Անձրեւոտ օրեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՇԱՌԼՈՅԱԿԱՆ

Իրիկունը կանուխ պառկեցայ։ Սաստիկ յոգնած էի։

Պանդոկին ճաշասրահը մռայլ էր։ Ճաշողներուն թիւը ա՛յնքան քիչ էր, որ պատառաքաղներու աղմուկը արձագանգ կուտար սրահին մէջ։ Սպասուհիները խմբուած էին անկիւն մը, իրենց թեւերը կուրծքերնուն վրայ խաչաձեւած։ Երբեմն երբեմն գլուխնին կը վերցնէին, ու շշուկ մը կը շրջագայէր։ Երբ մէկը պնակին պարունակութիւնը պարպէր, կ՚իմացուէր նաեւ լրագիրի դարձուող էջի մը աղմուկը։ Սպասուհի մը կը ցատքէր տեղէն՝ յաջորդ պնակը բերելու համար շինծու ժպիտ մը հրամցնելով յաճախորդին։ Խոհուն էին դէմքերը, տրտում ըլլալու չափ։

Բասգալին տուած այցելութիւնս ալ սաստիկ ցնցած էր զիս։ Դագաղի արհեստագիտական պիտոյքներ ծախելու յոյսը յետաձգուած էր ձմեռնամուտին։ Առայժմ, ամէն մէկ այցելութեանս՝ յաճախորդները նոյն պատասխանը կուտային, տաղտկալի յանկերգի մը պէս. «Գործերը շատ գէշ են, բանի մը պէտք չունինք»։

Եւ սակայն պէտք էր ապրիլ։ Եթէ գործերը չէին քալեր, պէտք էր, որ քալէինք մե՛նք։ Կնոջս քաղցր բնաւորութիւնը սկսած էր թթուիլ։

—Դրա՛մ վաստկէ, կ՚ըսէր շարունակ, դրա՛մ, ասիկա այսպէս չ՚ըլլար։

—Բայց գործերը գէշ են, սիրելիս, ի՞մս է յանցանքը։

—Փոխէ՛ գործդ, ուրիշ գործ ըրէ, բա՜ն մը ըրէ։ Ի՜նչ գիտնամ, նաւահանգիստներուն վրայ բեռնակրութիւն ըրէ։ Մարդիկ կարասի գնելու կարողութիւն չունին։ Խեղճուկրակ ամսականներով՝ ի՞նչպէս կ՚ուզես որ ատանկ բաներու վրայ խորհին։

Այս էր մեր տան խօսակցութիւնը։ Ինչքան ալ զգուշանայինք՝ հարցը կը դառնար ու կուգար դրամին։ Աշխարհը պզտիկցած՝ քիչ մը դրամ, դրա՜մ շահելու մորմքին էր վերածուած։ Չկային այլեւս գեղեցիկ երազներ։

—Դեռ շա՜տ պիտի ցաւինք, ըսի օր մը, ներգաղթի վերջին կարաւանով չերթալնուս համար։

Չըսած ըլլայի։ Նորէն սկսաւ վէճը։

—Ամէն անգամ, որ նեղը իյնաս, ներգաղթ կ՚ըսես։ Ամէ՜ն տեղ կեանքը պայքա՛ր է, պիտի պայքարիս։ Հայրենիքէն օգտուելու համար միայն ներգաղթը միտքդ կուգայ։ Բայց հարցը այդ չէ. դրա՛մ բեր, ըսաւ ան ջղայնացած։

—Ի՞նչ ընեմ, պատասխանեցի, առեւտուրը մեռած է, միայն խաչ֊մաչ կայ ծախելիք, եւ ան ալ…

Խօսքս կտրեց։ Թոյլ չտուաւ, որ շարունակեմ։

—Խա՛չ ծախէ, ի՛նչ կ՚ուզես ծախէ, բայց բա՜ն մը ըրէ։

—Ատոր համար ալ պէտք է սպասել մինչեւ ձմեռ։ Այդպէս ըսաւ Բասգալը, եւ Բասգալը փորձառու մարդ է։ Մարդիկ ձմեռը կը մեռնին եղեր։ Հա՛րկաւ, խե՞նթ են, ինչո՞ւ կ՚ուզես, որ մեռնին այս հրաշալի օդին։ Հարուստներն անգամ չեն ուզեր օգտուիլ այս աղուոր օդէն՝ շէնքով շնորհքով թաղուելու համար։

—Է՜, ըսաւ կինս երազկոտ, այդ ի՜նչ դժուար բան է եղեր։

—Ի՞նչը, հարցուցի։

—Է՜, ըսաւ նորէն, միշտ խորասուզուած կարծես երազանքի մը մէջ, ի՞նչը. հարուստներուն մեռնի՛լը։

—Հարկա՛ւ, ըսի, կեանքը այնքան անոյշ է անոնց համար. ինչո՞ւ պիտի ուզեն մեռնիլ։

—Մեռցո՛ւր, ըսաւ։

Սարսափեցայ կնոջս ըրած յայտնութենէն։ Ան կ՚ուզէր, որ մարդասպան դառնայի։ Կ՚ուզէր որ մարդ սպաննէի, որպէսզի մենք ապրէինք։ Մինչ ես մոլորած մնացեր էի կրած տպաւորութեանս հարուածին տակ, տեսայ թէ ինք ալ խորունկ մտածումներու մէջ էր, բայց ո՛չ ինծի պէս ընկճուած։ Մէկէն ոտքի ելաւ։ Կը պատրաստուէր դուրս ելլել։

—Ո՞ւր կ՚երթաս, հարցուցի իրեն։

—Գնումի՛, պատասխանեց։

Երբ վերադարձաւ, ձեռքը պարապ էր։

—Ո՞ւր են գնումներդ, հարցուցի։

—Ուզածդ մեռել էր, չէ՞, կ՚ունենա՛ս, պատասխանեց, կարծես թէ ունենալիքս հասարակ բան մը եղած ըլլար։

Յաջորդ օրը Բասգալին աշկերտը եկաւ վազելով եւ թուղթ մը երկարեց ինծի։

—Շուտ ըրէք, ըսաւ, անմիջապէս պէտք ունինք։

Թուղթին վրայ կար պատուէր մը մեծ թիւով խաչերու եւ դագաղի կանթերու։ Ապսպրանքները նորոգուեցան յաջորդ օրը եւ հետեւեալ օրերուն, շարունակաբար, եւ ո՛չ միայն Բասգալին կողմէ, այլ նաեւ քաղաքին միւս հիւսներէն։

Կինս որ ինծի ընկերացած էր շրջագայութեանս միջոցին, չէր ուզեր բաժնուիլ ինձմէ։ Զուարթ էր, ժպտերես ու թռվռուն։ Սիրազեղ վերաբերում մը ունէր ինծի հանդէպ։ Կարծես մեղրալուսնի մեր օրերը կ՚ապրէինք նորէն։ Ամէն օր նորանոր պատուէրներ կը ղրկէի Փարիզ, ուր կը գտնուէր իմ ներկայացուցած հաստատութիւնս, թախանձագին խնդրելով որ անմիջապէս կատարէին ապսպրանքներու յղումը։ «Ինչպէս կարդացած ըլլալու էք մամուլին մէջ», կ՚աւելցնէի նամակիս վերջաւորութեան, «քաղաքիս մէջ սարսափելի համաճարակ մը ծայր տուած է»։

Կ՚անցնէի բարգաւաճման կարճ եւ անսովոր շրջան մը, որմէ կ՚ուզէի, ի հարկէ, առաւելագոյն չափով օգտուիլ. մինչդեռ օրէ օր քաղաքը կը մխրճուէր դառն սուգի մը մէջ։ Իրենց գործերը ձգած, մարդիկ կա՛մ դագաղի մը կը հետեւէին, եւ կամ ինչպէս կը պատահի տօնական օրերուն՝ խումբ խումբ կը թափառէին փողոցներուն մէջ ու կը խօսակցէին մեծ ոգեւորութեամբ։ Իրենց անզօրութիւնը այդ անծանօթ ու մահացու ուժին դէմ՝ կը պայթէր զայրոյթով ու խնդուքով, փոխնիփոխ։ Յետոյ, համակերպած, ամէն մէկը իր կարգին կը սպասէր, իր դագաղը ապսպրելու կ՚ելլէր։ Իր աշխատաւորներուն թիւը աւելցուցած էր Բասգալ, ու եռանդագին կ՚աշխատէր, իբրեւ թէ ինք բոլորվին զերծ ըլլար մահուան սպառնալիքէն։

Միայն փողոցները չէ որ լեցուն էին։ Սրճարանները նոյնպէս կը յորդէին մարդոցմով. որովհետեւ անոնք կը վախնային իրենց տուները մնալէ, որպէս թէ մահը իրենց կը սպասէր հոն դարանակալ։ Գինին կը հոսէր առատօրէն։ Գոյնզգոյն ախորժաբերները երկար չէին մնար բաժակներուն մէջ։ Նոյնիսկ գիւղացիները, որոնց ձեռքերը պինդ կ՚ըլլան, լայն բացեր էին բերանը իրենց քսակներուն։ Բարեբախտաբար, խաղողի եւ ձիթապտուղի բերքը, ինչպէս եւ միրգինն ու կանաչեղէինինը, շատ առատ եղած էր։ Գիւղացիները, ուրեմն, աւելի հարուստ ըլլալով քան քաղաքի բանուորները, բնաւ չէին զրկեր իրենք զիրենք այդ անսովոր առիթէն որ, ինչպէս կ՚ընէ պատերազմը, կորսնցնել տուեր էր դրամին արժէքը։ Ու կը նստէին խմբովին, սեղաններու շուրջ կամ մայթերուն վրայ, կը ճառէին յարաշարժ, բարձրացնելով իրենց ձայները, աւելի դիւրութեամբ լռեցնելու համար հակաճառողը։

Ամէն օր կանոնաւոր կերպով կ՚այցելէի յաճախորդներուս, որպէսզի անոնք ժամանակ չկորսնցնէին իրենց աշակերտները ինծի ղրկելով. ա՛յնքան սուղ էր ժամանակը անոնց համար։ Արձանագրելով ապսպրանքները, նոյնհետայն կը յանձնէի թղթատարին։

Օր մը, Բասգալէն վերադարձիս, քրտնած՝ պահ մը կանգ առի, ճակատիս քրտինքը սրբելու համար։

Խումբ մը մարդիկ կը ճառէին փողոցին մէջտեղը։ Մէկը կը պոռար.

—Թունաւորուած ենք, կ՚ըսեմ ձեզի. քաղաքին մէջ ոճրագործ մը կայ։ Ոստիկանութեան կարծիքը այն է թէ ջրամբարները թունաւորուած են։ Ջուրը քննելու տարած են արդէն։ Կը տեսնէք, կը տեսնէք։

Մէջքը ծռած ծերունի մը, որ շատոնց քաշուած էր ամէն տեսակ աշխատանքէ, ճողած ձայնով մը կը կրկնէր շարունակ, առանց սպասելու, որ միւս խօսողը աւարտէ իր ըսելիքը։

—Աստուծոյ պատուհասն է. մի՛ փնտռէք ուրիշ տեղ, Աստուծմէ է եկածը, ամէնքս ալ պիտի մեռնինք, պատրաստեցէք ձեր հաշիւները …։

Ճառերը կը փոխուէին խորհրդաւոր շշուկներու, քանի կը յառաջանայի։ Խուլ աղմուկ մը միայն կը հասնէր ականջներուս, անիմանալի փսփսուքով մը։

Չեմ գիտեր ինչե՜ր անցան միտքէս։ Սարսուռ մը պատեց զիս։ Քրտինքը սկսաւ ուղխօրէն հոսիլ մարմնիս երկայնքն ի վար, սկիզբ առնելով գլխուս մազերուն արմատներէն։ Շնչահատ՝ հազիւ կրցայ տուն հասնիլ։ Օդը սաստիկ տաք էր, լեզուս՝ բերանիս մէջ չորցած։ Երբ սենեակ մտայ, կինս հայելիին առջեւ նոր շրջազգեստ մը կը փորձէր։

—Շո՛ւտ, ըսի, կ՚աղաչեմ, գաւաթ մը ջուր, չափազանց ծարաւ եմ։

Ձայն չհանեց։ Կարծես բան չէր իմանար։

Խնդրանքս կրկնեցի։

—Ի՞նչ կ՚աճապարես, ըսաւ, դեռ բան մը չըսիր հագուստիս մասին։

Բարկացայ.

—Գաւաթ մը ջուրի՞ ալ կարօտ պիտի մնամ։

Ցատկեցի սրուակին վրայ, գաւաթ մը ջուր լեցուցի, բայց երբ պիտի խմէի, կինս սուր ճիչ մը արձակեց.

—Ա՜հ, չէ՛, չէ՛, մի՛ խմեր, ջուր մի խմեր։

Տեղս գամուած մնացի։ Աչքերս դուրս պիտի ցայտէին իրենց խոռոչներէն։ Կնոջս դէմքին վրայ այլայլած արտայայտութիւն մը կար։ Հիմա ականջներս կը խլանային տարօրինակ խժլտուքով մը՝ որուն մէջ կուգային խեղդուիլ փողոցը իմացած խօսքերս —«Թունաւորուած ենք, քաղաքին մէջ ոճրագործ մը կայ։ Ջուրը քննելու …»։

Այն ատեն, դուռը մեծ աղմուկով մը բացուեցաւ։ Երեք ոստիկաններ ներս մտան։ Երկաթեայ անուրները անցուցին կնոջս պաշտելի դաստակներուն ու տարին։ Տարին։ Ու ես տեղէս չկրցայ շարժիլ։ Չկրցայ բերանս բանալ եւ պոռալ։ Պիտի խեղդուէի։ Բառերը կոկորդիս մէջ իրար կը հրմշտէին, ու ես չէին կրնար պոռալ։ Յանկարծ, վրաս տարօրինակ ոյժ մը եկաւ։ Վազեցի դէպի պատուհան։ Երեք ոստիկաններուն մէջտեղ, կինս կը քալէր անայլայլ, ու ժողովուրդը դուրս կը թափէր տուներէն, սրճարաններէն, խանութներէն, կը յորդէր մայթերէն, լեցնելով՝ սովորաբար խաղաղ հրապարակը, ուր կանգնած է քաղաքապետարանի քարաշէն, խոժոռատեսիլ ապարանքը։ Յորդահոս գետի մը նման, բազմութիւնը մոլուցքով կը խուժէր կնոջս վրայ՝ որ կը շարունակէր քալել զարհուրելի պաղարիւնութեամբ մը, հպարտ՝ իր նոր, դեղնաւուն շրջազգեստովը եւ պաշտպանուած երեք ոստիկաններէն։

—Ահաւասի՛կ, կը պոռար ամբոխը, ահաւասիկ թունաւորողը։ Մեզի՛ յանձնեցէք, ջախջախենք գլուխը։

—Ո՛չ, ո՛չ, աղաղակեցի պատուհանէն, ոճրագործը ե՛ս եմ, զի՛ս տարէք։

Ոչ ոք գլուխը դարձուց ինծի։ Ամբողջ ուժովս նետուեցայ փողոց։ Վազեցի ամբոխին ետեւէն շնչասպառ, անձկութեամբ, պոռալով կողկողագին.

—Ոճրագործը ա՛ն չէ, ե՛ս եմ ոճրագործը, զի՛ս տարէք, կ՚աղաչե՜մ, մտի՛կ ըրէք ինծի, հաւատացէ՛ք ինծի։

Մտեր էի ամբոխին շարքերուն մէջ։ Ոչ ոք կարեւորութիւն կուտար ինծի։ Ոչ ոք մտիկ կ՚ընէր ինծի։ Ձայնս կը կորսուէր, կը խեղդուէր բարձրացող աղաղակներուն մէջ, եւ անզօրութենէս, բարկութենէս ու ցաւէս՝ ուժերս սպառեցան. թրջուած բամպակի պէս մնացի փողոցին մէջտեղը, մինչդեռ բազմութիւնը զիս կոխոտելով կը շարունակէր իր վայրագ պահանջը։ Իր զոհը կը պահանջէր։

 

Երբ Ղազարոսը գերեզմանէն հանեցին, անպայման այս տեսակ խաղաղութիւն մը գտաւ աշխարհի մէջ։ Ու նայեցաւ չորս դին՝ հոգեկան անպատում զմայլանքով մը։ Իր նոր բացուած դագաղին մէջ նստած՝ տեսաւ արեւը, որ լոյս կը սփռէր ամենուրեք։

Նոյն արեւն էր, որ հիմա ներս լեցուեր էր բաց ձգուած պատուհաններէն ու կ՚ողողէր սենեակին մթնոլորտը խաղաղութեամբ։ Ժամը իննը անց էր։ Ինչքա՜ն քնացեր էինք։ Իր անկողնին մէջ կինս գլուխը թաղեր էր բարձին, ու հրեշտակային քունով մը աչքերը փակած՝ դանդաղ ու կանոնաւոր շունչ կը քաշէր, կուրծքը կ՚ելլէր կ՚իջնէր։ Սիրտս կը լեցուէր սիրագորով յուզումներով։ Յանկարծ, առի իր գլուխը թեւերուս մէջ ու սեղմեցի կուրծքիս վրայ, համբուրելով իր այտերը, ճակատը, արեւին ճառագայթներուն մէջ ոսկի դարձած մազերը, այնպէս հոգեկան, այնպէս խորունկ՝ որ կարծես աշխարհն ըլլար գրկիս մէջ։ Կամաց մը բացաւ ան աչքերը, առանց շարժելու, նայեցաւ ինծի, ժպտեցաւ ընդերկար, անպատում երախտագիտութեամբ ու նորէն գոցեց զանոնք։

Այն ատեն, լայն շունչ մը քաշելով մրմնջեցի.

—Ի՜նչ լաւ է կեանքը, ուրիշին արիւնով չարատաւորուած կեանքը։