բայց ինչպէ՜ս իրեն կը նայէին: Շփոթած էր ինք. կարմիր փէշ մը ու սպիտակ ժանեկաւոր շապիկ մը կը կրէր, լայն թեզանիքներով: Ոտքերուն շատ մեծ հողաթափներ կային: Մարիամի արձանին առջեւ կը բուրվառէր: Մարիամը թեւերուն մէջ էր բռնած Մանուկը, առ ի քաղաքավարութիւն: Ի՜նչ պէտք եկեղեցիին մէջ խանձարուր դնել. արդէն եկեղեցին մեծ օրօրոց մըն է, կ՚ըսեն, առ ի քաղաքավարութիւն: Եւ ահա ճանճ մը եկաւ փակչիլ Մարիամի քիթին. մեծ, դեղին, զզուելի ճանճ մը, երկար մազոտ ոտքերով ու երակաւոր թեւերով գարշատեսիլ բան մը: Իշո՞ւ ճանճ, ձիո՞ւ ճանճ: Ամէն մարդ իրեն կը նայէր, բոլոր ներկայութիւնները զինքը կ՚ամբաստանէին եւ ինք անկարող էր շարժելու, բան մը ընելու, ճանճը վանելու: Ըսի՞, թէ ոտքերուն մեծ հողաթափներ կային: Որքա՜ն յանդիմանութիւն՝ իր է՛ն մօտը գտնուող սա կրօնաւորին ակնարկին մէջ: Այդ գլուխը հետզհետէ աւելի կը նմանէր Սելէսթէնին, Սելէսթէնը` ճաշարանը իրենց սպասարկող ծառան: Շփոթութիւնը մեծցաւ, եղաւ յուզում ու յետոյ տագնապ, բարկութիւն: Ամբողջ ուժովը կը բուրվառէր, կ՚ուզեր պոռալ, կ՚ուզեր փչել, առջեւ նետուիլ: Դեղին ճանճը անշարժ էր հոն, քիթին վրայ: Քիթը չէր երեւէր, բայց անշո՜ւշտ, թէ քիթին վրայ…

Արթնցաւ: Ցցուեցաւ անկողնին մէջ, աչքերը շփեց, քերեց ծոծրակը եւ ըսաւ. «Խենթի՜ս երազը»: Տժգոյն առաւօտ մըն էր. հարբուխ եղած առաւօտ մը, քովի սենեակները դեռ կը քնանային: Ձայն չկար, աղմուկ չկար, կեանք չկար այդ մելամաղձոտ անկիւնին մէջ: Լսելի կ՚ըլլար միայն սպասուհիին աւելին աղմուկը, որ սանդուխները կ՚իջնէր՝ քունը աչքերուն: Անկողնին եզերքը նստած, մէկ սրունքը տաբատին մէջ` Փիէռ աւելցուց. «Խենթի՜ս երազը»: Յետոյ սակայն հետզհետէ կորսուող աւելին աղմուկը կարծես քշեց ու տարաւ թմրութիւնը մտքի: Այո՜, երիտասարդի մը տեսած երազին խենթը չ՚ըլլար, երբոր այդ երազին մէջ կին մը կայ: Թերեւս ադոր մօտիկ բան մը կ՚ըլլար, բայց ոչ ճիշտ այդ: Դուռ մը բացուեցաւ: Սուրբ կոյս Մարիա՞մ, սուրբ կոյս Մարիա՞մ. Նէնէթէն զատ ո՞ր կինը կրնար նշանակել։ Անշուշտ Նէնէթն էր: Իսկ մանուկ մը միշտ բեռ, մտատանջութիւն ըսել է. անշուշտ, թէ Նէնէթ մտատանջութիւն մը ունէր. մեծ բեռ մը, որ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ Փիէռին իրեն պատճառած հոգը: Եւ ճանճը, անոր մազերուն գոյնը ունեցող այդ դեղին ճանճը, Նէնէթին հոգին էր: Այն խարդախ, աղտոտ, զզուելի հոգին, որուն դիմաց ի զո՛ւր իր սէրն էր բուրվառեր, ի զո՜ւր իր գորովն ու տենչանքն էր ծխեր:

Ուզեր էր շարժէլ զայն, նետուիլ անոր, նոյնիսկ բռնութեամբ ցնցել այդ սիրտը, որ հետզհետէ աւելի կը դեղնէր հոն, քիթին վրայ, հպարտութեան վրայ: Հապա Սելէսթէ՞նը, ճաշարանը իրեն սպասարկող ծառա՞ն. Լեսքի՞ւռն էր: Ո՛չ, ո՛չ, Սելէսթէնը բա՛ն մը չի նշանակէր. ճաշարանի ծառայ մը բան մըն ալ ըսել չէ: Եզրակացութիւն: Յանկարծական որոշում մը` եւ սեղանը իր բեռներէն թեթեւցուց, անցաւ անոր առջեւ ու անշարժ մնաց գլուխը երկու ձեռքերուն մէջ, տխուր, գրեթէ անյոյս: Այս առաւօտ ամէն աշխատութիւն անկարելի պիտի ըլլար: Առաջին անգամն է, որ Փիէռ ինքզինքը այսքան ընկճուած զգաց եւ հասկցաւ, թէ տարբեր, բացառիկ ճիգ մը պէտք է ընէ պաղարիւնութիւնն ու իր անձին տիրականութիւնը պահել կարենալու համար: Վանեց նախորդ օրերուն ու երէկ գիշերուան յիշատակը եւ մտածումը տարաւ աւելի ետեւ, գարնան առաջին արեւներուն, կորսուած առաջին արեւին:

Ինչպիսի՜ արեւ մը կը ծագէր ամէն անգամ, որ ներս մտնելուն քաշէր գլխարկը գլխէն, եւ իր ոսկի մազերը լայննային, բացուէին, ու գլխի ցնցումով բազմապատկուէին ճառագայթները ժպիտի: Ինչպիսի՜ արեւ մը կը բացուէր իր սրտին, երբոր անոր վերարկուն կը բանար, թեւերը կ՚անցնէր անութներէն եւ բազուկներուն ամբողջ ուժին մէջ կը սեղմէր զայն ուժով, ուժով, մինչեւ որ ան ճչար, մինչեւ որ ինք ճչար. Նենե՜թ, շեռի! Յետոյ… Օ, միշտ այսպէս էր, միշտ կը կռուէին: Նէնէթ խիստ հակառակասէր էր, ամէն բանի կ՚ուզեր ընդդիմանալ, քիթը ցցել օդին, յօնքերը պռստել. «Այո՜, ո՛չ, անշո՛ւշտ, երբե՛ք». մինչեւ որ երկուքէն մէկը նեղսրտութիւն կեղծէր: Երիտասարդը միշտ կը խնդար անոր բարկանալու կերպին վրայ, գիտնալով, որ սիրոյ բարկութիւն մըն է պարզապէս: Նէնէթ բնաւ չէր ուզէր, որ իր բարկացած ատենը ան խնդայ. կը պնդէր, թէ ինք միայն լրջօրէն բարկանալ գիտէ, եւ կ՚երթար գլուխը մխրճել բարձերուն մէջ, երբոր Փիէռի գիծերը կախուէին: Յետոյ մէկէն կը ցցուէր Նէնէթ, բերանը կը տեղաւորէր անոր բերնին շուրջ, աչքերը կը քթթէր ու կը խածնէր. Հասկցա՞ր. հիմա կը սորվի՜ս, թէ ինչ ըսել է ամէն բանի հակառակը պնդել: Յետոյ կը ձգէր, որ Փիէռ ուզածը ընէ, ուզածին պէս իր հետը խաղայ: Կը յանձնուէր, կը թուլնար, մէկէն սաստիկ ուժովնալու համար. հասկցա՞ր. հիմա կը սորվիս, թէ ի՜նչ ըսել է ամէն բանի հակառակը պնդել: Եւ այսպէս անցան օրեր, շաբաթներ, ամիս: Փարիզի առաջին գեղեցիկ գարունն էր. սենեակը լեցուեցաւ խայտանքով, սէրով, վայելքով ու երջանկութեամբ: Հապա՛, օր մը Նէնէթը կլթիկ ունէր: Ըսաւ, թէ ամբողջ օրը նեղուեր է. Փիէռ ուժով մը համբուրեց զայն. Փիէռ այնքան ուժով ծծեց անոր բերանը, որ կլթիկը իրեն անցաւ. հապա՛, իրեն անցաւ: Իր սովորական ժամուն մուրացիկը կու գար քովի բակը, եւ ջութակը կրկին կը մագլցէր ջուրի խողովակներէն, տատանելով, յամենալով յարկերուն մէջտեղ, ու կը լսէին այդ հի՜ն, շատ հին մեղեդին բոլորին ծանօթ… Օ՛, միշտ այսպէս էր. ամէն անգամուն Փիէռ կ՚որոշէր, ամբողջ կամքովը կը մտադրէր դիտել զայն հանուած պահուն, բաց աչքերով նայիլ անոր, երբոր հագուստը վրայէն նետել պատրաստուի, վայելել այդ լաւագոյն պահը, գիտնալ թէ ինչ արտայայտութիւն պիտի առնէ, ինչ դիրք պիտի բռնէ: Եւ ամէն անգամուն չէր ըլլար. ամէն անգամուն զայն կը գտնէր անկողնին մէջ, արդէն իսկ հանուած. չէր ըլլար… Հապա՛, առաջին օրը, ցերեկուան գինովութեան յաջորդող գիշերը, երբոր Փիէռ ա՛լ վերջապէս անկողին մտաւ, բարձր տակաւին Նէնէթ կը բուրէր: Ուժով մը գրկեց զայն, քիթը մխրճեց անոր մէջ եւ այդպէս քնացաւ: Հապա՛, չքնացաւ: Յետոյ, ամառուան առաջին օրերուն, տասնըհինգ օրուան համար գիւղ մը քաշուեցան: Հեռաւոր հովիտի մը անտառներուն մէջ կորսուած անկիւն մը: Կեանքին մէջ առաջին անգամն էր, որ Փիէռ գիւղ եւ քաղաքապետի հրովարտակ կը տեսնէր: Խիստ բարձր անկողին մը ունէին եւ վերի յարդանոցին մէջ մուկեր ամբողջ գիշերը հալածեցին զիրար: Նէնէթ վախցաւ ու կծկտեցաւ երիտասարդին կուրծքին մէջ: Այդպէս քնացաւ ու առաւօտուն Փիէռ զայն նոյն դիրքով գտաւ, գիւղական աներեւակայելի լռութեամբ խուլցած: Ոչխարներ անցան. «Կա՛թ կ՚ուզեմ, ե՛ս ալ կաթ կուզեմ», ըսաւ Փիէռ տղու մը պէս զայն սեղմելով, «Ագա՛հ, ագա՜հ» ու Նէնէթ անկողնին մէջ շտկուեցաւ, մինչ ան, երջանիկ՝ գլուխը կը թաղէր աճապարանօք: Երկանիւները կը ձգէին հոդ, արահետին եզերքը, ու զառիվերը կը բարձրանային ծառերուն մէջէն, մարգարտածաղիկներ ճզմելով: Բացաստանէն գիւղին հովիւը ամէն անգամ Ռոբէսփիէռի վրայ կը խօսէր ակնարկը շունին բացաստանէն օդանաւ մը կը փախչէր երկու ամպերու հետ, մինչ սկիւռները գեղագրութիւն կ՚ընէին: Ձեռք ձեռքի կը բարձրանային մինչեւ վեր սարահարթին վրայ, իրենց սիրական անկիւնը: Հոն, խոտերուն մէջ կը շրջէր զայն ու կը համբուրէր. մինչ վարը գեղագրութիւն կ՚ընէին:

Փիէռ ոտքի ցցուեցաւ յանկարծ` աչքերը խոշոր մը բացած, ցաւագին արտայայտութեամբ մը: Քովի բակին ջութակը սկսած էր: Աթոռը մէկդի նետեց, քանի մը շրջան ըրաւ սենեակին մէջ, ուզեց մեկնիլ նուագը չլսելու համար, բայց անկարող՝ մօտեցաւ պատուհանին ու վարագոյրը քաշեց:

Տասնըհինգ օրը աւարտելուն` բաժնուեցան իրարմէ: Ինք վերադարձաւ Փարիզ, իսկ ան Լեսքիւռին հետ գնաց ծովափ` ամառուան երկու ամիսները անցընելու: Առանձին մնալուն պէս Փիէռ խորհեցաւ: Նախ գործի: Լուսանկարչական կարեւոր տունէ մը սկսաւ ապակի առնել ու սենեակը ռըթուշ ընել զանոնք, սպասելով բարեկամուհիին դարձին, երբ վերջնականապէս պիտի որոշուէր ընելիքը: Անշուշտ Լեսքիւռը պիտի թողուր Նէնէթ, եւ միասին պիտի ապրէին հոս կամ ուրիշ քաղաք մը, իրենց սեփական աշխատանոցը հաստատելով: Անշո՞ւշտ։ Փիէռ կը ցաւէր Ժաննէն վերջնական խօսք մը առած չըլլալուն, բնաւ լրջօրէն չէին խօսած ապագային վրայ, ու բան մը չէր որոշուած: Եւ արդէն կարելի՞ էր միթէ սա առաջին շրջանին: Երկու ամիսները սաստիկ երկարեցան: Երբոր սեպտեմբերը վերջապէս հասաւ, խիստ բարկացած էր Պետրոս. երկու բացիկ միայն ստացեր էր իրմէ, ամբողջ ամառուան ընթացքին (եւ մէկը միայն գունաւոր: Միւսին վրայ կով մը կար. իրաւ, ուրիշ բաներ ալ կային, բայց մանաւանդ կով մը կար):

Ու Ժաննի Փարիզ դարձը շաբաթ մը վերջ միայն լսեց: Համբուրուեցան: Մորթը արեւէն այրեր էր: Շատ մը պատկերներ ցուցուց. պնդավարտիքով` ջուրերու եւ անծանօթ երիտասարդներու մէջ, ժպտուն ու երջանիկ` կովերու եւ պարող զոյգերու մէջ: Խօսեցան: Յոգնած էր: Բաժնուեցան:

Պետրոս արագ-արագ կը դառնար սենեակին մէջ, ինչպէս դէպքերը իր մտածումին մէջ: Ասկէ անդին այլեւս զանոնք կանոնաւոր շարքով մը չէր կրնար վերյիշել: Իրողութիւնը շուտով ըմբռնելու համար բաւականաչափ կը ճանչնար Փարիզի դիմագիծը եւ առաջին օրերէն իսկ հասկցած էր, թէ Ժանն չէր ուզէր իրեն հետ նախկին կեանքը վերսկսիլ, որովհետեւ վերսկսած էր ի՛ր կեանքին, զոր պահ մը վրայէն նետեր էր Փիէռին առջեւ: Հայը այնքան չբարկացաւ, այնքան չկատղեցաւ իր նախատեսած բաժանումի հեռապատկերին դիմաց որ օրըստօրէ իրողութիւն մը կը դառնար, որքան երբոր ճանչցաւ Ժաննին վարած կեանքը: Այդ կինը աշխատութիւնը նախընտրող ֆրանսուհիներու դասակարգին չէր պատկաներ: Եւ եթէ երբեք բաւական երկար ատեն, գրեթէ կանոնաւորաբար եկած էր խանութ, պատճառը երիտասարդին ներկայութիւնը կրնար ըլլալ միայն, քանի որ հիմա ալ նոյնը չէր: Աշխատանոցը ձգուած էր երրորդի մը, ուրկէ շաբաթը անգամ մը երթալ հաշիւը առնելով կը գոհանար Ժանն: Իսկ վարած կեա՞նքը: Պետրոս նախ չհաւատաց. կարծեց, թէ պարզապէս զինքը հեռացնելու, զինքը գանեցնելու համար կ՚ընէ այդ բոլորը, գիտէ, թէ իրապէս սիրելուն չպիտի ուզէ շուտով հեռանալ, եւ այդ միջոցին դիմած է Ժանն, բայց վերջը տեսաւ որ… ո՛չ, բան մըն ալ չկրցաւ տեսնել եւ նախամեծար համարեց չկորսուիլ խրթնութիւններու, մանուածապատ ենթադրութիւններու մէջ ու իրողութիւնը առնել այնպէս, ինչպէս որ կը ներկայանայ: Խիստ հազուադէպօրէն միայն կարելի էր Ժաննը տունը գտնել. գրեթէ միշտ կ՚երթար գիշերել Լեսքիւռին յարկաբաժինը, ուր, կ՚ըսէր, իր մասնաւոր սենեակը ունի: Ինչպէ՞ս կ՚անցընէր կէսօրէ վերջերը. որո՞նք էին այդ բարեկամուհիներն ու բարեկամները, որոնք այդքան շատ զինքը կը զբաղեցնէին. նոր սէ՞ր մըն էր սկսած ուրիշի հետ: Ի՞նչ օգուտ կար ասոնց ու ասոնց նման շատ մը հարցումներուն ճիշտ պատասխանը ունենալուն մէջ: Պետրոս գիտէր, թէ ան թեթեւ ու շուայտ կեանք մը կ՚ապրի, ամէն օր ժամանցի եւ զուարճութիւններու ետեւէ է, կ՚երթայ, կու գայ, շարժանկարի մը, գուշակ կնոջ, նոր վաճառատան մը բացումին, կարուհիի այն անվերջանալի փորձերուն, մազայարդարին եւ ամէն երեկոյ թալբօն կը քշէ անտառ, խումբ մը ծանօթներու հետ ժամը հինգի թէյը առնելու ու պարելու: Գիշերները Լեսքիւռին կ՚ընկերանար անխուսափելիօրէն եւ միասին կ՚երթային Փարիզի անհամար cabaretներէն ու boîte de nuitներէն մէկը, ուր արարածներ կը խմեն, կ՚երգեն, կը պարէն ու կը շնանան:

Եւ ըսել, թէ ինք այնքա՜ն բարձր դասեր էր իր Նէնէթը… Անոր մասին որքա՜ն հիմնովին տարբեր մտապատկեր մըն էր կազմած: Հակառակ երիտասարդ կնոջ գեղեցկութեան, բարեկեցիկ դիրքին եւ ազատութեան, չէր կրցեր ուրիշներու կարգին դասել ան ալ, շփոթել հեշտասէրներու մէկ տեսակին հետ. դէպք մը չէր եկեր տարակուսանք ու կասկած տալ անակնկալներու վարժուած իր մտածումին ու ինք գերուեր, տարուեր էր անոր անկեղծութեան եւ նուիրումի զգացումներէն: Հասարակ խաբկա՞նքը անփորձառու մէկու մը: Եթէ այո՛, արդարանալի էր մասամբ. քանի որ Պետրոս բնաւ առիթը չունեցաւ իր սիրուհին մտերիմ կեանքի մէջ, ի՛ր միջավայրին մէջ տեսնելու, ոչինչ գիտցաւ անոր անցեալէն, ծնունդէն, անցուցած գիշերներէն եւ բնական բերումով մը իր սիրածը եղաւ խանութին Նէնէթը. Նէնէթը այնքա՜ն (գեղեցի՜կ) շէնշող, պարզ, անկեղծ (գեղեցիկ) եւ այնքան բարեացակամ ու գորովոտ իրեն հանդէպ, այնքա՜ն… (գեղեցիկ): Եւ սակայն ո՛չ, կարծուածին չափ ալ չէր սխալած. իրաւ է, թէ իր Հայու ըմբռնումով քիչ մը շատ պարզացուց զայն, սիրով կուրցած` ուզեց այդ էակը այդպէս տեսնել, ինքզինքը խաբեց նոյնիսկ ու կամովին մոռցաւ ֆրանսուհիներու հանդէպ կազմած իր գաղափարը, բայց եւ այնպէս ամէն ինչ խաբկանք չէր բնաւ: Ոչ, Troisiéme Empireը միայն իր հաճոյքին համար չէ, որ այդ կեանքը կը վարէր ու Ժաննը կը քաշէր իր ետեւէն: Պետրոս ալ աւելի քան երբեք կը հաւատար, թէ այս թիփը գաղտնիք մը ունի: Ի՞նչ գաղտնիք: Նախ որ իր հրատարակած «Փարիզեան» թերթին համար ստիպուած է այդպիսի շրջանակներու մէջ ըլլալ, թեթեւաբարոյ նիւթեր հաւաքել, մտնել այն վոհմակին մէջ, ուր կիներ` պարուհիի, երգչուհիի կամ շարժանկարի «աստղ»ի պիտակին տակ կեանքերնին շինել կը ջանան, ստիպուած է մօտենալ անոնցմէ այն երջանիկին, որ հարուստ մըն է ձեռք անցուցած, եւ թերթին մէջ անոր մարմինը ցուցադրել կարելի եղածին չափ մերկ… Այսքա՞ն միայն: Ոչ, ատիկա երեւցածն էր, արտաքինն էր, ատիկա դիմակն էր: Այդ կանաչ, աղտոտ աչքերուն, կեղծաւոր նուրբ շրթունքներուն եւ հինգ ֆրանքնոցի մը պէս ճմռթկուած դէմքին ետեւ բան մը կար պահուած: Այդպիսի հաճոյքի տուներու մէջ սովորական եղող «գոգային»ի առուտո՞ւր կ՚ընէր արդեօք. դրան ետեւ բարեկամին ձեռքը սեղմած ատեն պիտի տա՞ր ծալուած պզտիկ թուղթը. լուցկիին տուփը սա կնոջ երկարելը միջոց մը չէ՞ր միթէ. ինչո՞ւ ատենը անգամ մը ձեռք լուալու կ՚երթար ու վարագոյրին ետեւ այսքան երկար կը խօսէր սա խայտառակին հետ: Անգամ մը բառ մը հասաւ Պետրոսի ականջին. Պուէնոս Այրէս. եւ մէկէն` հետեւութիւն մը. «Արդեօք բոզարա՞ծ է»: Ինչո՞ւ չէ, ճանչցած կիները բոլորն ալ բոզեր են, եւ անոնցմէ շատեր հետը եզակի կը խօսին. նոյնիսկ դեռ անցեալ օր հատ մը… սակայն բոզարած մը ճամփորդող կ՚ըլլայ, մինչդեռ Լեսքիւռ…

Առաջին շաբաթներու խուսափումներէն յետոյ, երբոր Փիէռ աւելի կտրուկ եղաւ իր պահանջքին մէջ, Ժանն ստիպուեցաւ բացայայտ կերպով վերջակէտել իր մերժումը: Նախ պզտիկ բառերով սկսան. Փիէռ ըսաւ, թէ սաստիկ կարօտցած էր զայն, թէ իրապէս կը տառապէր, երբեք չէր կրնար խզումի գաղափարն իսկ տանիլ… այո, այսպէս պզտիկ խօսքերով սկսան եւ յետոյ… կա՞յ վէճ մը, որ այնքան շուտ բուռն հանգամանք ստանայ, որքան սիրային բաժանումի մը վէճը, երբոր երկու բոցերը միաժամանակ չեն նուաղած:

Փիէռ շուտով կատղեցաւ, ուզեց զայն վերաշահիլ ի գին ամէն բանի, ջանաg համոզել, փաղաքշել, յետոյ սպառնաց. փրփրեցաւ: Ֆրանսուհիին գործելու եղանակը խուսափիլն էր. գէշ գործելակերպ մը: Նամակներուն ուշ կը պատասխանէր, իսկ հեռաձայնի հարուածի մը կ՚ըսէր օրինակի համար. «Ա՜, դո՞ւն ես… այս գիշեր «Սեւ կով»ին պիտի ըլլամ. եկուր զիս տես, եթէ կը փափաքիս… թող որ Լեսքիւռն ալ հոն պիտի ըլլայ… ո՛չ, ո՛չ… բայց այնտեղի ճազը շատ աղուոր է, անոր համար…»: Ուրիշ միջոց չկար. Փիէռ ստիպուած կռնակը կ՚անցընէր սմոքինկը եւ կ՚երթար: Արտաքուստ բան մը յայտնի չէր սակայն, միշտ սիրալիր էին իրեն հանդէպ. զինքը իրենց սեղանը կ՚առնէին, Նէնէթ միշտ կատակներ կ՚ընէր, իսկ Լեսքիւռ ամէն անգամ նոր բարեկամ մը ունէր իրեն ներկայացնելիք եւ նոր «մարսիլիական պատմութիւն» մը՝ ծամծմելիք: Բայց երբոր Փիէռ ու Նէնէթ կ՚ելլէին պարել, երիտասարդը կարծես հեւքն է որ կ՚արձակէր կնոջ ծոծրակն ի վար. «Այո՞, այո՛ ըսէ, Նէնէթ, այո՛ ըսէ…»: Նէնէթին «այո»ն երբեք չէր լսուեր, յանցանքը ճազինը չէր. շատ աղուոր ճազ մըն էր: Իրենց ունեցած վիճաբանութիւններուն ընթացքին կնոջ գործածած լեզուն էապէս կարելի է պարզել. «Ես կարծածիդ նման քմահաճոյքէ մը մղուած չէ, որ մօտեցայ քեզի, միայն մարմնական հաճոյքի որոնումին մէջ չէի, քեզի հանդէպ ունեցածս անկեղծ էր. բայց եթէ երբեք առաջին օրերուն իսկ քու զգացումիդ ընդառաջ չեկայ, պատճառը այն էր, որ գիտէի, թէ դուն ալ անկեղծ էիր, լուրջ էիր եւ մեր կեանքերուն միացումը անկարելի ըլլալով, օր մը բաժանումի այս ցաւը անխուսափելի պիտի դառնար: Նոյն բանը կ՚ուզէի ըսել քեզ, երբոր առաջին անգամ սենեակդ եկայ, բայց չուզեցիր զիս լսել: Եւ ես տեղի տուի: Պէտք չէր, որ տեղի տայի, գիտեմ, մեծագոյն յանցանքս եղաւ. ինքզինքիս երբեք չպիտի ներեմ, բայց… ըսի թէ ես ալ քեզի հանդէպ զգացում մը ունէի: Ի՜նչ ընեմ, ազատ չեմ, շատ մը կապերով միացած եմ Լէսքիւռին. անկարելի է, որ կարենամ զինքը ձգել: Միամտութիւնը չունենաս կարծելու, թէ ան մեր երկուքին յարաբերութիւնները չէր գիտէր. ան ամէն բան գիտէ. ըսաւ ինձ` երբոր ամառը քեզմէ բաժնուելէ վերջ գացի իրեն միանալ Տօվիլ: Աւելի ուշ` բաժանումնիս շատ աւելի դժուար պիտի ըլլայ թէ՛ քեզի եւ թէ ինծի համար… այո, այո, ոչ մի՛ ըսէր. լաւ բարեկամներ մնանք միայն, դուն նորէն իմ Փիէռօս եղիր…»:

Ո՛չ, առաջարկուած այդ բարեկամութիւնը Փիէռ չէր կրնար ընդունիլ: Մնաց միայն քաղաքավարութիւնը։ Ան ալ շուտով պիտի կորսուէր: Վէրջին անգամ, երբոր առիթը ունեցաւ Ժաննը առանձին գտնելու, իրենց տեսակցութունը խիստ դժնդակ եղաւ: Փիէռ շուտ ինքնիրմէն ելաւ, կորսնցուց նոյնիսկ կշիռը արտասանած խօսքերուն, յետոյ պարտուած, խորտակուած, ակնարկը պղտորեցաւ, յուզումը զինքը պաշարեց, կառչեցաւ անոր յոյսի դեռ պզտիկ նշոյլով մը. «այո՞, այո՞…»: Ամէն բան վերջացաւ: «Օ՜հ, ալ թող աւարտի, թող ալ աւարտի՜…»: Սակայն անցնող յուզումը կատաղութիւնը սաստկացուց: Փիէռ տակաւին ուզեց զայն տեսնել, դեռ պոռալ անոր երեսին, ամբողջ նողկանքը շպրտել դէմքն ի վեր: Դեռ ըսելիք ինչե՜ր կային: Փիէռ ուզեց ցաւցնել զայն, վրէժ լուծել: Գիտէր թէ այս գիշեր ուր կրնար անոր հանդիպիլ. պէտք էր զայն տեսնել, պէտք էր: Պատրաստուեցաւ, գնաց:

Գիշեր. Troisiéme édition d՚Intran. սին, սին անձրեւ. փայլուն ասուալթ, երկարող ցոլքեր. կանաչ (կեցո՛ւր), կապոյտ, (նամակ), կարմիր (կը կենայ). Rochechouart 23 37 G 7 պողոտայ. թրջած լոյս, գունաւոր կայծակներ՝ գիրի ձեւ ունեցող ապակիէ խողովակներու մէջ քոնսէրվայի պէս պահուած. Concorde կոթողին ծայրէն ահեղ ձեռք մը բռնած՝ հրապարակը արագօրէն կը դարձնէ ափսէի մը պէս. Champs Elysées. լապտերներու տողանցք` զօրավար «երրորդ արագութեան» կողմէ. ինքնաշարժներու մէջ սրունքներ, ծունկերու վրայ ձեռքեր: Restaurant Volterre. Rue Balzacին անկիւնը. պզտիկ խափշիկ, հսկայ հովանոց, մարաջախտ-դռնապան: Փիէռ խիստ վայելչակազմ ու բարեձեւ է. անթերի սմոքինկ մը, լուսթռին կօշիկներ. մազերը կը փայլին, բերնին անկիւնները թեթեւ մը վար են քաշուած եւ կարծես դէմքին դժգունութիւն մը կայ: Հայելիներ ամէն կողմ, լոյսեր` հայելիներուն, առաստաղին ու սեղաններուն վրայ: Ձեղնաջահ եւ լուսարձակ: Նուագախմբի կազմ ունեցող երկու աղմկախումբ, մէկը փարիզեան, միւսը արժանթինեան: Սրունքներու մէջ սրունքներ, աչքերու մէջ խոնաւութիւն, մերկ կարելիութիւններ: Կին շիկերէ, աննկարագրելի գեղեցկութեամբ, սրտակեր` ակնարկով ու երախով, երկար ատենէ ի վեր սովալլուկ: Չարլսթոն: Նէնէթին ուսերն ու բազուկները մերկ են, կռնակն ալ. իր մարգարտափայլ զգեստը մինչեւ ծունկերուն իջնելով տարտամօրէն մանիշակագոյն կ՚ըլլայ. կուրծքերուն վրայ` սպիտակախայտ: Քովի երիտասարդին հետ անդադար կը խօսի ան, կը խնդայ, բաժակը շրթներուն կը տանի, կը ծխէ: Պարեցին, չպարեցին, աղմուկը շատցաւ, սեղաններու վրայ գտնուող սառը դոյլերուն մէջ շիշերը փոխուեցան։ Փիէռն ալ փոխուեցաւ յանկարծ, աղջիկ մը գտաւ ու անդադար ու արագօրէն պարեց: Ունքըլլէյլի: Փիէռ սովորականէն աւելի խմեց: Ունքըլլէյլի: Փիէռ շրջուած էր. ոտքերը վեր, գլուխը վար էին. վար դարձած գլուխը հաստատուած էր դաշնակի պտուտակաւոր աթոռի մը վրայ, որ անդադար կը քակուէր: Մօտեցաւ Նէնէթին. ան նախ անշարժ մնաց, յետոյ մէկէն ոտքի ցցուեցաւ. քովի տղայադէմ երիտասարդը դէմքը ծածկեց ժպիտի մը մէջ եւ սիկառին ծուխը դուրս արձակելու համար մէկ աչքը գոցեց: Նէնէթ շառագունեցաւ. Փիէռ ի՞նչ ըսաւ. Troisiéme Empire-ը հեռուէն ակնարկով կը հետեւէր. Փիէռ ինչո՞ւ այդքան բրտօրէն կնոջ դաստակը սեղմեց. Լէսքիւռ մօտեցաւ ու լսեց միայն վերջին նախադասութիւնը. «Ֆրանսացի պիտի չըլլայիր, եթէ բnզ չըլլայիր», ձեռքը ինկաւ Հայուն ուսին. ան ետեւ դարձաւ անմիջապէս, դէմքին սադայէլական ժպիտ մը եկաւ, շրթներուն անկիւնները դողացին, աչքերը արտակարգ փայլ մը ստացան. ի՞նչ ըսաւ. ինչո՞ւ այդքան ուժգին ըսաւ. Լէսքիւռ անմիջապէս ապտակ մը իջեցուց, արագ, շատ արագ, խարազանի հարուածի մը պէս:

(ՎԱՐԱԳՈՒՐ)

Փողոցին անկիւնը հովի ուժգին յորձանք մը զինքը կեցուց: Գլխարկը հանեց եւ դէմքը այդպէս հովին ու անձրեւին` թոքերուն ամբողջ խորութեամբը ներշնչեց: Լիզող ցուրտ հովը եւ այտերն ի վար իջնող կաթիլները անկարող էին սակայն իր ջերմը մեղմելու, տենդը քունքերէն վանելու: Զգաց, որ յոգներ էր. անշուշտ ժամեր կային, որ փողոցէ փողոց կը շրջէր այսպէս, կատաղութեամբը հալածուած: Ո՞ւր էր. դիտեց շուրջը, չճանչցաւ. կարդաց անկիւնի նշանատախտակը. տասնըհինգե՞րորդ թաղամաս. ըսել է գետը անցէր էր, բնաւ չյիշեց։ Նորէն սկսաւ դէպքը կրկնել ինքզինքին, ծայրէն, այս անգամ իրապէս էն ծայրէն: Երբոր ապտակին հասաւ, քայլերը արագացան ակամայ: Ինչպէ՜ս կրցին այդքան շուտ միջամտել եւ բաժնել զիրենք. ինչպէ՜ս չկրցաւ պատասխանել այդ հարուածին, կոկորդին նետուիլ, բան մը ընել, գոնէ… եթէ զինքը այդքան շուտ դուրս չառաջնորդէի՜ն… չուզեց գայթակղութիւն հանել… Հապա այն խօ՜սքը, այն խօ՞սքը հապա, զոր Լէսքիւռ անմիջապէս վերջը աւելցուց. «Այս խնդիրը այսպէս կ՚աւարտի»: Կ՚աւարտի՞…: Դեռ բաւական քալել պէտք եղաւ մինչեւ ծանօթ պողոտայ մը հասնիլը: Անձրեւը միշտ կը շարունակուէր, եւ փողոցները մարդ չկար: Ատենը անգամ մը հեծելանուորդ ոստիկաններ կ՚անցնէին զոյգ զոյգ, անձայն, անխօս: Փողոցին միւս անկիւնը տակաւին մարմնեղ, բայց լղրճուած ու որդնոտած աչքերով պոռնիկ մըն էր կեցած մայթին կասկարայաձեւ այն մասին վրայ, ուրկէ ընդերկրեայ էլեկտրաշարժի գետնուղին կ՚արտաշնչէ: Սրունքները բացած` ան կը թողուր, որ այդ նեխոտ, բայց տաք օդը պլլուի իր բումբերուն, գգուէ, շոյէ զանոնք, բարձրանայ վեր, ծունկերէն, զիստերէն, ազդրերէն, գաղջութեամբը լիզէ իր մերկ միսերը, յոգնած, ճանկռտուած: Ատենը անգամ մը կը հազար, կը թքնէր, յետոյ փորին վրայէն հագուստը բռնելով կը քաշէր, տեղ տալու համար ջերմութեան, որ պորտին վրայէն սողոսկի, բարձրանայ կուրծքերուն, մինչեւ որ լղրճուած ու որդնոտած աչքերը գոցուին հեշտանքով, ալ կորսուած այն հին հեշտանքով:

Երբոր Փիէռ զայն նշմարեց, կանչեց հեռուէն.

Բսս՜դ: Նէնէ՜թ…

Mon chéri!

Երիտասարդը բառ մը աւելի չկրցաւ ըսել սակայն, եւ թողուց, Որ հանրութիւնը թեւը մտնայ ու զինքը տանի: