Նահանջը առանց երգի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

2

Կէսօրուան թոհուբոհին մէջ երկու երիտասարդներ ուժով ուժով համբուրուեցան ու յետոյ նետուեցան թաքսի: Հրաչ, իր զարմացումը եւ ուրախութիւնը չկարենալով արտայայտել, կը կրկներ անդադար.

Վայ մաա՜շալլա՜հ, պէյիմ. ձեզի տեսնողը ի՞նչ կ՚ըլլայ… Այս ի՛նչ անակնկալ: Շիտակը Պետրոս, գրեցի քեզ, բայց բնաւ չէի յուսար, որ հրաւէրս կ՚ընդունիս եւ կու գաս: Էյ, հիմա՛ քէյֆերնիս կատարեալ պիտի ըլլայ…

Պետրոս անմիջապէս զայն լռեցուց եւ կատակով լեցուն խստութեամբ մը ըսաւ.

Ծօ Հրաչ, ըսէ՛ նայիմ, աս քու ըրածդ կը  վայլէ՞, նորէ՞ն չոճոխ մը ունեցեր ես: Անպատճառ դարձեալ պոնիշէ մըն է… Ծօ, աս ի՞նչ է քու բռնած ճամբադ. չե՞ս ամչնար կոր…

Մի՛ ըսէր, Պետրոս, կիւճիս կու գայ: Հաւատա՛, որ այս անգամուանը պոնիշ չէ. ընդհակառակն, անուշիկ, զմայլելի, պատուական պուպրիկ մը. եւ շա՜տ շնորհքով ընտանիքի աղջիկ: Զաւակն ալ ե՛ս ուզեցի որ ունենանք, որպէսզի իր ծնողքը մեր ամուսնութեանը հաւանի: Հաւատա՛, Պետրոս, բնաւ ան քու կարծած թեթեւսոլիկներէդ չէ, շատ դժուարամատչելի. ամիսներով ետեւէն եմ վազեր, որպէսզի զինքը համոզեմ: Բայց հիմա ալ երջանի՜կ եմ, երջանիկ: Քիչ մը վերջ դուն ալ պիտի տեսնես, թէ ի՜նչ աղջիկ է…

Աղէ՛կ, աղէ՛կ, հասկցայ. գէշ տեսակէն բռնուէր ես: Հիմա դուն սա ըսէ տեսնեմ, ե՞րբ կնքեցիք պզտիկդ:

Կնո՞ւնք մի, է՜յ, միայն այդ էր պակաս: Շաբաթ կէսօրէ վերջ պիտի ամուսնանանք, որպէսզի մանչուս ծնունդը օրինաւոր ըլլայ, այդքան:

Քաղաքապետարանի արարողութիւնէն վե՞րջ պիտի երթանք եկեղեցի, պսակադրութեան համար:

Պսակադրութիւ՞ն, եկեղեցի՞… Eh bien, mon vieux Pierre!, դուն տակաւին Պոլիսը չես մոռցեր: Մոռցի՛ր, սիրելիս, մոռցի՛ր, տէրտէր, շարական, վարդապետ…

Էյ, աղէ՜կ եա. առանց կնունքի եւ հարսանիքի, մեր քահանաները ի՞նչ կ՚ուզես որ ընեն:

Բեօ՜հ, այդ ծոյլերը՜ պիտի մտածէի: Եթէ կ՚ուզեն բան մը ընել, թող ֆրանսացի կրօնականներուն պէս pâte dentifrice կամ bénédictine պատրաստեն: Եւ կամ թէ… եւ կամ թէ թող Աստուածաշունչը գրաբարի թարգմանեն…

……………………………………………………………

Հազիւ ֆրանսուհին դուռը բացած էր, եւ Հրաչը կը պատրաստուէր երկուքը ներկայացնել իրարու, երբոր Պետրոսի երակներուն մէջ արիւնը վայրկենապէս սառեցաւ: Կարծես թէ ահաւոր լախտի հարուած մը ընդունած էր գլխին: Չէր ուզէր, չէր կրնար աչքերուն հաւատալ, սակայն բացարձակապէս անկարող էր որեւէ շարժում ընելու, դէմքին վրայ որեւէ ժպիտ ուրուագծեղու: Ինքզինքը պիտի մատնէր: Երիտասարդ կինը սակայն, որ մանրարոպէ մը իսկ իր պաղարիւնութիւնը չէր կորսնցուցած, խնդալով ըսաւ.

Վստահ էի, որ բարեկամդ զիս պիտի ճանչնայ. քանի մը անգամներ իր պանդոկին սանդուխներուն վրայ հանդիպած ենք իրարու…

Հիմա հասկցա՞ր, mon vieux…! ուզեցի անակնկալ մը ընել քեզ եւ թաքսիին մէջ բան մը չըսի: Գիտէի, թէ պիտի ճանչնայիր Սիւզանս, որ դիմացի սենեակիդ Գանատացի բանաստեղծին կու գար անգլերէնի աս առնել, շաբաթը երկու կամ երեք անգամ: Հիմա ճանչցա՞ր…

Այո՜, Պետրոս կը ճանչնար, շատ լաւ կը ճանչնար այս աղջիկը, Գանատացիին սդերլիններուն նախկին հոմանուհին, որ նոյնիսկ անգամ մը իր հրաւէրն ալ չէր մերժած ու եկած էր սենեակ, թող տալով, որ Պետրոս ուզածին պէս…

Մէ՛կ անգամ մը միայն Սիւզան իր ակնարկը գամեց լուսանկարիչին աչքերուն: Կարծես ըսել կ՚ուզեր. «Յաղթականը ե՛ս եմ. երբե՛ք, երբե՛ք պիտի չհամարձակիս ոչ իսկ բառ մը արտասանել»: Հակառակ անոր, որ կատարեալ հայհոյանք մըն էր կնոջ այս անյողդողդ ինքնավստահութիւնը եւ անվախութիւնը, Պետրոս չափազանց գոհ ու զուարթ ձեւացաւ: Հրաչին հետ քովի սենեակը անցան, մանուկը տեսնելու: Խիստ գեղեցիկ մանչուկ մըն էր ան եւ կը կոչուէր Ռընէ:

Չէի՞ր կրնար հայերէն անուն մը դնել, ըսաւ Պետրոս` դժգոհութիւնը ա՛լ չկրնալով ծածկել:

Չ՚ըլլար, ճանըմ, պատասխանեց միւսը, Ռընէ, Սիւզանիս հօրը անունն է: Նայէ՛, այս վարագոյրները եւ մէջտեղի լամբարը ամբողջ ան նուիրեց, եթէ հիմա անունը փոխենք, շա՜տ պաղ կը փախի…

Պէտք է խոստովանիլ սակայն, որ խիստ լաւ տանտիկին մըն էր եղած Սիւզան: Մաքուր, ճաշակաւոր, անթերի յարկաբաժին մըն էին կահաւորած: Հակառակ իր փափագին` Պետրոս չկրցաւ օձիքը ազատել: Մասնաւոր անկողին մը շտկեցին, ստիպելով, որ մինչեւ Թօննէռ մեկնիլը իրենց մնայ: Եւ այնքան երջանիկ էր Հրաչ, այնքան գոհ ու զուարթ Սիւզան, որ Պետրոս մեղկօրէն ինքզինքը մոռցաւ սահող օրերու ժպիտին մէջ: Ան նոյնիսկ մոռցաւ նախանձիլ:

Շաբաթ օր տեղի ունեցաւ հարսանեկան արարողութիւնը: Այդ օրուան պատահարներէն մէկը գոնէ արժանի է յիշատակութեան: Քաղաքապետարանէն ելլելէ վերջ, գացին Պիւտ-Շոմոնի պարտէզին դիմացի հանրածանօթ ճաշարանը: Խնջոյքի զուարճութիւններուն մէջ, երբ գլուխները պէտք եղածին չափ տաքցած էին, Հրաչ կանգնեցաւ սեղանին գլուխը, ձեռքի բաժակը լեցուն` եւ ըսաւ.

Հիմա ձեզի պատմեմ, թէ ինչպէ՛ս ծանօթացայ Սիւզանիս: Գարնան կիրակի օր մը Սուրէնին հետ գացինք Փիէռին, որպէսզի զայն հետերնիս առնելով Սէն-Քլու պտոյտ մը ընենք: Միասին տարած էինք ուտելիքներ, բայց պարապը ելանք: Հակառակ բանալին վարը չըլլալուն, սենեակը մարդ չկար: Մենք ալ չուզեցինք հինգ յարկ վար իջնել եւ դուռին առջեւ նստելով սկսանք ուտել: Ճաշակեցինք, երգեցինք, կատակեցինք, մինչեւ որ դիմացէն ուրիշ դուռ մը բացուելով երեւցաւ… Սիւզան…

Ճաղատ, կախ բեղերով ու չափազանց գէր մարդ մը, որ Սիւզանին վարագոյրները նուիրող հայրն էր, մէկէն ծռեցաւ իր աղջկան պոռաց, մետասաներորդ ժամու խստութեամբ.

Այդ պանդոկը դուն ի՞նչ գործ ունէիր:

Բայց, Բաբա, շատ լաւ գիտես, թէ անգլերէնի դաս կ՚առնէի…

Օ՜, դաս, այո՛, անհրաժեշտ բան է:

Այն ատեն Պետրոսն է, որ իր գեղեցիկ ձայնը հնչեցուց.

Եւ հիմա թոյլատրեցէք, որ ես ալ իմ կարգիս իմ կարճ պատմութիւնս ընեմ: Գարնան կիրակի կէսօր մը բարեկամուհիիս հետ սենեակս փակուած էի, երբոր Հրաչ ու Սուրէն ինծի եկան: Բնականաբար դուռը չբացինք եւ անոնք ստիպուեցան…

Ճիչերու, բացականչութիւններու, ծափերու ալէլուեա մը: Երբոր հանդարտութիւնը վերահաստատուեցաւ, Պետրոս աւելցուց.

Որով կ՚առաջարկեմ, որ մեր բաժակները պարպենք…

Ամէն կողմէ սկսան պոռալ, «Երիտասարդութեան կենացը. հարսին կենացը. երկու ազգերուն կենացը, երջանկութեան կենացը…»: Պետրոս կը լռէր: Կարծես ան մէկէն վիրաւորուեցաւ այս չափազանցուած զուարթութենէն, հակառակ ոստում մը ըրաւ ինքն իր մէջ, կորսուող ժպիտը զինքը աւելի գեղեցկացուց եւ երիտասարդը արտասանեց, ակնարկը հեռաւոր տեսիլքի մը լոյսին.

Ես այս գաւաթը կը խմեմ կենացը դժբախտ անձերու: Ես այս գաւաթը կը խմեմ կենացը անո՛նց, զորս մոռցեր էք այս պահուս. անո՛նց, որոնց համար մեծագոյն օր մը պիտի ըլլար այս օրը: Ես կը խմեմ եազմաջի Քրիսին եւ Աղաւնի հանըմին կենացը…

Շատեր ցած ձայնով իրարու հարցուցին «Ո՞վ են, ո՞վ են»:

Հայրի՜կս… մայրի՜կս, կակազեց Հրաչ մէկէն հեկեկալով, մինչ Սիւզան թաշկինակը կ՚երկարէր, անոր արցունքներն անգամ առնելու համար:

***

Գնաց ամէն կողմ, այցելեց ամէն ծանօթի, կարօտը առաւ մեծ մայրաքաղաքէն: Ամէն անգամ, որ սակայն քայլերը Պիյեանքուռի մօտեցան, աղիողորմ վախճան մը զինքը վանեց հեռու: Ի՞նչ էր եղած «Լոխում». ի՞նչ էր եղած անոր մայրը: Պետրոս ըսաւ ինքզինքին.

«Միօրինակ ու անվախճան ցաւեր կան: Անոնք տկար են եւ կը տեւեն մեր կեանքին չափ: Պէտք է սաստկացնել զանոնք: Որովհետեւ երբոր սաստկանան, անկարող կ՚ըլլանք զանոնք կրելու, քանի որ վատ ենք, եւ կը մոռնանք»:

Խնտամեան պատմեց.

Ո՛չ, ա՛լ «Լոխում»էն բնաւ յոյս չկայ. արդէն օրէ օր կը ծիւրի: Իսկ մա՜յրը. ան բնա՛ւ մի հարցնէր: Առաջ մեր ճերմակեղէնները կը լուար, կարկտուքները կ՚ընէր, հիմա ատոր ալ անկարող է. աչքերը սկսան տկարանալ: Այո, անօթի չձգեցինք զինքը, կրցածնիս ըրինք, բայց վերջին ճիգ մըն ալ պէտք է կատարենք. ես հանգանակութիւն մը կազմակերպեցի, որպէսզի քիչ մը դրամ հաւաքելով` զինքը դարձնենք Պոլիս:

Բայց, Աստուա՛ծ իմ, ըսաւ՛ Պետրոս, այս քահանան բնա՞ւ դրամ ղրկելու կարողութիւն չունի: Եթէ այդքան խեղճ էր իր նիւթականը, ի՞նչ բանի վստահելով ձգեց, որ այս կինը Փարիզ գայ:

Ի՞նչ, քահանա՞յ մի: Չե՞ս գիտէր, որ կարգազուրկ ըրին զայն… այո՛, փիլոնազուրկ ըրին. դուն բնաւ թերթ չե՞ս կարդար. ահագին աղմուկ ելաւ Պոլսոյ մամուլին մէջ: Իբրեւ է թէ մեռելատուն մտնելով անտէր ննջեցեալի մը բերնէն ոսկի ակռաները գողցեր է… Այո՛, անշուշտ, պէտք է նկատի առնէին իր վիճակը. զաւակը յիմարանոցներուն մէջ է, կինը անօթի է, տասնոց չկա… այո՜, բայց փիլոնազուրկ ըրին… Տխո՛ւր, տխու՜ր պատմութիւն:

***

Քանի մը օրէն հրապարակ կ՚ելլէր Սուրէնին առաջին հատորը: Մե՜ծ, շա՜տ մեծ երջանկութիւն մըն էր այս Պետրոսին համար: Նոյն ցեղին, նոյն սերունդին զաւակներն էին: Գրեթէ նոյն կեանքն էին ապրած. նոյն յոյսերը, հիասթափութիւններն ու ցաւերը կազմած էին զիրենք: Պետրոսին այնպէս կը թուէր, թէ Սուրէնին բերնով ի՛նք է, որ պիտի խօսէր: Ինչե՛ր, ինչե՛ր չկային ըսելիք. Սուրէն արդեօք որքա՞ն լաւ պիտի պատկերացնէր Փարիզ նետուած հայ տղոց կեանքը: Ահա այս մեծ հրճուանքով է, որ գնաց իր ընկերոջ: Կ՚ուզէր մանաւանդ խօսիլ, խօսիլ անոր, բա՛ց սրտով: Նոյնպէս բաց սրտով Սուրէն զինքը ընդունեց: Բայց երբ դարակէն հանելով գրքին վերջին փորձերը դրաւ իր առջեւ…

Գիրքը պիտի հրատարակուէր ֆրանսերէն:

Իրենց խօսքը բնաւ չկար:

Սուրէն դիւրաւ ըմբռնեց Պետրոսի լռութիւնը եւ ըսաւ.

Ամէն գրագէտ սնապարծ է եւ յաւակնոտ: Միայն թէ ամէն գրագէտ չի խոստովանիր: Իսկ ես կ՚ըսեմ բարձրաձայն, որովհետեւ մտածումս թերակար չունի: Ես ուժ մըն եմ գոնէ այդ հաւատքը ունիմ ուժ մը, որ կ՚ուզէ գործել: Մեր մէջ գետին չկայ. շարժում չկայ. գործունէութեան դաշտ չկայ: Պատճառները զիս չեն հետաքրքրէր: Ես կամ, եւ միայն ե՛ս: Պէտք է, որ ապրիմ եւ երիտասարդի աւիւնս արժեցնեմ: Յոյսերով կարելի չէ զիս օրօրել, տեսայ ինձմէ առաջ եկող Հայերը, որոնք միշտ սպասեցին լաւագոյն օրերու եւ այդ յոյսով ծերացան: Իմ արուեստս չուզէր սպասել ոչ մէկ վաղորդայնի: Չեմ ուզէր ամբաստանել հայը, բայց ան ալ զիս ամբաստանելու իրաւունք չունի: Կ՚ուզեմ խօսիլ, եւ բնական է, որ խօսքս ուղղեմ անո՛նց, որոնք լսելու ատեն եւ փափագ ունին: Հայը ոչ մէկն ունի, ոչ միւսը: Իսկ դուն, սիրելի Պետրոս-Փիէռ, դուն եւ քեզիպէսները իմ ըսածներս պիտի հասկնաք: Այդ կը բաւէ ինծի:

Այո՛, ըսաւ Պետրոս, իրաւունք ունիս. միայն թէ կը մոռնաս, որ «կարօտ» բառին ֆրանսերէնը չկայ… «կարօտ»ը չկայ…

Ճիշտ է, գիտեմ, այդ բառին համարժէքը ֆրանսերէն լեզուին մէջ գոյութիւն չունի: Բայց բառ մը պակաս է եղեր. ի՜նչ կ՚արժէ…

Պետրոս սկսաւ սանդուխները իջնել ծանր քայլերով, գլխարկը ձեռքին մէջ ճօճանակ` եւ մինչեւ կորսուիլը ըսաւ.

Գրածներդ ոչ մէկ Հայու կրնան խօսիլ, որքան ատեն, որ անոնց մէջ «կարօտ» բառը չկայ… Այո՛, մի՛ խնդար, որովհետեւ միայն այդ չէ, որ թերի է. դուն արդէն գիտես, բայց թող որ յիշեցնեմ, թէ ֆրանսերէնը գոյութիւն չունի նաեւ «մա՛յր» բառին, «հա՛յ» բառին, «աքսոր» բառին… ֆրանսերէնը չկա՜յ մե՛ր «գաղթական»ին, մե՛ր «որբ»ին…