Նահանջը առանց երգի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

6

Յաջորդ օրերը ուրուականի մը պէս անցան: Փիէռ փախաւ խելացնոր այդ յորձանքին տակ, որ կ՚աւլէր, կը քշէր, կ՚անհետացնէր ամէն ինչ: Ամէն ինչ կը պղտորէր ու կը հեռանար երիտասարդին առջեւ, որ կեանքին մէջ առաջին անգամն է, որ այսքան սոսկումով մը կը նայէր շուրջը մեծցող պարապին, զինքը լքող բազուկներուն, անոնց ջերմութեան, եւ հակառակ իր կատաղի ու դաժան ակնարկներուն, կը սարսափէր, կը սարսափէր անկէ, առանձնութենէն: Առանձին… միս մինակ էր ալ, կողերուն շուրջ բան չկար, բան չէր մնացած: Իր սիրոյ առարկան է, որ միայն չկար, եւ կը կարծէր ամէն ինչ կորսնցուցած ըլլար անդարձ: «Ահա՛, կը գոչէր ինքզինքին, ահա սրահ մը լեցուն բազմութեամբ, ահա բեմը իր բաց վարագոյրով, ահա հոն են դերասանները իրենց տարազներով, իրենց շպարով… լո՛յսն է, որ միայն մարեցաւ, միայն ա՛ն է, որ շիջաւ ու ալ բա՛ն չկա»: Եւ սակայն հակառակ ատոր, մութին մէջէն դերասան մը շարունակեց: Դերասան մը շարունակեց լալ, լալ եւ յետոյ հազիւ թէ լսելի ձայնով մը դանդաղօրէն վերադարձաւ իր պատմութեան: Փիէռ տուաւ ինչ որ ունէր իր Նէնէթին: Անոր յանձնեց իր սիրտը ամբողջութեամբ: Եւ դեռ տուաւ իր մտածումները, իր հոգին, իր ամբողջ էութիւնը, առանց խորհելու, որ այդ աղջիկը կրնար օր մը մեկնիլ, եւ այդ բոլորը առնել ու հետը տանիլ: Չխորհեցաւ, որ ինք այն ատեն պիտի մնար պարպուած, անղեկ, անկայմ ու անլոյս: Եւ որովհետեւ չխորհեցաւ, հիմա պիտի կորսուէր անխուսափելիօրէն: Դերասանը սակայն խօսեցաւ: Այո՛, Փիէռին միայն այդ կը մնար ընելիք: Պէտք էր կրկին նետուիլ կեանքին մէջ, պէտք էր կրկին մաքառիլ կեանքի կռիւին մէջ, հոգւով մարմնով լծուիլ աշխատութեան, յոգնեցուցիչ, սպառող, չարաչար տքնութեան: Անոր միօրինակութեանը մէջ թմրիլ ու մոռնալ ինքզինքը, Նէնէթը, անցեալը, բոլորը, բոլո՛րը անխտիր: Անվերջանալի ամիսներէ ի վեր տեւող իր գրեթէ անգործ վիճակը պատճառ եղած էր, որ անդադար զբաղի իր սիրտով միայն եւ սաստկացող տառապանքին տակ ըլլայ հեղգ ու տկար: Եւ յետոյ մանաւանդ, որ իր դրամը սպառած էր գրեթէ ամբողջութեամբ: Նիւթական վիճակովը չէր զբաղած բնաւ, որովհետեւ կեանքը ապահովելու չափ դրամ շահիլը խիստ դիւրին կը թուէր իրեն: Այլեւս մտերիմն էր Փարիզին, կատարելապէս տէրն էր արհեստի մը եւ վաղն իսկ պիտի կարենար լուսանկարչատան մը մէջ կրկին գործ գտնել: Լուսանկարչատան մը մէջ. ինչպէ՞ս, դարձեա՞լ լուսանկարչատան մը մէջ:

Փիէռին մտածումը անշարժացաւ մէկէն այդ հեռապատկերին առջեւ: Նոյն վայրկեանին իր դիմագիծը կարդացող մը պիտի կարենար ըմբռնել ամբողջ կատաղութիւնն ու նողկանքը այդ զարնուած հոգիին, պիտի կարենար ըմբռնել մեծութիւնը տառապանքի մը՝ որ անգամ մը եւս կը ցցուէր իր ամբողջ ծաւալով: Ո՛չ, պարզ անկիւնադարձ մը չէր կատարուելիքը. սովորական ճամբորդ մը չէր ինք, որ կենդանին յոգնած ըլլալուն ցատքէ երկրորդի մը վրայ ու չանդրադառնայ իսկ փոփոխութեան եւ կամ թէ ալիքներուն դէմ մաքառելէ ուժաթափ` սկսի այս անգամ ալ կռնակի վրայ յառաջանալ ինքզինքը լքած, թոյլ ու անհոգ: Պէտք էր փախչիլ, փախչիլ ամէն բանէ, մանաւանդ ինքզինքէն, եւ պէտք էր, որ այդ փախուստը ըլլար կատարեալ, ամբողջական, վերջնական: Չէր բաւէր միայն փոշիները թօթափելով գոհանալ ու կրկին քայլ առնել աջով թէ ձախով. չէր բաւեր բնաւ միայն շապիկ փոխել: Պէտք էր այդ տարազը վրայէն հանել քաշկռտելով, պատռտելով, եւ դեռ փոխել մո՛րթն ալ, կաշի՛ն ալ, մինչեւ որ կարելի ըլլար մարել կամ գոնէ մեղմել ինչ որ կայ հոգիին մէջ:

Ինչպէ՞ս, կրկին վերադառնալ աշխատանո՞ց, ուր ամէն ինչ իր կորսնցուցած Նէնէթը պիտի յիշեցնէ, ուր ամէն ինչ նախկին օրերը պիտի վերակոչէ: Վերադառնալ աշխատանո՞g, այն կեանքի՞ն, որ զինքը այս կէտին էր հասցուցած: Երբե՛ք, երբէ՛ք կարելի չէր, որ վերստանձնէր իր կաւատի դերը, նախկին ծեքծեքանքը, զարգացած կեղծիքը, վճարուած ժպիտը, բոլոր գարշանքը այդ մթնոլորտին: Ալ երբեք կարելի չէր որ կարենար յանդուրժել ներկայութեանը այն կիներու, որոնց բարոյականի երանգները կ՚ուզեր այլեւս անգիտանալ եւ զանոնք կը խմբէր մէկ բառի մը տակ «Պոռնիկ»: Ա՛լ չպիտի կարենար լուսանկարել անոնց քմահաճոյքները, անհանդարտ ծունկերը, բոյրերը, եւ պիտի չկարենար սրամիտ խօսք մը ըսել շնիկին. ոչ ալ ժպտիլ այրերու կիրթ սրիկայութեան, կատարելագործուած շնականութեան, գնուած արժանիքին: Օ՜հ, չտեսնե՜լ անկումը հագուստներու ու ներքնաշապիկներու, ա՛լ չծծել գինովցնող բոյրեր. չլսել, օ՜հ, չլսել անվերջանալի ոռնոցը չարլսթօններու:

Կը մեծնար, փոթորիկի մը պէս նողկանքը կը մեծնար երիտասարդին մէջ: Ան կը նմանէր բոզանոցէ մը դուրս ելլող պատանիի մը, որ կը թքնէ, անվերջանալիօրէն կը թքնէ։ Անշուշտ Փիէռ կը չափազանցէր ամէն բան: Շատ դիւրաւ կարելի էր այս կացութեան լուծում մը գտնել, պարզապէս հեռանալով մեծվայելուչ աշխատանոցներէն: Պէտք էր հեռաւոր ժողովրդական թաղերը կամ արուարձանները երթալ, ուրտեղի լուսանկարչատուններուն մէջ այս կեանքէն ոչինչ կարելի է գտնէր։ Եւ սակայն զգացումները չափազանցել, ծայրայեղութեան մղել ու զանոնք իրականութեան չկարենալ պատշաճեցնելը երիտասարդութեան յատկանիշն իսկ է: Առարկայ մը պէտք էր Հայուն սիրոյ տառապանքովը կազմուած կատաղութեանը արժանի. բա՛ն մը, որուն վրայ կարենար իր լորձունքը սպառել: Այդ առարկան իր ապրած կեանքը եղաւ: Իրեն այնպէս կը թուէր, թէ մինչեւ այս պահը բանտարկուէր էր պարկի մը մէջ: Իրա՛ւ, հիւսկերէն ներանցնող աղօտ լոյսով նշմարած էր շուրջը, սակայն սիրովը կուրցած` ստիպուէր էր հաճոյքով տանիլ ամէն բան: Հիմա դուրս կը նետուէր անկէ. բայց որովհետեւ տակաւին կառչած կը մնար բանի մը, պատճառ կ՚ըլլար որ պարկը շրջուի, մէջը դուրս դառնայ: Արեւի լոյսին տակ ի՜նչ աղտեղութիւն: Օ՜, փախչի՛լ, փախչիլ ինքզինքէն, վերադառնալ այն վիճակին, ուր կը գտնուէր երբոր ինկաւ Փարիզ, ըլլալ նախկին Հայը, իր կոշտութեանը մէջ գեղեցիկ, իր պարզութեանը մէջ վսեմ: Բայց ինչպէ՜ս, ինչպէ՜ս:

Եւ երբոր Փիէռ նշմարեց փրկութեան ուղին, իրեն այնպէս թուեցաւ, որ սրունքներուն վրայ կը մեծնար, անհունօրէն կը մեծնար ու կը մաքրուէր: Հպարտութեամբ նայեցաւ բազուկներուն, երկարօրէն դիտեց իր դիմագիծը հայելիին մէջ ու ժպտեցաւ տարտամօրէն: Գրեթէ երջանիկ էր:

Երկու օրը բաւական եղաւ, որ Փիէռ հաշիւը մաքրէ սենեակի առարկաներուն: Ծախեց ինչ որ կրցաւ. սմոքինկը, լուսթռին, կօշիկները, քիչ մը շատ վայելուչ վերարկու մը ու խել մը գիրքեր: Եւ նետեց ինչ որ չկրցաւ ծախել: Փիէռ շատ բան նետեց: Յետոյ հեռացաւ Փարիզէն ու պանդոկէն` իր միակ պայուսակին հետ, առանց նոր հասցէն ձգելու: Տխուր առտուան մը մշուշը զինքը նորէն գտաւ Պիյէանքուռ, Ռընոյի մետաղէ մեծ դուռին առջեւ. քասքէթը քաշած էր մինչեւ յօնքերուն եւ մօրուքով սեւցած: Երբ իր կարգը եկաւ, ներկայացուց նախկին վկայագիրները, Tourneur!: Ընդունուեցաւ: «Պլէօ»ները հագաւ ու հետեւեցաւ շէֆին: Երբոր անցաւ մեքենային առջեւ…

Այսպէս է, որ ուրիշները կը խոնարհին խաչելութեան մը դիմաց:

***

«Հայերը գիրք մը ունին։ Անոնց ամէնագէշ, զզուելի, ամենասխալ, վատառողջ, եւ ամէնէն աւելի անբարոյական գիրքն է ան Նարեկը։ Կ՚ամբաստանեմ զայն իբրեւ ամենամեծ թշնամի հայութեան, կ՚ամբաստանեմ այն թշուառականը որ անոր տողերը թքաւ։ Եւ ըսել թէ որքա՜ն փառահեղ ճակատագիր մը ունեցաւ այդ թունաւորիչ հատորը։ Հայերը զայն ընդունեցին, իւրացուցին, ընդգրկեցին։ Ոչ մէկ սերունդ խորհեցաւ զայն ջնջել, որովհետեւ անոր լեզուական եւ բանաստեղծական ինչ ինչ յատկութիւններէն խաբուելով ծածկուած թոյնը չնշմարեց։ Ընդհակառակն փոխանցեցին որդիէ որդի, արիւնէ արիւն, ու ան եկաւ մինչեւ մեզ։ Թունաւորուեցանք, ազգովին թունաւորուեցանք։ Ահա թէ ինչու պարտուածներ ենք։ Պարտուածներ ենք որովհետեւ այն վանականին հաշմանդամ հոգիին պէս արհամարհեցինք ու անգիտացանք գոյութիւնը մեր եսին, մեր ուժին, կամքին, անհատականութեան. չկռուեցանք, չխածինք, չմաքառեցանք։ Քրիստոնէական վարդապետութեան անոր սխալ ու թերի մեկնութիւնը ընդունելով եղանք անմտօրէն կրաւորական, համակերպող, աղերսարկու, անգիտակից։ Մենք մեր անձէն դուրս չելանք, չունեցանք նպատակ. խմբովին չսլացանք դէպի կարելիութիւնը անկարելին եւ մեծ իտէալ մը մեզ բոլորս իր ճանկերուն մէջ չշաղուեց։ Կ՚ամբաստանեմ այն թշուառականը որ…»։

Պոռնկագրութեան վրայ խօսած ատեն, օր մը, Սուրէն այսպէս կ՚արտայայտուէր Փիէռին:

Եւ խորհրդածութիւններու այդ զառիթափին վրայ նետուած պահուն ըրած իր այս առաջին բոմբիւնէն յետոյ, ձայնին կրակը մեղմելով կը շարունակէր` իմացականութեան պայծառութիւնը վերստին գտած.

«Որքան ալ տարօրինակ թուի ազգի մը տկարութեան պատճառները բացատրելու այս եղանակս, պէտք չէ ուրանալ հոն ծածկուած ճշմարտութիւնը։ Նարեկացին սկզբնապատճառ նկատուի թէ ոչ, իրողութիւն է որ շատ մը բաներ կու գան լիովին կ՚արդարացնեն իմ յախուռն մտածումս, որ իր ազգասէրի տառապանքին մէջ կ՚ուզէ անպայման մէկը նետել ամբաստանեալի աթոռին վրայ։ Ամէն ազգ, ամէն դարու, ամէն ժամանակաշրջանի, գիւղացի, անտաշ եւ անգրագէտ ամբոխէն զատ ունեցած է «պզտիկ» մարդեր, «ընտրեալ» կոչուած դասակարգին մէջ իսկ։ Սակայն Հայոց մօտ անոնց թիւը ջախջախիչ, գերապատիկ, յուսահատական համեմատութիւն կը ստանայ։ Ահա թէ ինչու, ե՛ս, Սուրէ՛ն, կ՚ուզեմ անգիտանալ փոքր խումբը բացառութիւններու, եւ ամբողջ հայութիւնը կը նկատեմ Նարեկով թուանաւորուածներ, հաշմանդամներ։ Եւ սակայն այո՛, կը բաւէ որ գիտնանք մեր շուրջը նայիլ, կը բաւէ որ նայինք ապրող սերունդին եւ անոր մէջ պիտի հանդիպինք ակնարկի մը որուն համարձակօրէն պիտի կարենանք պոռալ. անհաւատ։ Հաւատքը չունի ան. հաւատքը՝ կիրքին կարմիր մոլեգնութեամբը գրուած. հաւատքը՝ որ մեծ հոգիները կը կերտէ, որ բարձրագոյնին տենչանքը ոււնեցող ազգերէն կը ծնի։ Այս Հայը բան մը իր իտէալը չ՚ըներ եւ չի պայքարիր անոր համար։ Հոգւով մարմնով չի նուիրուիր գաղափարի մը իրագործման, աւելին տալու շտապին մէջ ինքզինքէն դուրսչ՚ելլեր խենթութեամբ եւ իր էութիւնը յարատեւ բարձրացումի մը չի հպատակիր։ Աստուածային կիրքը բացակայ է իր մտածումներէն եւ զգացումներէն, որոնք անվերջանալի միօրինակութեան մը մէջ կը մրափեն։ Խելացի, ուշիմ եւ գործունեայ ցեղի մը զաւակը ըլլալուն հակառակ, այդ յատկութիւնները ի սպաս կը դնէ միայն ի՛ր կաշիին շահերուն։ Հաւաքականութեան հանդէպ պահած իր անտարբերութիւնը թանձր ու անթափանց կեղեւի մը պէս կու գայ իր հոգին կը չէզոքացնէ, կը բթացնէ։ Ի՜նչ անհանդուրժելի նեխութիւն, երբ մանաւանդ զարգացում մըն է ստացած. դպրոցէն հեռանալուն պէս դասարանի ու փողոցի կեանքերը բաժնող մեծ անդունդը կը տեսնէ եւ իր առաջին հոգը կ՚ըլլայ մոռնալ ինչ որ սորված էր, իբրեւ անտեղի, աւելորդ, անհեթեթ։ Եթէ կրցաւ մոռնալ, անոր տեղ բան մը չի դներ բնաւ. միայն կը ջանայ իր պարապութիւնը ոսկեզօծել։ Թողէք զայն, ոսկերիչ պիտի ըլլայ։ Եթէ չմոռցաւ, դեռ պիտի շարունակէ կարդալ, հետաքրքրուիլ, առանց սակայն իր չէզոքի դերէն հրաժարելու։ Թողէք ա՛յս ալ. նորէ՜ն խարդախ ոսկերիչ՝ այս անգամ բառի»։

«Վհատ, թոյլ ու ողողումէն առաջ իսկ կղզիացած սա հոգին, ամբողջ հայութիւնը հիմնովին սարսող դէպքերէ վերջ երկու գիծով միայն կը տարբերի նախորդ սերունդներէն։ Աւելի քիչ կը հաւատայ անկախութեան, եւ նուազ կ՚ատէ Թուրքը։ Նուազ կ՚ատէ, որովհետեւ կը ճանչնայ մարդկային մտքին բոլոր կարեւոր արտայայտութիւնները, զանոնք միշտ դատելով իր մեկուսացած պզտիկութենէն, առանց ճիչի, առանց գիրկընդխառնումի, առանց ճակատագրական մեկնումի։ Ինք կը ճանչնայ բոլոր իմաստասէրները եւ բոլոր վարդապետութիւնները. մէկ քանին կարդացած է։ Սակայն անոնցմէ ոչ մէկուն առջեւ ըսած չէ. «ահա ե՛ս եմ, ահա ա՛յսպէս»։ Գիտէ թէ Աստուած եւ կրօնք ըմբռնումներ են, երբեմն սփոփարար ուժեր են որոնք մարդկութեան հետ պիտի մեռնին։ Գիտէ թէ հայրենիքը ներկայ օրերու միջազգայնական գաղափարներուն առջեւ գէշ արգելք մըն է, իսկ ի՛ր հայրենիքը՝ գորդեան հանգոյց մը անլուծելի։ Գիտէ թէ բարի, չար, տգեղ, գեղեցիկ, բարոյական, անբարոյական բոլորն ալ յարաբերական բաներ են, թէ արուեստը միայն մեծ ազգերու առանձնաշնորհն է, քանի որ բարձր միջավայրի եւ երկար ժամանակի կը կարօտի։ Վերջապէս գիտէ նաեւ թէ սէրը փորձանք մըն է, կինը դրամ է, իսկ դրամը ամէն ինչ է։ Հիացում եւ առատ ներբող ունի օտարին բոլոր արժէքներուն, արժանիքներուն, մեծութիւններուն։ Շատ անգամ կուրօրէն կը փառաբանէ զանոնք. սակայն երբոր հաճի ակնարկը դարձնել իր ազգին, անմիջապէս տարակոյսով եւ թերահաւատութեամբ լեցուն քննադատի մը կը ձեւափոխուի։ Կը խորշի, կը կը սոսկայ հպատակութեան գաղափարէն. պզտիկութիւն կը համարէ ուրիշի մը մտածումը բաժնելով միաբանիլ եւ գործակցիլ անոր, երբոր հրամայողը ինք չէ։ Ինք ինք է եւ ինք բան չէ»։

«Ի՜նչ պէտք, ի՜նչ պէտք սակայն ըսել այս բոլորը, որ արդէն իսկ այնքան անգամներ կրկնուած ըլլալու դժգունութիւնը ունի: Ին՜չ պէտք մանաւանդ զբաղիլ պարագաներով, որոնց լաւագոյն դարմանը բառերուն եւ խօսքերուն ուժը չի կրնար կազմել բնաւ: Այո՛, այս տիպարը պատահական չէ, միայն ժամանակի մը ծնունդ չէ. սակայն մինչդեռ անցեալի մէջ կարելի էր մասամբ զինքը անտեսել, իր վատառողջ մեղկացումը չէզոքացնել, թողլով որ ազգին թիւը բազմապատկելու իր միակ դերը կատարէ, հիմա անկարելի կը դառնայ իրեն հանդէպ անտարբեր մնալ։ Ոչ թէ որովհետեւ այժմ պատերազմ կայ ու կռիւ, ոչ թէ որովհետեւ այժմ ճակատամարտ կայ ու կենսապայքար, այլ որովհետեւ կայ բան մը աւելի ճակատագրական, աւելի աններող, կայ բան մը ահեղ, անդիմադրելի, որ իր անունը կ՚ոռնայ բոլոր քառուղիներէն. նահանջն է ան: Նահանջը, նահանջը հայերուն: Կռիւը սրբազան բան է, ճակատամարտը երբեմն նոյնիսկ օգտակար. անոնցմէ ազգ մը դուրս կու գայ պարտուած կամ յաղթական, սակայն երկու պարագային ալ դուրս կու գայ: Բայց նահանջը հոգիներու, գլխի պտոյտ տուող զառիթափին վրայ սա նահանջը կը ջնջէ, կը ձուլէ, կ՚անհետացնէ ամէն բան: Իրա՛ւ, բազմաթիւ չեն այսպիսի զարգացած անտարբերներ, սակայն անդին կամ ամբոխները անտաշ, անմիտ եւ ուծացած մարդոց, որոնք կարծես բնազդաբար, կարծես արիւնով ու ծուծով ճիշտ նման են նախորդին: Անոր պէս առաջինը կ՚ըլլան ընկրկող, մոռացող, ուրացող: Եւ կը կազմուի ահե՜ղ զանգուածը անոնց, որոնք կը նահանջեն ու այդ մեծ հոսանքին մէջ կը քշեն կտանին միւսներն ալ, ցանցառ բացառութիւններն ալ:

«Կը նահանջեն ծնողք, որդի, քեռի, փեսայ, կը նահանջեն բարք, ըմբռնում, բարոյական, սէր: Կը նահանջէ լեզուն, կը նահանջէ լեզուն, կը նահանջէ լեզուն: Եւ մենք դեռ կը նահանջենք բանիւ եւ գործով, կամայ եւ ակամայ, գիտութեամբ եւ անգիտութեամբ. մեղա՜յ, մեղա՜յ Արարատին:

«Եղան Հայեր, որոնք իրենց մորթը փրկելու համար վճարեցին ոսկի. եղան ուրիշներ, որոնք տուին հաւատք, կուսութիւն. եղան անոնք, որոնք լքեցին տուն, տեղ, երկինք. եղան դեռ վատեր, որ ուրացան ազգ ու լեզու, եւ հերոսներ՝ որ տուին արիւն, կեանք, օր ու արեւ: Իսկ մե՛նք, կը վճարենք իբրեւ վերջին փրկագին այն, որ պիտի գայ: Իբրեւ վերջին փրկագին` մանուկներ, որոնք կրնային մեծնալ, ապագայի սերունդներ, որոնք մեզմէ վերջ պիտի գային: Որովհետեւ այն, որ պիտի գայ, պիտի ըլլայ օտար, բանիւ եւ գործով, կամայ եւ ակամայ, գիտութեամբ եւ անգիտութեամբ, մեղա՛յ, մեղա՛յ Արարատին»:

***

Ահա այսպիսի նահանջող ազգակիցներու մէջ ինկաւ Փիէռ: Ոչ սակայն անմիջապէս: Այն առաջին խուճապէն ի վեր տարիներ անցէր էին եւ հիմա, այս աշխարհ-գործարանը պարպուէր էր հայ պատահական բանուորներէն: Անոնք մեծ մասամբ տեղին, միջավայրին ու լեզուին մտերմանալով, կամաց-կամաց կրցեր էին փախչիլ մեքենաներու կենսակուլ երախէն եւ նուիրուիլ աւելի նպատակայարմար արհեստներու, պաշտօններու: Կը մնային բացառութիւններ: Փիէռին աշխատած անկիւնը ոչ մէկ Հայ կար. ձախ կողմինը քառասուննոց ճաղատ մարդուկ մըն էր, որ ամառ կիրակիները գետեզերք կ՚երթար ձուկ որսալու, իսկ ամբողջ ձմեռը այդ ձկնորսութեան պատմութիւնները ընելով կ՚անցընէր: Մեքենաները իր լրացուցիչն էին, ինք անոնց մէկ մասն էր, եւ երկաթի այդ առեղծուածէն հեռանալուն պէս կը դադրէր արժէք մը ունենալէ: Ատոր համար է, որ ձուկ չէր կրնար բռնել եւ այնքան շատ բան կ՚ունենար պատմելիք: Իսկ աջ կողմինը առաջին օրն իսկ մտերմացաւ Փիէռին ու անոր սիգառէթներուն: Այս շիկահեր եւ յաղթանդամ երիտասարդը, որ անխոնջ ընթերցող մըն էր մարզական օրաթերթերու, Փիէռին արտաքինէն դատելով` կարծեց գաղափարակից մը գտած ըլլալ, եւ ամէն օր սկսաւ գրաւի գալ սա կամ նա մարզիկին յաղթութեանը ի նպաստ: Բայց երբոր տեսաւ, թէ ամէն օր ալ կորսնցնողը ինքն է, հասկցաւ, որ Փիէռ բնաւ մարզական թերթ չէր կարդար եւ չէր հետաքրքրուէր այդպիսի բաներով: Անմիջապէս իր բարեկամութիւնը կիսով խզեց: Կիսով միայն` քանի որ շարունակեց դեռ բարեկամ մնալ սիգառէթներուն:

Խաղաղութիւ՜ն խաղաղութիւնը՜ հոգիի: Փիէռ այն հաստատ համոզումն ունէր, թէ պիտի կարենայ զայն գտնել հոս, պիտի կարենայ տիրանալ անոր այս կեանքին մէջ, որ հակառակ յոգնեցուցիչ ըլլալուն, միօրինակ էր, անփոփոխ ու անվերջանալիք։ Այդ փափաքին հասնելէ առաջ սակայն, նախ երեք փուլերէ անցաւ: Առաջին այն քանի մը օրերը սահեցան կատարելապէս անգիտակից, անբան եւ անզգայ տպաւորութեան մը տակ: Փարիզէն իր փախուստը, կրկին մութ ու նեխոտ պանդոկ մը իյնալը, գործ փնտրելը եւ անոր անգամ մը եւս վարժուելու ճիգը, անդրադարձումի ամէն կարողութիւն ջնջեցին իրմէ: Անմիջապէս յետոյ ինկաւ անսահման, անզուսպ կատաղութեան մը մէջ. օրերը, գիշերները, իր բոլոր պահերը անէծքով, ատելութեամբ ու թոյնով լեցուեցան: Կ՚ատէր, սարսափելիօրէն կ՚ատէր իր Նէնէթը, ակռաներուն մէջէն անէծքը անվերջ կը սուլէր, այլեւս առանց ինքզինքը զսպելու: Դեռ սաստիկ, սաստիկ կը տառապէր: Գիշերները ճաշէն վերջ անկարող կ՚ըլլար սենեակ վերադառնալ եւ այն մութ ու անծայր փողոցներու երկայնքին ցուրտին հետ կը տանէր իր տենդը, գրեթէ բարձրաձայն կրկնելով. «Անիծուի՜ս, անիծուի՛ս դուն, Նէնէթ. տառապի՛ս դուն, կ՚ուզեմ, որ տանջուիս եւ փնտրես զիս. ինչպէ՜ս, ինչպէ՜ս տարուեցայ ես, խաբուեցայ անկէ: Ի՜նչ էր որ, միւսներուն պէս «հաւ» մըն ալ ինք. բացառիկ ի՞նչ ունէր որ. ոչինչ: Նախ որ ինձմէ շատ տարէց էր. քանի մը տարիէն ալ պիտի ծերանայ. արդէն խարտեաշները շուտով կը խամրին: Որքա՜ն տղայ եմ եղեր, չկրցայ բաց աչքերով իրականութիւնը տեսնել, հմայուեցայ իր շպարէն, վայելչութենէն, գեղեցիկ զգեստներէն, նուրբ ճերմակեղէններէն: Իրաւունք ունին եղեր Ֆրանսացիները զանոնք կոչելու. «Կնոջ ծանր հրետանին»: Այո՜, հով ունէր, արտաքին տեսք մը ունէր, բայք արդէն կիրքը ի՞նչ է որ. անճկելի հպարտութիւն մը բռնաբարել է. զօրաւոր անհատականութեան մը տիրանալ ու տիրապետել է. կիրքը կարող է ուշիմ դաստակներ անշարժեցնել, կապել է. խելացի գլուխ մը թմրեցնել, ցաւի եւ հեշտութեան արտայայտութիւնը անոր վրայ վայելելն է. այո՛, կիրքը կեցուածք մը բռնաբարել է: Խեղճ Լիզ, խեղճ Լիզ, ինչպէ՜ս քեզի չճանչցայ… անիծուի՛ս դուն, այո, քեզի եմ, Նէնէթ, քեզի՛…»:

Եւ օրերը դարձան, դարձան: Մեքենաները անկապ բառեր եւ թերի նախադասութիւններ կրկնեցին իրեն անվերջ, որոնք բացատրութիւն մը կամ երբեմն ալ պատասխան մը գտնելու իր ճիգին մէջ երիտասարդը մոլորեցաւ, ինկաւ հակասութիւններու գիրկը, մինչեւ որ լռեց: Հեռաւոր խարտոց մը կը ֆշշար իր ականջին. «Խօլ շուայտ, խօլ շուայտ, խօլ շուայտ, խօլ շուայտ…» Կամ ասդին, աղմկարար մեքենայ մը իր բոժոժները կը հնչեցնէր կրկնելով. «Ինչու չըրինք չարիք, ինչու չըրինք չարիք, ինչու չըրինք չարիք, ինչու չըրինք չարիք …»: Փիէռ լռեց, որովհետեւ նախ աւելորդ ու անօգուտ գտաւ ատելութիւնը, որ միայն իր հոգին մրոտելու պիտի ծառայէր, իսկ ուրիշ պահու մը վախցաւ անկէ, որպէս թէ անէծքին ազդեցութիւնը անխուսափելի ըլլար: Ինք իր անէծքէն վախցաւ ու հեռանալով գոհացաւ արտասանել մեղմաձայն. աղօթքի մը պէս.


Grands yeux dans ce visage,
Qui vous a placés là?
De quel vaisseau sans mâts
Etes-vous l՚équipage?
Depuis quel abordage
Attendez vous ainsi
Ouverts toute la nuit?

Եւ երբոր Նէնէթին անուան անմիջապէս յաջորդող այն երկու բառերը, «Chérie» եւ «Անիծուիս», դադրեցան արտասանուելէ, երիտասարդը էապէս փոխուեցաւ:

Նոր հանգրուան մը կը հասնէր: Կարծես ան կը հաւաքուէր ինքն իր վրայ, կը կծկուէր, կը խտանար: Կզակը եղաւ բռունցք եւ ակնարկը սլացաւ հեռուն, տարածուեցաւ, զօրակոչի մը պէս: Երիտասարդին մէջ մարդն է, որ կը կազմուէր, կը կաղապարուէր, մարդոցմէ եւ ընկերութիւններէ հեռու: Պատանի մը ոգեւորող պզտիկ երգերը, սիրուն եւ քնքուշ աւելորդութիւնները դադրեցան զինքը հետաքրքրելէ եւ զգաց, որ կեանքին ու իրերուն կը նայէր արհամարհանքով, սակայն բարձրէն, բոլորովին նոր ակնարկով մը: Կը կարծէր թէ հիմա կը քալէ առանց քշուելու, կ՚ապրի առանց կառչելու:

Ահա այս շրջանին է, որ հայերուն խառնուեցաւ: Անոնք կէսօրները մօտակայ ճաշարան մը կը հաւաքուէին, յետոյ խմբովին երթալ գրաւելու համար սրճարանի մը նոյն անկիւնը: Անոնց մէջ կային նախ յաւիտենական մանուկները, թեթեւսօլիկներն ու կնամոլները, որոնք աշխատութենէն վերջ տաբատ կը փոխեն եւ կը նետուին պարասրահ: Կային իրենց պատեանին մէջ կծկտած, անտանելի գծուծները եւ քանի մը տարէց գաւառացիներ: Անոնց մէկը, հակառակ Ֆրանսացիի մը եւ անոր կնոջ հետ «երեքնոց ընտանիք» մը կազմած ըլլալուն, գլուխը կախ կը խորհէր, կը խորհէր, անթափանց կնճիռներ ճակտին: Կարծես թէ աղիւսակը արձակի կը վերածէր: Ուրիշ տարէցի մը շուրջ տղաքը դեղին շրջագիծ մըն էին քաշած: Մեծ նախազգուշութեամբ կը մօտենային անոր. այսինքն` բնաւ չէին մօտենար: Ատենը անգամ մը կ՚ըսէր. «Նօրէն կնիկէս նամակ եկաւ, հոս գալ կ՚ուզէ կոր: Ես ինտո՜ր բերել տամ…»: Պատճառը չէին հարցնէր բնաւ. ամէնքն ալ գիտէին, թէ խեղճ մարդը ահաւոր ախտէ մըն է վարակուած: Կային դեռ երկու նախկին վարժապետներ, հազիւ երեսուննոց, որոնց մէկը դեռ կը համառէր յանգեր գտնել իր գիւղին հարսներուն, եւ ոտքեր` եզներուն: Իսկ երկրորդը անդադար նամակ ու խնդրագիր կը տեղացնէր ամէն կողմ, աղաչելով, որ զինքը շուտով փրկեն այս դիարանէն, ապա թէ ոչ անձնասպան պիտի ըլլայ. այո՛, անձնասպան պիտի ըլլայ:

Պետրոս կրցաւ բարեկամանալ անշուշտ պոլսահայերու նոյն ընկերային խաւին պատկանելուն նուրբ, տկարակազմ, քիչ մըն ալ բծախնդիր սկիւտարցիի մը` Խնտամեանին հետ: Այս վերջինը սաստիկ կը տառապէր, կը չարչարուէր, կը խաչուէր իր ընկերային դիրքը կորսնցնելով գործարանի մը աղտեղութեան մէջ ինկած ըլլալուն համար: Կ՚ըսէր. «Ես քիչ մը դրամով եկայ Փարիզ. ընկերոջ մը հետ փաստըրմայի մը գործ սկսանք. վիճակս լաւ էր այն ատեն. տակ գացինք. տասնոց չմնաց. եւ հիմա… բայց իրաւո՛ւնք ունիմ դժգոհ ըլլալու, իրաւո՛ւնք ունիմ այս կեանքը ատելու. անիկա ամէն երեսով իմ խառնուածքիս ճիշտ հակոտնեան է: Ես կը սիրեմ լռութիւնը, երկա՜ր լռութիւնը եւ այդ լռութեան մէջ խորունկ ձայները. զանգակը, էզանը, գորտերը, էշը… Եւ ես կը սիրեմ բնութիւնը, զմայլելի արշալոյսները, որոնց մէջ թլփատուած լակոտ մը իր եալէ՜յը կը նետէ: Ես կը սիրեմ վարդ միսերը կնոջ, մաքուր, շուշան կուրծքերը, բոյրերը, գեղեցիկ ճերմակեղէնները… ի՜նչ աղէկ է ան փաստըրմայի գործը, մե՜ղք, մե՜ղք…»:

Սակայն կար ուրիշ մը, զոր Պետրոս անմիջապէս սիրեց: Սիրեց` առանց սակայն անոր շատ մօտենալու, առանց մտերմութեան ազդանշանը տալու, ոչ թէ որովհետեւ աւելի կարեկցութիւն եւ արգահատանք կար այդ զգացումին մէջ, այլ որովհետեւ այդ տղուն բուռն եւ արտասովոր նկարագիրը շատ հեռու էր դիւրահաղորդ ըլլալէ: Նախկին կեդրոնականցի մըն էր, քահանայի տղայ, եւ զինքը կը կոչէին լօխում: Անոր դասընկեր Խնտամեանը կը պատմէր, թէ մանուկ եղած ատեն ճեփ-ճերմակ միս, կակուղ նկարագիր եւ քաղցր բնաւորութիւն մը ունենալուն` զայն այդպէս են անուանէր: Խիստ անխնամ արտաքին մը, միշտ ծխող բարակ շրթունքներ, պզտիկ, աղտոտ ակռաներ, իսկ խարտեաշ ու գանգուր մազերուն շրջագիծը՝ հարցական նշաններով, փակագիծերով, կախման կէտերով: Ի՜նչ հակասութիւն սակայն իր կրած մակդիրին հետ: Հիւանդագին ըլլալու աստիճան չափազանցուած ջղայնոտութեան մը կը թրթռացնէր զինքը: Չէր խօսէր, այլ կը փրփրէր, կ՚ոռնար, կը կռուէր: Արդէն միայն կռիւի արժանի նիւթերով կը զբաղէր, իր նախադասութիւնները հայհոյութեամբ ստորագծելով: Պետրոս անգամ մը ներկայ եղաւ անոր այսպիսի մէկ յորդումին:

«Ի՞նչ, ի՞նչ, կը գոռար ան, նորէ՛ն ֆրանսերէն թերթ, նորէն ֆրանսական թատրոն. ատոնց հայերէնը չկա՞յ : Պիտի չըլլա՞յ, որ դուք սանկ մէյ մը ցնցուիք, գիտակցիք մեր վիճակին. պիտի չըլլա՞յ որ կռուիք, մաքառիք ձուլումին ու այլասերումին դէմ: Մարած մոխիրներ բոլո՛րդ ալ, կաշիի վաճառականներ բոլո՛րդ ալ. միայն ձեր պզտիկ շահերուն կը նայիք, միայն ձեր մատներուն վրայ կը դողաք: Մե՛նք ալ հայրենիք մը ունինք. պէտք է պատրաստ կենանք հոն երթալու: Զբաղեցէ՛ք անով. պէտք է, որ ճահիճները չորցնենք, պէտք է, որ ջրանցքներ բանանք, որպէսզի… Վատե՛ր, թոյլե՛ր… Պոլիս ալ այսպէս էիք, ձեր հայրերն ալ այսպէս էին: Երբոր հոն մէկը փողոցեն կ՚անցնէր վազելով, սարսափի ու ցաւի արտայայտութիւնը դէմքին գիտէի՝ թէ մէկը չէ սպաննուած, խաբուած ամուսին մը իր հակառակորդը չէ բզքտած, կին մը իր մանուկները չէ խեղդած, սիրահարներ անձնասպան չեն եղած ինչպէս որ հոս կ՚ըլլայ, այլ պարզապէս արեւելքցի մը գետինն է ինկած՝ կաթուածահար: Հարիւրին իննսուն այսպէս կը մեռնէին. փտածութեամբ, անշարժութեամբ: Իսկ դո՛ւք, հոս… ինչպէ՜ս ձեզմէ կայծ պիտի հանենք, երբոր ժամը հնչէ, դուք, որ մարած մոխիրներ էք հիմա: Ուրկէ՞ կրակ պիտի գտնենք երթալու համար կռիւի. որովհետեւ, այո՛, կռիւ պիտի ունենանք մենք, որքան ատեն, որ տակաւին ոտքի կաթողիկէ մը ըլլայ եւ ձիւնազարդ գագաթ մը լեռան, որքան ատեն, որ մեր երակներուն մէջ արիւնին հետ եռացող «Մեր հայրենիք» մը ըլլայ, որքան ատեն, որ մեր հայրենիքը չըլլայ…»:

Պետրոս կը լռէր: Իսկ անոնք, որ կը նեղուէին եւ կը բարկանային. լաւագոյն կը համարէին մեկնիլ, անգամ մը եւս տեղի չտալու համար ասկէ առաջ պատահած այնքան ցաւալի վէճերու, կռիւներու: Այս խօսքերուն պատճառած անբացատրելի անհանգստութենէն զատ, Պետրոս խորունկ ցաւ մը կը զգար ի տես այն տառապանքին, որ խարտեաշ տղան կը ցնցէր ամբողջ էութեանը մէջ, անոր ամբողջ մանկական պարզութեանը եւ միամտութեանը մէջ: Պոռացած ատեն ձեռքերը կը դողային ու իր ակնարկը կարծես կու գար երկու խոշորացոյցներու ետեւէ: Երկրորդ Սուրէն մըն էր այս, բայց նուազ գիտուն, նուազ դերասան, նուազ արուեստագէտ:

Այս օրուընէն շաբաթներ յետոյ Պետրոս կարծեց հազ մը ճանչնալ գիշերուան մը մութին մէջ: Սիգառէթներու երկու կարմիր կտուցները մօտեցան իրարու: Լոխումն էր: Հազիւ թէ քանի մը քայլ յառաջացած էին յոգնած ու լուռ, երբոր նորէն Լոխում փրփրեցաւ եւ սկսաւ գոռալ.

«Ծօ այս ի՞նչ անաստուածային, հակամարդկային, հրէշական, բարբարոս օրէնք է. ո՞ր անիծուած ձեռքը արձանագրեր է զայն, ո՞ր չորնալիք ուղեղը պարտադրեր է մեր գլխին: Ես հայր մը ունիմ. ես հայր մը ունիմ, ինչո՞ւ անոնցմէ հեռու մնամ, ինչո՞ւ անոնք իմ կարօտովս հիւծին, եւ ես չկարենամ վայելել անոնց մօտիկութիւնը: Մենք ասոնց պէս չենք. մեզի համար ծնողքէ աւելի մեծ ու նուիրական ի՛նչ կայ. ո՞ր սէրն է, որ մայրական սիրոյն տեղը կրնայ բռնել. մա՜յր, մայր… ամէն բան է ան ինծի համար: Ես ինչո՞ւ չկարենամ Պոլիս երթալ. ո՞վ եմ ես, ի՞նչ եմ, որ պետութիւնը զբաղուի ինձմով, մեզմով: Բոլոր իմաստասէրները, բոլոր բարոյագէտները, բոլոր մարդասերները եւ նոյնիսկ կենդանապաշտպանները պէտք է թողուն ամէն ինչ ու զբաղին միայն ասով, միմիայն այս զուլումով…»:

Նոյն գիշեր իսկ Պետրոս որոշեց այլեւս բնաւ այս տղուն չմօտենալ: Խօսքեր կան, զորս չենք ուզէր լսել. ցաւեր կան, որոնց չենք ուզէր անդրադառնալ. կը փախչինք անոնցմէ, որովհետեւ իրապէս մեծ են: Կարօտի անսահման կսկիծով սենեակ ինկաւ Պետրոս եւ հայհոյեց նոյնիսկ ան տղուն դէմ, որ այնքան մանկութեամբ իր սիրտն էր պատռեր, երկու սիրտ էր պատռեր: Նախկին լուսանկարիչը պէտք չունեցաւ սակայն մօտիկութենէ մը խուսափելու, որովհետեւ Լոխումն է, որ անհետացաւ մէկէն, Ռընոյի իր պաշտօնը ձգելով: Ան Խնտամեանին պանդոկը բնակելուն կարելի եղաւ օրեր յետոյ պատահածները լսել: Ռուսական դեսպանատուն է գացեր Լոխում, պահանջելով, որ Հայաստան երթալու համար իրեն անցագիր տան: Մերժէր են: Ըսէր է, թէ կ՚ուզէ իր հայրենիքը ապրիլ. մերժէր են: Ըսէր է, թէ կ՚ուզէ ճահիճներու չորացումին եւ ջրանցքներու բացումին համար իր բազուկները տանիլ. մերժէր են: Ըսէր է նոյնիսկ, թէ կ՚ուզէ Արարատը տեսնել ու շնչել զայն. նորէն մերժէր են: Այս անգամ վազեր է թրքական հիւպատոսարան: Մահիկաւոր դրօշը, անոնց գիրերը եւ թուրք գլուխները տեսնելով բոլորովին կատղէր է. պահանջէր է, որ անմիջապէս, անմիջապէս անցագիր տան իրեն… թէ մայրը մահամերձ է, պիտի մեռնի, թէ ինքն ալ հիւանդ է, ջղային նոպաներ ունի, թէ պէտք չէ, որ իր ապագան խորտակեն. իր տեղը հոս «ֆաբրիկա»ներուն մէջը չէ, թէ պէտք չէ, որ… Սկսէր է հայհոյել, ոռնալ, անիծել: Ստիպուէր են քանի մը հոգի մէկէն վրան իյնալ զինքը դուրս կարենալ նետելու համար:

Խաղաղութիւ՜ն, խաղաղութիւ՜նը հոգիի: Քանի օրերու շարքը երկարեցաւ, Փիէռ այնքան աւելի վազեց այդ խաղաղութեան ետեւէն: Չհասաւ բնաւ: Զգաց եւ ըմբռնեց, թէ անգամ մը եւս սխալած էր: Գործարանը իրեն կրցաւ տալ հպարտութիւն, մաքրութիւն եւ մասամբ ալ կարծեցեալ ազատութիւն, սակայն ոչ այն, զոր ինք կը ցանկար: Որովհետեւ հակառակ իր կազմուած եւ ուժեղ էութեան, այս կեանքին միօրինակութիւնն իսկ պատճառ կ՚ըլլար, որ բոլորովին առանձին մնայ ինքն իրեն հետ եւ ներքին տրամախօսութիւնը վերսկսի: Կ՚ըսեն թէ որքան որ յաճախակի ըլլայ յիշատակներու վերակոչումը, այնքան շուտ անցեալը կը ձեւափոխուի, որովհետեւ ամէն անգամուն յիշատակներուն վրայ կ՚աւելցնենք սուտ ու կեղծ տարր մը, որ կը մնայ: Այդպէս ալ Փիէռին համար ճշմարիտ տառապանք մըն էր այժմ իր սիրոյ վերջին օրերը վերապրիլը: Իրեն այնպէս կը թուէր, թէ երկար ատեն Նէնէթին հետ շնչած էր հեղձուցիչ, գրեթէ ոճրային մթնոլորտ մը: Իրաւ է թէ կը յաջողէր այս մթին մտածումներէն հեռանալ, բայց կ՚ըմբռնէր, որ հոգիի խաղաղութիւնը պիտի գտնէ միայն այն ատեն, երբոր սա միօրինակութիւնը աւարտի, կեանքը վերսկսի, եւ նոր ապրումներ գան անցեալը քօղարկեն: Փիէռ կ՚ուզեր անգամ մը եւս փախչիլ: Կ՚ուզեր եւ վճռեց: Եւ սակայն նախորդ անգամուանին պէս պարզ փախուստ մը չպիտի ըլլար այս, այլ արշաւ մը, խոյանք մը, արդէն իսկ գծուած ճամփու մը մէջ: Պիտի սլանար նպատակի մը, իդէալի մը, պատճառի մը: Բայց անո՞ւնը ատոր:

Իր ճանչցած հայ բանուորները բոլորն ալ, բացի Լոխումէն, նահանջողներ էին: Եւ սակայն, եթէ կայ տարր մը, որ ազգին հանդէպ ընկրկելուն համար է՛ն քիչը արժանի է մեղադրանքի, ան ալ սա գործաւոր դասակարգն է: Ով որ կը ճանչնայ անոր տաժանքը, բնաւ չպիտի համարձակի այպանել: Եւ այդ լուռ ու ներողամիտ ակնարկով է, որ Փիէռ կը նայէր տղոց եւ ինքզինքին, քանի որ ինք ալ նահանջող մըն էր: Բայց հիմնական բանով մը կը տարբերէր իր բոլոր ընկերներենէն։ Կը տարբերէր՝ որովհետեւ ոչ միայն անշահախնդիր էր եւ բարձրագոյն լինելութեան մը գիտակցութիւնը ունենալուն կրցաւ իր դիւրակեցութիւնը արհամարհել, այլ որովհետեւ ուժ մը կար իր մէջ, ուժ մը, որ կը խտանար, կը սաստկանար, կ՚ուզեր ինքզինքին գիտակցիլ, եւ որ պատրաստ էր նուիրումի, զոհաբերումի: Ան գետին մը, գործունէութեան դաշտ մը փնտրեց. ուղի մը, որ վեր ըլլար առօրեայ պզտիկութիւններէն, որուն վրայ ամէն սրունք չզօրէր վազել, եւ ուր կարենար ըսել ինքզինքին —«Ե՛ս, իմ անցեալէս բարձր»:

Բնականաբար Պետրոսին առաջին մտածումը գնաց իր ազգին: Պիտի նուիրուէ՞ր ազգային գործունէութեան: Խորհեցաւ, խորհեցաւ: Պատասխանը եղաւ ժխտական: Պետրոս կ՚ըսէր հեռաւոր խօսք մը վերյիշելով. «Մարդկութիւնը կազմուած է ողջերէ եւ մեռելներէ: Մեռելները անհամեմատօրէն աւելի բազմաթիւ են, քան մենք: Եւ անոնք աւելի զօրաւոր են իրենց կատարած աշխատութիւններուն գումարով: Անոնք մեր տէրն են ու կը կառավարեն մեզ: Կը բնակինք այն շէնքը, զոր հանգուցեալ ճարտարապետ մը շինեց, կը յուզուինք այնպէս, ինչպէս ան միւս գրագէտը յուզուեցաւ, կ՚ապրինք առածի կարգ անցած այն նախադասութիւնները, զոր օր մը օտար հայրենասէրը ճառեց եւ կ՚ըլլանք այն, ինչ որ անոնք մեզ կ՚ընեն:

«Հապայ ուրեմն ինչպէ՞ս մենք պիտի մնանք հայ, երբոր մեր մեռելներն ա՛լ չունինք, երբոր մեր մեռելները հետերնիս չբերինք: Ինչպէ՜ս մենք պիտի չըլլանք օտար, երբոր այս մեռելը այնքան լաւ ճառեց…» Եւ կը կրկներ Սուրէնին խօսքերը. «Պիտի ձուլուինք, բոլորս ալ պիտի ձուլուինք. դարման չկայ ատոր: Այո՛, գիտեմ, թէ կարելի է սերունդ մը փոխել, նոյնիսկ ամբողջ ազգ մը ուզուած կաղապարի մը մէջ թափել, սակայն ատոր համար անհրաժեշտ է, որ այդ ամբոխը մեր թաթերուն մէջ ըլլայ եւ ստիպուի մեզ հպատակիլ։ Պոլիս կարելի էր, սակայն հոս, գոնէ ինծիպէսներու համար ազգային գործունէութեան կարելիութիւն չկայ, քանի որ ոչ գրագէտ եմ, ոչ ալ բեմբասաց: Պէտք է, որ առնուազն կուսակցական ըլլամ, ինչ որ բնաւ չեմ փափագիր: Օ՜հ, ուրիշ բան, ուրի՜շ, բայց ոչ այս»:

Տրամաբանելու այս եղանակը պէտք չէ իր հոգեկան վիճակին հակասումը նկատել: Իր վիճակը ունեցող երիտասարդ մը շատ աւելի սիրով ու կամեցողութեամբ կը նետուի անծանօթին մէջ, քան ծանօթ ուղիին: Շատ աւելի հրճուանքով կ՚երթայ նոյնիսկ երբեմն իր խառնուածքին, իր արիւնին հակոտնեայ գործունէութեան մը, որ նոր է, քան թէ ճանապարհի մը, որուն կրցեր է ծանօթանալ գիտակցութեան գալէն ի վեր, որուն վրայ շատ անգամ քայլ առ քայլ հետեւեր է ուրիշներու յառաջխաղացումին, եւ ուր կը խորհի` թէ աւելի տիղմ կայ քան ուրիշ բան:

Անմիջապէս յետոյ Պետրոս մտածէց իր ծնողքին, իր մօրը: «Ապրելու համար մօ՞րդ պէտք ունիս տղա՛յ ես դեռ…» ու հեռացաւ: Ցատկեց կրօնքին վրայէն եւ նայեցաւ գիրքերուն: Գրական եւ զուտ երեւակայական գործերը սիրած էր ատենօք, բայց հիմա չէր կրնար հանդուրժել անոնց: Եւ որովհետեւ անկարելի էր նմանապէս զբաղիլ սիրոյ պատմութիւններով, կը մնային իմաստասիրական երկերը: Պետրոս զանոնք կրելու ոչ պատրաստութիւնը ունէր, ոչ ալ սէրը: Կը պատկանէր այն բազմաթիւ մարդոց դասակարգին, որ կը խորհի. «Կեանքին հանդէպ յայտնուած բոլոր կարծիքներու մէջ, ես կը նախընտրեմ կեանքը»:

Երիտասարդ հայուն այս մտային դեգերումները եւ անփափաքելի նպատակէ մը խուսափելու համար գործածած թերի պատճառաբանութիւնները խռովեցին իր հոգին եւ մտածումը, որ ի լինելութեան էր: Կրկին ինկաւ տագնապի մը մէջ, եւ իր անանուն տենչանքները զինքը մղեցին անկարելի հորիզոններու: Մտածեց որեւէ պաշտօն մը գտնել նաւու մը վրայ եւ երթալ երկիրներէ, ծովերէ ու քարափներէ անդին. երթալ հիւսիսի սառոյցներուն, խարտեաշ եւ հասակաւոր գեղուհիներուն, կամ դէպի հարաւ, սեւաչուի լեցուն ողկոյզներուն. երթալ հասարակած, մինչեւ վայրենիներուն մէջ, ուր անշուշտ պիտի կարենար կիները ցանկալ: Երեւակայութեանը առջեւ բերաւ վայրի գեղուհի մը հաստ շրթունքներով, ցից կուրծքերով եւ անթիւ ապարանջաններով: «Այո՛, ըսաւ, կա՛մ պէտք է այդպէս անբան կին մը վայելել, եւ կամ բնաւ կին չվայելել: Որովհետեւ այն վայրենիին անասնական պարզութիւնը աւելի կ՚արժէ, քան մեր կիներուն երկդիմի, անմիտ ու դատարկ վարուելակերպը: Եւ յետոյ, թերեւս հոն ես բռնի պիտի տիրանամ այդ մեծ օղերով կնոջ: Ահա այդ է, որ արժէք ունի եւ ոչ թէ փոխադարձ հաւանութեամբ ստացուած սէրը: Պէտք է բռնութեամբ, անոր կամքին հակառակ տիրանալ ցանկալի էակին: Ահա այդ ուժեղ դիմադրութեան որոնումին մէջ չե՞ն անոնք, որ կ՚երթան ընկերութիւնէն արգիլուած համբոյրներու»:

Եւ հայուն մտածումը կը զարնուէր պատէ պատ, կը դառնար կապուած ձիու մը պէս, կը շրջէր, կը տապլտկէր, կ՚ըլլար սպառող, անսանձելի: Այս անգամ Պետրոս բոլորովին տարբեր գետնի մը վրայ ինկաւ, ուզեց նուիրուիլ ոգեհարցութեան, հոգեփոխութեան եւ այլ մութ սենեակի որոնումներու: Օր մը վերջ փափաքեցաւ քովի խարտեաշ ֆրանսացիին օրինակին հետեւիլ եւ ըլլալ մարզիկ: Հազիւ թէ ակնարկ մը նետած էր մարզական թերթի մը վրայ երբ որ ծրագիրը փոխեց, ուզեց ձիարշաւներու երթալ, խաղալ բախտին հետ, ահագին դրամ շահիլ: Նոյնիսկ գաղափարի ունեցաւ դրոշմաթուղթ հաւաքելու, ալբոմ կազմելու, եւ… պոռաց, պոռաց…

Վերջապէս կրցաւ որոշում մը տալ: Անդրադարձաւ որ իր այս տագնապին պատճառը առանձնութիւնն էր, թէ պէտք էր վերադառնար Փարիզ եւ խառնուէր իր մտերիմ ընկերներուն: Ինչո՞ւ կը փախչէր բոլորէն. ինչո՞ւ լքած էր նոյնիսկ Սուրէնն ու Հրաչը: Եւ սակայն իր Փարիզ այցելութիւնը տեղի ունեցաւ բոլորովին տարբեր պարագաներու տակ: Ռընոյի բանուոր-վարժապետներէն մէկը, այն, որ ամէն կողմ նամակ կը տեղացնէր ըսելով թէ պէտք է զինքը շուտով փրկեն, այլապէս անձնասպան պիտի ըլլայ, ահա այդ վարժապետը քահանայ պիտի ձեռնադրուէր կիրակի օր: Այդ խեղճը անկարող էր անձնասպանութեան ուրիշ կերպ մը երեւակայելու: Ռընոյի բոլոր Հայերը որոշեցին խմբովին ներկայ ըլլալ այդ արարողութեան: Պետրոս Պիյեանքուռէն կիրակի առաւօտ ճամփայ ելաւ ութ հոգինոց խումբով մը, որուն պարագլուխը եղաւ անմիջապէս, ու իր չափազանցուած, բռնազբօսիկ, եւ սակայն խիստ հաճելի զուարթութիւնը անմիջապէս շուրջիններուն փոխանցեց: Երգելով, կատակելով, պոռպռալով հասան վերջապէս եկեղեցի, ուր տարի կար որ Պետրոս ոտքը չէր դրած: Ռիւ Ժան Կուժոն, դեռ դռան առջեւի բազմութեան չխառնուած` կեցնել տուաւ իր ընկերները զինուորական անշարժութեան մը մէջ եւ քանի մը քայլ հեռանալով հրամայեց.

Շունչ… ա՛ռ:

Ութը մէկէն մեծ աղմուկով իրենց քիթերը վեր քաշեցին:

Խունկի հոտ առի՞ք, հարցուց Պետրոս:

Ի՞նչ խունկի հոտ, ես փաստըրմայի հոտ առի, mon vieux, փաստըրմայի…

Խօսողը, աւելորդ է ըսել, Խնտամեանն էր, նախկին փաստըրմայի վաճառականը, որ անմիջապէս կորսուեցաւ բազմութեան մէջ: Իրաւ ալ եկեղեցիին առջեւ կը ծախէին բոկեղ, բակլաւա, ապուխտ, դդումի կուտ եւ այլ օգտակար ու հաճելի բաներ: Շուտով Խնտամեան դուրս ելաւ բազմութենէն, չորցած միսի կտորի մը հետ, եւ տղաքը կրկին խմբուելով` գացին դէմի պզտիկ սրճարանը, ձեր բոլորին ծանօթ: Փաստըրմային հետ անշուշտ պէտք էր օղի խմէին եւ խմեցին: Նոյնիսկ պահ մը խորհեցան երթալ դէմէն կանչել իրենց քահանայ ընտրուելիք ընկերը, սակայն անդրադարձան, որ անպատշաճ է: Որով, ի բացակայութեան, զայն «օծեցին, ջրեցին, կնքեցին, օրհնեցին, թաղեցին», եւ խմեցին: Երբոր դուրս ելան երթալ արարողութեան ներկայ ըլլալու եկեղեցին շատոնց աւարտած էր: Դդումի կուտ մը իսկ չէր մնացած: Ի՞նչ փոյթ սակայն. մեր տղաքը կրկին վերադարձան Պիյեանքուռ եւ խմեցին, երգեցին, պոռացին:

Այդ օրը ճակատագրական եղաւ Պետրոսին համար: Երբոր սենեակ դարձաւ, կէս գիշերեն վերջ, կատարելապէս գինով էր: Սկսաւ խօսիլ Նէնէթին հետ: Անոր պատկերը դէմը առաւ, եւ պատմեց, կատակեց, խնդաց, եւ… եւ մէկէն սկսաւ լալ տղու մը պէս:

Այո, անգամ մըն ալ երբեք այսպիսի բան չպատահեցաւ, սակայն Պետրոս շարունակեց խմել: Դեռ շաբաթ մը չէր անցած այն կիրակիէն ի վեր եւ արդէն իսկ ան ամէն գիշեր տուն կու գար ճշմարտապէս գինով: Շուտով բարեկամացաւ Ֆրանսացիներու, շուտով սորվեցաւ խմիչքի անուններ, եւ խմեց յօժարութեամբ: Շատ անգամ առաւօտները չէր հասներ եօթ ու կէսին ետեւէն, եւ այլեւս իր վաստակը բաւական չէր գար ծախքերուն: Ի՜նչ փոյթ սակայն. կը բաւէ, որ ամէն գիշեր կ՚օրօրուէր ալիքներու վրայ: «Օհօօ՜, կ՚ըսէր անդադար ինքզինքին, վստահ եմ, որ հեռուէն զիս դիտող մը պիտի կարծէ, թէ սայթաքեցայ, ղեկս կորսնցուցի, Կարսը յանձնեցի. չեն գիտէր, թէ ես կը խմեմ պարզապէս տեսնելու, դիտելու, կեանքը ճանչնալու համար: Ես ուզած պահուս կրնամ վերստանալ նախկին վիճակս, բայց կը կրկնեմ, բաւական չէ…»:

Այո՛, ալ բաւական չէր ո՛չ գինին, ո՛չ օղին, որով փնտրեց արբեցնող աւելի ուժեղ տարրեր:

Անձրեւ, ցեխ, մութ փողոցնէր: Բաւական քալեցին երկուքը անխօս, մինչեւ որ հասան սա զուտ գործաւորական արուարձանին չինական թաղը: Թաղերուն ամենէն աղտոտը, ամենաթշուառը, ամենագարշելին: Վերջապէս իրենց քայլերը դանդաղեցուցին պզտիկ խրճիթի մը առջեւ, որուն փեղկերուն մէկ ճեղքէն տկար լոյս մը կ՚անձրեւէր: Ֆրանսացին երկու անգամ զարկաւ փեղկին եւ, ճամփան շարունակելով, մտաւ քովի անելին մէջ, ուր պզտիկ դուռ մը բացուեցաւ իրենց առջեւ: Նստան երկու կարմիր գաւաթներու դիմաց եւ բաւական մը սպասեցին: Ֆրանսացին բաներ մը ըսաւ տիրոջ, եւ երբոր ուրիշներ մեկնեցան, սենեակին խորը գտնուող վարագոյրը մէկդի ընելով երկուքը մէկ իջան սանդուղներէն ու մտան գետնափոր մը: Ա՜հ, հոտը… Նախապէս Պետրոս բան մը չկրցաւ տեսնել. յետոյ նշմարեց գետինը դրուած կարմիր լոյս մը, կրակ մը, որուն առջեւ ծալապատիկ չինացի մը, նմանապէս կաս-կարմիր դէմքով, ծխափողեր կը լեցնէր: Երբոր Պետրոս ինկաւ բազմոցի մը վրայ, ֆրանսացին յանձնարարեց, որ լաւ ծառայեն նորեկին եւ մեկնեցաւ: Կին չկար. այրեր էին, պառկած, երկարած կամ նստած: Կը ծխէին: Հազիւ թէ Պետրոս շունչ մը ներս էր քաշած իր ծխափողէն, երբ քովինը ցցուեցաւ եւ դժուարաշարժ լեզուով մը կրկին մուխ ուզեց: Պետրոս սարսափելիօրէն ցնցուեցաւ այդ ձայնէն, անմիջապէս բռնէք քովինին թեւը իր մատներուն բոլոր ուժով, եւ անկարող ձայնը մեղմելու գրեթէ պոռաց.

Ծօ՛, ծօ Լոխո՛ւմ… ծօ դուն հոս ի՞նչ գործ ունիս…

Ան գլուխը դարձուց, նայեցաւ անտարբեր եւ, ծուխը դուրս տալով, դանդաղօրէն պատասխանեց.

Դո՞ւն ի՛նչ գործ ունիս:

Այո՛, ի՞նք ի՛նչ գործ ունէր: Պատասխանը մեռաւ յապաղումի մը մէջ, մինչ կարմիր Չինացին դժոխային չաստուածի մը շունչը կը ստանար: Պետրոս շատ փոխուած գտաւ իր ընկերը. անոր ռունգները մեծցեր էին, շրթունքները շատ ուժով ներս կը քաշէին թոյնը, եւ ակնարկը ոեւէ լոխում չէր յիշեցնէր: Ինչո՞ւ այսքան աղտոտ էր, թափթփած ու քայքայուած: Ինչո՞ւ անգործ էր:

Բայց դուն աղէկ ajusteur էիր. ինչո՞ւ գործ չգտնես, չես փնտրեր կոր. ինչո՞ւ, ինչո՞ւ ինքզինքդ ձգէր ես: Քալէ դուրս ելլենք, Լոխո՜ւմ, Աստուծոյ սիրուն, դուրս ելլենք: Կը սպանես կոր ինքզինքդ, գոնէ մայրիկդ մեղքցիր. գոնէ մայրիկդ… Գիտեմ, թէ ինչ տառապանքներ ունիս, ես շատ լաւ կը հասկնամ քեզ, բայց փրկութեան ճամփան այս չէ. քեզի խրատ տալու պէտք չունինք, դուն գիտես… Մեղքցիր մայրիկդ… Այս օրերը կանցնին, պէտք չէ, որ մեր յոյսը կտրենք…

Ո՛չ, ըսաւ Լոխում, Ո՛չ. ես ա՛լ չեմ ուզէր յոյսով ապրիլ:

Հապա ինչո՞վ…

Ես կ՚ուզեմ ապրիլ:

Պետրոս բառեր կը փնտրէր իր ընկերը համոզելու համար, բայց միեւնոյն ատեն կը վախնար ալ` խորհելով, որ միգուցէ կրկին փրփրի, նորէն կատղի: Անկարելի եղաւ սակայն խօսակցութիւնը աւելի շարունակել, որովհետեւ ներկաները սկսան դիտողութիւն ընել աղմուկին համար: Պետրոս վճարեց ու գրեթէ բռնի դուրս տարաւ Լոխումը: Անձրեւը վերսկսած էր: Քով քովի գացին երկու ստուերները ուսերնին ցցած, օձիքները վեր: Երկարօրէն, երկարօրէն խօսեցաւ Պետրոս. «Ի՞նչ, կ՚ըսէր ան, կը կարծես թէ կարելի՞ է դիւրութեամբ վերադառնալ նախկին վիճակին, երբ մարդ գերին է դարձած այս թոյներուն: Կարելի՞ է դիւրութեամբ մոլութիւններու ճիրանէն ազատիլ: Ի՞նչ կ՚արժենք մենք, երբ մեր ցաւը մեղմելու համար այսպիսի միջոցներու պիտի դիմենք. ո՞ւր կը մնայ մեր կորովը, մեր կամքը, մեր ուսումն ու դաստիարակութիւնը, երբ չպիտի կարենանք տառապագին օրերու դէմ դնել: Պէտք է մաքառինք եւ երբեք չարհամարհենք ցաւը որովհետեւ ան է, որ մեզ պիտի կռէ, ճկէ ու կազմէ:

«Դուն ինծի մի՛ նայիր. ես եկայ պարզապէս հետաքրքրութեան համար, պարզապէս այս կեանքը մօտէն տեսնելու եւ զայն ուսումնասիրելու համար: Կարելի բան չէ, որ ես ինքզինքս այս ճախճախուտին մէջ ձգեմ. երբե՛ք, երբե՛ք…»:

Անհաւատալի պարագայ, բառ մը իսկ չէր պատասխանէր Լոխում: Պետրոս անդրադարձաւ, որ անոր խօսելէ աւելի իր անձին է, որ կ՚ուղղէր այս նախադասութիւնները: Բնաւ վստահ չէր անոնց ընկերոջը վրայ կատարելիք ազդեցութեան, սակայն կ՚ըմբռնէր, որ այդ պահուն իր անձն է, որ դուրս կը քաշէ տիղմէն, բազուկներուն ամբողջ կարողութեամբը: Քովինը հայելի մը կը դառնար, եւ Պետրոս անոր մէջ որոշ կը տեսնէր այն վիճակը, ուր պիտի իյնար ինք ալ անվրէպ, եթէ ուժը չունենար անմիջապէս փախչելու, սանձուելու, հաւաքուելու: Լոխում կանգ առաւ յանկարծ ու ըսաւ.

Գործ չունիմ. փարայ չունիմ. ինծի տասը ֆրանք տուր:

Պետրոս կրկինը տուաւ: Դրամատոմսերը ափին մէջ սեղմած` անմիջապէս հեռացաւ Լոխում, առանց բառ մը արտասանելու: Մէկէն կեցաւ, սակայն քիչ մը անդին, լապտերի մը տակ, ետեւ դարձաւ, սարսափելի ծամածռութեամբ մը խնդաց բարձրաձայն սադայէլի մը պէս, եւ թեւերը բացած վեր ցատկեց, ճչալով:

Խաբեցի՜, Պետրոսը խաբեցի՜, առի տասը ֆրանքը…

Ու վազելով խառնուեցաւ մութին: Անշուշտ, նորէն գնաց ծխելու:

………………………………………………………………

Մեքենաները շաբաթ մը եւս դարձուցին:

Երբ Պետրոս կէսօր մը սրճարան մտաւ, զարմացումէն անշարժ մնաց դռան մէջ: Երբեք չէր պատահած, որ բոլո՛ր Հայերը, բոլորն ալ անխտիր այսպէս հաւաքուած գտնէ նոյն սեղանին շուրջը ամէնքն ալ լուռ, անխօս, գլուխները կախ: Մէջտեղնին նստած էր բանաստեղծ-վարժապետը նամակի մը թուղթի առջեւ, գրիչը օդին: «Չե՜մ կրնար, եղբայր, ես այսպիսի բան չե՜մ կրնար գրել», ըսաւ ան ու յետոյ կարդաց ինչ որ կրցած էր գրել. «Յարգելի Տիկին Մենք սիրելի ընկերներն ենք ձեր որդւոյն…» «Անո՞ւնը ինչ էր. «Լոխում» չպիտի գրեմ եա՜»: «Զարեհ, պատասխանեց ձայն մը, եւ բանաստեղծը կրկնեց. «Յարգելի Տիկին Մենք սիրելի ընկերներն ենք ձեր որդւոյն Զարեհի, որ…» «Չեմ կրնար, եղբայր, ես այսպիսի բան չեմ կրնար գրել…»:

Ճանըմ ի՞նչ է եղեր, ինծի ալ ըսէք, աղերսեց Պետրոս:

Խնտամեան տարաւ զայն սրճարանին միւս անկիւնը եւ ըսաւ.

Լոխումին խելքին եկաւ. այո՛, խելքին եկաւ… Երէկ իրիկուն երբոր պանդոկ մտայ, զիս անմիջապէս անոր սենեակը տարին. արդէն ոստիկան մը եկած էր եւ խեղճը կապեր էին մահճակալին վրայ, պաշտօնեաներուն գալուն սպասելով… Գոնէ մարդու բա՜ն մը ըսեր… Կը խօսէր կոր միայն. անդադար կը խօսէր… արդէն ատոր համար զիս կանչեր են, որովհետեւ միայն հայերէն կ՚ուզէ կոր խօսիլ… ուզեցին, որ ըսածները թարգմանեմ… լեզուս բռնուած էր, չէի կրնար թարգմանել… պէտք չէր, որ թարգմանէի, բայց, երբ թարգմանեցի, ամէնը մէկ սկսան խնդալ… այդ խնդալի՞ք բան է… խնդալի՞ք բան է…

Չէր համարձակէր, չէր համարձակէր, սակայն չկարենալով հետաքրքրութեանը աւելի դիմադրել, Պետրոս հարցուց.

Ի՞նչ կ՚ըսէր կոր…

Ի՜նչ պիտի ըսէ. չորցնե՛նք ճահիճները, ջրանցքներ բանանք, չորցնե՛նք ճահիճները, ջրանցքներ բանանք, չորցնե՛նք ճահիճները…

***

Զանգակատան ետեւէն, պարտէզի մը խօրէն, ագարակի մը չես գիտէր ո՛ր անկիւնէն աքաղաղ մը առաւօտը կը ծանուցանէ: Եւ ահա որ ուրիշներ, սուր, խուլ, կամ թաւ կանչերով կը ձայնակցին առաջինին, մօտեն կամ հեռուէն, աջէն թէ ձախէն, նաեւ երկար ու անհաւասար Ժամանակամիջոցներով, յետոյ եռաձայն, քառաձայն: Նոյնն է նաեւ այսպիսի պանդոկներու մէջ: Սանդուղի մը տակէն, նրբանցքի մը խօրէն, չես գիտէր ո՛ր յարկէն զարթուցիչ մը կը ճչայ: Եւ ահա, որ ուրիշներ… եռաձայն ու քառաձայն:

Հայհոյութեան մը պէս բազուկը արձակեց Պետրոս վերմակէն դուրս եւ ուժով մը զարկաւ: Ժամացոյցը իր բարձունքէն ինկաւ գետին, թաւալեցաւ մինչեւ աթոռին տակ, ու դեռ շարունակեց զսպանակը քակել, մռլտալով: Որքա՜ն պիտի փափաքէր քիչ մը եւս յամենալ անկողնին ջերմութեանը մէջ, եթէ արդէն իսկ սանդուղներէն ծանր ծանր ոտնաձայներ եւ գէշ արթնցած հազեր չիջնէին, եթէ գոնէ ան միւսը չմռլտար: Պետրոս նետուեցաւ անկողնէն վար, վերմակին ծալքերուն խառնուած հագուստները դուրս քաշեց եւ սկսաւ արագօրէն յագուիլ: Փետրուարի այս օրերուն եւ առաւօտուն այսքան կանուխ` մութ կ՚ընէ: Լոյսը վառեց: Սունկէ ատամնաշարեր ծխնելոյզները կը խածնեն: Լխպիկ հացի պատառներ աղմուկով կ՚իյնան բակին մէջ: Փողոց ելլող բանուորին ծոծրակը պատառաքաղ մը կը մտնէ ու կը դողայ, մինչ անվերջանալի անձրեւը կ՚աղտոտէ ամէն բան, եւ դռները կը գոցուին: Պետրոս վերջին ակնարկ մը նետեց շուրջը: Նախորդ գիշերուընէ մնացած պանան մը տեսաւ սեղանին վրայ: Գրպանեց: Մարեց լոյսը եւ դուռը բացաւ: Անմիջապէս ընկրկեցաւ: Հակառակ առաւօտեան այդ տկար նշոյլին` ճանչցած էր Նէնէթը: Ո՛չ անակնկալը, ո՛չ ալ զարմացումը բաւական չեղան զինքը լռեցնելու. Պետրոս անմիջապէս ճչաց.

Դո՜ւն, դո՜ւն, նօրէ՜ն…. Օ՜հ, ա՛լ զիս ձգէ՛, ալ զիս հանգիստ ձգէ…

Բայց երբոր տեսաւ, թէ Նէնէթ սենեակ կ՚անցնի եւ դուռը կը գոցէ, ձայնը աւելի բարձրացուց անբան անասունի մը պէս:

Գնա՛, մեկնէ՜… կ՚ուզեմ, որ անմիջապէս մեկնիս… ա՛լ քեզի պէտք չունիմ ես, ո՜չ, ես այլեւս քեզի պէտք չունիմ…

Փիէռ, մտիկ ըրէ զիս… մտիկ ըրէ… բան մը ըսելու եկայ, շատ կարեւոր բան մը, յետոյ անմիջապէս պիտի մեկնիմ… մէկ խօսք միայն…

Փիէռ շատ գէշ էր արթնցած եւ ոչինչ կ՚ուզեր լսել. առջեւ նետուեցաւ դուռը բանալու համար, սակայն կինը չթողուց:

Գոհ պիտի մնաս, Փիէռ… մէկ խօսք միայն… հաւատա՛, որ երջանիկ պիտի ըլլաս… գիւղէն մինչեւ հոս եկայ քեզ տեսնելու… Պիպիին քովէն կուգամ… մէկ խօսք միայն…

Կառչած էր տղուն օձիքին ու զայն ետ կը մղէր: Թերեւս հետաքրքրութիւնն է որ յաղթանակեց, թերեւս երիտասարդը բաւական գտաւ իր դիմադրութիւնը, թերեւս իր տակաւին ծանր ուղեղը չկրցաւ յարմար պատասխան մը գտնել, եւ Պետրոս ետեւ քաշուեցաւ ու սպասեց:

Երէկ անգամ մը եկայ, հոս չէիր. իսկ հիմա չհամարձակեցայ քեզ արթնցնել… ի՜նչ ցուրտ է… գիւղէն կու գամ. իմացայ, թէ որքան հետաքրքրուէր ես Պիպիով. իմացայ, թէ ինչեր ես ըրեր անոր համար… ուզեցի շնորհակալութիւնս յայտնել… Պիպին միշտ քու խօսքդ կ՚ընէ, որովհետեւ քեզ չափազանց կը սիրէ…

Ա՞յդ էր ըսելիքդ, պոռաց Փիէռ:

Եւ յետոյ, եւ յետոյ…— շարունակեց Ֆրանսուհին վախցած աղջնակի մը պէս, արագօրէն, արդէն պատրաստ նախադասութիւններով. եւ յետոյ ուզեցի, որ անգամ մը զիս տեսնես: Գիտեմ, թէ քեզ դժբախտացուցի, տառապեցուցի եւ… Թերեւս դեռ կը սիրես զիս. չեմ ուզէր, որ տակաւին տառապիս, որովհետեւ… ուրիշ մէկը պիտի չգար, բայց հաւատա՛…

Նէնէթ ձեռքը քսեց դուռին եզերքը, կոճակը գտաւ ու լոյսը բացաւ: Փիէռ…

……………………………………………………………

Լայնեզր գլխարկին տակ կնոջ աչքերը իրենց ամենամեծ անձկութիւնը ապրեցան: Դարձան, քթթեցին, սպառեցան, սպառեցան… Փիէռ… Կարծես Նէնէթ կը հատնէր տագնապին մէջ, աչքերը կ՚աղերսէին, կը հարցնէին, կը հայցէին… Փիէռ… Տղան անգիտակցաբար գրպանին մէջ կը ճմլէր պանանը, վերջնապէս, վերջնապէս արձանացած:

Պահը անցաւ սակայն, ինչպէս կ՚անցնի ամէն պահ, երբ աչքեր զայն կը լափեն, երբ հպարտութիւններ կը լափուին: Տղուն կոպերը ինկան վերջապէս պաղած բիբերուն վրայ, եւ հազիւ լսելի ձայնով մը ան հարցուց.

Ինչպէ՞ս եղաւ…

Քեզմէ բաժնուելէս ամիս մը վերջն էր: Վիշիէն կը դառնայինք Լէսքիւռին հետ: Ան խմած կը, գինով էր, բայց ես իրեն պէս չէի: Ուզեց կառքը ինք վարել. պէտք չէր, որ ձգէի, քանի որ գինով էր, բայց պնդեց, յամառեցաւ, եւ ես յոգնած ըլլալուս` տեղի տուի: Շատ արագ տարաւ եւ անկիւնադարձի մը գնաց ճամփուն եզերքի ծառերէն մէկուն զարնուիլ։ Ինք հոն մեռաւ, իսկ ես…

Իսկ ի՞նք… Վերարկուին ձախ թեւը պարապ էր ամբողջութեամբ, եւ այտին վրայ լայն ու խորունկ պատռուածք մը կար, որ կ՚իջնէր մինչեւ վիզին:

………………………………………………………………

Ելեկտրական լոյսը մարած էր:

Գարշելի առաւօտեան նշոյլները դժուարութեամբ կը սողոսկէին սենեակ, թրջելով ու ցեխոտելով ամէն բան: Ժամացոյցը աթոռին տակ արագօրէն կը դառնար: Փիէռ կը քալէր անդադար խեղճուկ սենեակին մէջ անհաւասար քայլերով, անկանոն աղեղներով: Կեցաւ ու ըսաւ.

Եւ հիմա այսպէ՞ս կը դառնաս դուն ինծի, կոտրուած, ջախջախուած, եւ… այսպէ՜ս կը դառնաս դուն ինծի: Կու գաս, որովհետեւ այլեւս անկարող ես նախկին կեանքդ վարել, ա՛լ այն երէկուան բարեկամներդ երեսդ չեն նայիր, ա՛լ չես կրնար…

Յետոյ նորէն կեցաւ եւ ըսաւ.

Ամէն օր, անդադար կը հարցնէի ինքզինքիս. «Ի՞նչ պէտք է որ պատահի, որպէսզի Նէնէթս վերադառնայ ինձ. ի՞նչ»: Մտածեցի ամէն բանի, ամէն անկարելիութեան, բայց ա՜յս… ա՜յս… Յետոյ նորէն կեցաւ ու ըսաւ.

Ինչո՞ւ անիծեցի ես քեզի: Բայց ես չար չեմ: Սիրոյ մէջ անէծքը պէտք չէ ուժ ունենայ: Ես չար չեմ…

Ամէն անգամուան Նէնէթը կը պատասխանէր.

Ոչ, Փիէռ, ես այդ նպատակով չեկաչ, հաւատա, որ ես ատոր համար չեկայ: Պիտի մեկնիմ. անմիջապէս պիտի մեկնիմ… ձգէ, որ մեկնիմ… մեկնի՞մ…

………………………………………………………………

Եւ երբոր Փիէռ նշան ըրաւ, որ մնայ, Նէնէթ մօտեցաւ տղուն, միակ բազուկովը պլլուեցաւ վիզին ու սկսաւ համբուրել ուժով, ուժով: Երիտասարդը համբոյրները չվերադարձուց: Այն ատեն Նէնէթ նստաւ մահճակալին եզերքը, ճիշտ տղուն քով: Սանդուխներուն վրայ ոտնաձայն ա՛լ չկար:

Երբոր րոպէն թոյլատրեց, Նէնէթ սկսաւ խօսիլ ցած ձայնով մը: Ըսաւ, թէ ինք պէտք եղած դրամը ունէր եւ կ՚ուզեր հեռանալ Փարիզէն, աւելի լուռ քաղաք մը հաստատուելով` կեանքը վերսկսիլ: Կ՚ըսէր, թէ պիտի կարենային երջանիկ ըլլալ, եթէ գէշ օրերը մոռնալու ուժը ունենային… թէ ինք բնաւ չէր մոռցած Փիէռոյին խօսքերը. «Ուր որ ալ որ ըլլաս, ինչպէս որ ալ ըլլաս, ով որ ալ սիրես, եթէ անունս իսկ մոռնաս…»:

Փիէռ ոչինչ պատասխանեց:

………………………………………………………………

Խօսքերը սպառեցան: Ան եղաւ միայն կին, ֆրանսացի կին, եւ գլուխը քիչ մը ծռելով ըսաւ.

Գիտե՞ս, Փիէռօ, մարմնիս վրայ բան մը չունիմ… բան մը չունիմ…

Բայց երբ տղան դարձեալ լռեց, մեծ արցունք մը սահեցաւ կնոջ սպիին վրայէն: Նէնէթ ուզեց պայուսակը բանալ, թաշկինակը առնելու համար, բայց մէկ ձեռքովը չյաջողեցաւ: Պայուսակը ինկաւ գետին: Տղան չշարժեցաւ բնաւ: Երկուքը մնացին մահճակալի եզերքը, քով քովի, գլուխները կախ, ծանր եւ լուռ:

Ճիշդ այդ պահուն է, որ պըտըլիկ մկնիկ մը եկաւ իրենց ճիշդ դէմը, սենեակին մէջտեղ, վարդագոյն ականջները ցցած զարմացումով նայեցաւ այդ երկու անշարժ էակներուն, եւ յետոյ, կարծես յանկարծ խիստ կարեւոր Ժամադրութիւն մը վերյիշելով, մեկնեցաւ նետի մը պէս:

Մեծ արցունքը ինկաւ, կորսուեցաւ: